Հայ տպագրութիւնը եւ Հռոմ (ԺԷ. դար)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳԼՈՒԽ Դ. ՄԱՏԹԷՈՍ ԾԱՐԵՑԻԻ ՋԱՆՔԵՐԸ ՎԵՆԵՏԻԿԻ ԵՒ ՀՌՈՄԻ ՄԷՋ

/78/ Յովհաննէս Մոլինոյ Անկիւրացի է եւ Յովհաննէս Վրդ. Ջուղայեցիէ յետոյ, Աստուածաշունչի տպագրութեան հետամուտ եղող անձը՝ Մատթէոս Ծարեցին է, որ Արեւելքէն կանցնի Վենետիկ, ապա Հռոմ, եւ հուսկ Ամսդերտամ ի մէջ կը դնէ հիմը ապագայ Ոսկանեան Տպարանին։

Մատթէոս Ծարեցիի մասին ցարդ մեր ունեցած ծանօթութիւնները, ընդհանրապէս առնուած են 1660–1ին Ամսդերտամ տպուած Յիսուս Որդիի Յիշատակարանէն, ուր Մատթէոս կը գրէ թէ Զմիւռնիայէն անցած է Վենետիկ, ուր չգտնելով տպագրութեան գործին յարմար արհեստաւորներ, 14 ամիս յետոյ անցած է Հռոմ, ուր նոյնպէս չյաջողելով՝ ճամբան շարունակած է Ամսդերտամ։

Յիշեալ Յիշատակարանին մէջ զարմանալի կերպով Մատթէոս յստակ չէ բացատրած Իտալիոյ մէջ անյաջողութիւններու պատճառը։ Ռ. Իշխանեան, որ կը սիրէ առարկայական կերպով մօտենալ հարցերու, միշտ հիմնուելով գրաւոր փաստերու վրայ, առնելով Մատթէոս Ծարեցիի զոյգ բացատրութիւնները՝ թէ «ի Վենետիկ ոչ գոյին արհեստաւորք պատշաճք այսմ գործոյ», եւ թէ Հռոմի մէջ ալ «ոչ կային վարդապետք կատարեալք այսմ գործոյ», ինքն իր կողմ է ենթադրութիւններ կընէ թէ «Վենետիկում որեւէ գրաձոյլ վարպետ չի համարձակել հայերէն տառեր պատրաստել, առանց Հռոմի Պապի կամ կարդինալների ժողովի թոյլտուութեան», իսկ Հռոմի մէջ չյաջողելու պատճառ կը համարի՝ «մենք տեղեկութիւն չունենք այն մասին, թէ Ծարեցին էլ արդեօք իր նախորդների նման Հռոմում լատինական դաւանանք ընդունե՞լ է. եթէ չի ընդունել, գուցէ նրա անյաջողութեան մի պատճառն էլ դա է եղել» [1] ։

/79/ Այս ենթադրութիւնները եթէ մասամբ ուղիղ ըլլային, Մատթէոս պիտի չվարանէր «Հերետիկոսական» Հոլանտայի մէջ բացայայտ կերպով յիշատակել եղածները, առանց վախ ունենալու ոչ մէկէ։ Թողունք որ Վենետիկի Հանրապետութիւնը չէր իյնար պապական իշխանութեան ներքեւ, եւ Վենետիկ միշտ ուզած է պահել իր անկախութիւնը Հռոմէն, եւ պատմութիւնը ցոյց կու տայ՝ որ նոյն Հանրապետութիւնը տուած է մենաշնորհներ հայ վաճառականներու, գիտնալով հանդերձ որ Հռոմ համաձայն չէ իր գործելակերպին։ Իսկ Հռոմի մէջ անյաջողութիւնները պէտք չէ վերագրել դաւանանքի տարբերութեան, որովհետեւ դարուն սովորութեան համաձայն, Մատթէոս Ծարեցին ալ իր նախորդներուն նման՝ տուած է կաթոդիկէ դաանութիւն, ու իր մէկ աղերսագիրը, ուղղուած Պօղոս Դ. Պապին, կը սկսի. «Մատթէոս կաթողիկէ հայ եւ Սարկաւագ... » բառերով, ինչ որ պիտի չհամարձակէր գրել՝ առանց դաւանութիւնը ըրած ըլլալու։

Վենետիկի մէջ

Ծարեցի Հռոմ կը գտնենք 1657ի Յուլիսէն՝ 1658ի Հոկտեմբեր ամիսները, շուրջ 16 ամիս, հակառակ վերոյիշեալ Յիշատակարանին, ուր կ՚ըսուի թէ Հռոմ մնացած է 9 ամիս։ Հռոմ անցուցած շրջանին ունինք զանազան փաստաթուղթեր, սակայն Հռոմէն առաջ Վենետիկ անցուցած 14 ամիսներուն մասին՝ հազիւ երբեք ակնարկի մը կը հանդիպինք։

Յովհաննէս Անկիւրացիէ վերջ մինչեւ Մատթէոսի Վենետիկ գալը, ոչ մէկ հայկական գիրք տպագրուած է քաղաքը. զարմանալի է որ Մատթէոս չէ գոհացած Մոլինոյի թողած գիրերով, եւ անոնցմով չէ ձեռնարկած գործի. պատճառը՝ գուցէ Մատթէոսի նպատակը Աստուածաշունչի տպագրութիւնն ըլլալով, Մոլինոյի թողած գիրերը անբաւարար էին այդ գործին, եւ որով հետամուտ եղած է վարպետներու, նոր գիրեր փորել տալու համար։

Մատթէոս Ծարեցիի Վենետիկի մէջ ըրած շարժումին լուրը՝ պէտք է ձեւով մը հասած ըլլայ Հռոմ։ ՀՍ. ի Ժողովին մէջ դեռ վառ էր յիշատակը Յովհաննէս Մոլինոյի, որ քանի մը տարի առաջ Փրոփականտայի տպարանին հայկական գիրերը Հռոմէն Վենետիկ փոխադրելով՝ տպած էր գիրքեր. ու մտածելով թէ մի՛ գուցէ յանկարծ նոյն գիրերը իյնան Մատթէոսի ձեռքը եւ ազատօրէն տպագրէ, բան մը որ հակառակ էր Հռոմի սկզբունքին, 26 Մայիս 1656ին հետեւեալ կերպով կը գրէ Վենետկոյ լատին Առաքելական Նուիրակ Մոնս. Քարաֆֆայի. «Տարիներ առաջ հայ գիտնական մը քաղաքէս Վենետիկ փոխադրեց տպագրական գիրեր, որոնք առնուած էին Փրո/80/փականտայի տպարանէն, որպէսզի տպագրէ կարգ մը գիրքեր՝ որ ինք շարադրած էր։ Այժմ այդ գիտնականը մահացած ըլլալով, եւ մտածելով որ այդ գիրերը այլեւս չեն ծառայեր քաղաքիդ մէջ, կը յանձնենք ողջմտութեանդ, ձեռք ձգելու եւ վերադարձնելու Հռոմ։ Կրնաս հրահանգ տալ, որպէսզի նախ ստուգուի տպարանը՝ ուր կը գտնուին գիրերը, եւ վճարելով պէտք եղած գումարը՝ ստանալ զանոնք. բաւական է որ գիրերը գործածելի վիճակի մէջ ըլլան, ու անոնց գինը ըլլայ մատչելի. մենք ունինք անոնց կաղապարները, սակայն լաւ է որ գիրերը դառնան հոս» [2] ։

Նուիրակին պատասխանը կ՚ըլլայ համառօտ եւ ոչ գոհացուցիչ: 22 Յուլիսին կը գրէ. «Հայ գիտնականը, որ ձեր տպարանէն գիրեր առնելով անցած է Վենետիկ, քննեցի եւ տեսայ որ շատ ամիսներ առաջ դէպի իր հայրենիք գացած ատեն՝ հիւանդացած է ու մեռած, իսկ իր թողած գիրերու տեղը՝ չի գիտցուիր, ու յոյս ալ չկայ զանոնք վերագտնելու» [3] ։

Հռոմի մէջ

Այս միջադէպէն յետոյ Մատթէոս Ծարեցի կը գտնենք Հռոմ, ուր կը բնակէր Տէր Զաքարիա Ակամ, աշակերտ Ուրբանեան վարժարանի, պաշտօնով՝ խոստովանահայր Հայոց եւ քննիչ հայերէն տպագրելի գիրքերու։ Մատթէոս կը յարի Տէր Զաքարիայի, որ լաւ գիտէր Հռոմի մտայնութիւնն ու լեզուն, եւ անոր ձեռքով աղերսագիր կը ներկայացնէ ՀՍ. ի Ժողովին։ Աղերսագիրին օրինակը չգտանք դիւանին մէջ, սակայն նոյնը ներկայացուած է ՀՍ. ի 30 Յուլիս 1657ի նիստին, որու արձանագրութիւնը հետեւեալ կերպով կը համառօտէ Տէր Զաքարիայի գրութիւնը։ «Տէր Զաքարիա Ակամ, Հայոց խոստովանահայրը, կը ներկայացնէ թէ հայազգի մը Հռոմի մէջ կ՚ուզէ հայերէն լեզուով տպագրութիւններ կատարել՝ իր անձնական ծախսով կ՚ուզէ տպել Ս. Գիրքը՝ սկսելով նոր Կտակարանէն, այն սրբագրութիւններով որ հաճոյ է Ս. Ժողովին։ Եւ որովհետեւ Փրոփականտայի տպարանը ունի նոյն գիրերուն կաղապարները, կը խնդրէ որ անոնց վրայէն թափուին նոր գիրեր. իսկ այն պարագային որ U. Ժողովը չուզէ ստանձնել այս ծախսը, նոյն հայազգին պատրաստ է իր ծախսով թափել տալ, բաւական է որ գիշերը մնան իր տրամադրութեան» [4] ։ Նոյն օրուան նիստին ոչինչ կորոշուի, եւ հարցին կարգադրութիւնը կը յանձնուի տպարանին պատասխանատու քարտինալին։

/81/ Յաջորդ օրը, 31 Յուլիս 1657ին, նոյն հարցը կը դրուի սեղանի վրայ։ Ժողովի արձանագրութիւններուն մէջ կը կարդանք առնուած որոշումը. «Հարկ է գտնել գիտնական անձեր եւ հայերէն լեզուի մասնագէտներ, որպեսզի վերատեսնեն եւ սրբագրեն . Գիրքը). իսկ գիրերը՝ Փրոփականտայի տպարանը թող թափել տայ եւ յաջորդաբար զանոնք իրեն վերապահէ։ Այս առիթով ժողովասրահ կանչուեցաւ Կղեմէս Կալանոս, որ յայտնեց թէ Վենետիկի մէջ կը գտնուին հայկական գիրեր, շինուած Փրոփականտայի տպարանի կաղապարներով, եւ Վենետիկ փոխադրուած Յովհաննէս Մոլինոյի ձեռքով, որ հոս թարգման էր նոյն լեզուին։ Կարելի է քիչ գումարով վերստանալ այդ գիրերը եւ հոս փոխադրել։ Քարտինալները վաւերացուցին, եւ որոշուեցաւ գրել Վենետիկի Առաքելական Նուիրակին» [5] ։ Թէեւ բացայայտ կերպով չէ յիշատակուած Մատթէոս Ծարեցիի անունը, սակայն նիւթի պարունակութիւնը տարակոյս չի թողուր որ ինքն ըլլայ Ս. Գիրք տպագրել ուզողը։

1657 Յուլիս ամիսէն մինչեւ Նոյեմբեր Մատթէոս Հռոմ է, անշուշտ ջանալով հետապնդել՝ մտքին մէջ ունեցած ծրագիրը։ Յուլիս ամսուն ներկայացուցած խնդրագիրը՝ գործնականին մէջ կը մնայ ապարդիւն, որովհետեւ ՀՍ. ի Ժողովը, ընդունելով հանդերձ որ Փրոփականտայի տպարանին մէջ թափուին նոր գիրեր, տպագրելի գիրքերուն համար, բայց թոյլ չի տար զանոնք Հռոմէն դուրս տանիլ։

1657 Նոյեմբերին Մատթէոս կը ներկայացնէ նոր աղերսագիր մը, ու փոխանակ Զաքարիա Ակամը միջնորդ բռնելու՝ կը յարի իտալացի եկեղեցականի մը, որ օժանդակ է իրեն։ Իտալացիին անունը եւ ունեցած պաշտօնը՝ կարելի չեղաւ ստուգել։ Սա ունի նամակ մը, 24 Նոյեմբեր թուականով, որու ստորագրութիւնը անընթեռնլի է, գրուած Հռոմ իր տունէն, ուղղուած ՀՍ. ի Քարտուղարին։ Նամակին սկզբնաւորութեան՝ ներողութիւն կը խնդրէ, որ հիւանդութեան պատճառով անկարող է անձամբ խօսիլ, ուստի նամակին հետ կը ղրկէ Մատթէոս հայուն Յուշագիրը, խնդրելով որ նկատի առնուի եւ կատարուի անոր փափաքը, «քանի կ՚ուզէ տպել այն գիրքերը՝ որ ատենօք տպուած են Վենետիկի մէջ. առ այս՝ թող շնորհուի Մատթէոսի, իր իսկ ծախսերով, թափել տալ նոր գիրեր, եւ նոյն գիրերով՝ Փրոփականտայի տպարանին մէջ տպուին իր գիրքերը, միշտ իր ծախսով, որոնք թէ՛ սրբագրուած եւ թէ վաւերացուած են ՀՍ. ի Ժողովէն» [6] ։

/82/ Այս նամակին կ՚ընկերանայ Ծարեցիի աղերսագիրը, որ թէեւ անթուական է, սակայն գրուած ըլլալու է 21 Նոյեմբեր 1657 թուականին մերձակայ օր մը։ Յուշագիրը, գրուած իտալերէն, բառացի կերպով կ՚ըսէ. «Մատթէոս Հայը, Էջմիածին քաղաքէն, խոնարհ աղերսարկու Ձերդ վսեմութեան, կը փափաքի տպագրել ստորեւ նշանակուած գիրքերը, իբր ծառայութիւն իր ազգին. ուստի շնորհք կը խնդրէ որ կարենայ Փրոփականտայի տպարանի մայրերը գործածելով՝ պատրաստէ հայկական գիրեր, եւ անոնցմով տպէ այն գիրքերը՝ որ անցեալին վաւերացուած եւ տպուած են Վենետիկի մէջ. Հայկական Սաղմոսարանը եւ Հայերէն երգեր (իմա «Յիսուս Որդի») [7] ։

Մատթէոսի այս աղերսագիրը ուղղակի կերպով նիւթ չէ եղած ՀՍ. ի նիստերուն. բայց աղերսագիրին ետեւ կը գտնենք ՀՍ. ի Քարտուղարին դիտողութիւնը, գրուած 15 Յունուար 1658ին. «Թող ներկայացնէ գիրքերը, որպէսզի վերաքննուին եւ ապա տրուի պատասխան մը»։

ՀՍ. ի Ժողովին կողմէ քննուած Սաղմոսարանը, որ տպուած է Վենետիկ՝ Յովհաննէս Մոլինոյէ, ինչպէս նաեւ Ս. Ներսէս Շնորհալիի «Յիսուս Որդի» գիրքին քննության ենթարկուիլը՝ անշուշտ անըմբռնելի էր Մատթէոսի համար, չըսելու համար գայթակղեցուցիչ։ Այս անակնկալէն անկախ, 3 Դեկտ. 1657ին արդէն քննութեան ենթարկուած էր տպագրական գիրերու հարցը, եւ որոշում առնուած էր (Յուլիս 31ին), պատրաստել նոր գիրեր, ՀՍ. ի Ժողովի ծախսով, որպէսզի անոնցմով Հռոմի մէջ տպուին Մատթէոսի փափաքած գիրքերը։ Նոյն օրուան արձանագրութեան մէջ կը կարդանք՝ թէ Կղեմէս Կալանոս անդրադարձնել տուած է ՀՍ. ի Քարտուղարին՝ թէ Մատթէոս դժգոհ մնալով ՀՍ. ի այս որոշումէն, հետամուտ է շինել տալու հայկական գիրերու հայրեր եւ մայրեր՝ Հռոմէն դուրս փոխադրելու համար։ Կալանոս, վնասակար նկատելով այս արարքը, կը խնդրէ որ իմաց տրուի ՀՍ. ի քարտինալներուն, որոնք միաբերան կ՚որոշեն՝ «Արգիլուի», այսինքն՝ Մատթէոս չկարենայ շարունակել իր սկսած գործը [8] ։

Մինչ այս Տէր՝ Զաքարիա Ակամ խնդրանք կը ներկայացնէ Ս. Ժողովին, որպէսզի իբր գրաքննիչ՝ ամսականը 2 սկուդէն բարձրանայ 3ի։ 11 Ապրիլ 1658ի նիստին ՀՍ. ի Քարտուղարը գովասանքով կը խօսի Զաքարիայի մասին, իբր լատինագէտ եւ մանաւանդ հայագէտ, որու նմանը Հռոմի մէջ անկարելի է գտնել, եւ որ ՀՍ. ի Ժողովին պատուէրին վրայ՝ այժմ կը քննէ Սաղմոսարանն ու Յիսուս Որդին. եւ որով ընդունելի կ՚ըլլայ խնդրանքը եւ ամսականը կը բար/83/ձրանայ երեք սկուդի։ Բայց թէ ե՞րբ աւարտած է գրաքննութիւնը եւ ի՞նչ եղած է քննութեան արդիւնքը՝ անծանօթ կը մնայ մեզի։

Այս անյաջողութիւններուն դիմաց, Մատթէոսի միակ յոյսը կը մնար՝ դիմել բարձրագոյն անձնաւորութեան, այն է Պապին, որ նոյն օրերուն էր Պօղոս Դ. ։ Միշտ իտալերէն լեզուով եւ անթուական, Մատթէոս կը շարադրէ ընդարձակ աղերսագիր մը, որը պարունակութիւնը կը համառօտէ իր ամբողջ պատմութիւնը։

«Սրբազան Հայր

«Մատթէոս, Հայ կաթողիկէ սարկաւագ, նօտար Հայոց Կաթողիկոսին, ջերմ եռանդ աղերսարկու Ձերդ Սրբութեան, խոնարհաբար կը ներկայացնէ իր կացութիւնը։ Սա, երեք տարի առաջ մեկնած է իր հայրենիքէն, իր Կաթողիկոսէն ղրկուած է Վենետիկ, տպագրելու համար հայերէն գիրերով Ս. Գիրքը եւ ուրիշ գիրքեր, ինչպէս նաեւ շինել տալու հայկական գիրեր՝ հետը տանելու համար Հայրենիք, վերոյիշեալ նպատակներուն համար: Սակայն նոյն քաղաքին մէջ չգտնելով յարմար գիրեր՝ եկած է Հռոմ, վստահ ըլլալով թէ հոս պիտի կարենար գտնել քաջ վարպետներ, տպագրիչներ եւ յիշեալ գիրերը պատրաստողներ։

«Ինը ամիս է եւ աւելի որ ան կը գտնուի Հռոմ։ Այս ժամանակամիջոցին դիմեց ՀՍ. ի Ժողովին, որ զինքը ինը ամիս զբաղեցնելէ յետոյ՝ չուզեց տալ անոր ուրիշ հրաման, եթէ ոչ Հռոմի մէջ տպել կարգ մը գիրքեր, բայց մերժեց գիրերը հետը տանելու հրամանը։

«Այս պատճառին համար, աղերսարկուն, բոլոր խոնարհութեամբ կը խնդրէ Ձեր Սրբութենէն, որ հաճիք թոյլ տալ՝ ո՛չ միայն Հռոմի մէջ U. Գիրքն ու ուրիշ գիրքեր հայերէն լեզուով տպելու, այլ նաեւ կարենայ, իր ծախսով, շինել տայ գիրեր, ու հետը տանի Ֆիրենցէ, Վենետիկ եւ Հայաստան, հոն տպելու համար գիրքեր, ի նպաստ կաթողիկէութեան։ Անցեալին նման շնորհք ըրած է նաեւ բարեյիշատակ Ուրբանոս Ը. Պապը, սակայն այսօր գիրերը հինցած եւ տձեւ ըլլալով՝ ներկայիս կը փափաքուի շինել լաւագոյններ» [9] ։

Եթէ ընդունինք որ 1657ի Յուլիսին է որ Մատթէոս հասած է Հռոմ, ինը ամիս ետք, Ապրիլին կամ Մայիսին (1658) գրուած ըլլալու է այս աղերսագիրը։ Առհասարակ Պապերու խնդրագիրները կը յանձնուին ՀՍ. ի Ժողովին, որպէսզի քննուի, սակայն ՀՍ. ի նիստերու արձանագրութիւններուն մէջ՝ ոչինչ կը գտնենք այս ուղղութեամբ։ Նոյն աղերսագրին ետեւ կայ ՀՍ. ի Քարտուղարին համառօտ մէկ ակնարկը, 1 Հոկտ. 1658 թուականով։ «Քարտինալ Բրանկաչիօ (թող խօսի) Նորին Սրբութեան հետ»։ Արդեօք մինչեւ այդ թուա/84/կանը, Մատթէոս դեռ Հռո՞մ էր, թէ իր մեկնելէն վերջ` խնդրագիրը քննութեան ենթարկուած է։ Չունինք պատասխան. այսքանը որոշ է որ Մատթէոս կը պատրաստուի մեկնիլ Հռոմէն, ու 6 Օգոստ. 165-ին՝ կը ներկայացն է նոր աղերսագիր մը, ուղղուած ՀՍ. ի Ժողովին, խնդրելով որ իրեն տրուին Փրոփականտա տպուած կարգ մը գիրքեր, այսինքն՝ երկու օրինակ Աւետարան, արաբերէն լեզուով, բառարան մը, Այբբենարան մը եւ քերականութիւն մը՝ վրացերէն լեզուով [10] ։

Երկու տարի Վենետիկ ու Հռոմ գործի մը հետապնդելէ յետոյ՝ Մատթէոս Ծարեցի առանց ոչինչ եզրակացնելու՝ կը մեկնի Հոլանտա, սկիզբ տալու համար իր գործին։ Այսօր, որ պատմութեան կը նայինք քննադատական աչքով, պիտի ըսենք որ Մատթէոս սխալած էր այս ճամբան ընտրած ըլլալուն համար, որովհետեւ անկարելի էր որ Հռոմ զիջանէր իր խնդրանքին, ոչ թէ հայ ըլլալուն եւ կամ դաւանական հարցերու համար, այլ որովհետեւ Հռոմի սկզբունքն էր՝ անձամբ հսկել տպագրութիւններուն վրայ, եւ թոյլ չտալ որ ազատօրէն տպագրութիւնը ընդհանրանայ եկեղեցական գիրքերու, ու տպագրութեան հետ տարածուի հերետիկոսութիւնն ու ոչ կաթողիկէ սկզբունքներ։

Հռոմ այս կերպով գործած էր անցեալին, նոյն դիրքով մնաց Ծարեցիի հետ. բացառութիւն մը ըրաւ Յովհաննէս Անկիւրացիի՝ թոյլ տալով որ Հռոմ սրբագրուած Սաղմոսարանը տպուի Վենետիկ, Փրոփականտայի գիրերով, եւ տեսանք թէ ինչպէս մտահոգ էր որ Մոլինոյի մահէն ետք՝ գիրերը դառնային Հռոմ։ Յովհաննէս Վրդ. Ջուղայեցիի մասին անդրադարձած ատեն՝ տեսանք որ իրեն ալ մերժուած էր, 1642ին, Հռոմի մէջ շինել տրուած հայերէն գիրերը փոխադրել Լեհաստան։ Նմանապէս 1640ին, Պօղոս Պիրոմալիի նոյն մերժողական պատասխանը տրուած էր, երբ կը խնդրէր Հռոմէն Լեհաuտան տանիլ Փրոփականտայի հայկական տպագրական գիրերը, հոն իր բառարանը տպելու համար։ 1651ի Սեպտ. 30ին, Վենետիկի Արքեպիսկոպոսը ՀՍ. ի Նախագահին կը գրէ թէ քաղաքին մէջ ազնուական հայ մը կուզէ վերատպել Հռոմ տպուած Ս. Բելլարմինոսի Քրիստոնէական վարդապետութիւնը (տպ։ 1630) եւ Պատարագամատոյցը (տպ. 1642), եւ առ այս կը խնդրէ Հռոմի հաճութիւնը [11] ։ ՀՍ. ի Ժողովը 30 Հոկտ. 165-ի նիստով հաւան կը գտնուի վերատպութեան, պայմանով, որ հայերէնին հետ միասին տպագրուի իտալերէն բնագիրը ու կրկին սրբագրուի, որպէսզի ոչ մէկ տպագրական վրիպակ ներս մտնէ, եւ ամէն կերպով նման ըլլայ Հռոմ տպագրուած օրինակին [12] ։

/85/ Հռոմի խիստ դիրքը, հանած արգելքները եւ ձեռք առած դարաւոր զգուշութիւնները գուցէ նախախնամական դեր մը ունէին մեր ազգի պատմութեան համար։

Ամսդերտամ տպուած առաջին գիրքերու արձագանգը

Մատթէոս Ծարեցի կը հաստատուի Ամսդերտամ եւ պողպատեայ կամքով կը սկսի գործի։ Գիտենք պատմութեան մանրամասնութիւնները, թէ ինչպէս Ծարեցի սկսած է տպել Յիսուս Որդին, եւ առանց տեսնելու գործին աւարտիլը՝ վախճանած է 1661 Յունուար 22ին, տպարանը կտակելով Էջմիածնի եւ Ս. Սարգիս վանքերուն։ Ոսկան Վրդ. իսկոյն Ամսդերտամ կը ղրկէ իր աշակերտը Կարապետ Անդրիանացի, որ կը շարունակէ Մատթէոսի կէս ձգած գործը։ Ոսկան Ամսդերտամ կը հասնի 1665 տարւոյն սկիզբը։ 1661–1664 տարիներուն Ամսդերտամի մէջ կը տպուին 1. Յիսուս Որդի (1660–1), 2. Սաղմոսարան (1661–2), 3. Ժամագիրք (1662–3), 4. Սաղմոսարան (1664), 5. Շարակնոց (1664–5), որոնց տպագրութեան լուրը շատ շուտով կը հասնի Հռոմ, որ իսկոյն ձեռք կառնէ զգուշութիւններ։

Այս նիւթին մասին արդեն իսկ գրուած ըլլալով [13] աւելորդ է ծանրանալ անոր վրայ կ՚աւելցնենք միայն մանր փաստաթուղթեր մը։

Երբ Ամսդերտամի մէջ տպուած էին առաջին երկու գիրքեր, Յիսուս Որդի, Սաղմոսարան, - ու նոր աւարտած էր երրորդը, Ժամագիրքը (12 Փետր։ 1663), չենք գիտեր ինչ ճամբով լուրը հասած Է ՀՍ. ի Ժողովին, որու Քարտուղարը պարտք կը համարի ձեռք առնել զգուշութիւններ, եւ 14 Փետրուար 1663ին կը գրէ Բրիւքսէլի Փոխ–նուիրակին՝ Girolamo Di Vecchiի. «Լսելով որ քանի մը հայեր կը ծրագրեն Ամսդերտամի մէջ տպել Աստուածաշունչը իրենց լեզուով, եւ Ժողովիս Քարտինալները արդար տարակոյսն ունեցան՝ որ չըլլայ թէ սխալներով լեցուն ըլլայ, ու յատկապէս իրենց աղանդին (setta) սխալներով, մտածելով որ այս բանը մեծապէս կրնայ վնասել հայոց մէջ կաթողիկէութեան տարածումին, պարտք դրին վրաս՝ դիմելու քեզի, որպէսզի դուն ձեւով մը, կաթողիկէ իշխաններու դեսպաններով կամ այդ երկրին Առաքելական Նուիրակին կամ անոր օգնականին ձեռքով, եւ կամ ուրիշ որեւէ միջոցով՝ արգիլել տաս» [14] ։

/86/ Բրիւքսէլի Փոխ–նուիրակը կը պատասխանէ 3 Մարտին (1663), խոստանալով գրել Հոլանտա՝ տեղեկութիւններ հաւաքելու համար, թէ արդեօք իրապէս հայերէն լեզուով Աստուածաշունչը տպագրուա՞ծ է կամ ոչ։ Նոյն նամակով կը խոստանայ ձեռք առնել ամէն միջոց՝ արգելելու ամէն տպագրութիւն, հակառակ երկրին օրէնքներուն՝ որ տպագրիչներուն կը շնորհէ ամէն տեսակ «տարօրինակ ազատութիւն» [15] ։

Բրիւքսէլի փոխ-նուիրակը կը դիմէ Հոլանտայի Առաքելական փոխանորդ Վան Նէէրքասսէլի, որ կը գտնուէր Ութրեխտ։ Նէէրքասէլ իր կարգին, կը դիմէ Ամսերտամի իր մէկ գրավաճառ բարեկամին, Blaeuի, որ քննելով կացութիւնը, 11 Մարտին՝ հետեւեալ տեղեկութիւնը կը հաղորդէ (լատիներէն) Նէէրքասսէլի. «9 Մարտ թուակիրդ ստացայ. որոշ էր որ հայ հերձուածողներ Ս. Գիրքէն մաս մը իրենց լեզուով թարգմանած ու տպած են։ Ես տեսայ երկու հատորները, ութածալ, սրբազան պատկերներով զարդարուած, մաս մը Հին եւ մաս մը Նոր Կտակարանէն։ Կը տեսնուի որ այս մարդիկը չարութեամբ կտրատելով ընտրած են Սուրբ Գիրքէն յարմարագոյն հատուածներ՝ իրենց սուտ վարդապետութիւնը տարածելու համար» [16] ։

Նէէրքասսէլ Blaeuի նամակը կը ղրկէ Բրիւքսէլի Փոխ–նուիրակին, որը կ՚ուղղէ նամակ մըն ալ՝ 27 Մարտին, գրեթէ բառացի կրկնելով Blaeuի գրածները, աւելցնելով. «Գրավաճառ Blaeu կ՚ըսէ թէ հայերը այդ տպուած հատորներէն իրեն ալ նուիրած են, ու կը պնդէ թէ հայերն են տպագրողը եւ ոչ թէ ինքը։ Սակայն կը կարծեմ որ ինքը ճշմարտութիւնը կը ծածկէ, ու ինք կատարած ըլլալու է տպագրութիւնը՝ ամօթ կը զգայ այդպիսի վատ գործ մը ըրած ըլլալուն համար»։ Նէէրքասսէլ նամակը կը փակէ՝ խոստանալով դեռ կարելին ընել կաթողիկէ հայերու եւ բելճիքացի վաճառականներու ձեռքով, որոնք առեւտուր ունին հայերու հետ, տարածելու լուրը Հայաստանի մէջ՝ թէ յիշեալ հատորները իրական Սուրբ Գիրքը չեն, այլ զիրենք խաբելու համար համադրուած էջեր [17] ։

Բրիւքսէլի փոխ–նուիրակը՝ Di Vecchi, 21 Մարտ 1663ին կը գրէ ՀՍ. ի Նախագահ Քարտ. Քիճիի, անոր ղրկելով թէ՛ Blaeuի եւ թէ Նէէրքասսէլի նամակներու օրինակները՝ աելցնելով. «Կրկին անգամ պիտի գրեմ (Նէէրքասսէլի), որ ձեռք առնէ՝ ո՛չ միայն իր նամակին մէջ յիշած միջոցները, այլ արգիլէ որ այդ գիրքերը Հոլանտայի սահմաններէն դուրս ելլեն, օգտագործելով այն միջոցները՝ որ ձեր նամակին մէջ թուարկած էիք» [18] ։

/87/ Նամակներու բազմութիւնը նիւթ կ՚ըլլայ ՀՍ. ի Ժողովի 5 Յունիս 1663ի նիստին, որու արձանագրութիւններուն մէջ ամփոփուած են նամակները պարունակութիւնը։ Այդ նիստով կ՚որոշուի. «Գրել Բրիւքսէլի Փոխ–նուիրակին, որ տպագրուածներէն օրինակ մը ղրկէ Հռոմ, որպէսզի քննուին ու սխալները հատորիկի մը մէջ ամփոփուելով՝ տպագրուին Փրոփականտայի տպարանը. յիշեալ հատորիկները ղրկուին Հայաստան, որպէսզի կաթողիկէները զգուշութեամբ կարդան այդ Աստուածաշունչները։ Նմանապէս թող կատարուին յատուկ ջանքեր, տեսնելու թէ կարելի՞ է առանց սխալի տպագրել Աստուածաշունչը, եւ Հայաստան ղրկուին նոյն նպատակով» [19] ։

4 Սեպտ. 1663ին ՀՍ. ի Ժողովը կրկին կը քննէ այս հարցը, ու արձանագրութիւններէն երեւան կու գայ որ Ամսդերտամ տպուած «Աստուածաշունչ»ին սրբագրութիւնը յանձնուած է Պիրոմալիի, իսկ Հռոմ տպագրելի Ս. Գիրքին համար Կղեմէս Կալանոս «կ՚ըսէ՝ թէ տարիներու գործ է, ինչպես տեսնուեցաւ արաբերէն Աստուածաշունչին տպագրութեան համար։ Վատն այն է՝ որ Հռոմի մէջ չկան հասու անձեր, որոնք տեղեակ ըլլան հայերէն լեզուին, մինչ արաբերէնի համար կը գտնուին շատեր»։ Ժողովին եզրակացութիւնը կ՚ըլլայ. «Որքան կարելի է՝ Պիրոմալի փութով աւարտէ սրբագրութիւնները, որպէսզի տպագրուելով ղրկուին Հայաստան» [20] ։

Ոսկան Վրդ. ի Հռոմ գտնուած շրջանին ալ Ամսդերտամի հայ տպարանին մասին աննպաստ վկայութիւն մը կը հասնի Հռոմ։ Կղեմէս Կալանոս, որ 1663ին Հռոմէն գացած էր Լեոպոլիս, 4 Սեպտ. 1664ին կը գրէ Հռոմ, Գերպ. Ալպերիչիի. «Կ՚ուզեմ ձեզի իմացնել թէ հայեր Ամսդերտամէն Լեոպոլիս բերին իրենց լեզուով, սովորական սխալներով, տպագրուած գիրքեր, այսինքն Նոր Կտակարան, Սաղմոսարան, Տօնացոյց եւն. եւ կ՚ըսեն թէ Ոսկան հայ Եպիսկոպոսը, այն որ ներկայիս Հռոմ կը գտնուի, Լիվոռնոյէն Ամսդերտամ ղրկած ըլլայ իր աշակերտը (Կարապետ Վարդապետ), որպէսզի այդ գիրքերը տպէ» [21] ։ ՀՍ. ի Ժողովի քարտուղարը կը պատասխանէ Կալանոսի՝ 10 Յունուար 1665ին, ցոյց տալով քարտինալներու հաճութիւնը նման լուր մը իրենց աւանդուած ըլլալուն համար, ու կը թելադրէ Կալանոսի, որ իբր միակ հմուտ անձ, ձեռք ձգէ այդ գիրքերէն մէկական օրինակ, ուշադրութեամբ կարդայ, նշանակելով սխալները, եւ արդիւնքը իմացնէ Ս. Ժողովին [22] ։

/88/ Ս. Գրքի տպագրութիւնը եւ անոր անհրաժեշտութիւնը հրամայական դարձած էր հայերուն համար, միշտ աւելի կը հասուննար գաղափարը եւ կ՚ընդհանրանային խօսակցութիւնները։ Գաղափարը անշուշտ ծայր տուած էր ազգին հոգեւոր գլուխներէն, կաթողիկոսներէն, որոնցմէ վերջինը Յակոբ Ջուղայեցի, որ ճիշտ այս նպատակով Մատթէոս Ծարեցին ճամբայ հանած էր, ու անոր մահէն յետոյ Եւրոպա պիտի ղրկէր Ոսկան Երեւանցին։

Հետաքրքրական է նաեւ հետեւեալ անցքը։ Ոսկան դեռ նոր Լիվոռնոյ ոտք դրած, Վենետիկի լատին Նուիրակը, 10 Մարտ 1669ին կը գրէ ՀՍ. ի Նախագահ Քարտինալ Քիճիի, թէ ամէն տարի Վենետիկ կը հասնին 180ի չափ հայ վաճառականներ, որոնցմէ 80ը կամ 90ը հաստատուն են քաղաքին մէջ, որոնց համար պետք է հոգեւոր հովիւ մը. «... առիթ առած կ՚ուզեմ հաղորդել ձեզի, թէ հայ ազգին հարցերու քաջատեղեակ անձեր՝ խորհուրդ կու տան, որ եթէ հոս քաղաքս հաստատուի հայկական տպարան, մեծապէս կրնայ օգտակար ըլլալ անոնց հոգեկան բարիքին, մանաւանդ որ իրենց Կաթողիկոսը՝ հետամուտ է որ հոս եւ կամ Հոլանտա տպագրուի Ս. Գիրքը, որը պատրաստ է օգնել նաեւ դրամական կերպով» [23] ։

Վենետիկի նուիրական նամակը կը զեկուցուի ՀՍ. ի Ժողովի 10 Ապրիլ 1663-ի նիստին, ու տպարանի առնչութեամբ կ՚որոշուի. «Վենետիկի մէջ հայերու համար տպարան չբացուի, որովհետեւ կրնան դիւրաւ տպել հերետիկոսական գիրքեր» [24] ։

Ի՞նչ է այս բոլոր շարժումներուն եւ որոշումներուն եզրակացութիւնը, ի՞նչ պետք է հետեւցնել այս բոլոր մտահոգութիւններէն։ Տպագրութիւնը նոր ընդհանրացած ըլլալով, Հռոմի ՀՍ. ի Ժողովը, որու պաշտօնն էր աշխարհի վրայ տարածել կաթողիկէ վարդապետութիւնը, կը հսկէր որ չտարածում էին ոչ–կաթողիկէ սկզբունքներ, եւ որով ամենափոքր տարակոյսի պարագային, ամէն միջոց ձեռք կ՚առնէր խափանելու ամէն ձեռնարկ։ Պատմութիւնն ալ ցոյց կու տայ որ Հռոմ իր տրամադրութեան չունէր հայագէտներ, եւ որով տգիտութեան ու տարակոյսի մէջ՝ Ժամագիրքը կը շփոթուէր Ս. Գիրքին հետ։

Ու անգամ մը եւս ՀՍ. ի Ժողովը կը հասնի եզրակացութեան, թէ Հռոմի մէջ պէտք է անպայման սկսի Ս. Գիրքի տպագրութիւնը, առաջքն առնելու համար անհատներու ազատ փորձերուն, որ ամենեւին հաճոյ չէր կրնար ըլլալ Հռոմի։ Սակայն փափաքը բաւական չէր՝ երբ զուրկ էր անոր հասնելու միջոցներէն։



[1] ԻՇԽԱՆԵԱՆ Ռ., Հայ Գրքի Պատմութիւն, Հտ. Ա., Երեւան, 1977, էջ 410–411։

[2] Lettere volgari, vol. 31, fol. 22.

[3] SOCG, vol. 182, fol. 223.

[4] Acta, vol. 26, fol. 209, n. 11.

[5]     Acta, vol. 26, fol. 245, n. 3. Համապատասխան հատորներու մէջ կը տեսնենք որ Ս. Ժողովէն ոչ մէկ նամակ գրուած է Վենետիկի Առաքելական Նուիրակին. շատ հաւանաբար որովհետեւ տարի մը առաջ նոյն հարցով գրուած էր եւ ստացուած ժխտական պատասխան։

[6]     SOCG, vol. 315, fol. 255.

[7]     SOCG, vol. 315, fol. 254.

[8]     Acta, vol. 26, fol. 571-2, n. 4.

[9] SOCG, vol. 223, fol. 9.

[10] SOCG, vol. 225, fol. 27.

[11] SOCG, vol. 292, fol. 440.

[12] Acta, vol. 20, fol. 113, n. 19.

[13] Rome et la Bible Arménienne d'après la correspondance de J. -B. Van Neercassel. («Revue des Etudes Byzantines», 1958, t. XVI, p. 172-182). Յօդուածին հայերէն թարգմանութիւնը կատարած է Հայկ Պէրպէրեան, տե՛ս Հանդէս Ամսօրեայ, 1966, թիւ 7-9, էջ 337-352։ Տես նաեւ ԱՄԱՏՈՒՆԻ ԳՐՊԾ. Կ., Ոսկան Վրդ. Երեւանցի, էջ 150–155։

[14] Lettere volgari, vol. 44, fol. 126.

[15] SOCG, vol. 223, fol. 147.

[16] SOCG, vol. 223, fol. 161. Նամակը բնագիր չէ, այլ օրինակութիւն մը։

[17] SOCG, vol, 223, fol. 161.

[18] SOCG, vol. 223, fol. 159.

[19] Acta, vol. 32, fol. 129, n. 18.

[20] Acta, vol. 32, fol. 209, n. 17.

[21] SOCG, vol. 225, fol. 190-191.

[22] Lettere volgari, vol. 52, fol. 7.

[23] SOCG, vol. 223, fol. 151 +156.

[24] Acta, vol. 32, fol. 90, n. 16.