Յուշիկք հայրենեաց Հայոց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

  Դեկտեմբերի 25 (14)

Ա

ՏԱՐՒՈՅՆ վերջի օրերն է. եղանակն տխուր ժամանակն խաւարին, թոռմեալ թմբեալ բնութեան վրայ տարածուած համասփիւռ ճերմակէն` լոյս չի ծագեր, մխիթարութիւն չելներ. ձմեռն` միշտ ցուրտ, սառն` միշտ սոսկումն կ՚ազդէ. իսկ այն այսահար սօսափիւնն, այն մոլեգին մրրիկն զօր կու լսես կէս գիշերուն` ճարճատեալ ծառոց կարկամ գրկերէն, եւ քարանձաւաց բքալից բերաններէն, մարդուս` ինչուան ոսկորները կու սարսռեցընէ: Այսպիսի ատեն տաքուկ անկողին մը, վառած թոնրի մը անկիւն, արծարծուն կրակարանի մը եզերք, ի՜նչ քաղցր են, ոչ միայն ծուլից` այլ եւ օրն ի բուն աշխատող բանուորի մը, համեստ բարեկամաց, կամ մենասէր իմաստասիրաց: Քաղցր ըլլայ քեզի այլ, Հայկակ, յառաջ քան մրափի մոռացութեան մէջ ընկնալդ, քանի մը ժամ ճաթռտող խարուկին լուսովը` մեր հայրենեաց հին դիպուածները հետաքննել, եւ այդ մեռած փայտերէն նոր կենդանութիւն հանող կրակիդ պէս` մարած անցքերէ եւ մեռած անձերէ` կենդանի կրքեր արթընցընել: Երանի՜ անոնց, որ թէ եւ աղքատիկ, թէ եւ ցողունապատ խրճթի մէջ, կամ կիսաթաղ հողէ տանեաց տակ, դեռ խոր խորշիկ մը բուխերիկ մ՚ունին, որոյ մէջ քանի մը տաշեղով տաքութիւն եւ լոյս կու պահեն, եւ անով իրենց նմանեաց երեսը կու տեսնեն, ծխանին ծակէն արձըկած ծուխն` նաեւ գիշերուան եւ քնոյ խորութեան մէջ, կ՚իմացընէ հազիւ հանդիպող կամ մոլորած անցորդի մը` թէ այն մեռելատիպ հողի քարի խռուի եւ ձեան տակ այլ` կենդանութեան կէտ մը, ընտանութեան բոյն մը կայ: Ո՜հ, ի՞նչ դժնդակ է այն տեղն, ուր ծխան չի ծխեր. ի՞նչ խղճալի անձ, որ այսպիսի եղանակի եւ ժամանակի մէջ` բնութեան ամենայն սաստից եւ արհաւրաց մէջ, սառի եւ սարսուռի մէջ պատած պաշարուած բռնուած ըլլայ. ուր ոչ միայն այդ չարիքն, այլ եւ չարիքներէն ազատելուն ճար ու յոյս այլ չըլլան. - եւ մանաւանդ, մանաւանդ եթէ մէկն բռնի եւ անպարտ դատապարտուած ըլլայ այդպիսի, եւ քան զայդ աւելի զրկմանց, կրից եւ ցաւոց: Հայկակ, հոս անտարբեր կալ մնալ չըլլար. այս յիշատակիս` ցուրտն եւ սարսուռն ամեն պատճառեցընելով ներս կու մտնեն. կրակդ կ՚անցնի, ծուխդ կու ցնդի, սիրտդ կու սոսկայ…: Ե'լ, ե'լ խրճըթէէդ, մոռցի'ր ձմեռ խաւար. հայրենական հոգւոյ հրեղէն վերարկուն ձգէ վրադ, թող կրակիկդ, եւ հասարակ գիշերուան խօլաշունչ մրրկին մէջ` անկէ սուրա' ե'լ թռի'ր:

Երթանք, մէկ շնչով անցնինք սառնապատ սարեր ու ձորեր. երթա՞նք` ուր որ ցրտին, միայնութեան, ամայութեան, եւ ահեղութեան երեւոյթ կայ, վիշտք եւ կիրք կան: Երթանք, ուր այսօրուան Հայադիր յիշատակն յափշտակէ զմեզ, մեր հայրենեաց հիւսիսագոյն սահմանները, ուր հսկայաձեւ երկայնշար Կովկասու լեռնագօտեաց դիմաց` իբրեւ զուգահեռակ կամ հակապար անոնց, աւելի ցած եւ աւելի կտրտած լեռնագօտի մը կու ձգուի ընդ հաւակողմն. զոր հակակովկաս կամ գուցէ լաւ եւս հայակովկաս կ՚անուանէ աշխարհագիրն. եւ որ շատ հեղ էին Հայոց եւ Վրաց սահմանապարիսպն եղած է. բայց շատ հեղ այլ Հայք անցնելով այդ պարսպէդ` տիրած եւ բնակած են անոր դէպ հիւսիս տարածած գեղեցիկ ձորադաշտերուն. որոց մէջ մեծ գետոյն Կուրի հայաբուխ օժանդակներն զեռալով` քաջաբոյս փորակներ եւ ձորակներ կու ձեւացընեն: Անոնց վրայ կ՚իշխէր թագապատիւ նախարար մի, անուանեալ Բդեաշխ Գուգարաց. վասն զի այս հին եւ մութ նահապետական անուամբ կոչուէր այդ Վրաց եւ Հայոց մէջ տարածուած բազմալեռ բազմաձոր բազմալիճ բազմագետ աշխարհն. որոյ եւ յետին գաւառքն` յարեւելեան կողմն` կոչուէին Կողբոփոր, Ծոբոփոր, Ձորոփոր: Այս երեք փորակաց անմիջապէս յարեւմտից հիւսիսախառն կից` փորակ մ՚այլ կայ, զոր շատ պատմիչ եւ աշխարհագիր թողեր են անծանօթ. այն է Բողնոփոր. եւ սակայն ամենէն աւելի ծանօթ ըլլալու իրաւունք ունէր այս գաւառակս. որովհետեւ ասոր մէջ է, իր հարաւային ծայրը եւ յեզր դաշտին Վրաց, ասոնց հիմկու մայրաքաղաքին` Տփխեաց` դիմաց, իբրեւ կիաւուր ճամբով միայն հեռու` Գուգարաց բդեշխին մայրաքաղաքն` Ցուրտաւ, նոյնպէս գրեթէ բոլորովին մոռացեալ. զոր միայն յիշեցընէ ձորագնաց գետակ մը` Ցուրտագէտ կոչմամբ, եւ խառնուի հարաւային հայակովկաս լեռներէն իջած վտակին հետ, այն որ իր բնիկ գաւառին անունը կու պահէ (Բողնեաց գետ), հիմա Բոլոտուրի կոչուելով: Իսկ այդ բդեշխաց աթոռ հին եւ շէն քաղաքն` հազար տարիէ վեր գիւղացեայ` Գաջէնք կոչի, հնագոյն անուամբ եւ աւանդութեամբ մը. վասն զի այդ տեղը` կ՚ըսեն, շինած է Քաջ կամ Գաջ անուն եղբօրորդին Հայկայ. որոյ անուամբ երբեմն գետն այլ Գաջէնագէտ կոչուի: Այս շէնս կամ քաղաքս` Բողնոփորի հարաւային ցածագոյն ծայրը շինած է. իսկ գաւառին բարձրագոյն լեռնասահման ծայրը, հիմկու մացառախիտ եւ պղնձահատ Լեալվար լերանց ստորոտը, Բոլոտաւրեայ աղբերականց մօտ, ամուր եւ աւելի շէնք մը կայ, որ նոյնպէս Թորգոմայ առաջին թոռանցմէ շինուած կ՚երեւի, քան թէ ի ճենազնեայ Ուռպելեանց, եւ կոչուի ինչուան հիմա ՈՒՓՐԷԹ, թերեւս յանուն Ուփար նահապետի մը կամ Ոփարք ցեղի մը. որոյ հին բնակարան եւ ոստան եղած կրնայ ըլլալ. եւ յետոյ տեղւոյն բարձրութեան եւ դժուարութեանն համար թողուած, բայց պահուած իբրեւ ամուր եւ անմատոյց բերդ, պատսպարան եւ տեղի ապաւինի գաւառին, կամ արգելարան բանտի խստիւ պահելի անձանց:

Մեր քննութեան ատենն այլ, ասկէ իբրեւ 1400 տարի առաջ, այս պահուած քաշուած մթին եւ խոժոռ կերպարանքը կ՚ընծայէր Ուփրէթ. եւս առաւել այս եղանակիս եւ այս պահուս: Գարունն, այն աստուածային երկրասփիւռ ծիծաղն, գարունն եւ ամառն` որ Բողնեաց փորակը ծաղկազուարճ բուսաբուխ վիճակ մը կու դարձընեն` անոր պայծառ ալեաց մատռուակութեամբն, Ուփրեթայ բերդին եզերքն այլ չեն մոռնար հասարակաց երկրի պարգեւէն. ինչուան բանտերու պատերուն վրայ այլ կու բուսնի կու բացուի ուրախութեան եւ անմեղութեան նշանակն, ծաղիկ մը…: Իսկ մարդուս սրտի ծաղիկն` գթութիւնն, ո՜հ, գթութիւն չի բուսնիր, չի բղխեր բռնաւորաց կուրծքէն, որ մտնէ այդ պատերէն ներս. հոն` ուր ոչ միայն ստոյգ արդարութեամբ դատապարտածն, այլ երբեմն (չըսեմք շատ հեղ) նաեւ անպարտն արգելեալ, զուրկ ի լուսոյ եւ ի յուսոյ աշխարհի` տառապի, տուայտի, մեռանի:

Այս գիշեր, Հայկակ, դու այդ նիւթական անչար բնութեան պարգեւիկն այլ չես գտներ հոս. հոս ամեն բան չորցեր, սառեր անցեր է. եւ եթէ ըստ բաղդիդ` գլուխդ վերեւ թափառած սեւ մրուրներն պատռտելով, բանան քանի մը վայրկեան դալկահար եւ դողդոջուն լուսնի մը երես, ահա տեսածդ ամայի ցուրտ սառած անապատ մ՚է: Լեօք եւ Լեալվար լերանց կոշտ կռնակներուն վրայ քանի մը կանաչ ըսուած մոշայք եւ եղեւնիք կան. այլ այս առհասարակ տարածեալ ձեան տակ կամ մէջ, դողդոջուն ու անփախուստ շուքերու պէս կու ծփան ծառերն. եւ այդ պաղ պախըրցի հովուն թեւերուն տակ` իբրեւ վզէն բռնուած կենդանիք` սուր ու խայթող ձայներ ճիչեր կու հանեն. միայնակ ե՜րգ եւ երաժշտութիւն հիւսիսային հովպետին` այս եղանակիս, այս տեղւոյս: Եթէ յանկարծ ջատուկ պառուի մը վայելու նման սուր ձայն մ՚այլ չի փրթի` դիմացի բերդիդ քարէ պահապանի նման բարձրացեալ աշտարակին գագաթէն. որոյ վերին պատուհանին խորշը քաշուած տափագլուխ լայներես փետափուք բուիճակն` ապակէնման մեծակըլոր աչքերը աջուձախ սահեցընելով, կորուկախ քթովը` ձմերական խոր հանդարտութեան մէջ անգամ անհանդարտ եւ անկուշտ, բանտապանին կամ բռնաւորին նման կարծես կու սրդողի ամեն օտար կենդանեաց, որ չխռովեն իր աւերակաց տէրութիւնը, չարգելուն իր որսերը: Եւ ահա, երբ լուսնին ճառճըռտած ճառագայթներն այլ քաշուին, անհեդեդ բերդն, բարձրահայեաց բուրգն` աներեւոյթ կ՚ըլլան, բուին վայն ու վույն աւելի կու զօրանայ: Արտաքինէն կրնաս գուշակել Ուփրեթայ ներքին երեւոյթն այլ, պատերուն թանձրութիւնը, սրահներուն, սենեկներուն կամ խորշերուն նեղութիւնը, եւ տեղ տեղ բարձրէն բացած ծակերուն պզտիկութիւնը. ուսկից ոչ երբեք սրտաբաց մաքուր օդ մը եւ պայծառ լոյս մը կ՚իջնեն, այլ մրրախառն բան մը, այնչափ` որ կարենայ արգելական մը դեռ շնչել, եւ հառանչանքները անկէց դուրս արձըկել ինչուան ուր որ հասնի. եւ փոխարէն` դրսէն ընդունիլ բուիճակին վայիւնը, հիւսիսին սոսափիւնը, եւ երբեմն հեռաւոր ձորերէն իջած ջրերուն հանդարտընթաց սահանաց կարկաջանքը. - հառաչա՜նք հովու եւ ջրոյ, - ի պատասխան հառաչանաց հրացեալ եւ հալեալ սրտի բանտարկելոյն:

Բ

Կա՞յ արդեօք հիմակ այլ մէկ մը, այսպիսի դժնդակ եղանակի մէջ, այսպիսի դժնդակագոյն տեղ մը արգիլուած. մինչդեռ քաղաքական եւ կրօնական եղանակք` փոխանակ բնութեան` մխիթարեն զմարդիկ, նոր տարւոյ յուսով եւ Քրիստոսի Աստուծոյ ծննդեան տօնից հրաշափառութեամբ: - Քանի մը մղոն ճամբայ, ձորակ մը, ամայի դաշտակ մը, պատ մը միայն` անանց անկոխ արգելք կանգներ է ընդ մէջ աշխարհի կենակցութեան, եւ ընդ մէջ բանտարկելոյն. ամենայն ինչ` ոչ միայն տխուր, այլ եւ անփոփոխ է անոր չորս դին, բաց ի մտքէն. եթէ դեռ զօրաւոր սիրտ մը կարենայ նուաճել զտխրութիւնը, եւ բանեցընել գլխոյն աստուածատուր ազատութիւնը. այն ազատութիւնը, որուն կ՚ուզէ, բայց չիկրնար արգել ըլլալ անգթագոյն բռնաւորն այլ: Բայց անցնինք այդ լուռ եւ խաւար սրահներէն, խորշերէն, գաղտնարաններէն, ուր վրանիս կու թափին ձանձախարիթի նման սեւցած սարդի ոստայններ, եւ պահապաններէն շուտ արթընցող ճիւղակերպ ջղջիկներ` կաշէկծիկ թեւերով` սատանի ձագերու պէս պատէ պատ կու զարնուին. բաց յայն սենեկէն միայն, ուր անփոյթ` քան անգութ պահապանքն պառկած, փոխանակ անքուն հսկողութեան, խորդալով կու խրտեցընեն իրենց մատնուած դիմացի արգելականը: Եթէ ադ մարդկային գազանաց որպիսութիւնը նայելու ըլլաս, կ՚իմանաս` որ հոս շատ արգելական չկայ, բայց եղողն շատ զգուշութեամբ պահուած է իբրեւ մեծագոյն յանցաւոր եւ անազատելի մահապարտ մը:

Սիրտ ըրէ, մտի'ր այդ ծակը. խարխափէ շօշափէ' չորս դին. շատ ընդարձակ չէ, քանի մը քայլ է. այլ գիշերուն մթուն չես կրնար բան տեսնել. սակայն հոս թէ միջօրէին բարկ արեւուն այլ գաս` շատ աւելի պիտի չտեսնես. տեսնելու բան այլ չկայ. այդպիսի արգելականի խորշ մը` շատ մերկ եւ պարապ է: Խե՜ղճ. եւ ոչ անկողին մը կայ, այլ պզտիկ խշտիկ մը, որուն վրայ հազի նստել կարելի է եւ ոչ երկայնուկ պառկիլ. ո՜հ, պառկելու ճար այլ չկայ: Կու լսե՞ս այդ թանձր շղթայից խշրտոցը. անշուշտ ատոնք բանտելոյն ոտքերն կաշկանդած են. ոչ ոտքերն միայն, այլ եւ այլ մարդուն ազատութեան արտաքին զուգակ գործաւորները, ձեռքերն այլ: Այլ աւելի խղճալի եւ պժգալի. մարմինն այլ արձակ չէ. գլուխն այլ ազատ չէ, հաջուխած շան վայել անուր մը` վզէն անցած, ամուր կապանօք պատին պնդած է. եռապատիկ երկաթով կապկպած, կատաղի գազանի մը կամ գազանացեալ վիրագի մը նման, երեք անգամ արգելեալ: - Ստո՞յգ է ուրեմն առասպելն, որ ատենօք այս լերանց դիմաց` Կովկասու Էրպրուզայ բարձրագոյն սարերուն գլուխը կու ցուցընէր զդիւցազն Պռոմիթեւս, որ երկնուց կրակ գողանալուն եւ յերկիր բերելուն համար` չաստուածներէն դատապարտուած կապկըպած լերանց մերկ կողերուն վրայ ձգուած էր: Այդպիսի պատուհասի մը արժանի սեպուած կարծուի այս հակակովկաս լերանց բանտեալն այլ: Ի՜նչ բարկ կրակ է արդեօք ասոր գողցածն. վասն զի յիրաւի իր ձեռքերն այլ այրած, խարած, սպիացած կ՚երեւին. նոյնպէս ոտքերն այլ, եւ ինչ որ մորթ կ՚երեւի վրան. նաեւ երեսներն այլ, եւ ինչուան աչքերն այլ` գրեթէ աչքութենէ ելած. երբեմն բարկ արեւէ, եւ վերջը մթէն խանգարած ուռած ցաւած. կարկատուն դէմքն` վատած դեղնած. չորս դին` զզուելի որդեր ճճիներ կու զեռան: Դիմացը` սեւ ու չոր գարիէ հացի կտոր մը, քովը փառչիկ մը պաղ ջրոյ. այս է իր կենաց սնունդը ամեն Աստուծոյ որ, որչափ այլ ապրի: Վրայի մաշած զգեստն, եթէ զգեստ այլ կրնայ ըսուիլ, իր վիճակին յարմար` տանջելի, մազախառն հիւսուած մը. աւելի խստակրօն ճգնաւորի հագուստի նման, քան սովորական մահապարտի: Բայց ո՜վ անտանելի ծանօթութիւն այս ամեն պժգալի բաներն դեռ կու պզտիկնան, ոչինչ կ՚երեւին, կամ թէ կրկին կու մեծնան, կու սաստկանան լեռնանան, մինչեւ յերկինս կու բարձրանան, երբոր հաւատաս, Հայկակ, եթէ այդ չարաչար բանտարկեալ մահապարտդ` սովորական յանցաւորաց սեռէն չէ, այլ կին մարդ է:

Անշուշտ երկուքին մէկն. կամ դա` պատմութեանց մէջ չլսուած եղեռնաւոր անզգամ, դեղիչ սպանիչ, քաղաքայրեաց, աշխարհակործան կին մը պիտի ըլլայ. կամ ատոր բանտողն ա'յլ աւելի եղեռնաւոր անզգայ գազան բռնաւոր մը: Կի՞ն մը. ասա՞նկ ատեն, այսպիսի՞ վիճակի մէջ Անշուշտ սիրտ չես ըներ, Հայկակ, այս պատմութիւնս քուրերուդ պատմելու, կամ սիրտ չեն ըներ անոնք լսելու եւ աչք մը տալու այսպիսի սեռակից անձի մը վրայ. քեզի անգամ ծանր է` քու մօրդ զուգակիրը` թէ եւ յանցաւոր եւ մեծայանց ըլլայ, այդ երկաթներուն մէջ կարկամած տեսնել: Հապա ո՞րքան աւելի զգալի, կսկծալի եւ սոսկալի պիտի երեւի այդ պատկերդ, եթէ դիմացը ուրիշ պատկեր մ՚այլ ըլլար` աշխարհիս (չեմ ըսեր զեղծ ու չփացած, այլ եւ ) օրինաւոր բարեկեցիկ վայելուչ փառաւոր տիկնոջ մը: Պէ՞տք է արդեօք այն պատկերն այլ փնտռել: - Այո. հոս ոչ մարդահաճութիւն եւ ոչ անձնահաճութիւն, այլ բարոյական հարկ եւ պարտք մը կայ զայն այլ տեսնելու. պէտք է վայրկեան մը բանտէն դուրս ելնենք, որ բանտին մէջինը լաւագոյն ճանչնամք:

Գ

Շատ հեռու չեմ տանիր զքեզ, Հայկակ, հազիւ ճաշաժամու մը ճամբայ, այս Բողնոյ - փորակէս դուրս չէ, այլ նոյն իսկ անոր շինագլուխն, նախայիշեալն Ցուրտաւ, մայրաքաղաք բդեշխին Գուգարաց: Անշուշտ մէկէն գուշակես թէ դիմացդ ելնելիքն պիտի ըլլայ բդեշխուհին: Յիրաւի, անկէ զատ չէ, եւ գիտնալու ես որ այս տեղի բդեշխուհիս, թագուհիէ շատ պակաս չէ: Հայոց մեծ թագաւորութեան տակ քսանի չափ նախարարներ կային, մէկ մէ՚կ փոքր աշխարհներու ազատօրէն կառավարք, ասոնցմէ չորսն աւելի շատ ազատ եւ գրեթէ անկախք էին. ասոնք էին Բդեշխիքն, որ երբեմն թագաւորք այլ կ՚ըսուին, եւ որոց մէկն հոս Հայաստանի հիւսիսակողման սահմանակալ կամ աշխարհապահն էր` Գուգարաց նախարարն, որ եւ Վրաց բդեշխ կ՚ըսուէր, եւ երբեմն բուն ազատ Վրաց թագաւորէն աւելի զօրաւոր` եւ աւելի ընդարձակ երկիր ունէր, եւ անոր վրայ այլ իշխանութիւն կու բանեցընէր` Հայոց թագաւորին կողմանէ: Արդ յայտ է որ բոլոր հիւսիսային կամ կովկասային ժողովրդոց առջեւ Գուգարաց բդեշխն` մեծազօր մեծափառ իշխան եւ տէր մը ճանաչուէր. խաղաղութեան ատեն 18 կամ 20000 զօրաց հրամանատարն էր. անոր համեմատ առատ եկամուտ այլ ունէր երկրէն. մէկ մը անոր ընդարձակութեան եւ բերքերուն համար, (բաւական տափարակ եւ ցած դաշտեր ունենալովն, եւ աղէկ փայտի անտառներ, ու մանաւանդ պղնձի եւ ուրիշ մետաղաց հանքեր). մէկ մ՚այլ Ալանաց-Դրան ճամբուն հարաւային պահակը` իր իշխանութեան տակն ըլլալով, որ էր սովորական ճամբայ Հայաստանէն եւ արեւմտեան Ասիայէն ի Կովկաս գնացողաց եւ անկէ հոս եկողաց. այս երթեւեկս եւ մանաւանդ վաճառաց ելումուտքն` շատ շահաւոր էր Գուգարաց տիրոջ: Այսպիսի դրութեամբ` հարկ է որ իր դշխոյն այլ հիւսիսային տիկնայց մէջ թագափայլ եւ մեծափառ նազէր: Եւ եթէ ուրիշ դշխոյք միայն այսպիսի բարձր գահու մը վրայ ըլլալովն այլ կրնային փայլել, հիմակուան բդեշխուհին իրմէ առաջիններէն անուանի, աւելի բարձրագոյն պէտք է փայլէր իր անձնական ձրիւքը, որով կայսերաց գահոյքն անգամ կրնար պայծառացընել. վասն զի էր նա թոռնադստրիկ մեծի Պարթեւին եւ սուրբ քահանայապետին Սահակայ, դուստր Մեծին Վարդանայ ՎԱՐԴՈՒՀԻՆ ՇՈՒՇԱՆ. այս երկու պարագլուխ ծաղկանց անուամբ եւ անոնց շնորհօքը ծանօթացեալ եւ հռչակեալ, ի հօրէն Վարդուհի կամ Վարդանուհի կամ Վարդենի կոչեալ, եւ ի սիրոյ գգուանաց` իր մաքուր եւ պայծառ տեսլեանն համար Շուշանիկ կոչուած, որ եւ իբր սեփականագոյն անուն մնաց վրան: Շուշանկան շուքն եւ շնորհքն` չէր այնքան հարստութիւն, Մեծին Վարդանայ Մամիկոնէից տեառն անուանակիր զաւակ եւ ժառանգ ըլլալն, կամ Գուգարաց բդեշխի դշխոյ ըլլալն. եւ ոչ այնքան մարմնափայլ գեղեցկութիւնն, ոչ իսկ պարթեւական եւ մամիկոնեան արեան ազնիւ սերունդն, որքան ի հօրմէն, մամէն (Սահակադխտոյ) եւ ի մեծ պապէն առած դաստիարակութիւնն, իմաստութիւնն, բարեպաշտութիւնն, միով բանիւ, շնորհքն եւ օրհնութիւնն` որովք արդարեւ աշխարհիս մէջ մեծ անուն եւ զարմանք թողլով` արիական, դիւցային, աստուածանշոյլ կանանց մէկն ճանչցուեցաւ. եւ հարկ էր որ իր երկրաւոր տիկնութեան օրերուն այլ փայլէր եւ ըլլար աստղ եւ պսակ հիւսիսոյ: Էրկանը` Վազգէն բդեշխի` ներկայ չեղած ատեն, տիրաբար կ՚իշխէր եւ հրաման տայր աշխարհին, տանը մէջ` գերզգօն ազնիւ մայ մ՚էր. հասարակաց բարերար եւ դայեակ. եկեղեցւոյ բարեզարդիչ փայլեցուցիչ, արժանաւոր Ս. Սահակէն ժառանգած բարեպաշտութեան, հոգեսիրութեան եւ հայրենասիրութեանն, որով կարգաւորեց եւ մտուց Ցուրտաւայ եկեղեցւոյն մէջ հայերէն ժամակարգութիւն, զատ ի վրացւոյն. (վասն զի Վրացիք այլ շատ կային հոն, թերեւս աւելի քան զՀայս, երկար ատեն Վրաց իշխանութեան տակ ըլլալով երկիրն. անոր համար երկու լեզուով այլ կատարել կու տար պաշտօնը) եւ եպիսկոպոսք հրամանը սիրով ընդունելով` հարիւրաւոր տարի ետքն այլ` իբրեւ աւանդութիւն եւ պատուէր մեծ դշխոյին` անփոփոխ պահէին այս կարգը:

Ահա այսպիսի է բդեշխուհի` զոր կ՚երթամք տեսնելու ի Ցուրտաւ. եւ ի հարկէ այսպիսի ձրից եւ արժանեաց քով` շատ ծաղրելի եւ անգոսնելի պիտի ըլլայ` անոր վսեմափայլ կերպարանացը հիանալ, կամ տիկնութեան թագն ու շղարշը, ոսկին բեհեզն, ծիրանին, գոհար ակունք եւ մարգարիտները դիտել. սաւական ըլլայ առանց մանր քննելու եւ համրելու` հարեւանցի մ՚այլ տեսնել զինքը դշխոյական դարպասին մէջ` հանդիսական հագուստովը, եւ բնական նարմանազուկ շարժուածքովը, կարծես շնորհք, հեզութիւն եւ վսեմութիւն իրար խառնած` զինքը զանգեր ու զարդարեր են. եւ այլ ամենայն փառքերէ վեր ելնելու կու շարժէ մանտրուքայլ ոտքերը, որպէս թէ իր բուն գահոյքն` աստեղաց կամ արեւու մօտ խորանի մէջ կանգնած ըլլայ…

Հիմա կրնամք, Հայկակ, այս Գուգարաց բդեշխուհին, իր տիկնաբար կոխած շեմէն շարժել ու փոխադրել վայրկեան մը Ուփրեթայ զնդանին մէջ, եւ հասկընալ` թէ ի՞նչ է վեհ վսեմ գեղեցիկ բարեկիրթ բարեպաշտ զաւակամայր կին մը, եւ ի՞նչ է այդ մեր նախ տեսած, երեքերկաթեան կապած, մաշած մարած պառաւն, որոյ` կին անգամ ըսել դժար կու գայ: Թերեւս պարտիզափայլ շուշանին եւ ձմեռը անասնոց խար տրուած չոր ծաղկին մէջ` այնքան աննմանութիւն չըլլայ, որքան այս երկու կերպարանաց մէջ. անմօտենալի վիհ մը կ՚երեւի մէջերնին: Եւ սակայն. - սակայն,, ի՞նչ չիկրնար ընել մարդուս հոգին. այն մեծ եւ անմահ զօրութիւնն, որ բարութեամբ կրնայ բարձրանալ մինչեւ յԱստուած, եւ չարին հետեւելով` ինչուան սատանայի գործակից ըլլալ: Այս երկու հակառակ կերպով` հոս այլ մեզի աննման անմօտենալի անկարծելի երեւցածն` կրնայ ըլլալ. եւ արդէն եղած է, եւ մեր ուզածէն եւ չուզածէն աւելին այլ: - Ուփրեթայ շղթայեալ վշտակիրն` եւ Գուգարաց շնորհաշուք դշխոյն` Շուշանիկ, անբաժանելի մի եւ նոյն անձն է… Մեծին Վարդանայ Մէկհատիկ դուստրն, Վազգենի կինն, Վրաց բդեշխուհին, աննման Շուշանիկն այն է, որ վեց տարիէ վեր այս ահեղ եւ դժնդակ տեղւոյս եւ շղթայից մէջ դատապարտուած է ի տանջանս եւ ի մահ:

Դ

Ո՜վ ափշութիւն, ո՜վ սոսկումն, ի՜նչ փոփոխութիւն, տէր Աստուած: Եւ ի՞նչպէս. ի՞նչու: - Արդեօք այդ մեծահոգի մեծաշնորհ կինն` իր եւ հասարակաց նախամօրը պէս խաբուելով, աստուածային պատուիրանին անհնազանդ` վռնտուեցա՞ւ իր դրախտանման դարպասէն. թէ արդեօք երկնային զօրութեանց պարագլուխ արուսեկին պէս հպարտացեալ` ուզեց Բարձրելոյն աթոռն ելնել, եւ զարնուելով անոր կայծակէն` գլորեցաւ ընկաւ ի խաւար եւ յօտարութիւն… Թէպէտ եւ անհուն կ՚երեւի կերպարանաց փոփոխութիւնն, սակայն այդ մաշած դիմաց վրայ ամբարտաւանութեան եւ մեղաց հետք չեն երեւիր, շատ հեռի են չարութեան շուքերն անգամ` այն հեզութեամբ եւ առաքինի տրտմութեամբ խորացեալ խորշոմեալ երեսներէն. - նուազեալ եւ ցամաքեալ աչքերէն` դեռ գթութիւն եւ ողորմութիւն կու կաթէ. - խարշած շրթանց մէջ դեռ շնորհք կու ժպտին լռիկ. - անթագ անպսակ ճաղատ ճակտին վրայ դեռ անարուեստ զօրութեամբ մը գրուած կ՚երեւի թէ սա դշխոյ է արժանափառ: Նեղ բանտին մէջի մէկ հատիկ գործարանն` աղօթանոց մը, անոր վրայ երկու գրքոյկք` աղօթամատոյց մը եւ Ս. Սահակայ աստուածաշօշափ մատներով գրուած ակետարանիկ մը, եւ այս երկուքին մէջ կանգնած խաչափայտ մը, կու վկայեն, թէ աստուածարեալ հոգի մը կայ այդ պատերէն աւելի` մարմնով բանտուած` անձին մէջ. որուն հանդարտութիւնն, սենեկին խաղաղութիւնն, եւ գրեթէ որդանց մէջ անգամ զգալի անուշահոտութիւն մը, շատ համարձակ կու վկայեն, թէ դա ոչ միայն իր անուան շնորհն պահած է, այլ եւ առաւելած, անպարտ է այդ դատապարտեալդ, անարատ է տառապեալդ, սուրբ է Ուփրեթայ բանտարկեալն, հրեշտակաշնորհ է ՇՈՒՇԱՆԻԿ, եւ անօրինակ երեւոյթ մ՚է մեր տեսածն հոս:

Ո՞վ է ուրեմն պարտաւորն, ո՞վ այն այլանդակ յանցաւորն, այն ապառաժ բռնաւորն, այն մարդագազանն` որ յայս վիճակ հասուց զսա: - Վազգէ՞ն. - Վրաց բդեշխն, նոյն իսկ կենակիցն, ամուսինն Շուշանկան: Անշուշտ կամ խելագար կամ դիւահար պիտի ըլլայ` որ այդ գործդ ըրեր է, կամ դժոխական ատելութեամբ մը մխուած` որ զմարդ մոլորցընէ չար քան զխեւ ու զդեւ:

Ափսո՜ս Շուշանկան, երջանիկ ժամանակ մը ծնաւ, իր հօր Վարդանայ ամենայն փառաց մէջ եւ հօրապապուն Սահակայ աստուածապետական գահակալութեան ատենն. սակայն թշուառ դարու դշխոյ եղաւ: Հասակին վիճակին ամենէն պայծառ միջոցին, Հայոց բաղդին փառափայլ արեւն խաւրեցաւ, վերցաւ թագաւորութիւն ցեղին Տրդատայ եւ քահանայապետութիւն Ս. Գրիգորի. Հայաստան տակն ու վրայ եղաւ: Պարսք ջանալով զՀայս կրակապաշտ ընել` երկայն տարիներէ վեր լռած հալածանքը նորէն բորբոքերին: Հայք բանիւ եւ փաստիւ չկարենալով համոզել զամպարիշտն Յազկերտ` աշխարհօրէն պատերազմաւ ուզեցին դէմ կենալ զինուց բռնութեան. մէջերնին երկպառակութիւն ընկաւ, կէսն կաշառուած ի Պարսից եւ մոգութեան հաւանած` արգելք եղան յաջողութեան պատերազմին եւ ազատութեան. Վարդան` հայրն Շուշանկան գլուխ հայրենեաց ուխտապահ մասին` ընկաւ փառօք եւ սրբութեամբ մեծ ճակատամարտին մէջ. իրեն հոգւոյն եւ զօրութեան յաջորդ մը չգտնուեցաւ շուտով: Իշխանաց եւ ցեղապետաց ոմանք փախստեամբ եւ թաքստեամբ ծածկուեցան, ոմանք զէնքով պաշտպանել ջանացին իրենց ամրոցները. շատոնք այլ ի Պարսից ձեռքն ընկած խաբէութեամբ` բանտեցան յօտարութեան. եւ ոչ սակաւք` դժբաղդաբար` սիրով զփառս եւ զվայելս աշխարհի` քան զհանդերձեալ յոյսն, հաւանեցան կամայ կամ ակամայ մոգուցն եւ կրակապաշտից. եւ քրիստոնէութեան փոխանակ` արեւու եւ մոխրի պաշտօնը յանձն առին: Որոցմէ այլ աւելի զզուելով ուխտապահքն, ոչ միայն արք այլ եւ կանայք, փափկասուն տիկնայք, իբրեւ նորէն կնքուելով ի Քրիստոս` հաստատեցին ուխտ դրին մինչեւ իսպառ համբերել, նեղիլ, տառապիլ եւ չուրանալ զսուրբ հաւատս Յիսուսի, չմարել Լուսաւորչին ջահը` պիղծ մոխրախայծ խանձողաց դիմաց:

Այս ետքի երկու դասուց մէկմէկ պարագլուխ կրնան սեպուիլ Գուգարաց բդեշխն եւ իր դշխոյն. Վազգէն վասականման ուրացողաց, աւերողաց, հայրենատեաց, քրիստոսատեաց անարի արանց. Շուշանիկ` Շամունեայ նման մեծահաւատ մեծահոգի հայրենասէր աստուածասէր այրասիրտ կանանց. որք «Մոռացան զկանացի տկարութիւն, եւ եղեն արուք առաքինիք ի հոգեւոր պատերազմին… ոչ միայն յոգիսն մխիթարեալ կային առ աներեւոյթ զօրութիւն յուսոյն յաւիտենից, այլ եւ մարմնոյ նեղութեամբք առաւել եւս բարձին զբեռն ծանրութեան… Ոչ ինչ յիշեցին ամենեւին զանուն փափկութեան մայրենի ազատութեանն, այլ իբրեւ մարդիկ` որ վշտաբերք լեալ իցեն անդստին ի շինական սովորութեանցն տանջելով վարեալ զկեանս աշխարհիս, անդրագոյնք եւս քան զնոսա յանձն առին զհամբերութիւն վշտաց: Անարիւն ճպռանց նմանեցին, որ երգոյն քաղցրութեամբ առանց կերակրանաց կեան, եւ կենդանի են միայն զօդն ծծելով, զանմարմնոցն բերեն զնմանութիւն»:

Այսպիսիք էին այն ժամանակի ուխտապահքն Տիկնայք փափկասունք Հայոց աշխարհին, որպէս ականատես սուրբ պատմիչն նկարագրէ: Այլ ի՞նչ արդեօք պիտի ըսէիր, ի՞նչ մեղրեղէն թէ հրեղէն գրչով պիտի գրէիր, ո՜վ անուշակդ Եղիշէ, եթէ լսէիր, եթէ տեսնէիր` այդ տիկնաց տիկինը, այն քո եւ մեր դիւցազին` Վարդանայ` Վարդենի դստրիկը Շուշանը, այսպէս քան զամէն կին եւ այլ` այդ հալածանաց պարագային մէջ` սաստկապէս տանջեալ եւ հրաշափառապէս հանդիսացեալ:

Ե

Եթէ կանացի մարմին մը քան զայդ աւելի կտրուկ տանջանքներ կրած է, գուցէ աւելի երկար ատեն չէ կրած, թերեւս ոչ ոք այլ աւելի եւ՚ պէսպէս զրկանք եւ սրտակտուր կիրք աղեաց գթոյ եւ հոգւոյ վշտաց: Անշուշտ այդ սեռին վեհագոյն մեծուհեաց առաջին դասէն է Շուշանիկ. երբ նկատենք զնա յետ սրբութեամբ տիկնութեան կենաց` ուրացողի մը կին գտուած, թերեւս եւ մայր ուրացող որդւոց: Այս բանս իրեն հազար մահէ դառնագոյն էր. եւ բովանդակ այն միջոց ժամանակն` յոր անարժան դժնիկ այրիկն` Վազգէն` ի դուռն Պարսից էր գացեր, կու հոգա կու հալէր կասկածելով անոր ընելիք չարէն. թէ անոր` եւ թէ իր զաւակաց (իրեք մանչ եւ մէկ դստեր) հոգւոյն վտանգը մտածելով: Անոր համար երբ մէկն իրեն աւետիս տուաւ, թէ տէրդ դարձեր ի Պարսից` ողջ առողջ կու հասնի իր աթոռը, առաջին հարցմունքն եղաւ, թէ հոգին ի՞նչպէս է, ո՞ղջ է Դժուարասելի, եւ աւելի դժուարալուր պատասխան. աւա՜ղ. Վազգէն հիւանդ, օրհասական, մեռած է հոգւով. զի «Ի դուռն արքունի երթեալ` ուրացաւ զքրիստոնէութիւն, եւ եղեալ ընդ պարսկական օրինօք` ի կամաց եւ ոչ ի հարկէ եւ ի բռնութենէ վասն լկտի եւ անառակ վարուցն երկիր պագանէր կրակի, եւ ուխտէր ընդ սատանայի. եւ խնդրէր կին պարսիկ ի թագաւորէն. եւ (նա) հաւատայր նմա, եւ տայր զկնոջ իւրոյ մայր նմա ի կնութեան. եւ յանձն առնէր զկինն առաջին (զՇուշանիկ) եւ զորդիսն` դարձուցանել ի մոգութեան օրէնս»: Այս կայծակնաշար գոյժն երբ իջաւ յականջ Շուշանկան, գլորեցաւ ընկաւ գետին. եւ երբ խելք ու շունչ իրեն դարձաւ, վայով եւ լալով քիչ մը սիրտը պընդելով` ժողովեց զաւկըները, շտապելով տարաւ յեկեղեցին, ընկաւ սուրբ սեղանոյն դիմաց, զարկա ճակատ ի գետին. երբեմն հառաչանօք եւ երբեմն լռութեամբ` անորդի Աննայից պէս գետնամած մնաց, միայն Աստուծոյ բողոքելով, եւ միայն Աստուծով կրնալով դիմանալ: Եկեղեցւոյ պաշտօնեայք ցաւով եւ ահով կու նայէին, եւ աւելի եռանդեամբ իրենց բոլոր օրուան պաշտօնները կատարեցին: Շուշանիկ դեռ տեղէն չէր շարժած. երեկոյն հասաւ, Աստուծոյ տաճարն այլ պիտի փակուէր. Շուշանիկ ելաւ սուրբ յատակէն, բայց չդարձաւ իր ապարանքը, այլ եկեղեցւոյ քով տնակ մը քաշուելով, հոն բոլոր գիշերն այլ Աստուծոյ կու գանգատէր: Իր դրան քահանայն վերջապէս համարձակելով քիչ մը մխիթարութիւն տուաւ, եւ ուրիշներէն այլ ստիպելով` քիչ մը կերակուր առաւ. եւ դարձեալ գիշերուան մնացած մասը կեցաւ յաղօթք: Այդպիսի սրտի հարուածոց` չկայ քան զայս (աղօթք) յարմարագոյն եւ զօրագոյն ճար ու ճարակ: Երկրորդ առաւօտեան պաշտօնն այլ կատարելով յեկեղեցին, դարձեալ սկսաւ դրան քահանային ողբալ իր զաւակաց վտանգը. արդէն իր մէկ հատիկ աղջիկն չափահաս ըլլալով, հարկաւ քիչ օրէն մոխրապաշտ զանդկի մը հարս պիտի երթար. մանչերն այլ ժամանակաւ անպարկեշտ պարսուհեաց փեսայանային:

Ուրիշ մխիթարանք չգտնելով` առաքինօրէն կանչեց. «Հատա՜ւ սպառեցաւ ամենայն յոյս յերկրէ եւ ի մարդկանէ. բայց (ես) ակն կալայց Աստուծոյ ամենակալի որ փրկէ զիս. եւ տայցէ՜ ինձ թեւս որպէս աղաւնոյ զի թռուցեալ թեւօք Հոգւոյն սրբոյ շնորհօք հասանել եւ դադարել յանապատի, ընդունել զօրութիւն ի վերին խնամոցն, սթափել փոքր ինչ ի մրրկեալ սրտնեղութենէս եւ ի վհատութենէս… Եւ ես պատրաստ եմ տալ զանձն բանտից եւ կապանաց եւ ամենայն կտտանաց, որով նեղէ զիս ուրացողն. զի Աստուծով կեցից, եւ մեռայց վասն անուան նորա, եւ ոչ թողից դաւանութիւն հարցն իմոց` լուսաւորչացն Հայոց»: Այն յԱստուծոյ խնդրած աղաւնոյ թեւերն իջան հասան հոգւոյն, եւ ինչուան Ուփրեթայ բանտն այլ հասուցին, թեթեւութեամբ սրտին. որով նախ ելաւ կանգնեցաւ իբրեւ մեծ թագուհի մը` որ թագաւորի մը չկրցած յաղթութիւնը ըրած ըլլայ:

Այսպէս վսեմութեամբ եւ վստահութեամբ նստած էր, երբ Վազգէնի կողմանէ նուիրակք եկան, արքունեաց եպիսկոպոսն Յովհան եւ բդեշխին եղբայրն` մեծ իշխանն Ջոջիկ: Պահ մը պապանձեցան, կապուեցան, սկսան լալ. եւ հազիւ կրցան կըմկըմալով եւ ամաչելով բդեշխին հրաւէրքը տալ, որ կու կանչէր տիկինը, բայց կ՚իմացընէր այլ որ կ՚ուզէ իրեն պէս քրիստոսուրաց տիկին: Այն ատեն մեծն եւ մեծաց դուստրն եւ թոռնեայն` Վարդանայ եւ Սահակայ, տիրական բերանը բանալով սաստեց եպիսկոպոսին. Անվայե'լ աստիճանիդ` այսպիսի պատգա­մա­բերութիւն, ըսաւ, դու ճշմարտութեան քարոզ, «Դո՞ւ զայդ հրամայես. միաբանե՞լ ընդ առն ամբարշտի եւ ուրացողի զԱստուած. եւ այսպիսեացս լինիս թելադիր եւ մտախաբ: Աւա՜ղ իմոյ թշուառութեանս, որ եւ յորդորիչ ինձ ոչ գտաւ»:

Եպիսկոպոսն պատկառեալ եւ սրտապնդեալ` պատասխանեց. Ճշմարիտ է ըսածդ, բայց եթէ դու անշարժ մնաս` Վազգէն ոչ զքեզ միայն, այլ եւ բոլոր իր իշխանութեան քրիստոնեաները պիտի հալածէ, եկեղեցիները քակէ, բագին կանգնէ. մինչդեռ հիմա կու խոստանայ մեզի` ամենեւին չդիպչիլ անոնց, եւ ոչ զոք ստիպել, եթէ դու հաւանիս երթալու իրեն: Ես եւ տագրդ, Ջոջիկ, եկեր եմք` ոչ յուրացութիւն հրաւիրելու զքեզ, այլ յորդորելու գալ երեւիլ բդեշխին, բան մը ըսել. վասն զի եթէ յետ Աստուծոյ կայ մէկն` որ կարենայ անոր միտքը փոխել եւ սիրտը շարժել` դու ես, տիկին մեր: - «Վազգէնի սրտին տիրել ու շարժել` միայն Աստուծոյ կարելի է, ըսաւ Շուշան. բայց թէ իմ երթալս հարկաւոր կ՚երեւի ձեզի, ահա կ՚երթամ, բայց ի տառապանս եւ ի չարչարանս»: Ըսաւ եւ արիաբար դարձաւ յապարանքը. սակայն չմտաւ իր տիկնութեան փառազարդ սենեկաց մէջ. այլ առանձին տնակի պէս զատուած կողմ մը քաշուեցաւ, եւ երեք օր անքուն անկերակուր, լալու եւ աղօթքի կեցաւ:

Երրորդ իրիկունն Վազգէն պատրաստելու տուաւ մեծահաց ընթրեաց տաճարը. ջահերն վառեցան, ամենքն իրենց բազմականը բռնեցին, միայն Շուշան դշխոյին գահոյքը պարապ էր. բդեշխն խաւրեց զՋոջիկ որ բռնադատէ բերէ զբդեշխուհին. յետ երկար աղաչանաց հազիւ հաւանեցաւ Շուշան. իբրեւ նոր Յուդիթ մը, այլ Յիսուսի հեզութեամբն եւ մեծագոյն վսեմութեամբ զինուած` երթալու նոր Հողոփեռնեայ ընթրիքը. չընտրեց անոր պէս իր պերճագոյն զարդերը, եւ ոչ իսկ անոնցմէ շատ փայլուն բնական գեղեցկութիւնը երեւցընել ուզեց. այլ չափաւոր ձեւով մը պարտկած, միայն ծածուկ զարդ մը, չքնաղ լանջապանակ մը, անգին կնիք մը դրաւ ծոցը, որ էր իր սուրբ հօրպապուն ձեռագիր աւետարանիկն, եւ այնպէս մտաւ ի տաճարն: Սխրացան սարսեցան պահ մը ամեն տեսողք չուզելով անգամ, մինչեւ ջանացին իրենք զիրենք զսպել, եւ խօսքով ու կերակրով այլայլութիւննին ծածկել. իսկ Շուշան` իբրեւ երկնաճաշակ յաւերժահարսն, իր բարձր գահոյից վրայ բազմած, անխօս եւ անկերակուր կեցաւ, եւ ոչ իսկ Յուդթայ պէս իր նաժշտաց մախաղէն փոխինդ մը ծամելով. այլ իբրեւ զԵսթեր լուռ լեզուաւ եւ մեծաբարբառ երեսներով` երբեմն կու մարէր երբեմն կու վառէր, աւելի ակնախտիզ քան զամենայն ջահափայլութիւն տաճարին: - Նոր տեսակ աննման ընթրիք մ՚եղաւ այն օր. Վազգէն սրտէն վագրի պէս կու մռնչէր, ինք զինք կ՚ուտէր եւ չէր կրնար ճիկ հանել: Շուշան իր դշխոյն` դիմացն բազմած` լռութեամբ անդադար յանդիմանութեան տեղատարափ մը կու թափէր անոր եւ համախոհից վրայ. մինչեւ փութացան ընթրիքը չերկընցնել ելնել, եւ ամենքը իրենց տեղը քաշուեցան: Նոյնպէս ըրաւ եւ Շուշանիկ:

Զ

Իսկ քաջն Վազգէն` այն կըլլած թունահամ պատառները չմարսած, շրթունքը խածնելով, եւ թողլով իր Պարսկաստանէն բերած չամբուշ բամբբշիկն այլ, կու փնտռէր զՇուշան` անոր որսկապանաց մէջ, ոչ իբրեւ այն օրերը` որ իր բարեյիշատակ հայրն Աշուշա բդեշխ` մտերիմ բարեկամն Վարդանայ` փեսայացոյց զինքը թագաւորական փառօք Մամիկոնէից օրիորդին. եւ ոչ իբրեւ փքացեալ հսկայ մը` արեգնափայլ առագաստ մտնելով, այլ իբրեւ լախտաւոր անճօռնի Հերակլէս, կամ կոպիտ գրաստավար մը, հաստ բրով մը հանդիպեցաւ հերաշտակափայլ հարսին, երբ ծառայից ձեռքով` գտնել եւ բռնի բերել տուաւ զնա. եւ փոխանակ տարաշխարհիկ պարգեւաց, փոխանակ պարսկային ծոցէն բերած բստոյ եւ մարգարտոյ, անհնարին ծեծուփետ թափեց վրան, անխնայ եւ անխտիր, քարշանք մազերու եւ պարկեշտ զգեստուցն, բռնցի աքացի հարուածք… (ամօթ, զզուանք մարդկութեան). մինչեւ յետին ծառայքն անգամ ղպնելով եւ ցաւելով` վազեցին առ Ջոջիկ, որ փութացաւ եկաւ ջանաց գոցել այդ խայտառակ տեսարանը, ազատել զանմեղ աղաւնին դաժան վարուժանին ձեռքէն: Բայց ճար չեղաւ, գազանացեալ մարդն` իր եղբայրն այլ սկսաւ աքացել քշել, եւ իբրեւ փայտահար յանտառի կ՚իջեցընէր հարուածները իր ոտքը ընկած անձին վրայ, հայհոյելով զնա եւ անոր հայրը, զհաւատքն այլ, զԱստուած այլ, մինչեւ ինքն յօգնելով եւ չուզելով մէկ հարուածով մ՚այլ ձեռքին տակ սպաննել իր առաջին կենակիցը, հրամայեց որ քարշեն տանին ձգեն ուսկից որ բերին:

Երկրորդ առտուն ինքնին գնաց հոն, տեսնելու իր երեկուան թափած կարկուտին արգասիքը: - Շնորհագեղն Շուշան ջախջախեալ էր, կզակները կոտրտած, աշուըները արիւնալից, այլ ոչ բոլորվին միջաբեկ, դեռ ողջ էր: Հրամեց Վազգէն որ հոն պահեն զնա զգուշութեամբ, եւ չթողուն որ քովը մարդ երթայ. ուրիշ բան այլ չտան իրեն` բայց միայն գարէհաց եւ ջուր, ինչուան որ մեռնի: Իրմէ վերջը եկաւ հաւատարիմ դրաներէցն, իր աստուածահրաման պարտքն ընելու, չվախելով բռնաւոէն, ուսկից պահապանքն անգամ գանելով` թող տուին քահանային. որ երբ մտաւ եւ այնպէս արիւնլուայ գետին փռուած տրորած տեսաւ տիկինը, պաշտօնը մոռացաւ, սկսաւ տղու պէս լալ. մինչեւ ինքն քաջասիրտ խոստովանողն Քրիստոսի սկսաւ` փոխանակ ընդունելու` տալ մխիթարութիւն. «Մի' լար, ասէր, ի վերայ իմ. զի առանց հանդիսի եւ չարչարանաց` ոչ արդարանայ առաջի Աստուծոյ ամենայն մարդ. եւ ոչ շնորհք փրկչին` լքանէ թողու զոք առանց ողորմութեան որք յուսանն ի նա»: Ապա քահանայն այլ զնա մխիթարելով` աղաչեց որ քիչ մը ուտելու բան առնու. Շուշանիկ հազիւ կրցաւ բերանը բան դնել. անչափ ուժէ ընկած էր:

Քանի մը ամիս այսպէս անցաւ, վասն զի Վազգէն քաղաքէն հեռացեր էր, ուր նորէն դարձաւ աճապարանօք, լսելով որ երկրին վրայ թշնամի կու գայ. ապահովութեան համար տղաքը Վրաստանի կամ Կովկասու ամուր կողմերը ղրկել ուզեց. Կուր գետէն անցնելու ատեն տղոց մէկն դիպուածով կամ դաւաճանութեամբ ընկաւ կորաւ, եւ մեծ սուգ պատճառեց բոլոր երկրին. միայն Շուշան էր` որ մօր պէս ցաւեցաւ, այլ քրիստոնէի պէս ուրախացաւ` որ տղայն ժամանակաւոր մահուամբ յաւիտենական մահուանէ ազատեցաւ, սուրբ հաւատքը չուրացած մեռաւ: Իսկ հայրն Վազգէն հեթանոսօրէն անյուսաբար կ՚ողբար չարաչար. մինչեւ իր իշխաններէն զատ` Վրաց թագաւորն եւ Պարսից կողմանէ դրուած մարզպանն այլ եկան զինքը մխիթարելու: Իսկ ազգամն խորամանկութիւն բանեցընելով` այն ատեն հեռացուց զՇուշան ի պալատէն, եւ հրամմեց որ երթայ եպիսկոպոսին ապարանքը` եկեղեցւոյն մօտ: Մեծ ուրախութիւն եւ բաղդ սեպեց զայս Շուշանիկ, եւ արդէն էրկընէն ազատած սեպելով զինքը` իր աշխարհաձեւ զգեստն այլ փոխեց հոն, եւ հաւատաւորի խոշոր զգեստն հագաւ եւ օրհնեցաւ. կրկին նուիրական կենօք մեծ զուարթութեամբ անդադար աղօթից եւ բարեգործութեան կու հետեւէր, ամենայն տեսողաց սիրելի եւ զարմանալի եւ գրեթէ պաշտելի ըլլալով: Այս լուրս կրկին բորբոքեց Վազգէնի սիրտը դիւաշունչ կատաղութեամբ. եւ երբ մեծամեծ հիւրերն քովէն գացին` յետ կանչեց զՇուշան, եւ պատուէր խաւրեց` որ թողու այդ ձեւը եւ կերպը, եւ դառնայ գայ հնազանդի իրեն ու տիկնութիւնը վայելէ: Իսկ մեծահոգի նահատակն բացէ ի բաց մերժեց ամպարշտին հրաւէրքը. եւ այսուհետեւ մեր մէջ կապ չկայ ըսաւ, վասն զի դու թողեր զՔրիստոս, իսկ ես ա'յլ աւելի կապուեցայ անոր հետ: Այս պատգամին հետ ղրկեց դարձուցին Վազգէնի իր տիկնութեան նշանները, զարդերը, եւ ինչ որ անկէ ունեցեր էր. եւ գիտնալով անոր կատղիլը` պատգամը վերջացուց ըսել տալով. թէ ինչ որ կ՚ուզես ըրէ, «Ես պատրաստ եմ մեռանել, քան թէ անցանել դաւանութեամբն հարցն իմոց»:

Այս արդար նախատանաց այլ չհամբերելով անարդար մարդակերպն, դարձեալ իր դիւցազնական լախտն ու բիրն առած` բազմութեամբ ծառայիցն վազեց խենթի պէս….: Երկինք կայծակները բըռնեցին, երբ առանց սարսափելու մտաւ յեկեղեցին, լսելով որ հոն է Շուշան եւ անկից չիհեռանար. չպատկառելով ոչ յԱստուծոյ եւ ոչ ի մարդանէ` սկսաւ սրբազան տաճարին մէջ այլ ծեծուփետ քաշել աղօթող տիկնոջը, սոսկացան գանեցան տեսողք, գոյն առին գոյն տուին, բայց չհամարձակեցան բան մ՚ընել. միայն Աստուծոյ պաշտօնեայն, քահանայ մը` համարձակեցաւ յանդիմանելու. ի՞նչ սրտով, ի՞նչ իրաւամբ, ըսաւ, այդպէս չարաչար կու տանջես տիկինը: Անօրէն մոլին վերուց բիրը` իջուց սաստիկ կոփ մը քահանային վրայ այլ…: Երկինք դարձեալ համբերեցին… իսկ ժողովուրդն այս երկու սրբապիղծ յանդգնութիւնները տեսնելով, սկսաւ լալ եւ յերկին բողոքել: Վազգէն` անմեղ գառանց փարախի մէջ սոված գայլոյ պէս ընկած, որու որ պատահէր` զարնելով հրելով, փութացաւ իր ծառայից օգնութեամբ քարշել զՇուշան, հանել յեկեղեցւոյն, եւ նոյնպէս գետնաքարշ ընդ քար եւ ընդ տիղմ զգեստաբզիկ արիւնլուայ ձգել յապարանքը. ուր մնացած ուժն այլ թափեց խեղճին վրայ` ծեծելով եւ զգեստները պատռտելով առաջինէն աւելի. եւ այնպէս կիսամեռ թողուց: Ջոջիկ այլ հոն չէր որ ջանար ազատել հարսը:

Յետ քանի մ՚անգամ այսպիսի պժգալի հանդիսից` Վազգէն հարկադրած ըլլալով իր երկրէն դուրս Հոնաց կողմը երթալու` վերջին դիւական եւ անլուր վրէժն այլ թափեց Շուշանկան վրայ. անձամբ բերելով զնա յՈւփրէթ` եւ այն երեքերկաթեան շղթաները անցընել տալով` ոտից, ձեռաց եւ վզին, անլուր լրբութեամբ իր կնիքն այլ անոնց վրայ զարկաւ, որ չհամարձակի մարդ մօտենալ եւ քակել. եւ այս յետին պատիւն ընելով իր ամուսնոյն` վերջին բարեւն այլ տուաւ հայհոյելով անոր նախնիքը եւ սուրբ կրօնքը: - Իսկ երանուհին այսպիսի կտտանաց մէջ այլ իր վսեմական սրտովն նախ գոհացաւ զԱստուծոյ, եւ ապա ուրախ եմ ըսաւ` Վազգէնի, որ զիս Աստուծոյ սիրոյն համար այսպիսի կապանաց արժանաւորեցիր, որով քիչ ատենէն յաւիտենական ազատութեան պիտի հասնիմ. բայց քեզ վա՞յ եւ ափսոս` որ ասոր հակառակ կապանք եւ հատուցմունք պիտի ընդունիս Աստուծոյ արդար դատաստանէն: - Այն արդար եւ ահաւոր դատաստանին վճիռն էր Շուշանկան բերնէն ելածն, որ եւ այնպէս ազդու` այլ անօգուտ` զարկաւ Վազգէնի սրտին, որ չկարաց այս անգամ պատասխան տալ. եւ յուդայեան յուսահատութեամբ մը հեռացաւ:

Երբոր վիշապին հետը ծածկուեցաւ, երեք օրէն հաւատարիմ դրաներէնց` որ ձագակորոյս թռչնոյ պէս ծառէ ծառ դարէ դար կու դիտէր իր խնամոց կարօտը, մտաւ բանտը. այս անգամ ուրիշ բան չկար ըսելու, բայց ընկնալով պագնել տիկնոջն կարծր կապանքները եւ համարձակ երանի տալ անոր: Իսկ առաքինի եւ աննման դուստրն Վարդանայ, միայն մէկ երանութիւն մ՚ունիմ, կ՚ըսէր, որ է այս երկաթներս, որ զիս կու սրբեն այնպիսի մարդու կենակից ըլլալէս, եւ անոր զաւակ ընծայելէս, ասոնք ըլլան վկայ առաջի երկնից եւ երկրի` որ իմ յօժար կամօքս թողուցի ինչ որ աշխարհս ինծի կրնար տալ, եւ հանդերձելոց համար յանձն առի այս ցաւերս, որով յուսամ Աստուծոյ ողորմութեան եւ իր սրբոցը հասնիլ:

Է

Այսպէս կեցաւ, այսպէս համբերեց Շուշան երկայն տարիներ Ուփրեթայ բանտին մէջ. միայն յետ շատ աղաչանաց Ջոջկայ` հազիւ զիջաւ Վազգէն անոր վզին երկաթը վերցընել տալու, որով կրնար սուրբն քիչ մը հանգչեցընել գլուխը կաշիէ բարձի մը վրայ. բայց զայն այլ խնայելով կ՚ընէր. վասն զի ինքն այլ սկսաւ անգթանալ իր վրայ. իբրեւ թէ արտաքին ցաւն եւ կապն բաւական չըլլային. քունն այլ կու կարճեցընէ, որ աւելի ժամանակ ունենայ աղօթելու. գարէհացիկն եւ ջուրն այլ շատ կու սեպեր, եւ ամբողջ շաբաթներ ծոմ կ՚անցնէր, միայն շաբաթ եւ կիրակի օր քիչ մը բան ծամելով յետ սուրբ հաղորդութեան, զոր հաւատարիմ դրաներէցն անխափան կու բերէր. եւ կամաց կամաց ուրիշներն այլ համարձակելով սկսան գալ, աղօթք խրատ եւ օրհնութիւն ուզելու, ոմանք այլ առողջութիւն խնդրելու, եւ գտան այլ ուզածնին:

Սրբութեան, ճգնութեան ու հրաշից համբաւն սկսաւ տարածուիլ չորս դին. լսեց ինչուան Ճորայ պահակէն` իջականջ Վազգէնն այլ. եւ յետ չորս տարւոյ դառնալով իր երկիրը, առաջին հոգն եղաւ իր բանտարկեալը քննելն. եւ իմանալով որ մարդ մտած է ներս, պահապանաց մահուան ծեծ մը տալ տոաւ, եւ հրամեց առաջինէն աւելի խստութիւն ընել ու չարչարել զսուրբը: Բայց այնչափ երկար ատենուան փորձով աղէկ գիտնալով որ չարչարանք օգուտ մը չունին, ուզեց կախարդութեամբ ուզածին հասնիլ, նման Սաւուղայ. եւ տարի մը ջատուկ վհուկ կնկան ձեռքով աշխատելով` չիկրցաւ բան մը շահիլ: Ամենէն զօրաւոր հնարքն եւ վրէժն` որ յիրաւի Շուշանկայ սիրտը վեր ի վայր պիտի ընէր, ամենէն ետքը թողուց. - տղաքները ուրացընել, իրեն պէս կրակապաշտ ընել: Այս դառն գոյժս` ուսկից միայն այնքան ատեն կու դողար մայրն աղէգութ եւ բարեպաշտ, իր վեց տարուան երկաթներէն աւելի կտրուկ եղաւ` կիսամաշ կեանքը բոլորովին մաշեցընելու: Այնուհետեւ աշխարհիս վրայ սրտի կէտ մը չունէր, եւ ոչ յանկարծական յոյս մը. վշտօք եւ ցաւօք շատ առաւել քան իր ընկերներից առաքինի համբերող կանայքը, անոնց` գոնէ ուշ բայց վերջապէս հասնող մխիթարութիւնն այլ չունեցաւ, յիրաւի ողբաց անոնց համար սրտառուչ վիպասանն, թէ Բազում ձմերաց հալեցան սառնամանիք, եհաս գարուն եւ եկին նորեկ ծիծռունք, տեսին եւ խնդացին կենցաղասէր մարդիկ, եւ նոքա ոչ երբէք կարացին տեսանելզանձկալիսն իւրեանց». - սակայն յետ երկար շրջանաց` վերջ ունեցան այն բազում ձմերունքն այլ. եւ երբ յետ իբր տասներեք տարեաց անգամ մ՚այլ եհաս գարուն եւ եկին նորեկ ծիծռունքըն, ընդ կենցաղասէր մարդկան` խնդացին եւ ճխացին համբերող տիկնայքն այլ. վասն զի վերջապէս տեսան «զանձկալիսն իւրեանց… զցանկալի գեղ երեսաց նոցա»: Այլ, ա'հ, միայն Շուշանկան չհասաւ գարուն. չեկաւ ծիծառն, չերեւցաւ անձկալին. եւ ոչ «ծաղիկք գարնանայինք յիշատակեցին զպսակասէր ամուսին»: Շուշանիկ վեց եօթն տարի ոչ կանաչ գետնին ծոցէն ծլած ծաղիկ մը տեսաւ, եւ ոչ ծաղկի տեսութեամբ այլ կրնար անոնց պէս ցանկալի յիշատակ մը արթընցընել, իր ծաղիկն էր փուշ վշտաց, յիշատակն` ուրացող մը Աստուծոյ եւ ամուսնոյ: Անոնց` տուն տեղն դարձեալ նորոգեցաւ, մաքրեցան փոշոտեալ եւ ծխոտեալ սրահակք եւ որսկապանք նորեկ հարսանցն, վերցուեցան սարդի ոստայնք առագաստաց նոցա, կանգնեցան բարձրագահք տաճարացն, եւ ուղղեցան սպասք երախանաց նոցա դարձեալ դալարացան բուրաստանք ծաղկոցաց նոցա եւ որթք գինեբերք ծաղկեալ ետուն զհոտս իւրեանց, եւ սիրելիք հանդիպեցան իրարու ընդ ուռենեաւ եւ ընդ նռնենեաւ: Իսկ Շուշանայ, ցորեկ, գիշեր, ամառ եւ ձմեռ միակերպ խաւար մը, կսկիծ մը, տխրութիւն մ՚էր հալումաշ յիշատակներ, որոց երկընցած աներեւոյթ թելը` միայն մահն պիտի կտրէր: Եւ արդէն մոտեցեր էր մահուան ցուրտ մկրատն` այն մարգարտաշար ոսկէօղ սուրբ կենաց կապին…:

Ը

Չարչարանաց եօթներորդ տարին խոնարհեցաւ շնորհակաթ Շուշանկան գլուխն. լուսածարաւ աչքերուն դիմաց բոլորովին գոցուեցաւ աշխարհիս վարագոյրն, հանդերձեալ լոյսն սկսաւ զհոգին հրաւիրել…:

Հռչակեցաւ մահաբեր հիւանդութիւնն. ամէն լսող երանի կու տար անոր` որ կարենար տեսնելու այն հրաշալի նահատակը, բայց ամենքն չունեցան այս բաղդը. իշխանք եւ ազնուականք Վրաց եւ մերձաւոր Հայոց` փութացան յետին յարգանք մը մատուցանել իրենց ըստ աշխարհի դժբաղդ դշխոյին, ամենէն առաջ հասաւ բարեսէրն Ջոջիկ` իր կնոջ հետ մէկտեղ. ընկաւ նախ երկրպագեց Շուշանկայ աղօթանոցին վրայի խաչափայտին, ապա սուրբ տիկնոջ ոտքը ինկաւ, զարկաւ գլուխը գետնի, լացաւ շատ. օրհնութիւն եւ մեղացը թողութիւն խնդրեց, եւ հազար կտոր եղած սրտով հեկեկանօք բանտի պատերը թնդացընելով յետ դարձաւ: Եկաւ Սամուէլ եպիսկոպոսապետն Վրաց Մծխիթայ մայրաքաղաքէն, հանդերձ Ցուրտաւայ դրան Յովհան եպիսկոպոսով եւ քահանայիւք, որք շատ անգամ եկեր եւ մխիթարեր էին զսուրբը. եւս առաւել այն հաւատարիմ դշխոյին դրաներէց քահանայն որ ստուգիւ անոր մեծ եւ սուրբ սրտին խորագոյն կրիցը հաղորդ էր, եւ յԱստուծոյ եւ իր աղախինէն` շատ երկնաւոր վարձուց արժանի է, ի փոխարէն այն զովարար մխիթարական բաժակաց` զոր բանիւ աւետարանին ընծայեց իր տիկնոջ եւ հոգեւոր դստեր: Անոնց ամենուն այլ` տիկինն սրտառուչ շնորհակալեցաւ, իբրեւ իրեն ծնողաց եւ դայեկայ, շնորհակալ եղաւ եւ իր յետին այցելութեան եկող մեծաց եւ մեծուհեաց եւ հասարակ ժողովրդեան. աղօթեց եւ աղօթք խնդրեց, օրհնեց եւ օրհնուեցաւ:

Ամեն մարդկային օրէնք կատարեցան, մնա՞ց արդեօք ժառանգութեան խնդիրն. - յայտնի է որ սուրբն իր խաչէն եւ աւետարանէն զատ կտակելու բան չունէր. բայց մերձակայք եւ ժողովուրդն` նախանձելի եւ ագահելի բաներ կու տեսնէին, ամենքն մէկմէկէ աւելի կանչէին. Երկաթներէդ կտորիկ մը ինծի, շղթաներէդ օղակ մը, խշտեկէդ յիշատակ մը ինծի հանէ, սու՜րբ տիկին: Իսկ սուրբն, արդարեւ սուրբ, խոնարհ եւ հեզ, պատասխանեց մարմըրած ձայնովը. Ես արժանի չեմ այդպիսի խնդիրներու. «Բայց կամք Աստուծոյ եղիցին, արարէք որպէս եւ կամիք». եւ յետին հրաժարական` ամենուն առհասարակ օրհնութիւն տալով ըսաւ. «Ամենալին Քրիստոս լի արասցէ զձեզ հոգեւոր օրհնութեամբ»: Ապա բազմութիւնը հեռացընելով, ինքն այլ իր մէկ հատիկ մնացած երկրիս վրայի բաղձանքը կտակեց եպիսկոպոսապետին եւ անոր ուխտին, սակայն դեռ զայն այլ սքանչելի խոնարհութեամբ մը` յանձնելով անոնց կամաց. «Եթէ արժանի կու սեպէք զիս խնդրոյս, տարէք մարմինս թաղեցէք այն տեղ` ուր որ նախ առաջին զիս քարշեցին»: Այս միայն եղաւ կտակ եւ փափագ Ս. Շուշանկան, հոն թողուլ մարմինը` ուր որ զտիկնութիւն, զփառք, զաշխարհ եւ զվայելս կորոյս այն մարմինն, եւ քարշանք, հարուածք, չարչարանք եւ վիշտք սկսան` վասն հաւատոց եւ սիրոյն Աստուծոյ, եւ հոգեւոր տիկնութեան հանդէսք պատրաստուեցան: Վարդանածին դշխոյն ինչուան ի մահ իր հայրենի մեծասիրութիւնը պահեր էր, հոգւոյն ամենայն վեհագոյն շնորհաց հետ: Յետ այսորիկ ամփոփելով զինքն յինքեան` արձակեց վերջին ձայն մը գոհութեան առ Աստուած, որ արժանի ըրաւ զինքն այդ չարչարակիր նահատակութեան, եւ աղաչելով ընդունել իր կարօտած հարց եւ սրբոց քով, խաչակնքելով աւանդեց հեզաբար զհոգին, որոյ նման հզօր եւ պայծառ` շատ քիչ ճանաչուած է յաշխարհի` տկարասեառ բնութեան մը մէջ:

Բարեպաշտօն կանայք մեծ պատուով լուացին մաքրեցին պարկեշտ եւ մաշած մարմինը, աւելի տաք արտսուքներով քան անուշահոտ ջրերով, յետոյ երկու եպիսկոպոսունքն եւ քահանայք այլ խնկով եւ իւղերով զսպեցին, եւ բազմութեամբ ժողովրդոց, համարձակ պաշտօնով, իբրեւ նորէն Գուգարաց դշխոյն դարձընելով ի գահն, ի բարձրագոյն գահ, հանգուցին Ցուրտաւայ կաթուղիկէին մէջ, երեկոյն եւ գիշերի պաշտօնը կատարեցին, երկրորդ օրն` հանգստեան պատարագ իբրեւ սրբոց տօնահանդէս: Ապա վերցընելով սրբահոտ մարմինը` տարին գրին իր փափագած տեղը, հոն` «ուստի զառաջինն քարշեցին». եւ ուստի կու յուսար սուրբն յետ դադրելու բոլոր կենցաղոյս ձմերուան, ի բանալ քրիստոսանորոգ գարնան նորոյ երկրի, պայծառ ծաղիկ յարութեան վերաբուսնիլ վերաթռչիլ ընդ առաջ երկնաւոր թագաւորին, եւ գրկել խառնիլ անբաժանապէս իր նախափառաւորեալ հոգւոյն հետ:

Այն ընտրեալ եւ սրբեալ տեղն եղաւ ժողովատեղի բարեպաշտ անձանց. Հայոց եւ Վրաց անուանի ուխտատեղեաց մէկն, ուր եւ յետ 500 ամաց` մեր պատմըչաց մէկն այլ, Սեբաստիոյ եպիսկոպոս, վկայէ, թէ «դեռ եւս կան տեղիք չարչարանաց նահատակութեան նորա, եւ հանգստարան սուրբ եւ պատուական նշխարաց նորա, զոր մեր բազում անգամ երթեալ եւ համբուրեալ (է) զսրբութեան տեղին»:

Թ

Եթէ դու այլ բաղդ ունենաս, Հայկակ, որ մը համբոյր տայլ այն սրբութեան տեղեաց, մի' մոռանար անգամ մ՚այլ Բողնեաց գետն ի վեր երթալով` հազարամեայ աւերակաց մէջ փնտռել Ուփրեթայ բուիճաբոյն բերդին մամռապատ մնացորդները. նորոգէ մտօքդ, ոչ այնքան զնիւթական շէնքը, որքան անոր մէջ հանդիսացեալ զարմանուհին. - տես անգամ մ՚այլ` այն անուամբ, բնութեամբ, սրբութեամբ, Շուշանուվարդը. - տես զանիկ մէկ մ՚իր փառաց արքունեաց գահուց մէջ, մէկ մ՚այլ երեքերկաթեան կապանաց, որդանց եւ ճճեաց մէջ, անլոյս, անկրակ, անմխիթար թողած, յաղբիւս ընկած մարգարտի պէս, - համրէ' անոր վեցամեայ վշտաց, մանաւանդ թէ ըստ հին պատմըչին ազդման` զիւրաքանչիւր «զտարեաց կամ զամսոց կամ զշաբաթուց կամ զաւուրց եւ կամ զժամուց չարչարանս». -նկատէ այն մեծագոհի ծովատարած սրտին անդադար թաւալած աղէկտուր ալիքները. - եւ ապա դարձիր նայէ վըրադ:

Ո՜վ տժգոհ կենցաղասէր մարդիկ. ո՜վ անհամբեր դիւրախնդիր տիկնայք. ո՜վ փոքրոգի լծաբարձք Քրիստոսի. որք այդչափ գանգատիք ձեր կենաց եւ կրից վրայ. գնացէ'ք ի բերդն Ուփրեթայ եւ տեսէք զՇՈՒՇԱՆՆ ՎԱՐԴԵՆԻ: