«Թատրոն»

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԵՐԿՈՒ ԱՄՍՈՒԱՆ ՀԱՐՍԸ

Աշխարհիս վրան ամէն արուեստ իրեն յատուկ գործիքներ ունի. նկարիչն` իր վրձինը, փայտահատը՝ իր կացինը եւն:

Կարգուիլն ալ արուեստ մ՚է: Սիրելու արուեստը այս օրուան օրս մեծ տեղ մը կը բռնէ, էսնաֆներուն ամէնէն բարձրն է, եւ անոնք միայն կրնան յարիլ այս արուեստին, որոնք որ սիրելու գործիքն ունին, հասկցար հարկաւ, որ սիրտ ըսել կ՚ուզեմ:

Շատերն այս արուեստը իբր տղու խաղալիք կը նկատեն, դիւրին բան մը կը կարծեն, եւ առանց գործիքի անոր մէջը կը մտնեն:

Պատմենք:

Բոլոր կենացը մէջ Աստղիկին երեսը բնաւ չտեսած, յիշողութեան տկա­րութեանը պատճառաւ, երիտասարդութեանը ժամանակը կարգուելու մոռցած` եօթանասուն տարու ակռաները թափած ծերուկ մը զաշխարհ ճաշակել կը փափաքի, եւ իր բարեկամներէն մէկուն հետ խորհրդակցելէ վերջը` ասկէ իբր երկու ամիս առաջ՝ աղուոր, սիրուն, տասնըչորս տարու աղջկան մը հետ կը կարգուի:

Չեմ յիշեր, ո՞ւր կարդացեր եմ, թէ ամուսնութիւնը արօր մ՚է, որուն լծուած են այրն ու կինը:

Քեզի կը հարցնեմ հիմա, ընթերցող, ի՞նչպէս կ՚երթայ այն արօրը` որուն լծուած են եօթանասուն տարու ծերուկ մը եւ տասնըչորս տարու աղջիկ մը:

Աղջիկը քալել կ՚ուզէ, ծերուկը չկրնար քալել, բոլոր բեռը աղջկան վրայ կը մնայ:

Ի՞նչ ըսեմ ան ծերերուն, որ արօրի վրայ նստելու տարիքնուն մէջ, հոն կը լծուին, եւ արօրն ալ, իրենց ընկերն ալ կէս ճամբան կը թողուն:

Վայրկեաններ, ժամեր, օրեր կ՚անցնին, երկու ամիս կ՚ըլլայ, հարսը իր սրտին համապատասխանող սիրտ մը չգտնալով ամուսնոյն վրայ` մօրը իմաց կու տայ:

Մայրը կ՚երթայ, իր աղջիկը կը լուծէ արօրէն, կ՚առնէ կը տանի:

Ծերուկը լծուած կեցած է դեռ: Ծերուկին համար կ՚ըսեն թէ` Հասունիսթ է եղեր:

Իրաւ է, շատ հասուն է, ուտուելու արժանի պտուղ մըն է: Որկրամոլ գե­րեզմանը չլսէ: