Խիկար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԴԻՄԱԿԸ

Ակամայ զուարթ ըլլալու համար դրուած ջանքերէն կը կազմուի բուն տխրութիւնն, որպէս շատ ապրելու համար շարունակ տարուած խնամքներէն կը բաղկանայ մահ։ Մելամաղձոտ մարդու մը կեղծ զուարթութիւնը շատ տխուր է. իննսուն տարւոյ ծերունւոյ մը շինծու երիտասարդութիւնը սոսկալի ծերութիւն մ՚է. մուրացկանի մ՚արուեստական հարստութիւնը սրտաշարժ տնանկութիւն մ՚է։

Մարդս ըստ իւր կազմուածքին, հասակին եւ դիրքին պարտի լինել տխուր կամ զուարթ, ծեր կամ երիտասարդ, աղքատ կամ հարուստ։

Բայց ոչ, մարդ ըսուած էակն երջանկութիւն կ՚անուանէ այն բաներն, որոնցմէ զրկուած է։ Այս սխալ դատողութեամբ կը տանջուի, կը հալի, կը մաշի, իւր բոլոր ուժը կը սպառէ լինելու համար ինչ որ չէ. եւ երբ կը տեսնէ, թէ ջանքերն ապարդիւն կը մնան, կ՚որոշէ, առ ի չգոյէ լաւագունին, դիմակով ըլլալ` ինչ որ են այլք առանց դիմակի։ Ուստի` մելամաղձոտը զուարթ դիմակ մը կ՚անցունէ իւր դէմքին վրայ դիտելի է, թէ դիմակները միշտ հակասական են դէմքերու հետ ամէն ատեն եւ ոչ թէ բարեկենդանի մէջ միայն. եւ եթէ հակասական չըլլային դէմքերու հետ, որոյ վրայ կ՚անցուին` կը կորսնցնէին իրենց արժէքն ու կարեւորութիւնը մուրացկանը միլիոնատէրի դիմակով հրապարակ կ՚ելնէ եւ առատաձեռնութեան ու վեհանձնութեան ցոյցեր կ՚ընէ քալուածքովն ու շարժումներովը։ Երիտասարդի դիմակով ծերունին տասն եւ ութը տարեկան գեղեցիկ աղջիկ մը թեւն առած՝ շունչն սպառելու չափ կը յոգնի, այնպէս իմն ցոյց տալու համար, թէ ոյժ ունի տակաւին եւ թէ նշանածն է այդ աղջիկն, որու հետ որպէս թէ կարգուելու կ'երթայ դիմակով։

Ո՜վ դիմակի երջանկութիւն…

Կ'ատեմ ես դիմակները։

Դիմակներն ատելու իրաւացի պատճառներ ունիմ։

Բնաւ չեմ մոռնար, գիշեր մը բացայայտիչի եւ բացայայտեալի դասս կը պատրաստէի, երբ ճիչ մ՚արձակեցի, տեսնելով դէմս դիմակաւոր մ՚որ անակնկալ հաճոյք պատճառելու համար կը ներկայանար ինձ։ Երկու ամիս հիւանդ պառկեցայ եւ մեծ դժուարութեամբ պրծայ մահուան ճիրաններէն։ Բժշկուեցայ, այո՛, բայց այդ երկիւղը չանհետացաւ սրտէս, եւ այժմ իսկ կը սոսկամ, կը դողամ յիշելով այն վայրկեանն, ուր բացայայտիչ եւ բացայայտեալով կը զբաղէի, երբ դիմակաւորն վախցուց զիս։ Տղայութեան ժամանակ ընդունուած տպաւորութիւնները գարնան ժամանակ տնկուած տունկերու կը նմանին, չեն չորնար, խոր արմատներ կը ձգեն։ Թողուցի հիւանդութեան անկողինս, բայց ոչ երկիւղս. ամէն մարդ դիմակաւոր կը կարծէի եւ մարդ մը տեսնելուս պէս ծակէ֊ծակ կը պահւըտէի։ Մի՛ վիրաւորուիք, կ'աղաչեմ, եթէ յայտնեմ, թէ մինչեւ այսօր չեմ կրցած ազատիլ այն տպաւորութեան սոսկալի ազդեցութենէն, որ հիւանդութիւն մը ստեղծեց վրաս. հիւանդութիւն մ՚որուն անունն ալ գիտեմ. մարդավախութիւն կամ մարդադող, անմեղ հիւանդութիւն մը, anthropophobie, յունարէն անթրոբոս եւ Ֆովոս բառերէ բարդուած անկեղծ հիւանդութիւն մը, զոր նոր սերունդը կրնայ անթրոպոփոպութիւն անուանել. գէթ նախնեաց հնչման վարժուելու համար, սորվելու համար, թէ նախնիք ինչպէս կը հնչէին պ. փ. բ տառերը։

Անկեղծ ըլլալու համար սակայն փութամ խոստովանիլ, թէ բնաւ չեմ սոսկար այն մարդերէն, որ կապուած են ի՜նչ աղէկ կ'ըլլար, եթէ բոլոր մարդիկ կապուած ըլլային թէեւ չեմ մերձենար անոնց… հեռուանց կը դիտեմ անոնց շարժումներն եւ անմիջապէս կը փախչիմ, երբ տեսնեմ, թէ զիրար կը խածնեն կամ իրարու կից կ'արձակեն։ Արդարեւ այս հիւանդութենէն շատ չեմ վնասուիր, իրաւ է թէ սկիզբն իմաստութեան երկիւղ մարդոյ է վերջապէս, բայց իմաստութեան սկիզբն ալ հիւանդութիւն մ՚է, եւ այս հիւանդութիւնը դիմակները տուին ինձ, հետեւաբար, հաշտ աչօք չեմ նայիր դիմակներուն։

***

Բայց չեմ կրցած ըմբռնել, թէ ինչո՞ւ համար դիմակի պէտք կը զգացուի։ Միթէ մարդիկ ամէն օրուան դիմակ չունի՞ն։ Ի՞նչ հարկ կայ դիմակի վրայ դիմակ անցնելու։ Շռայլութիւն չէ՞։

Կը զգամ, թէ դիմակն անհրաժեշտ է քանի մը պարագաներու մէջ, ինչպէս, օրինակի համար, երբ տիկին մ՚էրիկ մարդ կերպարանիլ ուզէ, կամ ծերն՝ երիտասարդ. բայց անառակութիւն, գողութիւն, անկրթութիւն, միմոսութիւն եւ այլն ընելու համար բարեկենդանի դիմակի բնաւ պէտք չկայ։ Ամէն օր կը տեսնենք գողեր, աւազակներ, քսակահատներ, անբարոյականներ, ստախօսներ, զրպարտիչներ, որք բարեկենդանի դիմակ չունին եւ ամէն օրուան դիմակով կը գործեն, ինչ որ կը պահանջէ իրենց շահը։ Արդարեւ ժամանակաւ դէմքի մորթերը շատ բարակ էին եւ քիչ տրամադրութիւն ունէին յանդգնութիւններ ընելու, այնպէս որ երիտասարդ մը սէրն յայտնելու համար աղջկան մը` մաղ կ՚անցունէ եղեր իւր երեսն եւ ծունր դրած` թոթովելով կ՚ըսէ եղեր. «քեզի բան մը պիտի ըսեմ, բայց համարձակութիւն չունիմ»։ Յետոյ աղջիկն ալ երեսը մաղ մ՚անցունելով կը պատասխանէ եղեր. «ես անանկ բաներ չիյտեմ», եւ կը փախչի եղեր։ Իսկ այսօր, փա՜ռք քաղաքակրթութեան, մաղի պէտք չկայ, ոչ իսկ դիմակի, քծնելու համար օրիորդի մը, պարելու համար մեր ընտրած աղջկան կամ տիկնոջ հետ, մանաւանդ պարահանդէսի մէջ։ Ինչո՞ւ երկարենք, մարդիկ զիրար խաբելու համար, մանաւանդ զիս խաբելու համար, ամէն օր բարեկենդանի դիմա՞կ կ'անցունեն իրենց երեսները։ Դեռ երկու օր առաջ ամերիկա ֆստըղը ըսուած պտուղէն գնեցի քիչ մը. յետոյ մէկ բարեկամիս ցոյց տուի հասկնալու համար, թէ աժան եւ աղէկ տեսակէն առա՞ծ եմ։ Բարեկամս ամերիկա ֆստըղին վրայ նայեցաւ քիչ մը, յետոյ յայտնեց ինձ, թէ ամերիկա ֆստըղիս պարզապէս բամբակի հունտ էր։ Եւ ծախողը բարեկենդանի դիմակ չունէր։

Բացէ՛ք ձեր դէմքերը, խեղճ էակներ, իրարմէ խպնելու պատճառներ չունինք, ամէն չարութիւն կարող էք գործել առանց մեղադրուելու։ Բարի մարդիկ թող դիմակ անցունեն իրենց դէմքերուն, որովհետեւ բարիք գործելն ամօթ է այսօր, մարդիկ կը խպնին այսօր սուտ չխօսելու, չշողոքորթելու, չզրպարտելու, դժբախտին օգնելու, անկեալը կանգնելու, իրենց կրօնքն եւ լեզուն սիրելու, վախնալով որ ծաղու նշաւակ կ'ըլլան։ Մարդիկ ձեռք չեն կարկառեր ծով ինկած մարդուն իսկ` հետեւեալ առածն յիշելով.

«Բարիք ըրէ՛, որ չարիք գտնես»։

Չարագործութիւնն արդարացնող ասանկ առածներ ալ ունենալէն ետքը դիմակի բնաւ պէտք չկայ։

***

Ըսի՞ր բարի մարդոց, որ ծածկեն իրենց դէմքերն, ահա կանայք ոմանք կը սկսին հանուիլ։ Բարեկենդանի մէջ, պարահանդէսի մէջ մանաւանդ, կը բանան իրենց թեւերն, իրենց ուսերն, իրենց պարանոցներն իրենց լանջքերն եւ իրենց թիկունքը։ Ահա բուն անձնանուիրութիւն, բառին ընդարձակ նշանակութեամբ, թէեւ մասնաւոր առմամբ։ Եւ պարահանդէսի մէջ ասանկ անձնանուիրութիւն մը, թէեւ մասնաւոր առմամբ, կը գոհացնէ սակաւապէտ աչքերը, բանաստեղծներու խանդը կը վառէ եւ խորհրդածութեան ընդարձակ նիւթ կ՚ընծայէ իմաստասէրներու եւ մաթիմաթիկոսներու։ Ո՜րքան իցի՜ւ թէ ֊ներ կը թռին այդ ձեան պէս սպիտակ լանջքին շուրջը։ Բանաստեղծք կը յիշեն Անակրէոնի հետեւեալ տաղն.

Երբեմն հափունս Իլիոնի փոխեցաւ
Տ անտալոսեանն աղջիկ ի ժայռ ահաւոր։
Պ անդիոնի դուստրն երբեմն յօդ սլացաւ
Ծ իծեռն եղեալ թեւաւոր։

Եւ ես իցի՜ւ ի հայելի շրջէի`
Զ ի դու անդուլ յիս հայեցեալ նայէիր։
Ո ՜հ Աղջիկ, խունկ թէ լինէի բոյր ի բոյր
Զ եղուլ զքեւ ծալ ի ծալ։

Ո՜հ, թէ վարսից քոց լինէի ծամակալ,
Կ ամ թէ ակն այն` զուլնըդ փաղփուն որ պճնեն.
Ո ՜հ, թէ էի գոնէ ոտից քոց սանդալ
Կ ոխան լինիլ գէթ ի քէն։

Եւ զգալով, թէ չպիտի կրնան իրենց իղձերը լսելի ընել նոյնիսկ եթէ Պոն Մարշէի վաճառատունն ըլլային, հառաչանքներ կ'ուղղեն այն պատկերին։

Եպիկուրեան բանաստեղծութեան մէջ պղատոնական սէր…

Ասդին իմաստասէրներ, որ այլեւայլ դրութեանց կը հետեւին` կը համաձայնին համադրական ( Synthétique ) դրութեամբ լուծել խնդիրը։ Իմաստասէրք արդէն պարագաներու համեմատ կը փոխեն իրենց դրութիւններն, եւ այս իսկ է պատճառ դրութեանց օրըստօրէ բազմանալուն։ Երբ հոսանք տեսնեն` հոսանքն ի վեր կ'երթան` ակը գտնելու համար. եւ երբ գտնեն էւրեքա կը պոռան եւ դրութիւն մը կը հաստատեն, զոր կ'անուանեն «հետեւութենէ սկիզբ գտնալու գրութիւն»։ Իսկ երբ աղբիւր ներկայանայ իրենց, հոսանքն ի վար կ'երթան, եւ երբ կը տեսնեն, թէ աւազանի մը մէջ կը վազէ այդ ջուրը, դրութիւն կը հաստատեն, զոր կը մկրտեն «սկիզբէ հետեւութիւն հանելու դրութիւն» անուամբ։ Երբ տիկնոջ մը դէմքը տեսնեն, անոր ոտքերը գտնելու դրութեան կը հ արին. եւ ընդհակառակն, երբ անոր ոտքերը տեսնեն` դէմքը գտնելու դրութիւնը կ՚ընդունին։ Բնական էր ուրեմն, որ տեքոլթէ կնոջ մ՚առջեւ միանային. թերեւս բնական ազդմամբ, որ ի վեր է քան զամենայն դրութիւնս, համադրական դրութիւնն ամէնէն ուղիղն ճանաչելու, դրութիւն մ՚որ, ինչպէս յայտնի է, պարզէն բաղադրեալին, մասերէն ամբողջին տանելու հաճոյքն ալ կ՚ընձեռէ մեզ։ Այս դրութեամբ ուրեմն իմաստասէրք ժամերով կ'ուսումնասիրեն տեքոլթէ կինն եւ սա հետեւութեան կու գան կը հասնին, թէ վերլուծական ( analytique ) դրութիւնն ամէն խնդրոյ չյարմարիր։ Մինչդեռ անդին մաթեմաթիկոսներ համեմատութեան կանոնով գտնելու կ՚աշխատին անծանօթն, այսինքն ոտքերը։

Իսկ Խիկար կը հարցնէ. տիկին մը կամ օրիորդ մը ի՛նչ հաճոյք կը զգայ իւր տեքոլթէով հաճոյք պատճառելով արգոյ հասարակութեան։ Ուրիշներու հաճոյք պատճառելու հաճոյքը չափ եւ սահման չունի՞։ Ես մահու չափ թշնամի եմ տեքոլթէին, կէ՜ս միջոցներուն, որ այնքան վնասներ տուած են մեր ազգին բարուց։ Եւ եթէ կարենայի այն տիկնոջ քովը երթալ. աչքերս պիտի գոցէի, որպէսզի չգայթակղէի, եւ պիտի ըսէի իրեն, տիկին, դիմակ մը դիր կուրծքիդ վրայ, դիմակ մը թեւերուդ վրայ, դիմակ մը ուսիդ վրայ, դիմակ մը թիկանցդ վրայ, որպէսզի աւելի եւս յուզես բանաստեղծներն եւ իմաստասէրներն։

***

Եւ արդարեւ, ի՞նչ է դիմակը։

Ըստ իս` ոչ այս է, ոչ այն է, այլ պարզապէս թզենիի տերեւն է, որ քաղաքակրթութեան յառաջադիմութեամբ հագուստի փոխուած է։ Այս մտօք դիմակ կը համարուին մեր շապիկն, մեր գուլպաներն, մեր բաճկոնակն եւ վերջապէս ինչ որ կը հագնինք։

Աւելի ընդարձակ նշանակութեամբ դիմակն ամօթարգել մ՚է, այսինքն կը խափանէ ամօթը. այսինքն թող չտար մարդուս ամչնալ, թէեւ, որպէս կը տեսնենք, մանաւանդ պարահանդէսներու մէջ, քիչ մարդիկ կան, որ դիմակի պէտք ունենան չամչնալու համար։

Արդ, կանայք ոմանք չգիտնալով դիմակին նշանակութիւնն, չեն գիտեր նաեւ անոր գործածութիւնը։

Մարդկութեան նախահայրն եւ նախամայրն այս մասին կենդանի օրինակներ են մեզի համար։ Երբ պարահանդէսի զգեստով մնացին դրախտին մէջ, միթէ թզենիի տերեւներով իրենց երեսնե՞րը ծածկեցին։ Mais nous avons changé tout cela, պիտի ըսէք գիտեմ, բայց ես միշտ պիտի պոռամ, պիտի կանչեմ, թէ խենթութիւն է դիմակներու մէջ փնտռել մեր փափաքներու գոհացումը, թէ դիմակաւորուելու համար թեթեւութիւններ ստեղծելը յիմարութիւն է, թէ դէմքը դիմակով ծածկելն եւ թեւերը մերկացնելը դիմակ դնելու տեղը չգիտնալ է, թէ մարդիկ բնաւ դիմակ գործածելու չեն եւ այն ատեն միայն դիմակ դնելու են, երբ պակասութեան մէջ գտնուին։

Եւ այս դիմակին գոյնը պէտք է լինել կարմիր եւ վրան մեծ տառերով գրուած.

ԱՄՕԹԽԱԾՈՒԹԻՒՆ

Միակ դիմակ, որ կարող է մեր պակասութիւնները ծածկել։

ԶԷՆ ՈՒ

Օսմ. Ոսկի

Իրարու խօսք չհասկնալէն գոյացած վնաս

44000

Հօր մը գործէ քաշուելու որոշումէն յառաջ եկած զէն

500

Վերջին պարահանդէսներու պատճառաւ շատ ընտանեաց մէջ ծագած վէճերէ աղբերացած վնաս

50000

Արժ. Հօր մը աստուածայայտնութիւնը հասկնալու համար վնասուած ուղեղներէն ծագած զէն

678

Պճնամոլ վարդապետի մը հագուստէն ու կապուստէն գայթակղեալ մտքերուն յառաջ բերած վնասն

982

Կրօնքին դիմակ մ՚անցնելու համար եղած ծախք

40000

Ամուսնութեան մը կարգադրութեան համար

Միջնորդաց ոմանց խոստացուած միջնորդչէք

1000

Առաջնորդաց ոմանց իրենց վիճակին վարժարաններն այցելելէն գոյացած զէն

8000

Ժողովոյ մը ատենագրութեան ծախքը

4

Ամսոյս ազգային լրագրաց ընթերցումէն

400

 

֊֊֊֊֊֊֊֊֊֊֊֊֊֊֊֊֊֊֊֊

 

145564