Մխիթար Աբբահօր հրատարակչական առաքելութիւնը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԺԴ. ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 1737-1739

/176/ Մատթէ ի Աւետարանին մեկնութեան ծագումը, Մխիթարը ինքը կը մատնանշէ նոյն գիրքին յառաջաբանին մէջ գրելով. «Յառաջ քան զութուտասան ամս՝ ստիպեալ յոմանց բարեսիրաց, յանձն առի, յուսալով ի շնորհս Տեառն, ձեռնամուխ լինիլ առ այս գործ. եւ սկիզբն արարեալ մեկնեցի զսուրբ Աւետարանս զայս որ ըստ Մատթէոսի՝ մինչեւ ցտասներորդ գլուխն։ Եւ մինչ մեծաւ տենչմամբ ջանայի յառաջ ընթանալ՝ վերաժամանեցին ոմանք գործք հարկաւորք, որք այնպէս պարաւանդեցին զանձն իմ, մինչ զի ոչ կարացի է բաց թողուլ զայնս՝ առ ի ոչ խափանել զսկսեալ գործս… այսպէս զութուտասան ամս խափանեալ մնաց գործս այս զոր սկսայ, եւ յամ ին Տեառն 1736 Հազիւ կարացի վերստին ձեռնամուխ լինել» [1] ։

ՅՕՐԻՆՄԱՆ ԺԱՄԱՆԱԿԸ

Գիրքին յառաջաբանը գրուած է 1737ին, ու 18 տարի ետ երթալով կը հասնինք 1719, երբ Մխիթար նոր ստացած էր Ս. Ղազար կղզին (1717), գացած էր Հռոմ (Մայիս–Դեկտ. 1718) ու դառնալով նուիրուած էր վանքին շինարարական գործերուն։ Այս հոգերուն մէջ շարադրած է առաջին տասը գլուխները (տպ. էջ 1–222), եւ ապա այլազան գործերու պատճառով՝ ընդհատած է մեկնութեան գործը։

/177/ 1726ին Էրզրումցի Հ. Յակոբ Ս. Ղազարէն կը մեկնի Արեւելք, իր հետ տանելով Մատթէի Աւետարանի առաջին տասը գլուխներու մեկնութիւնը։ Տրապիզոն հասնելով՝ հաւատացեալներուն կը կարդայ ունեցածը, որոնք խանդավառուած նիւթին հոգեւոր իմաստներէն, կը գրեն Մխիթարի խնդրելով որ փութացնէ գիրքին տպագրութիւնը։ «Յոյժ ուրախութիւն եւ բերկրութիւն եղեւ սրտից մերոց` երբ ընթերցաք Աւետարանի մեկնիչն, զի Հայր Յակոբն ունէր ընդ իւր, զորս գրեալ էր ի մենաստանն ձեր, այսինքն Մատթէոս Աւետարանի կատարելապէս մեկնութիւնն. թէպէտ կարդացինք բոլորն, երբ գնալոյ եղեւ՝ տարաւ ընդ իւր, եղեւ մեծ տրտմութիւն սրտից մերոց, զի զրկեցանք ի քաղցրութենէ նորին. վասն որոյ առ ոտս անկեալ խնդրեմ ի գթութենէ քումմէ, զի մի հնար առնել սորա վասն ըստամբայ տալոյ, քանզի որպէս ցանկայ եղջուր ի աղբերս ջուրց, այնպէս ցանկայ սիրտ մեր ի աղբերէ ջրոյս, այսինքն՝ ի մեկնութեան Աւետարանիս, զի ոչ ուրեք տեսաք այնպիսի քաղցրահամ մեկնիչ» [2] ։

1719–1920 եւ յաջորդ տարիներու ընթացքին Մխիթարի գրած նամակներուն մէջ չենք գտներ որեւէ ակնարկ այս ուղղութեամբ: առաջին անգամ 1734ի Դեկտ. 20ին գրած նամակի մը մէջ է որ կը խօսի այս մասին, երբ Աստուածաշունչի տպագրութիւնը հասած էր մինչեւ Նոր Կտակարան ու ապա ընդհատուած, ձմեռուան ցուրտին եւ տպագրատուն երթեւեկութեան դժուարութեան պատճառով։ «Եթէ Տէր տայցէ զառողջ կեանս, Մատթէոս գլխոյ մնացեալ մեկնութիւնն թերեւս ի ձմեռանս եզերիցի, վասնզի Յունվարի հնգետասան ձեռն արկանելոց եմ ի նա, զի կարգն գործոյս զայս առաջնորդէ» [3] ։ Իրապէս ալ դրած ծրագիրին համաձայն, 1735ի Յունուար 13ին կը սկսի գործի։ Նոյն թուականի փոքր ժամանակագրութեան մը մէջ կը կարդանք. «Սկիզբն արար մեկնել Գերյարգելին զՄատթէոս ի Ժ. գլխոյն եւ ի 22 համարոյն, ուր հասեալ էր»։ Երկու ամիս կաշխատի անընդհատ ու կը գրէ երեսուն պրակ։ Մարտի կէսին դարձեալ կը ստիպուի ընդհատել. «ի սաստիկ զբաղանացս եւ ի մտածութեանց լռեցի ի գրելոյ զմեկնութիւն Մատթէոսի… այժմ երեսուն եւ հինգ օր եղեւ զի ոչ կարացի վերստին առնուլ ի ձեռք» [4] ։ Յաջորդաբար գործը դարձեալ կը սկսի շարունակել, ու 1736) Փետրուարին կը գրէ այժմ /178/ ի իննեւտասն գլուխ եհաս, եւ վաթսուն տապաղայ բան գրեալ եմ, եւ մնացեալն եւս լինի աւելի քան զվաթսուն տապաղայ։ եթէ Տէր կամ եսցի՝ մինչեւ ի Զատիկ եւ կամ Համբարձում եզերի» [5] ։

Մխիթար իր գրած նամակներուն մէջ կու տայ իր աշակերտներուն շատ մը մանրամասնութիւններ, նկարագրելով գրեթէ օրը օրին՝ թէ գործին ո՛ր մասը հասած է: այսպէս՝ միշտ 1736ին.

Փետր. 25ին. «հասեալ է այժմ ի 21 գլուխ, եւ եթէ Տէր յաջողեսցէ, թերեւս մինչեւ ի Հոգեգալուստ եզերիցեմ. աւելի քան զհարիւր տապաղայ լինի»:

Յունիս 18ին. «մեկնութիւն Աւետարանին ի ձմերանս եզերի եւ ի գարնան տպագրի»:

Սեպտ. 24ին, «զմեկնութիւն Աւետարանին ի քսանեւհինգ գլուխն հասեալ եմ այժմ (տպ. էջ 651), ունիմ զջան եզերել յայսմ իկ ձմեռան»։

Զբաղումներու բազմութիւնը արգելք կ՚ըլլան Մխիթարի՝ լիովին իրագործելու իր ծրագիրը. նախ մտադրած էր գործը աւարտել 1736ի Զատիկին, կը յետաձգուի Հոգեգալուստին, եւ հուսկ՚ յաջորդաբար 1736–7ի ձմեռը, որու ընթացքին անտարակոյս պէտք է աւարտած ըլլայ, որովհետեւ 1737ի գարնան կը խորհի յանձնել տպագրութեան։

ՏՊԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ

Տպագրութեան մանրամասնութիւնները տալէ առաջ՝ հարկ է պատ մը անդրադառնալ գործ էին պատրաստութեան աշխատանքներուն։

Ինչպես տեսանք Աստուածաշունչի տպագրութենէն առաջ, Մխիթար 1732ին հրապարակ հանեց Աւետարան մը, «իբրեւ զառհաւատչեայ տպագրութեան Աստուածաշնչին…, սա (Աւետարանս) պարտի լինիլ մեզ որպէս օրինակ, զի տպագրօղն ըստ ամենայնի նման սմին պայծառագոյն տպիցէ» [6] ։ Նոյնը եւ աւելին կ՚ընէ Մատթէի մեկնութեան համար, որովհետեւ երկար տարիներու յոգնութիւն արժած էր, եւ սրտին ամ էնէն մօտիկ հատորն էր որ լոյս պիտի տեսնէր։ 1736ին տպագրուած Մեկնութիւն գրոց Ժողովողին հրապարակ հանած էր իբր «առհաւատչեայ» Աւետարանի մեկնութեան. սակայն եթէ գործածելու ըլլար նոյն գիրերը՝ Աւետարանի մեկնութիւնը պի/179/տի ստանար կրկին ստուարութիւն, ինչ որ մեծ անպատեհութիւն էր թէ՛ տպագրական տեսակէտով եւ թէ՛ մանաւանդ երկհատոր դիրքին գործածութեանը համար. եթէ օգտագործ էր Առաքինութեան եւ Մոլութեան համար գործածուած գիրերը, չափազանց մանրատառ ըլլալով՝ աւելի մեծ անպատեհութիւններու առջեւ պիտի դնէին զինք։ Այս կացութեան մէջ՝ կը մտած է ձուլել տալ միջակ մեծութեամբ նոր գիրեր, յատկապէս Աւետարանի մեկնութեան տպագրութեան համար։

Մայրավանքիս մանր ժամանակագրութիւններուն մէջ կը կարդանք. «1737 Ապրիլի 10, գրաձոյլն սկսաւ փորագրել զնորոգ գիրն, որ է ի մէջ միջակ եւ փոքր գրոյն, եւ օր ըստ օրէ զփորագրեալն ձուլել յարճիճս»։ Ուրիշ օրինակ մը, աւելի մանրամասնելով, նոյն թուականին տակ կը գրէ. «Գրաձոյլ ոմն Պաթիստայ անուն, ծախիւք մերովք զնորոգ բոլորգիր, որ է ի մէջ միջակ եւ փոքր գրոյ, հանդերձ նօտրիւն, զորս բովանդակ փորեաց եւ ձուլեաց ամիսս 8»։ Մանր ու առձեռն այս յիշատակարանները անցած են յաջորդաբար Միաբանութեանս պաշտօնական ժամանակագրութեան մէջ, իբր մեծղի եղելութիւն։ Հ. Մատթէոս Եւդոկիացի, համադրելով այլ եւ այլ ծանօթութիւններ եւս, կու տայ մեզի ընդհանուր պատկերը՝ հետեւեալ կերպով։ «Յամի յայսմիկ (1737) գերայարգոյ Աբբայ Հայր մեր ետ դրօշել զպողովատիկ նշանագիծս տառից ի տպագրութիւն, մանրագոյնս քան զմիջասահման նշանագիծսն եւ վերագոյն քան զյետին մանրագիրսն, զոր ունէաք կանխաւ։ Քանզի զՄեկնութիւն Մատթէոսի սուրբ Աւետարանին, զոր արարեալ էր, ի տպագրութիւն տալ կամէր։ Եւ զի ոչ էին նմա կամք յետին մանր գրովք կամ միջասահմանօքն տպագրել, զի մի՛ յաղագս խոշորութեան գրոց՝ կարի իմն թանձր եւ մեծ քան զպատշաճն եղիցի կազմութիւն մատենին, եւ մի յաղագս յետին մանրութեան տառիցն՝ անվերծանելի նուազատեսից լիցի մատեանն գլխովին։ Վասն այնորիկ զսոյն չափ գրոյն ընտրեաց նոր դրօշել, իբր ոչ եթէ միայն ի պէտս մատենիս այսորիկ, այլ եւ առ բազում հոգեշահ մատենից տպագրութիւնն պիտանի լինելոյ աղաղա ետ դրօտել զայս նոր նշանագիծս։ Եւ իբրեւ կատարեցան դրօշուածքն պողովատիկ տառիցն, ետ հարուլ զնոսա ի պղնձի հատուածս գաղափարս լինիլ, եւ ձուլել նոքօք տառս կապարի, եւ այնպէս կարգեաց զնոսա ի գործ տպագրութեան Մեկնութեան Աւետարանի սրբոյն Մատթէոսի» [7] ։

/180/ Յիշատակուած մանր եւ մայր ժամանակագրութեան մէջ նոր գիրերու պատարստութեան թուականը նշանակուած է 1737 : սակայն, Մխիթար Աբբահօր նամակներէն մէկուն մէջ, գրուած 24 Սեպտ. 1736ին, կայ արդէն ակնարկ մը նոր գիրերու պատրաստութեան։ Խօսելով Մեկնութեան տպագրութեան մասին՝ կ՚ըսէ . «առ այս՝ մերոյ մանր գրոց զարճիճսն ձուլել ետու եւ պատրաստեցի, եւ վասն փորձի կամ իմ նախ այնու գրով զԹօմա Գեմբեցի տպել տալ, եւ ապա յետոյ այնու զՄեկնութիւն Աւետարանի տալ տպել» [8] ։

Տարակոյսը ամբողջովին կը փարատի՝ երբ աչքէ անց ընենք Մխիթարի առձեռն Հաշուեգիրքը, որմէ յստակ կը տեսնուի որ 1736ի Սեպտեմբերին արդէն իսկ պատրաստ էին նորաձոյլ գիրերը, ընդ ամէնը 178. 000 հատ, որովհետեւ Մխիթար կը նշէ. «Գիր թափողին՝ վասն ձուլման մերոյ փոքր գրոյն, որոյ թիւն եղեւ 178. 000 ետու լիրէ 1. 068. նաեւ ետու վասն նոր մօր եւ փoլցօնի՝ 10 լիրէ»։ Այս մեծ շարժումէն ետք՝ յաջորդաբար կատարուած են նոր յաւելումներ ալ. այսպէս նոյն Հաշուեգրքին մէջ, 1737ի Յուլիս ամսուն կը կարդանք: «ճիտաթօռին ետու վասն փորելոյն զտառսն՝ 88 լիրէ», «ճիտաթօռին մինչեւ ցարդ՝ 1. 240 լիրէ». «(1737 Նոյմբ. ) վասն 2. 200 գրոյ եւ վասն 6. 000 ծաղկանց ձուլման՝ ետու 63 լիրէ», եւ վերջապէս 1737ի Դեկտեմբերին «վասն 12. 000 գրոյն՝ 15 լիրէ, արճիճն իւրն էր, եւ զի եօթն ութն հազար ռէճիսթռօ գիր էին, էառ վասն այնց 7 լիրէ եւս»։

Միջակադիր նորաձոյլ գիրերով շատ հաւանաբար Մխիթար սկսած է պատրաստել Թովմա Գեմբացիի գիրքը. սակայն 1737ին լոյս տեսած Գեմբացիի հատորը ոչ թէ նորաձոյլ գիրերով է, այլ Աստուածաշունչի համար գործածուած Ամսդերտամի տառերով. ուրեմն, Մխիթար փորձած է ու տեսած թէ Գեմբացիի գիրքին համար անյարմար են նորաձոյլ տառերը, ուստի հրաժարած է իր գաղափարէն։ Գործնականին մէջ, սակայն, կրնանք ըսել թէ Մխիթար հասած է իր նպատակին, նոր գիրերը ամենայարմար դատելով Աւետարանի Մեկնութեան տպագրութեան համար։

Տպագրութեան հեռաւոր պատրաստութիւնը տեսնելէ ետք, ուրիշ բան չէր մնար՝ եթէ ոչ անցնիլ գործի։ Ս. Ղազարի դիւանին մէջ պահուած է Մխիթարի եւ Անտոն Պորթոլիի համաձայնագրութեան /181/ սեւագիր եւ բնագիր օրինակները, որոնց իտալերէն օրինակը կու տանք ստորեւ [9], հոս դնելով անոր ազատ թարգմանութիւնը։

«12 Սեպտեմբեր 1737

Ներկայ առանձնական գրութեամբ, որ համազօր է պաշտօնական նօտարի մը ձեռքով գրածին, Տիար Անտոն Պորթոլի կը համաձայնի Հայ կրօնաւորներու Արգոյ Աբրայ Հօր Հետ, որ կը բնակի Ս. Ղազար կղզին, տպել հայերէն գիրքը՝ որ կը կոչուի Մեկնութիւն Սուրբ Մատթէոսի Աւետարանին. քառածալ, «լէոնէ» կոչուած թուղթի վրայ, հազար օրինակ, նորաձոյլ տառերով, որոնք պատրաստուած են Արգոյ Աբբայ Հօրմէն, որոնք աւելի փոքր են քան հայերէն Ս. Գիրքի գիրերը, նման՝ տպագրուած էջին, որ իբր նմոյշ տրուած է իրեն։ Իրեն կը պատկանին գիրերը, նոյնպէս նաեւ թուղթը, բայց մնացած բոլոր ծախսերը Տիար Պորթոլիի վրայ են։

Նկատմամբ էջաւորումին, մամուլով տպագրութեան, Տիար Պորթոլի կը խոստանայ կատարել մեծագոյն ջանասիրութեամբ, գործածելով նոր եւ յարմարագոյն միջոցներ, եւ որ պիտի տպագրուի յար եւ նման Ս. Գիրքին։ Գինը պիտի ըլլայ հազար օրինակի համար՝ /182/ 23 լիր, իւրաքանչիւր պրակին. բայց եթէ տպագրելու ըլլայ հազար հինգհարիւր օրինակ՚ 28 լիր, իւրաքանչիւր պրակին։ Ձմեռ եղանակին տպելը կամ ոչ` թողուած է վերոյիշեալ Աբբայ Հօր կամքին, սակայն տպագրիչը պարտաւոր է շարունակել միշտ՝ երբ Աբբայ Հայրը ուզէ։

Ներկայս թող ստորագրուի երկու կողմերէն։

Անտոն Պորթոլի, կը հաստատեմ վերեւ գրուածը

(կը պակսի Մխիթար Աբբահօր ստորագրութիւնը)»:

ՏՊԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ԸՆԹԱՑՔԸ

Այնուհետեւ կը սկսի տպագրութիւնը, գիրքին ճակատին վրայ ունենալով իբր սկսելու թուական «Յամի Տեառն 1737 Սեպտ. ի 18»։ Դեկտ. 7ին հասած ենք էջ 177 [10], շաբաթ մը ետք էջ 201 [11], 1738ի Յունուար 25ին՝ էջ 265 [12], Մարտ 22ին կը տպագրուի խե պրակը, որ կը համապատասխանէ 353 էջին։

Գործին մէկ երրորդը տպագրուած է. Մխիթար անձամբ եւ իր աշակերտներու օգնութեամբ կը կատարէ սրբագրութիւնները։ Միաժամանակ Մխիթար ձեռնարկած է Ս. Ղազարի մէջ նոր շինութիւններու. հիմերէն կը բարձրանայ հարաւային թեւը, ապա սեղանատունն ու անոր վրայի Գրադարանը։ Մխիթար 62 տարեկան է: «Զբաղմունք իմ յոյժ բազմապատկեցաւ», կը գրէ նամակի մը մէջ [13], որովհետեւ բացի Միաբանութեան եւ տպագրութեան հոգերէն, վանք կը բնակին 22 գործաւորներ, «որոց բնաւիցն զտեղի եւ զանկողին տուեալք եմք» [14] ։ Տարիքը ու բազմատեսակ զբաղումները կը մաշեցնեն զինք. «ես որ միշտ գրեթէ տկար է ի, այժմ ծանրագունեղ զբաղմունք շինուածոց այնպէս շրջապատեալ զինեւ, մինչ զի եւ զժամա/183/նակ զգալոյ զտկարութիւնս եւ հեծեծելոյ ոչ ունիմ» [15]. եւ այլուր՝ թէ «զբաղմունք իմ մեծագունեղք են ի գլուխ իմ, զի զամենայն տեսակ նիւթոյ ի պատրաստի ունիլն դժուարին է» [16] ։

1738ի Մայիսին՝ տպագրութիւնը կը հասնի գրեթէ կէսին [17]. երկու ամիս ետք, երբ կը հասնի 617 էջը (Մտ. գլ: իդ: 5), «գրաշարն մեր Ֆրանչիսկոն հիւանդացաւ, եւ յետ երից աւուրս փոխեցաւ յաստեացս, եւ որդի նորա Հերոնիմոս շարելով աւարտեաց» [18] ։ Բնականաբար այս փոփոխութիւնը կը դանդաղեցնէր գործը, որովհետեւ նոր գրաշարը անվարժ ըլլալով՝ շատ սխալներ կ՚ընէր. «այնուհետեւ սրբագրութեան բեռն ծանրանայ ի վերայ մեր. եթէ ոչ էր մեռեալ Ֆրանչիսկոն, մինչեւ ի Հոկտեմբեր եզերիւր, բայց այժմ հազիւ մինչեւ ի Ծնունդ եզերի» [19] ։

Նախատեսածին համաձայն՝ 1738) Դեկտեմբեր ամսուն կատարտի գիրքին տպագրութիւնը, 1500 տպաքանակով։ Գիրքը ունի 964 երկսիւն էջեր, գեղարուեստական գեղեցիկ ճակատ մը, մեծադիր նկար մը՝ սուրբ Մատթէոս Աւետարանիչին, երկուքն ալ պղնձատիպ, որոնց համար եղած է յատուկ ծախս. «վասն ֆռօնթoսփիչիօի եւ վասն պատկերի սրբոյն Մատթէոսի՝ երկուցն փորողչէքի ետու 8 ոսկի, որ առնէ 176 լիրէ» [20] ։ Յաջորդ երկու ամիսներուն (Յունր. -Փետր։ 1739) կը պատրաստուի ու կը տպուի նիւթի ցանկը՝ այբուբենի կարգով (էջ 965–1012): Գործնականին մէջ, գիրքին տպագրութիւնը կը տեւէ մէկ ու կես տարի, 1737 Սեպտեմբերէն 1739) Փետրուար. հազիւ աւարտած՝ կը փակէ հաշիւը Պորթոլիի հետ, տալով նաեւ բարի ձեռք որու որ տալիք է։ «տպագրողին վերջապէս ետու 429 լիրէ, եւ այսու սալտար եղեւ վասն տպագրութեան Մեկնութեան եւ Պարտիզին. պօնաման Ջէրօլամօյին, որ է շարօղ, 32 լիրէ, Թօրքուլերին՝ 22 լիրէ, ընկերի սորին՝ 6 լիրէ, եւ այլոց՝ 2 լիրէ» [21] ։

1739ի Մարտ–Ապրիլ ամիսներուն կը ծալուին, կը կազմուին ա/184/ռաջին օրինակները ու կը ղրկուին իբր նուէր՝ այլ եւ այլ անձերու, ինչպէս նաեւ առաքելութիւններու մէջ գտնուող իր աշակերտներուն, ու անոնցմէ առաջ՝ վանաբնակ բոլոր հայրերուն. «շնորհեաց Գերյարգելին 16 նորընծայից, սկսեալ ի Հ. Իգնատիոսէ մինչեւ ի Կարապետն՝ զՄեկնութիւն Մատթէի Աւետարանին, որպէս եւ յառաջագոյն ամենայն միաբանիցն», կը գրէ փոքր ժամանակագրութիւն մը, 15 Օգոստ. 1739 թուականին ներքեւ։

ԽԱՆԴԱՎԱՌ ԳՆԱՀԱՏՈՒՄՆԵՐ

Կոթողային հատոր մըն էր՝ որ կը հրամցուէր հանրութեան, որոնք ծարաւով կը սպասէին տարիներէ ի վեր նման քաղցրահամ գործի մը։ Մեր տրամադրութեան ունինք բազմաթիւ նամակներ, ուղղուած Մխիթար Արբահօր, որոնք լեցուն են հիացմունքի եւ շնորհակալութեան զգացումներով։ Գոնէ մէկ քանի հատուածներ կուզենք արտադրել հոս ստորեւ, ժամանակակիցներու դատումը եւ գնահատանքը լսելու համար։

Վիեննայէն Պատրի Տաուտ Յովնանեան՝ գրեթէ յափշտակուած՝ կը գրէ. «Գամ այժմ շնորհակալ լինիլ անհունից ընծայից ձերոց Հայրութեան, որ արժանի արարեր զանարժանս այսքանոյ մեծի գանձուց, զորոյ գին ոչ հասանի եւ ոչ զծախս բաւեսցի, քանզի մեկնիչն է գանձ անմահութեան եւ դպրութեան վերին գաւառին» [22] ։

Լիվոռնոյէն՝ Եւդոկիացի Տէր Ստեփանոս աբեղայ, յետ ստանալու՝ իբր ընծայ՝ յիշեալ գիրքը, կը գրէ. «Ընկալա(յ) մեծաւ ցնծութեամբ եւ ուրախութեամբ սրտի Մեկնութիւնն, զոր ի ձէնջ տւջութեամբ Ոգւոյն սրբոյ բարեպէս գրեալ է, այնու ոճիւ որ ամենից ընթերցողաց հաճոյ է՝ խնդրեմ երկրպագութեամբ Աստուծոյ Հօրէ ամենակալէ եւ Տեառնէ Յիսուսէ Քրիստոսէ զերկուս խնդիրս, նախ աշխատանաց ձերոց վարձն ինքն լիցի, այսինքն՝ կեանս երկար աստ, եւ յետ կենացս՝ երանեցեալ տեսութիւնն . եւ միւսն՝ ով ոք ընթերց(ց)ի կարդալով գիրքս զայս, լուսաւորեսցէ զմիտս Ոգւով սրբով, զի միտ առցէ զբան եւ մեկնութիւն սորա եւ գործով կատարումն հասուցանիցէ առ ի կեցութիւն հոգւոյ իւրոյ…։ Վաղուց հետէ ցանկանալով փափաքէ ի մեծաւ տենչմամբ թէ ե՛րբ իցէ զի լոյս գայցէ շարադրեցեալ Մեկնութիւն ձեր. փառք եւ գոհութիւն Աստուծոյ: ոչ /185/ էի ամենեւին լուեալ թէ սկսեալ ես տալ տպել, անկարծակի եհաս առ ցիս գեղեցիկ եւ վայելուչ տպեալ եւ կազմեալ։ Ողորմած հոգի Բաղտասար Վրդ. էն լսած էի թէ Հայր Աբբայն սկսեալ է Մեկնութիւն Աւետարանին. յայնմանէ ունէի միտս, բայց այժմ արդ ունիմ առաջի աչաց իմոց ընթերցմամբ. ոչ միայն զօրն, այլ եւ երեկոյն ըստ կարեաց իմոց մտադրաբար եւ ջերմեռանդութեամբ կարդամ» [23] ։

Պոլիսէն, Մխիթարի աշակերտներէն Հ. Պօղոս, հազիւ ստացած ծախու առաջին օրինակները, նախ ինքը կը ճաշակէ ու որդիաբար կը գրէ Մխիթարի. «Գոհութիւն ամենագթածին Աստուծոյ, զի Մեկնութիւն Սրբոյ Աւետարանին Մատթէոսի որպէս զգանձ ծածկեալ յայտնեցաւ ի մէջ ազգի մերում, ձեռամբ գերապայծառութեանդ կերպիւ համեղագունիւ շարով. արասցէ Տէր զի տեսանիցեմք աչօք մերովք նաեւ զմնացեալսն բոլորի Աստուածաշնչին, ձեռամբ գերապայծառութեանդ ի լոյս ածեալ» [24] ։

Մխիթար Աբբայի հրատարակած գիրքերով ամէնէն աւելի հետաքրքրուողը Պոլսոյ Պատրիարքն է, Յովհաննէս Կոլոտ. այս ուղղութեամբ ունինք գեղեցիկ եւ հարուստ վկայութիւններ։ Կոլոտն ինքնին, տարուած իր ժողովուրդին հոգեկան սնունդ հայթայթելու բուռն փափաքէն, հրապարակ հանած է բազմաթիւ հոգեշահ գիրքեր. եւ որովհետեւ Մխիթար ալ Արեւմուտքէն կ՚աշխատէր նոյն հոգիով, բարի նախանձէ մը տարուած՝ շատ մօտէն կը հետաքրքրուէր Մխիթարի հրատարակութիւններով։ 1726ին, Պոլսոյ մէջ, Կոլոտի նախագահութեամբ կատարուած ժողովի մը ընթացքին, ազգին երեւելի իշխաններէն Շապան օղլու Եսայի ըսած էր. «Այն սուրբ Աբբայն մեր, այն սուրբ Աբբայն մեր ուղղէ զմեզ, զի որպէս գրեանքն, որք ի ձեռաց նորին ելեալք են լուսաւորիչ են Հայոց ազգին» [25] ։ Նոյն տարին, Մխիթարի աշակերտներէն մին կը գրէ Կոլոտ պատրիարքին համար՝ թէ «վասն այսմ գրեանս (որ է Քրիստոնէական վարդապետութիւն) եւ վասն այլոց գրեանց որք ի ձեռաց քոց ելեալք են, Պատրիարքն Կոլոտ յոյժ զգոհութիւնս տուեալ եւ ընդունեալ է, ընդ մեծամեծ համախոհ իւր պարոնեօք» [26] ։ Աստուածաշունչի տպագրութենէն ետք, Աւետարանի մեկնութեան նախօրեակին, նոյն պատրիարքը «ի յա/186/տենի սուրբ Գէորքայ ժամուն, յետ այլոց քարոզութեանց ասացեալ է զայս. Աստուած հաստատ պահեսցէ զաթոռ Հայր Աբբային, զի գրեամբք լցոյց զազգն մեր եւ փոքր լուսաւորիչ եղեւ ազգին մերոյ» [27] ։ Հ. Թոմաս լաւ ըմբռնած էր Պատրիարքին հոգեբանութիւնը, այնպէս որ շատ գեղեցիկ կերպով կը պատկերացնէ գրելով. «(Պատրիարքն Կոլոտ) մոլեալ է ունելոյ զբազմազան գրեանս, վասն այսորիկ զՏէր Ղուկասն ինքեան թարգմանիչս արարեալ է, եւ տալով թարգմանել նմա զբազում գրեանս՝ վատնէ հոլով դրամս ի պատճառս նորանոր գրոց. եւ սակս այսորիկ լսեմ թէ որքան նոր գրեանք տպագրեալ յղէք այսր, օրհնէ եւ գովէ զձեզ ասելով՝ թէ մեր ազգին կրկին լուսաւորիչ եղեւ Աբբայ Հայրն Մխիթար» [28] ։

Մատթէի Աւետարանի Մեկնութիւնը դեռ Պոլիս չհասած, հասած էր անոր համբաւը, այնպէս որ շատ մը ազգայիններ կը սպասէին անոր ժամանումին։ Սպասողներուն մէջ է նաեւ Յովհաննէս Կոլոտ Պատրիարքը, որ «նախ քան զհանելն մեր զսնտուկն գրեանց՝ քանիցս քանի անգամ յղեաց մարդ առ ի առնուլ զՄեկնութիւն Մատթէոսի Աւետարանին, եւ ոչ միայն նա, այլ եւ այլ բազումք» [29] ։ Մխիթար արդէն ինքն իր կողմ է մտածած էր օրինակ մը հասցնել Սրբզ. Պատրիարքին, ու իր պատուէրին վրայ՝ Պոլիս գտնուող Մխիթարեան Հ. Պօղոս, փառակազմ օրինակ մը կը յանձնէ գրավաճառ Սահաթհի Պետրոսի, որպէսզի յանձնէ Պատրիարք Հօր։ Մայրավանքի մեր դիւանին մէջ չունինք նամակ Կոլոտի ստորագրութեամբ, իմանալու համար իր տպաւորութիւնները։ Հ. Մ. Չամչեան իր Պատմութեան երրորդ հատորին մէջ կու տայ մեզի այս ուղղութեամբ մանրամասնութիւն մը, որու աղբիւրը ըլլայ գուցէ ի լրոյ. «տեսեալ սորա (Կոլոտի) եւ զընդարձակ Մեկնութիւնն Մատթէի, լցաւ ուրախութեամբ եւ գովեաց զնոյն ի քարոզի իւրում ի մէջ եկեղեցւոյ յասելն. Լոյս մեծ ծագեաց այսօր եկեղեցւոյս Հայոց, գանձ տուաւ յԱստուծոյ գիրքս այս» [30] ։ Նման վկայութիւն մը կը հասնի Պոլիսէն, Հ. Պօղոսէ, որ 29 Յունուար 1740ին կը գրէ Մխիթարի. «Լուայ յումեմնէ թէ ասացեալ իցէ Պատրիարքն Հայոց (Կոլոտ) թէ զ25 քսակ դրամ վատնեցի վասն գրեանց, բայց ի գալ Մեկնութեան Մատթէոսի Աւետարանին, չիք տեղի գնացեալ եղեւ. եւ այլք վարդապետը նորին (Կո/187/լոտի) ասացեալ են Աբրահամին մերոյ: Եթէ որ ոք ոչ դաւանեսցի ի միջի եղեալ բանսն Մեկնութեան Մատթէոսի Աւետարանին, այնպիսին ոչ կարիցէ ունիլ զփրկութիւն»։

Այնուհետեւ Վենետիկէն սնտուկներով կը մեկնին գիրքերը, ցրուելու համար ժողովուրդին մէջ, տանելու համար անոնց Մխիթարի հոգիէն բխած քարոզներն ու ճառագայթները։ Առաքելութիւն մը կատարելու համար է, որ Մխիթար, իր ահաւոր զբաղումներուն մէջ, ձեռնարկած էր այս գործին. իր սիրելի ազգին լուսաւորութեան սրբազան գործը առաջ մղելու համար էր՝ որ յանձն առած էր այսքան աշխատանք, ու վախնալով որ դրամը արգելք հանդիսանայ իր գերագոյն նպատակին, դիրքերը ճամբայ հանելէ առաջ՝ կը նշանակէ անոնց գինը. «վեց վեց ղուրուշ պարտի ծախիլ եւ ոչ աւելի» [31]:

Սկզբնական շրջանին՝ բաւական մեծ թափով կը ծախուի գիրքը։ առաջին առաքում են սնտուկը չենք գիտեր թէ քանի՛ գիրք կը պարունակէր, որոնք Պոլսոյ մէջ կը սպառին շուտով, ու Հ. Պօղոս տեսնելով խնդրողներու բազմութիւնը, 1740 Մայիս 24 թուակիր նամակով կը խնդրէ 50 օրինակ եւս. եւ երբ կ՚ուշանան գիրքերը, երկու ամիս ետք, Յուլիս 28ին, դարձեալ կը յիշեցնէ Աբբահօր թէ «Աւետարանի մեկնիչ ոչ մնաց»։

Իզմիրի մէջ Մխիթարի գիրքերը վաճառող Անդրէաս, 1742ի Յունուար 24ին կը գրէ Մխիթարի. «Նոր Կտակարան, Աւետարանի Մեկնիչ շատ ուզեն… շատ ուղարկես», ու երբ պատերազմը վրայ կը հասնի ու ժողովուրդը կը դադրի գիրք գնելէ, «Հիչ գիրք չի ծախիր, կ՚ըսէ, - միայն չորս Աւետարանի Մեկնիչ ծախեցի» [32] ։



[1]     «Մեկնութիւն Սրբոյ Աւետարանի Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի որ ըստ Մատթէոսի», տպ: Վենետիկ 1737, «Բան առ ընթերցօղս», սիւն Ա:

[2]     Յոհան Աբրահամեան՝ Տրապիզոնէն, 10 Ապրիլ 1731ին, առ Մխիթար Աբբայ, Վենետիկ։

[3]     Մխիթար Աբբայ՝ Վենետիկէն, 20 Դեկտ. 1734ին, առ Հ. Թոմաս, Պոլիս։

[4]     Մխիթար Աբրայ՝ Վենետիկէն, 23 Ապրիլ 1735ին, առ Հ. Եղիա, Պելկրատ։

[5]     Մխիթար Աբբայ՝ Վենետիկէն, 1 փետր։ 1736ին, առ Հ. Թոմաս, Պոլիս։

[6]     «Գիրք սրբոյ Աւետարանի Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի», տպ., Վենետիկ 1732, «Բան առ ընթերցօղս., էջ

[7]     Ժամանակագրութիւն վանացս, Հտ. Բ, էջ 391։

[8]     Մխիթար Աբբայ՝ Վենետիկէն, 24 Սեպտ. 1736ին, առ Հ. Թոմաս, Պոլիս։

[9]     Այս է դաշնագրին իտալերէն բնագիրը։

      «A di 12 Settembre 1737

      Con la presente e privata scrittura, che vale come se fosse fatta per mano di Pubblico Notaro, resta accordato e stabilito con il Rev. mo P. Abbate de' Monaci Armeni, habitanti nell'Isola di S. Lazaro, il Sig. Antonio Bortoli, di stampare il libro intitolato spiegazione de gelio di S. Matteo in Armeno, in quarto, et in carta di Leon, copie numero mille, con caratteri di Sua Rev. ma Paternità nuovamente tagliati, che sono più piccoli del carattere della Bibia sacra Armena, simile alla mostra datagli in una pagina stampata. E come il carattere è sua, così anche la carta è sua; ma tutte le altre rimanenti spese sono del Sig. Bortoli.

      Circa la composizione e la stampatura del torcolo, il Sig. Bortoli si promette di usare ogni diligenza, e con mazi nuovi, e buoni panni: e che sia stampata simile come la Bibia sacra; e il prezzo suo deve essere a lire 23 al foglio, stampandone mille; ma se si stamperà mille e cinquecento, ha da essere lire 28. E lo stampare o non stampare nella stagione dell'inverno, sia nell'arbitrio del P. Abbate sudetto, ma lo stampatore sia obligato di continuarlo, quando esso vorrà.

      E la presente sia sottoscritta da ambe le parti, etc.

      Antonio Bortoli affermo quanto di sopra».

[10]   «Զմեկնութիւն Աւետարանին տպել սկսաք, քսան եւ երեք տետրն եհաս տպագրութիւնն». (7 Դեկտ։ 1737, առ Հ. Միքայէլ, Պելկրատ)։

[11]   «Զտպումն սկսաւ ի Սեպտեմբերի, եւ մինչեւ ցարդ քսան եւ վեց տապաղային տպեցեալ է եւ շարունակաբար գնա». (20 Դեկտ։ 1737, առ Հ. Միքայէլ, Պելկրատ)։

[12]   «Տպագրութիւն Մեկնութեան ի 34 տապաղայն եհաս»։ (25 Յունուար 1738, առ Հ. Միքայէլ, Պելկրատ)։ Յաջորդաբար, Փետրուարին, Մխիթար կը գրէ Հ. Միքայէլի. (տպագրութիւն ի քառասուն տետրն եհաս», որ կը համապատասխանէ տպագրութեան 313րդ էջին։

[13]   Մխիթար Աբբայ՝ Վենետիկէն, Փետրուար 1738ին, առ Հ. Միքայէլ, Պելկրատ։

[14]   Մխիթար Աբրայ՝ Վենետիկէն, 22 Մարտ 1738ին, առ Հ. Միքայէլ, Պելկրատ։

[15]   Մխիթար Աբբայ՝ Վենետիկէն, 12 Ապրիլ 1738ին, առ Հ. Միքայէլ, Պելկրատ

[16]   Մխիթար Աբբայ՝ Վենետիկէն, 7 Յունիս 1738ին, առ Հ. Միքայէլ, Պելկրատ:

[17]   «Տպագրութիւնն հասեալ է ի կէսն, այսինքն վաթսուն տապաղայն տպագրեալ է, այնքան եւս մնայ տպագրելի, եւ յուսամք մինչեւ ի Նոյեմբեր եզերիլ» (23 Մայիս 1738ին, առ Խաչիկ Յակոբեան, Պասրայ)։

[18]   Մանր ժամանակագրութիւն, 24 Յուլիս 1738։

[19]   Մխիթար Աբրայ՝ Վենետիկէն, 9 Օգոստ։ 1738ին, առ Հ. Միքայէլ, Պելկրատ:

[20]   Հաշուեգիրք Մխիթարայ, օգոստ. 1738։

[21]   Հաշուեգիրք Մխիթարայ, փետր։ 1739։

[22]   Պատրի Տաուտ Յովնանեան՝ Վիեննայէն, 6 հունիս 1744ին, առ Մխիթար Աբբայ, Վենետիկ։

[23]   Տէր Ստեփանոս Աբեղայ՝ Լիվոռնոյէն, 28 օգոստ։ 1739ին, առ Մխիթար Աբբայ, Վենետիկ։

[24]   Հ. Պօղոս՝ Պոլիսէն, 15 Սեպտ. 1739ին, առ Մխիթար Աբբայ, Վենետիկ։

[25]   Հ. Պետրոս՝ Պոլիսէն, 3 փետր. 1726ին, առ Մխիթար Աբբայ, Վենետիկ։

[26]   Անդ։

[27]   Հ. Պօղոս՝ Պոլիսէն, 1 փետր։ 1736ին, առ Մխիթար Աբբայ, Վենետիկ։

[28]   Հ. Թոմաս՝ Պոլիսէն, 1 Օգոստ. 1738ին, առ Մխիթար Աբբայ, Վենետիկ։

[29]   Հ. Պօղոս՝ Պոլիսէն, 15 Սեպտ. 1739ին, առ Մխիթար Աբբայ, Վենետիկ։

[30]   ՉԱՄՉԵԱՆ Հ. Մ., Պատմութիւն Հայոց, տպ. Վենետիկ, 1784, Հտ. Գ, էջ 775։

[31]   Հ. Պետրոս՝ Պոլիսէն, 26 Մայիս 1739ին, առ Մխիթար Աբբայ, Վենետիկ։

[32]   Անդրէաս՝ Իզմիրէն, 19 Օգոստ. 1742ին, առ Մխիթար Աբբայ, Վենետիկ: