Յուշիկք հայրենեաց Հայոց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

  21 Յուլիսի 736.

Ա

ՀՐՈՏԻՑ ամիսն է, արեւն` առիւծ աստեղատան մէջ արդարեւ հրեղէն ճառագայթներովը` իբրեւ առիւծային թաթերով կու լլկէ կու տոչորէ զերկիր: Հայկայ հրաճօճակ աստղն այլ (Շնիկն) սկսած է բարձրանալ, ամեն տեղ տաք, ամեն բան կրակ: Ո՞ւր են այն Հայոց ձիւնեղէն սառնապատ լերինքն, անոր բեւեռային կերպարանքն` հիմա յայրեցեալ գօտի փոխուեր է: Երկու հակադէմ կլիմայք կ՚երեւին մեր երկրին մէջ. սաստիկ ցրտութիւն եւ սաստիկ տաքութիւն: Ի՞նչպէս բնակելու է ասանկ երկրի վրայ: Մեր հարքն, եւ մեր եղբարքն անգամ, շատ տեղ գետնի վրայ չէին բնակեր ուրիշ աշխարհաց բնակչաց նման, գոնէ տարւոյն երկու ծայրայեղ յեղանակաց ատեն, այլ անկէ վար կամ անկէ վեր. այսինքն ձմեռն` երկրին երեսաց տակ, կէս գետնափոր տանց մէջ, նման իմն հողաթմբիր կենդանեաց. իսկ ամառն` այլ աւելի վայելչապէս, երկրիս սովորական երեսէն վեր, օդասահման կենդանեաց եւ թռչնոց հետ. կամ լերանց եւ սարից վրայ, կամ ծառոց եւ ձեռակերտ բարձրաւանդակաց վրայ, ձողերու ցիցերու վրայ հաստատելով դարպասներ եւ ննջարաններ: Ասոնք են հովք եւ հովանոցք եւ հովոց տեղիքն Հայոց. որ Թորգոմայ օրերէն ի վեր մինչեւ ցայսօր սիրելի եւ բաղձալի են ի Հայաստան եւ Հայաստանի եզերքը բնակող ազգաց. եւ ինչ որ այսօր Ռուսաց եւ Օսմանեանց իշխանաւորքն եւ զօրապետք կ՚ընեն երկրին բնիկ ժողովրդեան հետ` անոր բարձրաւանդակաց վրայ ամառնանալով, զնոյն 4000 տարի առաջ այլ Բաբելոնի եւ Նինուէի թագաւորք եւ իշխանք, մեր թագաւորաց, իշխանաց եւ ռամկաց հետ: Ո՞րչափ այլադէմ, այլախօս, այլակամ ժողովուրդք, զօրք եւ տեարք ամառնացան բնակեցան հոն ի հովս Հայոց, եւ անցան գնացին, շատերն անդարձ, իսկ երկիր դարձեալ նոյնպէս իր ամարանոցը կու պատրաստէ. նոյնպէս կու բուսնին ծառք եւ ծաղկունք, նոյնպէս կու գան ծիծռունք եւ կռունկք. նոյն հովք եւ նոյն հովանիք Հայոց. եւ նոյն, այո, ըսենք կիսամաղձիկ կրիւք, եւ նոյն սերունդք բնիկ նախնեաց, դեռ եւս վկայք երթեւեկի այլազգեաց, եւ վայելողք հովոյն եւ զովոյն:

Օրհնեա՜լ ըլլան հովքն Հայոց, հովք հայրենեաց, զոր ի մխիթար եւ ի մոռացումն երկայն ձմերան` պարգեւեց մեզ դրախտին տնկողն, Արարչապետն. օրհնեա՜լ հովն եւ զովն` որ ի ցած ձորերէ եւ դաշտերէ վեր կանչելով ժողվելով զՀայաստանեայս` երկրին այն կոնաձեւ կամ տափաձեւ բարձանց վրայ, իբրեւ ի վերայ սեղանոյ բնութեան, բնաբար այլ կ՚ազդէին անոնց` արարչագործ մեծութիւնը, վսեմութիւնը, գեղեցկութիւնը, զանազանութիւնը: Կ՚առողջանային կ՚ուժովնային կու զուարթանային միտք եւ մարմին. թագաւորն կու հպարտանար, եւ ոչ անիրաւէր, որ Աստուած իր իշխանութեան տակ ձգեր է այն հովասուն սահմանները, եւ անոնց աշխոյժ ծնունդքը, զինուոր եւ ազատազունք հոն կու զօրացընէին, թեթեւցընէին, ճկուն եւ տոկուն կ՚ընէին իրենց կտրիճ անձինքը, սարէ սար` այծեմանց եւ ցռուց ետեւէ ընկնելով յորս. հովիւք` հոն կու ծաւալէին երկրին եւ երկրագործութեան կենդանի հարստութիւնը եւ օգնութիւնը. արուեստաւորք եւ ռամիկք` օրական եւ ամսական աշխատութիւնները հոն կու հանգչեցընէին, բանասէրք եւ հոգեսէրք անգամ, պաշտօնեայք Տրի, եւ Քրիստոսի, պարապողք ուսմանց եւ կրօնից, հոն այն հովերուն մէջ գոնէ ժամ ժամ զովանալով, աւելի յստակ մտօք եւ պայծառ տեսութեամբ կ՚ելլէին բարձրագոյն տեղուանք, ի կաճառս հռետորաց, ի պարս բանաստեղծից, յերամս հրեշտակաց. եւ իրենց հոգեշունչ Օրհնութիւնները եւ Համբարձինները երգելով` կ՚իջնէին, եկեղեցւոյն Շարականը եւ Մանրուսմունքը` նոր նոր եղանակով հարստացընելու. եւ ամառնային հովանոցներու ազդած երկնախառն հոգին եւ շունչն` զարմանալի այլակերպութեամբ ինչուան խորագոյն ձմերան խորանիստ տաճարաց մէջ հնչեցընելու, եւ ձայներնին հասցընելու յետ հազար տարիներու` մինչեւ մեզի այլ: Օրհնեալ ուրեմն միանգամ այլ ըսենք, այն երկնաշունչ Հովքն Հայոց, որ այսպէս հոգեւորեցին մեր հարքը, եւ անոնց յարդարեալ շնչովն` զմեզ այլ կու հոգեւորեն այսօր:

Ե'կ, Հայկակ, ելնենք այսօր մենք այլ այն բարձրանազ տեղերուն, հայրենեաց դարերուն, Հայոց հովերուն, Սիւնեաց զովերուն վրայ. այն տեղուանքը` ուր Բաբիկ` ազատեալ ի պանդխտութենէ Պարսից` ուրախութեամբ որսի կ՚ելնէր. «Խնդալով ի վերայ սովորական թատերացն եւ խնջոյից խրախարանացն, ի լերինս որսասուն եւ բազմաջոլիր վայրացն, ի լերինս Սիւնեաց»:

Բ

Այս խաղէն խնտումէն եւ որսէն աւելի պիտի ախորժիս անշուշտ, երբ քիչ մը յօգ­նութիւն առնելով, եւ աչքերդ բնութեան բարձրագլուխ եւ խորածոց գեղեց­կու­թեան վրայ պտըտցընելով` թողուս միտքդ վեր վար ժուռ գալու, եւ յանկարծ լսես վերը յիշեալ պաշտօնէից մէկուն ձայնը, որ իր աշտիճանին յարմար եւ իր բնա­տուր շնորհաց համեմատ` բարձրագոյն մտածութեանց մէջ թըռչտելով վերա­նալով, Սիւնեաց Սիոնի լեռնէն կու սլանայ Երուսաղէմի Սիոնը, անկէց այլ ան­դին, հեռու, խոր կ՚իջնէ մինչեւ յափունս Կարմիր Ծովուն. հոն կու պտըտի մեծ նա­խամարգարէին հետ, կու դիտէ ծովակըտուր գաւազանին հրաշքը, կու լսէ ա­նոր հրաշալի Օրհնեսցուքը. եւ իր բարձր հանճարոյն վրայ վստահացեալ` աւելի վե­հագոյն անձին (Քրիստոսի) շնորհօք, կու փորձէ աւելի հոգիացընել հայացընել այն հրաշալի օրհներգը. եւ սլանալով իր հայկական հովոց վրայ` կու սկսի նուագել.

«Յաղթական քեզ օրհնութիւնք, Տէր. որ ըզխորոց ծովուն հերձեր զջուրն. զի ի նմա զբռնաւորին ջաղխեցեր զգլուխ. եւ զարգելեալսն` ի ձեռն խաչի քո` վերածեր ի կեանս:

Կամաւոր մահուամբ ի քէն, Տէր, արձակեցեր զհոգի զօրութեան, ի մէջ մահու զմահ աւերեալ վանեցեր եւ զարգելեալսն` ի ձեռն խաչի քո վերածեր ի կեանս:

Նայեցարուք ի բարբառ մարգարէին եւ ի պատգամս կենդանիս. որ քարոզեաց մեզ զցօղն կենաց ի յերւնից:

Զիջումն քո, Քրիստոս, գուշակեաց մեզ մարգարէն. եւ զկամաւոր չարչարանս խաչին գոչէր ասելով. Տարածեաց զթեւս իւր, ընկալաւ զնա, եւ բարձեալ բերէ ի փրկութիւն աշխարհի:

Ծափս հարէք ամենայն հեթանոսք եւ օրհնեցէք զԱստուած. զի հուրն Աստուած բանն մարմնացաւ ի Կուսէ, աւերեաց զդժոխս եւ զզօրութիւն մահու ելոյծ:

Ընկալեալք զբաժակն ուրախութեան յայգւոյն անմահութեան` սրբոց առաքելոցն, որք ընդհանուր ընթերցան ընդ տիեզերս, լուսաւորեցին, հրաւիրելով զերկնից յարքայութիւն:

Յաւուր վրիժուց հատուցման ամպարշտաց` վերածիցես զմեզ ընդ հոգեցինացն դասս, ի տեղի անկելոց հրեշտակաց, բարեխօսութեամբ սրբուհւոյ աստուածածնին:

Լուայ զսքանչելի տնօրէնութեան քո զլուր, քանզի յերկնից խոնարհեալ մարմնացար ի սուրբ կուսէն եւ խաչեցար ընդ աւազակսն, եւ զարհուրեալ հիացայ ընդ քո ընդ անհաս մարդասիրութիւնդ:

Զիշխանաբար զյարութիւնդ գուշակեաց մեզ մարգարէն. ասէ, Ելեր դու ի կառս քո, հեծելութիւնդ քո, Քրիստոս, փրկութիւն եղեւ յելանելդ քո:

Երեւեցար ի փրկել զարարածս ի մահուանէ, եւ դժոխք հիացեալ սասանեցաւ ի յահէ ամենազօր փառաց քոց»:

Գ

Ո՞ւր եմք, Հայկակ. յՈլիմպո՜ս Հոմերոսի, թէ ի Պառնաս Պինդարու. - բարձրագոյն քան զնոսա. հաւասար Սինայի, ի Սիովն Սիւնեաց: Այս աշխարհիս գաւառաց վեհագոյնն` Վայոց կամ Եղեգեաց ձոր` յափշտակեց զմեզ իր բարձրադիր հովոցաց վրայ, որոց միջէն կարկաջէ փրփրայ սփռուի, կ՚իջնէ բազմավտակ գետն Աբբայ, արեւելքէ յարեւմուտք, Հայաստանի մեծ դայեկին ծոցը, յԵրասխ. գրեթէ գաւառին մէջտեղուանքն Աբբայի աջ (հիւսիսային) կողմը եւ քիչ հեռու ի գետափանցն` է Մոզն կամ Մոզան աւան կամ քաղաքագիւղ, որ եւ մինչեւ հիմա Մոզ անուամբ ծանօթ է. անոր քովէն կ՚իջնէ Աւագական կամ Աւագակն աղբիւրն զովաջուր` յԱբբա. այս երկու տեղեաց միջոցն եւ մօտերն են օդագնաց բարձրաւանդակք, հովոցք Մոզան. եւ ահա այն հովոցներու վրայ հանգչողաց մէկն է հեղինակ այս սրբազան եւ վսեմական օրհներգութեանս. եւ ինքն իսկ սրբազան եւ վսեմ անձն, բոլոր Սիւնեաց երկայնաշար քահանայապետաց մէջ (որք Լուսաւորչի օրէն մինչեւ ի մեր օրերը յաջորդած են 90 կամ 100 թուով) ամենէն հռչակաւորն իմաստութեամբ եւ թերեւս բոլոր մեր բանասիրաց եւ բանահիւսից մէջ ամենէն վսեմախօսն, վասն որոյ եւ կոչուած Քերթող եւ Իմաստասէր, ինքն նախագահ եպիսկոպոսն Սիւնեաց ՍՏԵՓԱՆՈՍ: Որ եւ այսօր (21 յուլիսի, յամի Տեառն 736) ցորեկուան տաքութեան հետ` հոգւոյ եւ մտաց տաքութեամբք այլ նեղեալ` կու գայ իբրեւ մարդ սոսկական զովութիւն փընտռելու ի բնութենէ եւ ի միայնութենէ: Եթէ յանդգնինք մենք այլ միայնաբար դիտելու զնա, ահա կու տեսնեմք` որ իբրեւ տեղեակ այս տեղերուս` անսովոր եւ անմարդաձայն ճամբով մը կու գայ, Աւագ աղբեր ընթացքը կու բռնէ, անոր հովանաւոր ափանցը ընթացիւք. քալուածքն երագ, հաստատ եւ իբր սպառնալից. նոյնը կարծել տան դէմքն այլ, որոյ սեւաթել շրջանակին վրայ հազիւ քիչ մը արծաթագոյն խառնուածք կ՚երեւնայ. բարձրակամար յոնքն քիչ մը իրար մօտեցեր են լայնաբոլոր ճակտին կեդրոնին տակ. երեսքն չոր կարմրութեամբ մը կու վառին. բայց քանի կու յառաջէ` դէմքն կու թուլանան, հանդարտութիւնն կ՚աւելնայ. կարծես թէ ոտքին տակ ցատքըտող մորեխաց, գլխուն վրայ կախուած ճպռանց աղաչական ճռճռմանց ողողմելով, եւ կանաչ հովանւոյն պատառուածոց միջէն երեւցած կտոր կտոր երկնից կապոյտներէն խրատուած` կընճռուած ճակատը պարզելով, խարշափուն տերեւոց մէջէն սուլուլիկ հովերու շնչմամբքն սրտաբացուելով, եւ ջրոյն մանրաքրքիջ կարկաջանօք հրաւիրուած, քալուածքը կու ծանրացընէ, կու դադրի. կու նայի ծառոց եւ ալեաց վրայ. կու ձայնէ իր փոքրաւորաց եւ սպասաւորաց յառաջ գալ, եւ հոն իր վրանը կանգնել եւ հեռանալ. եւ երբ զինքը իր ցանկալի առանձնութեան մէջ կու գտնէ, վերարկուն վար դնելով, կ՚երթայ աղբիւրին յստակ հոսանաց տակ տաքութիւնը բժշկելու. կու զովանայ, կու ջնջուի, եւ աղբերափանց մօտ յարմար լայնամիջոց ուռենի ծառ մը տեսնելով` կ՚առնու իր փայտաշէն հանգստանոցը, ամառուան հովոցի անկողինը, կու հաստատէ այն կանաչ-վարագոյր հովանեաց տակ, եւ զԱստուած օրհնելով` անոր բնաբուն բնազարդ տաճարին մէջ, հանգիստն ի քուն կու փոխուի, մտածութիւնքն յերազ եւ ի տեսիլս: Արդեօք կու տեսնէ՞ր քիչ մը վերջը ըլլալիլքն այլ. երազական տեսիլքներէն բացայայտ ճշմարտութեան մը, մտնել ու մնալն առանց արթըննալու: Ո՜վ սխրալի եւ սոսկալի դիպուած, եւ գրեթէ աննման այսպիսի աննման մարդու մը համար:

Դ

Բայց յառաջ քան զդիպուածն` քիչ մ՚այլ ճանչցի'ր, Հայկակ, այս վսեմամիտ մարդուս կեանքը եւ գործքը: Վսեմ մտացն յարմար կամ թէ առիթ իսկ այնպիսի մտաց` վսեմական ծագումն ունէր. Հայոց մայրաքաղաքին (ուր կու նստէր կաթողիկոսն եւ Արաբացի ոստիկանն աշխարհատեսուչ), աւագերեցն Սահակ` որ յետ կաթողիկոսին նախապատիւ կրնայ ըսուիլ Դունայ եկեղեցեաց պաշտօնէից մէջ, ընծայեց աշխարհիս զՍտեփաննոս, իբրեւ Զաքարիա մը Աստուծոյ սրբագոյն սեղանոյն խունկ ածելու ատեն` իրմէ արժանաւոր քահանայացաւ զաւակ մը մաղթելով եւ ընդունելով, անոր Յովհաննէսին նման` զսա, որ արդարեւ անոր պէս այլ վախճան մ՚ունեցաւ: Աւագերեց հայրն` յայտնի է որ իր որդին առաջին տարիներէն սկսաւ վարժեցընել եւ կրթել ուսմանց եւ եկեղեցական պաշտամանց. որոց աւելի յարմար եւ վեհագոյն վարժարան մ՚այլ չէր կրնար գտնել քան զնոյն իսկ Հայոց կաթողիկոսարանը, ուր եկեղեցւոյ ուխտին համար մասնաւոր ուսումնարան մ՚ունէին մեր հայրապետքն. որոց աթոռը կու նստէր այն ատեն Տէր Սահակ, ազնուական, միանգամայն եւ բանավարժ բանաստեղծ անձն, որպէս վկայեն իր գրչէն մնացեալ քանի մը ճառք եւ շարականք. անշուշտ ճանչցաւ հանճարաւոր կաթողիկոսն իր հանճարեղ համբակը, եւ յանձնեց մասնաւոր խնամոց վարժապետաց:

Ասոնցմէ աւելի ուսումնասէր գտուելով աշակերտն, երբ պատանեկութեան տարիքն հասաւ` չգոհանալով այն տեղ սովրածէն կամ սովրեցնողներէն, աւելի ճարտար անձ կու փնտռէր: Այն ատեններն վերջ Է դարու) մեծ համբաւ հաներ էր Սեւանայ ծովուն հարաւակողմը նոր հաստատուած վանք մը, որ իր վանականաց հագած ոչխարեղէն մորթոյն անուամբ` Մաքենեաց կամ Մաքենոց կոչեցաւ. որոյ առաջնորդն Սողոմոն` Հարանց հայր անուանեալ, թէ ճգնողական վարուք եւ թէ իմաստութեամբն ամենուն ծանօթ եւ հռչակեալ էր, մանաւանդ երբ ի սկիզբն Ը դարու հրատարակեց Տօնական գիրքը, հաւաքումն վարուց սրբոց եւ ճառից վասն տօնից: Այս սուրբ եւ գիտուն անձին քով այլ առաքինութեամբ եւ իմաստասիրութեամբ վարժելով` ինչ որ կրնար մէկն հոն սովրիլ, սկսաւ անկէ այլ բարձրագոյն տեղ խնդրել. գնաց երկու դարէ ի վեր պանծալի եւ Հայաստանի մէջ ամենէն հռչակաւոր ուսումնարանը, Սիւնեաց վարդապետարանն. որ ըստ պատմըչին «գլուխ էր ամենայն գիտնոց Հայոց, եւ պայծառացեալ դպրոցքն որ ի նմա. քանզի որպէս Աթենացիքն ՚ի մէջ Հոռոմոց եւ Յունաց ճոխացեալ էին եւ մայր իմաստից կոչեցեալ… այսպէս եւ սոքա ի տանս Թորգոմայ, յաշխարհիս Հայոց»: Եպիսկոպոսն Սիւնեաց Մովսէս ճանչցաւ մէկէն իր մեծարելի հիւրը, սիրով ընդունեցաւ, եւ հրամեց անոր սուր եւ անյագ միտքը վարժեցընել, ինչչափ որ իր ամենէն գիտուն վարդապետքն կրնային, որոց քիչ ատենէն հաւասարեցաւ եւ գերազանցեց, եւ սուրբ աստիճաններն այլ առնըլով` անցաւ ի կարգ վարդապետացն, թէ եւ դեռ նորահաս երիտասարդ էր տարւոք, եւ հրամանաւ եպիսկոպոսին սկսաւ վարդապետել, եւ դաս տալ այն անուանի վարժարանին մէջ, որոյ արժանաւոր վարդապետքն քէրդող եւ հռէտոր կ՚ըսուէին: Կ՚երեւի թէ այս ժամանակ ոչ միայն «բերանով մեկնէր զաստուածային գիրս աշակերտելոցն ի վարժարանին» այլ եւ գրով աւանդեց սուրբ գրոց մեծ մասին մեկնութիւնը, համառօտ բայց իմաստալից եւ քաջադատ, որոցմէ մնացեալք եւ յիշեալք են Մեկնութիւն գրոց Ծննդոց, Առակաց, Յովբայ, Դանիելի, Եզեկիելի, զորից Աւետարանաց, Յակովբայ թղթոյն, եւ զատ ի Ս. Գրոց`` նաեւ եկեղեցական գրեանց, ինչպէս Ժամագրոց, եկեղեցական խորհրդոց եւ տօնից, որոց համար շինեց եւ երգեց զանազան ոճով եւ ձեւով եղանակաւոր երգեր, որք կ՚ըսուին Կցուրդք, Ստողոգիք, Մեծ պահոց եւ Յինանց միջոց երգելու համար, եւ շարականներ, որոց մէջ ծանօթագոյնք եւ իր գրուածոց գլուխ գորոծց համարեալ են Աւագ օրհնութիւնք Յարութեան, որ եւ մեր հայերէն դպրութեան գեղեցկագոյն բերոց մէկն են, ասոնցմէ էր մեր վերը լսածնիս այլ «Յաղթական քեզ օրհնութիւնք»: Այս մեկնութեանց մէկ մասն այլ գրեց ի Դուին ի կաթողիկոսարանին, երկրորդ անգամ հոն բնական ատեն, յետ մահուան Մովսիսի Սիւնեաց եպիսկոպոսի. որ նախ քան զվախճանեալն` եպիսկոպոսարանին հոգաբարձութիւնը իրեն յանձնեց, ինչուան որ նոր եպիսկոպոս դրուի. եւ երբ Սիւնեցիք ընտրեցին զԱնանիա, Ստեփանոս տարաւ զնա առ կաթուղիկոսն (Եղիա) եւ ձեռնադրել տալով յուղարկեց իր աթոռը ի Սիւնիս. իսկ ինքն մնաց կաթուղիկոսին քով:

Այն ատենները ի Դուին էր Հայոց իշխանապետն եւ սպապետն Սմբատ ասպետ Բիւրատեան, որ երբեմն Յունաց դուռը կեցած եւ պատուած, կրօնական եւ արտաքին ուսմանց այլ հետամուտ եւ տեղեակ էր. ասոր հետ Ստեփանոս վէճ ունեցաւ Յունաց եւ Հայոց դաւանութեանց տարբերութեան վրայ, եւ իշխանն յաղթող ելաւ. հմտութեամբ` Յունաց Ս. Հարց վարդապետութիւնը հարազատօրէն մէջ բերելով, միանգամայն փիլիսոփայական պատճառաբանութեամբ քննելով: Իմացաւ Ստեփաննոս որ իմաստասիրական տրամաբանութեանց համար բաւական չէր ինչուան այն ատեն սովրածն ի Հայս, եւ պէտք էր աղբիւրներէն քննել սուրբ վարդապետաց գրուածքը: Եւ որովհետեւ Սմբատայ հետ աւրուած էր` գաղտուկ եւ ծպտեալ ելաւ ի Դըւնայ եւ գնայ ի Կ. Պօլիս. եւ փնտռելով գտաւ հոն վարպետ Յոյն իմաստասէր մը որ եւ ճգնաւորի պէս կ՚ապրէր ի միայնութեան. անոր աշակերտեցաւ թէ լեզուն սովրելու եւ թէ փիլիսոփայութիւն. յունարենէն զատ լատիներէն այլ սովրեցաւ որ արեւմտեան եկեղեցւոյ Հայոց վարդապետութեանն այլ տեղեկանայ: Իսկ Սմբատ դժուարելով անոր գաղտուկ երթալուն, իմացաւ ուր ըլլալն, եւ նախանձայուզութեամբ իմացուց կայսեր, Ստեփաննոսի ով եւ ինչ կարծեաց տէր ըլլալը: Կայսրն այլ, կ՚ըսէ պատմիչն, հրաման տուաւ քննելու զՍտեփաննոս. իսկ սա իր վարպետէն խրատուած` ըսաւ, թէ ես ուրիշի հետ բան չունիմ, այլ պանդուխտ եմ, եկած եմ ապրուստս հոգալու եւ իմ բարուցս աշխատելու: Այս խօսքով ոչ միայն ազատութիւն գտաւ, այլ եւ համարձակութիւն առաւ քաղաքը գալու եւ Յունաց եկեղեցիները եւ ուսումնարանները մտնելու. մանաւանդ Ս. Սոփիայ գրատունը, ուսկի ուզած գրքերը կ՚առնուր, կարդար, կ՚օրինակէր, թարգմանէր: Յետոյ Աթէնք այլ գնաց, հոն այլ հին իմաստասիրաց թողած համբաւոյն մնացորդը քաղելու, եւ նոր գրքեր քննելու: Եւ երբ դարձաւ` աւելի ծանօթացաւ Յունաց մեծերուն, պատրիարքարանին եւ արքունեաց: Հոս էր այն ատեն Դաւիթ հայազգի իշխանազն, որ հիւպատոսութեան եւ թագաւորական սեղանակցութեան պատիւն ունէր, եւ յունարէն լեզուն կատարեալ գիտէր: Ասոր օգնութեամբը կամ աչքէ անցնելովն` թարգմանեց Ստեփաննոս զանազան Ս. Հարց գրուածներ. նախ Դիոնէսիոսի արիսպագացւոյն խրթնաբան խորիմաց գրքերը, որոյ մթին բանիցն այլ լուծմունք կամ մեկնութիւն գրեց համառօտ. այս գործս ի գլուխ հանեց յամի Տեառն 712. մէկ երկու տարի ետեւ թարգմանեց Ս. Կիւրղի Պարապմանց ըսուած գիրքն եւ անոր զանազան թղթերն եւ ճառերն. - միւս տարին, 716, Ղեւտական գրոց մեկնութիւն մը թարգմանեց. յաջորդ տարին, 717, Ս. Գրիգորի Նիւսացւոյ Յաղագս բնութեան եւ կազմութեան մարդոյն անուանեալ գրքերը. եւ հաւանօրէն ուրիշ գրքեր այլ: Դաւթի ձեռքով համարձակութիւն առած` կայսերական գրատունն այլ քննեց, եւ գտաւ ոսկետուփ մատեան մը նախնի Ս. Հարց գործոց, զոր արդէն ընդունէին Հայք. որով կայսրն այլ հաճելով այս բանիս` յանձնարարական գրով կամ օգնականութեամբ խաւրեց զՍտեփաննոս ի Հռոմ, ըստ խնդրոյ նորա, որ այն տեղի հռչակաւոր մատենադարանն այլ քննէ. հոն գտաւ Ստեփաննոս լատիներենէ զատ` Յունաց Ս. Հարց գործոց ընտիր եւ հին օրինակներ, ինչպէս Ս. Աթանասի, Ս. Եպիփանու, եւ Ս. Կիւրզի Գանձուց գրքերն. եւ հաւանօրէն ինչ որ մինչեւ այն ատեն հայերէն թարգմանուած չէր` ինքն թարգմանեց: Ասոնցմէ դուրս թարգմանեց Ս. Մէթոդի ըսուած տեսիլքն կամ գուշակութիւնքն, որ ուրիշի շինած անվաւեր գրուածք են. Իլիոնի առման պատմութիւն մը համառոտ, յորում Իլիոնի առումն 1194 տարի Քրիստոսէ առաջ կ՚ըսուի: Ուրիշ շատ գրքեր այլ, կամ բնագիր կամ թարգմանած` հետն առած, չուզեց ի Հռոմայ նորէն դառնալ ի Կ. Պոլիս, ուր արդէն 15 տարի կեցեր էր. այլ նաւեց յԱսիա եւ դարձաւ ի հայրենիսն ի Հայս:

Իր հեռաւորութեան 15 կամ 20 տարուան միջոց` մեր աշխարհքն շատ փոփոխութիւններ տեսեր մանաւանդ թէ կրեր էր Արաբացւոց ոստիկաններէն, Հայոց իշխանքն նուազեր էին, Եղիա կաթուղիկոսն շատոնց վախճաներ էր, եւ ըստ ոմանց նաեւ իր յաջորդն` մեծանունն Յովհաննէս Օձնեցի, եւ Դաւիթ Արամօնեցին էր կաթողիկոս, որ եւ մեծ պատուով ընդունեցաւ զՍտեփաննոս եւ իր բերած գրքերը, որոնցմէ զատ ունէր նաեւ նամակ մ՚այլ կնքեալ, Կոստանդնուպօլսոյ պատրիարքէն Ս. Գերմանոսէն. որոյ ծանօթ ըլլալով ի Կոստանդնուպօլիս եւ շատ հեղ հաւատոյ վրայ խօսելով, եւ յորդորուելով եւս պատրիարքէն` Յունաց հետ հաղորդուելու, Ստեփաննոս կու զգուշանար, իր կաթողիկոսին հաւանութիւնը չառած: Անոր համար Ս. Գերմանոս գրեց այն հոգելից թուղթը, «Քրիստոս է խաղաղութիւն մեր», զոր եւ ինքն Ստեփաննոս թարգմանեց եւ տուաւ կաթողիկոսին, եւ անոր հրամանաւն այլ, կ՚ըսեն, գրեց պատասխանը, «ԶՔրիստոսի խաղաղութիւնն առ բերելով»: Սակայն այս պատասխանը, հիմա մեր ձեռք եղած օրինակներուն նայելով` հեռի է ի խաղաղութենէ Քրիստոսի եւ ի հոգւոյն Գերմանոսի եւ յիմաստութենէն Ստեփաննոսի, թէ եւ շատք ի նախնեաց մերոց յանուն Ստեփաննոսի յիշեն, այլ եղան եւ երկբայողք եւ օտար ձեռքի խառնուրդ ցուցընողք. զոր զգոն քննող մը կրնայ ստուգել թէ այն երկու թղթերը կարդալով, թէ Ստեփաննոսի ուրիշ գրուածները, եւ թէ մանաւանդ անոր հանճարը եւ Յունաց հետ այնքան կենակցութիւնը: Ոչ միայն կաթողիկոսն Հայոց` այլ եւ իշխանք ճանչցան եւ պատուեցին զՍտեփաննոս, մանաւանդ Սիւնեցիք, որոց քով վարդապետ եւ ուսուցիչ եղեր էր, եւ որովհետեւ իրենց եպիսկոպոսն Յովհան` յաջորդն Անանիայի, արդէն վախճանած, Բարդէն եւ Քուրդոյ իշխանք Սիւնեաց խնդրեցին ի կաթողիկոսէն որ ձեռնադրէ զՍտեփաննոս իրենց եպիսկոպոս: Կաթողիկոսն ոչ միայն եպիսկոպոս ձեռնադրեց զնա, այլ եւ ի պատիւ արժանեաց նորա անուանեց մետրապօլիտ. եւ Սիւնեաց եպիսկոպոսութեան աթոռը որ մինչեւ այն ատեն եօթներորդ կու սեպուէր ի կարգի եպիսկոպոսաց, բարձրացուց յերրորդ կարգ, եւ Սիւնեաց աշխարհին ուրիշ եպիսկոպոսներուն նախագահ գրաւ զնա:

Մէկ տարի մը միայն կատարեց Ստեփաննոս իր պաշտոնը արժանապէս, թէ հովուական այցելութեամբք եւ թէ քարոզելով, եւ գրելով` զատ յառաջին գրածներէն` զանազան խնդրոց վրայ ճառեր, որոնցմէ հասին մեզի քանի մը հատ, քանի մը մեկնութիւնք այլ եկեղեցւոյ խորհրդոց եւ ծիսից, եւ մեկնութիւն մը հին քերականին, զոր հաւանօրէն ի Կոստանդնուպօլիս գրած է: Սրբազան երգոց մէկ մասն այլ թուի թէ երգեց այս միջոցիս, (որ ըստ ոմանց ոչ մէկ տարի` այլ ութ տարի քշեց, բայց կ՚երեւի թէ առաջին տարիներն Սիւնեաց աթոռոյն անտէրութեան ժամանակն են):

Ո՞րքան ազնիւ եւ ցանկալի երգեր եւ այլ գրուածներ եւ թարգմանութիւններ փափաքելի եւ յուսալի էր այսպիսի բանիրուն վսեմական անձէ մը, որ յետ ոսկեգիր թարգմանչաց Ե դարուն` առաջին թարգմանիչ կրնայ ըսուիլ. մինչեւ ոմանք նոյն իսկ թարգմանչաց մէջ կու խառնեն զինքը, կամ իր գործքերը կ՚ընծայեն թարգմանչաց ժամանակակից Ստեփաննոսի մը` որ չէ եղած:

Ե

Դառնանք հիմա ի Մոզն աւան, ուր շատ անգամ եկած էր Ստեփաննոս այցելութեան, այս տեղս նոյն ատեն շինութեամբ ու հարստութեամբ նշանաւոր եղած կ՚երեւի, քաղքի մը պէս. եւ թերեւս հարուստ քաղքի շնորհօք եւ անշնորհութեամբք ոչ աննշան: Եղծ ու մեղծ բարուց պժգալի օրինակ եւ ցուցանք մը կու յիշէ պատմութիւնն, եւ անով այլ մեր պատմութիւնը կու լռեցընէ. ցուցանք մը` Մեդէայ, Յեզաբելի, Հերովդիադայ տեսակէն. անպարկեշտ լկտի եւ յանդուգն կին մը, հերատուկ մը, որ թերեւս շատ ցածազգի տնէ այլ չըլլալով, աւելի համարձակութեամբ կու լրբէր իր գլխէ հանած երիտասարդին հետ, եւ գայթակղութիւնն կու հրատարակուէր: Ասոր համար արթուն եպիսկոպոսն երեք անգամ եկեր խրատեր էր այդ անզգամ զգայունը, որ չէր խրատուած. իսկ այսօր չորրորդ անգամ յանդիմանելով, եւ անոր լրբութիւնը տեսնելով` հոգեւոր իշխանութեամբն բանադրեց, Աստուծոյ արդար դատաստանին եւ մարդկան արհամարհանացը թողուց զանիկայ. եւ այն բարկութեան տաքութիւնն էր` որ ցորեկուան տօթուն հետ խառնուած կու ստիպէր կու տանէր զինքը քիչ մը զովութիւն եւ հանգիստ փնտռելու, նախ Աւագական ալեաց եւ վերջը ճօճաճիւղ հովոցին վրայ: Որչափ որ սրտադողն եւ նեղութիւնն սաստիկ էր եղած, այնքան այլ հանգիստն խոր եւ խաղաղ եղաւ. եւ ո՞ գիտէ, կիսարթուն միտքն ի՞նչ մեղեդեաց եւ խորհրդածութեանց հետ էր, կամ հոգին` տեսլեամբ` ո՞րքան հեռացեր էր այս աշխարհքէս, երբ յանկարծ իրօք այլ բոլորովին հեռացաւ վերացաւ ասկէց. եւ երանի՜ թէ երեսին խաղապատած զովագին հովուն բաբախմամբ եւ ոչ դահճէ աւելի դժնդակ հարուածով մը` կտրէր շունչն: Սոսկումն եւ զզուանք կու բերէ լսելն, թող թէ պատմելն, այնպիսի անարգ եւ եղեռնաւոր վրէժխնդրութիւն մը, մանաւանդ այնպիսի արարածէ մը` որ կին կ՚ըսուի, որ բարութեամբն կակուղ հրեշտակ մը կու դառնայ, չարութեամբն խոտոր սատան: Յանցաւոր եւ անիրաւ կինն այն` ոխով լցուած ընդդէմ եպիսկոպոսին, ուզեց նոյն օրը դիւական դրդմամբ սարսափելի յիշատակ մը թողուլ աշխարհիս մէջ, եւ իմանալով անոր ուր տեղ հանգչիլը, պարտաւորեց հոմանին` իր անարգ սիրոյն վրայ. մահու զէնքը ձեռքը դրաւ, հանեց զնա ի ծառն. յայտնի է ինչ բանի համար: Մարդն թերեւս ոչ այնքան ճարպիկութեամբ որչափ վախելով դողով կամաց կամաց վեր ելլելով, երբ տեսաւ Ստեփաննոսի վսեմափայլ դէմքը` հրաշալի հանգստեան մը մէջ, որոյ ըստ պատմչին «իբր զբոց ցոլանայր շունչն ի վեր, եւ ճախր առեալ դառնայր անդրէն. եւ հրեշտակ մի կացեալ ի սնարսն` հովանի ունէր նմա թեւօքն», սարսափած, թուլցած, հազիւ կրցաւ շիտակ վար իջնել, եւ տեսածը պատմել կնոջը: Իսկ այն այլանդակ այլափոխ սիրտն` այլ աւելի կատղած` նորէն ստիպեց, կանացի եւ դիւացի շողոքով բողոքով, սիրով ու սաստով` որ ուրիշ բան չմտածէ, միայն սպաննէ': Երկրորդ անգամ այլ ելաւ թշուառ ու վատ մարդն, բայց եւ առաջինէն աւելի սոսկացած սահմռկած` ահաւոր բաներ տեսնելով` ծառէն վար ընկաւ քան թէ իջաւ: Այն ատենհերատուկ ջատուկն որ իր առջի բնութենէն բոլորովին դուրս ելած էր, վատ եւ անարի կանչելով մարդուն, թեւերը սոթտելով, առաւ սուրը, եւ այն խաբող սատանային հետ սողոսկելով ծառն ի վեր` հասաւ հրաշունչ հրէշի մը պէս անվնաս եւ անզբաղ որսոյն վրայ. եւ այն վսեմ տաճարաձեւ գլուխը վերցնող սեան (վզին) իջուց անիծեալ հարուածը… այնքան շուտ եւ շիտակ, մինչեւ քնացողն` ցնցմամբ արթնցաւ յաւիտենականութեան մէջ. եւ անկէց տեսնելով իր Մոզան հովտաց եւ հովոց մէջ թողած մարմնոյն արիւնթաթաւ կերպարանքը` կանչեց հոգւով. «Տէր, քո է վրէժխնդրութիւն եւ արդար իրաւունք», ինչպէս որ տեսիլքով յայտնուեցաւ այս` Նու կամ Նոյ անուամբ սրբակեաց ճգնաւորի մը, որ այն տեղի մօտ Սիոն լերան վանաց մէջ կ՚աղօթէր…

Այն օրուան հովն` իբրեւ փախչելով եւ ամաչելով` իջաւ բարձրաւանդաւ հանգստարաններէն, երեկոյեան հովանիներուն հետ խառնուելով, որուն զովութիւնը զգալով եպիսկոպոսին սպասաւորքն` եկան վրանը վերցընելու… Փուչ զարմանք, սոսկումն առաւ զիրենք` երբ փայտեղէն մահճէն դեռ կաթկըթած արիւնը տեսան, եւ աստուածակերպ տէրերնին` աւազակի մը պէս սրախողխող… Չերկընցնենք, մեռածէն աւելի իրենք մահացեալ` վերուցին մեծահոգի անձին մարմինը, եւ հանեցին Սիոնի վանքը, ուր լալով եւ ողբով եկան Նու եւ իր միանձունքը, բայց մօտի Արկաղան գեղին բնակիչքն այլ լսելով` իրենց գեղջաւագին հետ եկան եւ աղաչելով պաշտօնէից` իրենց գեղը իջեցընել տուին մարմինը, եւ հանգուցին հոն Ս. Քրիստափորի նուիրեալ մատրան մը մէջ առ ժամանակ մի: Սակայն պժգալի գոյժն գեղէ գեղ, քաղաքէ քաղաք տարածեցաւ, անոր հետ Նոյ ճըգնաւորի տեսիլքն այլ` որ սոսկալի պատուհաս մը կու սպառնայր բոլոր այն սահմաններուն: Չուշացաւ պատիժն, ըստ պատմչին` ահաւոր ժաժ եւ սասանութիւն եղաւ քառասուն որ բոլոր գաւառին մէջ. շատ լեռներ փլան եւ գետիններ բարձրացան, շատ աղբիւրներ ցամքեցան եւ ցամաք տեղուանք աղբիւրացան. ծուխն ու փոշին ամպի պէս կու տարածուէր, եւ բոլոր բնութիւն ի սուգ երեւէր, տասն հազար հոգիէ աւելի համրուեցան շէնքէրու տաւ եւ գետնին պառտառուածոց մէջ մնացող մեռնողքն, անծանօթներէն զատ: Այս կէս բնական եւ կէս բանական պատուհասին հետ` բնակչաց վախն եւ յետնոց աւանդութիւնն խառնուելով` ըսին, թէ ժաժին եւ մշուշին ատեն ողբոց ձայներ այլ լսուէին, իբր թէ Վա՜յ ձոր վա՜յ կանչելով, եւ անկէ` Եղեգեաց ձորն ըսուեցաւ Վայոց ձոր, սակայն այս անունս անկէ հարիւրաւոր տարի առաջ այլ կու լսուէր:

Քառասուն օրէն ետեւ դադրեցաւ ժաժն ու մըշուշն, եւ ամեն կողմէ եկան, երկրին աւերմունքը թողլով` նախ անոր հոգեւոր տիրոջ արժանաւոր հանգիստ մը տալու, եւ եպիսկոպոսաց, քահանայից, վանականաց եւ ժողովրդեան բազմութիւնը բաւական չսեպելով, զկաթողիկոսն այլ կանչեցին, եւ յետ բազմօրեայ գիշեր ցորեկ աղօթից եւ պաշտամանց` աշխարհահանդէս յուղարկաւորութեամբ վերուցին մարմինը յԱրկազան գիւղէն, եւ Արբայ գետոյն դիմացի կողմը անցընելով հանեցին բարձրաւանդակ տեղ մը` լերան ստորոտին վրայ, կանաչաբոլոր միայնութեան մը, այսինքն անտառի մը մէջ, ուր շատ հին ատենէ ի վեր, եւ յառաջ իսկ քան զԼուսաւորչի ժամանակն, առաքելոց քարոզութեանը հետեւող հին քրիստոնեայք Սիւնեցիք եկեղեցի մը շիներ էին Բ. դարուն մէջ, ի պատիւ Ս. Ստեփաննոսի. որոյ քով բոլորեցին հոգեսէր անձինք իրենց միայնանոցը, եւ խստակրօն ճգնութեամբ կ՚ապրէին, գիշեր ցորեկ աղօթելով. եւ կերակրի համար ոչ միայն մսեղենէ եւ կթեղինէ հրաժարելով` այլ եւ ամենայն տաք բանէ, եւ բանիկն անգամ թողլով, անոր համար կոչուեցան Թանահատք, եւ տեղն` Թանահտի վանք. ահա հոս բերին հանգուցին Սիւնեաց իմաստասէր մետրապօլտին մարմինը. վրան պզտիկ մատուռ մը կանգնեցին, զոր յետ շատ ժամանակի, յամին 1278-9 քակելով` մեծ ու քարակոփ գմբեթաւոր եկեղեցի մը շինեցին, եւ հիման տակ թաղեցին մարմինը իր տապանաւն: Այս եկեղեցին ինչուան հիմա կանգուն կեցած է. եւ հիւսիսային կողմը որմնակից ունի փոքրիկ քարաշէն մատուռ մը. տեղւոյն բնակիչք կարծեն թէ հոն ըլլայ Ստեփաննոսի գերեզմանն. բայց պատմութիւնն դեռ եկեղեցւոյն հիման տակ կու ճանչէ այն եկեղեցազարդ գլուխը:

Զ

Իսկ ի՞նչ եղաւ, ո՞ւր կորաւ այնպիսի գլխոյ դահիճն, հայ Հերովդիադայն, արդեօք ժաժին ատեն պատառուած գետնին անդնդոց մէ՞ջ ընկղմեցաւ, թէ տարերքներէն աւելի տրտմած ու սրտմըտած մարդկանց արդար վրիժուք պատառ պատառ կտրատեցաւ Ստեփաննոս Աստուծոյ արդարութեան եւ ողորմութեանը յանձներ էր իր սպանիչը, եւ իր նախանուն նախօրինակ նախավկային հետ` ըսեր էր, «Տէր, մի' համարիր զայդ զմա ի մեղս»: - Ժողովուրդն վախցաւ Աստուծոյ դատաստանը յափշտակերէն, բնութիւնն պատկառեց իր արարչին կամքէն. իսկ այն որ Աստուած է գթութեանց` կակղացուց խստացեալ այլանդակեալ սիրտը. եւ այն սեղեխ հերատուկ Հերովդիդադայն` դարձուց յապաշխարող մը: Ճանչցաւ կինն` իր կարծածէն վեր ըրած չարիքը. եւ ինքզինքը դատապարտելով` զգեստները պատռտելով քարերով կու ծեծէր կուրծքը. եւ այն անպարտ արեան տեղ` իր յիմարած արիւնը թափելով, ինքն իր սոսկալի չարիքը եւ խայտառակութիւնը կու պատմէր, կ՚ողբար, կու բողոքէր իրաւունք եւ պատիժ կ՚ուզէր. եւ տեսնելով որ իրեն մեծագոյն պատիժ է մարդկանցմէ այլ պատիժ չգտնելն, գնաց Թանաահտայ վանքը արեւմտեան կողմէն պատող ձորակի մը դիմաց, եւ հոն գետինը փորելով` մտաւ ինչուան ի կուրծքը կենդանի գերեզմանի մը մէջ` եւ իբրեւ անյոյս մեռեալ մը` ամառ ձմեռ, գիշեր ցորեկ կ՚ողբար կու լար, թողութիւն կու խնդրէր մեղացը. մինչեւ ամենուն գութն այլ շարժեցաւ, եւ աղօթք հրամայուեցաւ անոր համար. թողութեան ձայնն ելաւ ի գերեզմանէ սպանելոյն, «Թողեալ լիցին քեզ մեղք, ո'վ կին դու». զոր եւ սուրբ պատարագի ժամ ամենքն լսեցին, եւ թողութիւն աւետեցին կնոջն: Բայց նա թէ եւ շնորհակալեցաւ Աստուծոյ, բայց դեռ զինքն անարժան սեպելով ուրիշ կերպ ապրելու, ուզեց եւ մնաց միշտ նոյն կենդանաթաղ գբին մէջ. եւ հոն հանդարտ արտսունքով կնքեց ապաշխարող կեանքը. հոն այլ թաղուեցաւ, իր զոհած բարեխօսին դիմաց. որ կու թուի դեռ իր վսեմական ձայնը կամ հառաչանքը լսեցընել այն հին եւ սրբազան թաքնութեան եւ միայնութեան խորէն:

Է

Այլ ո՞ւր է իրեն արժանաւոր խօսնակ մ՚այլ, որ իր ցաւալի մահը ողբերգէր մեզի: Ո՞ւր էր այն մովսիսանման Օրհնեսցուք երգողին հոգեկցորդ քոյրն, Մարիամ, որ նոյն եւ նման երգերը կրկնէր: - Նախանձելի՜ բաղդ, կրնամ ըսել թէ եւ անակնունելի, եւ պանծալի փառք հայրենեաց մերոց. մեր օրհներգու դիտապետն, Ստեփաննոս, ունէր իր մարեմանման թմբկուհին, մեր եկեղեցւոյ սրբազան սիբիլլայն, յիսուսասէր Սափփովն, հարազատ քոյրն, ՍԱՀԱԿԴՈՒԽՏ, որ արեան հետ անոր հոգւոյն նրբութեան եւ ախորժակաց այլ ժառանգակից էր: Սահակադուխտ այլ հմուտ երաժիշտ եւ երգահան էր, եւ հրեշտականման եղանակաւոր. փափուկ եւ սպիտակ հասակը կուսութեամբ եւ հաւատաւորի պարկեշտ ձեւովը պսակած, արդարեւ մենասէր յաւերժահարսին նման, թողուց հեռացաւ յաշխարհէ, միայն իր ընտանեաց սեփական տուրքը` հոգեխօս քնարն առաւ հետը. եւ մէկ հատիկ արժանաւոր միայնութեան տեղ ընտրեց հոն, ուր իրմէ 400 տարի առաջ, Հայոց օրիորդաց պարագլուխն, նրբասիրտն նրբազգածն, նազելեաց նախատիպն, մելամաղձիկն եւ մենասէր, թագապսակ սրբապսակն ԽՈՍՐՈՎԻԴՈՒԽՏ, իր հսկայ թագաւոր եղբօր (Տրդատայ) ձեռքով կանգներ էր իր սքանչելի օդասրահ Հովանոցը, Գառնոյ ձորոյն սիւնասար պասալդեայ բնաշէն բլրոց վրայ, որք խորանդունդ վհերու եւ բազմածոց ձորակներու վրայ նային. եւ մեր դարուս հմուտ բնաքնիններն այլ սքանչացուցին: Այն Գառնոյ ձորակին ծածուկ ծոցերուն մէջ` գտաւ այրասիրտն, մանաւանդ թէ հրեշտակասիրտն Սահակդուխտ, անզբաղ քարայր մը, եւ հոն անցուց կեանքը, հիանալի բնութեան տեսարանաց մէջ` հիանալի երգովք օրհնելով բնութեան Տէրը: Բայց այն աննման քնարին եւ մեղրաշունչ բերանոյն ձայներն` շատ զօրաւոր էին իր միայնութեան դէմ կռուելու. - երգ եւ լռութիւն չեն կրնար միաբանիլ. - այրէ այր, քարէ քար համբաւն հնչեց, կարծուեցաւ թէ Հայոց եկեղեցւոյն երգահան հոգին, մարեմգոյն մուսայն` մարմնացեալ իջեր է Տրդատայ եւ Խոսրովիդխտոյ սիրական սորերուն մէջ. աշխարհիկ ու եկեղեցականք կու գային, ոչ լսելու եւ զմայլելու միայն, այլ եւ աշակերտելու եւ սովրելու նոր եղանակներ: Հարկ եղաւ որ մեր մուսայն այլ իր աստուածաշնորհ պաշտօնը կատարէ. եւ առանց իր կուսական ու նուիրական շնորհաց նուազութիւն մը բերելու, մենարանին դրան առջեւ վարագոյր մը ձգելով, ինքն ետեւը նստած` կ՚երգէր եւ կու սովրեցընէր: Շատ բարակ եւ բազմաեղանակ երգեր շինեց, զոր մեր երաժիշտքն Մանրուսմունք կ՚անուանեն, եւ առանձնաբար Կցուրդք եւ Մեղեդիք, որոց գոնէ մէկ մասն անշուշտ գտուի այսօր այլ այգ Մանր_ուսմունք եւ Կցուրդք գրոց մէջ, թէ եւ մենք չգիտեմք թէ ո՞ր է յատուկ իրեն, ո՞րն իր երբօրն եւ ո՞րն օտարաց, միայն հաւանիմք թէ շատն առջի երկուքին են, քեռն եւ եղբօրն, Ստեփաննոսի եւ Սահակդխտոյ, այն երգոց մէկն այլ, ինչպէս կ՚իմացընէ մեզի պատմիչն, Սահակդխտոյ անունը կու յայտնէր, տնագլուխ գրերովն, եւ կու սկսէր Սրբուհի Մարիամ: Ժամանակն, ո՜հ, այն ժանեւոր ժամանակն, մեզի չհասուց այն կցուրդն այլ. բայց անշուշտ չկրցաւ այլ բոլորովին անհետ աննշան ընել, եւ թողուց առաջին տունը, զոր եւ շատ հեղ հիմայ ըստ յարմարութեան վայելուչ իմաստիցն` երգեմք առաջի Սրբութեան Սրբութեանց:

«Սրբուհի Մարիամ, սափոր ոսկի, եւ տապանակ կտակարանաց,

Որ զ՚ի վերուստ զհացն կենաց` պարգեւեցեր քաղցեալ բնութեանս

Առ նա միշտ բարեխօսեա վասն քաւութեան մեղաց մերոց»:

Իր քերդող եղբօրը եղերական վախճանին ատեն` արդեօք ո՞ղջ էր քեդողուհի քոյրն, եւ լսելով սրտահար սրտաբեկ գոյժը` քարայրին անկիւնէն սոսկալով առաջ եկաւ, եւ անդարման ցաւուն յետին մխիթարանք առնըլով իր հոգեխօս բամբիռը, վերջին անգամ անոր ամենէն քաղցր եւ ամենէն ողբական ձայները իր սրտին փափկագոյն զգացմանց հետ` հանե՞ց հնչե՞ց, եւ իբրեւ այլօրինակ Դեբովրա` փոխանաւ օրհնելու այն այլանման տիրասպան Յայէլին ձեռքերը, նզովե՞ց հերատուկ չարազէն կնոջ աջը, եւ իբրեւ մայրն Սիսարայ զրկուած իր սիրելւոյն այցելութենէն, փոխանակ բարձր ձողերու եւ գաւազաններու վրայ կանգուն գիտելու` գետնամած տեսնելով անոր եպիսկոպոսական եւ արքայական վառերը եւ դրոշները, որք եւ արիւնովը, թաթաւած` կու յիշեցընէին նոր եւ կսկծալի կերպով մը «զկապուտ երանգոցն գունագոյն նկարուց, նաօտ պէսպէս նկարուց, այն էր պարանոցին նորա կապուտ», եւ հառաչե՞ց իբրեւ հարազատ քոյր անեղբայր, բայց Սահակդխտոյ եւ Ստեփաննոսի արժանավայել հառաչանօք, եւ ապա իր երկայն սեաւ վարագուրովն` քնարն այլ դէմքն այլ պատելով, ծածկուեցա՞ւ բոլորովին մարդկանց տեսութենէն ի խորս քարայրին…: Պատմութիւնն լռէ: