Յուշիկք հայրենեաց Հայոց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

  2 Յունիսի, 451.

Ա

ԱՐԵԳԱԿՆ իր տարեկան ընթացից մէջ դեռ չէ հասած իր բարձրագոյն դիտանոցը, կրակաթափ աչքերով նայելու արարածոց վրայ. դեռ հայկականն մրազարդ մարերի կու շարունակէ իր գունաւոր օրերը, մանաւանդ մեր հայրենեաց բարձրատափ գաւառաց մէջ. եւ դեռ այս օրուան նշանակեալ ամսաթուիս (2 յունիս 25 մարերի) ըստ վկայութեան անուշզրոյցն Եղիշէին, «Գարնանային է ժամանակն եւ դաշտքն ծաղկալից»: Բայց արդէն Արարատայ ցածուն ծաւալ դաշտաց մէջ տաքն կոխած է. եւ եթէ առաւօտն եւ երիկուն զով այլ ըլլան, բոլոր օր մը անցընելու համար, Հայկակ, պէտք է նման նազելւոյն Ասքայ փնտռել հով հով սարեր, զով զով ջրեր. զբօսանս բարձանց եւ զբօսանս հովտաց»:

Ահա գեղեցիկ ընդարձակ բարձրահովիտ մ՚այլ, որ ասկէ 3000 տարի առաջ ընտրուած էր իբրեւ գերագոյն եւ հաճոյագոյն հովասուն տեղի Հայկազն նահապետաց, անոնց զօրաց եւ ազատաց, «ուր էին հովոց գետինք թագաւորացն Հայոց», ըստ բանից հին ազգային պատմըչի. որոյ արեւմտեան հիւսիսային կողմէն` արարատեան Մասեաց բարձրաբերձ դարերն դուրանալով դաշտանան. արեւելքէն գետն Երասխ դարավազ կու պատի, հարաւային կողմէն` ոչ շատ բարձր լերանց շարք կ՚անջրպետեն զայն ի Կոգայովտէ եւ ի պարատափէն Վանայ: Այս սահմանադրեալ դաշտահովիտս իբր 3-4000 ոտք բարձր յերեսաց ծովու, ցածագոյն Երասխայ դաշտին մէջ բնակող Հայկազն նահապետաց ամարանոց եղաւ, Քրիստոսէ 13 դար առաջ, երբ զբօսասէրն եւ միշտ զուարթն Շաւարշ (որպէս ստուգաբանէ Գր. Մագիստրոս) շինեց հոն քաղաքաւան մը, ի բնակութիւն ամառուան, եւ իր անուամբն կոչեց Շաւարշաւան. յորմէ բոլոր շրջակայ կողմանքն եւ գաւառն կոչեցան Շաւարշական կամ Շաւարշան. մինչեւ Քրիստոսի Բ դարուն սկիզբը Այրաքաջն Սմբատ սպարապետ Բ. Արտաշիսի արշակունւոյ` Ալանաց Արդոզ կամ Արտազ գաւառէն պատերազմի գերիներ բերելով, հրամանաւ իր սանիկ թագաւորին հոն բնակեցուց, եւ անոնց հայրենի գաւառին անուամբ` Շաւարշանն այլ ըսուեցաւ Արտաղ կամ Արտաղական գաւառ. իսկ հիմայ իր անուանի եւ զարմանալի քարաբերդ քաղաքին անուամբ կ՚ըսուի Մակու: Այս բնութեան եւ արուեստի ընտրած եւ հրաշակերտ տեղս` սրբազան եւ հին զօրութիւն մ՚այլ պատուեր, սիրեր, սրբեր է. - կրօնքն` Հայաստանեայց եկեղեցւոյ խորագոյն խորհրդոց եւ հրաշափառագոյն հանդիսից տեղ ըրեր է Շաւարշական դաշտերը: - Վերոյիշեալ Արտաշիսի հայրն` Սանատրուկ, կ՚երեւի թէ քան զհինն Արտաշատ եւ քան զիւր ձեռակերտ նորոգած Մծբինն կամ Մծուրս` սիրէր զայս տեղս, եւ իր անունը թողուց հոն լեռնաբլրի մը վրայ, Սանատրուկ լեառն, որ թերեւս հիմայ Տիքմէ կ՚ըսուի. ասոր քով եկաւ առաքեալն Քրիստոսի Թադէոս, եւ աշակերտեց զդուստր թագաւորին` զօրիորդն Սանդուխտ, առաջին կոյս վկայուհի Քրիստոսի, եւ ընդ նմին նահատակեցաւ սքանչելի վկայութեամբ. որոց յիշատակին` Հայադիրն սեփականած է քաղոց (դեկտեմբեր) ամսոյն մէջ օր մը: Այս երկուքին վկայարանն այլ` (քրիստոնէութեան հնագոյն ուխտատեղեաց եւ տաճարաց մէկն) կու պատուի մինչեւ ցայսօր Թադէի վանք, անուամբ, որ եւ ի պատիւ առաքելոյն` Հայոց գլխաւոր եպիսկոպոսական թեմոց մէկն եղաւ, եւ ի միջին դարս` մի ի չորից արքեպիսկոպոսաց` որոց հարկ էր գտուիլ յօծման նորընտիր կաթուղիկոսի: Առաջին երեք դարուց քրիստոնեայք, գաղտնապէս կու պատուէին այս սրբազան տեղս, առ ահի հեթանոս թագաւորացն Հայոց. նախախնամութիւնն այլ մասնաւոր տեսչութեամբ կու հսկէր անոր վրայ. եւ ուր Հայոց քրիստոնէութեան առաջին արեգակն ծագեցաւ, անտի երկրորդ անգամ ալ ծագել տուաւ զարեգակն Լուսաւորիչ. որ յետ 200 տարւոյ վկայութեան սուրբ առաքելոյն եւ Սանդխտոյ եւ անոր հօրքրօջն Աւագուհեայ, անոնց նշխարաց հանգստարանին քով իր էութեան սկիզբն առաւ` ի ծոց ուրիշ Ոգոհեայ, կնոջ Անակայ, երբ կու գայր սա ի Պարթեւաց իբր փախստական խաբել եւ սպաննել զԽոսրով թագաւորն մեր:

Ի՜նչ զարմանալի եւ աստուածախառն տեսչութիւնք. Հայոց առաքելոյն Թադէոսի թաղման միայնարանն` Հայոց նոր առաքելոյն` Գրիգորի` յղութեան առագաստ: Ո՜րքան սքանչելի է Շաւարշան` մեզի այսպիսի հոգեւոր հանդիսից տաճար ըլլալովն, քան թէ մեր թագաւորաց հովանոց:

Այս երկու սրբախորհուրդ դիպաց` նորակերպ նման մ՚այլ հանդիպեցաւ նոյն տեղուանքը, Լուսաւորչի եղելութենէն 200 տարի ետեւ, որ թէ քաղաքական եւ թէ կրօնական կերպարանօք հռչակեցաւ. եւ ահա այն դէպքն է զոր նշանակէ Հայադիրն այս ամսակէտիս. որ ասկէ տասնեւչորս դար առաջ (451 թուին Քրիստոսի, յունիսի 2) էր շաբաթ օր Հոգեգալստեան տօնին. յորում հանդիպեցաւ Շաւարշանի երրորդ մեծ ազգային քաղաքակրօն դիպուածն, այն է ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ:

Բ

Այս դիպուածս, այս պատմութիւնս, այս անունս անգամ այնքան հռչակեալ եւ համբաւեալ է յազգիս, որ ամենէն քիչ տեղեկութիւն ունողն այլ` երբ լսէ Քաջ կամ Կարմիր Վարդան` սրտատրոփ կու ցատքէ. եւ թերեւս ոմանք ուզեն յանկարծ գտնուիլ ինչուան նոյն արտազական գաւառին մէջ, նոյն Շաւարշական դաշտը, նոյն Աւարայրի գեղին քով, նոյն Տղմուտ գետոյն եզերքը, ուր այն մեծ եւ բաղդասահման ճակատամարտն եւ անմահախառն գործն կատարուեցաւ: Բանայ փափագողն` ժամանակակից հեղինակաց, Եղիշէի եւ Ղազարայ Փարպեցւոյ, գեղեցիկ գրուածքը եւ մանրամասն պատմութիւնները, եւ ժամ մը, երկու ժամ` անոնց հետ ժուռ գայ հոն. հոն` ուր Հայութեան անջինջ, անմոռաց, յաւիտենական արձանաց մէկն կանգուն կայ եւ պիտի մնայ: իսկ ես հետդ, Հայկակ, կաղ ի կաղ ընթացիւք կ՚ուզեմ ման գալ, եւ քանի մը բան հեռուէն դիտել այն մեծ տեսարանէն:

Կանխենք ուրեմն քան զմեծ գործողութիւնն` գտնէ օր մը, գոնէ գիշեր մը, այն գիշերն որ յունիսի առաջին օրը երկրորդին կու խառնէ. փութանք փոքր Մասեաց սարերէն դարվար սահելով` ինչուան յետին բարձրատափն, որ կու նայի Շաւարշան դաշտին վրայ: Արդէն այս երեկոյիս նման` 14 դար առաջ այլ` այս անհատնում գիշերային լապտերս, այս բազմատես լուռ վկայս, այս խորհրդապահս լուսինս` սոյնպէս բոլորացեալ լուսալիր կու բարձրանար մեր եկած արեւմտեան դարից ետեւէն Մասեաց–Ոտին կողերէն, Արարատայ դաշտին հորիզոնէն. եւ ահա հանդարտ համասփիւռ եւ իբրեւ իւղակաթ կակուղ ճառագայթներով կու լուսաւորէ մեր փնտռածը, Շաւարշական Աւարայրի ընդարձակ դաշտը, որ մեր կեցած տեղէն դէպ ի յարեւելս հարաւոյ երկնցած, իրեն ձեւիչ կ՚առնու Տղմուտ գետոյն ընթացքը, այն որ արեւմտեան հիւսիսային կողմէն իջնելով ծանր եւ պղտոր ալիքները կու թափէ յԵրասխ, եւ այդ եռանկիւնաձեւ կամ երկայնաբոլոր դաշտին մէջ` իբրեւ մոխրագոյն երկայն շղթայ մը կու շարժի լուսնին նշուլից ներքեւ: Նեղ ու նուազ ջուր մ՚է նա. բայց ի՜նչ լայն վիհ, ի՜նչ խոր խտրոց` իր եզերքը տարածուած երկու աննման բանակաց մէջ. որոնցմէ մեր կողմը մեզի մօտ եղածն` լուսնէն եւ կրակէ աւելի պայծառութեամբ լուսաւորուած ճերմակ ու գոյնագոյն կու տեսնեմք. մէկայլն` կարծեմ թէ հեռաւորութենէն աւելի պատճառաւ մը` խառն ու խաւար կ՚երեւայ, թէ եւ ահեղ անտառի պէս սփռուած ու դաշտին մեծ մասը ծածկած: Այս երկու բանակաց միջի շարժմունքն եւ գործքերն այլ ի՜նչ տարբեր. հեռաւոր եւ սեւ բանակն միայն սովորական պատերազմի պատրաստութիւններ կու ցուցընէ. իսկ մօտաւորս աւելի կրօնական եւ հայրենական հանդիսարան կ՚երեւի քան պատերազմի մարզարան: Ասիկայ է Հայոց բանակն, վերջին բազմաթիւ բանակ` գումարեալ յանուն համօրէն Հայութեան, իր հնացեալ իշխանաց ձեռօքն. 66, 000 Հայ պատերազմողք, ձիաւոր եւ հետեւակ, խաչանիշ վրանաց եւ դրօշուց տակ ժողոված են` զազգ եւ զկրօնս պաշտպանելու: Ի՜նչ պանծալի գունդ եւ ի՜նչ բազմութիւն կարճաց մեր աչքին առջեւ: Սակայն ի՞նչ են այդ վեց ու կէս բիւր զօրքն Հայոց` Հայաստանի միահեծան եւ միահաւան տէրութեան օրերուն` հարկաւոր եւ վտանգի ժամանակ գումարած բանակին քով: Սովորական ատեն` Հայոց աշխարհապահ զօրութիւն էր 120, 000 որոց 40, 000ի չափ թագաւորական գունդն էր. 84, 000 այլ նախարարաց եւ տոհմից. իսկ մեծ պատերազմաց ժամանակ` կրկին եւ երեքկին աւելի ըլլալն` այսօր դիմացի բանակնիս կու վկայէ. յորում հազիւ քսան եւ հինգ տոհմի կամ ցեղի իշխանք եւ զօրք կան, որոց որոշեալ զօրաբաժինն 20, 000ի չէր հասներ. այս ցեղերուն շատին մէկ մասն, եւ բուն իսկ նախարարն այլ (մեծ դժբաղդութեամբ) գետոյն այնդիի կողմն են, պարսկական բանակին հետ. եւ ցաւելով պէտք է տեսնել հոն այլ նոյն չափ թիւ մը Հայոց. (վասն զի ըստ վկայութեան պատմըչին` ուրացեալն Վասակ թէ իր Սիւնեաց աշխարհէն եւ թէ ուրիշներէ «ժողովեաց զամենայն գայթակղութիւն, եւ արար գունդ զօրաց բազմաց», որք կամաւ կամ ակամայ խառնեցան ընդ թշնամիս հայրենեաց եւ եկեղեցւոյ. ըստ տեսլեան սրբոյ Լուսաւորչին` գառինքն սպիտակք դառնալով ի սեաւ գայլս): Գառանց ու գայլոց գունդերն միատեղ առնելով` 120 հազար Հայ կ՚երեւան դիմադէմ Աւարայրի դաշտին մէջ. զորս բաժնելով կամ ջոկելով ըստ աշխարհաց Հայաստանի` կու տեսնեմք որ հին Հայոց 15 կամ քսան աշխարհաց թուէն, միայն հինգ կամ վեց աշխարհքէ եկած են այս գունդերս. որ են Այրարատ, Տուրուբերան, Վասպուրական, Սիւնիք, Մոկք. իսկ ուրիշ աշխարհքներէ հազիւ ոմանց մէկ երկու գաւառ կամ տոհմ կու յիշուի. Մեծ Հայոց չորս մասին գրեթէ երեքն դուրս է այս դաշտէս. բոլոր արեւմտեան մասն` Յունաց կայսեր իշխանութեան տակ է. եւ թէպէտ Հմայեակ` եղբայր մեծին Վարդանայ, կու ջանայ կ՚աշխատի անոնցմէ այլ զօրք ժողովել, բայց ոմանք չեն շարժիր կայսեր վախէն, ոմանք այլ ուշանալով չեն հասնիր ատենին. իսկ հիւսիսային եւ արեւելեան գաւառք` Վրաց եւ Աղուանից խառնուած` անոնց հետ անշարժ կու կենան. հարաւային ամուր աշխարհք այլ` Աղնձիք եւ Տմորիք` գրեթէ ինքնագլուխ չէզոք կու մնան. թէ եւ ասոնց ամենուն այլ հրաւէր եւ աղաչանք զրկուած էր. եւ ոչ միայն ասոնց, այլ եւ Վրաց, Աղուանից եւ Հոնաց, գալ միաբան Պարսից դէմ կենալու. բայց երկու խորամանկ եւ ազգուրաց Վասակք, մէկն յարեւմուտք կեցած, մէկայլն յարեւելք, ամենայն հնարքով եւ ստութեամբք զանոնք հեռու բռնեցին Վարդանեան գնդէն: Այս տեսութենէս կ՚իմացուի որ այսպիսի ծանր հարկի ատեն` եթէ բոլոր Հայք միաբան մէկ կողմն ժողովէին, Վարդան փոխանակ 66, 000ի կրնար 300, 000 զօրք այլ ունենալ: Որչափ այլ մեծ երեւի այս թիւս, դեռ շատ պակաս է համեմատելով վերը ցուցած հաշուին եւ թուոյ աշխարհաց եւ գաւառաց եւ զօրաբաժնին Հայոց: Թողլով երբեմն կարելին եւ այժմ անկարելին, դառնանք եղածին, եւ դիմացնիս կեցած մեր հայակոյտ բանակին:

Չորս գունդ կամ թեւ բաժնուած է այս բանակս. երեքն երկայնատարած շարուած են Աւարայրի դաշտին մէջ Տղմուտայ եզերքը. վասն զի դիմացը թշնամին այլ նոյնպէս տարածուած է. իսկ մէկայլն` երեքին ետեւէն մէջ տեղուանքը կեցած է, իբր վերջապահ եւ օգնական վտանգելոց. մեր կեցած տեղւոյն մօտինն է` Առաջին եւ աջ թեւն հայ բանակին, որ Տղմուտայ գետոյն այլ առաջակողմն է, ուստի կու վարէ ալիքը դարվար յարեւելս յԵրասխ. այս առաջին մասին թեւապետն է հաւատարիմ Հայոց ներքին Հազարապետն, աշխարհատեսուչն, որ Մալխազ կ՚ըսուի, եւ է իշխանն Խորխոռունեաց ԽՈՐԷՆ, կարգեալ փոխանակ ուրացող իշխանին Գադիշոյ. Հայկայ որդւոյն անունը եւ քաջութիւնը 3000 տարիէ վերջ այլ փայլեցնող: Իրեն օգնական գնդապետքն են, բաց յայլոց պայազատաց հին նախարարաց, ԱՐՍԷՆ ԸՆԾԱՅԻՆ եւ ՆԵՐՍԷՀ ՔԱՋԲԵՐՈՒՆԻ. ասիկայ Վանայ ծովուն հիւսիսային կողմէն եկած. առաջինն` որ Արդար կոչմամբ կու գովուի ի պատմըչէն, թէ եւ ամէն ցեղէ աւելի քիչ նահատակակից ընկեր ունեցաւ այս պատերազմիս մէջ, բայց զօրահանդիսին ատեն` այս բանակիս մէջ գտնուող ամեն իշխանացմէ աւելի եւ անհամեմատ աւելի զօրք կու տար, 4000 հոգի, որ (եթէ սխալ չէ թիւն) կու նշանակէ կամ բազմաթիւ կամ պատերազմող ու սահմանապահ տոհմ մը, որուն պատմութիւնն եւ տեղն անգամ մեզ յայտնի չէ, բայց թերեւս Վասպուրականի Ընձահից կամ Անձահից գաւառն ըլլայ, որ յետոյ յանուն գլխաւոր բերդաւանին` Կոտոր ըսուեցաւ, (հիմա Քիւրդիւր, ի սահմանի պարսկական Հայոց): - Միջին թեւոյն ընդհանուր հրամանատարն է ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ, որ այս Հայոց բանակիս մէջ, յետ սպարապետին (Վարդանայ) առաջին նախապատիւ իշխանն է, եւ ըստ կարգի ազնուութեան բարձրագոյն է քան զնա այլ. (վասն զի հին Ասորեստեանի տիեզերակալ թագաւորներու ցեղէն է). ըստ արդեանց այլ արժանապէս առաջին ճանչցիր զնա, թէ եւ նախ իշած պատմըչաց (Եղիշէի եւ Ղազարայ) մէջ չգտնես անոր գեղեցիկ յիշատակները, զոր անզգամ եւ խորթ ձեռք մը (Բարծումա ասորին) վերուց ջնջեց գեղեցկագիր պատմութենէն: Վահանայ ընկեր գնդապետք են ՄԻՐՇԱՊՈՒՀ ՄԱՐԴՊԵՏՆ կամ իշխանն Մարդպետութեան, որոյ կալուածքն էին հին ատեն Նախիջեւան գաւառին սահմաններն, եւ պաշտօնն էր Հայոց թագուհւոյն եւ արքունի գանձուց հազարապետութիւնն, որ եւ գունդ մը արքունի զօրաց ունէր իր ձեռքին տակ, ասոր հետ է եւ ԱՐՏԱԿ նախարարն Մոկաց, որ թէ եւ կոշտ ու խոշոր երկրի եւ բնակչաց տէր էր, այլ ինքն շատ կիրթ եւ ազնիւ մարդ, եւ ըստ վկայութեան ժամանակակից պատմըչին` մտացի, համէստ, քաջ եւ երանելի, եւ Վարդանայ սպարապետին յատուկ սիրելի ու սրտակից մտերիմն, թէ ազնիւ եւ մտացի բարուցն համար, եւ թէ հին ծանօթութեանն եւ երախտեացն: (Վասն զի յետ մահուան Ս. Սահակայ` երբ պարսիկ մարզպանք եկան ի Հայս` մեր աշխարհին կարգերը վեր վար ընելու, Վարդան թողլով իր իշխանութիւնը եւ երկիրը` քաշուեցաւ յաշխարհն Մոկաց, յերկիր Արտակայ, ամուր բերդ մը, եւ մեծ պատիւ եւ սէր գտաւ այս իշխանէս, այնպէս որ երբ յետ ժամանակաց` Պարսից թագաւորին դուռը` Հայոց նախարարք տագնապած էին, իրենց բերան առին զԱրտակ, որ համոզէ զՎարդան իրենց հետ միաբանելու ի խուրհուրդ ուրացութեան): Հիմայ Վարդան զԱրտակ բանակին միջոցը դրաւ: Այս երեք մեծ իշխանաց հետ կային ուրիշ մեծամեծ նախարարաց պայազատք եւ թագաւորական զորաց գլխաւորներ: - Բանակին ձախ թեւոյն զօրավարքն էին, ՓԱՓԱԳ ԱՌԱՒԵՂԵԱՆ. թէ ինքն եւ թէ իր ցեղն շատ ծանօթ չեն մեր պատմութեան մէջ, եւ բնակութիւննին ու՞ր տեղ ըլլալն այլ յայտնի չէ. թէ եւ կ՚երեւի մեզ Այրարատայ կողմերն ըլլալ. ԹԱԹՈՒԼ ՎԱՆԱՆԴԵՑԻ, Բասենոյ ընդարձակ դաշտերուն իշխեցողն, ասոնց ընկեր ՏԱՃԱՏ ԳՆԴՈՒՆԻ` զարմանալի մականուանեալ, գլխապետ շատ հեռու եւ օտարասկիզբն տոհմի մը, Քանանացւոց, Քամայ ցեղէն, որք ըստ պատմութեան` հալածեալք ի Յեսուայ եւ յԻսրայելացւոց` անցան յԱփրիկէ, եւ մէջերնէն մէկն Քանանիդատ անուամբ եկաւ ի Հայս, եւ ցեղն ըսուեցաւ Գնթունիք կամ Քնդունիք: Այս (ձախ) թեւին դիմաց` Պարսից աջ թեւը մեծ պատրաստութեամբ եւ բազմութեամբ կեցած էր. անոր համար սպարապետն Վարդան` ընդհանուր տեսչութենէն զատ մասնաւորապէս այս թեւին առաջնորդել կամ օգնել յանձն առաւ: Բանակին երեք թեւերուն ետեւ չորրորդ օգնական կամ վերջապահ դրաւ քաջ եւ հաւատարիմ խումբ մը, գնդապետ կարգելով իւր հարազատ եղբայրը ՀԱՄԱԶԱՍՊԵԱՆ, եւ իւր միւս սրտակից եւ նիզակակից բարեկամն ու սիրելին` ԱՐՇԱՒԻՐ ԱՐՇԱՐՈՒՆԻ. (ինչպէս որ յետոյ ասոր որդիքն` Ներսեհ եւ Հրահատ` իր եղբորորդւոյն եւ իր յաջորդին Վահանայ` սրտակիցք` եւ բազկակիցք եղան): Արշաւրայ կալուածն էր Այրարատայ հին Երասխաձոր գաւառը, որ յետոյ Կամսարական եւ Արշարունիք ըսուեցաւ: Այս երկու հաւատարմաց եւ քաջաց հետ` չորրորդ գնդին կ՚առաջնորդէր նոյն իսկ բոլոր բանակին առաջնորդն եւ սպարապետն, ինքն Մամիկոնէից տէրն, Մեծ, Քաջ եւ Սուրբ ԿԱՐՄԻՐՆ ՎԱՐԴԱՆ:

Պատերազմին ատեն` աւելի ձախ թեւոյն քով գտուեցաւ, իսկ հիմա` գրեթէ ամեն տեղ ամեն գնդի քով կ՚երեւի, ամեն մէկուն պէտք եւ պատրաստութիւնը քննելու տեսնելու, եւ հարկաւոր տալու, ըսելու. ամեն կողմ կարծես կու լսուի նոր խօսած ատենաբանութիւնն. «Ի բազում պատերազմունս մտեալ է իմ, եւ ձեր ընդ իս»: Ամեն բան կարգաւորելէն եւ վաղուան պատերազմի յարմարցընելէն ետեւ, կու դառնայ Վարդան չորս գնդերէն զատ ուրիշ եւ աննման գնդի մը մէջ, որ առաջիններէն ոչ շատ հեռու ժողովեր էր, վրանի տակ. եւ էր Հայոց եկեղեցւոյն ուխտն, հոն էին կաթուղիկոսն Յովսէփ, որ աշխարհին քաղաքական շփոթից համար դեռ հանդիսաւորապէս չէր օծուած, եւ զատ ուրիշ եպիսկոպոսաց եւ երիցանց` հոգելից եւ հրաշալից երէցն ՂԵՒՈՆԴ, որ բոլոր ուխտապահ Հայոց հայր եւ բանակին երկրորդ սպարապետ մ՚էր, եկեղեցւոյ եւ հայրենեաց աննման նահատակ մը, որուն ամենայն կրօնասէրք եւ ազգասէրք, աշխարհիկք եւ եկեղեցականք` կրնան նախանձիլ: Ս. Սահակայ եւ Մեսրովպայ վախճանելէն ետեւ, ինքն` որ անոնց երիցագոյն աշակերտն էր, իբրեւ երեսփոխան մը եղաւ անոնց. խորհրդովն եւ օրինակաւն կու շարժէր զեկեղեցին եւ զաշխարհն: Եւ ահա այս գիշերս այլ` մեր հաւատարիմ բանակին դիմաց եւ Վասակայ ղրկած հրապուրիչ պատգամաւորաց` երկար քաջալերական ատենաբանութեամբ մը Վարդանայ ըսածները կու հաստատէ կրօնական փաստիւք: Զօրականք` այդ երկու հոգեշունչ բերանոց փչմունքէն (Վարդանայ եւ Ղեւոնդայ) վառուաց` պատերազմէ վեր, յաղթութենէ վեր բանի կու պատրաստուին, - մարտիրոսութեան, պսակուելու յերկինս, եւ պահ մը զինուց պատրաստութիւնը դադրեցընելով, հոգւոյ պատրաստութիւնը կու սկսին, Մէջերնէն երիտասարդք ոմանք, այն ատենուան թոյլ տրուած սովորութեամբ դեռ երախայ ըլլալով, կու փութան ի սուրբ աւազան մկրտութեան, կանչելով, «Այս գիշեր ջրով, վաղը առտու արեամբ»: Շաւարշանի դաշտաց մէջ լճակ մը կու նշանուի Ագ-կէօլ, սպիտակ-լիճ անուամբ, կու սիրեմ կարծել թէ այս լճակիս մէջ մկրտուած ըլլան այն եռանդուն երիտասարդքն, որք գիշերը նորակնքոց ճերմակ պատմուճանը հագան, առտուն քաջաց փայլուն զրահը, երիկունը` վկայից կարմիր ծիրանին:

Հիմայ հասարակ գիշերն անցեր, եւ դիւցազնական կամ քաջասրբեան օրը ծներ է. դեռ չլուսցած` կու փութան քահանայքն գիշերային եկեղեցական պաշտօնը աւարտելու, եւ աստուածային գերագոյն նահատակութեան հանդէսը կատարելու, - սուրբ պատարագը: Թերեւս Լուսաւորչի եւ Տրդատայ, կամ մեծին Ներսիսի եւ Մուշեղայ օրէն ի վեր` այսպիսի վեհ, վսեմ, սխրալի, սրբալի հանդէս մը կատարուած չէր. պատերազմական փողերէն առաջ լսուեցաւ եկեղեցւոյ կոչնակն, սուրբ հօտապետաց քաղցրիկ խաղաղութեան ձայները, եւ երբ խաղաղարարն ամենայն աշխարհի անոնց ձեռքով սուրբ հացի կերպարանօք ծածկեալ` բարձրացաւ ի հաճութիւն Հոր եւ ի պաշտութիւն մարդկան, վաթսուն հազար կտրիճ հաւատացեալք` անձամբ եւ զինուք խոնարհեցան, երկրպագեցին, հաղորդուեցան սուրը խորհրդոցն, մարմնոյ եւ արեան Քրիստոսի Աստուծոյ, դրսի զրահներէն զօրաւոր զրահ մը հագան հոգւով, եւ կանգնելով կանչեցին. «Հաւասարեսցէ մահս մեր ընդ մահու արդարոցն, եւ հեղումն արեան մերոյ ընդ արեան սուրբ մարտիրոսացն, եւ հաճեսցի Աստուած կամաւոր պատարագաւս, եւ մի' տացէ զեկեղեցի իւր ի ձեռս հեթանոսաց»: Ապա փութացան իւրաքանչիւր իր գնդին, իր տեղւոյն, զէնքերնին զրահնին պատրաստելու, եւ ուժերնին կազդուրելու քիչ մը կերակրով, յառաջ քան զարեւուն երեւալն: Ոմանք այս բաներուս զբաղած, ոմանք այլ վրանաց դրան քով կամ իրենց կահուց եւ զինուց վրայ կռթնած, աչուընին Հայկին եւ Վահագնին համեստեղութեանց վրայ, լռիկ մռիկ երկնից եւ երկրի հետ խօսելով մտքերնէն, յանկարծ ձիերուն դափրը ու խրխինջը լսելով` կու դառնան այն կողմը, ու սրտերնէն ինչե՜ր կ՚անցնի, կու թօթուեն վարսագեղ գլուխնին, հայկական մեծ ու պայծառ աչքերն կու թաւալին լայնալիճ յօնից ներքեւ. աղեղնաձիգ մատերով խարտեաշ պերեւեշտնին շտկռտելով` կու նային կ՚երթան մութն ի լոյս հովտէ հովիտ, լեռնէ լեռ` ինչուան այն տեղն, այն շէնքը` ուր բնիկ հայրենի տնակն է, ուր թողուցին իրենց կակուղ սիրելիները… ո՜հ, ո՞րքան աւելի պիտի հեռանան քանի մը ժամէ վերջ. արդեօք վաղը այս ժամուս դեռ երկրի՞ս վրայ` թէ յերկնի՞ց պիտի նային անոնց` զոր սուրբ սէրն չիբաժներ ոչ յերկրի ոչ յերկինս: Երկընցի՜ր քիչ մ՚այլ` ով վերջին ժամ գիշերոյս, եւ թող մեր սիրասուն սրբասուն, քաջասուն Հայ երիտասարդաց ` այսպիսի մտածութեամբք կամ սրտածութեամբք սպասել ռազմայարդար փողոց ձայնին, եւ դու եդեմաշունչ հայրենի հովիկ, (եթէ ստոյգ է զգայուն մարդկան կամ երգչաց ըսածն), անցիր ասոնց շրթանց քովէն, խառնուէ այն լայնաշունչ հագագներուն, եւ գնա' հրախառն համբուրից պէս հաղորդելու իրենց յիշածներուն, իրենց սիրածներուն…. Մենք հարկաւ եւ ոչ կամաւ` անցնինք գետոյն այն կողմը, թշնամեաց բանակն այլ քիչ մը ճանչնալու:

Գ

Այս Պարսից բանակս մեր աշխարհը եկածներուն մէջ մեծերէն մէկն է. եթէ Հայք հարկի ատեն ինչուան 300, 000 եւ աւելի զինուոր կրնային հանել, Պարսք եւս առաւել, իրենց ընդարձակ աշխարհաց համեմատութեամբ, եւ հիմայ որ ուրիշ կողմանէ խաղաղութիւն ունէին` կրցան մեծաւ բազմութեամբ գալ, իրենց ամենէն երեւելի զօրավարներով, եւ ամենայն պատերազմական պատրաս­տու­թեամբք: Յազկերտ եւ իր խրատուն Միհրներսեհ` ինչուան Հնդկաստանի հրա­տանջ հովիտներէն Հայաստանի ձիւնեղէն բարձրադաշտաց վրայ խաւրեցին երամակս փղաց. զորս բանակին մէջ իրենց սպարապետն ի գունդս գունդս բաժանեց, կ*ըսէ պատմիչն, քաջաձի Հայոց հեծելոց դէմ չէին կրնար կենալ համաթիւ Պարսիկ ձիաւորք, անոր համար այս անճոռնի քնթռնաւոր գազանաց վստահացեր էին, իրենց ընտիր ձիերն այլ Հայաստանէն կ՚առնուին, եւ հաշտութեան ատեն` իրենց լաւագոյն յաղթող հեծեալքն` Հայք էին: Հիմայ այս գունդ գունդ փղաց երամակը միայն չորս հինգ խումբ այլ սեպենք կամ բոլոր մէկէն 50 փիղ (որ թէ եւ շատ, դեռ պատմչաց ցուցածէն շատ չ՚երեւիր), մէկէն անոնց քով 150, 000 Պարսիկ կու տեսնես, վասն զի կրկին կրկին կ՚ըսէ պատմիչն թէ ամէն մէկ փղի քով 3000 սպառազէն զօրականք կային, եւ կ՚աւելցընէ, «Թող զայլ զօրսն ամենայն». որոնցմէ էր Մատեան քաջամարտիկ գունդն այլ, դարձեալ ուրիշ տեղ կ՚ըսէ, որ սպարապետն Պարսից տեղեկանալով թէ 60, 000 էն աւելի են Վարդանանք, եւ թէ որք են անոնց պարագլուխքն, մէկուն դէմ երեք հոգի կու պատրաստէր: Արդ այս ամենայն, եւ ասկէ դուրս Վասակայ ուրացակից գունդքն այլ, եւ Հոնք եւ ուրիշ բարբարոսք այլ մէկտեղ առնլով, եթէ Պարսից բանակը 250, 000 զօրաց կու հասնի` ըսեմք, դեռ ճշմարտէն պակաս ըսած կ՚ըլլամք, եւ ոչ այլ աւելի` եթէ 300, 000 այլ ըսեմք, մանաւանդ որ պատմըչաց մէկն կ՚ըսէ ասոնց համար, թէ «տարածանէր երկայնէր ճակատն յերկայնութիւն դաշտին մեծի». եւ յառաջ, «ի շրջապատ տեղի Տղմուտ դաշտին ղակիշ ածեալ բանակէին»: Ղակիշ ըսածն է բանակին դորս դին ամրութիւն` ապահովութեան համար, զոր աւելի պարզաբար կու յիշէ առաջին պատմիչն: «Բանակն բոլորէր, փոս հատանէր, պատնէշ կանգնէր, շերտաւոր փակէր, ամրացուցանէր իբրեւ զքաղաք ամենայն պատրաստութեամբ»: Վասն զի կու վախէին Պարսք թէ Վարդանանք յանկարծ վրանին հասնին, եւ կրնային այլ այնպէս ընել, ըստ Ղազարայ Փարպեցւոյ. բայց ասիկայ յանդգնութեան գործ մը կ՚ըլլար. եւ ամենայն պատրաստութիւն, մանաւանդ հոգեւորը` ընելու ատեն չէին ունենար. - վասն զի երկու բանակներն այլ գրեթէ մէկ ատեն հասան պատերազմին տեղը. Պարսք` Հերայ եւ Զարեւանդայ կողմերէն (Խոյի եւ Սալմաստայ), Հայք յԱրտաշատայ, պատերազմին առաջին օրը. եւ տեսան որ Պարսք նոր հասեր են եւ բանակնին ամրացընելու վրայ են: Պարսից սպարապետն էր Մուշկան Նիւսալաւուրտ (որ թերեւս նշանակէ թաւ-երես. բուրդ-մօրուք), իրենց ամենէն երեւելի զօրավարն. եւ կ՚երեւի թէ նոյն անձն է, որ Հայոց թագաւորութիւնը վերցուելէն ետեւ` երկու անգամ մարզպան դրուեցաւ ի Հայս, եւ հոն չգտած պատուին վրէժն առնուլ ուզեց այս առթիւ. իրմէ յարմար անձ մը չէին կրնար գտնել Միհըրներսեհն եւ Յազկերտ: Պատերազմին ատեն ինքն կեցաւ ընդհանուր զօրավար բանակին կեդրոնը կամ մէջ տեղը, Պարսից ամենէն կտրիճ քաջաց քաջ անյաղթ եւ անմահ սեպուած գնդով, որ է Մատեան կամ Մատենիկն, որք Մակեդոնացւոց փաղանգին պէս քովէ քով պարսպի նման անբաժ կու կենային եւ մէկտեղ շարժէին, եւ թէ մէկն ընկնար, տեղը ուրիշ մը կ՚ամբողջացընէր գունդը: Ձախ թեւին զօրագլուխ` կ՚երեւի թէ էր Դովղը, որ եւ բոլոր բանակին մէջ նախապատիւ էր յետ Մուշկանայ, եւ Հայոց աջ թեւին դէմ կու կենար (ընդդէմ Խորենայ). բայց այս կողմէն պատերազմը չի զայրացաւ, կամ թէ երկու դիմամարտք այլ հաւասար քաջութեամբ կռուեցան իրարու հետ. այլ սաստկութիւնը արեւելեան կողմն էր, ուր էր Պարսից աջ թեւն. եւ հոն գումարած էին բոլոր նիզակակից ազգաց զօրքն, որոց մէջ գլխաւորք էին (դժբաղդաբար) Հայք եւ Կատիշք, որ են Հայոց արեւելեան սահմանակիցքն Կազբից ծովուն մօտերը. ասոնց այլ դրակից Գեղք (Տիլէմ). ասոնցմէ զատ Ապարհայիկք կամ Ապարհացիք, եւ Հոնք` որք ի հարկէ մեծաթիւ պիտի ըլլային: Հայոց սեւցած գնդին գլխաւորն պէտք էր ըլլալ ինքն վատն Վասակ, տէրն Սիւնեաց, (որ քան զամեն ցեղ Հայոց` թազմաթիւ զօրաբաժին ունէր յաշխարհագումար հանդիսին Հայոց, 11, 400 կռուող. ) Սիւնեաց իշխանին միաբանք էին իշխանք Բագրատունեաց, Խորխոռունեաց, Վահեւունեաց, Ապահունեաց, Ակէոյ, Ուրծայ եւ մասն մի Ամատունեաց եւ այլոց, որոց զօրաբաժինք գումարին 8000ի չափ, եւ Սիւնեաց գնդին հետ 20000ի կու մօտենան. Վարդանանց զօրաբաժինէն գրեթէ աւելի են, ասոր համար ըսի` որ ասոնց չափ այլ կրնային հետեւող ունենալ եւ բոլորն 60-70000 ըլլայ: Այս երեք թեւերէն զատ էր չորրորդն, եւ անոր առաջնորդ Արտաշիր, իբրեւ վերջապահ, միանգամայն եւ փղապետ, որ մեծ խումբ մը գազաններով` մէկայլ զօրաց ետեւը կեցած էր, եւ ուր պէտք ըլլար` հոն օգնութեան պիտի շարժէր:

Դ

Բայց հոս չուշանանք, վասն զի ահա լուսացեր է պատերազմական օրն, օրն մեծ, օրն անմոռանալի: Երկու բանակներն իրենց հրամայուած տեղը եւ կարգը կու բռնեն. Պարսից սպարապետն իւր երեսուն բիւր զօրաց եւ փղաց բազմութեան դիմաց` կու տեսնէ գրեթէ հաւասար երկայնութեամբ շարուած բանակ մը. բայց գիտէ այլ որ իրենին պէս թանձր չէ նա. հազիւ քանի մը կարգ զօրաց կան ետեւէ ետեւ. զայն այլ գիտէ (մեր ցաւովը) որ անոնցմէ այլ ոմանք բոլոր սրտով միացած չեն բուն ուխտապահ Հայոց, այլ Վասակայ հրապուրանօք պղտորած. եւ եթէ վարպետ խաղ մը խաղայ` կրնայ զանոնք իր զօրաց հետ խառնել, կամ պատերազմէ դուրս հանել. գիտէ որ իր նիզակակից սեւցած Հայերն` այն որ Վասակայ հետ իրենց միամտութիւնը Պարսից ցուցընելու համար` աւելի քան զՊարսիկս քաջութեամբ պիտի կռուին, կամ աւելի ատելութեամբ. ինչպէս որ կ՚ընեն թշնամացեալ բարեկամք: Ասոնք իրեն մէկ մէկ յոյս մեծ մեծ մխիթարութիւնք են. բայց քանի որ կու մտածէ թէ իր բուն թշնամեաց, թէ եւ քիչուոր այլ հաւատարիմ Հայոց` սպարապետն է Վարդան, այն ժամանակի (ըսեմք ամեն ժամանակի) զօրավարաց օրինակ, եւ Պարսից թագաւորին անգամ` քաջութեամբն դեռ սիրելի եւ հարկաւոր անձ մը, Մուշկանայ բոլոր պատրաստութիւնն եւ բազմութիւնն տարակուսելի կ՚երեւի, ու կու տագնապի: Բայց ժամն կռուոյ կու մօտենայ. կու ժողովէ գնդապետները ու զօրավարները, կու յիշեցընէ իրենց պարտքը, Վարդանանց կտրճութիւնը, քաջութեան եւ յաղթութեան վարձքերը, վստահութեան եւ փախստեան պատիժները եւ դատապարտութիւնը, եւ կու խաւրէ իւրաքանչիւր իր կարգին:

Այս բաները լսելու կարօտ չէին Հայք, բաւական լցուած Վարդանայ, Ղեւոնդի եւ Քրիստոսի հոգւով, որ դեռ սրտերնուն մէջ կու խօսէր. կրնար ուրեմն իրենց սպարապետն այլ քիչ մը այն գիշերուան վերջին պահին` առանձնանալ իր վրանին տակ. նախ խօսիլ ընդ Աստուծոյ եւ յանձնել իր կեանքը եւ մահը, որոց երկուքն այլ ստուգիւ կու փափագէր, եւ կու հաւատայր այն որ փոխել յանմահութիւն. ապա երկրիս վրայ հարկաւոր եղած բաներուն համար յետին կամքը աւանդել ի կտակ կամ ի սիրտ մտերմաց. մինչ սպասաւորքն եւ թիկնապահք զէնքերը եւ զարդերը կու պատրաստէին:

Ահա հագաւ, հեծաւ, զուարթացաւ Վարդան, արեւէն աւելի ցանկալի եւ սպասելի այն օր` իր սիրելեացն. ամենուն աչքն` ոչ այնքան թշնամեաց բազմութեանը վրայ սոսկմամբ կու նայէին, որքան սիրով կու դառնային այն բարձրասուր կաթողիկէաձեւ շիկակարմիր վրանին, որոյ դրան վերեւ ոսկի արծուին թեւատարած, չորս բոլորն կարմիր–կանաչ–սպիտակ դրօշներ հովէին ծալլուելով ու բացուելով` իբր ծափ ծափի տուած կու հրաւիրէին զՎարդան. զՎարդան հրաւիրելով` վրանին եզերքը պար առած պահապան ու պատուոյ գունդն` նշան տուին, եւ սկսան շարժիլ. յանկարծ վրանին փեղկերը վերնալով բացուեցան, թիկնապահք եւ սպայք, հեծեալք եւ հետեւակք` փայլ փայլ զէնքերով իբրեւ ամպէ մը սկսան դուրս թափիլ. եւ խումբ մը ծաղկազգեստ կայտառ երիտասարդաց` 25 տարուընէ վեր լռած ձայն մը ձգեցին, որոտալուր, ահաւոր, վսեմ եւ քաղցր ձայն մը, որ մեր յետին Արշակունի Արտաշէս թագաւորին սեւ օրէն վեր չէր լսուած…: Արքունական երաժշտաց դասն էր, որ այն օր ի Վարդան կու ճանչէր Հայոց թագաւորը, առաջնորդը, յոյսը եւ փառքը. եւ երբ մեծամեծ ոսկեփայլ դալարուն եւ անդալար պղինձներն լայնաբոլոր բերաննին յերկինք շտկած` իբրեւ յետ երկայն հառաչանաց` հայկական պատերազմի եղանակը հնչեցին, ո՜հ, բոլոր բանակն, գետին ու լերինք թնդալով դոփելով որոտացին, Փա՜ռք, Հայոց, Սուրբ սպարապետ, Վարդան քաջ: Եւ ահա յերեւան եկաւ քաջն այն, Կարմիրն այն Վարդան, ճառագայթներուն ետեւէն դուրս վազող արեւուն պէս, իր նախապապուն Մուշեղի նման` ճերմակ, ճարտուկ, ճախրասլաց, բարձրապինչ բարձրափռինչ ձիուն վրայ յարմարած` քան թէ հեծած կամ նստած. վասն զի ձին գրեթէ սանձի անկարօտ եւ տիրոջը տակ աւելի թեթեւցած քան թէ առաջ` չես գիտեր կու խաղա՞յ թէ կու թռչի. իսկ տէրն իբրեւ եզեկիէլեան անուի մը վրայ հանգչած` թեթեւութեամբ ամեն դի կու դառնայ, կու թռչի, կու հասնի: Ոսկէխառն արծաթակուռ սպառազինութեան վրայ` ձգած է մեծ ծիրանի ու ոսկէթել սամոյր-օձիք վերարկուն, զոր արեւակերպ ականակուռ ապիզակ կամ ճարմանդ մը կուրծքէն վեր կու միացընէ, օղակներէն յակունթներ կախուած, եւ ինչուան նռնագոյն կոշիկները կ՚իջնէ. գլուխն արծաթախառն սաղաւարտ` ոսկէքանդակ գարգմանակաւ, որոյ կռնակէն դէպ ի գագաթն ոսկի արծուի մը կայ, եւ վարի եզերքը բոլորած պսակաձեւ թագ մը, անոր վրայ այլ պլլուած բոլոր գերագոյն իշխանութեան նշանը` աշխարհաւանդ ըսուած հանգոյցը, որոյ ծայրերն ցցունազարդք` ուսոց վրայ կ՚իջնեն: Բայց արդարեւ տեսութեան արժանի մասն` այն հանգուցին ներքեւ էր. բոլորակերպ, կարմրայտ գրեթէ ճառագայթարձակ, զուարթ դէմք մը, նման եգիականն Արամազդայ, բայց Ամպրոպայնոյն աչքերով: Խաչգլուխ եւ խնձորգլուխ ձողերու եւ նիզական վրայ` բաց յեռագոյն դրօշից կու ծածանին զանազան գունով եւ նշանով վառեր, Մամիկոնէից տէրութեան, Հայոց սպարապետութեան, Յունաց ստրատելատութեան եւ Հայ թագաւորի տեղակալութեան. զորս ուրախութեամբ ողջունելով 66, 000 բերան` Պարսից անհուն բանակին եւ անճոռնի փղերուն ձայնն այլ կու խափանեն պահ մը: Վարդան յառաջ անցնելով իր սպայից գնդէն` մէկ մը ճերմակովը կու թռչի բանակին մէկ ծայրէն ինչուան մէկայլը, ողջունելով, խրախուսելով, գրեթէ նոր ոյժ մը փչելով, եւ նշան կու տայ սկսելու զպատերազմն: Ահա մէկէն կու սկսին զէնք ձգել վեց բիւրքն Հայոց. ոմանք սպառազէնք (այսինքն բոլոր զրահ հագած), ոմանք մերկք (այսինքն անզրահ), եւ ասոնք են աղեղնաւորքն, ոմանք վահանաւորք, հետեւակք` նիզակաւորք եւ սուսերաւորք. աւելի շատն հեծեալք ծանր կամ թեթեւ զրահով:

Ե

Հիմայ թողունք որ քիչ մ՚այլ խօսի Եղիշէ. «Իբրեւ այս այսպէս պատրաստեցան, երկոքեան կողմանքն լի սրտմտութեամբ եւ մեծաւ բարկութեամբ զայրանային, եւ գազանացեալ զօրութեամբ յիրեարս յարձակէին երկոքեան. եւ ամբոխ աղաղակին յերկոցունց կողմանց` իբրեւ ի մէջ ամպոց շփոթելոց` ճայթմունս գործէր. եւ հնչումն ձայնիցն` զքարանձաւս լերանցն շարժէր: Ի բազմութենէ սաղաւարտիցն եւ ի փայլիւն պատենազէն վառելոցն` իբրեւ նշոյլք ճառագայթից արեգական հատանէին: Նա եւ ի բազում սուսերացն շողալ, եւ ի ճօճել բազմախուռն նիզակացն` իբրեւ յերկնուստ ահագին հրաձգութիւնք եռային: Քանզի ո՞վ իսկ է բաւական ասել զմեծամեծ տագնապ ահաւոր ձայնիցն. ո'րպէս կոփիւնք վահանաւորացն եւ ճայթմունք լարից աղեղանցն զլսելիս ամենեցուն առ հասարակ խլացուցանէին: Անդ էր տեսանել շտապ մեծի տագնապին եւ զաղէտս անբաւ տարակուսանացն երկոցունց կողմանցն, առ ի յանդուգն յաձակմանէն զմիմեանս բախելով. քանզի թանձրամիտքն յիմարէին, եւ վատասիրտքն լքանէին, քաջքն խիզախէին, եւ նահատակքն գոչէին»:

Այս մեծ ու բաղդավճիռ ճակատամարտս, ուր 300, 000 եւ աւելի անձինք կռուե­ցան գրեթէ յառաւօտէ մինչեւ յերիկուն, որչափ նշանաւոր է սաստկու­թեամբն` նոյնչափ այլ քիչութեամբ մեռելոցն. երկու կողմէն մէկտեղ հազիւ 4 կամ 5000 մարդ ընկան. որոյ պատճառ, մէկ մը երկուքին այլ հմտութեամբ եւ վարպետութեամբ շարժելն է. մէկ մ՚այլ բանակաց մէջտեղ գետ մ՚ըլլալն, որով երկայն ատեն հեռուէն նետաձգութեամբ եւ ուրիշ հեռաձիգ զէնքերով կռուէին. Հայք աղեղնաւորութեան մէջ շատ վարպետ էին, որով աւելի յաջողեցան Պարսից վրայ, բայց թուով նուազ ըլլալով` կրնային յօգնիլ առանց քշելու Պարսիկները, իսկ ասոնք թէ եւ բազմաթիւ` չէին համարձակեր Հայ աղեղանց դէմ գետը անցնիլ, մանաւանդ առանց փղերու` զորոնք դժուար էր շարժել: Բայց կամաց կամաց երկու բանակն այլ սկան մօտենալ ի գետեզերքը, եւ հարկ էր որ մէկն կամ մէկայլն անցնի դիմացի կողմը իբր յաղթող. եւ Հայք առին այս առաջին յաղթութիւնը: Իրենց երկրին դար ու փոս դիրքն` զիրենք չարքաշ եւ փորձ ըրեր էին. յաջողութեամբ անցան ջուրը, մինչ Պարսիկք տարակուսեալ կու վխտային եզերքը: Հայք ջրէն ցատքելով առաջին թափով դիմացի եղողները քշեցին. բայց իրենք այլ սկսան Պարսից բազմութեան ոյժը իմանալ:

Հոս գրեթէ նորէն սկսաւ պատերազմն, եւ բաղդն յերեւան գալ: Բանակաց արեւմտեան թեւքն հաւասար իրարու կ՚ընդդիմանային, եւ գրեթէ ինչուան վերջը սակաւաթիւ Հայք` Դողվըճայ դէմ կեցան, ինչուան որ իրենց երեք գնդապետ զօրավարքն այլ` քաջապէս ընկան նահատակուեցան դաշտին վրայ, Խորէն, Արսէն եւ Ներսեհ: Միջին թեւքն այլ նոյնպէս սաստիկ ճգամբ եւ գրեթէ հաւասար կու կռուէին. իսկ արեւելեան թեւերուն, ուր Հայք Հայոց դէմ էին, Վասակայ հրապոյրն զօրացաւ, եւ Վարդանանց կողմի թեւն սկսաւ տկարանալ. այն շփոթութեան ատեն գունդ մը անկէ զատուելով` փախաւ կամ պատերազմէն դուրս ելաւ. այս բանս բոլոր պատերազմը կերպարանափոխ ըրաւ: Աւելի մեծ շփոթութենէ ազատեց իր բանակը` արթուն եւ երագահաս սպարապետն, որ տեսնելով ձախ թեւին ետ քաշուիլը, վերջապահ ջոկոկ մը հասաւ օգնութեան, նորէն կարգի մտուց հաւատարիմները, եւ ինքն առաջ անցնելով ընկաւ Պարսից աջ թեւին վրայ. յորում ուխտազանց Հայք, եւ հիւսիսային ու արեւելեան ազգաց գունդեր կային, եւ քշելով տարաւ ձգեց անոնց միջին թեւին եւ փղակուտին վրայ: Նոյն ատեն Վահան Արծրունի այլ Հայոց միջին գնդաւն սաստիկ թափով յարձըկելով Պարսից միջին եւ բուն գնդին վրայ` խռովեց, շարժեց եւ դէպ յարեւելք քշեց. որով Պարսից երկու շփոթուած շարժած գնդերն այլ ընկան իրարու վրայ, ու Վարդանայ եւ Վահանայ սուրերուն մէջ. եւ եթէ ասոնք շատուոր ըլլային, կամ նոյն ատեն վերջապահ գունդն այլ իրենց օգնութեան հասնէր, թերեւս բոլոր Պարսից բանակը պղտորէին. վասն զի Վահանայ եւ Վարդանայ բախմունքէն` անվանելի Մատեան գունդն անգամ պատռուեցաւ, 140 անմահ Պարսիկ` Հայոց սպարապետին եւ Արծրունի նիզակակցին սուրերով մահացան, մեէայլներն այլ փախչելու վրայ էին. եւ ահա վարած կորած Վասակայ չար գլուխն տեսնուեցաւ իր յետ քշուած գնդին մէջ. Վարդան արդար վրէժխնդրութեամբ դարձաւ այդ անիծապարտին վրայ, որ իր թելադիր սատանային սիրած օձուն պէս` սողոսկելով սպրդեցաւ, փղերուն մէջ փախաւ պահուըտեցաւ: Թերեւս Վարդանայ պէտք չէր այնչափ յառաջ նետուիլ կամ հոս ուշանայ. բայց ինքն արդէն ըլլալիքը գուշակելով, աւելի երկնից նահատակ քան յերկրի յաղթող ըլլալ փափագէր: Պարսից սպարապետն Մուշկան` որ կենաց եւ մահու, յաղթութեան կամ յաղթուելու ժամը հասած կու տեսնէր, որչափ որ տագնապեցաւ ի Վարդանայ, անոր շատ յառաջելն այլ իրեն օգուտ առաւ. տեսաւ որ անոր եւ մնացեալ Հայոց միջին ու ձաթ թեւոյն մէջ` մեծ միջոց կայ. իր շփոթեալ զօրաց դասերը եւ Մատենիկ գունդը ժողվեց սրտապնդեց, ու մաս մը այն հեռու մնացեալ Հայոց վրայ դարձուց, մաս մ՚այլ Վարդանայ եւ Վահանայ դէմ կենալու. եւ ասոնց ետեւէն գալու եւ մէջ փակելու` պատուէր տուաւ շուտով, փողեց կանչեց Արտաշրի` որ փղերը առաջ քշէ. ինքն այլ իր յատուկ գնդով յառաջ անցաւ: Եւ այսպէս երկու երեք կողմէ պատելով հոն, «Կորովին Վարդան իւրովք քաջ նիզակակցօքն` ոչ սակաւ նախճիրս ի տեղւոջն գործեաց. յորում տեղւոջ եւ ինքն իսկ արժանի եղեւ առնուլ զկատարեալ նահատակութեանն պսակ»: Վարդանայ հետ հոն պսակուեցաւ իր պատուակից եւ նիզակակիցն Վահան Արծրունի. այս երկու պարագլխոց պէս` իրենց գնդից ինչուան վերջին շունչը առաջնորդելով եւ կռուելով` ընկան մեծափառ քաջութեամբ աջ թեւին երեք զօրագլուխքն, զոր վերը յիշեցինք, ձախ թեւին գնդապետն այլ Տաճատ Գնթունի. այս թեւէն եւ միջին թեւէն երկերկու զօրաւոր զօրագլուխք ապրեցան. անոնց տեղ ուրիշ զօրապետ իշխանք ընկան ԱՐՏԱԿՆ ՊԱԼՈՒՆԻ, ՀՄԱՅԵԱԿ ԴԻՄԱՔՍԵԱՆՑ, ՎԱՀԱՆ ԳՆՈՒՆԻ եւ ԳԱՐԵԳԻՆ ՍՐՈՒԱՆՁՏԵԱՆ, որով յայտնի եղաւ` որ թէ Վարդան եւ թէ իր հաւատարիմ նիզակակիցքն` մտքերնին դրեր էին` կամ հալածել քշել զթշնամին, կամ ինչուան վերջը պատերազմելով մեռնիլ. եւ արեամբ քաւել բոլորովին իրենց սուտ ուրացութեան յանցանքն այլ: Ասոր համար երբ Պարսից զօրքն մտան ի Հայս, Վարդան հրաւէր խաւրեր էր իրեններուն` ոչ այնքան ի պատերազմն` որքան ի մարտիրոսութիւն, ըսելով. «Գունդ բազում հասեալ գայ, բերելով աստուածասիրաց պսակս երկնաւորս. արդ որ ոք ցանկայ առնուլ` աճապարեցէք, զի մի' վրիպեսցի ոք եւ զղջանայցէ Եւ զայս լուեալ ճշմարտասիրացն եւ զանմահութիւն սիրողացն` դղրդեցան, ելեւելս առնելով զմիմեամբք, որպէս հոտք որ ի ձայն աղի փութայցեն զկնի հովուաց»: Իսկ վերջապահ գնդին մեծ զօրագլուխքն Արշաւիր եւ Համազասպեան` պատերազմին սաստիկ խառնուրդէն հեռու ըլլալով` իրենց պաշտօնը կատարեցին. յետ նահատակութեան արժանաւորաց` եւ երեկոյին վրայ հասնելուն, ետ քաշեցին ուխտապահ զօրքերը, որ իրենցմէ յանդուգն եւ յառաջադէմ վարիչնին կորուսեր էին. ուստի ոմանք այս երկու վերջապահ զօրագլխաց գնդին խառնուեցան, ոմանք այլ ցրուեցան զանազան կողմ, կամ բերդերու մէջ քաշուեցան: Տասն պարագլուխ նահատակեալ իշխանաց հետ, իւրաքանչիւրին ցեղէն (բաց յԱրծրունեաց) 276 կամ 286 կտրիճք ընկան բուն պատերազմին ատեն. որոց գրեթէ կէսն, 137 հոգի Վարդանայ հայրենակից` տիրասէր Մամիկոնեանք էին, մնացելոց մէջ բազմութիւնք են` Արտակայ տոհմակից Պալունիք, 57 հոգի: Ասոնցմէ դուրս են Արծրունիք, որոց թիւն թշնամութեամբ ջնջուած կ՚երեւի. նոյնպէս նշանակուած չեն ուրիշ ցեղերէ եւ թագաւորական գնդէն մեռողաց զատ զատ թիւերն. բայց առաջիններուն հետ մէկտեղ բոլոր պատերազմին մէջ ընկողքն էին 696 հոգի. ասոնցմէ զատ քանի մը հարիւր այլ նոյն օրը ձեռք ընկան եւ փղաց ոտնակոխ եղան, կամ ամրացած տեղերէն բռնուած սպանուեցան. եւ ասոնցմով ու առաջիններով միագումար նահատակելոց թիւն եղաւ 1036 2 , զատ ի տասն նախարարաց: Իսկ թշնամեաց կողմէն պատերազմի մէջ ընկան ինն մեծ իշխան եւ 3544 մարդ. որ է ըսել եռապատիկ կամ քառապատիկ աւելի քան զՀայս:

Զ

Ի՞նչ եղաւ այս մեծ եւ հռչաւոր պատերազմին հետեւանքն: Հայք` բարոյապէս յաղթեցին, Պարսք աշխարհօրէն: - Վասակ եւ Պարսիկք նախ սկսան առջի հնարքները բանեցընել. ուխտապահ Հայք այլ իրենց հնարքը, ոմանք բերդերու մէջ ամրացան, ոմանք այլ կռուով Պարսից դէմ կեցան, ինչուան անոնց սահմաններն այլ յարձակելով. եւ ստիպեցին զՅազկերտ` որ զիրենք ազատ թողու իրենց սուրբ կրօնից պաշտաման եւ իրենց հայրենի սովորութեանց մէջ: Յանձն առաւ եւ թողուց Յազկերտ. եւ որովհետեւ քահանայք եւ գլխաւոր նախարարք բողոքեր էին առ նա ընդդէմ Վասակայ, կանչեց զանոնք իր դուռը, զոմանս կամաւ եւ զոմանս բռնի. եւ բոլոր Պարսից ատենին առջեւ քննելով` յանցաւոր գտաւ զչարեացապարտ իշխանն Սիւնեաց Վասակ. եւ դատապարտեց մահուան բանտի, ուր եւ չարաչար ցաւերով մեռաւ: Քահանայից գլխաւորները Ս. Ղեւոնդեանք, նահատակել տուաւ (յամի 453). իսկ Հայոց նախարարները բանտեց ի Պարսկաստան, ուր եւ մնացին զանազան պատճառաւ 15 տարւոյ չափ. յետոյ Պերոզի թագաւորութեան ատեն արձակուեցան դարձան իրենց հայրենիքը, ուր կային դեռ սեւցած ուրացող Հայերէն. եւ նորէն ասոնց գրգռութեամբ սկսան Պարսք հակառակիլ ուխտապահաց, որոց գլուխ կեցաւ Վարդանայ արժանաւոր եղբօրորդին Վահան. եւ քանի մը տարի պատերազմով յօգնեցնելով Պարսից զօրավարները, վերջապէս ստիպեց եւ հաւանեցուց զթագաւորը` որ թողու զՀայս ազատ իրենց կրօնից եւ հայրենի սովորութեանց եւ իշխանութեանց մէջ. եւ նոյն ինքն Վահան եղաւ բոլոր Հայոց վերակացու իշխանապետ եւ իբր փոխարքայ, մարզպան կոչմամբ, յետ 35 տարւոյ պատերազմին Վարդանանց:

Ահա այս եղաւ հետեւանքն Շաւարշանի երրորդ հանդիսին: Այսպէս կատարեց Վարդան իր օր մ՚ըսածը` Պարսից թագաւորին եւ բոլոր արքունեաց առջեւ, թէ այսպիսի գործ մը պիտի գործեմ` որ բոլոր աշխարհք պատմըւի մինչեւ յաւիտեան: Յիրաւի, մեր նախահօր Հայկին օրէն եւ իրեն թոռնորդւոյն Գեղեցիկն Արայի օրէն ինչուան յարքայորդին Թորոս եւ ինչուան ի քաջն Լիպարիտ, զօրավար Զ Լեւոնի, վերջին թագաւորին Հայոց, Հայ իշխանաց եւ զօրավարաց մէջ` ամենէն սիրելին եւ տօնելին մեր Հայոց ազգի խորանաց, սրտից եւ բերանոց մէջ` է Կարմիրն Վարդան, որդի Համազասպայ Մամիկոնէից տեառն եւ Հայոց սպարապետի եւ երբեմն իշխանապետի, թոռն մեծին աստուածապատիւ հայրապետին Սահակայ Պարթեւի. որոց քաջութեան եւ սրբութեան գրկաց մէջ ծնաւ, սնաւ, գործեց ու մեռաւ. պատուեալ կենօքն` ոչ միայն իր ազգէն` ինչուան թագաւորի տեղակալութեամբ կամ արքունի տան պահպանութեամբ, այլ եւ ի Յունաց եւ ի Պարսից. բոլոր Հայոց սպարապետ ըլլալով քսան տարի, ազգային եւ օտար նշանաւոր զօրավարաց շատէն վեր անցաւ. 42 մեծ ճակատամարտի մէջ յաղթող ելլելով, զոր աւելի Պարսից ծառայութեան մէջ ըրած էր զանազան աշխարհքներ, ինչուան Խորասանի եւ Թուրքաստանի անապատին մէջ Մէրու կամ Մէրվիրուտ գետոյն վրայ, ուր նոյն ինքն Յազկերտ թագաւորն ականատես ըլլալով անոր քաջութեանը, եւ ուրիշ գործքերն այլ լսելով, հիմա իր զօրաց կոտորածէն եւ նախարարաց սպանուելէն աւելի` Վարդանայ մահուան վրայ ցաւեցաւ, եւ դատափետեց զՎասակ իբրեւ պատճառ անոր մահուանը. եւ բոլոր արքունեաց առջեւ կ՚ըսէր, «թէ զայնպիսի քաջ եւ պիտանի եւ զվաստակաւորն մեր` զՎարդան եւ կայսր (Յունաց) եւ կամ Հոնաց արքայ բնութեամբ յինէն հանել կամէին, (ես) ամենայն Արեաց (Պարսից) ուժովս կռուէի, եւ չտայի հանգչել, մինչեւ այսրէն յիս հանէի»: Պանծալի վկայութիւն եւ արժանաւոր համարմունք. բայց ափսո՜ս քեզ, ո'վ կոյր թագաւոր, որ անխոհեմութեամբ կորուսիր այնպիսի պիտանի մարդը, զոր միայն իր ճշմարիտ սիրելի հայրենիքն եւ եկեղեցին անկորուստ պահեց մինչեւ ցայսօր:

Վարդան նահատակութեանն ատեն գոնէ յիսնամեայ պիտի ըլլար. իրեն ժառանգ արու զաւակ չթողուց, անոր համար Մամիկոնէից տէրութիւնն անցաւ իր Հմայեակ եղբորը, որ նոյնպէս քիչ ատենէն նահատակուելով, յաջորդեց անոր որդին հռչակաւոր կտրիճն Վահան, յետ դարձին ի Պարսից: Բայց դուստր մը ունէր Վարդան` իր հօրը եւ իր գեղեցկութեան պատճառաւ կրկին անուամբ կոչուած, Վարդենի եւ Շուշանիկ, որ Վրաց բդեշխին կամ Գուգարաց նահապետին Վազգենի տիկին եղաւ, եւ անոր անգութ ձեռքով նահատակուեցաւ, երկայն եւ սքանչելի համբերութեամբ եւ իմաստութեամբ, յայտնի ցուցընելով որ դուստր է Վարդանայ եւ թոռնեայ Ս. Սահակայ, որոց փառք մ՚այլ աւելցուց, մեր եկեղեցւոյ տոնելի վկայուհեաց պարծանք ըլլալով, եւ ցուցած արութեամբն` ոչ պակաս քան զքաջամարտիկ սուրբ գունդն Վարդանանց:

Վարդանայ անգին մարմինը, անշուշտ հաւատարիմ Մամիկոնեանքն` չթողուցին աւար Պարսից, այլ իբրեւ պանծալի նշան եւ դրոշ հայրենեաց` քաջաբար վերուցին: Նշխարքն զանազան տեղ ցրուեցան, եւ յետոյ մինչեւ ի Համշէն, ուր կու յիշուին եւ ի սկիզբն ԺԶ դարու: Բայց Ոգին հայրենեաց, հաւատարիմն Հայաստանի, որ իր քաջանշան որդւոց վարձու եւ անմահութեան մէկ մէկ անակնկալ եւ վսեմական բան կամ անուն կու հնարէր, յափշտակեց Վարդանայ նշխարաց մէջէն այն թանկ գլուխը, որ զինքը դնելով բոլոր Հայ աշխարհին եւ եկեղեցւոյ վրայ` աւելի բարձրացուց զանոնք, եւ այն ջաջուռ աջը` որ երեսուն տարի արեւելից եւ արեւմտից մէջ քաջագոյն սրբագոյն վարիչ էր բանակաց, յաղթութեանց վճռահատ, եւ պսակաց հաւաքող, առաւ դրաւ` անոր մարմնով մայրենի նախահաւուն եւ հոգւով հօրն` հանգստարանին մէջ, Ս. Լուսաւորչի նշխարաց քով: Սեպուհ լերան սրբազան սարերուն մէջ միաբանեցան երեք վեհագոյն նշխարք եւ մեծագոյն յիշատակք եւ աստուածափառ նահատակքն Հայոց. ԳՐԻԳՈՐ, ՏՐԴԱՏ, եւ ՎԱՐԴԱՆ:

Է

Ս. Վարդանանց վրայ երդուած գանձ մը լսենք, որ բազմաց անծանօթ է.

«Որ զամենայն յամենայնի լնուս առատապէս, արարեր զիմանալի զօրս վերինս քեզ ի հաճութիւն. հաճեցար եւ ի մարդկանէ առնուլ սպասաւոր եւ փառաբանիչս անուանդ քում սրբոյ, ընդ որս եւ ի շառաւիղէ մերոյն համայնից հօրն լուսոյ` զՔաջն Վարդան, հանդերձ իւրայովքն. զորս կարգեցեր ի զօրս վերինս գերապանձ լուսով զարդարեալ. ընդ որս Ատոմեանց զօրացն յայտնապէս տեսեալ ի վերուստ իջեալ պսակ լուսոյ բոլորեալ: Ընկալ Տէր, զաղաչանս միաբան ժողովելոցս քեզ ի հաճութիւն. աղաչեմք:

Վսեմական վիպասանութեամբ պատմաբանի ձեր գործ հանդիսի, Քաջդ Վարդան, արի, երջանիկ, հանդերձ միախումբ ընդ քեզ վառելովք, թիւ հազարաց եւ երից տասանց հանդերձ վեցեկի թուով. լիալիր սիրով վառեալ ի սէրն Աստուծոյ. հանճարական ձեր իմաստութեամբ, մաքուր անձամբ, մաքրափայլ մտօք, մաքրազարդից գոլ հանդիսակից, արժանաւորք յաւէտ գովութեան, տիրապէս հաճոյք Աստուծոյ: - Ընկալ, եւ այլն:

Ստացայք ձեր անուն քաջութեան յերկինս եւ յերկրի, քաջ զօրականք, ընտրեալք յԱստուծոյ, որք ըստ հրամանի փրկչին Յիսուսի սպառազինեալք` մեցաւ հաւատովք, բարձեալք ըզխաչն տէրունական, յուսով հետեւեալք զհետ խաչելոյն, սուսերբ Հոգւոյն, բանիւ բարձրելոյն ամրացուցեալք զմէջս իմանալիս, կրկին մարդով կրկնակի վառեալք որպէս զքաջք ի պատերազմի, վանեալք ցգունդս լեգէոնաց հակառակորդացն ճշմարտութեան: Ընկալ, եւ այլն:

Էական լուսոյն հետեւեալք` յերկրէ յերկինս ըռահ կազմեալ, վասն ճանապարհին ճշմարտութեանն` ճամբարապատ ճանապարհ հորդեալք, զխարդախութիւն ունայնախոհացն` արդարութեանն ընտրանաւ յայտնեալ, սուր երկսայր ունելօք բարձեալք_ վրիժապարտ ազգին վատշուէր ի մաքառումն պատրաստական. զծաղկածին դաշտն Վատնական` կարմրածաղիկ արեամբ ձեր ներկեալ, արգասաւոր ձերով հանդիսիւ զարդարելով զբամբիշ Քրիստոսի: Ընկալ, եւն:

Սուրբք եւ սիրեցեալք եւ ճշմարիտ զօրականք ընտրեալք ըստ հաճոյից Տեառն պատրաստեալք, զբարիոք մարտն մատուցեալք ի յաղթական ձեր պատերազմի, զբրաբիոնն ձեր մրցանակի արժանապէս յանձին ընկալեալք. որպէս զքաջ յաւէտ նահատակք արիական ձեր պատերազմաւ թեւակոխեալք ի վերնասիովն ի կենդանւոյն քաղաք Աստուծոյ, ի պօղոսեան մայրն առաքելոյ, քաղաքակիցք գտայք հանդիսի. բարեխօս լերուք առ Տէր վասն տօնողացս զյիշատակս ձեր, զօրականք ընտրեալք: Ընկալ, եւ այլն:

Այս գանձիս կամ քարոզիս հեղինակն է Մովսէս ոմն, ինչպէս որ անգլուխ տառքն ցուցընեն,, որոյ առաջին եւ վերջին տներն աւելորդ սեպեցինք հոս դնել, անոնց մէջ Վարդանանց յիշատակութիւն չըլլալով. օրինակն 620 տարուան ձեռագրէ մը առնուած է, որ հեղինակին բաւական հնութիւնն այլ ցուցընէ: