Մխիթար Աբբահօր հրատարակչական առաքելութիւնը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԻԶ. ՄԽԻԹԱՐԻ ՓՈՅԹԸ ՏՊԱԳՐՈՒԱԾ ԳԻՐՔԵՐ ՀԱՒԱՔԵԼՈՒ

/323/ Ո՛չ թէ միայն գիրքեր հրատարակելու եւ զանոնք ծաւալելու գորգը ունէր Մխիթար, այլ նաեւ հաւաքելու այլ եւ այլ տպագրութիւններ, ըլլան անոնք հայկական, ըլլան եւրոպական կամ արեւելեան այլ լեզուներով։ Մխիթարի մտքին մէջ վառ էր գաղափարը՝ Ս. Ղազարը դարձնելու սրբութեան եւ գիտութեան կեդրոն մը. յետ այնքան գուրգուրանքով կերտելու իր աշակերտները՝ մէկիկ մէկիկ, ինքն իր ձեռքով կերտեց Ս. Ղազարի մէջ գեղազարդ ու պերճ գրադարան մըն ալ, հոն ժողովելու համար հայկական ձեռագիրներն ու տպագրութիւնները։

Գիրքեր հաւաքելու մտահոգութիւնը կը սկսի Միաբանութեան առաջին օրէն իսկ, Պոլսոյ մէջ, ու այդ ոգին կը քալէ իրենց հետ Մեթոն, եւ հուսկ՝ Վենետիկ։ Մեթոն գտնուած շրջանին՝ Մխիթար ծանօթանալով վենետկեցի նաւապետներու, կը խնդրէ անոնցմէ՝ Վենետիկէն բերել հայերէն լեզուով տպագրուած գիրքեր։ 1714ին, Մխիթար յանձնարարական թուղթ մը կը գրէ իրեն ծանօթ Վենետիկ բնակող Նորատունկ Զաքարեանին՝ ըսելով ՝ «բերողն այսմ գրոյ, որոյ անունն է Ռէճինաթոյ Կոպիս, պարտի վասն մեր դնել զոմանս գրեանս՝ որոյ յանձնեալ եմ, ուստի որքան եւ վատնիցէ ի գին գրեանց՝ աղա չեմ զի եղբայրութիւն քո տացէ նմա զդրամ, մինչեւ 30 ղուռուշ կարես տալ նմա. եւ ես նորա յանձնեալ եմ զի գրեանքն դնեսցէ, եւ զգինն որ բան լինիցի՝ ի քէն խնդրեսցէ» [1] ։

/324/ Մեթոնի շրջանէն ունինք ուրիշ յատկանշական նամակ մըն ալ, գրուած Հ. Պօղոս Վրդ. էն, երբ սա կը գտնուէր Պոլիս, ուրկէ կ՚իմացնէ Մխիթարի քաղաքին գրական եւ տպագրական շարժումները. «Պատրի Պետրոսն զերկու գիրք շարադրեալ է, մինն կոչի Մանանայ հոգւոյ, նորում մեկնաբանին բազումք բանք Աւետարանին. սա պասմայ եղեւ, եւ մեծութիւն որոյ է հանգոյն Թօմա Գեմբացւոյ։ Միւսն է՝ նորում խօսի զերկու բնութենէ Քրիստոսի. սա տակաւին ոչ է եղեալ ստամբայ, որ շարադրեցեալ իցէ յումեմնէ Աճէմ Վրդ. է, եւ սա ի ձեռն հարցմանց եւ պատասխանախնդրութեան ի վերայ մարդեղութեան Քրիստոսի։ Նաեւ լուայ թէ զՀարցմանց Գրիգոր Տաթեւացւոյն տուեալք իցեն հայք յըստամբայ. թէ իրաւ իցէ՝ ի հարկէ զմի հատ առնում, նաեւ զմին մին հատ ի միւսոցն եւս» [2] ։ Բնականաբար, Հ. Պօղոս ինքնիրմէ չէ որ կը մտածէ այս բոլորը, այլ գիտէ Մխիթարի փափաքը, լսած ու դաստիարակուած է Մխիթարէ այդ ուղղութեամբ, ու վստահութեամբ կը հաղորդէ՝ թէ «ի հարկէ զմի ի հատ առնում»։

1718ին, Մխիթար Հռոմ կը գտնուի. Վենետիկ վերադառնալէն առաջ՝ «զբազումս գրեանս տպեցեալս ի Փռօփականտան, ո՛չ միայն զհայերէն, այլ նաեւ իտալիաներէն եւ լաթիներէն երգեր խնդրեցի, եւ հրամայեցին տալ» [3] ։ Վենետիկ մեկնելուն՝ հետը կ՚առնէ հայերէն գրքերէն մաս մը միայն, որովհետեւ ճամբան երկար էր ու արդէն ծանրաբեռնուած էր. գիրքերը կը թողու Եւդոկիացի Ստեփանոս Վրդ. ի մօտ, որ ժամանակ մը ետք՝ կը հասցնէ Ս. Ղազար։

Ինչ որ կը տեսնուի, Մեթոնէն Վենետիկ անցնելու ատեն՝ Մխիթար ո՛չ մէկ տպագիր գիրք կրցած է հետը բերել. ուստի հետամուտ է ստանալ ամէն տեսակ գիրք, մանաւանդ Պոլիս տպագրուածները։ Իր աշակերտներուն՝ որոնք Վենետիկէն կը մեկնին Պոլիս, Մխիթար բերանացի կը յանձնարարէ Ս. Ղազար ղրկել ամէն տեսակ տպագրութիւններէ մէկական օրինակ. նոյնը շատ ստէպ կը յիշեցնէ նաեւ նամակներով ՝ «ես բազմիցս գրեալ էի, նաեւ բերանով ասացեալ՝ թէ այդր որ ինչ պասմայ գիրք ելանիցէ եւ ելեալ է, ի բնաւիցն մէկ մէկ հատ առնուլ եւ յղել. մեք աստ այդր տպեցելոց գրեանց միայն զԿիւրղի գիրքն ունիմք, եւ ոչ զայլ ինչ… այլազան ինչ եւ իցէ նոր գիրք /325/ տպեալ իցեն՝ մի մ ի առեալ յղես» [4] ։ Այնուհետեւ Մխիթարի գրիչին յանկերգ կը դառնայ նոյնը յիշեցնել իր աշակերտներուն եւ ամէն անգամ՝ որ այս կամ այն ճամբով կիմանայ թէ Պոլիս նոր գիրք մը տպագրուած է, իսկոյն կը գրէ որ օրինակ մը հայթայթեն Ս. Ղազարու համար։ «ԶՀարցմանց գիրն Տաթեւացւոյն տպեալ են այդր. նախ գրեալ եմ այդր գնել. լաւ հոգ տար՝ զի ընդ քեզ բերցես… նաեւ զմի քերականութիւն՝ որ տպեցեալ է այդր, գնել եւ բերել, սոքին բնաւքն առանց զանցառութեան» [5] ։ «Լուաք թէ զԿաթուղիկէից Մեկնութիւնն յՈսկեբերանէ արարեալ տպագրեալ են այդր. զմի ի հատ գնեսցես եւ առաքեսցես մեզ: նաեւ լուայ թէ զմի Քրիստոնէական վարդապետութիւն չարադ րեալ է եւ խլէ իմ եանն եւ տպագրեալ: զմ ի Հատ եւս ի նմանէ առաքեսցես» [6] ։

Այս ուղղութեամբ շատ ճոխ են յարաբերութիւնները Մ Մխիթարի եւ Պոլիս գտնուող իր աշակերտներուն, որոնք գրեթէ օրը օրին Մխիթարի կը հասցնէին տեղւոյն լուրերը, ըլլա՛յ ազգային, ըլլա՛յ կրօնական կամ գրական, միայն այդ փոխյարաբերութիւնները հրատարակել՝ կը նշանակէ պատրաստել ամբողջ հատոր մը։ Այս անցուկ էջերուն վրայ անկարելի է սեղմել այդ ամէնը, սակայն պարզապէս քանի մը նմոյշ տալու համար՝ յիշենք գլխաւորները։

1722ի Ապրիլին, Պոլիսէն Հ. Պօղոս Վրդ. Ս. Ղազար կը ղրկէ բազմաթիւ տպագրութիւններ, այսինքն՝ 5 հատ Ոսկանի Աստուածաշունչ, Յովհաննու Ոսկեբերանի մեկնութիւն Աւետարանի (1717), երկու ժամագիրք, Վարք հարանց (1720), Շարակնոց Ոսկանի (1669), Համառօտ իմն մեկնութիւն սրբոյ Աւետարանի (1714), Տօմար, Գիրք պատմութեան Պղնձէ քաղաքին (1708), Խոկմունք ոմանք հզօրագոյնք (1705՞), Գիրք պատմութեան կայսերն Փօնցիանոսի (1721), Բառգիրք մի (1698՞), Գիրք պատմության երկրին Տարօնոյ (1719), Գիրք որ անուանեալ կոչի լուսաշաւիղ (1704), Գիրք աշխարհացոյց Մովսէսի Խորենացւոյ (1668)։

Դիւանական մանր թուղթի մը վրայ կը գտնենք Ս. Ղազար ղրկուած գիրքերու ուրիշ երկար ցանկ մը, համապատասխան գիներով, զոր հոս կարտադրենք՝ ուսումնասէրներու գոհունակութիւն պատճառելու համար.

/326/ «1741 եւ Ապրիլի 20, եդաք ի նաւն եւ առաքեցաք ի վանս ստորագրեցեալ գրեանք զորս գնեցի. են սոքա.

 

Հարցմանց Տադեւացւոյն

270 փարայ

Մեկնութիւն աղօթից

70

Կոչումն ընծայութեան

70

Բուզանդեան պատմագիրգ

50

Ժողովածուի ճառ

30

Ոսկեբերանի ճառ

30

Ժողովածու

70

Բառգիրգ

30

Գիրք Սահմանաց

100

Տրամաբանութիւն

120

Երկու մաս քերականութիւն

75

Քրիստոնէական վարդապետութիւն

27

Տօմարաց գիրգ

23

Տօնացոյց

23

Տաղարան

23

Գիրք խոստովանութեանց

20

Կտակ չարչարանաց Քրիստոսի

20

Մեկնութիւն խորհրդոյ պատարագի

15

Գիրգ դաւանութեան Աղեքսանդրու

20

Աղօթից գիրգ դէմ պատարագի

10

Կաթողիկոսի տաղարան

18

Գիրգ վասն ննջման Յօհանն. Աւետ.

15

Գիրգ տաղարանաց հայոց Վրդ. աց

30

Գիրգ աղօթից Վարդանանց

10

Գիրգ թագաւորաց Հայոց

10

Գիրգ աղօթից Եբրեմ Խորին

20

Հանելուկի գիրգ Ներսէս կլայեցւոյ

5

Գիրգ աղօթից Հռիփսիմեանց

4

2 գիրգ մինն հայերէն մինն տաճկերէն

36

Ադամագիրգ

15

Գանձի գիրգ

14

Գիրգ Ագաթանգեղոսի

100

Բառգիրգ ի Հռօմ տպեցեալ

-

որոց բովանդակութիւն արար

34 ղուռուշ եւ 13 փարայ»:

 

  Այդ մեծ ցանկէն զատ՝ դեռ ունինք բազմաթիւ վկայութիւններ, ուր կը տեսնուի Մ Մխիթարի աշակերտներուն մտահոգութիւնը՝ օրը օրին Ս. Ղազար հասցնելու նոյն շրջանի տպագրութիւնները, մտահոգութիւն մը՝ որ մինչեւ այսօր աւանդ մնացած է իւրաքանչիւր Մխիթարեանի։

/327/ Ահա՛ ուրիշ յատկանշական նամակ մըն ալ, ուր կը տեսնուի Մխիթարի աշակերտներուն հետաքրքրութիւնը պոլսական տպագրութիւններուն նկատմամբ: «Տեսի գիրգ մի տպեալ աստ, վեց եօթ ամ յառաջ, Պատմութիւն վասն սրբոյն մեծի Ներսեհի եւ զօրավարաց Հայոց, մեծ՝ որպէս զԹէոփիլէ։ Նաեւ զմի Քերականութիւն, մեծութեամբ որպէս զԿտակարան. եւ այս վեց եօթն ամ է որ տպեցեալ է։ Նաեւ զմի ի տաճկերէն Քրիստոնէական Վարդապետութիւն, այս մի ամ է եւ կէս որ տպեցեալ է, մեծութեամբ մեր գրաբառ Քրիստոնէականին չափ է. այս յետին երկու գիրքս ի Թէրլիկճի տիրացու Պաղտասարին շարադրեցեալ է։ Նաեւ տեսի զմի դիրի մեծութեամբ իբրեւ զԿտակարան, գեղեցիկ ստամբայ ի Մսրտամայ, 40 ամ յառաջ, Աստուածաշունչ գրոց մեկնութիւն, դժուարիմացից՝ ի Ծննդոցէն սկսեալ, նաեւ յետ մեկնութեան՝ ոտանաւոր ոմանք տաղք։ Նաեւ զմի փոքր զիրգ ի Մսրտամայ վաղուց տպեալ, մեծութեամբ՝ աշխարհաբառ Քրիստոնէականին չափ. Մեկնութիւն խորհրդոյ պատարագին եւ աղօթք. թղթի մի երեսն նրբագոյն պատկերք պատարագի արարողութեանց՝ կէսն, եւ կէսն՝ տնօրէնութեանն եւ չարչարանացն Քրիստոսի, եւ եօթնօրեայ ժամակարգութիւն. աւելի քան զքառասուն պատկեր է որ ունի եւ այս երկու գիրքս դժուարագիւտ է, թերեւս մեք ունիմք» [7] ։ Երկու տարի ետք, դարձեալ նոյն Վարդապետը կը գրէ՝ թէ «լուայ եւս թէ փաթրիքն (այն է Յակոբ Նալեան Պատրիարքը) զայլ իմն նոր գիրգ ինչ հանեալ, Քրիստոնէական վարդապետութիւն ասեն, եւ զայլ իմն սկսեալ՝ այսինքն Մեկնութիւն Նարեկին, ի պատրիարքարանն զտպարան ստացեալ՝ տպել տայ նաեւ ասեն թէ զԼօթրանոյ գիրգ մաքառմանց թարգմանի եւ տպելոց է» [8] ։

Մխիթար իր մահուան նախօրեակին իսկ դեռ կը հետաքրքրուի պոլսական նորատիպ գիրքերով. լսած ըլլալով թէ կը տպագրուի Նարեկի պարզաբանութիւն մը, տեղեկութիւններ կը խնդրէ Հ. Միքայէլէն, ու պատասխան է ընդունի թէ «աստէն նոր տպեցեալ գիրգ ոչ երեւի, ոչ Նարեկի պարզաբանութիւն եւ ոչ այլ, բայց յուստեք տեսի զմի գիրգ որ տպեցեալ է 1186 թուին Հայոց, որ կոչի Լուսաւորչի քարոզության գիրգ, որ եւ Յաճախապատում կոչի. եթէ այդր ոչ գտանիցի այս գիրգ՝ առնուցում» [9] ։ Յաճախապատում գիրքը Մխիթար տեսած էր, եւ որովհետեւ Նարեկի պարզաբանութեան տը/328/պագրութեան մասին ունէր ստոյգ տեղեկութիւններ՝ սկսեալ 1745էն, 1748ին կը պնդէ եւ կ՚ուզէ ունենալ անպայման, եւ ի վերջոյ կը ստանայ Հ. Միքայէլի դրական պատասխանը՝ թէ «Նարեկի պարզաբանութեան տպումն, որ ի պատրիարքարանի, եզերեալ է: Աստուածաշնչին գիրքն է, 250 թապաղայ եւ այլ աւելի, միոյն գինն՝ 14 ղռուշ կազմածն, 12 ղռուշ անկազմն. տակաւին յարտաքս ոչ ել, այլ ի պատրիարքարանի վաճառի, որոյ ծախսն Աթոռակալ Յարութիւն Վրդ. ն արարեալ է» [10] ։

Պոլսոյ տպագրութիւններէն զատ՝ Մխիթար հետամուտ եղած է ստանալ նաեւ Ամսդերտամի բոլոր տպագրութիւնները։ 1728ին, երբ Յարութիւն Գէորգեան՝ Վենետիկէն Ամադերտամ կերթայ, վաճառականութեան համար, Մխիթար կ՚ուզէ ստանալ անոր ձեռքով, բացի Ոսկանի գիրերէն, նաեւ Ամսդերտամ տպուած բոլոր գիրքերէն գոնէ մէկական օրինակ։ Նոյն տարուան Սեպտեմբեր 9ին կը գրէ Մխիթար՝ «այդ տեղդ տպեցեալ գիրքերուն ամէնէն մէկ մէկ հատ գնես վասն մեր, միայն թէ Քերական, Շարական, Ժամագիրք եւ Թօմա Գեմբեցի պէտք չէ, զի ունիմք, եւ այլ մնացածներուն որք տպեցան այդր՝ չունիմք, նորա համար շնորհ կանես որ մէկ մէկ հատ վասն մեր գնես եւ բերես, թէպէտ մէկ քանի խենդ գիրք եւս տպեցաւ այդր. բայց թէ՝ խենդ, թէ՛ խելօք, ամէնէն մէկ հատ առ, բացի չորս գրքէն՝ զոր ի վերոյ գրեցի»։ Յարութիւն Ամսդերտամի մէջ կը հետաքրքրուի, սակայն գիրքերը տեղւոյն հոգեւոր Հովիւ Տէր Եղիսէի ձեռքը ըլլալուն եւ սուղ գին պահանջելուն՝ շատ հաւանաբար չէ կրցած զանոնք գնել եւ ղրկել Մխիթարի։

Յիշեալ Տէր Եղիսէն 1730ին կը գտնենք Ս. Ղազար, ուր Մխիթարէ կը ստանայ տասնեւմէկ հատոր գիրք [11], հաւանաբար փոխարէն խոստանալով ղրկել Ամսդերտամի տպագրութիւններէն։ Եւ իրապէս, Տէր Եղիսէ հաւատարիմ կը գտնուի իր խոստումին, ղրկելով Ամսդերտամէն հետեւեալ գիրքերը։ «1731 Ապրիլի 3ին եկին յԱմստէլօդամէ ստորեւ գրեցեալ գրեանքն Նոր կտակարան, Հայելի Հին Կտակարանին (1713), Ձեռբածութիւն յերկինս (1705), Խորե/329/նացւոյ պատմագիրք (1695), Թօմա Գեմբացի (1696), Շարակնոց լաւ կազմով, Աշխարհացոյցի մեկնութիւն (1696), Համաձայնութիւն զանազանից թուոց Հայոց, եբրայեցւոց, եւն. որ էր կարի հին (1698)» [12] ։

* * *

Բացի հայկական տպագրութիւններէն, Մխիթար հետամուտ եղած է հաւաքելու նաեւ օտար լեզուներով հրատարակութիւններ, մանաւանդ հայրախօսական նիւթեր շօշափող գիրքեր, որոնք իր աշակերտներուն հոգեւոր զարգացումին համար անհրաժեշտ կը նկատէր. «եւ կարի փոյթ յանձին ունէր հետզհետէ գնել զգիրս հարցն սրբոց եւ վարդապետաց եկեղեցւոյ՝ վասն գրատան նորոյ» [13] ։

Ահա՛ Փրոփականտայի տպարանէն լոյս տեսած եւրոպական գիրքերու ցանկը, որոնք հաւատարիմներու ձեռքով կը հասնին Ս. Ղազար։

/330/ Fabrica ovvero dizionario della lingua volgare

Annali ecclesiastici del Baronio

Commentaria in tertium librum sententiarum

Eudiches Patriarca Alexandrinus vindicatus

Apologia pro christiana religione

Acta ecumenici concili Florentini

Instruzione familiare per fare…

Via della fede mostrata agli hebrei

Zelo della propagazione della fede

Disciplina arcani…

Codex misterii missae Armenorum

Prodromi ad refutationem alcorani

Vocabolario italiano-turchesco

Missale Romanorum

Censura confessionis fidei

Gennadii scolarii patriarchae…

* * *

Այստեղ կուզենք նշել ուրիշ հետաքրքրական երեւոյթ մըն ալ։ 1733ին, Մխիթար պէտք է գրած ըլլայ նամակ մը, Հռոմ բնակող Հայազգի Սուքիաս Եպս. ին, խնդրելով կարգ մը արաբերէն լեզուով գիրքեր, բայց թէ ի՛նչ նպատակի համար՝ անծանօթ կը մնայ մեզի։ Սուքիաս Եպս. 5 Սեպտ։ 1733 թուակիր նամակով կը պատասխան է՝ թէ «արապի գրգերն կա պատրաստ ի Փրօփականդան, միայն Թօմա Գեմբեցի ոչ կա, Աստուծով որոնեմ ի գրգածախսն, լինա որ գտանեմ, գինն մէկ այլ գրգոց ժե (15)ական պայոք է հատն. եթէ կամիս՝ գրէ, առնեմ, առաքեմ»։ Սուքիաս Եպս. ի յաջորդ նամակներէն կիմանանք որ արաբերէն գիրքերը ճամբայ հանած է դէպի Վենետիկ, բոլորն ալ իր կողմ է նուիրելով Մխիթարի. «խնդրեմ որ այս արապի գրգերն իբրեւ զլոմափողն ընդունիս յիշատակ» [14] ։

* * *

Մխիթար Աբբահօր դիւանին մէջ պահուած կը գտնենք 12 էջնոց տետրակ մըն ալ, որ ամբողջ գիրքերու ցանկ է, այն գիրքերուն՝ որ Մխիթար Աբբահօր օրերուն կը գտնուէին վանքիս գրատան մէջ։ Շատ /331/ հետաքրքրական է այս տետրակը իր պարունակութեամբ, որովհետեւ ցոյց կու տայ թէ Մխիթար ի՛նչ ուղղութիւն տուած է իր աշակերտներուն, եւ թէ ի՛նչ ուղղութեամբ կը հաւաքէր գիրքերը։ Առանձին ուսումնասիրութեան կարօտ է այս տետրակը, որը առաջին էջը կը կրէ հետեւեալ խորագիրը: «Յամ ի Տեառն 1744 եւ 1745 եւ 1746 եւ 1747 եւ 1749, գնեաց Գերյարգելի Աբբայհայրն զայսոսիկ գրեանիս» [15] ու կը թուարկէ 70 հատորներու անուններ, բոլորն ալ եւրոպական լեզուներով։ Յաջորդ էջով կը սկսի գրատան ցանկը, հետեւեալ բաժանումներով :

ա. «Յարեւմտեան կողմի գրքանոցն» 203 հատոր:

բ։ «Յարեւելեան գրքարան» 130 հատոր:

գ. «Հիւսիսային արեւմտեան գրքանոցն՝ լատինացւոց եւ իտալացւոց գրեանց» 133 հատոր

դ: «Ի կողմն հիւսիսային արեւելեան գրքանոցն՝ հայերէն գրեանքն» 181 Հատոր։

Մխիթարի եւ իր առաջին աշակերտներուն ջանքերով հաւաքուած են, ուրեմն, 644 հատոր, ինչ որ եղած է առաջին խայծը Ս. Ղազարու յաջորդական հաւաքածոյին։

Այս էր, ահա՛, Մխիթարի պաշտամունքը գիրքին հանդէպ։ Ու խորհելով թէ տարուէ տարի պիտի բազմանային հատորները, իրեն յատուկ հեռատեսութեամբ կանգնեց Նոր Մատենադարան մը՝ հիմէն, շքեղ ու ընդարձակ, որքան հնարաւոր էր իր օրերուն. Մատենադարան՝ որ մինչեւ օրս կը պահէ իր վեհութիւնը եւ զարմանք կազդէ ամէն այցելուի, Մխիթարի հոգիէն կայծեր փոխանցելով ամէնուս։


[1]     Մխիթար Աբրայ՝ Մեթոնէն, Օգոստ. 1714ին, առ Նորատունկ Զաքարեան, Վենետիկ։

[2]     Հ. Պօղոս Վրդ. Պոլիսէն, 2 Սեպտ։ 1714ին, առ Մխիթար Աբբայ, Մեթոն։

[3]     Մխիթար Աբրայ՝ Հռոմէն, 19 Նոյեմբ. 1718ին, առ Հ. Եղիա Վրդ: Վենետիկ։

[4]     Մխիթար Աբբայ՝ Վենետիկէն, 27 Սեպտ. 1721ին, առ Հ. Պօղոս Վրդ. Պոլիս։

[5]     Մխիթար Աբրայ՝ Վենետիկէն, 26 Ապրիլ 1731ին, առ Հ. Յակոբ Վրդ. Պոլիս։

[6]     Մխիթար Աբբայ՝ Վենետիկէն, 21 Դեկտ. 1746ին, առ Հ. Միքայէլ Վրդ. Պոլիս։

[7]     Հ. Միքայէլ Վրդ. Պոլիսէն, 5 փետր. 1744ին, առ Մխիթար Աբբայ, Վենետիկ։

[8]     Հ. Միքայէլ Վրդ. Պոլիսէն, 6 Մարտ։ 1746ին, առ Մխիթար Աբբայ, Վենետիկ։

[9]     Հ. Միքայէլ Վրդ. Պոլիսէն, 8 Օգոստ։ 1748ին, առ Մխիթար Աբբայ, Վենետիկ։

[10]   Հ. Միքայէլ Վրդ. Պոլիսէն, 26 Նոյեմբ. 1718ին, առ Մխիթար Աբբայ, Վենետիկ։

[11]   «1730 Մայիսի 27. շնորհեաց Գեր. քահանայի ումեմ Մսրտամցւոյ, այսինքն Եղիսէի Վարդապետին՝ 1 Առաքինութեանց, 1 Մոլութեանց, 1 Ալպերտ, 1 Քրիստոնէական, 1 Տաղարան, 1 կրթութիւն, 1 Դաշտիկ, 1 Դրախտ հոգւոյ, 1 Հրաշից, 1 Վարք Յօհաննու, 1 Աղբիւր, 1 Բուրաստան, 1 Պարտէզ Խոկմամբ»։ (Տոմսակ գրեանց)։

[12]   Տոմսակ գրեանց, 3 Ապրիլ 1731։ Տէր Եղիսէ Լիվոռնոյէն գրած է նամակ մը Մխիթարի, 16 Մարտ 1731ին, ուր կը թուէ վերոյիշեալ գիրքերը մի առ մի. գիրքերէն զատ՝ ղրկած է նաեւ «դ պղնձէ պատկեր եւ մին արճըճէ, եւ դ փայտէ գրի ծաղիկ»։

[13]   Մանր ժամանակագրութիւն, 20 Ապրիլ 1747։ Հաւաքելով Մխիթարի առձեռն Հաշուեգիրքէն, կը տեսնենք որ 1743–1749 տարիներուն ընթացքին գնած է հետեւեալ հատորները։

 

1743 Օգոստ.

Վասն Գալմէթ կոչեցեալ մեկնութեան Աստուածաշնչին

լիրէ

162

 

Վասն Հունական բառգրգին

12

 

Վասն գօնկօռտանցայի Աստուածաշնչին

16

 

Վասն գրեանց Գրիգորի Աստուածաբանի եւ Կիւրղի Եմ.

134

Հոկտ.

Վասն Յունարէն եւ Լաթիներէն Աստուածաչնչին

160

1744 Յունիս

Ետու երկու հատոր Որոգինէսի

30

Յուլիս

Վասն գրգին Խորենացւոյն Լաթին եւ Հայ

30

1745 Մայիս

Վասն սրբոյն Յովհաննու Դամասկացւոյ գրոյն

130

Յուլիս

Վասն Կովտին փիլիսոփայութեանցն ետու

36

Դեկտ.

Վասն քարոզ գրգին

12

1747 Ապրիլ

Վասն գրգի աշխարհացույցի

4

 

Վասն գրեանց Ս. Գրիգոր պապին, նաեւ Ս. Անսելմոսի

120

 

Վասն գործոց սրբոյն Նեղոսի

60

 

Վասն գործոց սրբոյն Բարսղի

180

 

Վասն գործոց Կասիանոսի

30

Դեկտ.

Վասն Յունաց Մաշտոցին զոր գնեցաք

32

1748 փետր.

Վասն բառգրգի

4

Սեպտ.

Վասն ֆռէնկէվար գրեանց

12

Հոկտ.

Վասն վարձու բառգրգին որ Վէնայու

16

1749 փետր.

Վասն լաթիներէն Հարանց վարքին

88

 

[14]   Սուքիաս Եպս. Հռոմէն, 115 Մայիս 1734ին, առ Մխիթար Աբբայ, Վենետիկ։

[15]   Մանր ժամանակագրութեան մը մէջ կը գտնենք սա ծանօթութիւնը՝ 1747ի Ապրիլ 20ին գրուած. «Գերյ. Աբբայ Հայրն գնեաց զեօթն գիրս՝ 120 լիրէ, յորոց չորքն են՝ Գործք սրբոյ Մեծ ին Գրիգորի Պապին, եւ երկուքն սրբոյն Անսելմոսի. իսկ մին՝ սրբոյն Յուստինոսի մարտիրոսին։ Յետ այնորիկ գնեաց զբոլոր գործ սրբոյ Աբբային Նեղոսի երկու հատոր, 60 լիրէ. եւ զսրբոյն Բարսղի Մեծի՝ երեք հատոր, 180 լիրէ. եւ զգիրս Յոհաննու Կասիանոսի՝ 30 լիրէ»։