Յուշիկք հայրենեաց Հայոց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

  25 Ապրիլի 775.

«ՅԱԿՈՒՆՍ Եփրատայ, ի ծաղկազարդ վայելչութիւնսն», ըստ սրբազան երգչին, ի ծմակս Ծաղկոտան եւ ի բարձրավանդակն Բագրեւանդայ, հրաւիրեն զմեզ այսօր հայադիր յիշատակք: Ի՞նչ գեղեցիկ հովիտ, մանաւանդ թէ ի՞նչ ընդարձակ դաշտ` լցեալ զարդուք բուսաբերութեան. զոր կու սնուցանեն հարիւրաւոր ականակիտ վտակք, իջնելով ի կողից այրարատեան լեռնաշարից եւ Աղթամարայ պարատափին. որք ամեն կողմանէ շրջապատեալ ձեւացընեն այս ձուաձեւ եւ տաշտանման հովիտս, իբրեւ 90 մղոն երկայն արեւելքէ յարեւմուտք, եւ 30 մղոն լայն ի հիւսիսոյ ընդ հարաւ. եւ ժողովելով ի գոգավայրն եւ խառնելով ընդ գլխաւոր վտակին` կու գետանան կ՚ըլլան պայծառն Արածանի, որ է արեւելեան օժանդակ եւ զուգակից եդեմաբուղխն Եփրատայ, որ ի Բարձր Հայոց ի գագաթէն Կարնոյ կ՚իջնէ, եւ երկուքն այլ ի համանուն Ծաղկի լեռներէն: Եթէ այս մեծ տաշտաձեւիս հարաւային շրթունքն, այսինքն Ապա­հու­նեաց (Մէլազկերտ) եւ Ծաղկոտան (Խամուր, Տիատին) լերինքն` ճեղ­քուե­լով անցք մը չտային Արածանւոյ, անշուշտ գեղեցիկ եւ քան զԱղթամար ընդարձակ ծո­վա­լիճ մը կ՚ըլլար Բագրեւանդ. եւ թերեւս երբեմն այնպէս այլ եղած ըլլալը ստու­գեն մեզի երկրաբանք: Բայց դու, Հայկակ, դու հոս գուցէ աւելի ծաղկա­հան կ՚ուզես ըլլալ քան երկրաբան. այս հովիտներուս մէջ մտած ատենդ` Շա­հա­պի­վանը կու փնտռես. մեր հին նախնեաց հետ կու փափագիս նաւասարդի աշ­խար­հախումբ հանդէսները կատարել. բայց դեռ իրեք չորս ամիս կայ այն տօ­նե­րուն. ուրիշ անգամ այլ կու գամք ի Բագրեւանդ, որ ոչ սակաւ յիշատակներ ու­նի: Բայց քանի մը ամսէ ետեւ ամառուան տաքուն` հիմկու ծաղկանց դալա­րու­­թիւնը չեմք գտներ. թէ եւ այն ատենն այլ ունի իր լեռնաբուսիկ գոյնզգոյն ծաղկներն:

Հիմայ գարնան ծաղկունքն ծածանին փնջիկ փնջիկ, թռչունք ձայնեն մանրամնչիկք, ջրերն կրկըջան զովիկ զովիկ. ո՜ւր էր թէ ազգային գուսնակ մ՚այլ երգէր մեզի զգարուն: - Չեն պակսեր գարուն երգող Հայ գուսանք, ձեռնաւորք եւ մշակք, սրբամօրուս պաշտօնեայք, պատրիարքք եւ կաթողիկոսք անգամ. այսքան զգալի եւ շօշափելի բնութեան եւ վայրաց գեղեցկութիւնն` գրեթէ հարկաւ երգիչ եւ բանաստեղծ ըրած է զանոնք, գոնէ գարուն գովելու համար. բայց Կոստանդին Երզնկացին, իսկաշնորհ, իսկատիպ գուսան 550 տարուան, յանձն չառնուր ասանկ դրսէն դրդեալ քերդող ըլլալն, այլ տեսիլք տեսնելով, լոյս տեսնելով առեր է այդ շնորհքը.

«Այնպէ՜ս որ, կ՚ըսէ, ես ի յիմ խօսից շարելըն զարմացայ»:

Եւ այսպէս կ՚երգէ զգարուն.

Մեծ գոհութիւն, հարիւր հազար,

Մեզ աւետիք է նոր հասել.

Եւ մեզ շընորհք յերկնաւորէն

Յերկնից յերկիրս ի մեզ հոսել:

Երկիր է լի մութն եւ մըլար,

Սառն էր կապել եւ պաղ ու քար.

Հանց որ չըկար բոյս մի դալար.

Հիմի` ինք նոր է զարդարել:

Ձըմեռըն բանդ էր եւ խաւար.

Գարուն եհաս ու նոր բահար,

Ի էառ ի մէնջ գիշերն աւար.

Զի արեգակն է մեզ ծագել:

Երկիրս է մայր աննըմանի,

Զինչ գեղեցիկ իրք` ծընանի,

Շատ բարութիւնք յինք սընանի.

Հանց որ փռին գեղեցկացել:

Երբոր հնչեց հողմըն հարաւ`

Զինչ տրտմութիւն` յերկրէ տարաւ.

Հանց որ չըկայ տեղ մի ծարաւ.

Ամենն են բարութեամբ լըցել:

Հեզ որոտաց ամբ ցօղաբեր.

Կամար կապի յերկինս ի վեր,

Հոսէ յերկիր ահեղ գետեր.

Հաւսար զերկիր են արբուցել:

Է հարսանիք տիեզերաց,

Է ցընծութիւն պտղաբերաց.

Գոյնըզգոյնով ցեղք ի ցեղաց

Ծաղկունք զերկիր են զարդարել:

Ծովըն դըրուրդ առնու սիրով,

Խաղան զեռունք յերկիր ու ի ծով.

Ակունքդ յորդոր գան պաղ ու հով`

Եւ ի քարէն յառաջ բղխել:

Ահեղ գոչեն գետերս յոլով

Յորդ ի լերունքս ի վայր գալով,

Գան ման ի ման ծաւալելով.

Սիրով ի ծովն երես դըրել:

Խաղան եղունք եւ այծեմունք,

Իջնուն ի դաշտ ւ յաղբիւրակունք,

Երէվայրիք եւ անասունք

Ի կապանաց են արձակել:

Հաւերըդ գան քաղցըր ձայնով

Ծիծեռն ի հետ սաղմոսելով.

Գայ արտուտիկըն կարդալով,

Զառաւօտուն է բարբառել:

Աճումն առնուն եւ ծընանին

Հաւք ու գազանք ւ երէվայրին:

Ձագօք հաւերտ ելնեն պարին,

Ի են միաբան երամ կապել:

Ծաղկունքըն գան եւ ժողովին

Ի բուրաստան ւ ի բաղչանին.

Մէկ մի մըտել ի մէջ ծովին,

Տեսն է դեղին ւ յերեր կացել:

Բլբուլն եհաս շաքարբերան,

Աւետաբեր մեծ յարութեան.

Վարդին եհար կանանչ վըրան

Որ գայ բազմի զերդ հուր վառել:

Երբ բլբուլի եւ վարդի խօսք բացուի` երգն շատ կ՚երկըննայ. ապրի՜ Կոստանդին` մեր երգիչն. բայց հիմա հանգչի քնարն, հանգչին ծաղկունքն այլ. վասն զի յանկարծահաս հովու մը պէս օրուանս յիշատակն կ՚անցնի հովտէս, եւ կ՚այլագունէ զգարուն: Դաշտիս երկու ծայրերէն կու լսուի խոր դղրդիւն մը, ոտնաձայն մը, ահեղ շշնկոց մը. լերանց գլխէն փոշէխառն ամպեր կ՚ելնեն, անոնց մէջէն ճերմակ փայլակներ. արեւմուտքէն եկածն դիմացի արեւուն ճառագայթներովը վառվըռած արծաթէ հեղեղ մը կու նմանի, որ Բարձր Հայոց դարերէն փութափոյթ թնդալով կու թափի հոս. արեւելեան կողմէն եկածն աղիւսագործաց հնոցէն ելած սեւ ծուխերու պէս կու ծառանայ ու կու ցածնայ Ասոնք յիրար չմօտեցած` մենք մօտենանք պատմութեան ճամբով. անցնինք հազարով տարիներ, այսօրուան ամսակէտին հետ զուգենք տարէկէտն այլ, Քրիստոսի 775 թուականն:

Այս նշանակեալ տարիս` վերջին տարի է կենաց եւ իշխանութեան երկու մեծ ինքնակալաց, որք մէջերնին բաժնած են արեւելքի բաղդը կամ դժբաղդութիւնը: Մէկն է Կոստանդին կայսրն, անուանի իր պատկերամարտութեամբ եւ մոլութեամբ, որոց յարմար ստացած գարշելի անունը` պահէ մինչեւ ցայսօր, Կոբրո Նիմոս. (…….. ): Պուլկարաց եւ պատկերաց հետ կռուելէն` ատեն չունէր արեւելք հոգալու եւ պաշտպանելու հպատակները, որոց մէջ սեպուէին եւ մասն մի Հայոց: Իսկ մէկայլն է Էպուսճաֆար Ապտ-Ալլահ Էլ-Մանսուր, զոր պատմիչք մեր Ջափր անուանեն, խալիֆայ Արաբացւոց, որ ամիրապետութեան հին աթոռը փոխադրեց ի նորոգեալն Բաղտատ (763), եւ Կորբոնիմոսի թուլութիւնը տեսնելով` իր բռնութիւնը տարածեց ինչուան ի Կիւլիկիա, որով Մեծ եւ Փոքր Հայք այլ ընկան իր ընչաքաղցութեան եւ անգթութեանց տակ. որոց համար շատ մեղադրուած է բնիկ եւ օտար պատմիչներէ. վասն զի համառօտ ըսելով, իր 21 տարուան ու 4 ամսուան իշխանութեան ատեն վեց հարիւր հազար մարդ ջարդել սպաննել տուաւ, կ՚ըսեն. որոց մէջ անշուշտ քանի մը բիւր այլ ազգակից պէտք է ողբալ: Այդպիսի ամիրապետ մը ունող ամիրայք` անկէ գթասիրտ չէին կրնար ըլլալ: Իր իշխանութեան ատեն Հայաստանի ոստիկանաց մէջ (վասն զի այսպէս կ՚անուանէին յԱրաբացւոց եկեալ կուսակալքն) ամենէն գլխաւորն է Աբդլլա, եղբայր համանուն նախորդ ամիրապետին, որ ընդհանուր Պարսից եւ Հայոց կողմանց մեծ կողմնակալ էր. եւ ուրիշ կամահաճոյ հրամաններէն զատ` այս այլ դրաւ իր հպատակացը, որ մօրուքնին ածիլեն, եւ գլուխնին կանգուն ու կէս բարձր խոյր մը դնեն. այս եւ ասոր նման պատուէրքներով կու գային ի Հայս ոստիկանք եւ հարկահանք. (ինչպէս Սուլէման, Զալեհ, Ռուհ, Մուսէ, Մուհամմէտ, Եզիտ, Պէքիր` Բաքար ըստ մեր պատմչաց). որք այնչափ կեղեքեցին աշխարհնիս, մինչեւ շատերն փախչելով գետնի տակ եւ քարայրներու մէջ պահուըտէին: Ժամանակին հոգեւոր տէրն` Տրդատ կաթողիկոս, եւ Հայոց ազգային հոգաբարձուն Սահակ բագրատունի` շատ անգամ բողոքեցին Աբդլլայի. իսկ նաոստիկանները կու փոխէր, բռնութիւնը կու թողուր: Այսպէս յետ վերոյիշեալ Եզիտաց եւ Պէքիրաց` խաւրեց (770) զՀասան-Իպն-Քահդապա (որդի Կահադրայ` ըստ մերոցս), որ հետը բերաւ խորասան պարսիկ անկարգ գունդ մը, որոց ըրած չարութիւններէն քանի մը յիշելով ժամանակակից եւ ականատես պատմիչն (Ղեւոնդ), զզուելով կ՚ըսէ. «պատմել ոչ կարեմք զաղէտից պատմութիւն». մեք այլ այնպէս ընեմք, որ արցունքով չիթօշնին ապրիլի ծաղկըներն: Բայց ի՞նչ ընէ խեղճ ժողովուրդն, որ ունեցածը բռնահան հարկահանաց տալէն ետեւ` չունեցածն այլ տալու համար կու ծեծուի, կու կախուի, սառուցեալ լճից մէջ կու ձգուի. ի՞նչ ընէ հին հայութեան մնացած զինուորութիւնն, որ իր եղբարց դառն հեծութիւնը կու լսէ. ի՞նչ ընեն Խրամի եւ Նախջուանի եկեղեցեաց մէջ այրած նախարարներէն մնացեալ ճիռ իշխաններն` որ իրենց սեփական պայազատութիւնը այսպէս տակն ու վրայ կու տեսնեն. ի՞նչ ընեն մանաւանդ մեծասիրտ Մամիկոնեանքն` Արտաւազդ եւ Մուշեղ, որդիք Հմայեկայ եւ Հրահատայ. միթէ վիրաւորեալ առիւծուց նման միայն մռնչե՞ն իրենց աչաց առջեւ անապատացեալ հայրենեաց վրայ: - Չէ, այսպէս չըրին. այլ յուսահատութեան մռունչ մը զայրագին սրտիւ, իրենց սրտակցաց ու պատուակցաց ձայն տուին. որք, ըստ ասելոյ պատմըչին, «եդին զոգի ի ձեռն իւրեանց, եւ ձեռնամուխ եղեն յիրս` զոր ոչ կարէին վճարել, վասն զի նուազունք էին. այլ սակայն լաւ համարեալ զմահ քաջութեամբ` քան զկեանս վտանգաւոր, ձեռնամուխ եղեն»: Նախ եռանդունն Արտաւազդ, անվախ, բայց եւ ոչ առանց խորամանկութեան իրեն հին նախնոյն` Գայլ-Վահանայ, յանդգնօրէն գնաց ի մայրաքաղաքն Հայոց` ի Դուին, ուր արաբացի ոստիկանին փոխանորդ զօրավար մը նստէր, եւ գրեթէ անոր աչաց առջեւ իր սակաւաթիւ գունդը ժողովելով` սկսաւ զինքը զրահել պատերազմական պատրաստութեամբ, համբաւելով` թէ թշնամեաց դէմ պիտի երթայ: Արաբացի զօրավարք` իրենցմէ հաւատարիմ կարծելով զնա, միանգամայն եւ չուզելով իրենք զիրենք վտանգել, թերեւս օգնեցին այլ զինքը զինելու. եւ իբրեւ յառաջամարտիկ գունդ բանակի` թողուցին իրենցմէ զատուելու: Արտաւազդ մէկ մ՚որ խաբուած բանակին բազմութենէն դուրս ելաւ, մէկէն վազեց դէպ ի հիւսիս` Շիրակ գաւառ, անկէ Վրաց ամուր եւ ազատ կողմերը երթալու. այն ատեն այս գաւառս դեռ իր Անի բերդը իշխանանիստ չէր ըրած, այլ կ՚երեւի թէ հիմակուան Ռուսաց իշխանանիստ եւ ամուր բերդաքաղաքն Կիւմրի` էր գլխաւոր աւան մը, ուր անիրաւ հարկահան մը նստէր: Արտաւազդ անոր շատ անիրաւութենէն թերեւս ոչ շատ պակաս անիրաւութեամբ մը վրէժ պահանջեց. սպաննեց. եւ ժողոված ստակները յափշտակելով գնաց Վրաց կողմը, միաբանեալ իշխանազանց հետ մէկտեղ: Արաբացւոց աչքերն բացուեցան. մէկէն նախնի ոստիկաններէն մէկը զօրապետ դնելով եւ իրենց ծառայութեան մէջ եղող Հայոց սպարապետ Սմբատն այլ մէկ տեղ ասած` Արտաւազդայ ետեւէն ընկան, ինչուան Ախըլցխայի կողմերը յարձըկելով. բայց հազիւ քանի մը կտոր բան կրցան աւարել, եւ յետ դարձան. վասն զի Արտաւազդեանք ինչուան Եգերացւոց երկիրը (Աճարա) գացին, եւ այն տեղւոյն ու մօտի Վրաց գաւառաց տիրեցին: Իսկ Իպն Քահդապա ոստիկանն` ուրիշ բան չկրցաւ ընել, բայց եթէ առջի անգութ հնարքը բանեցընել. այսինքն` դարձեալ ամեն դի հարկահաններ ղրկել. որք պժգալի պիծակներու պէս ելան ժողովրդեան մնացեալ վաստակը ուղեւծուծը քամելու. բայց այս անգամ շատ չյաջողեցան: Վասն զի եթէ Արտաւազդայ հեռու էր, մօտ էր Մուշեղ. որ նախ իր երկիրներուն մէջ մտածները հալածեց, եւ բռնութիւն ընողներն այլ բռնաբար սրով դատեց. եւ պահ մը իր ընտանիքը Երասխաձորոյ մօտ Արտագերից ամուր բերդը ապահովցընելով, ելաւ անկէ 60 կտրիճ առած հետը, մտաւ այս մեր եղած Բագրեւանդայ գաւառը, ուր Էպու-Մճուր` փոխանակ հեզաբար ծաղիկ քաղելու բռնաբար հարկ կու պահանջէր. զնա այլ անոր մարդիկներն այլ կոտրելով` փոթորկի պէս յառաջ անցաւ. իսկ ծխահալած պիծակներն` ահով դողով սկսան ծակերու մէջ քաշուիլ. որով համարձակութիւն առին նեղեալ եւ լլկեալ փախստականք Հայոց` գալու եւ Մուշեղայ պզտիկ գնդին քառնուելու. որուն համբաւն եւ սարսափը չորս դի տարածեցաւ. բայց զօրաց քիչուորութիւնն այլ իմանալով` ոմանք ի թշնամեաց սիրտ ըրին մէկէն վրան հասնելու եւ թերեւս մէկ հարուածով վերցընելու իրենց արգելք եւ սատակիչ եղողը: Բայց այնպէս գազանացեալ Մամիկոն մը բռնել` շատ դժար եւ վտանգաւոր փորձ էր: Այսպէս փորձեցին նախ 200 արաբացի պատերազմողք, որք Կարնոյ քաղքէն (Էրզիրում) ելան, աղէկ զինուած եւ զրահուած, իջան ի Բասեն, գալու ի Բագրեւանդ. գիշերը վրայ հասնելով` մտան Խարս գիւղը, (թերեւս Մժնկերտոյ մօտ), եւ անոր այգեստանեայց մէջ փռուեցան. այգեաց պատերը իրենց պատնէշ կարծելով: Իմացաւ Մուշեղ, եւ հետը քանի մը կտրիճ առած` գիշերանց հասաւ հոն. եւ որովհետեւ այդ պատերը հիւսած չէին` այլ միայն քար քարի վրայ դիզած` ցանկի մը պէս, անոնց տակ նստող եւ պառկողներուն վրայ փլուց. հոն կապուած ձիանն այլ խրտելով սկսան իրենց տէրէրը կոխկըռտել, գիշերուան, ձիերուն, պատին փլչելուն շփոթութեան հետ մէկտեղ` ներս թափեցան Մուշեղեանք: Եղածն յայտնի է. թերեւս ոմանք յայլազգեաց կրցան` մերկ կողոպուտ փախչիլ ազատիլ, բայց շատերն այն քարերուն տակ քնացան, մնացին:

Հազիւ քիչ մ՚ատեն կրցաւ Մուշեղ հանգիստ առնուլ իր ամրոցը, վասն զի այլազգեաց աղաղակն կու գոռար. Դըւնայ կողմնակալ զօրավարն իր պահապան զօրաց մէջէն չորս հազար կտրիճ ձիաւոր ընտրեց եւ յանձնեց Էպու-Նէճիպ զօրապետին, որ երթայ ջարդէ ջնջէ ապստամբները: Նէճիպ իր գունդը անոնց երագընթաց տաճիկ ձիերուն պէս թռցընելով հասարակաց դուրան ճամբէն, յԱյրարատայ ի Կոգովիտ, անկէ ի Բագրեւանդ հանեց, եւ եկաւ անոր գլխաւոր շինաւանին մօտ, որ է Բագաւան (Իւշ-գիլիսէ): Այս աւանին մօտ, այս Արածանւոյ նախընծայ վտակաց եզերք, այս մօտիկ Նպատ լերան շքին տակ էր, որ անկէ 400 տարի առաջ ուրիշ Մուշեղ մը, Քաջակորովն Մուշեղ, Շապհոյ արքայից արքային ահեղ բանակը ցրուեց. բայց այն ատեն Հայ - Արշակունի թագաւորի մը ամբողջ զօրաց սպարապետ էր, եւ յունական գունդ մ՚այլ մարտակից ունէր, եւ Մեծ Ներսէս մը բազկատարած աղօթաւոր: Անկէ 200 տարի վերջ` ուրիշ Մուշեղի մը վրայ գալով` անցաւ Բագրեւանդէն Խոսրով Անուշրէւան, եւ կոտրեցաւ ի Մուշեղայ Եփրատ գետոյն վրայ: Իսկ այսօր ասոնց թոռանց թոռն հրահատեանն Մուշեղ` 4000 արաբացի սպառազէն ձիաւորաց դէմ ունէր 200 Հայ. քսանի դէմ մէկ միայն. սակայն ունեցածն բաւական եղաւ իրեն: Ասոնք յարձըկեցան եկողներուն վրայ, շփոթեցին, ցրուեցին, շատերը գետին փռեցին, աւելի շատերը փախուցին. փախստականաց ետեւէն ընկան, օրով ճամբայ հալածեցին դէպ ի հիւսիս, ինչուան Արագած լերան ոտքը. շատերն այլ ճամբուն վրայ փռելով, եւ անոնց հետ զօրավարնին ալ. եւ աւարներով ու ձիոց երամակով յաղթական դարձան: Այլազգեաց մնացորդքն հասան ի Դուին. բոլոր քաղաքը ի դող, ի սուգ, անէծք եւ նզովք շարժեցին. եւ այնպէս ահ ընկաւ մէջերնին` որ կարծէին թէ ամեն դռնէ Մուշեղը ներս կու մտնէ. եւ գրեթէ չվստահանալով քաղաքին ամրութեանը` ներքին ամրոցը քաշուած սմքեցան:

Այս անակնկալ եւ գրեթէ անհաւատալի յաղթութիւնն եւ յաջողութիւնն, եւ այն ահարկու Արաբացւոց ահաբեկ ըլլալն` կրնայ գուշակուիլ` թէ երկայն ատենէ ի վեր ընկճած ժողովրդեան մը ի'նչ ազդեցին. ի'նչպէս համբաւն հռչակուեցաւ. ի'նչպէս գլուխներ տաքցան` խելապատակէն այլ ի վեր, մինչեւ խոհեմութեան եւ նախագոհութեան ձայները չլսեցին. եւ զիրար գրգռելով պատշաճէն վեր բաներ մտածեցին. մանաւանդ չափազանց բորբոքեալ ճգնաւոր մը, աւելի սրտին հարցնելով քան Աստուծոյ, զամենքը կու յորդորէր եւ քաջալերէր, եւ իբրեւ տեսիլք տեսած հաւանեցնէր, թէ արդարեւ ազգին բաղդն հասած է. մի տարակուսիք կ՚ըսէր, ձեր մէջէն մէկն բաւական է հազարի դէմ կենալու, երկուքն` բիւրուց դէմ:

Յիրաւի շատ դժար էր ռամկաց` (յետ տեսնելու որ 200 կտրիճ 4000 սպառազէն հեծեալները վանեց) այս դիպուածին մէջ` սրբութիւնը եւ ստութիւնը իրարմէ որոշել: Բայց ոչ միայն ռամիկ մարդիկ եւ առանձին իշխանք միաբանեցան, այլ ինչուան Սմբատ բագրատունի սպարապետն այլ` հաւանեցաւ թողլու զԱրաբացիս եւ միաբանելու ընդ համազգեացն: Այս բանս յաղթութեան մը չափ արժեց միաբանելոց. բայց մեծագոյն յաղթութեան մ՚այլ կու փափագէին. այսինքն հաւանեցընելու զԱշոտ, նախայիշեալ Սահակայ իշխանապետին որդին. որ չափաւոր տարւօք, եւ տարիքէն աւելի փորձ հռչակեալ խելացի մարդ էր. որչափ այլ հայրենեաց փառքը փափաքէր, այլ աւելի անոր ապահովութիւնը կու պահանջէր. կ՚իմանար կ՚իմացընէր այն ճգնաւորին չափազանց նախանձաւորութիւնը, եւ կ՚ըսէր իրեն եղող իշխանաց եւ յորդորչաց. «Ո՜վ հայրենասէրք, զգոյշ կեցէք. քաջ էք եւ եռանդուն, բայց աւելի լաւ է իմաստութեամբ գործել եւ ձեզմէ առջիններուն փորձը քննել. կամք եւ կարողութիւն միշտ չեն կրնար իրարու հաւասարիլ. մէկն ի ձեր ձեռքն է, մէկայլն ոչ. շուտ եւ անակնկալ յաջողութիւնք` երբեմն մեծագոյն անյաջողութեանց պատճառ կ՚ըլլան: Քանի մը հարկահան եւ զօրավար զարկիք, քիչով շատերու դէմ կեցաք, եւ երթալով կու յուսաք շատնալ. սակայն ինչուան ո՞րչափ կրնանք բազմանալ, ինչուան ե՞րբ միագունդ մնալ: Դեռ Արաբացւոց մեծ զօրավարն ի Դուին է. դեռ ի Կարին ուրիշ մեծ զօրավար մ՚այլ կայ, դեռ շատ բերդեր անոնց ձեռքն են: Եթէ բերդերն այլ առնուք, եթէ Հայաստանի մէջ եղած զօրքն այլ հալածէք, դեռ դժուարութիւն քիչ մը կ՚ուշացընէք, վտանգը կը մօտեցընէք: Ի՞նչ պիտի ըլլայ ձեր բովանդակ գունդն Էմիր - Էլ Մումնեայ տէրութեան ծովածաւալ եւ ահաւոր զօրութեան դէմ: Ո՞ր ազգ, ո՞ր տէրութիւն կրցաւ կամ կրնայ անոր դէմ կենալ. Յունաց տիեզերական ինքնակալութիւնն այսչափ անգամ կռուելով` չկրցաւ իր կորուսած երկիրներն ի ձեռք ձգել, ահա կայսերն Կոստանդին` որ մինակ առիւծներու դէմ ելլելով` սպաննեց, տեսէք ի՞նչպէս սարսափած` թող կու տայ որ ամիրապետն կոխէ իր սահմանները: Ինքն ծովն ու ցամաքը բաւական ամուր չիգտներ այնպիսի թշնամւոյ մը դէմ, դուք ի՞նչ բանի վրայ գրած էք ձեր ապահովութիւնը: Արդ եթէ կ՚ուզէք ճշմարտապէս հայրենեաց օգուտը, ինչպէս եւ ես ամենայն սրտիւ, հանդարտօրէն մտածելով կեցէք տեղերնիդ. եւ ջանացէք իմաստութեամբ դարման տանիլ եղած եւ կրած չարեաց: Ապա թէ ոչ, ինծի կ՚երեւի, թէ կամ յետ վնասակար փորձոյ` պիտի յանձն առնուք կորակոր նուաճիլ մնալ տեղերնիդ. կամ յուսահատած` միայն զձեզ ապրեցընել ջանալով` ինքնակամ թողուլ հայրենիք, տուն, տեղ եւ վաստակ, ձեր հարց քրտինքով ժառանգած բարիքը, ձերնախնեաց հաւատքով կանգնած եկեղեցիները, եւ ձեր ծնողաց գերեզմաններն այլ` ատելեաց ոտից կոխան, եւ երթալ ի ծառայութիւն կայսեր Յունաց, եւ պանդըխտութեամբ կեանքերնիդ մաշեցընել: Եւ կամ, որ շատ վախնալի է, շուտ կամ ուշ` ձեր թշնամեաց ձեռքը ընկնալով` չարաչար մահուամբ պիտի ջընջուիք»:

Այս եւ այսպիսի բանք բաւական չեղան այն տաքցած գլուխները զովացընելու, թողին զԱշոտ, եւ եկան իրարու հետ դաշինք դնել, խորհուրդ ընել, հնարք մտածել, այլ ինչպէս շատ անգամ պատահած է եւ կու պատահի այսպիսի դիպուածոց մէջ, չկրցան միաբանիլ մէկ գործոյ վրայ, ոմանք իրենց երկիրը քաշուեցան, ոմանք ամուր բերդերու ապաւինեցան: Ամենէն տաք գլուխներն որ Մուշեղայ հետ միաբաններ էին` զինուոր եւ ռամիկ, 5000 հոգի գունդ մը եղան: Դուինը թողուցին, գնացին Կարնոյ քաղաքին վրայ, զոր քանի մը տարի առաջ Եզիտ ոստիկանն առեր էր ի Յունաց եւ լաւ ամրացուցեր. թերեւս հիմա մէջը բաւական զօրք չկար, չէ Հայոց թուոյն` այլ ոգւոյն դէմ կենալու, բայց պարիսպներն բաւական զօրաւար էին. բոլոր այն տարի (774) ձմեռուան սաստիկ սառնամանիքներէն այլ չձանձրանալով` Հայք պաշարեցին կեցան քաղքին քով. եւ մեծամեծ մեքենաներ կանգնելով` կու ծեծէին պատերը. եւ քանի մը ծակ բանալով` կրցան քիչ մը քար թափել ի ներս եւ քանի մը մարդ սպաննել. բայց աւելի սովով կու նեղէին քաղաքը, որ եւ անձնատու ըլլալու վրայ էր, երբ յանկարծ մեծ մրրիկ եւ զօրաւոր հարկ մը հասաւ Հայոց վրայ: Ասոնց հեռանալը յԱյրարատայ, եւ ոմանց այլ իրենց բերդերը քաշուիլը տեսնելով Դըւնեցի արաբացիք, սիրտ առին, չորս կողմէն այլ ժողովեցան, եւ սկսան այրած սրտով ու ծարուած սրով մօտակայ գաւառաց մէջ պտըտիլ, եւ շատ արիւնահեղութիւն ընել. բայց ապստամբները նուաճելու համար ստիպուեցան ամօթով` եղածը իմացընել ամիրապետին: Սա վրէժխնդրութեան յարմար առիթ գտնելով, անթիւ զօրաց միջէն ընտրեց Խորասանիկ կտրիճները, 30, 000 հոգի, ձիով եւ զրահով աղէկ մը պատրաստած, եւ յանձնեց Էմր Իպն-Իսմայիլ փորձ եւ հռչակաւոր զօրավարի մը ձեռք: Որ եւ հարաւային հովերէն առաջ անցաւ Ասորեստան, եւ Աղձնեաց կողմերէն գալով մտաւ ի Խլաթ մեծ քաղաքն. ժողովելով հաւատարիմ մարդիկ` աղէկ մը քննեց տեղեկացաւ Հայոց պատրաստութիւնը, որչափ հոգի միաբան եւ ուր ըլլալնին, եւ ինչ ոյժ ունենալնին. զոր ի հարկէ շատ քիչ եւ իբրեւ ոչինչ գտաւ իր բանակին բազմութեան եւ կազմութեան համեմատելով: Հոն ի Խլաթ էր այն ատեն խոհական իշխանն Աշոտ, եւ տեսնելով իր հայրենեաց վրայ եկած չարիքն, եւ իր խրատած իշխանաց անհաւանութիւնը, սիրտն կ՚այրէր կու հալէր, առանց կրակը դուրս տալու. մանաւանդ որ պիտի ստիպուէր Արաբացւոց գործակից ըլլալու իրեն ազգայիններուն դէմ: Անհնարին տագնապին մէջ առանց ատեն կորսընցնելու ամենայն ծածկութեամբ իմացուց իշխանակցացը` Էմրի պատրաստութիւնը, եւ ահա ժամանակն է, կ՚ըսէր, ցուցընելու ձեր խոստացած հաստատութիւնը, կամ իրարու պաշտպանութեամբ մեռնելու: Առջի խրատուն մտիկ չըրին դաշնակիցք, ետինքէս կասկածեցան. կարծեցին որ Աշոտ Արաբացւոց հաւատարիմ մնալովն` զիրենք խաբել կ՚ուզէ եւ հեռացընել ի Խլաթայ. եւ մտքերնին դրին Կարնոյ պաշարողաց նման` այս մեծ քաղաքս այլ առնուլ յայլազգեաց: Համազասպ Արծրունեաց իշխանն գլուխ կեցաւ, հետն առաւ Վասպուրականի զօրքերէն զատ` Ամատունեաց գունդն այլ, Սմբատ սպարապետին Աշոտ եղբօր գունդն այլ, եւ ելաւ երթալ Վանայ ծովուն հիւսիսային արեւելեան կողմը` Արճէշ բերդաւանին վրայ, ուզելով հիմնայատակ ընել. անցած տեղերէն ռամիկ հետեւակ մարդիկ այլ կու ժողովէր կու խառնէր զօրքերուն: Երբ հասան ի Բերկրի, Խլաթէն Հայ մը եկաւ նորէն իմացընելու թէ Էմր զօրավարն մօտ է երեք բիւր եւ աւելի զօրքով: Համազասպ հպատացեալ` զայս այլ նենգութիւն կարծեց, եւ փոխանակ պարգեւելու` պատժեց լրաբերը, եւ առաջ անցաւ հասնելու յԱրճէշ: Ասոր բնակիչքն այլ իմաց տուեր էին Էմրայ, որ բազմութեամբ զօրաց ծածուկ ճամբաներով եկեր ապահով տեղ մը դարաներ էր. եւ հազիւ թէ Հայք սկսան Արճէշի բերդը ծեծել, Արաբացիք դարանէն ելլելով վրանին ընկան, եւ անզէն անհմուտ հետեւակ գնդին մեծ մասը ջարդեցին, որոց ոմանք այլ փախչելու ատեն ծովը թափեցան. եւ այսպէս անխոհեմութեան զոհ եղան 1500 անպարտ մարդիկ. անոնց հետ իրենց առաջնորդ չորս ազնուական իշխանք այլ. մնացեալքն փախստեամբ ցրուեցան: Այս պատահարս եղաւ ապրիլի 16ին (775): Արաբացիք զանոնք երկար միջոց հալածելէն ետեւ` դարձան անկէ մէկայլ ապստամբները փնտռելու. եւ Խլաթու եւ Մանազկերտի գաւառներէն վեր փութալով թափեցան հոս, ի Բագրեւանդ:

Ահա այս էր այն հնողանման սեւ ծուխն զոր տեսանք յարեւելից. որ եւ կոխելով այս ծաղկազարդ վայելչութիւնները, գետոյս աղբերականց քով` Արծնի ըսուած գիւղը իջան. եւ դադրեցան զէնքերնին սրելու եւ մահու գործիքները պատրաստելու: Իսկ արեւմուտքէն փրթած փոքր արծաթափայլ հեղեղն` էր Մուշեղեան գունդն Հայոց, որ պաշարէր զքաղաքն Կարնոյ. եւ յանկարծ լսեց Արճիշու կոտորածը: Յետ այնչափ երկայն համբերութեան, պզտի գնդով մը այնպիսի մեծ քաղաք մը պաշարելու եւ վտանգելու, որսը բռնելու ատեն` ստիպուիլ թողուլ, ո՞րքան ծանր, ո՞րքան սրտակտուր էր: Այլ ուրիշ հնար չկար. ակռանին կրճտելով դարձուցին երեսնին ի Կարնոյ. բայց ո՞ւր երթան: - Երկու ճամբայ կար դիմացնին. մէկն եւ ապահովագոյնն էր` Արտաւազդայ բռնածն, անցնիլ երթալ յարեւմուտք եւ ի հիւսիս, Յունաց կողմը մտնել, եւ յետ այնքան նեղութեանց` գոնէ ապրիլ եւ հանգչիլ: Իսկ մէկայլն` կորիւն կորուսած առիւծուն ճամբան էր. զօրաւոր թշնամեացը վրայ դառնալ եւ յուսահատ կատաղութեամբ զարնուիլ, ըլլայ ինչ որ ըլլայ: Եւ այս ետինքը ընտրեցին այն զայրասիրտ ընկերակորոյս առիւծքն, Կարնոյ լերանց դարերէն թափուիլ ի Բասեն, եւ անկէ այլ Սուկաւ լերանց (Քէօսէ տաղ) կռնակէն ընկնիլ ի Բագրեւանդ, քիչ օրուան քիչ ժամուան գործ մը եղաւ իրենց. հոն այլ չդադարելով, ոչ թշնամւոյն բազմութիւնը ուզեցին քննել, ոչ անոր շարժելուն սպասել, ալ դարուդուր գետնի մը վրայ արձըկած հրագունտի պէս ցատքըտելով առաջ եկան, եւ փոխանակ թշնամեաց սպասելու` իրենք անցան գետը: Թշնամեաց ահեղ բազմութիւնն եւ աւելի ահարկու պատրաստութիւնն, արաբիկ երիվարաց վազն ու փռինչն, լուսնանիշ վրանաց եւ դրօշուց շարժիւնն, խառնալուր աղաղակն գոչումն, եւ պատերազմական գործեաց եւ թմբկաց որոտումն, փոխանակ զիրենք վախցընելու, այնքան աւելի կատղեցուցին բորբոքեցին, որ Արաբացւոց բանակէն քանի մը հարիւր քայլ հեռի` թողուցին ոչ միայն իրենց բեռները, այլ եւ ձիանքը. հետեւակուց աւելի ազատ, եւ համարձակ կրնային հայկական աղեղները քարշել հեռուէն, ու մօտանց թուր ու նիզակ շարժել: Երկայն ճամբուն յօգնութիւնն այլ չէին ուեր մտիկ ընել, եթէ գիշերուան սեաւ վարագոյրն երկու բանակաց մէջ չկախուէր: Անոր մէկ կողմը 30, 000 սպառազէն Արաբացիք, մէկայլ կողմն 5000 հետեւակ թեթեւազէն Հայք անցուցին, ի՞նչ հոգւով ի՞նչ մտածութեամբ ապրիլի 24-ին 25 մտնող միջոցը, կրնար գուշակուիլ քան թէ գրուիլ: Առաւօտն հազիւ թէ ծագեց` Հայք անհամբերությամբ նետուեցան բազմութեան մէջ, սաստիկ կոտորած մը ըրին, սրընթաց հեծեալներուն մէկ մասը հալածեցին հեռացուցին, բայց վերջապէս իրենք այլ յօգնեցան: Արաբացիք սրտմտեալ եւ ղպնահար յետ դարձան, Հայոց նախարարներէն մէկ քանին` (որ ռամկին պէս հետեւակ չէին) քշեցին իրենց ճորտերովը: Հայոց ռամիկն այլ, յետ քաշուեցան, այն ատեն Արաբացի հեծելոց եկաւ վրէժխնդրութեան կարգն. սկսան կոխկըռտել դէմ դնող հետեւակ Հայերը: Ասոնք իբրեւ երկայնաչար ալիք` աւելի մեծ եւ երկայն ալիքէ մը ծածկուելու թաղուելու ատեն, վերջին անհնարին ճիգ մ՚այլ ըրին, յետին յուսահատութեան կամ յուսոյ ձայն մը վերուցին, իրար զիրար կանչելով եւ սիրտ տալով. «քանի որ թեւերնուս վրայ դեռ քիչ մը ուժ կայ, կ՚ըսէին, պէտք է թափենք մեր հայրենեաց եւ եկեղեցեաց վրայ. ողջ ողջ երես դարձընել եւ յետ դառնալ` անկարելի ըլլայ մեզի. մեռնինք զէնք ի ձեռին, քան փախստեամբ ապրինք»: Եւ արիւնոտ աչուընին մէկ մը երկինք տանելով, մէկ մը Բագրեւանդայ պաշտպան Ս. Յովհաննիսի, կանչելով ու գոռալով` նորէն յարձըկեցան, եւ անգամ մ՚այլ` իրենցմէ մեծ եւ ուժով ալեաց վրայ ելան, միայն հազար հոգի մնացեր էին միագունդ` երկու երեք բիւրուց դէմ, գոր վերջին անգամ մ՚այլ քշեցին: Իսկ ասոնք այնպէս զարհուրեալ շփոթեալ էին, որ չէին գիտեր թէ մարդու՞ հետ, հրէշից հետ, թէ հրեշտակաց հետ կու պատերազմին. եւ իրաւ թէ սուտ` իրենց շփոթութիւնը ծածկելու համար, յետոյ կու պատմէին, թէ մենք Հայոց գնդին հետ կու տեսնէինք երկնաւոր զօրքեր, պապասներ եւ երէցներ, որք աւետարանօք եւ բուրվառօք կ՚առաջնորդէին անոնց: Անշուշտ այսպէս տեսան ինչուան որ Հայոց վրայ զէնք շարժելու ոյժ տեսան ինչուան որ Հայոց վրայ զէնք շարժելու ոյժ չմնաց: Այն ատեն թիւն յաղթեց, եւ եղբոր դիմակաց չգտաւ` արաբացի գունդն յաղթական եղաւ: Տարիէ ի վեր անդադար կռուող եւ վազող` 3000 Հայք իրենց նիզակաց վրայ երես ի գեհին Արածանւոյ ծաղկանց մէջ փռուելով` արիւնով ներկեցին ապրիլի երանգ երանգ փռոցը: Հոն երկու բարձր ծառոց պէս ընկան պարագլուխք նահատակացն` ինչուան ետքը իրենց խոստմանն եւ քաջութեան հաւատարիմ մնալով, Մուշեղն մամիկոնեան եւ սպարապետն Սմբատ. անոնց հետ նաեւ շատ մեծատոհմիկ նախարարներ, ինչպէս բագրատունին Սահակ, գնունին Վահան-Դաշնակ, եւ Սամուէլ մեծ նախարարն Մամիկոնէից, որ տարւօք դեռ երիտասարդ եւ գեղեցկութեամբ անուանի, ծաղկանց, մէջ ծաղիկ, եւ իր ընկերակցացն հետ յիրաւի գարնան ամեն զարդերէն աւելի սրտառուչ կու փայլէր, իր վէրքերէն բղխած վարդերուն մէջ:

Եթէ այն ճգնաւորին քիչ մը արտորնօք տեսած եւ շփոթած տեսլեանն համեմատ` փառաւոր վախճան մը չունեցաւ պատերազմն, սակայն եւ ոչ բոլորովին անօգուտ մնաց: Թէ եւ գործն քիչ շատ ստգտանելի ըլլալ անաչառ դատաստանի առջեւ, չիկրնար անտես ըլլուիլ այնքան քաջութիւն, հայրենասիրութիւն, կրօնասիրութիւն այլ: Բայց ազգանախանձ միաբանութիւննին աւելի գովելի կ՚ըլլար` եթէ ըստ խրատուն Աշոտոյ շարժէին պատերազմէն առաջ, կամ պատերազմի ատեն. եւ կամ թէ յետ պատերազմին` Արծրունին Մեհրուժան չսպաննէր քաջին Մուշեղայ երկու որդիքը (որք իրեն ապաւիներ էին), իբր թէ հայրենին եղաւ պատճառ այնքան մարդկան եւ իր հարազատաց կոտորածին: Իսկ Արաբացիք որ այն գունդը կոտրեցին, եւ Բագրեւանդայ դաշտաց վրայ անթաղ թողուցին, ու սկսան չորս դի աւրել եւ աւարել, իրենց կորուստներն այլ չէին կրնար ծածկել, եւ ոչ իշխել շատ հեղ այնպիսի փորձեր փորձելու: Էմր` իբրեւ յաղթական` ամիրապետին երթալու ատեն` չարաչար ցաւելով բռնուած մեռաւ ի Պարսկաստան. քանի մը ամսէն ինքն ամիրապետն այլ նոյնպէս վերցուեցաւ. յաջորդ տարին` պատերազմին մէջ ընկնող Սմբատ սպարապետին որդին Աշոտ, սկսաւ նորէն Արաբացւոց ետեւէն ընկնիլ, եւ երկիրները ազատելով` Անի բերդը ամրցուց, որ յետոյ իր ցեղին թագաւորութեան աթոռ եղաւ. եւ օր մը աղօթք ընելու ատեն` թշնամիներէն պաշարուած, աղօթքը չթողուց, այլ լմանցընելէն ետեւ` ելաւ զարկաւ զանոնք, եւ գլխաւորին` Լիպառոն Աբդլլայն` երկու կտոր ըրաւ: Ասկէ ետեւ եկող ոստիկանք սկսան զգուշութեամբ վարուիլ Հայոց հետ, մանաւանդ Հարուն Էլ-Րէշիտ, որ ամիրապետ ըլլալէն վեց տարի առաջ (780) Հայոց եւ Պարսից մեծ ոստիկան դրուած էր:

Այս է Բագրեւանդայ ըսուած կռիւն. զոր կարմիր արձանագրութեամբ նշանակէ Հայադիրն յ՚18 ահեկանի (25 ապրիլի) 775 թուին Քրիստոսի: