Մխիթար Աբբահօր հրատարակչական առաքելութիւնը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԻԴ. ԳԻՐՔԻ ԾԱՒԱԼՄԱՆ ԱՅԼ ՁԵՒԵՐ ԵՒ ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

/311/ Հոգեւոր գիրքեր ծաւալելու նուիրական գաղափարականէն տարուած՝ Մխիթար կը ձեռնարկ է տարածել ո՛չ միայն ի՛ր տպագրած գիրքերը, այլ նաեւ ուրիշներունը։

Միաբանութեանս Վենետիկ հաստատուելէն առաջ՝ Պորթոլիի տպարանէն լոյս տեսած էին բազմաթիւ հոգեշունչ դիրքեր, որոնք չէին ընդհանրացած հայ ժողովուրդին մէջ, հասկնալի պատճառներով։ 1720–1725 տարիներուն՝ անոնց ծաւալման գործին կը ձեռնարկեն Մխիթար ու Սարգիս վաճառական, որոնք գնելով Պորթոլիէն՝ կը ծաւալեն Վենետիկէն դուրս։ Յաջորդ տարիներուն ալ նոյնը կը շարունակէ Մխիթար, անկախ Սարգիսէն։

1720-ական թուականներուն, Մխիթարի եւ Սարգիս վաճառականի միջեւ կնքուած 1 Մայիս 1720 թուակիր գրաւոր դաշնադրութենէն կ՚իմանանք որ Անտոն Պորթոլի պարտական է Մխիթարի գումար մը՝ 2500 լիրէ գոռէնթի, զոր պիտի հատուցանէ մասամբ «տպեցեալ գիրք տալով»։ Նոյն տարուան Մայիս 8ին՝ Սարգիս, ի հաշիւ Մխիթարի, Պորթոլիէն կ՚առնէ «50 Ննջեցելոց… գինն ե-ե սօլտի, որ ճէմն (համագումարը) կ՚առնէ լիրէ 12-10»: Ննջեցելոց ըսուած գիրքը՝ Պորթոլիի քով 1709ին տպագրուած Ժամերգութիւն վասն ննջեցելոց գիրքն է։ 1720ի Մայիս 18ին նոյն տպարանէն կ՚առնեն «50 Ժամագիրք Աստուածածնի (տպ: 1706) գինն ժգ. ական սօլտի, որ ճէմն կանէ լիրէ 32 10»: 1720ի Մայիս 22ին «60 Բարոյական գինն զ–զ ու կէս լիրէ, որ ճէմն կանէ լիրէ 390». յիշեալն է՝ Խաչատուր Վրդ. Առաքելեանի /312/ Համառօտութիւն բարոյականի աստուածաբանութեան դիրքը, տպագրուած 1709ին։ 1723ի Մայիս 11ին՝ դարձեալ կ՚առնեն ուրիշ 100 օրինակ Ժամագիրք Աստուածածնայ։

Սարգիսի քաշուելէն ետք՝ Մխիթար իր աշակերտներուն հետ կը շարունակէ տպագրական առաքելութիւնը, եւ ուղղակի կամ միջնորդով յարաբերութեան մէջ կը մտնէ Պորթոլիի հետ, գնելով անկէ բազմահազար գիրքեր։ 1729ի Նոյեմբ։ 16ին այս ուղղութեամբ կը գտնենք հետեւեալ արձանագրութիւնը. «բերին 678 Սաղմոս կազմեցեալ, որոց 83 էին ոսկէկազմք եւ 595 էին կոպտակազմք. իսկ անկազմք էին 445»: Յիշատակուածը պէտք է ըլլայ Պորթոլիի տպարանէն 1712ին լոյս տեսած փոքրիկ Սաղմոսարանը, որ ամբողջութեամբ, այսինքն՝ 1123 օրինակ կը փոխադրուի Ս. Ղազար։ Շատ հաւանաբար, այս գործողութիւնը կատարուած է միջնորդի մը ձեռքով՝ որ պիտի ունենար իր չափաբաժինը, որովհետեւ նոյն արձանագրութեան քով կայ սա ծանօթութիւնը. «գնեցեալք են ի Գրիգորէ»։

Մխիթար Աբբահօր 1727ի գրացուցակին մէջ նշուած է Բուրաստան աղօթից գիրքին համար (տպ: 1707), թէ տակաւին տրամադրելի ունի 460 օրինակ է, իսկ ծախուածներու ցանկին մէջ նշանակուած է՝ 540. ինչ որ նշան է թէ միահամուռ գնած է Պորթոլիէն 1000 օրինակ։ 1707ին տպագրուած այս Բուրաստան աղօթիցը ամբողջապէս սպառելէ ետք՝ 1741ին ինքը ձեռնարկած է անոր վերատպութեան։

Թէեւ 1727ի ցանկերուն մէջ չենք գտներ 1706ի տպագրուած Ժամագիրք Սրբուհւոյ կուսին Մարիամու հատորը, սակայն 173-ին՝ Մխիթար դեռ իր տրամադրութեան ունի անկէ 74 անկազմ եւ 13 կազմուած օրինակներ։ 1738ին Մխիթար ունի Խաչատուր Վրդ. ի 1709ին տպագրուած Համառօտութիւն բարոյականի աստուածաբանութեան գիրքէն 56 օրինակ, որ նախապէս չունէր։ 1748ի ցանկերուն մէջ յանկարծ կը յայտնուին 92 Ճաշոցներ, որոնց գին նշանակած է՝ 1196 տօգաթ։ Հեշտ է եզրակացնել թէ յիշեալ Ճաշոցը՝ 1686ին Թադէոս Երեւանցիի հրատարակածն է։

1725ին՝ Յոնան Եպս. Հռոմ տպագրել տուած էր Նորագոյն ուղեկցութիւն խորագրով 248 էջնոց գիրք մը։ Շատ հաւանաբար՝ անկէ որոշ թիւով օրինակներ նուիրած էր Մխիթարի։ 1730ին, Ս . Ղազարի մէջ ծախուած գիրքերու ցանկին մէջ կայ «10 Նորագոյն ուղեկցութիւն»։

/313/ Այս ամէնուն մասին չունինք գրաւոր բացայայտ ու մանրամասն տեղեկութիւններ, սակայն անտարակոյս բոլորն ալ գնուած են Մխիթարի կողմէ, իրեններուն հետ միասին ծաւալելու համար, ի նպաստ հայ ժողովուրդի հոգեւոր լուսաւորութեան։

Պորթոլիի տպարանին հետ համաձայնութիւններն սկսելու ընթացքին, Մխիթար պէտք է գաղափարը ունեցած ըլլայ՝ ձեռք բերելու Ոսկանեան տպագրութիւններն ալ։ 172-ին, երբ Ամսդերտամ կը գտնուէր Միաբանութեանս բարեկամ՝ Յարութիւն Գէորգեան, Մխիթար կը գրէ անոր, 9 Սեպտ. ին, ըսելով. «դարձեալ կարծիք ունիմք, թէ հին ժամանակէ Ոսկանի տպած Աստուածաշնչէն կամ Շարականէն եւ Ժամագիրքէն այդ տեղդ մէկ ֆռէնկի քով գրաւ շատ գրքեր կան. եթէ իրաւից է՝ լաւ մի տեղակացիր, թէ ո՛րքան գիրք են, եւ ո՛րքան դրամ պարտուց գրաւ»։ Յարութիւնի պատասխանը գոհացուցիչ չըլլալով՝ Մխիթար հրաժարած է հետապնդելէ հարցը: Այս գիրքերը, հաւանաբար, Մխիթար պիտի ստանար իր աշակերտներուն առձեռն գործածութեան համար։ Արդէն այլ առիթներով ալ Մխիթար Պորթոլիէն գիրքեր գնած է, ոչ թէ ծախելու նպատակով, այլ իր աշակերտներուն ձեռքը տալու համար։ Պորթոլի սեփականատէրն էր հաւանաբար Խաչատուր Վրդ. Առաքելեանի տպագրած գիրքերուն, որոնցմէ բաւական թիւով օրինակներ կը գնէ Մխիթար, 1732ի Մայիս 5ին. «գնեցաք ի Պօրթօլի է 20 Բարոյական Խաչատուրոյ Վրդ. ին (տպ. 1707), 24 մեծ Պարտէզ (տպ. 1710)»։ 1731ի Յունուար 1ին, ուղղակի Խաչատուր Վրդ. էն կը գնէ «ոսկէկազմ 4 Աստուածաբանութիւն նորապէս տպեցեալ (տպ: 1729) մէկ մէկ ոսկի»։

Այս բոլոր մանր տեղեկութիւնները, զոր քաղած ենք դիւանական բազմաթիւ թղթիկներէ եւ Հաշուեգիրքերէ, կու գան միահամուռ յայտարարելու՝ թէ Մխիթար ի՛նչքան մեծ փոյթ ունեցած է հայ գիրքը, յատկապէս հոգեւոր գիրքը տարածելու, հայ ժողովուրդի զանազան խաւերուն մէջ, Արեւմուտքէն Արեւելք, եւ ջանք ու միջոց չէ խնայած, իր գրաւոր երկասիրութիւններու երկարամեայ եւ անխոնջ աշխատանքին առընթեր, զբաղելու գրքի ծաւալման հոգեմած գործերով եւ կազմակերպութեամբ, եւ այդ՝ ո՛չ միայն իր հրատարակած գիրքերուն, այլ յաճախ նոյնիսկ ուրիշներէ տպագրուած երկերուն տարածման ի նպաստ, ցոյց տալով աննախանձ հոգի եւ գրքի ծաւալման բացառիկ եռանդ, մեր ժողովուրդի հոգեւոր լուսաւորութեան արտակարգ սէր ու նուիրում։

* * *

/314/ Զանազան անգամներ անդրադառնալու առիթ ունեցանք եւ շեշտեցինք թէ Մխիթարի հրատարակչական գործին գլխաւոր շարժառիթը եղած է ազգին հոգեւոր օգուտը, երկրորդաբար՝ նաեւ ստեղծել եկամուտի աղբիւր մը, որպէսզի կարենայ թէ՛ ծաւալել սկսած հրատարակչական առաքելութիւնը, եւ թէ՛ ապրուստի միջոցներ հայթայթէ իր հիմնած Միաբանութեան համար։

Թէ Մխիթարի գլխաւոր շարժառիթը եղած է ազգին հոգեւոր օգուտը՝ եւ ոչ թէ նիւթական չափ մը, յստակ կերպով երեւան կ՚ելլէ բազմաթիւ գիրքերու նուիրատուութիւններէն, զոր կատարած է բարձրաստիճան եկեղեցականներու, քահանաներու եւ այլ ազգայիններու։ Կրնանք ըսել՝ թէ ամէն հայ, ըլլայ ան ուխտաւոր եւ կամ պարզ անցորդ, որ այցելած է Ս. Ղազար, ընդունած է Մխիթարի ձեռքէն հոգեւոր գիրք մը՝ իբր պարգեւ։

Մեզի հասած է դիւանական պատառիկ մը, որուն վրայ նշանակուած է թէ Մխիթար ո՛րքան գիրք նուիրած է. թուղթին վրայ, դժբախտաբար, չկայ տարեթիւ, վերնագիր ունի «Արի տուեալք», ու կը թուէ շուրջ 250 գիրք: թուղթին ստորեւ ալ դրուած է անոնց արժէքը, «իբրու 140 տօգաթի բան է»։ Անշուշտ՝ երկու կամ երեք տարուան նուիրատուութիւններու ցանկ մըն է յիշեալը։

Տոմսակ գրեանցէն քաղելով՝ կու տանք ցանկը 1729–1731 տարիներուն Մխիթարի կատարած նուիրատուութիւններուն։

 

1729,

Մարտ 5.

«Ետու արաբ ճգնաւորին` 1 Քրիստոնէական, 1 Տաղարան, 1 Պարտէզ՝ Խոկմամբ, կազմեցեալ»:

 

16.

«Ետու Մաթոս աղային 1 Պարտէզ` Խոկմամբ, կազմեցեալ»։

 

17.

 

«Ետու ուխտաւորաց եկելոց ի Ս. Յակոբայ 1 Պարտէզ՝ Խոկմամբ, 1 Տաղարան, կազմեցեալ»:

 

26.

«Ետու Վ. Հ. Գրիգորին առ ի ընծ այել՝ 2 Քրիստոնէական, 2 Տաղարան, 2 Աղբիւր, 2 Պարտէզ, 2 Թուաբանութեան, 2 Կրթութիւն, կազմեցեալ»:

 

27.

«Շնորհեաց Գերյ. Էրզրումեցւոյ ումեմն՝ 1 Պարտէզ, կազմեցեալ»

 

29.

«Շնորհաց Գերյ. Վարդանի Էրզրումեցւոյ՝ 1 Քրիստոնէական, 1 Տաղարան»:

Ապրիլ

2.

«Շնորհեաց Էրզրումեցւոց՝ 2 Տաղարան, 2 Հրաշից սրբազնութեան, 1 Աստուածածնայ ժամագիրք»:

 

19.

«Շնորհեաց Գերյարգելին Էրզրումեցւոց՝ Տէր Մխիթար Ովանէսին, որ ի Լեհ. 1 Առաքինութեանց, 1 Մոլութեանց, 1 Ալպերտ, 1 Կրթութիւն, 1 Աղբիւր բարի»։

/315/

21.

«Շնորհեաց Գերյարգելին Գրիգորի ումեմն Շէրիմանեցւոյ` 1 Մտածական Պետրոս Վրդ. ին»։

Մայիս

24.

«Ետու Սեբաստացւոյ ումեմն երիտասարդի՝ 2 Տաղարան, թղթակազմ»։

Յունիս

2.

«Գերյ. շնորհեաց Բաղտասար Վրդ. ին` 1 Քրիստոնէական, 1 կրթութիւն, 1 Դաշտիկ, 1 Աղբիւր բարի, 1 Քառարանի, 1 Վարք Յօհաննու, 1 Բուրաստան, 4 Պարտէզ՝ Խոկմամբ, 1 Տաղարան»:

 

17.

«Շնորհեաց Գերյ. Տէր Սիմոն Քհյ. ի ումեմն` 1 Քրիստոնէական, 1 Աղբիւր բարի, 6 Տաղարան, թղթակազմ»:

 

20.

«Շնորհեաց Գեր. Երեւանցւոյ Քհյ. ի ումեմն` 1 Աղբիւր, 1 Բուրաստան, 1 Տաղարան, կաշակազմ»։

 

21.

«Շնորհեաց աշխարհականի ումեմն Մցխիթացւոյ՝ 1 Պարտէզ Խոկմամբ։ 1 Տաղարան, թղթակազմ»։

 

22.

«Շնորհեաց Գերյ. ուխտաւորի ումեմն` 1 Բուրաստան»։

 

25.

«Գերյ. շնորհեաց Տէր Աբրահամին՝ 1 Քրիստոնէական, 1 Արբիւր բարի, 6 Տաղարան, թղթակազմ»։

 

30.

«Գերյ. շնորհեաց Տէր Ղուկասին Կեռլէցւոյ՝ 1 Առաքինութեանց, 1 Մոլութեանց, 1 Քրիստոնէական, 1 Կրթութիւն, 1 Աղբիւր բարի, 1 Քաւարանի»։

Յուլիս

4.

«Գերյ. շնորհեաց Տէր Յօհանին՝ 1 Ալպերտ, 1 կտակարան, 1 Դաշտիկ, 1 Քրիստոնէական, 1 կրթութիւն, 1, Աղբիւր, 1 Ժամագիրգ Աստուածածնայ, 1 Քաւարանի, 1 Վարք Յօհաննու, 1 Բուրաստան, 1 Պարտէզ՝ Խոկմամբ, 1 Տաղարան»։

 

20

«Շնորհեաց Գերյ. Պարոն Աղէկսանդրին՝ 1 Պէլլարմին քրիստոնէականէ եւ այլում աճամ տղայի միոյ՝ 1 Տաղարան»։

 

22

«Շնորհեաց Գերյ. Տէր Յօհանին` 1 Մոլութեանց, 1 Շարական, տպեցեալ»։

Սեպտ.

27.

«Էառ Վեր. Հ. Գրիգորն` 1 Տաղարան կարակազմ, առ ի շնորհել ումեք»:

Հոկտ.

6.

«Շնորհեաց Գերյարգելին Տէր Դաւիթ եպիսկոպոսին` 1 Առաքինութեանց, 1 Մոլութեանց»։

 

10.

«Գերյարգելին հետ եղբայր Յարութիւնին որդւոյ Գէորգին` 1 Աւետարանի մեկնիչ Վիլլօթին»։

 

11

«Վեր. Հ. Գրիգորն էառ 1 Տաղարան կարակազմ»:

 

22

«Էառ Վ. Հ. Գրիգորն առ ի շնորհել՝ 1 կտակարան, 1 Աղբիւր բարի, 1 Պարտէզ, 1 Տաղարան»։

Նոյեմբ.

19

«Էառ Վ: Ոմանէս Վրդ. ն առ ի շնորհել ումեմն քահանայի` 1 Առաքինութեանց, 1 Մոլութեանց, 1 Ալպերտ»։

Դեկտ.

29.

«Շնորհեաց Գերյար. հայի միում՝ 1 Դաշտիկ, 1 Քրիստոնէական, 1 Տաղարան, 1 Քաւարանի, 1 Պարտէզ՝ Խոկմամբ»։

1730, Փետր.

 

«Շնորհեաց Գերյ. քահանայի ումեմն Էրզրումեցւոյ Տէր Պետրոս կոչեցելոյ՝ 1 Առաքինութեանց, 1 Մոլութեանց, 1 կտակարան, 1 Ալպերտ, 2 Քրիստոնէական, 2 Դաշտիկ, 2 Հրաշից սրբազնութեան, 2 Վարք Յօհաննու, 2 Տաղարան, 2 Պարտէզ՝ Խոկմամբ, /316/ 1 Բուրաստան, 1 Կրթութիւն, 1 Աղբիւր, 1 Ժամագիրք Աստուածածնայ, 3 Դրախտ հոգւոյ, 1 Բարոյական` Խաչատուր Վրդ. ի»։

Մարտ

13.

«Էառ Վ: Ովանէս Վրդ: ն առ ի շնորհել՝ 3 Դրախտ կազմեցեալ, 3 Դրախտ անկազմ»։

 

21.

«Շնորհեաց Գեր. Պարոն Խաչիկին` 1 Դրախտ հոգւոյ»։

Ապրիլ

1

«Շնորհեաց Գեր. Ովանէսին, Պրն. Պետրոսին, Շաֆարին՝ 2 Դրախտ հոգւոյ, 1 Տաղարան»:

Մայիս

15.

«Էառ Վ: Հ. Գրիգորն առ ի շնորհել ումեք` 1 կրթութիւն, 1 Քրիստոնէական, 1 Տաղարան, 1 Պարտէզ, 1 Հրաշից»:

 

27

«Շնորհեաց Գերյ(արգելին) Քհյ. ի ումեմն Մսրտամցւոց, այսինքն` Եղիսէի Վրդ. ին 1 Առաքինութեան, 1 Մոլութեանց, 1 Ալպերտ, 1 Քրիստոնէական, 1 Տաղարան, 1 կրթութիւն, 1 Դաշտիկ, 1 Դրախտ հոգւոյ, 1 Հրաշից, 1 Վարք Յօհաննու, 1 Աղբիւր, 1 Բուրաստան, 1 Պարտէզ՝ Խոկմամբ»:

 

28.

«Շնորհեաց Գերյ. Քհյ. ի ումեմն Սարգսի Ախսխացւոյ՝ 1 Ալպերտ, 1 Կտակարան, 1 Դաշտիկ, 1 Դրախտ, 1 Հրաշից, 1 Վարք Յօհաննու, 20 Տաղարան թղթակազմ»։

Յունիս

25.

«Շնորհեաց Գերյ. Էրզրումեցւոյ ումեմն` 1 Դրախտ, 1 Աղբիւր»։

 

26.

«Էառ Վեր. Հ. Գրիգորն առ ի շնորհել ումեք՝ 1 կրթութիւն»։

Յուլիս

7.

«Ետու Պր. Խաչիկին` 1 Տաղարան, թղթակազմ»։

 

18.

«Ետու Մարտիրոսին եւ Ովանիսին ՝ 2 Բուրաստան»։

 

25.

«Շնորհեաց Գեր. ումեմն Քհյ. ի՝ 1 Դրախտ, 1 Աղբիւր, 1 Տաղարան»:

 

26.

«Շնորհաց Գեր. աշխարհականի ումեմն` 3 Տաղարան, 1 Քրիստոնէական։

 

28.

«Ետու՝ Տէր Յօհանին՝ 1 Աստուածածնայ ժամագիրք»։

Օգոս.

20.

«Շնորհեաց Գերյ. Մօնս. Յարութիւն Եպս. ին` 1 Տաղարան կաշակազմ»։

Սեպտ.

2.

«Ետ Գերյ. Վ. Հ. Թօմասին՝ 6 Դրախտ հոգւոյ, առ ի ձրի շնորհել՝ ում եւ կամիցի»։

 

2.

«էառ Գերյ. ի գրգատանէ առ ի շնորհել ումեք` 1 Նոր կտակարան, 1 Քրիստոնէական, 2 Տաղարան»։

Նոյեմբ.

17.

«Շնորհեաց Գերյարգելին ումեմն Թորոս կոչեցեալ Տիրացուի Կոստանդինուպօլսեցւոյ՝ 1 Նոր կտակարան, 1 Աղբիւր, 1 Տաղարան, 1 Դրախտ»։

 

17.

«Դարձեալ առաքեաց ընդ նմա ի Հռօմ, երկու Եպս. աց՝ 3 Դրախտ»:

1731, Յունվ.

21.

«Շնորհեաց Գորի: Պր. Աղէքսանդրին՝ 1 Տաղարան, կաշակազմ»։

Փետր.

9.

«Տարեալ Գերյ. Արհ. զերիս Դրախտս ի Նազարէթն՝ շնորհեաց, 2 Դրախտ՝ երկուց քահանայից Հալէպցւոց, եւ 1 Դրախտ՝ Վ: Հ. Միքայէլին»:

 

13.

«Գերյ. Աբբայ Հայրն մեր շնորհեաց ումեմն Իզմիրցւոյ ազգականի Զաքարիայ՝ 1 Սաղմոս, 1 Տաղարան, 1 Պարտէզ՝ Խոկմամբ։ Եւ այլում հայի եւս Իզմիրցւոյ, որ էր ընդ նմա, զայն/317/քանս շնորհեաց՝ 1 Սաղմոս, 1 Տաղարան եւ 1 Պարտէզ՝ Խոկմամբ»։

 

20.

«Էառ Վ. Հ. Ով։ Վրդ. ն` 2 Պարտէզ անկազմ»։

 

21.

«Ետու Վ: Հ. Գրիգորին, առ ի շնորհել ումեք՝ 1 Տաղարան»։

 

23.

«Շնորհեաց Գեր. Աբբայ Հայր մեր Ներսեսին խաբեբային՝ 1 Դրախտ, 1 Աղբիւր, 1 կրթութիւն, 1 Պարտէզ, 1 Տաղարան»։

 

26.

«Շնորհեաց Գեր. ումեմն մանկան կոստանդնուպօլսեցւոյ՝ 1 Բուրաստան, 1 Պարտէզ, 1 Տաղարան»։

Մարտ

1.

«Շնորհեաց Գեր. Աբ. Հայր մեր Խաչատուր Վրդ. ին՝ 1 Քերականութիւն»:

Ապրիլ

10.

«Շնորհեաց երկուց քահանայից Հալէպցւոց, այսինքն Տէր Յակոբին եւ Տէր Սահակին՝ 1 կտակարան, 2 Քառարանի, 2 Վարք Յոհաննու, 2 Տաղարան՝ թղթեայ կազմ, 2 Դաշտիկ»։

 

21

«Շնորհաց Գերյ. ումեմն պլատանւոյ Վարդանի կոստանդնուպօլս. այսինքն Յօհանին` 1 Պարտէզ»։

Մայիս

18

«Էառ Վ. Հ. Գրիգորն առ ի շնորհել ումեք՝ 1 Տաղարան, թղթակազմ»:

Յունիս

4.

«Շնորհեաց Գերյարգելին երկուց ուխտաւորաց՝ 3 Տաղարան»:

Օգոս.

7.

«Շնորհեաց Գերյարգելին երկուց կոստանդնուպօլսեցւոց երիտասարդաց՝ 2 Պարտէզ՝ Խոկմամբ, 2 Տաղարան. այսինքն` մի մի ` երկաքանչիւրոց»։

 

12.

«Շնորհեաց Գերյ. ումեմն պատանւոյ Յարութիւն կոչեցելոյ՝ 1 Քրիստոնէական, 1 Պարտէզ՝ Խոկմամբ»։

Նոյեմբ.

20.

«Շնորհեաց Գերյ. ումեմն տիրացու Վարդանի Գրայովացւոյ 1 Պարտէզ՝ Խոկմամբ»։

Դեկտ.

2

«Շնորհեաց Գերյ. եղբօր Նուրիի մարապետին` 1 Դրախտ, 1 Քրիստոնէական, 1 Աղբիւր։ Եւ ընդ նմա յղեաց ձրի՝ մարապետին. 1 Դրախտ՝ Նուրի մարապետին, 1 Դրախտ՝ Պատրի Տաւուտին»։

 

5.

«Շնորհեաց Գերյարգելին ումեմն քահանայի Եզնկացւոյ՝ 1 Քրիստոնէական, 1 Աղբիւր, 1 Բաւարանի, 1 Պարտէզ՝ Խոկմամբ»:

  

Դժբախտաբար, այս ցանկին մէջ, իւրաքանչիւր այցելուի կամ ուխտաւորի դիմաց՝ միշտ չէ նշանակուած ո՛ր քաղաքէն ըլլալը, սակայն քանի մը ակնարկութիւններէն կրնանք հետեւցնել՝ թէ այդ տարիներուն իսկ (1729–1731) Ս. Ղազար կ՚այցելէին հեռաւոր վայրերի Իտալիա եկող ազգայիններ. այսպէս՝ Ամադերտամէն, Կեռլայէն, Գրայովայէն, Պոլիսէն, Իզմիրէն, Էրզրումէն, Սեբաստիայէն, Երզնկայէն, Հալէպէն, Երեւանէն, Ախլցխայէն, Մցխիթէն. ու շատեր Մխիթար Աբբայի օրհնութեան հետ՝ գրքոյկ մըն ալ նուէր ստացած, երբեմն նոյնիսկ ծրար մը գիրքերու, կը դառնային Հայրենիք։ Առաւելաբար՝ հոգեւորականներու տրուած են բազմահատոր նուէրները։

* * *

/318/ Նկատմամբ գիրքերու գիներուն՝ Մխիթար կը գործէ մեծ գիտակցութեամբ, հոգեւոր առաքելութիւն մը կատարելու նպատակով։ Եթէ վաճառականական ու շահադիտական նպատակներով սկսած ըլլար իր գործը, գուցէ չգտնէր այն յաջողութիւնը՝ որ ունեցաւ, եւ գիրքերն ալ չծաւալէին այն թափով՝ որով տարածուեցան։

Այս ուղղութեամբ բաւական է նկատի առնել 1727ին Քրիստոնէական Տաղարան գրքոյկին տպագրութեան շարժառիթը, լիուլի համոզուելու համար թէ Մխիթարի մտահոգութիւնը՝ ազգին մէջ քրիստոնէական հոգին տարածելն էր, եւ ոչ ուրիշ բան։ Գրքոյկին տպագրութենէն ետք՝ Արեւելքի մէջ գտնուող իր աշակերտներուն կը ղրկէ տասնական օրինակ՝ ձրի բաժնելու համար, իսկ ծախու օրինակները կը յանձնարարէ սպառել ցած գինով, եւ երբ աշակերտները՝ տեսնելով գիրքին գտած յաջողութիւնը, խորհուրդ կու տան բարձրացնել գինը, Մխիթար տեղիք չի տար, կ՚ուզէ որ շատ օրինակ տարածուի ազգին մէջ, կ՚ուզէ քրիստոնէական վարդապետութիւնը ծաւալել աժան գիրքի ճամբով։ Այսպէս՝ 50 օրինակ կը ղրկէ Յոհան Եպս. ի, որ Հռոմէն դէպի Արեւելք պիտի երթար քարոզութեան, յանձնարարելով այսպես. «զայնս ձրիապէս բաշխիցես՝ ում եւ կամիցիս, զի առ այս վախճան այսպէս կազմել տուեալ եմ զոմանս, որպէսզի ձրի նաշխեսցի» [1] ։

Քրիստոնէական վարդապետութիւնը տարածելու մտահոգութիւնը Մխիթարի հրատարակչական գործունէութեան իսկութիւնն է. նոյն հոգիով կը շարժի նաեւ միւս բոլոր հոգեւոր գիրքերուն ծաւալման համար։ Անշուշտ չէր կրնար ձրի բաժնել ամէն գիրք, ծախածներուն վրայ ալ փոքրիկ չափաբաժին մը ունէր, սակայն մեծագոյն գիտակցութեամբ՝ չափ կը դնէր շահին, որպէսզի թէ՛ խաչաձեւում չստեղծուի սկսած գործին, եւ թէ կարենայ ընդարձակել ծրագրած հսկայ գործունէութիւնը. «վասնզի մեք զայսքան գրեանս տպագրեցաք եւ տպագրեմք, ո՛չ վասն շահելոյ զդրամս, այլ պարզապէս վասն օգտի ազգին մերոյ. ի մէջ որոց տպագրեցելոց այնք գրեանք որք իւրեանց զգինս ոչ կարեն հանել, ի յայնց գրեանց որք փոքր ինչ աւելի տանեն, լնանիցի վնասն նոցին» [2] ։



[1]     Մխիթար Աբրայ՝ Վենետիկէն, 3 Ապրիլ 1728ին, առ Յոհան Եպս. Հռոմ։

[2]     Մխիթար Աբբայ՝ Վենետիկէն, 22 Ապրիլ 1748ին, առ Պր։ Անդրէաս, Իզմիր։