Մխիթար Աբբահօր հրատարակչական առաքելութիւնը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Բ. ՄԵԹՈՆԻ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐ 1701 -1715

/15/ Մխիթար իր միաբաններով փախչելով Պոլիսէն՝ կը հաստատուի Մեթոն, ուր կը մնայ շուրջ տասնեւհինգ տարի (1701–1715)։ Հեռու ըլլալով Հայկական կեդրոնէ ու տպարաններէ, չէր կրնար շարունակել սկսած գործը։ Մխիթար իսկապէս անկարելիին առջեւ կը գտնուէր: Մեթոն աննպաստ էր գրական առաքելութիւնը առաջ վարելու։ Ասով հանդերձ՝ կը հանդիպինք զանազան մանրամասնութիւններու, որոնք դեռ աւելի ցայտուն կը դարձնեն մեր աչքերուն Մխիթարի սրբազան գաղափարականը։

ՏՊԱՐԱՆԻ ՀԻՄՆԱՐԿՈՒԹԵԱՆ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐ

Մեթոնի մէջ, Մխիթար Աբբահայր տպարան չէ հիմնած, բայց՝ անտարակոյս՝ ունեցած է անոր ծրագիրը, եւ այդ ուղղութեամբ ալ թերեւս խօսք ըրած է իր աշակերտներուն։ Այս հարցին առընչութեամբ՝ հետաքրքրական է իր առաջին աշակերտներէն Հ. Պօղոս Տայի Սիմոնեանի 2 Սեպտ. 1714 թուակիր նամակը, գրուած Պոլիսէն առ Մխիթար՝ որ կը գտնուէր Մեթոն.

«Ոմն Գալէմքեար Կիրակոս կոչեցեալ, ունի զըստամբայի պղնձէ գրեանք. որոյ եղեալ է եօթանասուն ունկուրու ոսկւոյ, թարց համարելոյ զիւրն աշխատանք. սա կամի տալ մեզ նոյնքանոյ գնոյ, այսինքն՝ եօթանասուն ունկուրուզ ոսկւոյ. եւ թէ ոչ կարէք այժմ տալ զգին սորա, տուք զմի գիր, զի յետոյ յորժամ՝ կարօղք լինին տալոյ՝ տայցէք։ Եւ մինչ առնուցուք զսոսա, ի վերայ սորին վասն գոր եաց քերխանային խարտիցէք եւս քառասուն եւ յիսուն ղուռուշ, յայնժամ կատարումն լինի, որպէսզի կարէք այնուհետեւ ի կիր առ/16/նուլ վասն պիտոյից ձերոց։ Նաեւ իմ վերայ լիցի՝ եթէ առնուցուք, ուսուցից ձեզ թէ որպէս լինի թանագն պասմային, եւ ո՛րպէս շարեն գրեանքն ի վերայ պղընձին, եւ ո՛րպէս թափեն կապարեղէն գրեանքն եւ այլք ամենեքեանք, զորս գիտել հարկաւոր է ըստամբաճւոյն։ Գիտելի է, զի եթէ կամիցիս զի լինիցի սոյն իրս, թէպէտ ես չեմ բաւական զկնի այսր իրի հետեւիլ եւ ի գլուխ հանել, սակայն թերեւս Անդօնն կարիցէ՝ եթէ կամիցիս։ Բայց յայլոց լուայ՝ թէ զբազում ինչս մսխեալ է ինքն եւ ոչ է ի գլուխ հասուցեալ. միթէ դուք կարիցէ՞ք ի գլուխ հասուցանել. զի թէ կարելի լինէր, ինքն է գլուխ հասուցանէր եւ ոչ վաճառէր։ Եւ թէ ես գրեցի տէրութեանդ. քանզի թախանձեաց եւ ասաց՝ Գրեա՛ Մեծաւորին, եւ ես միանգամ ասացեալ եղէ նմա գրել, եւ վասն այնորիկ գրեցի։ Մինչ այսպէս է ամենայն, զպատասխան սորին գրել խնդրեմ մի՛ մոռանայք»…։

Թէ ինչ եղած է Մխիթարի պատասխանը, դժբախտաբար, Ս. Ղազարու դիւանին մէջ չունինք որեւէ հետք. յաջորդ տարիներուն ալ՝ չի նշմարուիր նման նիւթ. արդէն շուտով վրայ հասած է Օսմանեան պատերազմը եւ ամէն ծրագիր օդ հանած։ Անկարելի չէ որ Մխիթար տուած ըլլայ իր հաւանութիւնը եւ ստացած ըլլայ գիրերը: բայց 1715ին, Վենետիկ փախչելու միջոց, Մեթոն թողուցած ըլլայ զանոնք՝ այլ բազմաթիւ կարեւոր գոյքերու հետ, որոնք անհետ կորսուած են, փլատակներու տակ։

ԽՈԿՈՒՄՆ ՎԱՐՈՒՑ (տպ: Պոլիս 1705)

«Խոկումն վարուց» վերնագրով գրքոյկ մը տպագրուած է Պոլիս՝ 1705ին» գիրքին վրայ չկայ ամենեւին հեղինակի անուն։ Նոյն գիրքը կը վերատպուի 1753ին, Վենետիկ, Ս. Ղազարի միաբաններէն, ու գիրքին անուանաթերթին վրայ իբր հեղինակ կը նշանակուի Շարադրեալ ի Մխիթարայ Աբբայէ մեծէ։ 1810ին դարձեալ կը վերատպուի, եւ 1753ի օրինակին նման՝ տպակից ունի «Ձայն Քրիստոսի» գիրքը, ու այս անգամ եւս յայտարարուած է Շարադրեալ ի Մխիթարայ Աբբայէ մեծէ, եւ նշանակուած է Տպագրութիւն երկրորդ, ենթադրելով 1753ինը իբր առաջին տպագրութիւն, առանց նկատի առնելու 1705ի տպագրութիւնը:

Թէ ի՛նչ կերպով երեւան ելած է 1705ի «Խոկումն վարուց»ը, ոչ մէկ եւ լուսաբանութիւն կարող ենք տալ, որովհետեւ մեր դիւանը բոլորովին լուռ է այդ ուղղութեամբ։ Հաւանաբար, Մխիթար ամենե/17/ւին մաս չունի անոր հրատարակութեան մէջ. անկարելի չէ, սակայն, որ ինք շարադրած ըլլայ եւ Պոլիս գտնուած շրջանին յանձնած բարեպաշտի մը, ու ապա տպագրուած ըլլայ նոյնը, առանց Մխիթարի գիտութեան։ Յաջորդ տարիներուն ալ (1706–1749), Մխիթար մինչեւ իր մահը ամենեւին չի խօսիր այդ հատորիկին մասին, ոչ ալ կը մտածէ վերստին հրատարակել զայն, ու այս պարագան խորհիլ կու տայ թէ մի գուցէ Մխիթար իսկ անտեղեակ եղած ըլլայ «Խոկումն վարուց» գրքին հրատարակութեան։

Մեր այս տարակոյսը անկէ առաջ կու գայ՝ որ յիսնամեայ (1700– 1750) դիւանս լուռ է այս գիրքին մասին. իսկ 1753 թուականին, երբ Պոլիսէն մեր Հայրերը կուզեն ամբողջացնել վանքիս տպագրութիւնները, Հ. Սիմոն կը պատրաստէ ամբողջական ցանկը Ս. Ղազար գտնուած բոլոր հայերէն տպագրութիւններուն, 15 Սեպտ. 1753ին, նշանակելով նաեւ «Խոկումն վարուց» գիրքը ի շարս միւս գիրքերուն, իբր սովորական գիրք մը, որում է վանքս ունէր այդ օրերուն միայն մէկ օրինակ է։

Թէ ինչպէս յանկարծ 1753ի Խոկումն վարուցի հեղինակը կը դառնայ Մխիթար, այնքան յստակ չէ։ Նկատի առնելիք կէտ մը, սակայն, որ կայ, Խոկումնի տպակից ըլլալն է Ձայն Քրիստոսի եւ հաւատացեալ հոգւոյն գիրքին, որու տպագրութեան պարագաները կապ մը ունենալով խնդրոյ առարկայ Խոկումն վարուցի հետ, համառօտ ակնարկ մը տանք անոր։

1751 Յունուար 29ին, Պոլիսէն Միաբանութեանս մտերիմ Սարգիս Մուրատեան Ս. Ղազար կը ղրկէ ձեռագիր մը, գրելով Ստեփանոս Մելգոնեան Աբրահօր. «ընդ այսմ գրի ուղարկեմ ք զջերմ եռանդական գիրք մը ձեռագիր եւ խնդրեմք զի հրամանուցդ Հրամանաւն շարադրութիւնն սրբագրուի եւ յետոյ տպուի հազար հատ, եւ որչափ ինչ վատնի վասն ստամպային եւ կազմողչէքին եւն։, ծանուցանես, որ մեք աստեղս ձերայնոց վարդապետաց հատուցանեմք…։ Եւ զսորա հեղինակն ոչ գիտեմք թէ ով է, լուաք յոմանց կարծեօք թէ իցէ գերվեհագոյն երիցս երջանիկ հանգուցեալ ի Տէր Մխիթար Աբբայ Հայրն մեր, ուստի եթէ իրաւի նա է հեղինակն, ի սկիզբն դիցի Շարադրեցեալ ի Մխիթարայ Աբբայէ եւ տպեցեալ արդեամբ եւ գոյիւ բարեպաշտից» եւն։

Վանքիս ժամանակագիրը Հ. Մկրտիչ Ագերեան կը ճշտէ ըսելով. «Այն իսկ էր զիրքն աղօթից յօրինուած Մխիթարայ Աբբայի «Ձայն Քրիստոսի» անուանեալ, զոր Հ. Մատթէոս կամ Հ. Մկրտիչն /18/ (Անանեան) հարթեաց ըստ շարադրութեան, եւ անագան ուրեմն տպեցաւ յամի 1753» [1] ։

Հոս կը սկսի մեր տարակոյսը թէ արդեօք Սարգիսի ղրկած ձեռագիրը միայն «Ձայն Քրիստոսի»՞ն էր, թէ անոր կցուած էր նաեւ «Խոկումն վարուց»ի ձեռագիրը, ու ստուգելով թէ «Ձայն Քրիստոսի» գրքին հեղինակը Մխիթար է, սա բաւակա՞ն էր Խոկումն ալ նոյն հեղինակին ընծայելու։ Իսկ եթէ Սարգիս ղրկած է միայն Ձայն Քրիստոսի ձեռագիրը, ու վանականները իրենց կողմէ աւելցուցած են անոր վրայ նաեւ Խոկումն վարուցը, ունէ ին անշուշտ բաւարար ապացոյց՝ ճանչնալու անոր հեղինակը։

ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԴԱՍԱԳԻՐՔԵՐ

Մեթոնի տասնհինգ տարիները կարելի է նկատել Միաբանութեան օրրանը: Հոն այդ նորակառոյց վանքին մէջ, Մխիթար կը սկսի կազմել առաջին միաբանները, ջամբելով անոնց ապագայ քարոզութեան Համար հարկաւոր ուսումը։ Թղթատելով վանքիս Ժամանակագրութիւնները, կը տեսնենք որ նորահաս պատանիներուն կը տրուի նախ սովորական ուսումը, քերականական եւ հռետորական, որոնց կը յաջորդեն աստուածաբանական ուսումները։ Նոյն ժամանակ կը գտնէին քերականութեան դասագիրքեր, բայց ոչ աստուածաբանութեան։ Մխիթարի առաջին եւ գլխաւոր մտահոգութիւնը կ՚ըլլայ աստուածաբանութեան դասագիրք պատրաստելը։

1705ին, Հ. Յովհաննէս եւ Հ. Եղիա Մեթոնէն կը մեկնին Հռոմ, Միաբանութեան Սահմանադրութիւնը վաւերացնել տալու համար։ Գործը երկարելով, Հ. Եղիա կը ստիպուի դառնալ Մեթոն։ Մխիթար իսկոյն կը գրէ Հ. Յովհաննէսի, հետամուտ ըլլալ սորվելու իտալերէն եւ լատիներեն լեզուները, Միաբանութեան ապագայ գործերուն եւ մանաւանդ աստուածաբանական գիրքեր թարգմանելու համար։ Հ. Յովհաննէս Հռոմ կը մնայ եօթը տարի, 1712ին կը դառնայ Մեթոն, հետը բերելով փիլիսոփայական գիրքերու Հետ Ս. Թոմաս Ագուինացիի աստուածաբանական ամբողջական հատորները։ Ճիշտ նոյն տարին, Մխիթարի աշակերտներու առաջին խումբը աւարտելով հռետորութիւնը՝ պիտի անցնէին աստուածաբանութեան։

/19/ Պատրաստ դասագիրքեր չկային տրամադրելի. թէեւ Մեծն Ալպերտի աստուածաբանական գիրքերու համառօտութիւնը կը գտնուէր ձեռագիրներու մէջ, ինչպէս նաեւ Ագուինացիի գիրքերու այս կամ այն մասը, սակայն կը պակսի ին ծրագիրով պատրաստուած աստուածաբանական դասագիրքեր։ Իմաստասիրութեան համար եւ Մխիթար ընտրած էր Թոմաս Ագուինացիի վարդապետութիւնը, նոյնը կ՚ընէ նաեւ աստուածաբանութեան համար։ Ու Մխիթար Աբբայի հրամանին վրայ՝ Հ. Յովհաննէս կանցնի թարգմանելու Ագուինացիի աստուածաբանութեան հատորները, ու թարգմանածը կը ներկայացնէ Մխիթարի։ Նոյն այդ շրջանին, Մխիթար կամփոփէ ինքզինքը արտաքին գործեր է, դարձեալ կը նուիրուի լատիներէն լեղուին, ու «ցուցանելով նմա . Յովհաննէսի) զհանգամանս թարգմանութեանն ընթացից, քաջալերէր զնա ի գործս յայս մեծ եւ ծանր» [2], եւ անոր թարգմանածները մի առ մի համեմատելով լատիներէն բնագիրին հետ, մեծ աշխատութեամբ կը սրբագրէր, միաժամանակ թարգմանութիւնը օրինակել կու տար աշակերտներուն, որոնց Մխիթար կը դասախօսէր։ Թարգմանել, սրբագրել ու դասախօսելը կը շարունակուի յաջորդ տարին ալ, 1713ին։

Բնականաբար, Մխիթար Աբբահօր գաղափարականը իր աշակերտներուն հոգեւոր եւ ուսումնական պաշարը ապահովելն էր, եւ անոր համար ձեռնարկած էր թարգմանութեան գործին, նոյնը տպագրութեամբ ալ լոյս ընծայելու դիտումով։ Սկզբնական շրջանին, նա դիմած է նույն ժամանակի կարկառուն անձերուն, խնդրելով անոնց օժանդակութիւնը, եւ ի վերջոյ տեսնելով թէ օտարը անկարող է օգնել իրեն, ինքն է որ անձամբ գործին գլուխ կանցնի։ Այսպէս, 1706 տարւոյն մէջ դիմած է Լեոպոլսոյ Վարդան Արքեպիսկոպոս Յովնանեանի, խնդրելով անկէ թարգմանութիւնը աստուածաբանութեան գիրքի մը, վրայէն դասաւանդելու համար իր աշակերտներուն, խոստանալով նոյնը տպագրութեամբ ալ հրապարակ հանել: սակայն Վարդան Արքեպս. իր 20 Յունուար 1707 թուակիր նամակով տուած է մերժողական պատասխան, պատճառ բերելով անհմտութիւնը լատին եւ Հայ լեզուներու նրբութիւններուն, ծերութիւնը եւ առողջապ կան աննպաստ վիճակը, խորհուրդ տալով դիմելու ջահկեցիներուն, որոնք ունին թարդմանութիւնը Ս. Թոմասի աստուածաբանութեան .

/20/ «Զխնդիրդ համեստ եւ աստուածահաճոյ, կը գրէ Վարդան Արքեպս., զոր բաղձայ եղբայրութիւնդ ինեւ լնանիլ, այս է զի թարգմանիցեմ զԸնթացն աստուածաբանական, ի վճտաբղից աղբերց վարդապետացն հռօմէականաց, որով մարթայցէ ներտմտացուցանել զիւրս ստորադրեցեալս, առ լաւագոյն ընձեռումն առաքելականի պաշտաման։ Արդարեւ խնդիր սուրբ եւ ամենագովելի, բայց անհանգէտ իմոցս ուսոց բեռն։ Նախ զի իրականութիւնդ այդ պահանջ է զգիտութիւն եւ զծանօթութիւն մեծ երկոցունց լեզուաց, զոր ես չունիմ բաւականապէս։ Երկրորդ, զառողջութիւն եւ զամբողջութիւն զգայութեանց, որք այժմ ոչ գտանին յիս, գոլով իմ արդ պակասեցեալ յուժոյ եւ ի լուսոյ, եւ գրեթէ ծիւրեցեալ ի ծերութենէ եւ գործարանքս անպիտանացեալք: խնդրելի է ուրեմն ի գիտագունից եւ մանկագունից քան զիս։ Այլ ընդէ՞ր եւ այս։ Ո՞չ ապաքէն իմաստասիրութիւն եւ աստուածաբանութիւն Հրեշտակականի վարդապետին Ագուինացւոյ վաղ ուրեմն թարգմանեցեալք գտանին այժմ ի մէջ ուղղափառացն ճահկեցւոց։ Խնդրեսցէ եղբայրութիւնդ ի նոցանէ եւ նոքա (որպէս ենթադրեմ) չեն զլանալոցք, մանաւանդ մինչ լսիցեն հանդերձեալ գոլ տպագրութեամբ ի լոյս ածել, որպէս խոստանասդ»։

Առաջին փորձը անյաջող անցնելով, 170-ին Մխիթար կը դիմէ Էրզրումցի Խաչատուր Վրդ. Առաքելեանի, որ նոյն ատեն կը գտնուէր Վենետիկ։ Խաչատուր Վրդ. արդէն իսկ ձեռնարկած էր բարոյական աստուածաբանութեան դասագիրքի մը պատրաստութեան, այնպէս որ նոյն տարւոյն Ապրիլ 11ին կը պատասխանէ Մխիթարի՝ թէ հասած է 110րդ գլխուն, ու կը պակսին չորս գլուխ միայն, աւարտելու համար առաջին մասը՝ միաժամանակ կիմացնէ ունեցած ամբողջական ծրագիրը, պատրաստելու դեռ ուրիշ երեք հատորներ՝ աստուածաբանութեան եւ եկեղեցական օրէնքներու։

Ասով հանդերձ Մխիթար չի գոհանար ո՛չ պատրաստուած հատորով եւ ոչ Խաչատուր Վրդ. ի ծրագիրներով եւ ինքը կ՚ուզէր ճանչնալ ուղղակի աղբիւրը, Ս. Թոմասի բնագիրը, նոյնը աւանդելով իր աշակերտներուն, եւ այս պատճառով իսկ կը ձեռնարկէ թարգմանութեան հսկայ գործին, որ կը տեւէ երկար տարիներ, միշտ յոյսով որ օր մը տպագրութեամբ հրատարակէ զանոնք։ «թէպէտ նարդենիս աստուածաբանական մատեանն ոչ գտանի ի մէջ ազգին մերոյ առ ամենեսին, զի ոչ է տպագրեցեալ, սակայն եւ ոչ մեք յուսատատք յաստուածայնոյ այցելութենէ առ ի ծագել զայսպիսի մեծա/21/գունեղ լոյսն եւս յազգս մեր, չարժելով զոմանս ի յա չխատանս եւ. զոմանս ի յառատաձեռնութիւն ծախից» [3] ։

Ժամանակի ընթացքին գործը ամբողջապէս կ՚աւարտի, կը լրանայ թարգմանութիւնը Ս. Թոմասի գործերուն, բայց գործը կը մնայ անտիպ, Հաւանաբար նիւթականի պակասի Հետեւանքով։

Ս. Թոմաս Ագուինացիի աստուածաբանութեան հատորներուն թարգմանութեան խիզախ ձեռնարկը ցոյց կու տայ ինքնին՝ թէ Մխիթար, հազիւ երեսնամեայ վարդապետ, ինչպիսի՛ ամուր է իմ երու վրայ կ՚ուզէր դնել Մեթոնի իր նոր վարդապետանոցը, եւրոպական համալսարաններու օրինակով, իր երիտասարդ աշակերտներուն ներկայացնելով Արեւմուտքի մեծագոյն մտքին ստեղծագործ լոյսը, դասական մեթոտին յստակ ու շքեղ հանդերձանքով, համերաշխօրէն ձուլելու համար զանոնք հայ հոգիին հովին մէջ։

Այսքան բաւական կը համարինք այս նիւթին մասին, որ կարօտ է առանձին ընդարձակ ուսումնասիրութեան, եւ դուրս է մեր նպատակէն։

ՀԱՄԱՌՕՏՈՒԹԻՒՆ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՐԱՆԵԼՒՈՅՆ ՄԵԾԻՆ ԱԼՊԵՐՏԻ (տպ։ Վենետիկ 1715)

Աստուածաբանութեան դասագիրք պատրաստելու մտահոգութենէն մղուած, Մխիթար կը ձեռնարկէ Մեծն Ալպերտի Աստուածաբանութեան գիրքին պատրաստութեան, որու ձեռագիրները կային արդէն ազգին մէջ, սակայն կարօտ էին սրբագրութեան։ Սրբագրութեան գործը կը կատարէ Մխիթար, հազիւ Մեթոն հաստատուած, ու 1705ին արդէն իսկ գործը պատրաստ էր տպագրութեան։ Վանքիս Մատենադարանի թիւ 12 ձեռագիրը՝ Մեծն Ալպերտի Աստուածաբանութեան տպագրելի հատորն է, որուն առջեւ կը գտնենք սա ծանօթագրութիւնը։ «Համավճարեցումն սորին ի թվին Քրիստոսի 1705, իսկ ի Հայոց 1154, եւ ի Միաբանութեան թվին 6, Նոյեմբերի երրորդի աւուրն»։

1714ին Մխիթար Մեթոնէն նամակներով յարաբերութեան մէջ կը մտնէ Նորատունկ Զաքարեանի մը հետ, որ կը բնակէր Վենետիկ, Ալպերտի տպագրութեան առընչութեամբ։ Նորատունկ ծանօթացած պէտք է ըլլար Մխիթարի Պոլիսէն, ու Օսմանեան պատերազմներուն /22/ հետեւանքով ապաստանած Վենետիկ ու հոն հաստատուած։ Զարմանալիօրէն՝ Նորատունկ, 12 Օգոստ. 1714 թուակիր նամակի մը մէջ, ցոյց կու տայ հետաքրքրութիւն տպել տալու Ալպերտի Աստուածաբանութեան գիրքը: «Ես տեղս կամեցա(յ) Ալպերթ գիրքն կոխել տալոյ փոքր գրովն»։ Անկարելի չէ որ այս հատորը տպելու գաղափարը Նորատունկ ստացած ըլլայ Մխիթարէն, 15 տարի առաջ, անոր հետ Պոլիս գտնուած շրջանին։ Վերոյիշեալ նամակին հետ Նորատունկ կը ղրկէ Մխիթարի՝ Վենետիկի տպարաններուն մէջ գործածուած զանազան հայկական գիրերու նմոյշներ, առաջարկելով տպագրութիւնը հոգեւոր գիրքերու։ Մխիթարի խանդավառութիւնը անծանօթ չէ մեզի, մանաւանդ որ տասնհինգ տարի մտածած էր այդ մասին, առանց կարենալու գործնական քայլ մը առնել, անկարելիի առջեւ գտնուելուն Հմար։ «գրեմք վասն պասմային, զի բարւոք եւ օգտակար խորհուրդ է այդ՝ զոր գրեալ է իր առ մեզ: եւ յոյժ չնորհակալ եմ ք՝ զի մեզ եւ բոլոր ազգին է մեծագոյն լուսաւորութիւն, եւ է կարի յոյժ բաղձալի մերոյ սրտի, զի ի վաղուց հետէ ցանկացեալք եմք եւ տենչամք այնմ գործոյ» [4], եւ ապա կը թուէ տպագրութեան գործին նուիրուելու դժուարութիւնները, որոնցմէ կրնանք եզրակացնել թէ ինչու 1701-1714 տարիներուն չէ կրցած ոչ մէկ հատոր հրատարակել, սպասելով լաւագոյն ժամանակներու «առ ի յառաջ ածել եւ զայս գործ (տպագրութեան), որպէսզի եւ ըստ այսմ հասանիցեմք մերոց բաղձանաց» [5] ։ Նոյն նամակով Մխիթար կը քաջալերէ Նորատունկը անպայման գլուխ հանելու Ալպերտի տպագրութիւնը, տեսնելով հոն ամբողջ ազգին օգուտը, ապա կու տայ գործնական ուղղութիւններ՝ նկատմամբ բնագիրի ընտրութեան, դիմելով Խաչատուր Վրդ. ի օգնութեան, կամ օգտագործելով Յովհաննէս Հոլովի սրբագրած օրինակը, եւ կամ՝ հակառակ պարագային՝ կառաջարկէ իր իսկ սրբագրած եւ պատրաստած օրինակը։

Այս բոլորէն ետք՝ զարմանալի կերպով յանկարծ Նորատունկի հետքը կը կորսնցնենք, ու հրապարակի վրայ կը տեսնենք Մխիթար եւ Սարգիս Կոստանդնուպոլսեցին, որոնք իրարու աջակցելով՝ 1715–1716 տարիներուն կը տպագրեն, Վենետիկ, Մեծն Ալպերտի Համառօտութիւն աստուածաբանութեանը, գործ՝ Հուգոն Ռիպելինիի։

/23/ Գիրքին յառաջաբանէն եւ յիշատակարանէն քաղելով, թէ՛ Մխիթար եւ թէ՛ իր աշակերտը Սեբաստացի Հ. Յովհաննէս Վրդ. համեմատած են հայերէն հին թարգմանութիւնը՝ լատիներէն բնագիրին հետ եւ սրբագրած են գրչագիր մը, որ 400 տարի առաջ թարգմանուած ըլլալով, լեցուն էր գրիչի վրիպակներով, տողերու բացակայութեամբ եւ իմաստներու մթութեամբ։ Մխիթար անհրաժեշտութիւնը տեսած էր ձեռագիրը սրբագրելու, որովհետեւ անցեալին մէջ գործածած էր եւ գրեթէ սնած անով. եւ տպագրուած Ալպերտի յառաջաբանին մէջ կ՚ըսէ թէ «ի տիս մանկութեան իմոյ սովիմբ վարժեցայ եւ խանդակաթ սրտիւ յաւէտ ի սէր սորին վառեցայ»։ Մխիթար իր սարկաւագութեան շրջանին, Կարինի Կարմիր վանքի առաջնորդ Մարգար Եպս. էն կը կարդուի դաստիարակ վանքի աշակերտներուն. աբեղաները տեսնելով Մխիթարի խոր հմտութիւնը՝ կը դիմեն իրեն, որոնց «ամենեցուն զդաս ասէր, ուսուցանելով նոցա զգիրս երանելւոյն Ալպերտի» [6] ։ Տպագրութեան 513–680 էջերը կը կազմեն Մխիթարէ շարադրուած «Լուծմունք դժուարիմացից եւ տարակուսականաց բանից Ալպերտին», որոնք լուսաբանութիւններ են գործին, հիմ ունենալով Ագուինացիի աստուածաբանութեան գիրքերը [7] ։

Ալպերտի տպագրութեան արտաքին պարագաները կիմանանք Ս. Ղազարու Դիւանը պահուած դաշնադրութենէ մը, ստորագրուած Մխիթարէն եւ Պոլսեցի Սարգիսէն, 10 Յունիս 1715ին, երբ Մխիթար իր սակաւաթիւ միաբաններով դեռ նոր ապաստանած էր Վենետիկ։ Դաշնադրութեան համաձայն՝ գիրքին տպագրութեան եւ սրբագրութեան վրայ պիտի հսկէր Մխիթար, իսկ Սարգիս հետամուտ պիտի ըլլար անոր վաճառումին։ Տպագրութեան ընդհանուր ծախսերուն (որ /24/ է 470 տուգաթ) երկու երրորդը պիտի հոգար Սարգիս, մնացածը թողլով Մխիթարի։ Պիտի տպագրուէր 1450 օրինակ, որու 800ը պիտի ըլլար սեփականութիւնը Սարգիսի, 400ը Մխիթարի։ 1200 օրինակները պիտի չհանուէին հրապարակ, մինչեւ չսպառէին 250 օրինակները, որոնք կը պատկանէին երկուքին, շահը կամ վնասը բաժնելով իրարու միջեւ, մէկ երրորդի եւ երկու երրորդի սկզբունքին հետեւելով։ 250 ծախու օրինակները սպառելէ ետք՝ պիտի նորոգուէր դաշնադրութիւնը, եւ եթէ երկու կողմերը համաձայն գտնուէին՝ նոյն ոճով պիտի շարունակուէր գործը։

Այս կերպով դաշնադրութիւնը տեւած է մինչեւ 1725 տարին, երբ Սարգիս սնանկանալով ու չկարենալով հատուցանել Մխիթարի՝ դրամական գումարը, անոր կը յանձնէ ունեցած բոլոր Ալպերտները, թողլով որ Մխիթար ըլլայ մնացած օրինակներուն սեփականատէրը։

Տպագրուած 1500 օրինակներէն [8] 1727ին մնացած են 804 Հատ, 1738ին 538 Հատ, 174-ին 228 հատ, ինչ որ բաւական մեծ յաջողութիւն պէտք է նկատել, մանաւանդ երբ աչքի առջեւ ունենանք դարուն մտային պատրաստութիւնը եւ գիրքին ծանրութիւնը։ Գիրքը իր պարունակութեամբ կ՚առինքնէ ընտրանի եւ զարգացած դասակարգը. ու ահա կը հասնին խնդակցութեան նամակներ Մխիթարի. այսպէս 1717ի Հոկտ. 15ին, Լիվոռնոյէն Եւդոկիացի Բարդուղիմէոս Վրդ. կը գրէ. «…ի յաշխարանաց քոց յարատեւեցելոց, որք ի ուղղութիւն նկրտին ազգին մերոյ, ի հոգեշատից գրեանցն Ալբերթի ի քէն մեծաւ ջանիւ կերպաւորեցելոց, նոյն ինքն լեալ էր ինձ արդէն իսկ յայտնի, եւ մանաւանդ ի քաղցրաբարբառոյ տրամաբանութենէ ներկայականիս, զոր ի չորեքտասանի ընթացելոյն ձեռնամուխ լեալ ժառանգեցի, նորում վաղնջականի բարեկամութեան, անստգտանելի վարդապետութեան, անբամբասելի մեծաւորութեան, ամբասիրի վերակացութեան եւ սիրալրականի վանապետութեան քո եւ բանից քոց կրկնակաբար եղէ վերահասու»։

Այսպէս ահա կը փակուի Մեթոնէն սկսուած գործը, պտուղ՝ երկար աշխատութիւններու, կը փակուի կեանքի հանգրուան մը եւ 1715ով կը սկսի Վենետիկի բեղուն գրական գործունէութիւնը, որու պիտի հետեւինք յաջորդ էջերուն մէջ։



[1]     Հ. ՄԿՐՏԻՉ ԱՒԳԵՐԵԱՆ, Ժամանակագրութիւն կրօնիս (1800–1850), Հտ. Ա, էջ 46։

[2]     Հ. ՄԿՐՏԻՉ ԱՒԳԵՐԵԱՆ, Ժամանակագրութիւն կրօնիս (1800–1850), Հտ. Ա. էջ 46։

[3]     Համառօտութիւն Աստուածաբանութեան Երանելւոյն Մեծի Ալպերտի, Վենետիկ, 1715, էջ 514–515։

[4]     ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՅ Մեթոնէն, 12 Օգոստ1714ին, առ նորատունկ Զաքարեան, Վենետիկ

[5]     Անդ։

[6]     Հ. ՄԱՏԹԷՈՍ ԵՒԴՈԿԻԱՑԻ, Պատմագրութիւն կենաց եւ վարուց Տեառն Մխիթարայ, էջ 116։

[7]     Վանքիս Մայր Ժամանակագրութիւնը Համառօտ տողերու մ էջ Հետեւեալ կերպով կը ծանուցանէ Ալպերտի տպագրութիւնը։ «Յայսմ ամի (1715) յամսեան Ցուլիսի Գերայարգոյ Աբբայ Հայր մեր զգիրս Համառօտութեան աստուածաբանութեան երանելւոյն Ալպերտոսի Մեծին համեմատելով ընդ լատինական օրինակին, սրբագրեաց, եւ խրթնիմաց բանից նորա զհամառօտ լուծումունս արար. ետ տպագրել զերկոսին, եւ ի միասին ի մի տուփ կազմել։ Իսկ առ բաւականութիւն ի ծախս տպագրութեան նոցա զՊարոն Սարգիսն որդի Գէորգայ բարեկամին մերոյ էառ յիւր օգնութիւն։ Եւ զի գրոյս այսմիկ բազումք էին յազգի մերում որք ցանկային, եւ մինչ չեւ էր տպագրեալ, դուն ուրեք գտանիւր. եւ այսպէս օգտութիւն ի սակաւ ամփոփիւր։ Նմին իրի իբրեւ տպագրեալ ծաւալեցաւ, զբազումս յուսումնասիրաց լուսաւորեալ մխիթարեաց» (էջ 194)։

[8]     Յիշուած դաշնագրութեան Համաձայն՝ Ալպերտի տպաքանակը պետք էր ըլլալ 1450, մինչ Մխիթարի թողած ցանկերուն համաձայն՝ պէտք է եղած ըլլայ 1500 օրինակ, որովհետեւ 1727ին, իբր ծախու գիրք կը նշանակէ 804 օրինակ, եւ իբր արդէն իսկ ծախուած 696 օրինակ (804+696=1500)։