Յուշիկք հայրենեաց Հայոց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

  Մայիս 27.

Ա

ՀԱՅԱԳԻՐ օրացուցակն այսօր Թ դարուն քանի մը անձանց սրբազան յիշատակին մէջ` վեհագոյն կու նշանակէ զ՚ԱՇՈՏ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ: Հազարամեան դար մը մեզմէ առաջ` նշանաւոր կէտ մ՚է մեր հայրենեաց պատմութեան մէջ, մեծ յեղափոխութեան մը միջոց, որ երկայն եւ ծանր տարիներ քշեց, բայց յաջող վախճան եւ արգասիք ունեցաւ. յայտ է թէ ոչ բաղդով, հապա ջանքով աշխատութեամբ, չափով ու թուով, այսինքն խելքով, իմաստութեամբ, առաքինութեամբ. 450 տարիէ վեր քաղաքական միութենէ ճեղքած քայքայած ազգ մը, եւ Հայու պէս ազգ, որ իրեք աշխարհակալ զօրաւոր տէրութեանց, Պարսից, Յունաց եւ Արաբաց, հազարումէկ փորձանքներէն անցեր էր տաշուելով ու մաշուելով, եւ դեռ կու տքար, մանաւանդ այդ ետքի ազգին ճիրանաց տակ. այդպիսի ազգի մը` կերպով մը դարձեալ մէկ քաղաքական ազգային գլխու մը միանալու, եւ այն գլխոյն վրայ այլ արքունի փառափայլ թագ մը գնելու, եւ յետ այնքան անյոյս դարուց` Հայոց արքայ ըլլալու, կամ ծածուկ աստուածային հրաշք մը պէտք էր, կամ յայտնի ԱՇՈՏ մը` այն ծածուկ հրաշքը իր բազկաց, մտաց եւ սրտին մէջ ամփոփած, զոր եւ ըստ ժամանակին յերեւան կու հանէր: Յիրաւի սա բազմաց անկարելին` նաեւ անկարծելին` ի գլուխ տարաւ, հաստատեց, 30 տարի աշխատելով, ոչ այնքան սրով եւ աղեղամբ, (թէ եւ նոյն տարիներուն մէջ ինքն էր Հայ հայրենեաց առաջին զինակիրն եւ անձնապահն այլ), որքան խոհեմ մտքովն, եւ թերեւս անկէ այլ աւելի` զգայուն եւ առատ սրտովն, որոց դէմ չկրցան կենալ ոչ արաբական բռնութիւնն, ոչ բիւզանդական նրբութիւն, եւ ոչ ազգային նախանձ եւ ինքնակամութիւն. ամենքն այլ հաճեցան հաւանեցան սիրեցին զԱշոտ: Ամիրապետն Բաղտատայ` անոր յանձնեց բոլոր Ատրպատականի, Միջագետաց եւ Կովկաս լերանց միջոց եղած երկրի վերակացութիւնը, եւ խաղաղութեան պատասխանատու ըլլալը. կայսրն Կ. Պօլսոյ` ի մէջ ամենայն թագաւորաց եւ իշխանաց ժամանակին` որոց հետ վերաբերութիւն ունէր, ըստ մեծութեան` յետ խալիփայից` զԱշոտ կու ճանչնար մեծապատիւ ազգիշխան, եւ ըստ սիրոյ` առաջին Որդի կոչելով զնա իր թղթոց մէջ. իսկ ազգային իշխանք` նաեւ անկախք` զնա ճանաչէին նախիշխան եւ միայն թագաւոր:

Ազգի մը նոր գլխապետ ըլլալ կամ ազգ մը կանգնել յինքնիշխանութիւն` մեծ յաջողութիւն կամ մեծ ճարտարութիւն կու պահանջէ. եւ ի հարկէ այս ձիրքերս ունէին որոնք որ այսպիսի գործ կատարեցին. այսպէս եւ մեր Աշոտն: Բայց իրեն նման դժուար պարագայից մէջ ըլլալով եւ այնքան խոհեմութեամբ, զգաստութեամբ եւ ազնուաբարոյութեամբ վարուող` շատ քիչ կու գտնուին ազգայարոյց եւ ազգակցոյց ըսուած անձանց մէջ այլ: Թողլով օտար ազգաց պատմութիւնները, մեր պատմութեան մէջ այլ Աշոտէն առաջ եւ վերջը քանի մը անգամ գիտենք` Հայոց ինքնագլխութիւննին կորուսանելը եւ նորէն ձեռք բերելը, ի ձեռն քաջ եւ հայրենասէր եւ երբեմն եւ փառասէր անձանց. քիչ շատ ծանօթ են Հայկն, Արամա, Պարոյր, Տիգրան, Զահրատ, Վաղարշակ, Տրդատ, եւ յետ Աշոտոյ` Գագիկ, Ռուբէն, Լեւոն. թողունք աւելի անծանօթները, որ ի զանազան ժամանակ եւ տեղի տիրագլուխ թագաւորութիւն կանգնեցին: Ազգին պատմութիւնը գիտցողն գիտէ նաեւ ասոնց ինչ կերպով այդ տիրագլխութեան հասնիլը. ոմանց` բաղդով (ինչպէս Վաղարշակ, ոմանց քիչ մը բռնութեամբ այլ, ինչպէս Ռուբէն, ոմանց լոկ փառասիրութեամբ` ինչպէս Գագիկ Արծրունի. ոմն խորագիտութեամբ, ինչպէս Լեւոն, եւ գրեթէ ամենքն քաջութեամբ եւ պատերազմօք. այլ միայն Աշոտոյ թագաւորութիւնն ասոնցմէ տարբեր եւ աւելի փառաւոր կ՚երեւի. մէկ մը որ` ուրիշներուն թագաւորութիւնն կամ տիրապետութիւնն, եթէ բռնութեամբ եւ բաղդով այլ չէր, գոնէ կէս պատրաստուած էր առաջիններուն ջանքով, իսկ Աշոտոյ պատրաստողն` գրեթէ իր արդիւնքն էր. մէկ մ՚այլ որ ուրիշներն թագաւորութեան փափագեցան, ջանացին, իրենց ազգին վրայ կանգնեցան: Աշոտ գրեթէ առանց փառքը դիտելու` հասաւ իշխանութեան, միայն ինքն ընտրուեցաւ եւ կանգնեցաւ ազգային հաճութեամբ, եւ ոչ ազգին ռամկին, կամ իրեն հպատակացը հաճութեամբ, ինչպէս ուրիշներէն շատն, հապա իրեն նման ցեղապետաց եւ աշխարհատեարց հաւանութեամբ: Այս բանս կու ցուցընէ ընտրուածին մեծ կատարելութիւնն, ընտրողաց այլ մեծ առաքինութիւն, որ դժբաղդաբար սակաւագիւտ եղած է այնպիսի ազգի մը մէջ, որուն բնական երկրին ձեւ նու գիրքն, ձորերն, լեռներն ու գետերն անգամ` զատութիւն եւ իրարմէ անկախութիւն մը կ՚ազդէին բնակչացը: Հոս անկարելի է ենթադրել մեր հազարամեայ իշխանաց եւ նախարարաց վրայ այնպիսի առաքինութիւն առանց ենթադրելու Աշոտոյ մեծագոյն կատարելութիւնը, եւ յիրաւի ով որ մեր վերակարգեալ ազգայարոյց տիրապետաց վարքը ուշի ուշով քննէ, կարծեմ չիկրնար գտնել առաքինի մը իբրեւ զԱշոտ, միայն Վաղարշակ կրնայ այս պատուիս արժանի սեպուիլ, բայց իր օտար ծագումը, եւ բաղդով թագաւոր ըլլալն (թողուինք դիցապաշտութիւնն այլ), մեզի այնչափ սիրելի չեն ընծայեր զինքը, որչափ երախտաւոր մեր հին հարանց պատմութիւնը գտնել եւ պահել տալուն համար: Երջանի՜կ նա, մանաւանդ թէ մենք, որ գտուեցաւ այն ատեն իր եւ մեր բաղդին յարմար` Աբաս Կատինա մը, որ մեր Հայկազանց պատմութեան պատճառաւ` զինքն այլ անմահացուց, ինչպէս որ իրմէ ետքը անոր գրուածքը առաջին կարդացող եւ նորոգողն Ագաթանգեղոս այլ անմահացուց իր ժամանակի ազգակեցոյց Տրդատը, իսկ անոր վերջին կարդացող եւ հայերէն հաւաքողն` Մովսէս Խորենացին` երբ Վաղարշակայ թագին եւ ցեղին ընկնալը եւ վերջանալը լալոտ աչօք տեսաւ, զո՞վ կրնար անմահացընել… - զԲագրատունին Սահակ, զնախահայրն Աշոտոյ. «Անմահ ի յիշատակ թողուլ քեզ զայդ (Պատմութիւն Հայոց) եւ որ զկնի քո գալոց են ազգք»: Մար Աբաս, Ագաթանգեղոս, Մովսէս, իրեք աննման անձանց համար գրելով, թերեւս անոնցմէ աւելի զիրենք, իրենցմէ այլ աւելի անմահացուցին զազգս Հայոց…»:

Բայց զԱշոտ ո՞վ անմահացընէ: Չունէ՞ր, չգտա՞ւ ինքն այլ Աբաս մը, Մովսէս մը, որ իր թէ քաջութիւնները թէ լաւութիւնները մեզի ճառէին: - Ունէր, այո', եւ յայսմ եւս` ըստ մասին` բաղդաւոր քան զառաջինսն եղաւ, վասն զի գտաւ ոչ միայն ազգային` այլ եւ ազգական մը, թոռնակից մը, զԲագրատունին Շապուհ, որ բոլոր իրենց ցեղին պատմութիւնը գրեց ի պատճառս իր համշիրակին. դժբաղդ մենք եմք, որ դեռ այս Բագրատունեաց պատմութիւնը չեմք տեսած, եւ ԺԳ դարէ վերջ կարդացող այլ չեմք գիտեր, թէ եւ անյոյս չեմք օր մը յերեւան ելնելուն: Այդ փափագելի գրուածդ անշուշտ ոչ Աբասա եւ Մովսէսի գրուածոց չափ հետաքննական պիտի ըլլայ, եւ ոչ Ագաթանգեղոսին պէս վայելչաբան, որովհետեւ ժամանակակից անուանի պատմիչ մ՚այլ պերճաբանն Յովհաննէս կաթուղիկոս, կ՚ըսէ անոր համար. «Ոչ կարացեալ ըստ քերթողական հրահանգացն համառօտաբար ընձեռել, սակայն ըստ իւրում ժամանակի ընտանի գոլով նորա զրոյցացն ամենայնի, գեղջուկ բանիւ բաւական քեզ տայ պատճառս տեղեկութեան»: Սակայն մեր հոս փնտռացը` չէ քերթողութիւն, այլ պատմութիւն, տեղեկութիւն ընտրեալ անձին` որոյ վարքը «ի մանկութենէ մինչեւ յերեւոյթս երիտասարդութեան… զզօրութիւնս եւ զքաջութիւնս եւ զպատերազմունս, եւ զհրամանս ի յայլս, եւ զայլոց եւս ի նա, յայտապատում արարեալ է (եւ) զզրոյցս պայազատութեան Աշոտոյ, զիշխանական պատմութեան եւ զթագաւորացն զհանգամանացն զկարգս», եւ այլն, մանրամասն գրեր էր Շապուհ. վասն այնորիկ կաթուղիկոսն անոր կու խաւրէ փափագողը, եւ ինքն միայն թագաւորութենէ վերջի դիպուածները համառօտիւ կու յիշէ: Եւ որովհետեւ անկէ զատ ուրիշէ մ՚այլ գրուած չունիմք, ըսել է որ այս արժանաւոր անձին կատարեալ պատմութիւնն անծանօթ է մեզի. բայց որչափ այլ որ ցաւալի է այս` այնչափ այլ ցնծալի` որ մնացած քիչ տեղեկութիւնքն այլ աւելի զօրաւոր վկայ կ՚ըլլան անոր մեծութեանը: Եթէ Շապհոյ գրածն` թէ իրեն եւ թէ Աշոտոյ պարծանք կրնար սեպուիլ` աննախանձաբար ազգակցին պատմութիւն ըլլալուն համար, թերեւս ուրիշ կողմէ` իբր ազգակից` կողմնասէր կամ շողոքորթ կարծուէր. բայց կաթողիկոսն որ իր ժամանակին դէպքերը` թէ վայելչաբար եւ թէ անկողմնասիրութեամբ գրած է, որչափ այլ զգուշացեր է Շապհոյ պատմածը չկրկնելու համար` Աշոտոյ վրայ խօսելու ատեն, չէ այլ կրցած համարմունքը, զարմանքը, ըսենք թէ եւ սէրն այլ` զսպել ու չըսել. «Ինձ աստանօր ոչ արդեօք այլ ինչ է բանս սիրելի` քան թէ դեգերիլ ի բանս գովեստից, որ վասն Աշոտոյ իշխանին իշխանաց են հետեւմունք: Վասն զի ի տիս հասեալ միջակութեան, քաջահասակ էր նա եւ անձնեայ եւ թիկնաւէտ եւ զուարթերես եւ մրայօն, նկարէն իմն եւ նիշ յաչս ունելով, որպէս զյակինտ կարմիր ի մէջ մարգարտի ծագեալ, եւ վայելչացեալ գեղեցկութեանն ալեօք. մեծ իմաստ եւ քաղցրաբան, եւ առ կերակուրս խրախճանաց ոչ խանդացեալ նորա ընդ լաւագոյնսն եւ ոչ արհամարհեալ զնուաստագոյնսն. այլ հասարակաց ի վերայ տարածէր զգեստ խնամոց իւրոց, եւ լծակօք իմն կշռէր, նախ զիւր եւ ապա զամենեցուն կենցաղս. միանգամայն իսկ ասել, եթէ որ ինչ մարդկութեանս էր պիտանի ոչ ինչ կասեցուցանէր»:

Ուրիշ ժամանակակից պատմիչ մ՚այլ (Թովմաս) որ այնչափ Բագրատունեաց կողմնակից չէր, Արծրունեաց տունէն ըլլալով, եւ որուն դիւցազն էր Գագիկ, չիկրնար չըսել Աշոտոյ համար աւելի մեծաբանութեամբ, թէ «բարձրագոյն եւ հանճարեղագոյն էր քան զբնաւ Հայաստանեայցս, եւ զընդհանուր կացեալս ի ներքոյ երկնից». որ է, ըստ մտաց հեղինակին, քան զամենայն Հայ եւ քան զամենայն մարդ (ժամանակակից) աւելի խելացի եւ մեծահարկի:

Անուանին Փոտ պատրիարքն Յունաց կոչէր զԱշոտ` «Քաջայայտդ բարեպաշտութեամբ, հզօրագոյն ճոխութեամբ, բարձրագոյնդ ի հոմասեռս»: Յիշեալ պատմիչներէն քիչ ետքն եկող խոհական պատմիչն Ասողիկ` կ՚ըսէ վասն Աշոտոյ, յետ յիշելոյ իր յաղթութիւնները. «Էր այր քաղցր եւ հեղ, եւ անարատ եւ անբամբաս կեանս կեցեալ, եւ ոչ անօրինեալ արտաքոյ օրինաց բնութեանն, եւ հաճոյ էր Աստուծոյ յամենայն վարս անբիծ»: Թողունք յետագայ պատմչաց եւ ամենայն զինքը յիշողաց միաբան գովութիւնը եւ յարգութիւնը, որոց նման քիչերուն տուած են իրմէ առաջ կամ ետեւ, կամ թէ եւ ոչ մէկուն, վասն զի դժար է նմանը գտնել բոլոր բարեմասնութիւնքը մէկտեղ բերելով, վայելչութիւն, քաջութիւն, հանճար, կրօնասիրութիւն, աշխարհաշինութիւն, սիրտ շահել, ազգը պատուել եւ փառաւոր ընել, հին քաղաքական կարգերը նորոգել, եկեղեցեաց պայծառութեան եւ ուսման զարգացման օգնական ըլլալ, ցանկալի խաղաղութեամբ, զոր վայելցուց թէ ազգին եւ թէ սահմանակցացն, յետ այնքան դարերու անհանգստութեանց, խռովութեանց եւ կասկածանաց, եւ ազգային ինքնագլխութեան հետ` Հայոց մտաւոր, գրական եւ արուեստական ոգին այլ նորէն կանգնել: Ինչ որ ըստ այս մասանց` իրեք դարերու մէջ . ԺԱ. ԺԲ) շինութիւնք եւ բարգաւաճանք եղան, նախ Մեծ եւ ապա Փոքր Հայոց մէջ, ամենքն այլ պարտական են Աշոտոյ Ա. որ իրաւամբք Մեծ ըսուեցաւ. եւ ոչ միայն թագաւորութեամբն այլ արդեամբք եւ արժանեօք` իր ամենայն անուանակցաց մէջ Առաջին: Վերոյիշեալ հեղինակաց վկայութիւնքն եւ պատմութեանց դէպքն (զոր յետոյ տեսնենք), ամիրապետաց եւ կայսերաց պատուագրութիւնքն, սահմանակից ազգաց եւ պետութեանց պատկառանքն, ազգային նախարարաց եւ իշխանաց մեծարանք եւ հպատակութիւնն` տարակոյս չեն թողուր որ ասկէ առջի հազարամեայ դարէդարձին` Հայաստանեայց մէջ նա էր ամենէն երեւելի անձն, կամ բարձրագոյնն ի հոմասէռս, ըստ Փոտայ եւ Թովմայի:

Իսկ իմ այս բանս յիշելս եւ կրկնելս առ քեզ, Հայկակ, ոչ այնքան ժամանակի կարգին բերելէն է, որքան այսպիսի արժանաւոր անձի մը բաւականապէս ճանչուած չըլլալն. Տիգրանք, Տրդատք, Վահանք, Վարդանք` բռնած են մեր ազգասիրաց միտքը. արժանապէ՜ս. բայց Աշոտոյ այլ տալու է իր տեղն, անոնց կարգին վրայ. ես հոն կը դնեմ. դու եթէ գտնես իրեն մեկենասը` զՇապուհ պատմիչ, կրնաս թերեւս նոր կարգի դասաւորութիւն ընել: Առ այժմ մնացեալ պատմչաց յիշատակներէն հաւաքեմ Աշոտոյ կեանքը. զոր լաւագոյն եւս ճանչնալու համար` պէտք է նախ ճանչնալ անոր ցեղը, զԲագրատունիս, մանաւանդ Հայոց անիշխանութեան ատեն. մէկ մ՚այլ պէտք է ճանչնալ այն ատենի . դարու) Հայաստանի եւ անոր մերձաւոր ազգաց քաղաքական վիճակը, եւս առաւել երկու աշխարհակալ իշխանութեանց, Յունաց եւ Արաբացւոց, որոց բաղդն կամ կամքն կու շարժէին զՀայս եւ բոլոր Ասիոյ արեւմտեան մասը:

Բ

Բագրատունեաց ցեղին ծագման վրայ երկու գրութիւն եղած է. մէկն բուն ի Հայկայ եւ յԱրմենակայ զաւակաց կու համարի զայն. բայց ըստ Խորենացւոյ` այս բանս ըսուած է «անհաւաստի մարդոց, ըստ յօժարութեան եւ ոչ ըստ ճշմար­տու­թեան». մէկն այլ իր ըսածն, զոր Վիրք եւ Յոյնք` հաստատեն. որ է` ի Հրէից ծագումն, եւ ըստ Վրաց` բուն թագաւորական Յուդայի եւ Դաւթի ցեղէն. որոց նահապետն կամ նախահայրն ի Հայաստան եկաւ Շամբա կամ Սափատիա անուամբ իշխանն, զոր Հրաչէ հայկազն թագաւորն մեր նիզակակից Նաբու­քո­դո­նո­սորի` 600 տարի Քրիստոսէ առաջ` բերաւ յԵրուսաղեմէ իբրեւ գերի. բայց ազա­տա­բար եւ իշխանաբար բնակեցուց Հայաստանի արեւմտեան հիւսիսային կող­մե­րը. գլխաւոր տեղ տալով անոր` Սպեր գաւառը. ուսկից ոմանք դէպ ի հիւսիս` Եգերաց եւ Վրաց կողմերը սփռեցան, ոմանք դէպ յարեւմուտս եւ հարաւ, Փոքր, Բարձր ու Դ Հայոց կողմերը, թերեւս ինչուան է Կապպադովկիա, ուր Բագատեան գաւառ յիշուի. վասն զի առաջ այս ցեղին սովորական եղած Բագրատ անունն այլ Բագատիա էր, ինչպէս որ Սմբատն այլ Շամբատ կամ Սափատիա: Իսկ այս նոր անուններն առին` երբ Քրիստոսի գալստենէն քիչ տարի առաջ բռնա­դա­տուե­ցան յԱրշամայ թագաւորէ Հայոց, եւ շատերն ուրացան հրէական կրօնքը. իսկ ո­մանք հաւատարիմ մնացին, ինչպէս իրենց հայրերն այլ` բովանդակ Հայկազանց իշ­խանութեան տակ, որք աւելի ուղղահաւատ եւ ներողամիտ էին քան զԱրշակունիս:

Ասոնց թագաւորութեան սկիզբը` իբր 150 տարի նախ քան զՔրիստոսի թուականն, երբ Վաղարշակ մտաւ թագաւորելու ի Հայս, հրէական տոհմին ազգապետն` Բագարատ` առաջին եղաւ ողջունելու զնա թագաւոր, եւ շատ ընծաներէն զատ` իր մէկ ազնիւ աղջիկն այլ ընծայեց ի կնութիւն նորընտիր թագաւորին Հայոց. թագաւորն այլ այս բանիս փոխարէն` զաներն ընտրեց իրեն Թագադիր, եւ երկրորդ թագաւորութեան. միանգամայն եւ Ասպէտ, այսինքն Հայոց ձիաւոր զօրաց գլուխ, որ ըսել է գրեթէ բոլոր բանակի սպարապետ, եւ առանձինն արեւմտեան զօրագնդին (11 կամ 21, 000 զօրաց) գլուխ: Այսպէս մէկ գործով, հրէական աչալրջութեամբ եւ շողոքորթութեամբ` Հայոց հին եւ նոր տոհմից մէջ առաջնութիւնը առաւ Բագրատունին, ամենէն ազնիւ եւ մեծիշխան սեպուեցաւ: Այս պատիւս եւ իշխանութիւնս ժառանգական մնաց իր տոհմին մէջ ինչուան ետքը. թէ եւ քիչ մը ժամանակ` ոմանք յազգապետացն զրկուեցան, (մեր թագաւորաց անհաւանութեամբն, կամ, ստիպելովն կուռք պաշտել). բայց այն իրենց ազգին ճկուն բարքն եւ յօժարամտութիւնն ի ծառայել, միշտ իրենց տէրանց սիրտը կու շահէր. եւ կ՚երեւի թէ Հայկազանց ժամանակ այլ մեծ պատիւ ունէին, եւ հաւանօրէն նոյնպէս արեւմտից կողմնապետ էին: Մեծին Տրդատայ եւ իր թոռանց գահակարգութեանց մէջ այլ` յետ Հայկազանց եւ Պարթեւաց թագաւորական տոհմից` առաջին գահն էր Բագրատունեաց կամ Ասպետաց. նոյնպէս գրուած էր Արշակունեաց թագաւորութենէն վերջն այլ Պարսից գահնամակին մէջ. միայն այս ատեն Սիւնին առաջին դրուեցաւ ի պատճառս մարզպանութեան Վասակայ: Արշակունեաց վերջին թագաւորաց հետ խնամութիւն այլ ընելով Բագրատունիք` այլ աւելի ազնիւ եւ նախապատիւ եղան:

Պատուոյն հետ Բագրատունեաց սահմաններն այլ ընդարձակեցան. եւ այն հալածող Արշամայ ատեն իսկ բնակեցան ոմանք յԱյրարատ թագաւորական նահանգին մէջ, ուր եւ առաջին դարուն ետքերն Արտաշէս Ա իր խնամակալ բազմարդիւն սպարապետին Այրաքաջ Սմբատայ` տուաւ Կոգովիտ գաւառքը, Այրարատ լերանց ստորոտը, ուր շինեց նա զԲագարան աւանն. յետոյ շինեցաւ Դարոյնք բերդաւանն, եւ եղաւ իշխանանիստ եւ գերեզմանատուն Բագրատունեաց, զոր իբրեւ տուն եւ քնարան նախնեաց` պատուէին ազգապետքն ինչուան ի Ժ դար Քրիստոսի, եւ դեռ ոմանք հոն թաղուէին: - Ը դարուն վերջերը` մեր մեծ Աշոտոյ պապն` Արշարունեաց երկիրը` կամ Երասխաձորը` գնեց ի Կամսարականաց, Շիրակայ հետ, որ քիչ ատենէն իրենց ցեղին թագաւորաբնակ տեղն եղաւ: Տարօնոյ երկրին այլ կ՚իշխէին Բագրատունիք նոյն ատեն, բայց ինչ կերպով զանիկայ ի Մամիկոնէից առնուլն` մեզի յայտնի չէ: Անկէ այլ հեռու, Մոկաց երկրին իշխանն այլ` Բագրատունի էր այս ժամանակներս դարու մէջ). ըսել է որ Հայաստանի միջին ազնուագոյն այրարատեան թագաւորական երկիրները` եւ մասամբ հարաւային Հայք այլ քիչ քիչ Բագրատունեաց ձեռքն անցան: Բայց այսչափ միայն չէ. հապա մնացեալ արեւելեան երկու մեծ աշխարհաց կամ ցեղից, այսինքն Արծրունեաց եւ Սիւնեաց հետ այլ խնամենալով` կերպով մը անոնց վրայ այլ նախերիցութիւն ունէին Բագրատունիք, գոնէ մեր Աշոտն, որ այն երկու մեծապատիւ ցեղից ազգապետաց տներ եւ հայագիր էր: Իսկ հիւսիսային Հայոց եւ սահմանակցաց, գրեթէ ծայրէ ծայր Սեւ ծովուն եզերքէն ինչուան Կազբից ծովուն եզերքը` հայ ու վրալեզու մեծ իշխանք եւ թագաւորք` ի Բագրատունեաց էին Թ ԺԲ դարուց մէջ. սկսեալ ի Համշէնու ու Սպերու երկրէն, (որ Բագրատունեաց բնագաւառն էր ի Հայս), Տայոց տէրն` որ կիւրապաղատ կ՚ըսուէր յունական պատուով, Կղարջաց եւ Գուգարաց տեարքն, Ափխազաց կամ Եգերաց թագաւորն, Վրաց թագաւորն, Կախեթոյ թագաւորն, Ձորոյ գետոյ եւ Աղուանից ըսուած թագաւորք, եւ թագաւորքն Հայոց: Վրալեզու Բագրատունի իշխանաց սկիզբն եղաւ յ՚Ը դարու, ի Հայոց հոն անցնելով ոմանց, թէ եւ Վիրք չեն ուզեր ընդունիլ զայս, եւ կ՚աւանդեն թէ Երուսաղեմէն եկած է իրենց ցեղապետն Զ դարուն վերջերը: Իսկ արեւմտեան կողմերը` Սպերէն անդին Փոքր Հայոց մէջ այլ Աշխարհերգու (Ագշէհրօա) սահմաններուն` այս ատեններս կը տիրէր Բագրատունի մը, Գրիգոր Իշխանիկ անուն, որ Յունաց ձեռքէն ուրիշ տեղեր այլ առաւ: Այս դարերուս եւ կողմերուս պատմութիւնը քննողին` յիրաւի մեծ զարմանք պիտի բերեն այսպիսի դէպք. եւ գրեթէ ուրիշ տեղ մ՚այլ տեսնուած չէ մէկ իշխանական տոհմի մը` այսպէս լռիկ մեղմիկ այսքան ընդարձակ եւ զանազան աշխարհաց իշխանութիւններ ձեռք բերելն` առանց բռնակալութեան. եւ կու ստիպուի հաւատալ մարգարէութեան Խորենացւոյ, ինչպէս ինքն այլ կու հաւտար Աստուծոյ առ Աբրահամ ըսածին. «Եւ Բագրատունւոյդ ասեմ, յիշելով զբան իւր (Աստուծոյ), եթէ թագաւորք ազգաց ի քէն ելցեն, եւ թագաւորէք ի Դուին»:

Դառնալով նորէն իրենց իշխանական պայազատութեան, Արշակունեաց տէրութեան վերջերը` ըստ հին սովորութեան` իրենցմէ էր սպարապետն Հայոց. որ երբ մեռաւ, Ս. Սահակ հայրապետն` իր դստեր խնդրանօք` անոր որդին իր թոռը Մամիկոնեան իշխանը (զՄեծն Վարդան) դրաւ. բայց յետ նահատակութեան նորա` իր յաջորդն Վահան եւ ուխտապահ նախարարք` Բագրատունեաց գլխաւորին` Սահակայ ասպետի տուին Հայոց ազգապետութիւնը, որ այն ատեն կ՚ըսուէր Մարզպան: Անկէ ետեւ դար դար), դար Պարսից եւ Յունաց հակառակութեան, Բագրատունիք գրեթէ չեն յիշուիր պատմութեան մէջ, այլ աւելի Մամիկոնեանք եւ ուրիշ ցեղերէ նախիշխանք. բայց նոյն դարուն վերջը Սմբատ Բազմայաղթ` նորէն կու կանգնէ ցեղին անունը եւ փառքը, գրեթէ թագաւորական պատիւ գտնելով Պասից արքային շնորհքով, վասն քաջութեանց իւրոց, եւ Վրկանայ մարզպան կ՚ըլլայ, Հայոց մէջ այլ իբրեւ նախիշխան. որուն նոյն պատուով յաջորդեցին` որդին Վարազտիրոց, եւ թոռն Սմբատ, մինչեւ ի կէս Է դարու, յորում Սրաբացիք վերուցին Պարսից Սասանեաց թագաւորութիւնը, եւ մտան ի Հայաստան: Հոս այլ Բագրատունեաց ազգապետն եւ Հայոց նախիշխանն Սմբատ` իր նախնեաց քաղաքագիտութիւնը բանեցընելով` կամովի հնազանդեցաւ Արաբաց անդիմակաց իշխանութեան, եւ մնաց իր պատուին մէջ. այս քաղաքագիտութիւնս բանեցուցին իր յաջորդքն այլ, մեծաւ մասամբ, ինչուան մեր Աշոտն այլ, եւ այնպէս յաջողեցան զՀայաստան ի խաղաղութեան պահել եւ զիրենք յիշխանութեան, հաճութեամբ թէ ազգին եւ թէ ամիրապետաց, իսկ երբ մէկ կամ մէկայլ կողմէն տհաճութիւն եղաւ` Հայաստան գրեթէ միշտ վնասուեցաւ: Մէկ խօսքով եւ տեսութեամբ, յետ վերցուելու Հայոց ինքնագլխութեան` Արշակունեաց թագովը, ազգային բաղդն կամ վարչութիւնն սահմանուաթ կ՚երեւի ի ձեռս Բագրատունեաց մինչեւ ց՚ԺԲ դար, կամ 800 տարուան միջոց, յորում իբրեւ դար մի միայն Մամիկոնեանք փայլեցան:

Վերոյիշեալ բազմայաղթ Սմբատէն սկսեալ դարուն վերջէն) ինչուան ի Մեծն մեր Աշոտ ի կէս Թ դարու, 260 տարի, գրեթէ անընդհատ կը յիշուին Բագրատունեաց գլխաւորքն իբրեւ տասն ազգ, Հայոց իշխանապետի եւ սպարապետի պատուով. յԱշոտոյ Մեծէն այլ սկսեալ` 200 տարի` այլ աւելի պատուով` իբրեւ նախիշխան եւ թագաւոր Հայոց կու տեւէ պայազատութիւնն, անկէ այլ ետեւ դարձեալ 200 տարւոյ չափ` ցեղին պայազատութիւնն կու մնայ փոքր թագաւորութեանց մէջ (ց՚կէս ԺԳ դարու): Իսկ Վրաց եւ Իմէրէթի մէջ ինչուան այս դարուս սկիզբն կար Բագրատունի թագաւորութիւն, եւ ինչուան այս օրս թագաւորական սերունդք եւ իշխանազունք Բագրատունիք, որ Ռուսաց կայսրութեան մէջ` արքայազանց եւ զօրապետաց պատիւ եւ իշխանութիւն ունին հիմա այլ եւ Եւրոպայի, գուցէ բոլոր աշխարհիս ազնուական տոհմից մէջ ամենէն հնագոյնն եւ ազնուագոյնն է Բագրատունեաց ցեղն` 2, 500 տարուան հնութեամբ (կամ 3, 000 ըստ Վրաց, հանելով մինչ ի Դաւիթ մարգարէ):

Գ

Հայոց աշխարհին եւ ազգին ճակատագիր մ՚եղած է իր մէջ բաժանեալ ըլլալն քաղաքական վարչութեամբ, յետ վերցուելու ինքնագլխութեանն (Արշակունեաց), կէսն Յունաց եւ կէսն Պարսից ձեռք ընկնալով. որոց յաջորդ կամ ժառանգ եղան ինչուան անցեալ դարուն վերջն` Օսմանեանք եւ նոր Պարսք` յետ Արաբացւոց. իսկ այս դարուս` հիւսիսային հզօր ազգ մ՚այլ (Ռուս) այն երկուքին բաժնէն մեծ մեծ մասեր առնելով` երրորդապետ եղաւ Հայոց. հանդերձ Վրաց աշխարհին տիրանալովն, որուն միացած էր մեր աշխարհին մէկ մասն այլ: Յունաց բաժինն` նախ արեւմտեան Հայք, քիչ մ՚այլ հիւսիսային եւ հարաւային գաւառներն էին, Կարին, Բասեն, Երզընկա, Չմշկածագ, Խարբերդ, Արզնի, Նփրկերտ, Ամդայ կողմերն, եւ բոլոր Փոքր Հայք, եւ Եփրատայ աջ կամ արեւմտեան կողմն եղած աշխարհները. որք ատեն ատեն կերպ կերպ բաժնուեցան քաղաքական կամ աշխարհագրական օրինօք, եւ Յոյն կամ Հայ իշխանաց յանձնուեցան. իսկ Մեծ Հայոց մասին վրայ սովորաբար տեղացի իշխաններ կու դրուէին, մէկ գլխաւորի մը երաշխաւորութեան տակ, որ զանազան պատուոյ անուն եւ աստիճան կ՚ունենար, ինչպէս` կոմս, ստրատելատ, պատրիկ, կիւրապալատ, պրոտոսպաթար, նոպիլիսսիմուս, ապիհիւպատ, եւ այլն: Զորաւոր կայսերաց ժամանակ` ինչպէս էին Յուստինիանոս, Մօրիկ, Հերակլ, եւ այլն, բաւական հանգիստ եւ հնազանդ էին արեւմտեայ Հայք, եւ կայսերութեան մեծամեծ պաշտամանց եւ արքունեաց մէջ յառաջադէմ. իսկ տկար եւ մոլի կայսերաց ատեն` շատ հեղ տժգոհ եւ ապստամբ, եւ երբ Արաբացիք տիրեցին արեւելեայց, երբեմն ուզեցին ասոնց` քան Յունաց ներքեւ մնալ, թերեւս ազգին միութեանն այլ փափագելով, յորում ըստ կրօնից այլ զանազանութիւն մտեր էր. յունակողմանք կաթողիկոսին իշխանութենէն ելնելով, քիչ անգամ նաեւ առանձին կաթողիկոս այլ ունենալով, բայց աւելի` առանձին եպիսկոպոսներ` իբրեւ ի թեմի Յունաց պատրիարքաց կու սեպուէին: Քիչ մը մերայոց կամօքն, քիչ մը Յունաց թուլութեամբ: Արաբաց բռնութիւնն` Է եւ Ը դարուց մէջ գրեթէ բոլոր Մեծ Հայոց տիրեց, եւ ոչ միայն Դունայ մէջ նստաւ ոստիկան, իբրեւ վերակացու եւ հարկահան Հայոց, այլ եւ Էրզիռումի, Կամախի, Խարբերդու, եւ հարաւային Հայոց կողմերը զանազան ամիրաներ եւ հարկահաններ գրուեցան. ինչպէս յԱրզն, Նփրկերտ, Մանազկերտ, Խլաթ, Նախիջեւան, Պարտու, եւ այլն. որոնց հետ երբեմն Յոյնք կու պատերազմէին, քիչ հեղ եւ յաղթէին: Իսկ այս ժամանակիս, Աշոտոյ երիտասարդութեան ատեն` Թէոփիլոս կայսրն բաւական զօրացաւ եւ շատ տեղ առաւ Արաբացւոց ձեռքէն, բայց վերջապէս հաշտութիւն ընելով յետ քաշուեցաւ. իր յաջորդ Միքէլին ատեն (842-867) Մեծ Հայք գրեթէ բոլոր Յունաց ձեռքէն ելնելով` կամ Արաբացի ամիրայից կամ բնիկ իշխանաց կեռք մնացին, ինչուան որ Վասիլ Մակեդոնացի կամ Արշակունի թագաւորեց 20 տարի (867-886) եւ բաւական զօրութեամբ եւ փառքով կայսերութիւնը կանգնեց:

Այս անձը հարկաւոր է քիչ մ՚աւելի ճանչնալ թէ Աշոտոյ ժամանակակից ըլլալուն, թէ հայազգի ըլլալուն եւ թէ գործոցն համար: Այս ատեն Յունաց եւ Հայոց մէջ քանի մը տեսութեամբք իրարու նման երկու իշխանապետ եւ երկու հայրապետ եղան, եւ իրարու հետ գործակցութիւն այլ ունեցան, Վասիլ եւ Աշոտ (857-886), Փոտ եւ Զաքարիա (854-875): Վասիլ` ըստ ոմանց մեր պատմչաց` Տրաօնոյ կողմերէն էր, բայց հաւանօրէն էր ի Մակեդոնիոյ, եւ ի հօրէ կամ ի մօրէ Արշակունի Հայերէն, զոր կայսերքն Յունաց այն կողմերը բնակեցուցեր էին: Յոյնք շատ զարմանալի բաներ կու պատմեն ասոր ծնընդեան, տղայութեան, ուժին եւ քաջութեանց վրայ, եւ կայսր ըլլալու գուշակութեանց, ստոյգն այս է` որ աղէկ կրթուած, կտրիճ, զգոն եւ բարեպաշտ մարդ էր, եւ խելքով ու քաջութեամբ յառաջացաւ, ինչուան յարքունիս. բայց անզգամ եւ մոլի կայսեր մը պաշտօնեայ ըլլալով` ստիպուեցաւ երբեմն անոր կամաց եւ գործոցն այլ հետեւիլ, որ իր համբաւոյն մեծ աղտ է. զոր եւ աւելցուց` զկայսրը սպաննելով եւ քանի մը ուրիշ սպանութեամբք այլ: Բայց յետոյ արդարասէր կառավարութեամբ, յաղթութեամբք, շինութեամբք, գեղեցիկ օրինօք եւ գրաւոր խրատուք այլ` նշանաւոր կայսերաց մէկն եղաւ: Գլխաւոր գործոց մէկն այլ է` Փոքր Հայոց մէջ բռնացած Պօլիկեան կամ Մանիքեցի աղանդաւորները ջնջելն, հետերնին անձամբ պատերազմելով եւ ուրիշ զօրավարօք, որովհետեւ թշնամիքն այլ զէնք կու գործածէին: Մէկ նշանաւոր դէպքն այլ եղաւ Փոտայ հետ յարաբերութիւնն: Այս անձին ծանօթութիւնն այլ հարկաւոր է մեզի. Վասլի նախորդ Գինով Միքայէլին ատեն, իր քեռին Վարդ` ուզածին պէս կու կառավարէր զնա եւ տէրութիւնը, հանդերձ անկարգութեամբք եւ զեղխութեամբ. որոյ համար յանդիմանուելով ի Մ. Իգնատիոս հայրապետէն Կ. Պօլսի` ոխացաւ, եւ աթոռէն ձգելով` աքսորել տուաւ. անկէ աւելի անակնկալ կերպով` տեղը դրաւ իր խնամիներէն մէկը, որ տէրութեան դիւանապետն էր, եւ ժամանակն ամենահմուտ անձն եւ ճարտար գրիչն կու սեպէր. զոր եւ աշխարհական վիճակէն` չորս օրուան մէջ բարձրացուց ի գահ պատրիարքութեան Կ. Պօլսոյ, յամին 857. այս էր Փոտ: Ասոր նման եւ ասկէ շուտ` երկու տարի առաջ այլ ի Հայս, Զաքարիա` իր արժանեաց եւ գիտութեան համար` մի եւ նոյն օրուան մէջ յաշխարհական վիճակէն բարձրացաւ ինչուան ի ձեռնադրութիւն կաթուղիկոսութեան Հայոց. որ եւ Յովհաննէս իմաստասիրէն ետեւ (728) առաջին մատենագիր եւ ժողովարար հայրապետն է: Այս երկու զուգակցաց մէջ` որչափ որ Աշոտ վեհագոյն կ՚երեւի քան զՎասիլ անարատ քաղաքավարութեամբը, այնպէս Զաքարիա քան զՓոտ. ետինքս գիտութեամբն անհամեմատ վերագոյն էր քան զմեր հայրապետն, իսկ խորամանկութեան գործովքն անհամեմատ վար քան զաթոռն` յոր նստաւ բռնութեամբ: Շատ զարմանալի է` որ Փոտ ջանաց Հայոց եւ Յունաց եկեղեցւոյն միութիւնը հաստատել ուղղափառապէս, յետոյ իր եկեղեցին զատեց ընդհանրական եկեղեցւոյ միութենէն: Յայտնի են բազմաց իր գործքերն, զոր չկրցաւ առաջ տանիլ Վասլի ատեն, որ ի թագաւորելն` վռնտեց զնա յաթոռոյ եւ դարձուց զՍ. Իգնատիոս. բայց երբ սա վախճանեցաւ (878), Փոտ խորամանկութեամբ շահեցաւ զսիրտ Վասլի. որ թերեւս իր սպանութեամբ ի կայսրութիւն ելնելուն վրայ միշտ վախնալով, կ՚ուզէր եւել քան զեւել համոզել ժողովուրդն իր օրինաւոր ըլլալուն, մանաւանդ իբրեւ Արշակունի ցեղին սերունդ: Այս տկար կողմը գիտնալով Փոտ` քովէն պատմութիւն մը հնարեց, հին յունարէն ձեռագրի մը մէջ գրեց հին ձեւով հին մագաղաթի վրայ, գուշակելով ի նմա թէ Արշակունեաց ցեղէն թագաւոր մը պիտի գայ այս ատեն, այս անուն, եւ այս բաներս պիտի ընէ, զոր արդէն ըրած էր Վասիլ, գիրքն այլ անոր գրատան մէջ մտուց` իր մէկ համախոհին ձեռքով, որ եւ հաւատացուց կայսեր, թէ զայն կարդալու եւ մեկնելու համար` Փոտէն յարմար մարդ չկայ: Դարձաւ Փոտ յաքսորանքէն կարդաց իր մարգարէութիւնը, ինքն իրեն մեկնիչ ըլլալով. իմացուց որ այն գրուածը բոլորովին յարմար էր Վասլի, ինքն էր գուշակեալ Արշակունին` Հայոց թագաւորաց ցեղէն, որք պայազատելու ատեն` թագը կ՚առնուին Բագրատունեաց նահապետէն. Վասիլ այլ գոհութեամբ կատարեց այս բանս, ինչպէս յետոյ պիտի տեսնենք. եւ Փոտ նորէն նստաւ յաթոռ հայրապետութեան, ինչուան որ մեռաւ Վասիլ. բայց որդին` Լեւոն Իմաստասէր` մէկէն ձգեց զՓոտ յաթոռոյն, եւ աքսորեց Հայոց վանք մը, ուր եւ մեռաւ (891):

Դ

Յունաց կայսրութեան եւ Հայոց յարաբերութեան վիճակը իմանալնէս ետեւ, դառնանք Արաբացւոց ամիրապետութեան, որք քաղաքականօրէն աւելի առընչութիւն ունեցան ընդ Հայոց. եւ իրենց դենպետին (Մահմէտի) մահուընէն քիչ տարի ետեւ` մտան ի Հայս. ուր Պարսից բռնութիւնն տկարանալէն ետեւ` կայսերք աւելի ջանային տարածել իշխանութիւննին, հանդերձ եկեղեցական վարդապետութեամբք: Այս բանիս տհաճելով ժամանակին քանի մի գլխաւոր եւ զօրաւոր Հայ իշխանք, երբ յանկարծ նոր եւ զօրաւոր թշնամի մ՚այլ տեսան (զԱրաբացիս), նախ մէկ մը զէնքերնին ասոնց վրայ փորձեցին, բայց յետ անօգուտ քաջութեանց եւ յետ կշռելու թշնամւոյն ոյժը` յանձն առին հնազանդելու. ընդունեցան անոնց ոստիկանը, եւ իրենց մէջէն իշխանապետ կամ հոգաբարձու մը. այսպէս ըրաւ Սմբատ Բագրատունին այլ` թոռն Սմբատայ Բազմայաղթի: Յոյնք շատ ջանացին բայց չկարցան վռնտել զԱրաբացիս եւ նուաճել զՀայս. մերոնք ինչուան Է դարուն վերջը բաւական հանդարտ մնացին ոստիկանաց իշխանութեան տակ. բայց Ը դարուն սկիզբն` անզգամ եւ ագահ հրամանատարք սկսան չարաչար նեղել զՀայս, ասոնք այլ զայրացեալ` ջարդ մը տուին Արաբացւոց Վարդանակերտ), որ մեր պատմութեան մէջ նշանաւոր դէպք եւ թուական մ՚եղաւ, ինչպէս որ Արաբացիք այլ քիչ մ՚ետքը (705) խորամանկութեամբ աւելի մեծ վնաս հասուցին Հայոց, գլխաւոր իշխանները այրելով Նախջեւանի եւ Խրամայ եկեղեցեաց մէջ, ուր ժողովեր էին` իբր դաշինք դնելու պատճառաւ, եւ այս տարին այլ Արաբացւոց պատմութեան մէջ անուանի եղաւ Կրակի տարի ըսուելով. ապած իշխաններէն եւ անոնց զաւակներէն շատն ալ բռնեցին` ամիրապետին խաւրեցին. եւ տասն տարի նեղելէն ետեւ թէ զանոնք թէ մեր աշխարհը, գերեալները դարձուցին եւ դիւրութիւն ըրին, քառասուն տարւոյ չափ, Յունաց եւ Հոնաց հետ պատերազմի զբաղելով: Այս ատեն բագրատունիք նորէն սկսան պայծառանալ եւ Աշոտ պատրիկ իշխանապետ եղաւ (733). դժբաղդաբար Մամիկոնեան իշխանք նախանձելով ջանացան անոր տեղ անցնիլ, եւ վերջապէս անարգ կերպով եւ պժգալի գործով մը զրկեցին զԱշոտ (749): Ամիրապետն լսելով Հայոց խլրտումը խաւրեց զեղբայրը` Աբդլլա (750), որ հանդարտեցուց եւ դրաւ իշխանապետ զՍահակ (753) հօրեղբայրն Աշոտոյ, որուն յաջորդեց որդին Աշոտ. իսկ անոր հօրեղբօրորդւոյն` Աշոտ պատրկին` յաջորդեց իր որդին Սմբատ` իբրեւ սպարապետ Հայոց: Քանի մը տարի հանդարտութենէ վերջը` շուտ շուտ ոստիկաններ փոխուելով ի Հայս, ամենքն այլ կու ջանային անկէ բան մը փրցընել, աւարով դառնալ, կեղեքէին կողոպտէին. բնականապէս Հայք այլ նեղեալ յուսահատեալ` ոմանք փախչիլ մտածեցին, ոմանք այլ բռնութեամբ բռնութիւնը վանել. ասանկ մեծ գործոյ համար դիւրին էր տարաձայնիլ եւ երկու բաժնուիլ. ինչուան Աշոտ իշխանապետն եւ Սմբատ սպարապետն իրարմէ զատուեցան կարծեօք. Սմբատ ապստամբողաց կողը բռնեց, Աշոտ ձեռքը քաշեց եւ առանց մատնելու հայրենիքը` հաւատարմութիւն պահեց անոնց` ուսկից իշխանապետ դրուած էր: Այս գործս ինչպէս առաջ գնաց եւ ինչ վերջ ունեցաւ, դու պէտք է յիշես, Հայկակ. Բագրեւանդայ բլրոց վրայ ժուռ գալուդ` պատմեր եմ քեզի: Այս գեղեցիկ ծաղկաւէտ հովտաց արեամբ ներկելէն ետեւ, նորէն ոստիկան եղաւ Եէզիտ Իպն Իւսէիտ, որ քսաներկու տարի առաջ Աբդլլայի հրամանաւ`զՍահակ իշխանապետ դրեր էր, եւ երկրորդ անգամ խաղաղացուց զՀայս. Բագրեւանդայ կռուոյն մէջ ընկած Սմբատայ տեղ` անոր որդին Աշոտ Մսակերը կարգելով սպարապետ. որ օրինաւոր իշխանութեան հպատակ, բայց անօրէն զրկողաց գլխահար էր. եւ քանի մը Արաբացի բռնաւոր զօրավարներ ու զօրագունդեր ջարդեց. որք իր երկար իշխանութեան ատեն` (776-819) Հայաստանի զանազան կողմերը շատ աւար ու աւեր կ՚ընէին. ասոնցմէ էին երկու Խազմ կամ Խուզիմա, հայր եւ որդի, մէկն նահատակիչ հարազատ Արծրունի եղբարց` Ս. Սահակայ եւ Համազասպայ` (յամին 785), միւսն նահատակիչ Ս. Սահակայ եւ Յովսեփայ (յամին 801): Նոյն ատեններն Ջահապ անուն ամիրայ մ՚այլ` Արծրունեաց ուրացող Մեհրուժան իշխանին փեսայացեալ` ի Դուին բռնացեր, եւ Արշարունեաց գաւառին մէկ մասին այլ տիրէր, (որ Բագրատունեաց սեպհական էր, ) աւելի այլ առաջ գալ կ՚ուզէր. Աշոտ` իր Շապուհ եղբօրը օգնութեամբ վռնտեց անոր զօրքօ, եւ տիրեց ուրիշ կողմերէն զատ` Շիրակայ գաւառին այլ, ուր Անի բերդը ամրացուց եւ ընտանիքը հոն դրաւ, որ յետոյ իր ցեղին թագաւորանիստ քաղաք եղաւ: Քանի մը տարի վերջը նորէն Ջահապեանք ելան 5000 զօրոք յարձըկելու ի Տարօն, ուր միւս Բագրատունի Աշոտն կ՚իշխէր. Աշոտ Մսակեր 500 մարդով վրանին հասաւ` 3000ը ջարդեց, մնացեալը ցրուեց. եղբայրն այլ Դըւնայ վրայ յարձակեցաւ, եւ քաղաքն առին: Ասոնց վրէժն ուզեց առնուլ Հօլ ոստիկանն, որուն 4000 զօրաց դէմ ելաւ Սմբատ Տարօնոյ իշխանն (որդի Աշոտոյ իշխանապետին) 500 մարդով, օգնութեամբ Սիւնեաց իշխանին. բայց երկուքն այլ մեռան պատերազմին մէջ (819-20): Նոյն ատեն Սեւադա Ջահապեանն այլ Աշոտ Մսակերի եւ Շապհոյ հետ կը կռուէր. այս պատերազմիս մէջ ընկաւ քաջն Շապուհ. իսկ եղբայրն` սպարապետն` յետ երկու տարւոյ խաղաղութեամբ կեանքը կնքեց, եւ տեղն անցաւ (820) Սմբատ Ապլ - Աբաս Խոստովանող, հայր մեր Աշոտ թագաւորին, որ Սեւադայի հետ հաշտութիւն ըրաւ, եւ հաստատեցաւ իր սպաապետութեան պատուոյն մէջ:

Այս ատեններս ամիրապետաց տիրապետութիւնն սկսեր էր տկարանալ, պատճառաւ իրենց զեղծմանց, եւ անկիրթ Թուրքերը ընտրելու իրենց պաշտօնեայ եւ պահապան. կամաց կամաց զօրաւոր իշխանք սկսան գլուխ քաշել: Ոստիկանաց բռնութիւնն այլ տկարացաւ ի Հայս. Մուդասսէմ ամիրապետն վախնալով որ Հայք բոլորովին չմիաբանին Յունաց հետ, Հօլէն սպանուած Սմբատ իշխանապետին որդին` Բագաատը` իր հօրը տեղ դրաւ տէր Տարօնոյ եւ իշխանաց Հայոց (839). զոր եւ իր յաջորդ խալիփայն (Վաթէք –Պիլլահ) հաստատեց նոյն պատուոյն մէջ (843): Այսպէս ասոր իշխանապետութեան եւ Սմբատայ սպարապետութեան ատեն երեսուն տարւոյ չափ, մինչեւ ցկէս Թ դարու, բաւական վրայ եկան Հայոց իշխանք եւ սկսան ակնածելի ըլլալ ամիրապետաց. ոք թոյլ տուին անոնց, ինչուան որ մէկ կողմէն Յունաց հետ հաշտութիւն ըրին (840), մէկ այլ կողմէն իրենց տեղ` դրդեցին Փոքր Հայոց Պօլիկեանները Յունաց դէմ, որ քսան եւ հինգ տարի աշխատցուցին Լեւոնի եւ Վասլի զօրավարները եւ զնոյն ինքն Վասիլ (848 873), եւ ամիրապետն ապահովցուցին այլ կողմանէ:

Այսպէս քիչ մը դրսէն խաղաղեալ, ամիրապետք ուժերնին մարելու ատեն` վերջին եւ ահեղ փորձ մ՚ըրին Հայոց նոր ածարծած ոյժն այլ բոլորովին մարելու. յիրաւի մեծ խաւար հասաւ Հայոց, բայց այս վտանգէն ելաւ առաջինէն պայծառ լոյս մը:

Վերը յիշեցինք որ խալիփայից վարչութեան շփոթութեան եւ անկարգութեան պատճառն այլ էին իրենց նորընտիր Թուրք օգնականները. ասոնք Թաթարստանի կողմերը պատերազմի մէջ բռնուած կտրիճներ էին, զոր խալիփայք իրենց թիկնապահ ըրին, վրանին վստահանալով, եւ ոչ միայն զինուորութեան` այլ եւ արքունեաց մէջ վերակացութեան եւ պաշտօններուն հասուցին յաջողները: Ասոնք այնքան համարձակեցան, մինչեւ երբ Վաթէք խալիփայն մեռաւ (847), իրենք նստուցին յաջորդ անոր եղբայրը Մոդավվէքէլ-Ճեաֆար (զոր մեր պատմիչք Ջափր կոչեն), իրարու արժանի ընտրողքն եւ ընտրեալըն. մէկն անօրէն անգութ բռնութեամբն, մէկալոնք անոր յարմար գործիք, այնչափ այլ յարմար, որ յետ 15 տարւոյ` անոր որդւոյն հետ միաբանած` սպաննեցին զնա: Ճեաֆար անգթութեամբն` խալիփայից Ներոնն ըսուեցաւ, արքունեաց մէջ, վերոյիշեալ պահապաններէն զատ, չորքոտանի վայրենի գազաններ այլ ազատ թողուցեր էր` որ յանկարծ իր պաշտօնէից դիմաց կ՚ելնէին, եւ կամ լեղապատառ կամ մարմնապատ կ՚ընէին, բայց տեսնելով որ անոնք կ՚ուշանան, որ մը բոլոր մեծամեծները մէկ տեղ ժողովեց, եւ իր թիկնապահաց գլուխ կենալով ` զամենքն այլ թրէ անցուց: Այսպէս իր մերձաւորները պատռող մը հեռաւոր հպատակաց վրայ ի՞նչ գութ կրնար ունենալ: - Առիթն եւ դէպքն լաւ կ՚իմացնեն, եւ հարկ է աղետալի պատկեր մ՚այլ տեսնենք մեր աշխարհին մէջ, որ մեր Աշոտոյ պատկերը լաւ մը լուսաւորէ, թէ եւ նոյն իսկ այն սեւանըկար պատկերն այլ իր լուսափայլ կողմերն ունի:

Ջափը ամիրապետութեան աթոռը նստելէն քիչ ետքը (848) Հայաստանի ոստիկան խաւրեց զԱպուսէթ-Մուհամմէտ-Էլ–Քուֆի ըսուածն, երբ Բագարատ իշխանապետ էր ի Տարոն, որ եւ խորագիտութեամբ կանխելով քան զԱպուսէթ` անոր առջեւ խաւրեց իր մեծամեծներէն մէկ քանին ծանր եւ ազնիւ ընծաներով, եւ յորդորեց որ չաշխատի առաջ գալու, եթէ միտքն հարկերը ժողովել էր, ինչպէս որ կ՚իմացընէր. նա այլ դիտելով եւ իմանալով որ Բագրատայ քով բաւական ոյժ եւ օգնական կայ (Արծրունեաց հետ դաշնակցութեամբն), գոհութիւն ցըցուց եւ հարկերը առնըլով հանդերձ ընծայիւք առ խալիփայն` յետ դարձաւ, եւ յաջորդ տարուան հարկապահանջութիւնը յանձնեց Արզն (Խարզան) նահանգին կուսակալին որ կ՚ըսուէր Մուսէ-Իպն-Զորահաս: Ինքն դարձաւ առ Ջափր, եւ բերանով ամբաստանելէն զատ` իրաւ կամ սուտ թղթեր այլ տուաւ, այն կողմերու ամիրաներէն գրուած` ընդդէմ Բագարատայ եւ Աշոտոյ Արծրունեաց նահապետի: Ոչ միայն Ջափրայ հաճոյ էր այս ամբաստանութիւնս, այլ եւ Մուսէին, որ արդէն Բագրատայ թշնամի էր սահմանակցութեամբն, եւ հիմայ Հայոց հարկապահանջ ըլլալով` սկսաւ խրոխտալ, հարկը ժողովելու անուամբ, բայց իրոք վրէժ առնըլու: Ձմեռ ատեն (849) յանկարծ բազմութեամբ զօրաց մտաւ ի Տարոն, եւ Բագրատայ ձմերոց քաղաքը (Մուշ) պաշարեց. Բագրատ շուտով աղաչաւոր դեսպան խաւրեց Աշոտոյ Արծրունեաց նահապետին, որ իր տոհմայնոց եւ ազատազգի պաշտօնէից ձայն տալով` վաթսուն եւ աւելի իշխան ժողովեցան, գնացին ի Տարոն, երբ Բագրատ ստիպուած էր Մուսէի դէմ մինակ ելնելու, յարմար ատենին հասնելով` զարկին ցրուեցին զօրքերը, բանակը կողոպտեցին: Մուսէ ամօթով տեղը դառնալով նոր ամբաստանութիւն գրեց խալիփային. այնպէս այլ Արծրունեաց երկիրը գնացող հարկահանք, որ իրենց անիրաւութեան համար վռնտուած էին յԱշոտոյ եւ պատերազմելով յաղթուած (849-50): Այսչափ լուրեր բաւականէն շատ էին Ջափրի` չարաչար պատժելու զՀայս, եւ պատժողն այլ ի հարկէ կու վայլէր որ ըլլար Ապուսէթ, որ ինքնին այնչափ կու փափագրէր վրէժխնդրութեան` որ արտորնօք Հայաստան վազելու ատեն` ճաթեցաւ Ասորւոց կողմերը, եւ տեղը դրուեցաւ (851) իր որդին Եուսուֆ: Ամիրապետն` ասոր կտրիճ ձիաւոր զօրաց գունդ մը տուաւ, եւ խոստացաւ այլ` որ եթէ նուաճէ զՀայս` ժառանգութեամբ իր ցեղին թողու անոր ոստիկանութիւնը: Եուսուֆ մեծ պատրաստութեամբ եւ յուսով կոխեց նախ Աշոտոյ երկիրը, եւ անոր մօրն աղաչանօք` միայն պատանդներ առնելով` ելաւ անկէ եւ եկաւ ի Խլաթ. հոն կանչեց գրով զԲագրատ իշխանապետն` խոստանալով զինքը իրեն տեղ վերակացու դնելու, վասն զի այս երկրին ցուրտը` ինծի շատ վնաս կ՚ընէ կ՚ըսէր, եւ չեմ կրնար հոս ուշանալ: Բագրատ խաբուելով եկաւ իր մեծերով եւ եկեղեցականօք, ամենքն այլ ընկան յորոգայթ եւ յերկաթի կապանս, եւ զրկուեցան առ ամիրապետն, իսկ Եուսուֆ փութացաւ տիրեց Տարօնոյ, բոլոր երկիը տակնուվրայ ըրաւ, եւ ժողովըրդեան կէսը փախուց, կէսն գերի ըրաւ որ տանի յԱսորեստան, առ ժամն պահելով ի Մուշ` ուր ձմեռը կ՚անցունէր, սպասելով գարնան` որ Տարօնոյ հարաւակողմի լեռնայնոց վրայ յարձկի, որք են Սասունցիք եւ Խութեցիք: Բայց անոնք իրմէ շուտ չարժեցան, եւ նիզակնին ցցած լեռներէն վար թափեցան, պաշարեցին, առին Մուշ քաղաքը, թշնամիները ջարդեցին, գերիները արձկեցին, Արծրունեաց պատարագները, յետ դարձուցին, աւարը թալնեցին, հպարտացեալ Եուսուֆն այլ գտան` որ վախէն փախած եւ Բագարատայ շինած Մշոյ Ս. Փրկիչ հոյակապ եկեղեցւոյն գմբէթին պատին մէջ պահուըտած էր. հոն սպաննեց զնա նիզակաւոր մը:

Ե

Երբ այս անակնկալ լուրն հասաւ Ջափրի, այլ Հայաստանի բոլորովին ջնջման վճիռը տուաւ, ամէն դիէ կտրիճ պատերազմողներ կանչեց, մասնաւորապէս Արաբացի եւ Պարսիկ վարպետ աղեղնաւորներ եւ հեծեալներ, եւ մեծ զօրագունդ կազմելով յանձնեց իր գլխաւոր պաշտօնէից մէկուն, որ քաջութեամբ, խորագիտութեամբ եւ խստասրտութեամբ անուանի էր, եւ այլ աւելի հռչակեցաւ ի Հայաստան. խալիփային սիրելի պահապանաց ցեղէն էր սա, եւ կոչուէր Բուզա-էշ-Շարապի կամ Գարա-Բուղա, Էլ-Քէպիր (այսինքն Սեւ-ցուլ, Մեծ կամ գոռոզ): Իրեք չորս տարի կեցաւ ի Հայս (852-5), բայց իրմէ առաջիններուն շատ երկար տարիներու մէջ չըկրցածը` ի գլուխ տարաւ: Նխիջեւանի եւ Խրամի օրերը կերպով մը նորոգեց. նպատակն էր Հայոց ամեն իշխանաւոր, զօրաւոր անձինքը կամ սպաննել կամ գերի տանիլ, կամ հւատքէն ուրացընել. եւ ինչպէս կ՚ըսէ մեր ժամանակագրաց մէկն համառօտիւ, «Կալեալ զամենայն իշխանս եւ ազատս Հայոց` եսպան, զկէսն մարմնով եւ զկէսն հոգւով». բայց մենք կըրնանք աւելցընել թէ ոմանք հոգւով այլ մարմնով այլ ապրեցան. եւ շատ դիւրագին եւ թեթեւ չըրին Բուղայի արիւնոտ ու սեւ յաղթանակը. որ` բաց ի գերեաց, 30, 000 մարդ ջարդեց կ՚ըսեն ի Հայս, (զատ ի Վրաց), իսկ իրեններէն` այլ աւելի ջարդուեցան: Թէ մարմնաւոր քաջութեամբ եւ թէ հոգեւոր նահատակութեամբ, շատ նշանաւոր եւ անմահանալի յիշատակներ թողին Հայք այս պարագայիս. զոր ի գիր անցուցեր էր Շապուհ պատմիչն, մէկ մասն այլ կու պատմեն Յովհան կաթուղիկոս եւ Թոմա արծրունի. որոց գլխաւոր դէպքերը միայն համառօտիւ յիշեմ, որ լաւ իմացուի Հայաստանի վիճակը Աշոտոյ ատեն: Բուղա` Բաղէշ կողմերէն մտաւ ի Հայս, եւ գնաց ի Խլաթ, որ շատոնց ամիրայից աթոռ էր եղած. նախ գունդ մը խաւրեց Խութեցոց վրայ, զոր շատ դժուարութեամբ հազիւ կրցան նուաճել. մեծ գունդ մ՚այլ տուաւ Ժիրաք անուն զօրավարին եւ ղրկեց Արծրունեաց վրայ. սա ինչուան որ հասաւ ի Վան` ճամբուն վրայ կրցածը աւրեց, թալնեց. իրենններէն այլ շատ մարդ կորուս: Աշոտ Արծրունին իր ազատները ժողովեց` Նկան ըսուած ամուր քարաբերդը քաշուեցաւ Թոռնաւան գաւառի Երասխայ մօտ). զոր եկան պաշարեցին Ժիրաք եւ Բուղա` բոլոր իրենց գնդերովն, (որք աւելցեր էին Հայաստանի մէջ եղած ամիրայից զօրօքն այլ, եւ ամենայն պատերազմական ու պաշարման գործիք եւ նիւթ ունէին). պաշարեալքն զարհուրած Աշոտէն գաղտուկ թուղթ խաւրեցին առ Բուղա. նա այլ պահանջեց որ զԱշոտ իրեն տան եւ իրենք ապահով մնան: Աշոտ իմանալով իշխանաց վատութիւնը եւ չկարենալով վախերնին փարատել, կամայ ակամայ գնաց առ Բուղա, որ պատուով ընդունեցաւ զնա առ ժամն. ինչպէս անկէ առաջ ընդուներ էր Մոկաց տէրը, Սմբատ Բագրատունի մը. սա ամենէն առաջ ինքնակամ իրեն գալուն համար` բռնաւորին սիրտը շահեցաւ, եւ Ժիրայք բռնած գերիները յետ դարձուց. իսկ Աշոտ եւ անոր որդին Գրիգոր Դերենիկ, եւ ուրիշ գլխաւոր իշխաններ, հանդերձ տիկնամբք` իբրեւ գերի կամ պատանդ խաւրուեցան առ ամիրապետն. նոյնպէս անոր Գուրգէն եղբայրն այլ, որ Բուղայի խաւրած 15, 000 զօրքը ջարդելէն ետեւ` ինքնին եկաւ առ Բուղա. իր մայրն այլ Հռիփսիմէ տիկինն` կամաւ որդւոցը ետեւէն գնաց ի Պաղտատ:

Երբ հասան ասոնք եւ ուրիշներ այլ` առաջին բանտելոց քով, ամիրապետն զամենաքն այլ կանչեց իր ատեանը, եւ ամենայն զարհուրելի կերպարանօք եւ խօսքերովն յանդիմանեց, սպառնացաւ, մահապարտ վճռեց. միայն ազատութեան ճար` մսլիմանութիւնը ցուցընելով: Յազկերտի ատեն Վարդանանց դիպուածն հոս այլ նորոգեցաւ. եւ թէպէտ Արծրունեաց եպիսկոպոսն Յովհաննէս, որ կապելոց մէջ էր, իր կարգին յարմար պատասխան տուաւ, քրիստոնէից կրօնքը եւ պատիւը պաշտպանեց. բայց խալիփայն բարկութեամբ ատեանէն ելնելով իմացուց կապելոց` որ իր օրէնքին դէմ էր անոնց հետ վիճաբանիլ, կու մնայ որ կամ հաւատքնին ուրանան կամ սպաննուին: Արդէն Բագարատ իշխանապետն ուրացեր էր, ըսելով` թէ բռնութեամբ եւ ակամայ ուրանալն մեղք չէ. ուրիշ շատեր այլ դժբաղդաբար իրեն հետեւեցան. իսկ Յովհաննէս եպիսկոպոսն, Գրիգոր Արծրունի իշխան մը եւ Գրիգոր քահանայ մը, հաստատուն մնալով` երկաթակապ բանտեցան, ուր չորս տարիէն մեռաւ իշխանն վկայական անուամբ:

Իսկ Բուղա ի Դուին ձմերելով` հոն նահատակեց եօթն կտրիճները, որք իրենց գլխաւորին անուամբ (Ատոմ Անձեւացի) կու կոչուին, եւ նաեւ Վարդանանց ժամանակակից նոյնանուն վկաներէն զանազանելով` Երկրորդ Ատովմեանք: Այն ձմեռ չորս կողմ եղող իշխաններ` Հայ եւ Վրացի` իրենց երկրին ամրագոյն տեղուանքը քաշուեցան, ոմանք այլ եկան անձնատուր եղան, որոց մէջ գլխաւորն էր Սպարապետն Սմբատ, որ եւ ազատութիւն գտաւ իր տեղը բնակելու, եւ երբ պէտք ըլլայ բանակը գալու եւ առաջնորդելու: Գարնան (853) գնաց Բուղա Տփխիս քաղաքին վրայ, առաւ այրեց 50, 000 հոգւով: Վրաց կողմէն անցաւ Կովկասի կողմերն այլ նուաճելու, եւ եկաւ նախ Ծանարաց վրայ` որ Ալանաց եւ Վրաց մէջ տեղ բնակէին. զօրաց բազմութեանը վրայ վստահացած` սկսաւ կռուիլ. ինն ամիս` նստաւ այն տեղուանքը, տասն եւ ինն անգամ պատերազմաւ սաստկապէս, շատ մարդ կորուս, ամօթով յետ դարձաւ, մտաւ Հայ - Աղուանից երկիրը, ուր Եսայի կամ Ապու Մուսէ Երիցու Որդի անուամբ կտրիճ մը Արցախայ լեռնային կողմերուն կ՚իշխէ. եւ Ծանարաց քաջութենէն սիրտ առած` իրենները ժողովեց Քթիշ լերուն վրայ, եւ պատրաստեցաւ ընդդէմ Բուղայի: Բուղա հոս այլ նախ յարձակմունքով սկսաւ, յաղթուեցաւ. ապա սկսաւ լեռը կրցած կողմէն պաշարել, եւ իր զօրաց համար ապաւինութեան բերդակներ շինեց, ամիրապետին այլ լուր խաւրեց, տեղւոյն դժարութիւնը եւ կտրիճ իշխանին յամառութիւնը իմացընելով, թէ ի՞նչ ընէ, թողո՞ւ եթէ սպասէ: Խալիփայէն` կռուելու հրաման եւ նոր զօրք եկաւ, բոլոր բանակով նորէն յարձակեցաւ, եւ նորէն վռնտուեցաւ: Տարւոյ մը չափ հոն ուշացաւ Բուղա, քսանեւութ անգամ յարձակումն ըրաւ, ամեն անգամ այլ յաղթուեցաւ: Դարձեալ պէտք եղաւ պատգամով խաղաղութեան հրաւիրել. Ապու Մուսէ յանձն չառաւ Բուղայի հետ խօսիլ, ինչուան որ խալիփայէն ուղղակի իրեն թուղթ չգայ. երկու կողմէն այլ դեսպան խաւրեցին ի Պաղտատ. խալիփայն թողութեան գիր գրեց Մուսէի, եղածները չեղած սեպելով, եւ պատուիրեց որ անկասկած գայ իրեն, Բուղայի այլ պատուիրեց որ պատուով ընդունի զնա: Եւ այնպէս եղաւ:

Բուղա այս կողմերս եղած ատեն` նահատակեց զՄուկաթ, Վանանդեցին, Սողոմոն Սեւորդին, Կահա եւ Յովնան Խութեցին` որ իր լեռնցոց առաջնորդն էր Բուղայի զօրաց դէմ, եւ հիմա հոս իր հայրենեաց նման լեռներու եւ լեռնորդայց դիմաց` գերագոյն քաջութեամբ պսակուեցաւ: Բոլոր այս կողմերս եւ ի Դուին եւ ի Վասպուրական նահատակելոց թիւն` աւելի էր քան զ250. զոր ամենքը մէկէն տօնել հրամմեց կաթուղիկոսն, Յովհաննէս Ե, մեհեկանի ամսուն քսան եւ հնգին, (որ եւ երեք մարտի):

Ապու Մուսէի հետ պատերազմելու ատեն` Բուղա ուրիշ ազատ իշխանաց այլ պատգամ խաւրեր էր որ գան իրեն հնազանդին. ոմանք հաւանեցան, ոմանք մատնութեամբ ձեռք ընկան. ոմանք այլ երբ տեսան Ապու Մուսէի յանձնառութիւնը, յոյսերնին կտրեցին պատերազմով դէմ կենալու կամ փախչելով ազատելու: Այս կամայ կամ ակամայ նուաճեալ իշխանաց գլխաւորքն էին` Սիւնեաց երեք մեծ իշխաններն, Գրիգոր, Փիլիպպէ եւ Վասակ. Խաչենոյ տէրն Ատրներսեհ, Գարդմանայ տէրն Կտրիճ Սեւորդեաց տէրն Ստեփաննոս Կոն (որ եւ խոստովանութեամբ մեռաւ ի Պաղտատ իր որդւոյն հետ), Գրիգոր Մամիկոնէից տէրն, Սահլ Շաքէոյ տէրն, (Պապէք ապստամբը բռնողն). գրեթէ չմնաց ուրիշ ազատ գլխաւոր իշխան մը: Այսպէս Բուղա աւելի խորամանկութեամբ քան քաջութեամբ իր կամացն հասնելով` գնաց ի Պարտաւ ձմերելու, բոլոր բռնած իշխանները մէկ տեղ ժողովելով: Սուտ խոստմունքներով եւ պատուով քիչ մը ատեն խաբխըբեց. գիշեր մ՚այլ յանկարծ իրենց հանգըստեան եւ քնոյն ատեն` շղթաներով կապուած գտան զիրենք. երկրորդ օրը ճամբայ դրուեցան դէպ ի Պաղտատ, Սմբատ սպարապետն այլ անոնց հետ, որուն մեծ մեծ յոյսեր կու տար Բուղա: Ինքն այլ բռնած որսերը քշելով գնաց իր արժանաւոր ամիրապետէն վարձքն առնուլ. տեղը թողլով Իբրահիմ անուամբ կուսակալ մը: Իսկ Հայոց իշխաններէն` միայն Գուրգէն Ապուպէլճի որդի ըսուած Վասպուրականի գլխաւոր ազատներէն մէկն` Բուղայի հաւանութեամբ այն նահանգին տէր դրուեցաւ, զոր արդէն` քաջութեամբ` անոր թողած զօրքերու ձեռքէն առեր էր. իսկ Հայոց միջնաշխարհին մէջ թողուց Սմբատ սպարապետին որդին` մերն ԱՇՈՏ:

Զ

Բագրատունի թագաւորաց մէջ միայն մեր Աշոտոյ կենաց չափն կու յիշուի, եօթանասունումէկ տարի. վախճանած տարին այլ նշանակուած ըլլալով` ծնած կու հանդիպի Քրիստոսի 820 թըւականին. այն տարին` յորում սպանուեցաւ Լեւոն Հայկազն կայսրն ի Կ. Պօլիս, յորում ի Հայս Սմբատ իշխանաց իշխանն եւ Սահակ Սիւնեաց նախարարն Հօլայ հետ պատերազմելով` ընկան կռուին մէջ, յորում (կամ տարի մը ետեւ) մեռաւ մեր Աշոտոյ պապն` Աշոտն Մսակեր. որոյ ժառանգն Սմբատ Խոստովանող` հօրը մահուանէն քիչ առաջ` առեր էր ի կնութիւն Տարօնոյ տիրոջ եւ Հայոց իշխանապետ եւ իր անուանակից Սմբատայ դուստրը, յորմէ ծնեալքն են, (մեր գիտցածներն) չորս մանչ եւ երկու աղջիկ, նախ մերս Աշոտ, յետոյ Աբաս, Շապուհ, Մուշեղ. Ա կին Գուրգենայ իշխանի Գուգարաց, Ա տիկին Վրաց: Սմբատը իր հօր եռանդուն կտրճութենէն աւելի խաղաղասէր աշխարհաշինութիւնը ժառանգեց. անոր համար հօրը թշնամւոյն` Ջահապետն Սեւադայի հետ հաշտութիւն ըրաւ եւ թողուց որ նստի հանգիստ ի Դուին, ինքն այլ անկէ ճանչցուեցաւ սպարապետ Հայոց, ինչպէս իր մանկահասակ անեձագն այլ` Բագարատ` տէր Տարօնոյ եւ նախիշխան Հայոց Սպարապետ եւ իշխանապետ` խնամիք եւ բարեկամք էին, բայց Բագարատ ոչ Սմբատայ խոհեմութիւնն ունէր եւ ոչ բարեպաշտութիւնն, եւ շատ տարին վերջը (840) մէջերնին տհաճութիւն մը ծագեցաւ Բագարատայ յանդուգն գործով մը. առ որ չարալեզու մարդիկ ամբաստանեցին այն ատենուան կաթողիկոսը` Տէր Յովհաննէս Ե. վրան անարժան բաներ ըսելով. որոց առանց քննութեան հաւատալով Բագարատ` հրամմեց որ իրեն կաթողիկոսութեան պատիւ չտան. սա այլ թողուց աթոռը եւ վանք մը քաշուեցաւ: Սմբատ եւ Սիւնեաց տէրն Սահակ` այս բանիս դժուարած` յետ դարձուցին զկաթողիկոսը եւ պատուով նստուցին աթոռը. Բագարատ իբր արհամարհուած` կու սպասէր յարմար առթով իր իշխանութիւնը ցուցընել. բայց ուրիշ փորձանքներ հանդիպեցան իրեն, Ապուսէթի ոստիկանութեան ատեն, ինչպէս առաջ յիշեցինք: - Սմբատայ սպարապետութեան ատեն, որ եւ Աշոտոյ կենաց կէսն է (821-855), իր խոհեմութեամբն Հայաստան ի խաղաղութեան վայելեց, գոնէ այն տեղուանքն` ուր կու հասնէր իր առաջնորդութիւնն, կամ Դունայ ոստիկանին իշխանութիւնն. վասն զի Հայոց սահմանակիցք` Աղուանք, Ատըրպատական եւ Միջագետք` ուրիշ ոստիկաններ եւ ամիրաներ ունէին, որ այն կողմերը կու նեղէին. ասոնցմէ էր Սեւադա մ՚այլ: Աւառանշան? ըսուած, որ Պարտաւէն (Աղուանից մայրաքաղաքէն) ելաւ զօրքով` ասպատակեց Սիւնեաց երկիրը, եւ հին իշխանանիստ Շաղատ աւանին տիրեց. Վասակ Սիւնեաց տէրն` բռնաւորին դէմ աւելի բռնագոյն մը գտաւ, զՊապէք մոլորեցուցիչ ապստամբն ի խալիֆայից, զոր պատմիչք մեր կոչեն Բաբ կամ Բաբան. առանց հետեւանքը մտածելու կանչեց, եւ անոր օգնութեամբ վռնտեց զՍեւադա. ինքն այլ քիչ ատենէն մեռաւ, երբ այն վտանգաւոր օգնականն դեռ իր երկիրն էր. որ եւ Վասակայ աղջիկը կին առաւ եւ աներոջ իշխանութիւնը սկսաւ նուաճել. Սիւնեաց Բաղք գաւառին կտրիճներն ոտք ելան, բայց բաւական չեղան դէմ կենալու այն բռնաւորին, որ քսան տարի ամիրապետաց տէրութիւնը սասանեցուց, եւ իրեն ետեւ ընկնողներէն 150, 000 մարդ ջարդեց. հոս այլ շատ կոտորածներ ընելով` տիրեց բուն Սիւնեաց տէրութեան. անկէ անցաւ (827) Սեւանայ ծովուն եզերքը իշխող Հայկազն Սիւնեաց երկիրը, հոս այլ 15, 500 մարդ կոտրեց, եւ տասն տարի այլ այս կողմերը եւ հարաւային Հայոց ամուր տեղուանքը ընկնալով` խալիփային խաւրած շատ զօրավարները ջարդով յետ դարձուց: Մեծ վարձք խոստացուած էր զինքը սպաննողին կամ բռնողին. որ տրուեցաւ քաջ Հայ-Աղուան երիտասարդ իշխանի մը, Սահլի Սմբատեան, որ նախ իր հայրենեաց` Աղուանից, այսինքն Արցախ եւ Ուտի նահանգաց Հայոց` ասպատակները ջնջեց, յետոյ ամիրապետին խաւրած Աւֆշին զօրավարին յորդորմամբ` Բաբանայ ետեւէն ընկաւ, վերջապէս բռնեց (837) այն զարհուրելի բռնաւորը, եւ առաւ վարձք 660, 000 ֆրանգի չափ: Այս այն կտրիճն է` զոր յետ իբր քսան տարւոյ ուրիշ մեծամեծ իշխանաց հետ Բուդա խաւրեց առ ամիրապետն ի Բաբելոն, ինչպէս քիչ մ՚առաջ յիշեցի:

Այս պատրազմերուս մէջ Սմբատ սպարապետն եւ իր որդին Աշոտ այլ մասն ունէ՞ին: - Մեր հիմայ ունեցած պատմիչքն չեն յիշեր, բայց այսչափ կ՚իմացընեն` որ Սմբատ ոչ միայն քաղաքական վարչութեան եւ շինութեան կրթեց իր անդրանիկը, այլ եւ սպարապետութեան, բանակաց առաջնորդելու, եւ հօրը յաջորդելէն առաջ այլ շատ քաջութիւններ ըրած ըլլալը` եւ զանոնք իր համշիրակին (Շապհոյ) ի գիր անցընելը` կու յիշէ ժամանակակիցն եւ ականատես Յովհաննէս կաթողիկոս. եւ հարկ է թէ գոնէ Բուղայի գալէն առաջ տասը տարին այնպիսի գործովք անցուցած ըլլայ թէ ի Հայս եւ թէ Կովկասու կողմերը. իսկ խաղաղութեան ատենն այլ շինութեանց պարապելով` ի հինն Երազգաւորս` որ եւ Շիրակաւան (Պաշ-Շէօրէկէլ). պալատէն զատ` Սմբատ մեծ եւ փառահեղ եկեղեցի մ՚այլ շինեց (838): Ամենափըրկիչ անուն, բարձրաբերձ գմբեթաւ, որ հիմայ կործանած է, բայց եկեղեցին իր չորս անսիւն կամարաց վրայ բարձրացեալ կեցած է, թէպէտ եւ այն այլ Սմբատէն երկու դար ետեւ նորոգեալ:

Է

Յետ երեսուն տարւոյ Սմբատայ սպարապետութեան եւ Աշոտոյ կենաց` հասաւ Հայոց մեծ ալէկոծութեան եւ վտանգի պարագայն, զոր առաջ յիշեցինք, Բագրատայ եւ Ապուսէթի դիպուածովք, որոց համար եկաւ Բուղա ի Հայս: Նախատես եւ նախահոգ սպարապետն իր իշխանակցաց պնդագլխութիւնը տեսնելով եւ չկարենալով զամենքը համոզել, ջանաց մնացածը եւ կրցածը ապահովել. եւ դեռ Սեւ զօրավարն (Բուղա) իր աշխարհէն չշարժած` Սմբատ իմանալով եղած պատրաստութիւնը, թէ անոր եւ թէ ամիրապետին` թղթով եւ ընծաներով իմացուց որ ինքն ապըստամբաց կողմը չէ, այլ օրինաւոր իշխանութեան հաւատարիմ. եւ այսպէս առաջին յաղթութիւն մ՚ըրաւ բռնաւորին դէմ, եւ Հայաստանի միջնաշխարհը ապահովցուց. զոր եւ ա'յլ աւելի հաստատեց` երբ Բուղա Ատտիղասայ պէս սպառնալեօք ելեր կու գար մեր աշխարհը: Այս անգամ Հայոց պահապան հրեշտակն` 30 ամեայ կայտառ եւ հզօր երիտասարդի մը կերպարանօք ելաւ անոր դիմաց, աչքը շլացուց, սիրտը շարժեց, խոստմունք առաւ որ հլու եղողին վնաս չհասցընէ, եւ այնպէս թողուց որ մտնէ ի Հայս: Այս հրեշտակս էր ինքն ԱՇՈՏ, հասակին եւ վայելչութեան եւ զինուորութեան ամենէն փայլուն եւ ծաղկած ատեն, անշուշտ Բուղա իրեն բաղդ այլ սեպեց որ այդպիսի անձ մը եւ անոր նման եղբարք եւ հայր` իրեն դիմակաց պիտի չըլլան: Աշոտոյ քաղաքական եւ ամենայն յիշատակեալ գործոց մէջ այս առաջին դիպուածն է. դիպուած բարեգուշակ, թէ եւ ինքն դեռ չէր տեսներ` այդ գործոյն եւ ատոր նմանեաց համար` նոյն գացած ճամբէն թագաւորական թագի մը ճամբայ ելնելն, որ հասաւ իր ճակտին` յետ 35 տարւոյ: Երրորդ անգամ ապահովեց Սմբատ հայրենիքը յետ իր հրեշտակին (իր որդւոյն) ինքնին ելնելով ընդ առաջ Բուղայի, երբ սա նուաճելով զհարաւային Հայս` մտաւ ի միջնաշխարհն եւ կու գար ի մայրաքաղաքն Դուին. «Սպարապետն Հայոց` իբրեւ գիտաց, կ՚ըսէ պատմիչն Թովմաս, թէ ոչինչ օգուտ բերէ արտաքոյ հրամանաց նորա լինել, փութացաւ եկն առ նա, եւ ընկալեալ ի նմանէ` բնակեաց ինքն եւ իւրքն` հանդերձ իւրաքանչիւր կալուածովք, առանց կասկածանաց»: Եւ միւս պատմիչն (Յովհ. կաթ. զմահ ի կեանս խառնեալ` սակս աշխարհին իւրոյ փրկութեան, գնայ ընդ առաջ նորա բազում ընծայիւք եւ պատարագօք. եւ առընկալեալ ի նմանէ պատուասիրաբար բազում իմաստութեամբ զսաղապ եւ զսնոտի միտս նորա յինքն հանգուցեալ վստահէ»: Բուղա ըստ խոստմանն հանգիստ թողուց զՍմբատ. բայց միայն տեղեկութիւն կ՚առնուր անկէ իր երթալու տեղերուն եւ անձանց վրայօք. եւ երբեմն հետը կու տանէր զնա, թէ ոչ պատերազմելու` գոնէ թշնամիները յորդորելու եւ հնազանդութիւն, կամ գործը շուտով վերջացընելու համար: Սմբատ այս դժուար եւ փափուկ առթին մէջ ըրաւ որչափ որ պարտք հայրենեաց եւ պարտք հպատակութեան միաբան պատուիրեն. եւ հաւանօրէն իր հեռացած ատեն` տեղը` թողած էր զԱշոտ. որ չյիշուիր այս ատեն ուրիշ տեղ, ինչպէս յիշուին իր հայրն եւ եղբայրն` Աղուանից պատերազմին ատեն: Հոս նորէն հարկաւոր կու սեպեմ դառնալ այն պատերազմին եւ յիշել ախորժելի դիպուած մ՚այլ: Երբ Բուղա չարաչար զարնուած յԱպումուսէէ` յուսահատեալ փակուեր էր վրանին մէջ, եւ տասն օր քովը մարդ չէր մօտեցըներ, միայն Սմբատ սպարապետն համարձակեցաւ ներս մտնելու եւ բռնաւոր ձեռքէն բռնելու, յիշեցընելով անոր որ պատերազմի մէջ յաղթուիլն չէ ամօթ, այլ վհատիլն: Բուղա թէ' անկէ թէ ամիրապետէն նոր հասած պատուէրքով եւ զօրքերովն քաջալերուած` ըրաւ այն մեծ յարձակմունքը Քթիշ լերան վրայ, թէ եւ չյաջողեցաւ: Այս միջոցիս կու յիշուի Աշոտոյ եղբայրն Մուշեղ, որ մօտ բլրի մը վրայ կեցած կու դիտէր այն ահաւոր պատերազմը. եւ երբ յանկարծ լսեց հազարաւոր փողոց եւ եղջերաց շռնչելն. եւ բազմաբիւր զօրաց արաբացի կոկորդաց աղխազուր աղաղակն, իբր 250, 000 սպսռազէն մարդկան եւ երիվարաց փայլմունքն, վազքն, վեր վար շարժիլն, երկու կողմանէ յուսադրաբար կամ յուսահատաբար կանչուըռտելն, վարէն վեր մեքենայով նետուած նետեր, տէգեր, գունտեր, պարսեր, վերէն վար սահած թափած քարեր, նետեր, նիզակներ եւ այն գրեթէ չբացատրելի խառնուրդը, զարնուածքը, անամպ երկնքի մը տակ սաստկաձայն որոտմունքը, եւ աննման հեղեղի մը եռալ զեռալը, խելքն գլխէն թռաւ, սոսկումն եւ յափշտակութիւն զինքն վերացուցին, կ՚ըսէ պատմիչն, մինչեւ յահաւոր հանդէս գալստեանն Քրիստոսի ի դատել զաշխարհ ի վախճան ժամանակի. եւ քանի որ միտքն այն յափշտակութեան եւ եռանդեան մէջ էր` աստուածարեալ մարգարէի կամ ներշնչեալ բանաստեղծի պէս` (ինչպէս որ արդէն վարժ էր բանահիւսութեան), սկսաւ յանպատրաստից ստեղծել երգել ոտանաւոր չափով հինգ տուն սրտառուչ երգ կամ շարական մը, որ կու սկսէր,

Անզազրելի ական սրտի նայեցող անձն իմ.

զոր, գիտեմ դու այլ Հայկակ, աւելի ախորժակով ուզես կարդալ, քան այն պատերազմին շշուկը լսել. - ո՜հ, ի՞նչ ըսեմ, թերեւս այս երգս այլ մեր կորուսեալ Շապուհ պատմչին հետ գտուի. հիմայ ուզեմք չուզեմք պէտք է գոհանալ այս մէկ տողով, այս փշրանքով, ինչպէս որ մեր ուրիշ շատ հին ցանկացեալ այլ հազիւ մէկ տողիկն մէկ փշրիկն ունիմք` մնացորդք ժամանակաց խառնակութեան, հնութեան կամ անհոգութեան: Բայց դու անցողաբար զայս այլ նշանէ', որ գրականութիւնն այս ատեն այս Բագրատունի տոհմին մէջ ծաղկած է եղեր եւ պահուած, հաւասար զինաշարժութեան:

Այն պատերազմին եւ Բուղայի գործոց վերջը ու դարձը` առաջ յիշեցի. հարկ է հիմայ ճամբել զնա` որ դառնամք յԱշոտ. բայց ցաւալի հարկ մ՚այլ կայ. պէտք է որ այն ճամբուն վրայ տեսնեմք նաեւ զհայրն Աշոտոյ, զհայրն Հայոց, զմեծոգին Սմբատ. որոյ մեծ արդիւնքն այլ յառաջ յիշեցի. ինքզինք զոհելով` հայրենիքը մեծ սպառնալիքէ եւ կոտորածէ ազատելն, այնպիսի ժանտ, եւ ըստ անուանն (Գարա-Բուղա), կատղած սեւ, ցլու մը եղջիւրներէ, որ եւ պատուէր տուաւ սպարապետին` որ տունը հոգայ, տեղն իր որդին Աշոտը դնէ իբրեւ տեղակալ, եւ գայ իրեն, որ երթան ամիրապետին` արժանաւոր վարձքն առնուլ: Սմբատ թերեւս կու գուշակէր ինչ վարձք ինչ վերջ ունենալը, բայց գոհ էր իր ըրած երախտեացն առ հայրենիս. գոհ էր իր տեղ իր ամենեւին նմանն եւ սիրելին թողլուն, քաղաքական կողմանէ հոգ չունէր` Աշոտոյ պէս խոհեմ եւ կտրիճ կորիւն մը դնելով իրեն փոխանորդ, ուզեց յապահովել հոգեւորն այլ, զոր միշտ կու մտածէր յԱստուծոյ եւ իր հայրերէն ժառանգած բարեպաշտութեամբը, զոր եւ ժառանգեցուց իր զաւակացն, ոչ պակաս քան զքաջութիւն եւ զփառս: Արդ որովհետեւ նոյն ատեն կաթուղիկոսն վախճանած էր եւ աթոռը պարապ մնացած աշխարհին շփոթութեան պատճառաւ, Սմբատ այն նեղ ժամանակին կարելւոյն չափ եկեղեցականները ժողովեց իր իշխանանիստ քաղաքաւանը, յԵրազգաւորս, եւ ատենին յարմար անձ մը չգտնելով անոնց մէջ` ընտրել տուաւ արժանաւոր աշխարհական կամ դեռ կարգ չառած անձ մը, որ էր Զաքարիա, Կոտայից գաւառին Ձագ գեղէն, որ է մօտ Երեւան քաղաքի, եւ հիմա Երանոս այլ կ՚ըսուի: Ինչուան այս ատեն պատմութիւնն բան չի յիշեր այս անձին վրայ, բայց գործն կու վկայէ որ ոչ միայն սրբութիւն վարուց ունէր, այլ եւ շնորհք տեսչութեան այն բարձր աստիճանին համար` յոր ամբարձաւ, նոյն օրը ձեռնադրուելով ի կիսասարկաւագութենէ մինչեւ ի կաթուղիկոսութիւն, եւ նստաւ յաթոռ Ս. Լուսաւորչին (854), իսկ գիտութեան այլ վկայ են իր գրուածքն` մեծ տօնից եւ աւագ շաբաթուան աւուրց վրայ, 15 ճառ, որչափ որ ինծի ծանօթ է. որոց մէջ բաց ի վարդապետական մեկնութեանց, ազգային աւանդութիւնք եւ տոմարական տեղեկութիւնք այլ կան: Սմբատ` աշխարհին հետ զինքն այլ յանձնեց նորընտիր հայրապետին աղօթից, եւ անշուշտ շատ սրտառուչեղաւ հրաժարականն` երբ մէկ կողմէն կաթուղիկոսն իր գաւազանն առած, մէկայլ կողմէն Աշոտ` հօրը սպարապետութեան սուրը առած, չուաբեր էին այս շուտ եւ անկարծական փոփոխութեանց վրայ, մինչդեռ նոյն անշփոթ շուտութեամբ զգաստ սպարապետն աւանդելով երկուքին այլ ինչ որ իրեն ամենէն ցանկալի էին ի հայրենիս, եւ ողջունելով զանոնք, վերջի՜ն ողջոյն, փութացաւ երթալու առ Բուղա, առ Ջափր, ի Բաբելոն եւ ի բանտ, եւ ոչ եւս դառնալու ի հայրենիս:

Ը

Ոչ միայն ցաւալի այլ եւ շատ զգուշալի եւ դժուարին էր Աշոտոյ վիճակն, Բուդա բոլորովին ազատ թողեր էր զնա, բայց Հայոց ոստիկան մ՚այլ եւ իբրեւ լրտես մը գրեր էր զԻպրահիմ, որուն հետ վարուելու թէ եւ բաւական խոհեմութիւն ունէր Աշոտ, բայց Պաղտատի լուրերն զինքը կու խռովէին, իշխանաց բանտարկութիւնն, իր հօրն այլ անոնց հետ, եւ հաւատքի ուրացութեան վախն: Իր մէկ սխալ կամ յանդուգն քայլն` կրնար հօրը կենաց վնաս հասցընել, մանաւանդ երբ ուրիշ իշխանք ուրացութեամբ յետ դարձան (857-8), եւ ոմանք հոն նահատակուեցան, եւ մնաց ի բանտի միայն Սմբատ, որուն գրեթէ ինքնիշխանութեան պատիւ խոստացած էր Բուղա խալիփային կողմանէ, իսկ սա` անոր հաւատարմութեան փոխարէն` Աստուծոյ` անհաւատարիմ ըլլալ կու պահանջէր ի Սմբատայ. եւ զի նա ճշմարիտ մեծահաւատ եւ մեծոգի էր, ոչ բռնաւորն կրնար յաղթել, ոչ Սմբատայ կապանքը կու քակուէին: Աշոտ որչափ ջանք եւ աղաչանք ըրաւ առ Ջափր, յայտնի չէ, բայց այնչափ հաւատարմութիւն ցըցուց, որ ոչ իրեն եւ ոչ հօրը վրայ կրցան կասկած ու մեղադրութիւն մ՚ընել. թէպէտ ինչպէս հօրն, այսպէս այլ իրեն երբեմն ծանր ծանր եւ անախորժ հարկեր կու դնէր այս հաւատարմութիւնս. եւ շատ հեղ ծանրութիւն տուողքն այլ` իր համազգիքն կ՚ըլլային, ապստամբութեամբ եւ անհնազանդութեամբ, պէտք էր կամ նուաճել զանոնք, կամ անոնց պէս ապստամբ եւ յանցաւոր երեւիլ, եւ անկէց այլ աւելի` մոռացող կարծուիլ հօրը կապանաց եւ բանտի: Այսպիսի առիթ մ՚եղաւ Գրիգոր Մամիկոնէից տէրն, որ ուրիշ գլխաւոր իշխանաց հետ գերուած եւ բանտարկուած էր ի Բաբելոն, բայց յաջողութիւն մը գտնելով` փախաւ անկէ եւ թշնամեաց միջէն անցնելով` եկաւ իր երկիրը, ի Բագրեւանդ, եւ անկէ այլ ամուր տեղ մը գտնելու պատրաստուած ատեն` յետ եօթն աւուրց մեռաւ: Ետեւէն ընկնող արաբացի ոստիկանն պատուիրեր էր Աշոտոյ` որ ուր այլ ըլլայ` երթայ բռնէ` զԳրիգոր. Աշոտ լսելով անոր մահը` գլուխը հանել տուաւ եւ գրկեց բռնաւորին, ըսելով որ փախչելու ատեն բռնուած է: Ոստիկանն ուրախացաւ, խալիփայն ի վարձ հաւատարմութեան Աշոտոյ իրեն պարգեւեց Գրիգորի երկիրը (Բագրեւանդ), եւ իբր 30, 000 ֆրանգ այլ վրան:

Ասոր նման դիպուած մ՚այլ եղաւ Արծրունեաց իշխանաց հակառակութեան պատճառաւ. ուր (ինչպէս առաջ յիշեցի) Գուրգէն իշխանն ազատօրէն կու տիրէր, բայց երբ դարձաւ միւս Գուրգէն եղբայրն Աշոտոյ` բուն տիրոջ Արծրունեաց, եւ ասոր որդին Գրիգոր Դերենիկ (858), մէջերնին շփոթութիւն ծագեցաւ, զոր եւ չաւելցընելու համար` առաջին Գուրգէնն թողուց իր երկիրը եւ Յունաց կողմը անցնիլ ուզեց. եկաւ ինչուան յԷրզիռում, որոյ արաբացին քաղաքապետքն Բշրի եւ Զըքերի` բռնեցին զնա եւ Աշոտոյ խաւրեցին. Աշոտ շատ դժարացաւ` այնպիսի կտրիճ եւ զգօն մարդ մը անարգ վրէժխնդրութեան մատնելու. բայց քանի որ հօրը կապանքն կու յիշէր` իր սիրտն աւելի կու կապկըպէր: Իրեն յանձնուածին կապն այլ չկրցաւ քակել, այլ յանձնեց Թիֆլիզի քաղաքապետին, որ այլազգի էր, նա փորձեց եւ չկրցաւ հաւանեցընել զԳուրգէն յուրացութիւն, ապա կապ կապի վրայ աւելցընելով` գրկեց զնա ի Բաբելոն, ուր նոյնպէս հաստատ մնալով իր հաւատոց վրայ` գրուեցաւ ի բանտ. բայց մէկ կամ երկու տարի վերջը յաջողութեամբ պրծաւ, դարձաւ իր երկիրը: Արծրունեաց պայազատն (որդին Աշոտոյ) Դերենիկ` որ դեռ 14 կամ 15 ամեայ պատանի մ՚էր, եւ իբրեւ հօրը տեղակալ կու նստէր խալիփային հրամանաւն, երբ իմացաւ Գուրգենի դառնալը` վախնալով որ չըլլայ թէ տիրէ երկրին, աւելի իր հասակակցաց լսելով քան խոհական խնամակալաց` յանկարծ վրան վազեց, բայց վռնտուեցաւ քաջ ու փորձ իշխանէն: Դարձեալ յանկարծակի արձակեցաւ Դերենիկ: Գուրգէն արդեն հիւանդ ըլլալով` ձիէն ընկնալով բռնուեցաւ, եւ բանտեցաւ Հադամակերտ, իշխանանիստ Արծրունեաց), բանտապանն քակեց եւ ազատեց զԳուրգէն, եւ գիշերանց բերաւ մտուց զնա Դերենկայ քնարան սենեակը. Գուրգէն արդէն վրէժխընդրութեան պատճառ կրնար ունենալ, որովհտեեւ Դերենկայ պապն սպաներ էր իր հայրը, սակայն իր սիրտն շատ մեծ էր` այսպէս գողաբար անխոհեմ տղայ մը սպաննելու համար, եւ մանաւանդ ազնուական տղայ մը` թէ եւ թշնամի, ո՜հ, բնութեան խաղաղութեանը մէջ միշտ տղայ միշտ զուարթուն է. Գուրգէն` թէպէտ եւ սուրբ անոր գլխուն վրայ վերուցեր էր, մէկայլ ձեռքն այլ ակրին եւ դանակին վրայ, սակայն չկրցաւ արցունքը բռնել` սիրոյ եւ ատելութեան կռուին մէջ, լալով կանչեց. «Դերենի'կ, որդեակ իմ Դերենիկ, մնա'ս բարով, այսուհետեւ համարձակ տիրէ երկրիս. ես կ՚երթամ ի Յունաստան»: Դերենիկ զարհուրած վեր ընկաւ, երազի պէս եւ երազէ ահաւոր տեսարանը տեսաւ, իր բանտեալը սուսերամերկ գլխուն վրայ կեցած. «Ո՜հ, հա՜յրս, խնայէ ինծի», կանչեց, եւ լեզուն բռնուեցաւ: Գուրգենի բաւական էր եղածն. արիւնէն աւելի էր արտասունքի վրէժն. նոյն արտասունքը չսրբած` փութացաւ ելաւ ծածկուեցաւ տեղ մը, ինչուան որ յարմար առիթ գտնէ փախչելու Յունաց երկիրը, ուր որ շատոնց միտք ունէր երթալ: - Բաւական չէ՞ր այս սրտառուչ, այս թատերական տեսարանս. հա՞րկ էր որ նոր դիպուածներ այլ նոր նոր տեսարաններ աւելցընեն: - Իր պահուըտած տեղն (Երանգանի գեղին) վանաց տէրտիրոջ քովն էր, որ հիւրադաւ տիրասիրութեամբ` մատնեց զնա առ Դերենիկ. եւ սա թերեւս աւելի վախով քան ատելութեամբ` նորէն ամուր տեղ մը պահել տուաւ զԳուրգէն, եւ պատուիրեց այլ նոր նեղութիւն չտան:

Այս ատեններս մերն Աշոտ զբաղած էր իրեն աւելի մօտ Հայոց, Վրաց եւ Աղուանից իշխանները հանդարտեցընելու եւ ամիրապետին հպատակ պահելու. այս դիպուածիս չկրցաւ հասնիլ յառաջ քան զկաթուղիկոսն Զաքարիա. որ երբ լսեց Գուրգենի մեծասրտութիւնն եւ Դերենկայ փոքրոգութիւնն` քանի մը եպիսկոպոս հետն առած եկաւ աղաչեց մանկահասակ իշխանորդւոյն` որ արձակէ իրեն կենաց խնայողը. պատանին այլ մէկէն հաւանեցաւ, արձակեց զԳուրգէն. մէկտեղ դաշինք դրին, եւ դարձուց անոր հայրենի ժառանգութիւնը, որ էր Մարդաստան գաւառը, Նախիջեւանի մօտերն, եւ սիրով բաժնուեցան: Գուրգէն այլ անկասկած ըլլալով ի Դերենկայ` սկսաւ վախնալ յԱշոտոյ. վասն զի իբրեւ ապստամբ յամիրապետաց մէկ մը բռնուած եւ անոր ձեռքը տըրուած, հիմայ որ նորէն փախչելով բանտէն եկեր էր իր տեղը, ի հարկէ աւելի յանցաւոր կու սեպուէր, եւ աւելի պարտք կար Աշոտոյ` անոր վրայ աչք ունենալու: Ասոր համար Գուրգէն հանգիստ չէր կենար տեղ մը, այլ աւելի Տարօնոյ կողմերը կու պտըտէր, ուր մայրենի ազգականներ ունէր. եւ հոն էր` երբ Աշոտ խաղաղցընելով զվերին Հայս` յանկարծ եկաւ այս կողմերս, Վանայ գաւառը. Դերենիկ վախնալով դիմացն ելաւ. Աշոտ քիչ մ՚աւելի խրատել կամ վախցընել ուզելով, հրամմեց որ արգիլած պահեն զնա Վանայ բերդը, ուր ինքն այլ եկաւ: Գուրգէն հոս այլ առաքինի մեծանձնութիւն մը բանեցուց` իր մերձաւորին վրայ, բայց թերեւս ուրիշ կիրք մ՚այլ ընդդէմ Աշոտոյ. 400 կտրիճ ժողովեց եւ յանկարծակի շտապով եկաւ ոչ հեռու ի Վանայ` Նարեկայ մօտերը Նորգիւղ ըսուած գեղը. եւ դեսպան խաւրեց Աշոտոյ միտքը իմանալու, եւ իմացընելու որ եթէ զԴերենիկ պատժել եւ գերի տանիլ ուզէր` ինքն անոր ազատութեան համար պիտի պատերազմէր, (միտքը դրեր էր գիշերանց Աշոտոյ վրայ ընկնիլ). իսկ եթէ խրատելու համար էր ըրածն, ասոր ապահովագոյն ճամբայ մը կ՚երեւի կ՚ըսէր, եթէ հաճիս, քեզի փեսայացընել զԴերենիկ, որ հաւատարիմ եւ հնազանդ մնայ իբրեւ հօր: Աշոտոյ միտքն այլ այս էր. սիրով հնազանդեցընել զպատանին, որ նոր կարգուած էր, բայց նոր այլ այրի մնացած իր մատղաշ հարսէն: Այս առթով երեք իշխանքն այլ աւելի բարեկամացան: Աշոտ առաւ զԴերենիկ հետը տարաւ ի Բագարան` աւանն Շիրակայ, եւ հոն իր զաւկին պէս պահելով զնա ատեն մը, յետոյ մեծահանդէս հարսանիք ըրաւ, եւ իր սիրուն Սոփի դստրիկը պսակեց անոր հետ (862). ուսկից ծնան երեք անուանի իշխանքն Աշոտ–Սարգիս, Խաչիկ-Գագիկ եւ Գուրգէն. որոցմէ Գագիկ Արծրունեաց առաջին թագաւոր եղաւ եւ իր ցեղին ամենէն մեծագործ եւ հռչակաւոր անձն:

Այս ատեններս Դերենկայ հայրն` Աշոտ տէրն Արծրունեաց այլ դարձաւ, եւ իր իշխանութիւնը ժառանգեց. նոյնպէս իր երկրին խոստովանող եպիսկոպոսն այլ Յովհաննէս, եւ անոր ընկերն Գրիգոր քահանայն, եւ ուրիշ իշխանք այլ դարձան. միայն Արծրունեաց որդեսէր մայրն, տիկին Հռիփսիմէ` Բաբելոնի արգելանաց եւ տաք օդուն չդիմանալով` մեռաւ, եւ հոն օտարութեան մէջ թաղուեցաւ: Նոյնպէս այլ մեր Աշոտոյ հայրն` բազմերախտն Սմբատ, իշխանակցաց դառնալէն ետեւ` ինքն որ ամենուն առաջնորդն էր` ամենէն վերջին եղաւ, եւ ամենէն աւելի նեղութեամբ բանտի մէջ մնաց: Շատ հեղ հրապոյր լսեց, միշտ արհամարհեց, եւ ուրիշներուն աշխարհական երջանկութիւնը տեսնելով անտրտունջ, անկէ ետեւ միայն իրեն անանց երջանկութեանը կը փափագէր, որ եւ չուշացաւ. տասն ամիս նեղութենէ ետեւ` վախճանեցաւ աքսորանաց եւ արգելանաց մէջ, եւ թաղուեցաւ Դանիէլի մարգարէի անուամբ ճանչցուած գերեզմանատեղին. թողլով հայրենեաց պատմութեան մէջ պատուելի անուն մը, եկեղեցւոյ մէջ աւելի պատուելի Խոստովանող անունը եւ յիշատակն ընդ արդարոց, զոր Հայադիր նշանակէ ի 25 մեհեկի (3 մարտի):

Աշոտ երկրի վրայ տխուր բայց յերկինս ուրախ բաղդ գտաւ, ունենալու նախ հայր մը, եւ յետոյ (55 տարի վերջը) որդի մը Խոստովանող կոչուած, եւ երկուքն այլ համանուն Սմբատ. ետքինն իր պապուն միայն համբերութեամբ երկարած խոս­տովանութիւնը` արեամբն այլ կատարեց ու կնքեց. ինքն այլ սրբազան նահա­տա­կաց կարգն անցնելով, (Յայսմաւուրաց) Հայադրին մէջ ահեկի ինն (ապրիլի 15) բռնեց. իսկ ինքն Աշոտ այլ թէ ոչ ատենական խոստովանութեամբ` այլ յայտ­նի բարեպաշտ կենաց եւ մահուանն համար` արժանի սեպուեցաւ հօրը եւ որդ­ւոյն հաւասարելու եկեղեցւոյ մէջ փառօք, որով` քան զնոսա գերազանցեց յերկրի:

Թ

Սմբատայ ապերախտ կալանապետն Բուղա` իրմէ ապերախտէն պատիժն առաւ. նոյն ինքն Ջափը խալիփայն խաւրեց զնա իբրեւ կուսակալ եւ Խորասան եւ գաղտ պատուէր տուաւ ու սպաննեցին, իսկ ինքն ամենայն չարեաց առիթն այլ, ինչպէս առաջ յիշեցինք, իր որդիէն սպանուեցաւ (861). այս հայրասպանն այլ` (Մոսդանսէր) խղճէն տանջուած քանի մը ամսէ ետեւ մեռաւ, տեղն անցաւ (862) իր հօրեղբօր որդին Մոսդային-Պիլլահ, որ իբրեւ փոխարէն Սմբատայ անպարտ մահուան եւ Աշոտոյ զրկանաց, անուանեց զսա իշխան իշխանաց, ոչ միայն Հայոց, այլ եւ Վրաց եւ Աղուանից, թէ եւ սա արդէն իբրեւ անոնց վերակացու եւ նախիշխան ճանչցուած էր` իր հօրը պանդխտութեան տարիէն սկսեալ, եւ այս տարիս (855) կու նշանակուի ի տարէգիրս սկիյբն իր իշխանու­թեան եւ Բագրատունեաց պայազատութեան որ եւ նշանական հանդիպմամբ (Քրիստոսի ծննդեան ստոյգ տարին հաշուելով) Արշակունեաց թագաւորութեան սկսանելուն հազարամեակն էր, իսկ այն թագաւորութեան վերջանալէն ետեւ ի 428 թուին Քրիստոսի` նոյնպէս 428 տարի էր: Բայց այս պատւոյս հասանելուն բուն առիթն էր Աշոտոյ խոհեմութեամբ եւ աչալրջու­թեամբ կառավարութիւնն. հաւատարմութեամբ` ոստիկանաց եւ ամիրապետին վստահութիւնը շահեր էր, յորդորանօք եւ առատաձեռնութեամբ` ազգային իշխանաց սիրտը. հասարակաց բարին դիտելով` անձնական զրկմունք կամ արհամարհանք բանի տեղ չդնելն` զինքն այլ աւելի սիրելի ըրին. զոր եւ ականատեսն Յովհ. կաթուղիկոս այսպէս կու բացատրէ. «Յորժամ փոխանակ Սմբատայ հօր իւրոյ պայազատէր զսպարապետութիւն Հայոց, գրեթէ ամենեցուն քան զնա նախագունիցն վեհագոյն ճանաչիւր. վասն զի ընկալեալ զմեծարանս` ի բաց արհամարհէր զանարգանս, եւ միշտ ի հրահանգս բարւոյ կրթութեան զինքն վարժէր, եւ բարի ազդումն իւրոյ ոգւոյն տայր. ընդ ամենեսեան սէր սերտ, եւ ոչ ի հակառակութիւնս ինչ կամ ի կռիւս ընդ թշնամիսն մաքառեալ, քան թէ բարեզգեաց բանիւք եւ բաի օճանաւ` զնոսա ածել յուղղութիւն եւ ի կամս իւր. իսկ զպայքարանս սնոտի շահուց վնաս իւր վարկեալ` եւ առատաձեռն առ ամենեսեան գտեալ, յինքն զբազմաց միտս յանգուցանէր սիրալիր սրտիւ. որպէս զի յայսմ սակի ամենեքեան իսկ նմա հաճեալ հաւանեալ էին եւ ամենեքեան դաշինս ընդ նմա դնէին, որպէս արդարեւ ընդ թագաւորական զարմի»: Խալիփային դռնէն Աշոտոյ իշխանութեան զգեստը տուաւ (862) Ալի–իպն-Եահեա Էլ-Էրմանի կոչուած ոստիկանն, որ բուն Արզնի եւ Նփրկերտոյ կուսակալ էր, եւ կու պատրաստուէր երթալ ընդդէմ Յունաց. ինչպէս գնաց այլ` եւ պատերազմի մէջ մեռաւ:

Իշխանապետութեան հետ Աշոտոյ յանձնեցաւ աւելի ծանր եւ հոգալի պաշտօն մը, որ ինչուան այն ատեն քրիստոնէից չէր տրուած. այս ինքն է Հայաստանի հարկահանութիւնն. հարկերը ժողովել եւ խալիփային դուռը խաւրել, կամ յանձնել ի ձեռս ոստիկանի մը` որ դեռ կու նստէր ի Դուին, իբրեւ երեսփոխան եւ վերադիտող մը ամիրապետին կողմանէ, առանց խառնուելու ներքին կառավարութեան: Ի՞նչ եւ ո՞րչափ էր Հայոց հարկն. մեր պատմիչք որոշակի կ՚ըսեն 60, 000 դահեկան (ոսկի), որ է իբր 750, 000 ֆր. բայց ասիկայ Ա. Սմբատայ` Աշոտոյ որդւոյն ատենին համար է, երբ Վասպուրական եւ ուրիշ մեծ նահանգներ պարտուեր էին իրմէ, եւ իր ամփոփ իշխանութեան տուրքն էր այդ, իսկ անկէ առաջ, Արաբացի պատմիչ մը կու յիշէ որ թէ' Բագրատունեաց իշխանութեան (Շիրակայ, ) թէ Վասպուրականի, թէ Սիւնեաց, եւ թէ արաբացի ամիրայից իշխած երկիրներուն, որ են Կարին, Դուին, Արճէշ, Խլաթ, Խարզան, Պէրզէնտ (?), որ մէկ անուամբ Հայաստան կոչուէին, միագումար հարկն էր իբրեւ 2, 500, 000 ֆրանգ. ասկէ զատ էր Տարօնոյ երկրին հարկն 60, 000 կամ աւելի, Արզնի եւ Մուֆապղնի հարկն` որ Հայաստանի եւ Տարօնոյ հարկէն աւելի էր, Ամդայ հարկն` որ Հայաստանի հարկին կիսուն չափ էր . Եփրատայ կողմերուն հարկն այլ զատ կու յիշուի. եւ բոլորի մէկէն գումարն 10 միլիոն ֆրանգի կու մօտենայ: Արաբացի պատմիչն կամ վիճակագիրն այս եւ ուրիշ յիշեալ աշխարհաց մէջ միայն բուն Հայաստանին համար կ՚ըսէ թէ այս աշխարհս կամ վիճակս արծաթով կու վճարէ հարկը. արծաթ ըսելով զուտ արծա՞թ կ՚իմանայ, թէ ստակ (ոսկի եւ արծաթ). - կարծեմ առաջինն. վասն զի այս ժամանակէն դար մը առաջ Հայաստանի մէջ առատ եւ զուտ արծաթահանք գտնուած էին, խալիփայից տիրած ատեն, հաւանական է որ այն արծաթէն կու տրուէր հարկը, գոնէ ատեն մը: - Հարկին չափը հարկահաաց եւ տնտեսաբանից թողլով, արծաթաքանհն այլ երկրաբանից քննութեանն, դառնանք յիշխանապետն Հայոց:

Աշոտ բարձրագոյն պատուոյ հասնելով` իր առաջին իշխանութիւնը, այսինքն սպարապետութիւնը` տուաւ իրմէ վերջը եղող եղբօրը, որ էր Աբաս, «այր քաջ, անձնեայ եւ թիկնաւէտ, առոյգանձն եւ գեղեցիկ հասակաւ, կորովի եւ յաջողակ ի պատերազմունս. որ եւ աջակցեալ իսկ եղբօր իւրում Աշոտոյ` զամենեսեան հնազանդէր ընդ լծով ծառայութեան. ի բազում կողմանս բազում անգամ արութիւն ցուցեալ, եւ հռչակաւոր եւ հոյակապ ի մէջ բազմաց երեւեալ»: Սպարապետութիւնն ինչպէս արդեամբ` այսպէս եւ պատուով առաջինն էր ի Հայս այն ատեն` յետ նախիշխանին. իսկ երբ իշխանապետն թագաւոր եղաւ` իր եւ սպարապետին մէջ նոր պատիւ կամ աթոռ մ՚եղաւ իշխանաց իշխան. ասկէ զատ եւ վար կարծուի Տէրանց-տէր պատիւ եւ աթոռն. իսկ քիչ ատեն վերջ` ասոնցմէ այլ վեր եւ անմիջապէս թագաւորէն ետեւ դրուեցաւ Երկրորդ - արքայի պատիւն, որ երբեմն թագաւորին ժառանգն կ՚ըլլար, երբեմն մեծ երկրի մը նահապետն. - ուրիշ մեծ պատիւ եւ աթոռ մ՚այլ հաստատեցաւ Մարզպան Հայոց կոչմամբ, որուն իշխանութիւնն կամ պաշտօնն շատ որոշ չի նշանակուիր. (յայտնի է որ Սասանեաց տիրապետութեան ատենի մարզպանաց նման չէր, վասն զի անոք հիմակուան ոստիկանաց պաշտօնը կու վարէին, եւ իբրեւ միանգամայն իշխանապետ եւ հարկահան էին. գուցէ Բագրատունեաց մարզպանն` հարկաժողովն ըլլայ, կամ սահմանապահն): Այս պատիւներէս ոմանք, եւ ուրիշ շատեր այլ, Ա. Սմբատայ ատեն որոշուեցան, եւ ոմանք անկէ ետքը. իսկ իր հօրը Աշոտոյ կարճ թագաւորութեան ատեն` ոմանք միայն, ուսկից անշուշտ իր որդւոցն այլ մասն հաներ էր:

Եւ էին (յիշեալ) որդիքն Աշոտոյ` Սմբատ Ա, իր յաջորդ թագաւորն, Դաւիթ, Սահակ, Շապուհ. իսկ ի դստերացն յիշուին, մէկ մը` կինն Գուարամայ իշխանորդւոյն Վրաց. երկրորդ, նախագրեալն Սոփի` տիկին Արծրունեաց, երրորդ Մարիամ` Սիւնեաց տիկին, կին Վասակայ` որ մականուամբ կամ փաղաքշական կոչմամբ Գաբուռ կ՚ըսուէր. զոր եւ Աշոտ երբ իշխանապետութեան հասաւ` հաւանութեամբ ամիրապետին հաստատեց ի տէրութեան հայրենեացն. կամ որոշ ըսելով Սեւանայ ծովուն բոլորտիքը եղած Գեղամայ գաւառներուն. վասն զի բուն հարաւային Սիւնիք (որոյ գլխաւոր գաւառքն էին Վայոց ձոր եւ Բաղք) զատ եւ աւելի մեծապատիւ իշխան մ՚ունէին, որ եւ բուն Սիւնեաց տէր կամ գահերէց իշխան կ՚ըսուէր. եւ այս ատեն իշխողն այլ Վասակ մ՚էր, Իշխանիկ մականուանեալ. մէկայլքն` Սիսականք կ՚անուանէին իբրեւ սերունդք Սիսակայ եւ թոռանց Հայկայ, եւս եւ Հայկազնիք. Արաբացիք Սիսէճան կոչեն զասոնք, իսկ զբուն Սիւնիս` իրենց գլխաւոր գաւառին Վայոց ձոր անունը ծռելով` Վայզօր կոչեն: Այս ատենուան եւ քանի մը յաջորդ դարուց պատմութիւնը եւ անձինքը որոշելու համար` հարկաւոր է այս զանազանութիւնը գիտնալ, եւ մանաւանդ մականունները որոշել. զոր երանի' թէ պատմիչք այլ միշտ անուանց քով նշանակած ըլլային, վասն զի անուանակից իշխանք շատ կան, ինչպէս այս երկու մեծ Վասակ իշխանքս. որոց մէկն փեսայ Աշոտոյ, միւսն այլ թէ եւ ոչ խնամի, այլ նոյնպէս կու պատուէր եւ կու պատկառէր յիշխանապետէն. «յաւէտ իմաստութեամբ եւ հեզահամբոյր հանդարտութեամբ եւ հաւանութեամբ մեծաւ հնազանդէր Աշոտոյ իշխանին իշխանաց, եւ խրատու նորա զունկն մատուցանէր խնամով, իբրեւ զօրէնս միշտ ի սրտի իւրում պահելով, եւ ի ձեռն այնորիկ յաւէտ իմն ընդարձակագոյն զտուն տէրութեան իւրոյ յարդարէր ի բոլոր բարեմասն լրութիւնս. եւ կայր բազում խաղաղութեամբ ըստ ամենայն հանդիսի «բարեպաշտութեան»: - Իսկ Գաբուռն Վասակ փեսայն Աշոտոյ` կարճօրեայ մեռաւ, չորս կտրիճ թողլով, Գրիգոր Սուփան` իր յաջորդը, Աշոտ, Սահակ եւ Վասիլ կամ Վասակ. որք միշտ պապերնուն հնազանդ եղան, եւ մօրերնուն վրայ մեծ սէր եւ խնամք ցուցին` Յուսփայ հալածանաց ատեն. բարեպաշտութեամբ եւ շինութեամբ այլ անուանի եղան, ինչպէս իրենց մայրն այլ Մարիամ:

* Աշոտոյ իշխանապետութեան տարին հեռաւոր աշխարհի մը մէջ այլ իշխանապետ մը անուանեցաւ, եւ նոր տէրութիւն մը կանգնեց, որ հազարամեայ տեւողութեամբ եւ տարածութեամբ հասաւ Աշոտոյ տիրած տեղերուն այլ տիրեց. Րիւրիկ Վարեկացին Շուետի եզերքներէն եկաւ Պալգիկ ծովուն արեւելեան կողմը, ուր դարերէ վեր բնակէին Սլաւեանք. որք նեղեալ ի ֆինեան ազգաց` յօգնութիւն կանչեցին զնա. Րիւրիկ եկաւ այս ատենս (862) Նովկորոտի քով, եւ յետոյ ի նոյն իսկ ի քաղաքն դրաւ իր իշխանապետութեան աթոռը. եւ այսպէս եղաւ սկիզբն յայնածաւալ ու մեծազօր տէրութեան Ռուսաց, որ եւ յետ հազարամեայ կենացն դեռ երիտասարդութեան ուժոյ մէջ կ՚երեւի. մինչդեռ իր ծնած կամ ձեւացած ատեն` Աշոտոյ ազգն արդէն ծերացեալ էր. Րիւրիկայ ժողովուրդն երկրիս ծայրերէն կու մօտենայ ի կենդրոնն, իր հարաւագոյն երկիրն հիմա գրեթէ Հայաստանն է. Աշոտոյ ժողովուրդն իր կենդրոնական կողմերէն կու սփռի ինչուան Նովկորոտէն անդին, եւ' իր հիւսիսագոյն գաղթականքն գտնուին ի մայրաքաղաքին Ռուսաց Բեդերպուրկ):

Ժ

Իշխանապետութեան առաջին տարին` Աշոտ իր աթոռանիստ Շիրակաւանին քով զօրահանդէս մ՚ըրաւ իրեններովն եւ հանդերձ իրեն հաւան եւ հլու իշխանաց եւ ազնուականաց զօրօք, իսկ անհաւան հիւսիսայնոց (կովկասեանց) դէմ` կու պատրաստուէր յարձակելու: Մինչ դեռ հոս բանակած էր, Կ. Պօլսոյ բռնացեալ պատրիարքին` Փոտայ նուիրակն եկաւ, թուղթ մը տուաւ առ իշխանապետն, եւ ընծայ` մասն ի սուրբ խաչափայտէն Քրիստոսի. զոր մեծ հաճութեամբ եւ հաւատով ընդունեցաւ Աշոտ, իբրեւ պսակ իր բարձրացեալ գլխոյն, յառաջ քան զթագն թագաւորական, եւ միշտ հետը տանէր ուր որ երթար: Այս թղթով յորդորէր Փոտ զԱշոտ` ընդհանրական եկեղեցւոյ հետ միութիւնը անկասկած հաստատել` չորրորդ տիեզերական ժողովն ընդունելով. որոյ համար Զաքարիայ կաթուղիկոսին այլ առաջուց գրեր էր, եւ ըստ խնդրոյ նորա խաւրեր Նիկիոյ մետրապօլիտը` Վահան կամ Յովհան, իբրեւ իրեն երեսփոխան. որպէս զի բերան ի բերան խօսելով` այս Հայոց եւ Յունաց մէջ հակառակութեան խնդիրը լաւ պարզէ եւ իմացընէ. ինքն այլ իր թղթին մէջ կու յիշէր այն ժողովքին համար եղածներն ի Հայս եւ ի Յոյնս: Իշխանապետն եւ կաթուղիկոսն հրամայեցին ժողովք ընել եկեղեցականաց եւ իշխանաց ի Շիրակաւան. որոց հետ գտնուեցաւ եւ մեծանուն ասորի սարկաւագապետն Նանա, որ երբեմն ի խնդրոյ Բագարատայ իշխանապետի գրեր էր Յովհաննու աւետարանի մեկնութիւն մը` Ս. Հարց ասորերէն գրած կամ թարգմանուած գրքերէն հաւաքելով, եւ յետոյ արաբերէն թարգմանելով. վասն զի անշուշտ այս լեզուն ծանօթ եւ ընտանի էր Բագարատայ, որոյ գերութեան եւ բանտարկութեան ատեն` Նանա այլ բանտեցաւ ի Ջափրայ, եւ յետ խոստովանական համբերութեան եւ նեղութեանց` ազատեցաւ. իսկ իր գիրքն ընկաւ Սմբատայ (սպարապետին) ձեռքը, որ եւ հայերէն թարգմանել տուաւ. յետոյ մերս Աշոտ այս գիրքը թողուց իր բարեպաշտ դստեր Մարեմայ` տիկնոջ Սիւնեաց, որ նորէն թարգմանել կամ հայերէն շարադրութիւնը կոկել տուաւ. որով մեր այս Թ. դարու մատենագրութեանց կարգն անցաւ. եւ թէ' այս բանիւս համար հարկ սեպեցի յիշել հոս, թէ' ատենին եւ ժողովքին անձինքը լաւ ճանչնալու:

Արաբացւոց բռնակալութեան ատեն գրեթէ դար ու կէս միջոց ժամանակի` Հայաստան նշանաւոր եկեղեցական ժողով մը չէր եղած. յետ ժողովոյ Յովհաննու Օձնեցւոյն (722-4) այս առաջինն էր (862), ուր Վահանայ մետրապօլտին խոհական, երկար եւ պարզ մեկնաբանութիւնքն, Աշոտոյ եւ Զաքարիայի ուղղասէր եւ խաղաղասէր ոգիքն` միաբանելով, ժողովն այլ հաւանեցաւ եւ ընդունեցաւ Փոտայ առաջարկութիւնը. որով Հայք աւելի մեծարեցան ի կայսերաց, եւս առաւել իրենց իշխանութեան ներքեւ եղողք: Բայց գտուեցան եւ անհաւատք, ինչպէս Սահակ Մռուտ, որ եւ Ապիկուրէշ մականուանեալ, եպիսկոպոս Տայոց յԱշունք, որ Յունաց ձեռքն էր այն ատեն, անկէ հալածուած եկաւ Աշոտոյ քով, իբրեւ ժողովին պատճառը քննելու համար. եւ անոր հակառակ մտօք թուղթ մը գրեց առ Փոտ, իբրեւ ի դիմաց Աշոտոյ, ինչպէս կ՚ըսեն իրեն համախոհքն, եւ ինչպէս կու կարդան այն ինքնակամ թղթին օրինակաց մէջ, որուն թերեւս միայն սկիզբն Աշոտոյ գրածն կամ գրել տուածն ըլլայ. «Քահանայապետի զգօնացելոյ, պարկեշտի եւ առաքինասիրի որ ի Քրիստոս վարուք, Փոտ վերադիտող մեծ քաղաքիդ Նոր Հռոմայ պատրիարգ. Աշոտ իշխանաց իշխան Հայոց Մեծաց: Զգիր հանճարեղ խոհականութեանդ ձերոյ, ո'վ աստուածարեալդ, ընթերցայ, եւ յոյժ ուրախութեամբ բարեբանեցի զերկնաւորն զՔրիստոս, զփրկիչն մեր եւ զկեցուցիչ, յաւէտ կենդանութեամբ զսրբութիւնդ ձեր տեսանելով պաշտպանեալ. այլ եւ զնախնականդ առ միմեանս զսիրոյն կապակցութիւնս, զորս ներբողական բանիւ յիշատակեալ էին: Շնորհ բազում ունիմ եւ կալայց Սրբութեանդ», եւ այլն: Աշոտոյ հարազատ նամակ մը կայ առ Փոտ համառօտ, յորում շնորհական կ՚ըլլայ ղրկած խաչափայտին մասին համար, եւ առ կայսրն հաւատարիմ ըլլալուն վրայ, առ որ յորդորեր էր Փոտ, թէ եւ ասոր թղթին մէջ այս նիւթիս վրայօք ուրիշ բան չեմք գտներ բայց այս խօսքս. «Նախ յԱստուծոյ` պահպանական շնորհիւն ամրացեալ ի թշնամեաց, եւ յորոգայթից պահպանեալ պատահմանցն, զկնի եւ յորթոդոսաց` սուրբ թագաւորացն, զերկաքանչիւրսն ժառանգելով, զայժմուս եւ զհանդերձեալսն… Առաքեցաք քաջատոհմութեան եւ մեծանձնութեանդ քո` յիշատակ օրհնութեան ի պաշտպանեալ պատուական խաչէս»:

Իմ գտած Աշոտոյ պատասխանն եւ նամակն այս է. «Յաւէտ հեշտութեամբ ընկալայ, ով պատուական գլուխ եւ հայր սուրբ, զառ ի քէն գրեալսդ. անխախտելի կալ մնալ մեզ ի սպասաւորական հնազանդութեան սուրբ եւ աստուածապարգեւ թագաւորութեանդ, ըստ աստուածային գրութեանցն` որ մեզ աւանդեցաւ. յորմէ ոչ երբէք խոտորեալ, քան եթէ միշտ ի նոյն խոկալով հնազանդութեան եւ սպասաւորութեան խորհուրդս, ցանկ սպասելով ազդեցեալ ինչ ի մեզ հրամանի ինքնակալ թագաւորութեանդ, զորս անսայթաք եւ առանց հեղգալոյ զփոյթ յօժարութեանն արդիւնաւորիմք, խորհրդովեւ երկիւղիւ, վերնական շնորհացն ազդեցութեամբ: Այլ եւ զքոյդ պատուական սիրելութիւնդ` անընդմիջաբար ի խորհուրդս իմ յաւէտաբար կրեմ զսիրոյն կապակցութիւն, ըստ արժանաւոր քոյդ մեծութեան, եւ պարկեշտ եւ նազելի եւ մաքուր վարուց, ըստ որում հայցեմ ի նուիրական եւ մշտահայց յընդունակ քո աղօթս եւ զմեզ յիշատակել, հայցելով յապէնիազն Աստուծոյ, զի եւ ի մեզ կանխեսցէ զառատապարգեւ շնորհացն իւրոց զողորմութիւն: Եւ խաղաղութիւնն Աստուծոյ վերահովանասցի ձերում սրբութեանդ, պահպանելով անվրդով յամենայնի զքոյդ արժանաւոր եւ պարկեշտ գլխաւորութիւնդ: Օրհնութեանս` զոր առաքեալ էք յաստուածընկալ եւ յամենայաղթ նշանէդ, խոնարհ երկրպագութիւն մատուցի, եւ շնորհակալութիւն, յաւէտ միւս եւս վայելչական ողջունիս»:

Այս վերջի խօսքս կ՚իմացընէ որ խաչափայտէն զատ վայելուչ ողջոյն մ՚այլ խաւրեր էր Փոտ, որ թերեւս շնորհաւորութիւն ըլլայ Աշոտոյ իշխանապետութեան համար:

Այսչափ բաւական սեպէ հիմայ, Հայկակ, այս խնդրոյս եւ դիպուածոյս վրայ եւ եթէ աւելի ուզես, հարցուր մեր նոր պատմահոր (Չամչեան), որ եւ կու յիշէ այդ թղթագիր Սահակայ եւ Աշոտոյ անուամբ հարցմունք եւ պատասխանիք, ի հարկէ նոյնպիսի խնդրոց վրայ, բայց շինծու եւ ետքէն կարկըտած: Իսկ ես յիշեմ տաղ մը ի Յարութիւն Քրիստոսի, որոյ սկիզբն է:

 

Աւետեօք ձայնեալ զուարթնոյն ըզյարութիւն խաչեցելոյն,

Շուրջ պատեալ ըզվիմովն եւ զկափարիչ գերեզմանովն.

Ուր սուրբ կտաւքըն խուճապեալ, եւ վարչամակն աղաղկէր,

Տէր յարեաւ. պատմեն զայս ամենայն տիեզերոց:

 

Ինչպես կու տեսնես հողագլուխ տառքն կապեն Աշոտ, եւ շարունակելով բոլոր տաղն կապէ, Աշոտ թագաւորաց թագաւոր Սահակե. կրնայ կարծուիլ թէ այս Մռուտ Սահակս երգած ըլլայ Աշոտոյ թագաւորած ատեն եւ շողոքորթութեամբ թագաւորաց թագաւոր անուանած, բայց գուցէ անծանօթ Սահակ մ՚այլ ըլլայ` անոր թոռն ժամանակ` Աշոտոյ Երկաթի) որ Շահնշահ ըսուեցաւ, այսինքն թագաւորաց թագաւոր, որովհետեւ իր ատեն (30 տարի յետ Մեծին Աշոտոյ) ուրիշ ազգակից եւ սահմանակից թագաւորք այլ բուսան: Փոտ ինչպէս Աշոտոյ` այսպէս Զաքարիայի այլ պատճառ եղաւ թղթակցութեան եւ Յունաց մօտենալու. կաթուղիկոսն ուրիշ եկեղեցական խնդիրներ այլ ըրաւ Վահան մետրապօլտին հետ, եւ նոր ու հին տեղեկութիւններըխառնեց իր գրած ճառերուն մէջ:             

ԺԱ

Ժողովքին յաջորդ տարին (863) մեծ բնական դիպուած մը պատահեցաւ ի Հայս, որ թէ իշխանապետին եւ թէ քահանայապետին գութը եւ խնամքը շարժեց: Այս դարուս (Թ) գրեթէ բոլոր վերջին կիսուն ստէպ երկրաշարժեր եղան արեւելք, Կ. Պօլսէն սկսեալ ինչուան ի Հնդկաստան, մեծ վնասներով, շատ անգամ այլ հանդիպեցաւ ի Հայաստան, որուն լեռներն եւ հրաբղխի կազմուածքն գետնաժաժի ահեղ թատր կ՚ըլլան, այս միջոցիս մասնաւոր թատր եւ ողբական թատր եղաւ Դուին քաղաքն իր սահմաններով: Այս քաղաքս յետ մահուան մեծին Տրդատայ, ի կէս Դ. դարու, կանգնեցաւ Հայոց հին մայրաքաղաին` Արտաշատայ քով, տափակ բլրի մը վրայ, որ կ՚երեւի թէ մարած հրաբղխի կատսայ մ՚է. 500 տարիէ ի վեր էր որ Հայաստանի առաջին քաղաք կու ճանաչուէր, եւ յետ մեր վերջին Արշակունի թագաւորաց` աթոռ եղաւ Պարսիկ մարզպանաց եւ յետոյ արաբացի ոստիկանաց, եւ այնպէս էր դեռ այս յիշած ատենս այլ, եւ անկէ այլ ետեւ գրեթէ դար մը եւ աւելի այլազգեաց ձեռքն մնաց: Մեծ մայրաքաղաքի մը շատ յատկութիւններ ունէր, բազմամարդութիւն, հարստութիւն, շինութիւն, շռայլութիւն, եւ այլն. անոր համար պատմիչք ժամա­նա­կին` եղած վտանգը քաղաքացւոց մեղաց պատուհաս կու սեպեն, որոց մէջ թէ քրիս­տոնեայք թէ այլազգիք շատւոր էին. եւ յիրաւի զարմանալի է որ այս ատենս, (30 տարուան միջոց) երեք մեծ ժաժ կու յիշեն պատմիչք, երեքն այլ ի Դուին հանդիպած, մէկմէկէ սաստիկ եւ ահեղ, առաջինն եղաւ այս թուիս (863) մեծ պահոց մէջ, եւ շատ չէնք փլան քաղքին ամէն կողմն այլ, հանդերձ մասամբ պարսպաց քաղաքին, եւ որ աւելի կսկծալին է 12, 000 հոգի փլատակաց տակ կորաւ. մնացեալ բազմութիւնն սարսափած տուներէն փախան, եւ ուրիշ ծածք չգտնողք` հրապարակ եւ բաց տեղեր կենային, եղանակն այլ դեռ ձմեռ ըլլալով, եւ սաստիկ ձմեռ, շատերն ցրտէն վնասուեցան, ինչուան ոմանք սառելով կամ ձեռքերնին եւ ոտուընին կորսնցնելով: Աւելի վախ տուողն այլ ժաժին նոր սպառնալիքն էր, վասն զի երեք ամիս ատեն ատեն կ՚երերար գետինն: Ասոր համար Զաքարիա կաթուղիկոս աղօթք հրատարակեց հաւատացելոց, ինքնին աղօ­թա­կանաց գլուխ կենալով, եւ իր բարեպաշտութեան պտուղ սեպուեցաւ սա­սա­նութեան դադրիլն: Բայց չորս հինգ տարի ետեւ (867-8) նորէն ժաժ եղաւ եւ գրեթէ ամբողջ տարի մը քշեց, երբեմն աւելի երբեմն պակաս վնաս ընելով. սակայն բոլոր կորուստն մէկ տեղ բերելով սոսկալի թիւ մը կու նշանակէ պատմիչ մը, 120, 000 ոգի փլատակաց եւ պատառմանց մէջ փճացած, եթէ գրչաց մէջ սխալ չկայ, որ բացարձակ կու գրեն. «Խորասուզեաց յանդունդս իբրեւ երկոտասան բիւր մարդկան, ահա խոտոյ նմանութիւն առի մարդ»: - Բայց ասկէ ահեղ եւ մեծ սեպուած է 25 տարի ետեւ հանդիպածն (893) Աշոտոյ մահուանէն քանի մը տարի վերջը. վասն զի յանկարծակի եւ գիշեր ատեն եղաւ, եւ այնպէս սաստիկ` որ քաղաքին մեծ մասն կործանեցաւ եւ 70, 000 ոգի մէկ ցնցմամբ ընկան անկանգնելի. որ ոչ միայն մարմնաւոր կենաց` այլ եւ հոգւոց մահուան մեծ վախ տուաւ. վասն զի շատերն շփոթելով կարծէին թէ Աստուծոյ նախախնամութիւնն բոլորովին հեռացեր է անոնցմէ, որոնց սիրտը եւ հոգին բժշկելու` միայն հնարաւոր գըտուեցաւ Սեւան կղզւոյ վանահայր մեծ եւ գիտնական ճգնաւորն Մաշտոց, որ այն ատեն ի Հայաստան առաջին անունն էր սրբութեամբ եւ կրօնասիրութեամբ եւ ամենուն ծանօթ, որով եւ յաթոռ կաթուղիկոսութեան հրաւիրեցաւ (897): Թէ ժամանակիս ամենէն նշանաւոր անձանց մէկն ըլլալուն, եւ թէ Աշոտոյ հետ այլ ծանօթութիւն ունենալուն` հարկաւոր եւ ախորժելի է հիմայ թողուլ զԴուին կիսաւեր կիսականգուն, եւ Սեւանայ մեծաւորը նկատել:

Մաշտոց, որոյ մկրտութեան անունն թուի Ստեփանոս, Աշոտէն իբրեւ 14 տարի վերջ յաշխարհ եկած է (833-4) քահանայական ազնիւ ցեղէ մը, յԵղիվարդ գեօղ Այրարատայ, Արայի լերա ստորոտը. ուր առաջին տարիներն անցուց իր հօր` Գրիգոր քահանային խնամոց եւ զգաստութեան տակ. որ եւ այն ատենի բռնաբարոյ ոստիկանաց նեղութենէն զզուած, թողուց հայրենիքը եւ եկաւ Գեղամայ ծովուն հարաւակողմը Սոթք գաւառին մէջ բնակեցաւ, եւ բարեպաշտութեամբ կու կրթէր զաւակները. որոնցմէ զՄաշտոց` երբ չափահաս եղաւ` դրաւ ի կրթութիւն եւ ի կարգ քահանայութեան ի վանքն Մաքենոց, որ Գեղամայ եւ Սոթից գաւառին միջոց ծովուն մօտ` սարատափ տեղ մը շինուած է, եւ հիմայ Գզըլ - գիլիսէ կ՚ըսուի. իսկ այն ատեն այն կողմերուն, եւ թերեւս բոլոր Հայոց վանքերուն մէջ նախապատիւ էր, իր միանձանց խստակրօն վարուք եւ գիտնականութեամբ. որոց պատճառ եղած էր իմաստուն հայրն Սողոմոն, դար մը եւ աւելի առաջ: Այս վանքս որ քանի մը Սողոմոններու մենարան, Ստեփանոս Սիւնեցւոյն վարժարան, Վահանայ Գողթնացւոյն օթեւան եղած էր, Մաշտոց այլ մազարան եղաւ. թէպէտ եւ քիչ առաջ Բաբանայ բռնութեամբ աւրուած էր. եւ միանձունքն ցրուըտած, բայց Աշոտոյ փեսայն` Վասակ` նորէն նորոգել տուեր էր (յամի 851), եւ կրօնաւորքն ժողովեր էին, որոց հիմակուան ատենս առաջնորդն էր Ստեփանոս անուամբ մէկն. որ դաստիարակեց զՄաշտոց, եւ քահանայ ձեռնադրել տուաւ Սիւնեաց եպիսկոպոսին (Դաւթի): Մաշտոց հոգեւոր եւ գրաւոր կրթութեամբ հոն կատարուելով, եւ աւելի առանձնական ձգնական կենաց փափագելով, թողուց արդէն բաւական խստակրօն (Մաքենոցաց) վանքը, եւ Արտաւազդայ - ապարանք ըսուած տեղը անապատասուն ճգնաւորաց մէջ գնաց: Քիչ ատենէն անկէ այլ ելաւ, եւ եկաւ` այն տարին յորում Աշոտ իշխանապետութեան հասաւ (862), ինքն այլ մտաւ ի Սեւան, յամայի եւ միայնակ կղզին Գեղամայ ծովուն. եւ քան զնա զարմանալի տիրութիւն կամ հասարակութիւն մը հաստատեց, որ եւ յետ վերցուելու Աշոտոյ տէրութեան եւ ցեղին, եւ յետ հազար տարւոյ` դեռ ինչուան հիմայ այլ կու դիմանայ: Այս հասարակութիւնս էր խստակրօն ճգնաւորաց միաբանութիւն մը. վանք մը, որ թէ եւ այս հազարամեկիս մէջ միշտ չմնաց առաջին փայլման մէջ, ի սրբութեան եւ ի գիտնականութեան միաբանից, եւ զանազան դիպուածներէ անցաւ, ի վերայ այսր ամենայնի գրեթէ ամենէն հին մնացած եւ բնակած վանքն է մեր աշխարհին մէջ, ի բաց առեալ քանի մը մեծ ուխտատեղի եւ եպիսկոպոսական աթոռներ (ինչպէս յերկիրն Մշոյ):

Լեռներով շրջապատուած եւ ընդարձակ ծովակի մը մէջ մէկ հատիկ կղզի մը, որ իր բնագիր բարձրութեամբն (մեծ ծովուն երեսէն 6000 ոտքէն աւելի վեր ըլլալով) տարւոյն քանի մը ամիսը բոլորովին սառած սպիտակ անապատ կու դառնայ: Ի՜նչ յարմար առանձնութեան եւ մտածութեան տեղ. թերեւս աւելի այլ կ՚ըլլար, եթէ կղզին քիչ մ՚այլ աւելի ծովակին մէջտեղուանքն ըլլար. բայց անոր մէկ ծայրն է ցամաքին մոտ. այնչափ ո բարձր կանչելով` ձայնն կու հասնի եւ կու լսուի. բայց ով որ աղաղակ չիսիրեր, նա եւ ոչ կու լսէ: Մեր աշխարհին ամեն մեծ ծովակներն այլ այսպէս մենացեալկղզեվանքեր ունին, որք հին եւ հեթանոսութեան ատեն այլ չաստուածոց նուիրեալ տեղիք էին, եւ երբեմն նաեւ ամուր եւ ապաստանի տեղ կամ բերդ: Այսպէս էր եւ Սեւան, ուր կ՚աւանդեն, թէ Ս. Լուսաւորիչն կործանելով կռոց մեհեանը, եւ տեղւոյն լռութիւնը տեսնելով` ըսած ըլլայ: Այս է վան, այսինքն վանքի յարմար տեղ, եւ անկէ ելած ըլլայ Սեւան անունն. բայց պէտք է որ անկէ հին ըլլայ այդ անունդ: Մեհենին տեղ Լուսաւորիչ պտի մատուռ մը շինեց, կ՚ըսեն, յանուն Ս. Յարութեան, որոյ եւ կործանած պատերուն մնացորդն կարծուի թէ ինչուան հիմայ կ՚երեւի. իսկ ուրիշ հին շինուածոց մնացորդքն այլ ջրին տակ երբեմն կ՚երեւին. ըսել է որ ջուրն բարձրացեր է. եւ կարծուին մնացորդք այն ամրոցին` ուր Ը դարու մէջ քանի մը հեղ ամրացան Հայք Արաբացւոց ասպատակութեան ատեն, բայց վերջապէս Արաբացիք մտան հոն եւ աւերեցին. թէպէտ եւ անկէ վերջն այլ շատ հեղ նոյնպէս ամրութեան եւ ապաւինի տեղ եղաւ կղզին: Իսկ Մաշտոցի հոն քաշուած ատեն` անշէն եւ երեսէ թողած տեղ մը կ՚երեւի, Սիսական իշխանաց տէրութեան տակ: Իրեն ուզածն այլ այսպիսի ամայի մոռացեալ տեղ մ՚էր, ուր ձմեռուան սառամանեաց եւ գարնան սքանչելի ծաղկազարդութեան մէջ` տասն տարիէ աւելի միայնակ Աստուծոյ հետ կենակցէր: Բայց անկարելի եղաւ մարդկանց ծանօթութենէն եւ մեծարանքէն ազատիլ, շնորհալի վարքն, խօսքն, գիտութիւնն` իր անունը հռչակեցին. այն կողմերուն տիկինն` նախայիշեալն Մարիամ, դուստր մեր Աշոտոյ, ծովուն եզերքը նորաշէն եկեղեցեօք կու զարդարէր, եւ կ՚ըսեն թէ իր վաղամեռ ընկերն` Վասակ` կտակաւ պատուիրեր էր իրեն որ 40 եկեղեցի շինէ իր հոգւոյն յիշատակին, հիմայ բարեպաշտ տիկինն լսելով Մաշտոցի համբաւը եւ Սեւանայ միայնութիւնը, ուզեց երկուքն այլ տեսնել եւ հօն այլ եկեղեցի շինել: Մաշտոց` այն տեղը ճգնաւորանոց սեպելով` չէր հաւանիր որ կին մարդ մտնէ. բայց յետոյ, կ՚ըսեն, տեսիլք տեսնելով եւ Աստուծոյ կամքն իմանալով` թոյլ տուաւ, որ գայ Մարիամ եւ ընտրէ տեղ, ու երկու եկեղեցին շինել տայ, մէկն յանուն ԺԲ Առաքելոց, մէկայլն Ս. Աստուածածնի, երկուքն այլ կանգնած յամի 874 որք յետոյ ատեն ատեն նորոգուելով դեռ նոյն դիրքով եւ մեծութեամբ կանգուն եւ շէն են, եւ Հայաստանի հին եկեղեցեաց մէջ յիշուին: Կղզւոյն արեւելակողմը` քարոտ եւ դժուարին, միանգամայն եւ ցամաքէն ամենէն հեռու տեղը` երկու քարուկիր խցիկներ կան, որ Մաշտոցներ կ՚ըսուին, եւ Մաշտոցի առանձին ճգնարանքն ճանաչուին, ուր թողլով արդ զինքը իր աշակերտօքն քանի մը տարի վերջը նորէն դառնանք բարեւելու Աշոտոյ հետ. հիմայ պէտք է ասոր հետ ըլլալ:

ԺԲ

Ժաժին տարին` կամ եղած շփոթութիւնը իրեն օգնական առնելով, կամ իր երկրին աւերածըուրիշ երկրի աւարով լեցընել ուզելով: Ջահապ` Սեւադայի որդին (զոր Աշոտոյ պապուն ատեն յիշեցի) որ Դունայ կողմերուն կ՚իշխէր, յանկարծ զօրքերը ժողովեց, Աշոտոյ բուն տիրութեան եւ ժառանգութեան մէջ մտաւ, Արշարունեաց կամ Երասխաձոր գաւառը. եւ այս գետոյս հարաւային կողմը անցնելով` բանակեցաւ: Աշոտ իր նոր սպարապետին, (որ էր իր երիտասարդ եղբայրն Աբաս) յանձնեց բոլոր իր ձեռքին տակ եղած զօրքը: Աբաս ժողովելով իրեններն այլ, գումարեց 40, 000 կտրիճ եւ շատ արիւն տեսած զօրք, զորոնք պատրաստելով Կաղզուանայ քովերը, Ջահապայ չկարծած ատեն վրան հասաւ, եւ անոր բոլոր բանակը ցիրուցան ըրաւ, ոմանք որի տակ ընկան, ոմանք ջրին մէջ` գետէն անցնելու աճապարելով, քիչերն կրցան փախչիլ, որոնց մէջ Ջահապ այլ 16 մարդով հազիւ կրցաւ ազատիլ եւ ամօթով դառնալ: Իր բանակած եւ յաղթուած տեղն ի յիշատակ 40, 000 զօրացն Հայոց` Քառասունք կոչուեցաւ. Կաղզուանէն քիչ հեռու, բայց Երասխայ մէկայլ (հիւսիսային) կողմը հիմայ կու նշանակուի Քէռս անուն գեղ մը, թուի թէ նոյնն է, անոնն քիչ մը կարճըցած. իսկ գետն` որ այն տեղուանք ընթացքը շատ փոխած է, կ՚երեւի թէ հազար տարուան շարժմամբ քիչ մ՚այլ աւելի դէպ ի հարաւ իջեր է. բայց ուրիշ տեղ մ՚այլ կու նշանակուի դէպ յարեւելք եւ գետեզերքը Քարակուն անուամբ. այս երկուքէն ո՞րն է Աբասայ յաղթութեան տեղն. - երբ յայն կողմերը յայց ելլենք, ջանանք ստուգելու:

Աշոտ այս դիպուածին մէջ ամիրապետէն նկատելու ամենեւին հոգ չունէր, որովհետեւ Ջահապ ոչ ամիրապետին կամօք տիրեր էր, եւ ոչ այլ իրաւունք մ՚ունէր, ուրեմն այս գործով ոչ միայն իր իրաւունքը եւ ազգը պաշտպանեց, այլ եւ ուժը բաւական ցըցուց շրջակայ ամիրայից եւ ազգաց այլ, որք երկար ատեն հանդարտ եւ սմքած կեցան, իրենց այլ դիմացինին այլ չափը ճանաչելով:

Տասն տարւո չափ պատմութիւնն նոր դէպք մը չի յիշեր. յայտնի է որ խաղաղութեան տարիներ էին (863-873), Աշոտոյ քաջութեան եւ խոհեմութեան պտուղ. միանգամայն եւ աշխարհաշինութեան տարիներ. թէ ինքն Աշոտ, թէ եղբարքն եւ թէ փեսայքն` այս միջոցիս շատ շէնքեր շինեցին եւ նորոգեցին: Ժամանակն դարձեալ անոնցմէ շատը ջնջեց, մանաւանդ քաղաքական շինուածները, իսկ եկեղեցեաց մէկ մասն դեռ կեցած է, քիչ կամ շատ խախտած եւ նորոգուած, եւ ասկէ հազար տարի առաջ հայկական ճարտարապետութեան օրինակ մը կրնայ ըլլալ:

Այս խաղաղութեան եւ շինութեան միջոց կաթուղիկոսն այլ իրեն վայելուչ շինութիւններ եւ կարգաւորութիւններն ըրաւ. ինքն այլ քահանայապետական իշ­խա­նութիւնը պայծառացուց եւ պատկառելի ըրաւ այլազգեաց անգամ. այնպէս որ երբ այցելութեան գնաց առ իսէ որդի Շէխեայ (873), (որ ամիրապետէն կողմ­նա­կալ զրկուած էր Ասորւոց կողմերու ինչուան ի Պաղեստին, միանգամայն եւ Հայոց այլ վերատեսուչ), ոստիկանն յետ մեծարանօք ընդունելու զԶաքարիա` երթալու ատեն իր հանդիսի դրոշներէն (ալամ) մէկն ընծայ տուաւ, եւ իշխա­նու­թիւն այլ` որ վրան խաչ կանգնէ եւ միշտ իր առջեւէն տանի ուր որ երթայ հանդիսիւ: Այսպիսի բան գուցէ իրմէ առաջ եղած չէր: Նոյն մարդասիրութիւնը ցըցուց Աշոտոյ այլ, մանաւանդ թէ իբրեւ ընկեր գործակից առաւ զանիկա:

Այս ատեններս Վասպուրականի մէջ նորէն շփոթութիւն ծագեցաւ: Աշոտ տէրն Արծրունեաց` իր որդւոյն Դերենկան ըրածին պէս ուզեց դարձեալ զրկել զԳուրգէն (որոյ վրայ երկար խօսեցայ), անոր Անձաւացեաց երկրէն. թէ ոչ բոլորը` գոնէ զկէսը կ՚ուզէր առնուլ եւ իր որդւոյն տալ. յանկարծ զօրօք կոխեց Գուրգենայ երկիրը, եւ պատգամ խաւրեց որ եթէ չուզեր պատերազմ` թողու երկ­րին կէսը: Գուրգէն անիրաւութեան դէմ իրաւամբ պատասխան տուաւ. Զիս իմ հայրենի երկրէս դուրս հանեցիք, Աստուած ինծի ուրիշ տեղ մը տուաւ, զա՞յս այլ կ՚ուզէք յափշտակել. միթէ միայն դո՞ւք պիտի տիրէք երկրի: Աստուած այս բանիս դատաստանը պիտի տեսնէ: Եւ առանց ատեն կորցընելու` իր եղբօրորդւոյն (Գրիգորի) ձեռքը քանի մը հարիւր կտրիճներու գունդ մը տուաւ. զոր իմանալով Աշոտ` արհամարհեց եւ անհոգ կեցաւ. բայց անոնք գիշերանց ընկան Արծրունեաց բանակին վրայ եւ շփոթելով ցրուեցին, հանդերձ անոնց իշխանաւն. որ այս ամօթալի փախըստեան փոխարէն, կամ վրէժը պահանջելու համար` 5, 000 հեծեալ ժողովեց իր եւ շրջակայ երկիրներէն, մեր իշխանապետին որդին Սահակն այլ գլուխ զօրաց դրաւ, (որ կ՚երեւի թէ իր քրոջ եւ քեռառն քով էր նոյն ատեն). ասոնք ելան գացին պաշարեցին Կանգուար բերդը, ուր ամրացեր էր Գուրգէն, եւ երկու ամիս աշխատելով` բան չկրցան ընել: Սահակ` իր հօրը խաղաղասէր ոգին բանեցուց, թերեւս անկէ պատուէր այլ առնըլով, եւ միջնորդ եղաւ խաղաղութեան, զօրքերը արձակեցին, Գուրգէն եւ Աշոտ արծրունի եկան զիրար տեսնելու, հաշտութեան ուխտ դրին եւ սիրով բաժնուեցան:

Արծրունին այս գործը թողլով` ուրիշի մը ձեռք զարկաւ, որ թէ եւ աւելի իրաւացի` այլ նոյնպէս դժուար եւ անյաջող: Վանայ երկրին հիւսիսակողմն կայ երկրին Ամկոյ, որ Վասպուրականի գաւառ մ՚էր, բայց հարիւր տարիէ աւելի էր որ արաբացի ցեղ մը Ութմանիկ կամ Էօթմէնիկ ըսուած կու տիրէր անոր, եւ այս ատենս անիրաւութեամբ` Աշոտոյ գլխաւոր իշխաններէն մէկը սպաններ էր (Ռոստոմ Վարաժնունի). որոյ արեան վրէժը պահանջելու եւ իր հին հայրենեաց ժառանգութիւնը ամբողջացընելու համար` Աշոտ եւ իր որդին Դերենիկ, (երկուքն այլ տաքգլուխ) եկան պաշարեցին Ամկոյ բերդը, որ ամրութեամբ շատ անուանի եւ անառիկ ճանաչուէր, այնպէս այլ մնաց հիմայ: Հոն բան չկարենալով տեսնել, եկան Արծրունիք Վարագ լերան կողմերը ամրոցներուն տիրելու, քանի մ՚առին, մէկն այլ պաշարեցին, եւ մոտ էին առնելու, երբ յանկարծ մեծազօր թըշնամի մի հասաւ վրանին` 15, 000 սպառազէն ձիաւորք, մեծ կողմնակալն Յիսէ, հանդերձ Մանազկերտի այլազգի իշխանին զօրքերով, զորս յօգնութիւն կանչեր էին Ութմանիկք: Արծրունեաց տէրն եւ որդին իրենց սովորական յանդգնութեամբ` բերդին պաշարումը թողլով, 2, 000 ձիաւորով 12, 000 աց զէմ ելան. խոհեմ իշխան մը` Վահան` ցուցընելով այտնի վտանգը կու խրատէր զԱշոտ որ յետ քաշուի. եւ հազիւ կրցաւ նոյն իսկ Յիսէի իշխանաց մէկուն հետ միաբանած` խօսք հասկըցընել Աշոտոյ եւ յետ դարձընել. Յիսէ եկաւ մտաւ ի Վան ուր Դերենիկ` Աշոտոյ որդին, եւ Գագիկ` Վահանայ որդին, աղաչաւոր եկան առ կողմնակալն, պատանդ տուին, խոստացան հարկերն այլ տալու, եւ խաղաղութեամբ դարձուցին զՅիսէ: - Այս դիպուածէս քիչ վերջը մեռաւ Աշոտ (874) եւ տեղն անցաւ իր գործակից որդին Գր. Դերենիկ` մեծին Աշոտոյ փեսայն:

ԺԳ

Իսկ Յիսէ կողմնակալն այս կողմերէն ելնելով գնաց Հայ-Աղուանից երկիրը, ի Պարտաւ մայրաքաղաքն, որ Դոնայ պէս արաբացի ոստիկանի մը աթոռ էր. հոն իբրեւ իրեն փոխանորդ թողցուց Եմէնցի Արաբ մը Մուհամմէտ Էպիւլվէտ անուն, զոր պատմիչք մեր անունեն Եմեմիկ կամ Համանիկ Մահմէդ որդի Ապլվիտայ կամ Ապլվիստոյ: Սա Յիսէի հեռանալէն ետեւ տեղացի իշխանաց հետ միաբանելով` գլուխ քաշեց զինքը հաստատողէն. Յիսէ իմաց տուաւ մեր իշխանապետին, եւ միաբան եկան ապստամբին վրայ ու պաշարեցին Պարտաւ քաղաքը. ժամանակն յարմար չըլլալով յետ դարձան, եւ նորէն եկան. եւ թէպէտ 13 ամիս այն կողմերը կեցան, բայց չկրցան առնուլ քաղաքը: Յիսէ կու փութար իր տեղը եւ իր գործոցը դառնալու. Աշոտ այլ պարզ անոր օգնելու եւ ամիրապետին հաւատարիմ երեւելու համար եկած էր, քան թէ ինքնակամ Պարտաւայ բռնաւորին հետ կռուելու, սակայն այս բանս բաւական առիթ եղաւ իր անոր մէջ թշնամութիւն ձգելու: Արդ երբ Յիսէ բոլորովին հեռացաւ. Եմէնիկն համարձակութիւն գտաւ վրէժը պահանջելու. երես երեսի գալ, զօրքով Աշոտոյ դէմ ելնել չէր համարձակեր. աւելի անաշխատ եւ ստիպողական կերպ մը գտաւ զԱշոտ իր ձեռքին տակ ձգելու, եթէ Աշոտ այլ իրմէ աւելի խորագէտ եւ հնարագէտ չըլլար:

Մուհամմէտ թուղթ թղթի վրայ դեսպան դեսպանի վրայ կու խաւրէր Հայոց իշխանաց` որ զինքն ընդունին իրենց երկրին ոստիկան, շատ դիւրութիւններ խոստանալով. անոնք Աշոտոյ հետ միաբան` իմանալով խորամանկութիւնը` իրմէ առաջ մարդ խաւրեցին առ ամիրապետն, եւ ոստիկան խնդրեցին զԱհմատ Իպն Խալէտ (Ահմաթ որդի Հալթի, կամ Համադա` ըստ պատմչաց մերոց) որ առաջ այլ քիչ մ՚ատեն Բուղայի երթալէն վերջը ոստիկան եղած էր ի Հայս (856): Ամիրապետն հաւանեցաւ Հայոց խնդրոյն. Ահմատ փութացաւ իր հին աթոռը. եւ երբ Ասորեստանէն մտաւ ի Դատուան (մօտ ի Բաղէշ) որ շատոնց արաբացի իշխողաց աթոռ մ՚եղած էր, բոլոր մերձակայ երկիրներու իշխանքն ընդ առաջ եկան, որոց մէջ էր Գր. Դերենիկ Արծրունեաց տէրն, Աշոտ կիւրապաղատ (որդին Բագարատայ) տէր Տարօնոյ: Մեր իշխանապետն այլ իր կողմանէ խաւրեց իր Շապուհ եղբայրը. ամենքն այլ ընծաներէն զատ, հետերնին զօրք այլ առած էին, որ հանդիսով տանին նստեցընեն զնա ի Դուին: Ասոնց հետ եկեր էր նաեւ Մանազկերտի կողմերուն իշխող արաբացին Էպիւլ Ֆէրս (Ապլբառ), եւ ուրիշ այլազգի իշխանք: Եմէնիկին կողմանէ այլ մարդ կամ թուղթ կար, որ իր ոխը չմոռանալով գրգռեց բոլոր կրօնակիցները եւ զնոյն ինքն Ահմատ` Հայերը բոլորովին նուաճելու: Նորընտիր ոստիկանն ապերախտութեամբ հաւանեցաւ բանսարկուներուն, եւ գրեց առ Եմէնիկն` որ զօրք պատրաստէ եւ իբրեւ իրեն թշնամի ձեւացած գայ ի Հայաստան, երբ ինքն Հայոց իշխանները ի Դուին ժողովէ` հարկերը պահանջելու համար. եւ այսպէս երկու կողմէն զանոնք մէջ փակելով` ուզածնին ընեն: Զգաստն Աշոտ որ Եմէնիկին ինչ ոգւոյ եւ կրից տէր ըլլալը լաւ գիտէր, եւ այն այլազգեաց հաւատարմութեան չափն այլ, ամեն գլխաւոր ճամբու անցքերու վրայ ծածուկ լրտեսներ դրեր էր. եւ թէպէտ իր թշնամիքն այլ ծածուկ հնարքներ կու բանեցընէին, եւ նամակները չկարծուած բաներու մէջ կարելով կու խաւրէին, բայց իր աչալուրջ լրտեսներէն ամենքն այլ չազատեցան. թուղթ եւ թղթատար բռնուեցան: Աշոտ առանց ձայնձնելու` թղթատարները յարգելան դրաւ, թղթերն այլ քովը պահեց. եւ ոստիկանին քով եղած իշխանաց իմացուց որ զգուշանան. անոնք այլ մէկիկ մէկին զօրքերնին հեռացուցին փախան, իրենց տեղը դարձան: Ահմատայ յուղարկաւոր չգտնուեցաւ` բաց Էպիւլ Ֆէրսի զօրագնդէն, որոնմով կորագլուխ եկաւ մտաւ ի Դուին: Իշխանապետն այլ ընծաներով գնաց ի պատիւ անոր, միանգամայն եւ ի փորձել. եւ իմացաւ որ Եմէնիկէն աւելի լցուեր է նա ոխով, եւ մեծ մեծ կու բրդէ. առ ժամ մը լռեց Աշոտ իբրեւ չիմանալով միտքը, ինչուան որ ապերախտին սպառնալիքն սկսան աւելի յայտնի ըլլալ: Այն ատեն ինքն այլ անվախ եւ տիրաբար հրամմեց դատել զնա, որ իբրեւ վերակացու էր եկեր Հայոց, եւ խարդախ դաւաճանող կ՚ըլլար:

Հանդիսական օր մը երբ առաւօտուն Ահմատ հանդիսի իջած իշխանական վրանին տակ գոռոզացեալ կեցեր էր մեծամեծոց շնորհակալութիւնը ընդունելու, եւ անհամբեր կու սպասէր Հայոց իշխանաց իշխանին այցելութեանը, յանկարծ տեսաւ որ անոր եղբայրն է ներս մտնողն, Աբաս սպարապետն. եւ յիրաւի սպարապետի յանդգնութեամբ, սպառազինութեամբ, կայտառ եւ ահարկու կերպարանօք. որուն անսովոր եւ զինեալ այցելութեան վրայ զարմացած` բարկանալու ատեն չմնաց. վասն զի իմացուեցաւ որ դուրսն այլ զինուորաց պատրաստութիւն կայ. ականջներն ցցուեցան, լսեց զինուց եւ վահանաց շկահիւնը, ձիոց ոտնաձայնը եւ խրխինջը, վախն առաւ սիրտը, եւ գրեթէ մեքենաբար երկընցուց ձեռքը առ Աբաս` որ թուղթ մը կուտար իրեն: Ի՞նչ ցուրտ զարմանք, ի՞նչ գունաթափութիւն, ի՞նչ գող եկաւ վրան, երբոր տեսաւ իր իսկ մատնութեան թուղթը` զոր գրեր էր առ Եմէնիկն` ընդդէմ Հայոց: Աշուըներն մթընցան, դողդըղալով կարծէր թէ Աբաս թուղթը թողլով` թուրը պիտի իջեցընէ չարանիւթ գլխուն վրայ: Բայց սպարապետն անոր ձեռքէն քաշելով, եւ մահուան վախէն վստահացընելով` հանեց վրանէն դուրս, ուր ջորի մը պատրաստուած էր. հեծցուց վրան, եւ ցուցընելով հարաւային ճամբան, Գնա, ըսաւ, գլուխդ քեզի պարգեւ, բայց մէկ մ՚այլ մի' դառնար: Ջորին սկսաւ հալածական տանիլ իր տիրոջ անհաւատարիմը եւ մեր հայրենեաց դաւաճանը, մինչդեռ նա իբրեւ երազէ երազ, ափշութենէ ափշութիւն, վախէ վախ կու տեսնէր` որ իր հետ բերած զօրաց գունդն այլ` զինաթափ եղած ի զօրացն Հայոց` մերկ տկլոր միայն իրենց բերած բաներովը եւ ձիերովը դէպ ի Մանազկերտ ճամբայ կու գրուէին, ուսկից որ եկեր էին: Իսկ զինքը Ահմատ դէպ ի Վասպուրական դարձուցին, ուր աշխոյժն Շապուհ` իշխանապետին որդին` պահապան գնդով մը քշելով նա տարաւ մինչեւ ի սահմանածայրն Հայաստանի, եւ Ասորեստանի անապատը հանելով` դարձաւ առ հայրն: - Ահմատայ գալուն եւ երթալուն տարին որոշ նշանակուած չեն, բայց կ՚երեւին յամս 877-880:

ԺԴ

Այս դիպուածէն քիչ մ՚առաջ` մեր այս պատմական թատերէն նշանաւոր անձ մը պակսեցաւ. ի վերջ 875 տարւոյ Զաքարիա կաթուղիկոսն վախճանեցաւ, իր հայրապետութեան քսան երկրորդ տարին, աստիճանին յարմար վարքով եւ փառքով եւ իրեն տեղ ընտրեցաւ ի սկիզբն յաջորդ տարւոյն (876 յանուարի 13ին) Գէորգ Բ. արժանաւոր անձն, ծնընդեամբ ի Գառնի գիւղաքաղաքէ, որ եւ իր երկու նախորդաց չափ (Յովհաննու Ե, եւ Զաքարիայի) 22 տարի քահանայապետեց, եւ անոնց պէս արթնութեամբ աշխատեցաւ թէ եկեղեցւոյն վրայ, եւ թէ աշխարհին քաղաքական հանդարտութեանը, օգնելով Աշոտոյ եւ միջնորդ ըլլալով իշխանաց հաշտութեան: Ժամանակն եւ պաշտօնն իրեն այլ բերին վշտալի եւ սեւ օրեր. ինչպէս, ոմանց իշխանաց եւ եկեղեցականաց հակառակութիւնք_ - Ափշնի ասպատակութիւնն ի Հայս որոյ ձեռք ընկաւ ինքն այլ, - Դունայ ետքին մեծ ժամն, եւ ամենէն առաջ մեծ մահտարաժամ մը(876), զոր յիշող ժամանակագիրն (Ասողիկ) կ՚ըսէ, «մահն ահագին համաշխարհական», եւ ուրիշ տեղեկութիւն չիտար: Բայց ունեցաւ այլ պայծառ եւ ուրախալից օրեր. ինչպէս, նոյն իշխանաց հաւանութիւնն եւ հաշտութիւնն, Աշոտոյ թագաւորութեան հասնիլն, եւ անկէ առաջ Աղուանից կաթուղիկոսաց եւ Սիւնեաց մետրապօլտին հաւանութիւնն եւ հպատակութիւնն իրեն լուսաւորչական աթոռոյն, ուսկից որ պատճառաւ մը բաժնուեր էին, եւ իրարմէ ձեռնադրութիւն կ՚առնուին (Աղուանք եւ Սիւնիք): Հիմակուան հաշտութեանս փառքն մեր իշխանապետին կու վայլէ. վասն զի ինքն եղաւ միջնորդ, հաւանեցուց զիշխանս Աղուանից որ իրենց անձնակամ կաթողիկոսն օրինաւոր ձեռնադրութիւն առնու ի Գէորգայ կաթուղիկոսէ (877). այս առթիւ բարեկարգութեան ժողով մ՚այլ եղաւ, եւ Գէորգ կանոններ դրաւ Հայոց եւ Աղուանից աթոռոց յարաբերութեան վրայօք:

Գէորգայ կաթուղիկոսութենէն քանի մը տարի ետեւ` իր նախորդին բարեկամն Փոտ` դարձաւ աքսորէն եւ յաջորդեց զԻգնատիոս, ինչպէս որ ի սկզբան այլ յիշեցինք, հանդերձ պատճառաւն. որ է Վասիլ կայսեր վրայ ստեղծած հաճոյական գուշակութիւնն. որոյ համար կայսրն, կ՚ըսեն ոմանք, ղրկեց դեսպան մ՚առ Աշոտ` իրմէ թագ խնդրելու: Յոյնք չեն յիշեր այս բանս, զոր եթէ ստոյգ այլ գիտնային` թերեւս իրենց պատիւ չէին կարծեր. մեր ժամանակակից պատմիչք այլ չեն պատմեր, այլ ետքէն եկողք. մեզի շատ անհաւան չերեւիր` ժամանակին եւ անձանց պարագաները դիտելով. մանաւանդ որ պատմիչք կու յիշեն Վասլի զրկած դեսպանը եւ շատ ընծաներն առ Աշոտ. զոր ոմանք կու գրեն` թէ Աշոտոյ թագաւորելէն ետեւ զրկեց հանդերձ թագաւ ի պատիւ նորա. բայց այս յայտնի սխալ է. վասն զի Վասիլ կայսր մեռաւ յօգոստոսի (կամ այլ առաջ) 886 տարւոյն, ապա ուրեմն Վասլի դեսպանն խաւրուած է մինչդեռ Աշոտ ամիրապետէն թագ առած չէր: Կրնանք կարծել` թէ Վասիլ իր կողմանէ կանխած` անոր գլխու զարդ կամ պսակ խաւրած ըլլայ, ուրիշ զարդերու եւ ընծաներու հետ. բայց այս ամեն բանն այլ կ՚իմացընեն` որ հարկաւոր եւ մեծ բան մ՚ունէր Վասիլ Աշոտոյ հետ. եւ յարմար է ըսել. թէ առանց շատ ձայն հանելու` կամ զինքը կամ իրենները հաճեցընելու համա` ուզեց Աշոտէն Արշակունեաց թագը, ինքն այլ անոր խաւրեց բիւզանդական պսակ մը: Ժամանակակից մեծ պատմիչն Յովհ. կաթուղիկոս` որոշակի թագ չի յիշեր, բայց կերպով մը թագաւորակից կ՚անուանէ. «Մեծ կայսրն Յունաց Բարսեղ, ոչ փոքր ինչ պայման խաղաղութեան եւ նուաճութեան եւ սիրոյ հաստատէր ընդ արքային մերոյ Աշոտոյ, որդի սիրելի զնա անուանելով, եւ հաղորդակից կացուցանելով յամենայն թագաւորութիւնս թագաւորութեան իւրոյ: » Այս խօսքերս կու ցուցնեն Վասլի կողմանէ զիջողութիւն մը, որ առանց մեծ պատճառի մը չէր ըլլար, զնոյն հաստատէ եւ ուրիշ ժամանակակից մ՚այլ նոյն իսկ դեսպանին ծանօթ (եւ է պատմիչն գիւտի նշխարաց Ս. Լուսաւորչին ի Կոստանդնուպօլիս), որ դիտմամբ, կամ իբրեւ իր նպատակէն դուրս` չի յիշէր դեսպանութեան պատճառը: Կարդանք այս հեղինակին գրուածին սկիզբը, որ մեր Աշոտոյ պատմութեան այլ շարունակութիւն ըլլայ: «Ի ժամանակին` յորում Հայոց թուականն երեքհարիւր քսան եւ եօթն էր, (878-9) առաքեալ լինի ներքինի ոմն, անուն նորա Նիկոդեմոս, (զոր յետագայ պատմիչք մեր կոչեն Նիկետ), ի Վասլէ կայսերէն Յունաց հրեշտակութեամբ` առ Աշոտ իշխանաց իշխան ի Հայս, հանդերձ պատուոյ ընծայիւք եւ վայլչական պարգեւօք ազգի ազգի` բերեալս ի թագաւորէն. եւ հանդիպեալ լինի իշխանաց իշխանին ի գաւառին Արշարունեաց` ի Զարեհուան գեղջ. եւ կացուցեալ առաջի նորա զընծայսն յայնքանոյ մեծէ արքայէն, պատմէ միանգամայն եւ զհրամայեալսն բանս` հանճարեղս եւ ախորժելիս. զոր ընկալեալ իշխանաց իշխանին զյունական` պարգեւսն` զակնախտիտսն եւ զերեւելիսն, մեծարէր եւ զառաքեալ ներքինին` իբրեւ զմտերիմ սպասաւոր թագաւորին. վասն զի էր այրն այն խոհեմագոյն եւ հանճարեղ եւ հաւատարիմ թագաւորին»: Դեսպանութեան գործը լմընցնելէն ետեւ` Նիկետ պատմեց Աշոտոյ, թէ ատենօք ինքն ի ծառայութեան էր իր անուանակից մեծ իշխան ներքինապետի մը, Միքայէլի կայսերութեան ատեն, որ (կ՚երեւի թէ էր Նիկիտասն Օրիւփառ, այս երկու անուամբս այլ յիշուած ի Յունաց` յիսուն տարիէ աւելի միջոց, (827-881), իբրեւ ծովապետ կայսերաց եւ շատ գործոց մէջ մտած. որ ինչպէս մեր հեղինակն յիշեց), առաջ Միքէլի ծառայութեան մէջ էր, եւ անոր մահուան վրէժը կ՚ուզէր առնուլ ի Վասլէ. բայց Վասիլ ճարտարութեամբ որսաց զնա: Ասիկայ ընդոծին մանչիկ մ՚ունէր Սկլաւոն ազգաւ, որ անբժշկելի հիւանդութիւն մ՚ունեցաւ, կամ դիւահարութիւն. օր մը մեծ իշխանն այն, եւ այս Սկլաւիկ պատանին ու մեր դեսպանն մէկ տեղ գացեր էին աղօթելու ի Ս. Երրորդութեան եկեղեցին Կ. Պօլիս). հոն պատին տակ մարմարիոնէ հին գերեզման մը կար արծաթապատ, զոր գիտէին պահարան սրբոց մարմնոց, բայց որուն ըլլալն չէին գիտեր: Աղօթից ատեն յանկարծ պատանւոյն վրայ այլայլութիւն եկաւ, եւ դիւահարի պէս սկսաւ կանչել. Ո՜վ մեծդ Գրիգոր, ո՜վ Ս. Հռիփսիմէ, Ս. Գայիանէ, ինչո՞ւ եկեր էք ի Հայոց երկրէն, եւ դոք այլ Սարգիս եւ Բաքոս, զիս հալածելու համար: Այս ըսելով ընկաւ պատանին, փսխեց, ու քիչ ատենէն խելքն վրան գալով` ընկաւ տիրոջն ոտքը եւ ըսաւ. Հոս եղած սրբոց զօրութեամբ ես հիւանդութենէս ազատեցայ: Շուտ մը ձայն տուին քահանայից, որ եկան մաքրեցին գետինը. յետոյ աւագերէցն հրամանաւ կայսեր` գերեզմանին բանալիքն բերաւ, որ շատոնց պաշտօնը չընելուն համար` չկրցաւ հիմայ այլ ընել. իշխանն կոտրեց կղպանքը, բացինք եւ գտանք չորս աման. երեքն արծաթէ արձաններ էին, չորրորդն մարմարէ սնտուկ մը, որոց իւրաքանչիւրին քով դրուած այլ կար. այս մարմարին մէջ էր Ս. Գրիգորի Լուսաւորչի նշխարքն, որոյ ոսկորներն հսկայի ոսկերաց պէս մեծամեծ էին. արծաթէ արձանաց մէջ այլ վերոյիշեալ սրբոց նշխարքն կային, եւ դեռ ուրիշ նշխարք այլ` որոց անունն նշանակած չէր: Թագուհին Թէոդորա, կայսրն Միքայէլ եւ Փոտ պատրիարքն բազմութեամբ ժողովրդեան եկան յերկրպագութիւն, եւ պատուով դրին նշխարքն ի վայելուչ տեղ: Այս դիպուածս հանդիպեցաւ մեծ պահոց հինգերորդ շաբաթուն եւ նոյն օրը տարեկան տօն հաստատեցին. ինչպէս որ հիմայ Աշոտ այլ լսելով իմացուց Գէորգայ կաթուղիկոսի, եւ հաստատեցին մեծ պահոց հինգերորդ շաբաթ օրը տօնել այս յիշատակը, որ հիմայ Լուսաւորչի Մուտն ի վիրապն կ՚անուանի: - Աշոտ աղաչեց դեսպանին` որ այս դիպուածը տեղն ի տեղն իրեն գրէ. Նիկետ այլ երբ դարձաւ իր տեղը` նորէն ստուգելով գրեց եւ խաւրեց Աշոտոյ, որ աղէկ հայերէն գրելու համար տուաւ «առ ժամանակին կացեալ վարդապետն Հայոց, զոր յետոյ նշանակեցից զանունն», եւ նա այլ թարգմանեց դեսպանին գրածը, քիչ մը գովեստ աւելցնելով ի պատիւ Ս. Լուսաւորչին. եւ յառաջաբան մ՚այլ: - Իսկ այս ժամանակիս վարդապետն ո՞վ էր. խոստացեալ անունն յետոյ յիշուած չէ. գուցէ մեծանունն Մաշտոց վարդապետ ըլլայ, կամ թէ ինքն իսկ կաթուղիկոսն Գէորգ, վասն զի միայն ասոր անունն յետոյ յիշուած է ի պատմութեանն, եւ թերեւս վարդապետ ըսելով կ՚իմանայ զհայրապետն:

Աշոտ զդեսպանը պատուելէն ետեւ` կայսեր ուզածն այլ խաւրեց անոր ձեռքով, հանդերձ ծանր ծանր ընծաներով, եւ «տասն հազար արծաթ (6-6500? ֆրանգ) ընծայ նորաշէն եկեղեցւոյն», զոր չանուանել յիշող պատմիչն, բայց թուի թէ ըլլայ Ս. Միքայէլ եկեղեցին` Վոսփորի ծովեզերքը. զոր պատրիարքն Իգնատիոս նոր լմընցուցեր էր (878), եւ դեռ չէր օծած, եւ երեք տարի վերջը Փոտ պատրիարքն նաւակատիքն ըրաւ (881): Իսկ Նիկետայ բերած ընծայից մէջ կու յիշուի եւ Խաչափայտի մասն, որ յետոյ Հոռոմայրի սուրբ Նշան ըսուեցաւ, այդ անուամբ վանքը պահուելով, որ է ի սահմանս Լօռի քաղաքի Տաշրաց (կամ Սոմխէթի). ուր կ՚աւանդեն ոմանք, թէ Վասիլ անուամբ յոյն իշխան մը Յովհան Իմաստասիրին ատեն` քարայրի մը մէջ առանձնացաւ ի ճգնութիւն, եւ անոր համար Հոռոմ-այր ըսուեցաւ տեղն. իսկ խաչն` Հայոց սքանչելագործ շատ խաչից մէկն եղաւ, եւ զանազան հրաշքն յիշուին:

ԺԵ

Ահմէտ կամ Մուհամմէտ ոստիկանը վռնտելէն ետեւ` Աշոտ անոր թողած խառնակութիւնները սկսաւ շտկել եւ անոր կուսակիրներն այլ զսպել. եւ նախ հիւսիսային ու Վրաց կողմերը գնաց, ուր, գիտնալու է, որ այս Ահմատին նախնիքն ամիրայութեամբ կ՚իշխէին Տփխիսի կողմերը, եւ ատեն մը բոլոր Վրաց կուսակալ էին իր հայրն Խալիլ կամ Խալիտ` յետ երկայն ատեն տիրելու եւ քանի մ՚անգամ հեռանալու կամ հալածուելու` այն կողմերը մեռեր էր պատերազմի մէջ. եւ տեղը տիրացեր էր Սահակ Իպն Իսմայէլ, զոր սպաննեց Բուղա` երբ առաւ զՏփխիս, ինչպէս ի սկզբան յիշեցի. եւ նորէն իշխանութիւնը տուաւ Խալիտայ որդւոյն` այս յիշեալ Ահմէտին. բայց քիչ ատենէն սա իշխանութենէ փոխուելով` Տփխիսի տիրացաւ Կապլոց կամ Կապլուղ անուն մէկ մը, զոր պատմիչն Վրաց` թէ այս Սահակայ ազգական անուանէ եւ թէ Աշոտոյ, իբր թէ ասոր հօրաքեռորդին ըլլայ: Ահմէտ երկրորդ անգամ ոստիկանութեան ատեն` ջանաց իր հօրը մահուան վրէժը պահանջել, եւ ուզածին պէս ձեռք խառնել Վրաց եւ Գուգարաց իշխանութեանց մէջ, բայց երկար ժամանակ չգտաւ: Իր հալածուելէն ետեւ` Կալոց այլ սկսաւ ինքնիշխանաբար վարիլ եւ հակառակիլ, ոչ միայն Վրաց` այլ եւ մեր իշխանապետին. Աշոտ անոր այլ վրան գնաց (880), եւ օգնութեամբ Գորամայ իր հօրաքեռառն` բռնեց զնա պատերազմի մէջ. Կուր գետոյն եզերքները, եւ խաւրեց Յունաց երկիրը. անշուշտ Վասլի հետ նոր ըրած դաշնադրութեանը վրայ վստահանալով: Տփխիսը յանձնեց հաւանօրէն Դաւթի` եղբօրորդւոյն Գորամայ, եւ ասոր բաժնէն առաւ Աշոցք գաւառը, որ անմիջապէս սահմանակից է գրեթէ մասն էր իր բնիկ երկրին` Շիրակայ: Այս Գորամս քիչ ատենէն թողուց իր իշխանութիւնը եւ կրօնաւորեցաւ. տեղն անցաւ որդին` Նարս կամ Ներսեհ, որ խռովարար իշխանասիրութեամբ սպաննեց զԴաւիթ (881), եւ շատ շփոթութեանց պատճառ եղաւ. որոյ համար յետ ժամանակի դարձեալ պէտք եղաւ Աշոտոյ գալ եւ կարգի դնել այս կողմերս: Այն ատեն այս Վրաց եւ Վրահայոց երկիրները չորս հինգ բաժին էին, իւրաքանչիւր առանձին իշխանաց ձեռք, որք ամենքն այլ իրարու ազգակից էին ի նոյն Բագրատունեաց ցեղէ. գլխաւորն էր Վրաց իշխանն (կամ Քարթլի կուրապալտն), յետոյ Գուգարաց իշխանն, Սամըցխէի (Ախալցիխէի) իշխանն, եւ Արտանուչայ իշխանն. ասոնք ամենքն այլ Սիւնեաց եւ Վասպուրականի իշխանաց նման` Աշոտոյ իշխանապետութիւնը կու ճանչնային, եւ ոստիկան չեղած ատեն` անոր կու յանձնէին իրենց երկրին հարկերը: Ասոնց երկրին արեւմտեան հիւսիսային կողմն էր Ափխազաց կամ Եգերաց թագաւորն, որ անկախ էր, եւ Վրաց տիրել ուզելով` խռովութեան պատճառ կ՚ըլլար:

Աշոտ խաղաղութեամբ դառնալով ի Վրահայոց` Տաշրաց գաւառէն անցաւ եկաւ Գեղամայ ծովուն ծայրը, Սեւան կղզւոյն դիմաց` Բանակատեղ ըսուած տեղը, եւ հոն բանակեցաւ: Յարմար առիթ էր հոս տեսաւորութեան Աշոտոյ եւ Մաշտոցի, այս երկու մեծանշան անձանց, որք համբաւով բոլոր աշխարհին ծանօթք` զիրար այլ ճանչնալ փափագէին: Աշոտ կ՚ուզէր տեսնել այն սրբակրօն եւ գիտուն միայնակեացը, իր դստեր (Մարիամայ) հիւրընկալը, որ առանց իրեն չափ աշխատելու` ընդարձակ երկրի մը մէկ կողմէն մէկայլ կողմը երթալու, կղզւոյ մը մէջ դադարմամբ` թէ երկինք կու վաստըկէր թէ մարդկանց սիրտը: Իսկ Մաշտոց լսելով Աշոտոյ գործքերը միացուցած քաջութիւնը եւ արդարութիւնը, իր նպատակէն եւ իր ջանքէն շատ հեռու չէր դներ իշխանին աշխատանքը. կու փափագէր տեսնել այն աշխատանաց ոյժ եւ փառք տուող խաչը, զոր Վասիլ կայսր ընծայ խաւրեր էր իշխանին, եւ նա միշտ հետը կու տանէր: Տեսութենէն աւելի մեծ փափագմամբ փութացաւ Մաշտոց` ելաւ կղզիէն, եկաւ ի Բանակատեղ. հանդիպեցան իրարու երկու շնորհաւորքն. Աշոտ համբուրեց Մաշտոցի լուսափայլ երեսը եւ աջը. Մաշտոց այլ իշխանին խոնարհելով երկրպագեց անոր բազկաց եւ կրծոց զարդ խաչին. առաւ դրաւ աչքերուն վրայ եւ համբուրելէ չէր դադրեր: Վսեմամիտ իշխանն չէր կրնար զրկել խաչաբարձը իր սիրածէն. կայսերատուր ոսկէկապ եւ մարգարտազարդ խաչը պարգեւեց ճգնաւորին` որ աւելի ուրախութեամբ իրեն համար առօթէ. անոր միաբան վանականաց համար այլ պարգեւեց` իբրեւ կալուածք եկեղեցւոյն` հինգ գեղ, Ցամաքբերդ` որ անմիջապէս ծովեզերքն է եւ թուի մօտ Բանակատեղին, Վարսէր (Ճըռճըռ), Գոմաձոր, Բերդք, Ուռեաց տափ, որոց երեք առջինքն դեռ նոյն անուամբ ճանաչուին Սեւանայ դիմաց ծովեզերքը: Ասոնցմէ զան այն ծովակէն ելլող ձկանց մէկ մասը` որ արքունեաց կու տրուէր հարկի տեղ` վանքին թողուց. դարձեալ, այգիներ` Երեւանու եւ Գառնոյ կողմերը: Հաւանօրէն Աշոտ այլ մտաւ ի կղզին ի տեսութիւն նորաշէն եկեղեցեաց եւ վանացն եւ իշխանական առատութեամբ ու բարեպաշտութեամբ աւելի շէնցընելով զՍեւան` դարձաւ իր երկիրը:

ԺԶ

Իշխանապետն իր խնամոց յանձնուած երկիրներուն հիւսիսակողմը ապահովելէն ետեւ` դարձաւ ի հարաւակողմն, Եմէնիկէն գրգռեալ եւ Ահմէտը գրգռող ամիրաներն այլ նուաճելու. որոց գլխաւորն էր Մէլազկէրտի կամ Ապահունեաց ամիրայն Ապլաբառ Կայսիկ ցեղին: Մեր պատմիչք այսպէս կ՚անուանեն Արաբացի Քայս ցեղ մը եւ ցեղապետ մը, որ Աբրահամայ որդւոյ Իսմայէլի զաւակներէն սերեալ կ՚ըսուի. եւ Մահմէտի ատեն կու յիշուի գիտնական մը այն ցեղէն Ասէմ Իպն Քայս: Ը դարուն մէջ Արաբացւոց բռնաբարութեան ատեն այս ցեղէն մէկն այլ բռնացաւ Վանայ ծովուն բոլոր հիւսիսակողմը տարածեալ երկրին վրայ. մէկ կողմէն (արեւելքէն) ինչուան Ամկու երկիրը Վանայ մօտերը, մէկայլ կողմէն (արեւմուտքէն) ինչուան մէր Հայկայ նահապետական Հարք գաւառը. քիչ ատենէն իշխանութիւնն յերկու բաժնուեցաւ. արեւելեանն իրեք գլխաւոր քաղաք եւ գաւառ ունէր, Խլաթ, Արճէշ եւ Բերկրի, հանդերձ Ամիւկ ամուր բերդաւն, որ (ետինքս) յետոյ զատ իշխանութիւն մ՚եղաւ. արեւմտեանն այլ իրեք գաւառ, Կորի, Հարք եւ Ապահունիք: Այս ետքինիս արեւմտեան ծայրն եւ Հարքայ սահմանակից հին քաղաքաւան մը կար եւ կայ, Մանազկերտ, հիմայ Մէնազկէրտ, եւ աւելի առաջ Մանաւազկէրտ կոչուած, եւ շինուած յորդւոյն Հայկայ ի Մանաւազայ. որով թերեւս Հայաստանի եւ բոլոր աշխարհիս ամենէն հին մնացեալ քաղաքաշէնն է, գոնէ ամենէն հիներէն մէկն. հոս կու նստէր արեւմտեան երկիրներուն Կայսիկ ամիրայն, եւ կոչուէր տէր Ապահունեաց կամ Մանազկերտոյ, Խլաթայ ու Ամկոյ իշխանէն աւելի զօրաւոր, ու մերձակայ Հայոց այլ պատկառելի: Բայց Աշոտոյ իշխանապետութիւնն անոր վրայ այլ տարածուեցաւ, եւ անկէց այլ հարկ կ՚առնուր, ինչպէս յիշխանացն Հայոց: Այս բանս որչափ այլ ծանր էր Կայսիկն` չէր համարձակէր Աշոտոյ հակառակելու ինչուան որ Եմէնիկն եւ Ահմէտ իրեն յոյս տուին. քիչ մ՚այլ մեր սահմանակից իշխանքն պատճառ եղան զինքն ուռեցընելու, որով հարկը կտրեց յԱշոտոյ: Իշխանապետն այլ եկաւ զօրքով Խլաթայ եւ Բերկրայ տէրն Ապլհէրթ` հպատակեցաւ եւ հաստատեցաւ յիշխանութեանն. իսկ Ապահունեաց տէրն Ապլաբառ` ամրացաւ ի բերդն Մանազկերտոյ. Աշոտ անոր մէկայլ երկիրները նուաճելով` բերդն այլ պաշարեց. եւ մինչդեռ մօտ էր տիրելու` Արծրունեաց երկրին շփոթութիւնները լսելով` փութացաւ հոն դառնալու. հոս խաղաղութեամբ վերջացնելով գործը, հաւանեցուց զանհաւան Կայսիկն` իր չափին մէջ մնալ, եւ թղթով այլ դաշինք դնելով` հաստատեց զայն յիշխանութեանն, եւ հարկերն առնըլով գնաց:

Իսկ Արծրունեաց շփոթութիւնքն շատոնց սկսեր էին, գրեթէ Ահմէտ ոստիկանին եւ Կայսիկն մէկտեղ եղած ատեն. որք երբ զատուեցան, այս ետքինիս խորամանկութեամբ` բանսարկու մարդիկ Արծրունեաց եւ Տարօնոյ իշխանաց մէջ կասկած եւ պաղութիւն ձգեցին, մինչդեռ երկուքն այլ Ապահունեաց երկիրն էին, ամիրայէն հրաւիրուած, որսի պատճառաւ: Նախ Արծրունեաց իշխանն` Դերենիկ` անոր քովէն հեռացաւ, յետոյ Տարօնոյ իշխանն Աշոտ Կուրապաղատ (որդի Բագարատայ), զոր եւ խարդախութեամբ բռնել տուաւ Դերենիկ, եւ իր երկրին մէջ բանտեց Սեւան ըսուած ամուր բերդը, ու իր Հասանիկ քեռորդւոյն պատուիրեց որ արձակ պահէ. եւ Աշոտոյ տեղ դրաւ անոր եղբայրը` Դաւիթ արքայիկ կոչուածը, որ եւ իր քեռայրն էր. Ահմէտի այլ գրեց ու հաստատեց զնա յիշխանութեան Տարօնոյ: - Կուրապաղատն իմացուց իր վտանգը Գէորգայ կաթուղիկոսի` որոյ սիրելի էր. եւ նա անձամբ եկաւ աղաչեց Դերենկայ, բայց սա յանձն չառաւ ազատել զԱշոտ, եւ հոգեւոր տէրն տրտմութեամբ դարձաւ. իսկ մեր իշխանապետն այս ատեններս հիւսիսայնոց հետ զբաղած էր: Կուրապաղատին ճարն հատնելով` սկսաւ ընտանենալ իր բանտապանին, այսինքն Հասանկան, որ դեռ 15 կամ 16 տարուան պատանի մ՚էր, եւ տղու պէս խաբեց. հաւատացուց թէ Դերենիկ քեզի դէմ այլ կու մտածէ եւ զքեզ այլ պիտի բռնէ: Պատանին` իր ամուր բերդին վրայ վստահացած` մտածեց իրեն որսորդը որսալ. հիւանդ ձեւացաւ, եւ աղաչանք խաւրեց Դերենկայ` որ գայ զինքը տեսնէ. սա իբրեւ օրհասական հիւանդի մը քով փութացաւ երթալու, եւ առջի տեսութենէն ետեւ` երբ գիշերը քաշուեցաւ իրեն համար պատրաստուած սենեակը, յանկարծ դուռը վար առին եւ ներս թափեցան ջահաւոր եւ զինաւոր մարդիկ, բռնեցին զինքը եւ ամրոցին ծայրը հանեցին բանտեցին, ու զԱշոտ արձակեցին:

Այս բանս լսեց մեր իշխանապետն երբ Մանազկերտը պաշարած` մօտ էր առնուլ. եւ փութացաւ ուրիշ իշխաններով Սեւանայ բերդին քով` իր փեսայն ազատելու. կաթուղիկոսն այլ եկաւ, եւ երկուքն այլ յորդորելով եւ խրատելով զպատանին Հասանիկ` հաւանեցուցին. արձակեց զքեռին. եւ իրեն ապահովութեան համար` պատանդ թողուցին քովը Դերենկայ երկրորդ տղահասակ որդին` Գագիկը, (յետոյ Արծրունեաց դիւցազն): - Բայց Դերենիկ քիչ ատենէն դրած դաշինքն ոտքի տակ առնըլով բռնեց զՀասանիկ, բանտեց ի Նկան բերդի, եւ անոր Սեւան բերդին այլ տիրեց. սակայն իր աներէն ակն ածելով, քիչ մ՚այլ ուրիշ միտք ունենալով` արձակեց զՀասան:

Քիչ մ՚ատեն հանդարտութիւն եղաւ (885-7) այս կողմերս այլ, ինչպէս ուրիշ ամեն Աշոտոյ իշխանապետութեան տակ եղած տեղերն այլ. ուր` ինչպէս տեսանք, երեսուն տարիէ աւելի էր` որ Աշոտ անդադար անխոնջ տեղէ տեղ վազելով եւ հասնելով` խռովութիւնները կու խաղաղէր, ալիքները կու ցածցընէր, եւ հանդարտաբեր հովու պէս կու փարէր գուրգուրար ամենուն վրայ: Եկաւ ժամանակն` որ իր գրկած գգուած իշխանազունք այլ` իրենց ալէզարդ հայրագիրը մեծարեն արժանաւոր սիրով եւ պատուով. որուն հաւանեցան ուրիշ իր խնամքը վայելող իշխանք այլ. չնախանձեցան եւ այլազգիք: Իսկ հասարակաց հայրն կամ մայրն Հայաստան` հեծկլտած հառաչանքը լռեց, հանգչեցա՜ւ: Սեւ տխրութեան բացած ու մաշած ճամբաներէն իջան ճերմակ ուրախութեան արտսունքներ. բարձրացաւ ձայն գոհութեան առ Աստուած. եւ թերեւս ոչ այնքան Աշոտոյ գլուխը թագաւ փառազարդեալ տեսնելուն, որչափ այն թագը արդեամբք, երախտագիտութեամբ եւ սիրով կապուած եւ դրուած տեսնելուն համար:

ԺԷ

Այս երախտագէտ եւ սիրոյ զգացմանց եւ գործոց առաջնորդք եղան, ինչպէս որ կու վայելէր, երկու Գրիգորքն, Սուփան Սիսական` թոռն մեր Աշոտոյ, եւ Դերենիկ Արծրունի` փեսայ Աշոտոյ, իրենց աշխոյժ եւ կայտառ զաւակօքն. որոց միաբանեցան` Վասակ Իշխանիկն` Սիւնեաց տէրն, կաթուղիկոսն Գէորգ, եւ գրեթէ ամեն աշխարհատէր եւ գաւառատէր իշխանք եւ թեմակալ եպիսկոպոսունք, հանդերձ Վրաց եւ Գուգարաց մեծամեծ իշխանօք, որոց շատն խնամի այլ էին իշխանապետին, եւ բոլոր իր ազգակից եւ բարեկամ իշխանաւորք. որք ամենքն այլ Աշոտոյ պարտականք էին մէկ մէկ կամ շատ կերպով, անոր 33 տարուան սպարապետութեան եւ իշխանապետութեան ատեն, մանաւանդ թէ հօրը գործակցութիւնն այլ մէկ տեղ սեպելով` իր 50 ամեայ աշխատանացը, գործոցը, խնամոցը եւ փառացը` պարտական էին: Անոնց հաւասար ազգային զօրագունդն այլ, որ այնքան տարիներ միշտ փառօք եւ քաջ անուամբ հայկական դրօշը կրեր տարեր էր զանազան կողմեր, եւ այլ աւելի բարձրացընելու կու սպասէր: - Թերեւս ասոնցմէ այլ աւելի` ռամիկ ժողովուրդն, խոնարհ եւ տկար սեպուածքն, որք իբրեւ զհայր ճանչնային եւ սիրէին զբարերարն Աշոտ. եւ աւելի համարձակ առ Աստուած աչքերնին վերցուած` իրենց բարերարին բարիք եւ փառք մաղթէին, քան թերեւս իշխանքն`ամիրապետէն խնդրէին, որ այնուհետեւ փոխանակ օտար ոստիկանի` իրենց համազգին իրենց շնորհէ անկախ գլուխ, ուղղակի հարկատու իրեն (ամիրապետին): Աշոտոյ իշխանութեան տակ արդէն ոչ միայն իրենք երջանիկ եղած էին, այլ եւ խալիփայլ գանգատ մը չունէին այնչափ երկար ատեն, մինչդեռ օտար ոստիկանաց տակ անդադար շփոթութիւն կ՚ելլէր, արիւն կ՚ըլլար, երկիրն կ՚աւրուէր, գանձերն կու պակսէին: Ամիրապետն` Մոթամէտ Պիլլահ` որ 17 տարի իր իշխանութեան ատեն, եւ նոյնչափ այլ իր հինգ նախորդաց ատեն` վկայ էր նախարարաց նուիրակին ըսածներուն, եւ Աշոտոյ հաւատարմութեան եւ արդեանց դէմ կենալու բան չունէր, եւ ոչ ոք այլ կրցաւ նախանձորդ կամ հակառակը ըլլալ. մէկ կողմանէ այլ տեսնելով որ արդէն իր կրօնակիցքն իրմէ կ՚ապստամբին, նոր նոր տէրութիւններ կու կանգնեն, յօժար սրտիւ հաւանեցաւ Հայոց խնդրուածին: Եւ որովհետեւ ասոնք հին ատեն իրենց ազգապետը միշտ թագաւոր կու չանչնային, անուանեց հիմայ անոնց իշխանապետը Աշոտ թագաւոր Հայոց, վրան թողլով Վրաց կողմի վերատեսչութիւնն այլ: Եւ ոչ միայն անունը խաւրեց` այլ եւ թագ եւ ամենայն թագաւորական նշաններ եւ զարդեր, հանդերձ ծանր ծանր արեւելեան ընծաներով եւ ընտիր արաբիկ ձիերով. զորոնք տանել տուաւ Յիսէի` Շէխեայ որդւոյ, Ամդայ կողմնապետին, որ իր կողմանէ տանի տայ եւ թագաւորեցընէ զԱշոտ. գիտելով որ ասոր խոհեմութիւնն շատոնց զՅիսէ բարեկամ էր ըրեր իրեն: Եւ յիրաւի Յիսէ աննախանձ զուարթութեամբ գնաց պատուեց եւ պսակեց իր հին բարեկամ եւ նիզակակիցը. ինքն այլ անկէ պատիւ գտնելով` դարձաւ իր տեղը: - Աշխարհական տիրապետէն թագը ընդունելէն ետեւ` կու մնար որ իր հայրենիքն եւ իր եկեղեցին այլ զինքը պսակեն:

Ո՞ր քաղաք, ո՞ր եկեղեցի էր արդեօք ուր պսակեցաւ Հայոց նոր թագաւորն, Երազաւո՞րք եթէ Դուին. - Կեւերեւի թէ այս յետինս, որ 500 տարիէ վեր Հայաստանի մայրաքաղաք ճանաչուէր, եւ մարզպանաց ու ոստիկանաց աթոռ էր. դեռ հոն էր Հայոց հայրապետանոցն այլ. եւ դեռ կանգուն էր Ս. Գրիգորի հոյակապ կաթուղիկէն (շինեալ Գ. Ներսէս կաթուղիկոսէ), որ յետ վեց եօթն տարւոյ պիտի կործանէր, եւ գուցէ կու սպասէր այս հանդիսիս այլ. որուն համար շատ նեղ եւ շատ պտիկ կու գար, բայց գոնէ բաւական` իշխանազանց եւ եպիսկոպոսաց եւ բազմաթիւ բաղդաւորաց: Այս եկեղեցիս չէր, բայց հաւանօրէն այս տեղս էր, ուր մեր հայրապետաց վսեմագոյնն` մեծն Սահակ` օրհներ օծեր էր Արշակունեան վերջին թագաւորը, զդժբաղդն Արտաշէս. անշուշտ առաջին անգամն էր որ Հայոց սրբազան լեզուաւ եւ գրով թագաւորօրհնէք եղաւ. եւ ափսո՜ս, առաջինն` վերջին այլ եղաւ Արտաշիսի օծմանէն մինչեւ յԱշոտ գրեթէ 470 տարի անցեր էր. սա կանգնեց անոր կորացեալ գլուխը, եւ Սահակայ թագաւորաշնորհ շունչը` քառասուն կաթուղիկոսաց շրթունքէն սահելով` Գէորգայ բաղեբաղդ բերանը իջաւ, իր քահանայապետութեան ԺԲ տարին. «Կոչեցաւ ապա անդ մեծ հայրապետն Գէորգ, եւ զհոգեւոր օրհնութեանցն գովութիւնս աստուածայինս ի վերայ կատարեալ, փոխանակ օծման սրուակի իւղոյն` պսակէ զնա թագաւոր ի վերայ Ասքանազեան ազին»: Ի՞նչ կարգաւ, ի՞նչ ծիսիւ, ի՞նչ աղօթքով կամ օրհնութեամբ եղաւ այս պսակս. արդեօք Ս. Սահակայ շարադրա՞ծ եւ հին Հայոց ձեւով եւ գոչմամբ էր այս թագօրհնէքս, եթէ Գէորգ կաթուղիկոս նոր շարադրեց, կամ թէ Յունաց կայսերաց ծիսին հետեւեցան. - ասոնք` Հայկակ, քեզ այլ, ինձ այլ փափագելի են ի յայտնութիւն: Մեր յետին Կիւլիկեցի թագաւորաց օծման գեղեցիկ հանդէսն եւ կարգն` հանդերձ օրհնութեամբքն, անծանօթ չէ մեզի. անկէ զատ հանդիպած եմ ուրիշ թագաւոր օրհնէքի մ՚այլ աւելի կարճ եւ անզարդ, որ եւ աւելի հին կ՚երեւի, եւ ոչ անյարմար այս դիպուածիս. կարծեմ քեզի այլ անհաճոյ չըլլար լսելու այս կարգը եւ աղօթքները: Փութա ուրեմն ի Դուին, խառնուէ այն բաղդաւորաց հետ` որ եկեղեցւոյն մէջ տեղ գտան Հայոց թագաւորութեան նորոգութիւնը տեսնելու, եւ անհամբեր աչք ի խորանն կու սպասեն նորընտիր թագաւորին` որ դեռ չերեւիր, այլ գահն դրուած է, եւ չորս դին շարուած Աշոտոյ պայծառ եղբարքն, որդիքն եւ թոռունքն, երեսնիւ չափ, թերեւս եւ իր տիկին դստերքն հանդերձ հեզանազ օրիորդովք, իր ամեն ազգատոհմն եւ խնամիք, եւ ամենայն իշխանք Հայոց եւ շատք ի Վրաց եւ յԱղուանից, նաեւ ամիրայք եւ դրացիք, եւ դասք քահանայութեան` ի հայրապետէն մինչեւ ի դպիրս: Արդէն ճրագունք վառեալք, կանթեղք եւ ջահք փայլատակեն, եւ արծաթ եւ ոսկի բուրվառաց եւ խնկանոցաց անուշահոտ ծուխն թեթեւ ամպերով կու բարձրանայ. մեծ ակնկալութեամբ սրտեր կու թնդան. ծովանման շշնկոց մը կու լսուի, երեկոյեան հովուն խաղաղելուն պէս լռութիւն մը կու տիրէ. դարձեալ մեծ աղաղակ մը կու փրթի Աշո՜տ Աշո՜տ. Սո՜ւրբ թագաւոր կեցցէ՜, Կեցցէ՜, կու հնչէ հազար օրհնեալ բերան, բիւր կորովաշունչ կոկորդ հայկական. եւ խորանին ամպացեալ ծխոց խնկոց ետեւէն, ինչպէս ամպոց վերեւէն Մասեաց գագաթն, կ՚երեւի բարձր վսեմաշարժ զուարթահայեաց արծաթափայլ գլուխ մը մեծն Աշոտ : Թող ծափեն դոփեն ծայնեն ցնծան սիրուն կտրիճքն:

«Եւ զգեցուցանեն զթագաւորական զհանդերձսն. ուրոյն զքղամիդն եւ զթագն դնեն ի վերայ սուրբ սեղանոյն արծաթէ սկըտեղբ: Ասելով սաղմոս ի թիւ. Լուր Տէր աղօթից իմոց. եւ Ո յուսայ ի Տէր. Խոստովան եղէց քեզ տէր: Եւ ելանէ հայրապետն եւ կայ առաջի սրբոյ սեղանոյն, կալով զհետ նորա որ պսակելոցն է զնա: Եւ յետ սաղմոսին սարկաւագ քարոզէ ասելով. Խնդրեսցուք հաւատով. եւ եպիսկոպոսն ասէ զաղօթս. Որ թագաւորդ ես թագաւորաց Քրիստոս, եւ տէր տերանց, արարիչ ամենայն արարածոց, փրկիչ աշխարհի, տուր մեզ զխնդրուածս մեր, եւ կատարեա ի բարի զաղօթս մեր` զոր մատուցանեմք քեզ առաջի սրբոյ սեղանոյս. զի հաստատուն եւ անշարժ պահեսցես զուխտս սրբոյ եկեղեցւոյս, տալով զսա (զԱշոտ) մեզ` զոր ընտրեցեր եւ կոչեցեր վերստին ի թագաւորութիւն, ի վերակացութիւն տանս Թորգոմայ, առ ի հովուել խնամով, եւ պահեա ի թշնամեաց. զի զկաթուղիկէ եկեղեցի բարձրացուցեալ եւ պսակեալ փառօք նորոգ պահեսցէ. եւ զեղջիւր հաւատոյս մերոյ անսասանելի եւ անշարժ ուղղութեամբ եւ արդարութեամբ վարեսցէ ընդ երկայն աւուրս. բարեխօսութեամբ սրբուհւոյ Աստուածածնիդ. զի դու ես փրկութիւն մեր եւ ապաւէն եւ օգնական. եւ քեզ վայելէ փառք իշխանութեամբ»:

«Եւ ապա ասեն կցորդ. Որպէս յետ աստուածասէր թագաւորին, եւ այլն: - Եւ եւս խաղաղութեան. եւ այլն: Եպիսկոպոսն, Օրհնութիւն եւ փառք, եւ այլն: Եւ եպիսկոպոսն առեալ զաջոյն ձեռանէ նորա եւ դարձուցանէ զերեսն թագաւորին առ ժողովուրդն, ի ծունկն անկեալ. եւ ասեն քահանայքն միաբան բարձր ձայնիւ երիցս. Աստուածային եւ երկնաւոր շնորհ` հեղեալ ի վերայ (Աշոտոյ), կոչեն յաթոռ թագաւորութեա տանս Թորգոմայ, օծանել ըստ նմանութեան Կոստանդիանոսի մեծ թագաւորին»: - Եւ ասասցեն Եղիցի եղիցի, ամէն:

«Եւ ապա դարձուցանէ ի սեղանն. եւ այս կանոն կատարի. Սաղմոս կցորդ, Ի. Թագաւոր յուսացաւ ի Տէր: Պօղոսի առաք. ի Տիմոթ. Ա թղթ. ընթերց. . 1-7). Եւ արդ աղաչեմ, եւ այլն: Յովհան. առաք. յԱ կաթուղ. թղթ. ընթերց. . 20-27). Եւ դուռ օծութիւն ունիք, եւ այլն: - Այէլուիա, ալէլուիա. Լուիցէ քեզ Տէր յաւուր անձկութեան, եւ այլն: Սուրբ աւետարանս ըստ Ղուկասու (ԺԹ. 12-28). Ասէ Յիսուս, այր ոմն ազնուական, եւ այլն: - Եւ սարկաւագն քարոզէ, Խնդրեսցուք հաւատով: Եւ եպիսկոպոսն ասէ զաղօթս. Տէր Աստուած մեր, որ թագաւորդ ես թագաւորաց, որ ի ձեռն Սամուէլի մարգարէին ընտրեցեր զծառայն քո զԴաւիթ, եւ օծեր զնա թագաւոր ժողովրդեան քում Իսրայէլի. դու եւ այժմ, Տէր, լուր աղաչանաց մերոց անարժանիցս, եւ նայեաց ի սրբոյ բնակութենէդ քումմէ յերկնից ի հաւատարմական ծառայս քո (Աշոտ), զոր ընտրեցեր եւ հաճեցար յարուցանել թագաւոր ի վերայ ազգի քո սրբոյ, զոր փրկեցեր պատուական արեամբ Միածնի Որդւոյ քո. օծանել զսա արժանաւորեա իւղով ցնծութեամբ. զգեցո' սմա զօրութիւն ի բարձանց. դիցես ի վերայ գլխոյ սորա պսակ ի քարէ պատուականէ. շնորհեա սմա զերկայնութիւն աւուրց. տուր աջոյ սորա յաղթանակ փրկութեան. հաստատեա զսա յաթոռ արդարութեան. շրջափակեա զսա զինու սուրբ Հոգւոյդ: Հնազանդեցս սմա զամենայն բարբարոսական ազգս»: Սերմանեա ի սիրտ սորա զերկիւղ քո եւ զլսողութիւն կենակցական: Հաստատեա զսա անբիծ հաւատով. եւ ի վեր երեւեցո' սմա զզօրութիւն քո. պահեա ի պահպանութիւն սրբոյ քո կաթողիկէ առաքելական եկեղեցւոյ` ուղղափառ դաւանութեամբ. զի դատեսցի զժողովուրդս քո արդարութեամբ, եւ զաղքատս քո իրաւամբք. կեցուսցէ զորդիս տնանկաց. եւ ժառանգորդ լիցի արքայութեանդ: Քանզի քո է զօրութիւն եւ փառք յաւիտեանս. ամէն:

«Ապա առնու եպիսկոպոսն զքղամիդն ի սեղանոյն, եւ զփիլոնն. եւ տացէ քահանայիցն զի արկցեն զնովաւ. եւ ի շուրջ առնուլն նորա զայն` եպիսկոպոսն ասէ. Խաղաղութիւն ամենեցուն. եւ դնէ զաջն ի վերայ գլխոյ թագաւորին եւ ասէ. Քեզ միայնոյ թագաւորիդ յաւիտենից` որ ի վերայ երկրի զթագաւորութիւն սորա հաստատեցեր, որ խոնարհեցոյց զպարանոց իւր ընդ մեզ. եւ արդ մեք ծառայք քո խնդրեմք ի քէն` Աստուած ամենայնի, պահեա զսա ընդ հովանեաւ քով աջովդ, եւ զօրացս զսորա թագաւորութիւն, զհաճոյս քո առնել յամենայն ժամ. ծագեա յաւուրս սորա արդարութիւն, բազում խաղաղութիւն ժողովրդեան. հանդարտութեամբ սորա` խաղաղական ապահովական կենցաղաւ բնակեսցուք ամենայն բարեպաշտութեամբ. զի դու ես թագաւոր խաղաղութեան, Քրիստոս Աստուած մեր. եւ քեզ վայելէ փառք, իշխանութիւն. եւ այլն:

«Ապա առնու հայրապետն զմեռոնն, եւ օծանէ զգագաթն եւ զճակատն, ասելով Օրհնեսցի, օծեցի եւ սրբեսցի թագաւորս այս` յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն սրբոյ: Եւ զայս երիցս ասէ եպիսկոպոսն: Ժողովուրդքն ասեն, ամէն: Եւ ապա ասի. Տէր, կեցո' զթագաւորն եւ լուր մեզ: Ապա առնու եպիսկոպոսն երկոքին ձեռօքն զթագն ի սեղանոյն, եւ պսակէ զնա եւ ասէ. Օրհնեսցի, օծցի եւ սրբեսցի թագս թագաւորս այս, յանուն Հօր, եւ այլն: Եւ ժողովուրդն զնոյն ասեն. Տէր կեցո' զթագաւորն եւ լուր մեզ: Եւ ասէ, Օրհնութիւն եւ փառք. եւ այլն:

«Եւ նոյն ժամայն մտանեն ի ճաշու ժամն, եւ պատարագ մատչի. եւ զթագաւորն տանին ի սեղանն. ի ձախակողմն կանգնեսցի. եւ յետ պատարագին հաղորդեն զթագաւորն. եւ պատարագին գիրքն զթագաւորաց կարդան:

«Բայց թագաւորն զգոյշ կացցէ յամենայն ճանապարհսն Աստուծոյ, երկիւղիւ եւ սրբութեամբ»:

Կըրնա՞նք արդեօք հիմայ սրբազան պատկառանօք, հոս յարմարցընել գերագոյն Երգոց խօսքը եւ փոխանակելով ընդ Սողոմոնի` ըսել. «Ելէ՜ք եւ հայեցարուք, դստերք Այրարատայ, յարքայ Աշոտ, ի պսակն` որով պսակեաց զնա մայր իւր, յաւուր փեսայութեան իւրոյ եւ յաւուր ուրախութեան սրտի իւրոյ»: Կրնա՞նք արդեօք նոյնպէս շարունակել. «Ահա գահոյդ Աշոտոյ. վաթսուն հազար սպառազէնք շուրջ զնովաւ ի քաջացն Թորգոմազանց. ամենեքեան սուսերաւորք եւ աղեղնաւորք` հմուտք պատերազմի, այր իւրաքանչիւր սուր յազգեր յարհաւրաց գիշերոյ», եւ կապարճք ի թիկունս վառեալք ի ճառագայթից տուընջեան: Կըրնա՞նք դարձեալ աւելցընել յարմարցըել, մեր պատմըչին խօսքէն խրախոյս առած, թէ եւ «Գահաւորակ արար իւր արքայ Աշոտ ի փայտից Բասենու». եւ այլն. վասն զի ինչպէս յամենայնի վայելուչ եւ բարեկարգ էր Աշոտ, թագաւորութիւնն այլ արժանապէս վայելչացուց մեր նախնի թագաւորաց եւ ազգին պերճասիրութեան համեմատ. «Այնուհետեւ բազում եւ երեւելի կարգս յօրինէր յաշխարհի տէրութեան իւրոյ, կ՚ըսէ Յովհ. կաթուղ., յօրինածս տանց, ազգաց, քաղաքաց, շինից, դաստակերտաց, եւ հարթ հաւասար ընդ իւրաքանչիւրոցն կատարէր կարգս լեռնականաց եւ ջերմահովիտ բարեխառն դաշտականաց, եւ զամենայն տափարակ տեղիս` ագարակս եւ գոմս դնէր, եւ զմարմանդս` յայգիս եւ ի բուրաստանս զարդարէր, եւ զամենայն ինչ զոր ինչ օրէն է թագաւորութեան եւ որ շուրջ զթագաւորութեամբ` ոչ ինչ իմիք կասեցուցանէր, եւ գրեթէ հարստագոյն եւ խոհեմագոյն քան զամենայն թագաւորութիւնս գտանիւր»: Իր փառքէն աւելի ազգին օգուտը փնտռելը` յայտնի էր ամենուն, բայց ազգն զինքը պատուեց, ինքն այլ իր փառքովն զազգը աւելի պատուեց, նուիրելով այս ամեն վայելչութիւն եւ փառքը` ոչ իր անձին հաճոյից եւ փափկութեան, այլ ի պերճութիւն թագաւորին եւ ազգին Հայոց, ասոնք բարձրացուցին զինքն իբրեւ զարեւ ի վերայ հայրենեաց, պէտք էր որ ինքն այլ ճառագայթէ անոնց վրայ զուարթ եւ պայծառ լուսով:

Այս լոյսս, այս փառքս ծագեցաւ յամին 887, գարնանային կամ ամառային եղանակին, յորում այրարատեան հովտաց եւ բլրոց գեղեցկութեան խառնուեցաւ Հայոց համաշխարհական ուրախութեան հանդէսն. որ արդարեւ շատ մեծափայլ եւ պայծառ եղաւ բոլոր նշխանազանց եւ եկեղեցւոյ գլխաւորաց ու բազմախումբ ժողովրդեան ներկայութեամբ եւ պատրաստութեամբք. բայց պայծառութենէն շատ աւելի այլ սրտաշարժ էր: Վասն զի այն ատեն մերազգիք իրենց չորս հինգ հարիւր տարի առաջ նախնիքը եւ անոնց փառաւոր օրերը աւելի լաւ կու ճանչնային` քան մենք մեզմէ առջի չորս հինգ դարերը. անոնք դեռ նախարարաց, ազատաց եւ քաջաց սերունդք եւ տոհմք էին, եւ դեռ իրենց տիրագլուխ նախահարց դաստակերտներուն մէջ բնակէին, անոնց յիշատակները կու տեսնէին, արձանագրութիւնները կարգային, ազգաբանութիւննին գիտէին, անոնց գործածած անօթները եւ զէնքերը դեռ գտուէին իրենց մէջ, դեռ նոյն Հայկազանց եւ Արշակունեաց գետինը կու կոխէին, եւ նոյն օդը ծծէին, - անոնք դեռ հարազատ հայախօսք էին. - թէ եւ բազմավէր բազմասպի` Հայաստանեայց մարմինն դեռ ամբողջ էր. գլուխն չէր երեւէր, բայց երբ սիրտն դեռ կ՚առնուր կու տար, այնպիսի մարմնոյ մը` դժուար չէր գլուխը գտնել կանգնել, որ հինգդարեան հարուածներով կորացեր ուսերէն վար կախուեր էր դէպ ի կուրծքն, եւ երբ ամենայն անդամոց մէջ բարեխառն ջերմութիւնն ծաւալեցաւ ու սիրտն մեծապէս թնդաց, ճառագայթազարդ գլուխն այլ դարձեալ բարձրացաւ, դարձեալ եղաւ Հայաստան հանուրց հիւսիսականաց վեհագոյն. Կ. Պօլսոյ ու Բաղտատայ, (այն միայն երկու տիեզերակալ աթոռոց) մէջ` մէկ թագաւորական գահ մ՚այլ կանգնեցաւ. մինչդեռ այնքան մեծ տարածութեան մէջ ամեն գահ կործանած մնացին, եւ այս առաջին կանգնող գահն ու թագն` եղաւ Հայոցն: Անգամ մ՚այլ Հայք իրենց հին հասակակցաց առջեւ յառաջադէմ գտուեցան, անգամ մ՚այլ Կովկասէն ինչուան յԱպառաժն Արաբիա, Պոնտոսէն ինչուան ի ծովն Պարսից` ամենայն հին եւ նոր ժողովուրդք ողջունեցին զԱյրարատ թագակապ` ի Բագրատունին Մեծն Աշոտ:

Ի սկիզբն վարուցս Աշոտոյ ըսի եւ դարձեալ կ՚ըսեմ, շատ քիչ կտրիճ եւ առաքինի մարդ գտուած է` որ այսքան արդեամբք ծանրացեալ եւ հասակաւ հասունացեալ` հրաւիրեալ ըլլայ ի թագաւորութիւն. ոչ մեր ազգին պատմութիւնն, եւ ոչ թերեւս օտարաց յայսմ` Աշոտոյ համեմատ մը գտնեն, եւ եթէ սրբազան զարմանք մը բերէ պսակն այն ի գլուխ 12 տարեկան Սողոմոնի, սրբազան եւ սիրելի սխրանք ըլլայ ինձ եւ քեզ, Հայկակ, թագս այս ոսկի խառնեալ յարծաթ ալիս գրեթէ 70ամեան գլխոյ արքային Աշոտոյ: Կարծեմ ոչ ոք յաննախանձ զգաստից, որ ազգէ այլ ըլլայ, կրնայ ուրանալ մեր Բագրատունւոյն փառքը, եւ մեզի ընկած պարծանքը:

Այս յիշատակիս հետ անգամ մ՚այլ յիշենք այս հայրենեաց հոր երախտագէտ որդւոց մեծագով եւ ազնուախոհ մտածութիւնը, որ անոր բազմամեայ անձնանուէր խնամոց արտաքին ցոյց փոխարինի տալ մտածեցին եւ յաջողեցան` զթագն Հայոց միագլխութեան, եւ թերեւս յետ աւուրց Ս. Տրդատայ` այս առաջին անգամ միասիրտ եւ միաբերան իշխանք զանազան աշխարհաց եւ գաւառաց Հայոց` կանչեցին եւ գրեցին Աստուածազօր կամ Աստուածապահ թագաւոր մեր. եւ նա գրեց իր հրովարտակաց եւ պարգեւագրաց տակ ոսկի կնքոյն քով` Աշոտ Բագրատունի թագաւոր Հայոց: Բայց աւելի քան զայս ոսկի կնիքներն եւ պսակներն, աւելի քան Յունաց կայսերէն զրկած թագըն եւ երեքկրկին ոսկէկնիքն, աւելի քան զայն հարուստ ընծաներն` զոր թագաւորն ընդունեցաւ, եւ զոր կրկնապատիկ տուաւ եւ զրկեց մերձաւորաց եւ հեռաւորաց, աւելի քան զիշխանաց եւ ժողովրդոց իրեն ցուցած մեծարանքն եւ հպատակութիւնն, աւելի քան զզօրաց զինաշարժութիւնն, ռամկաց հանդէսն, աւելի քան զպատերազմական, քաղաքական եւ եկեղեցական, փողոց եւ երաժշտութեանց ձայնակցութիւնն. - քան զայս ամենքն աւելի հաճոյական էր տեսնել զԱշոտ յարքունիսն Շիրակաւանի, ի մէջ բազմասերունդ ընտանեացն, եղբարց, որդւոց եւ թոռանց, փեսայից եւ հարսանց, հին Հայկազանց եւ Եբրայեցւոց ջոջգլուխ նահապետի մը պէս, տեսանել զարի արքայն Աշոտ ի գահաւորակի իւրում, որոյ սիւնք արծաթիք, կոնքն ոսկի, ձեզուն ծիրանի եւ մէջ նորա ականակապ, տարածեալ սէրն (բանուածք բազմականին) ի դստերացն Թորգոմայ. - տեսնել այն հայրական եւ որդեական զօրովն ու խանդաղատանքը, կտրիճներուն թափ թափ եւ շուտ շուտ շարժիլը, փափուկներուն հեզլիկ նազելը, եւ այդ կայտառ ու պայծառ թիթեռնանման թոռնիկներուն վեր վեր ցատքտելն, պապուն վիզը պլլըւիլն, ու թեթեւ թաթիկներով` թագին դեռ իրենց անծանօթ ծանրութիւնը կշռելը, եւ մատիկնին մէկ մը անոր զարդերուն մէջ մէկ մը անկէ փայլուն ալեաց մէջ խաղցընելն: Աստուածասէր եւ ընտելասէր տանուտէր նահապետ մը թագաւորական փառօք պերճացեալ, արդարեւ այս է գոհարակապ ոսկի մատանին: Երանի՜… այնպիսի մատնին ի մատն հանգնողի՞ն` թէ պագնողին:

ԺԸ

Աշոտ չորս տարւոյ չափ միայն թագով փառաւորեցաւ կամ փառաւորեց զՀայաստան. թերեւս այսչափ կարճ ժամանակն եւ զբազմանց շատութիւնն բաւական չէր նորահաստատ թագաւորութեան եւ նորէն միագլխեալ ազգին ամեն հարկաւոր կարգերը դնելու եւ հաստատելու. սակայն Աշոտ ոչ միայն զկարելին ըրաւ, այլ եւ շատոնց անկարելին այլ: Մնացեալ պատմչաց կարճ յիշատակներն մեզի կ՚իմացընեն, որ բոլոր ժամանակն անցուց, մէկ մը թագաւորավայել կարգօք եւ շինութեամբք, ինչպէս քիչ մ՚առաջ իմացուց մեզի Յովհ. կաթողիկոս, եւ ուրիշ մ՚այլ կ՚ըսէ. «Փափկացեալ եւ յղփացեալ ուրախութեամբ… քաջավայելչագոյնս զթագաւորութեանն կատարելագործեալ զժամանակն». մէկ մ՚այլ` արժանապէս ի շնորհակալութիւն աստուածային խնամոց` որ այս յաջողութիւնը տուաւ իրեն եւ ազգին Հայոց. սրբազան տաճարներ կանգնելով անոր, ինչպէս վկայէ իր վարքը տամառօտողաց մէկն. «Պսակեալ նա յերկուց թագաւորացն` եղեւ ճոխ թագաւոր. եւ արար խաղաղութիւն եւ շինութիւն աշխարհին Հայոց. շինեաց եւ բազում եկեղեցիս փառաւորս»: Որչափ մարդկան առջեւ բարձրացաւ եւ տիրացաւ, այնչափ աւելի զինքը խոնարհեցուց եւ ծառայեցուց Աստուծոյ` զգաստ եւ խոհեմ թագաւորն. որ գիտէր իւրաքանչիւրին իրեն վայլածը տալ, թէ Աստուծոյ, թէ մարդկան եւ թէ իր անձին եւ աստիճանին: - Երրորդ ընելիքն կամ գործն այլ էր` իր հին կամ սովորական զբաղմունքն. այսինքն արթնութեամբ դիտել բոլոր իր իշխանութեան եւ պաշտպանութեան տակ եղած աշխարհաց եւ գաւառաց հանդարտութիւնը, եւ նուրակօք կամ զօրօք կամ անձամբ` կարգի եւ խաղաղութեան բերել խռովեալները եւ գրգռեալները. եւ յայսմ` ոչ թագին նայելով եւ ոչ ծերութեան, իր սպարապետ եղած տարիներուն պէս` ինչուան մահուն տարին այլ անդադար գործելու, շարժելու, տեղէ տեղ փութալու երթալու գալու հետ էր. իբրեւ երիտասարդ նահատակ ամեն վտանգի մէջ յառաջադէմ վազելով եւ միշտ յաղթող կամ փրկող դառնալով: Քառասուն տարի ոչ ոք կրցաւ գլուխ քաշել կամ ազատիլ իր ամենահաս երագութենէն, եւ ոչ ոք վտանգիլ` իրեն ապաւինողներէն. միայն մահն կրցաւ զինքը դադրեցընել, այն այլ դարձեալ ճամբու վրայ հանդիպեցաւ, անոր բարեկարգիչ արշաւանաց մէջ: Որոնք կակուղ բազկաւ երկընցուց թագաւորական գաւազանը, իսկ որոնք դեռ խռովութիւն կամ բռնութիւն սիրէին, իմացուց անոնց որ գաւազանին հետ դեռ զէնք այլ կրնայ վերցընել իր քաջակորով ձեռքն. որոյ համար համառօտ գրութեամբ վկայէ ժամանակակիցն (Թովմաս), թէ մինչեւ ի մահն` «Ձեռն նորա յամենեսին, եւ ամենեցուն ձեռք ի նա»:

Այս ետքի տարիներուս մէջ յիշուած գլխաւոր դիպուածքն եւ գործք Աշոտոյ` եղան մէկ մը հիւսիսային եւ կովկասեան կողմերը, մէկ մ՚այլ իր անհանդարտ Արծրունի փեսային հոգերը. որ վերջապէս իր անխոհեմ շարժմանց զոհ եղաւ: Ճարտարութեամբ մը այս ճշմարտութիւնը կու խոստովանի ծանր եւ զգուշաբան կաթուղիկոս պատմիչն. «Գրիգոր` որ Դերենիկն անուանէ, եւ էր նա այր սէգ եւ զգաստ եւ սօս ի գնացս ոտից, եւ զօրաւոր արդեամբք եւ բանիւ. եւ անօրինէր միշտ յամենայն բարեձեւութիւնս բերիլ: Եւ վասն զի փեսայացեալ էր նա Աշոտոյ…, սակս այնորիկ հայրախնամ կամօք եւ խոհական սիրելութեամբ միշտ խրատ բարեաց նմա մատուցանէր. որոյ եւ յ՚սկզբան անդ ընկալեալ հլու եւ զգօն մտօք` հաւանէր ընդունել, եւ յոտին զբոլոր թշնամիս ի սադրելոյ կացուցանէր, եւ խաղաղութեան եւ շինութեան պարապեալ` յապահովս ի բնակութեան իւրեանց պատրաստէր զհայրենի տէրութիւնն իւր ի բոլոր հինից: Բայց յետոյ ի կամս անձին զինչպիտութեան բերեալ, ոչ անսայր բանի խրատու աներոյ իւրոյ, որպէս յերեկն եւ յեռանդն. եւ չլինէր նմա այն յաջողումն ինչ ի բարութիւնս»:

Ոչ թէ միայն բարւոյ յաջողութեան արգել եղաւ Դերենկայ կամապաշտ զինչպիտութիւնն, այլ եւ չարի պատճառ եւ անդարման չարի: Վերն յիշեցինք իր քեռորդին Հասանիկը բռնելը եւ արձակելը. երկուքն այլ խարդախ ճամբաներ գացին, երբեմն իրարու դէմ, երբեմն իրարու կողմ. այս անգամ այլ (Աշոտոյ թագաւորութենէն քանի մ՚ամիս ետքը) Դերենիկ արձակեց զՀասանիկ, որ անոր ձեռքով ուրիշ մը բռնէ: Այս որսն էր Գագիկ Ապումրուան ըսուածն, որդի Վահանայ, մեծապատիւ արծրունի իշխան մը, որ հետ իր հօրն եւ Դերենկայ եւ անոր հօրն` Բուղայէն բռնուած եւ գերի գացած էր, եւ խնամի էր իր մօրը, որով եւ թագաւորին. հիմայ Դերենիկ ասոր վրայ կասկածելով թէ Աշոտ կուրապաղատին (Տարօնոյ) համախոհ էր, խոստացաւ Հասանկայ` իր Սեւան. բերդը եւ երկիրները յետ դարձընել, եթէ բռնէ եւ իրեն բերէ զԳագիկ. վասն զի սա կասկածելով իրմէ` ամրացեր էր ի Ճահուկ բերդի, Կորդուաց աշխարհին կողմերը: Հասան իբրեւ փախստական ի քեռւոյն` գնաց եւ խաբեց զԳագիկ, եւ հոս այլ իր առաջի հնարքը բանեցընելով, կեղծ հիւանդութիւնը, ապահովցուց իր հիւրընկալը. եւ անոր քնացած ատեն` բռնեց եւ երկաթի շղթաներով բերաւ առ Դերենիկ. սա այլ խաւրեց ի Վան, պահել ի բերդին. իր տիկնոջն այլ յանձնեց, (որ այն ատեն ի Վան էր), զգուշանալ որ չփախչի բանտեալն: Այս բանս ի հարկէ մեր թագաւորին անհաճոյ էր. բայց տհաճութիւնն աւելի գրգռել կու ջանար այն ոխակալ Եմէնիկն, որ նախ զԴերենիկ հրապուրեց ինքն իր գլխուն գործելու եւ աներոջը չհարցնելու, եւ զԱպրիաս Կայսիկն այլ նորէն շարժել ուզեց, նոյնպէս զուրիշներն այլ. յետոյ խորամանկութեամբ մէկ կողմէն առ Աշոտ գրեց Դերենկայ վրայօք` որպէս թէ ապստամբօրէն ուզածը կ՚ընէ եւ կ՚արհամարհէ զթագաւորը, մէկ այլ կողմէն ձայն հանել տուաւ թէ Աշոտ թագաւոր Դերենկայ նեղացեր է եւ կ՚ուզէ բռնել զնա:

Դերենիկ զամենքն այլ արհամարհելով` աշնան վերջերը (887) ելաւ երթալու ի Մառական աւանն, որ Երասխ գետոյ մօտերն է, Վասպուրական աշխարհին հիւսիսային կողմերը, Ճուաշ գաւառին մէջ, եւ հին ատենէն ի վեր` այն աշխարհին տեարց ձմերանոցն էր, խորադիր եւ տաքուկ տեղ մ՚ըլլալով: Շիտակ եւ մեծ ճամբով երթալու համար պէտք էր անցնիլ Հերայ գաւառէն. այս երկիրս որ հիմայ Խոյ կ՚ըսուի եւ Պարսից իշխանութեան տակ է, հին ատեն մեր Պարսկահայոց առաջին գաւառն էր, բայց աշխարհագրական դրիւք աւելի Վասպուրականի մաս կըրնար ըլլալ, եւ այնպէս այլ եղած էր. այս պատմութեան ատեն եւ աւելի առաջ` արաբացի կողմնակալ մը կու տիրէր հոս, բայց Ապահունեաց եւ Խլաթայ իշխանաց պէս` Աշոտոյ իշխանութեան տակ. երկրին մերձաւորութեամբն` կերպով մը Դերենիկ այլ իրաւունք ունէր անոր վրայ: Կողմնակալն` որ Ապլ - փէրս անուանէր` գիտնալով անոր միտքը, միանգամայն վախնալով ի թագաւորէն, երկուքին այլ հպատակութիւն եւ բարեկամութիւն կու ցուցընէր. իսկ հիմայ անշուշտ Եմէնիկէն սիրտ առած` խարդախութեամբ անզգամեցաւ: Իր վրայ այլ կասկածողք կային, եւ իմացուցին Դերենկայ որ զգոյշ կենայ ճամբուն. ոմանք այլ կ՚ըսէին որ թագաւորն պիտի բռնէ զինքը. այս բանէս կրնար ապահով ըլլալ, բայց ոչ նոյնպէս այլազգիէն: Դերենիկ սովորական յանդգնութեամբն յառաջ անցաւ. մտաւ Հերայ (Խոյի) գեղեցիկ դաշտավայրը եւ իջաւ ի գեղն Փեռոտակ, քաղաքին մօտ: Քաղաքապետն իր պատրաստութիւնները տեսնելէն ետեւ` հրաւիրեց զԴերենիկ ի քաղաքն, նա յանձն չառաւ հոն երթալու, բայց միայն ճամբուն վրայ տեսնուելու. եւ երբ ինքն երկրորդ օրն որսի ելեր էր, քովիններն նորէն ազդեցին իրեն որ հեռանայ անկէ. նորէն չլսեց: Մէկ մ՚այլ իմաց տուին որ Ապրիէրս կու գայ զինքը բարեւելու. Դերենիկ տեսաւ անոր թիկնապահ զօրաց գունդն` որ իբրեւ ի պատիւ իրեն դիմաց գային. մտրակեց, եւ «ճեմս առեալ սիգաքայլ երիվարուն` եհաս… միայն եւ առանձինն ի յառուամէջ տեղւոջ». այնպէս տեղ մը որ երկու կողմէն այգիներ էին, մէջէն յորդահաս առու մը կ՚անցնէր, եւ ոչ ոք կու համարձակէր անկէց անցնիլ. միայն Դերենիկ մէկ մ՚այլ մտրակեց զձին եւ ճղքեց ջուրը. ցատքեց այն դին. մէկէն հոն չարուած այլազգի զօրքն երկու բաժնուելով թողուցին որ մէջերնէն անցնի կտրիճն. նա անխոհեմաբար մինակ յառաջեց, Ապլփէրս այլ դիմացն ելաւ, «եւ գիրկս զպարանոցաւն արկեալ` տայ զյուդայեանն համբոյր»: Այն ատեն զօրքն ետեւէն պատեցին զնա. ոմանք ձիուն սանձը քաշեցին, ոմանք վրայի սուրը բռնեցին, ուրիշներն այլ որով եւ նիզակաւ կռնակէն զարկին. վար ձգեցին, ինկնալու ատեն մթնցած աչուըներն ողորմուկ յետ դարձուց` օգնական պաշտպան փնտռելու. բայց իրեններն ջրին այն դին էին, եւ շփոթելով ու վախնալով փախան, միայն Ամատունեաց ցեղին գլխաւոր իշխանն տիրասիրութեամբ բռնուեցաւ: Քաղաքին Հայ վաճառականքն գնեցին Դերենկայ մարմինը, եւ իշխանաց պատուով պատեցին. այն տեղի եպիսկոպոսն Դաւիթ այլ արժանաւոր յուղարկաւորութիւն ըրաւ. եւ թաղեց եկեղեցւոյն մէջ. ինչուան որ յետ ժամանակի` մեռելոյն անդրանիկն եկաւ առաւ հօրը մարմինը եւ տարաւ հանգչեցուց Արծրունեաց հին քնարանը, ի վանքն Խաչի` որ ի Հադամակերտ Աղբակայ: Բոլոր Վասպուրական աշխարհն տասն ամիս սուգ ըրաւ Դերենկայ վրայ, որ իբրեւ 40 ամեայ էր մեռած ատեն, իսկ իւր անդրանիկն` հազիւ տասնամեայ:

Աշոտ թագաւոր, որ այս միջոցիս Կովկասեանց հոգով զբաղած էր` խաւրեց իր ժիր նուիրակ Շապուհ որդին, որ իր համանուն թոռը զԱշոտ զանդրանիկն Դերենկան` ժառանգեցընէ հօրը աթոռոյն, եւ անոր մայրն այլ քաջալերէ, (Սոփի տիկինը) որ էկրանը մահուան վրայ շատ սրտակոտրեր էր. եւ հիմայ եղբայրը տեսնելով եւ զանդրանիկն այլ Արծրունեաց տէր դրուած` քաջալերեցաւ. սկսաւ ոչ միայն մօր պէս` այլ եւ թագուհւոյ պէս խնամեալ որդիքը եւ զաշխարհը. հարցուց հօրը` Ապումրուանին վրայ, եւ պատուէր առաւ որ արձըկէ ու սիրով պատուէ, եւ որդւոցը խնամակալ կարգէ, ինչուան որ չափահաս ըլլան, եւ կարենան ինքնիրեննուն կառավարել: Յաջորդ տարւոյն (888) ետքերը Աշոտ թագաւոր` Վրաց գործերը շտկած ըլլալով, անձամբ եկաւ ի Վասպուրական, դուստրը (Վոփի) եւ թոռնեը մխիթարելու հայրաբար. միանգամայն եւ խնամակալ թագաւորի պէս նորէն հանդիսիւ հաստատեց զԱշոտ թոռը ի տէրութեան Արծրունեաց. անոր երկու եղբարցն այլ պատշաճ պատիւներ եւ իշխանութիւններ տուաւ. նոյնպէս զԱպումրուան այլ հաստատեց անոնց խնամակալութեան եւ պաշտպանութեան մէջ, կառավարութիւնն այլ յանձնելով Սոփի տիկնոջ, եւ ամեն բան կարգի դնելով` դարձաւ իր տեղը:

Կովկասեանց կամ Վրաց շփոթութեան պատճառն` մէկ մ՚էր այն Ներսեհն` զոր նախ յիշեցինք. մէկ մ՚այլ Ափխազաց թագաւորք` որ իրարմէ կու յափըշտակէին թագը: Այսպիսի էր եւ Յովհաննէս թագաւորն, որ զրկելով զԲագարատ` զորդի Դեմետրի թագաւորի, իր որդին Ատրներսեհը թագաւոր դրաւ մահուան ատենը (879). Բագարատ փախաւ ի Կ. Պոլիս, եւ քանի մը տարիէն դառնալով` իր կուսակցաց օգնութեամբ սպաննեց զԱտրներսեհ եւ տեղն անցաւ (887). անոր այրին այլ առաւ ի կնութիւն, որ էր քոյր Ներսեհի. եւ զսա այլ կանչեց ի Յունաստանէ, եւ բաւական զօրք տալով` անոր ուզածին պէս թողուց որ կոխէ Վրաց երկիրը եւ խլէ անոր երիտասարդ իշխողէն, որ էր անուանին Ատրներսեհ (որդի Դաւթի), եւ իր հայրենիքը ժառանգեր էր մեր Աշոտոյ խնամակալութեամբ. մինչդեռ սա այս միջոցիս նոր թագաւորեր եւ քաղաքական կարգադրութեանց զբաղեր էր. Ատրներսեհ իրեն օգնական գտաւ զԼիպարիտ, նախահայր, մեծ եւ անուանի տոհմին Ուռպելեանց, որ Թռեղաց գաւառին կու տիրէր, եւ զԳուրգէն` Տայոց մէկ մասին տիրող կուրապաղատն. մեր թագաւորն այլ օգնական գունդ մը խաւրեց. որովք Ատրներսեհ սիրտ առաւ իր հակառակորդին` Ներսեհի` դէմ ելլելու. Ախալցիխէի կողմերը, Կուր գտեոյն եզերքը հանդիպեցան իրարու, եւ սաստիկ պատերազմ եղաւ. որովհետեւ Ներսեհի եւ Ափխազաց հետ միացեր էին Ալանք կամ Օսք այլ. բայց վերջապէս անոնք յաղթուեցան, Ներսեհ բռնուեցաւ եւ սպանուեցաւ (888) յԱսբինծա աւանի (յարեւելակողմն Ախալցիխէի):

Ասկէ վերջը կ՚երեւի թէ Աշոտ թագաւոր անձամբ եկաւ այս կողմերս եւ օրինաւոր իշխանաց յանձնեց. անկէ մտնելով Կովկասայ լերանց մէջ` նուաճեց Վրաց թշնամիները եւ Ներսեհի նիզակակիցները, զԱլանս եւ ուրիշ լեռնաբնակ ցեղեր. որոց համար կ՚ըսէ կաթուղիկոս պատմիչն. «Ձեռն զհիւսիսական կողմամբն արկեալ, ի ծործորս մեծի լերինն Կովկասու, որ ի հովիտս եւ ի դաշտս երկայնագոգս բնակեալ էին ազգք, ընդ իւրեաւ հնազանդեցուցանէր»: Մեր օրերս անգամ յայտնի է, թէ ո'րչափ ոյժ եւ խելք պէտք էր Կովկասեան այն բնապարիսպ լերանց ազատ որդիքը սանձելու կամ ասպատակութենէ դադրեցնելու:

Աշոտ իր խնամոց յանձնուած երկրին հիւսիսակողման մէջտեղուանքը հանդարտեցընելէն ետեւ` անոր երկու ծայրերն այլ նուաճեց, որ կերպով մը աւելի դժուար էին: Վասն զի արեւելեան կողմը կ՚իշխէին Ուտիացիք, որ են հին Հայոց 15 աշխարհաց մէկն, Աղուանից, Վրաց եւ Կովկասեանց սահմանակից. որոց նման իրենց երկիրն այլ լեռնոտ եւ ամուր ըլլալով, հոս կտրիճ բայց եւ անկիրթ իշխանք իրենց ազատութիւնը պահած էին Հագարացւոց բռնութեան ատեն այլ: Ասոնց մեծ իշխանն էր Ստեփանոս Կոն` որ եկաւ առ Բուղա, եւ նահատակուեցաւ ի Բաբելոն: Այս կողմերուս հին Հայկազանց ժամանակէն տիրողք Սեւուկ նահապետին անուամբ, այս ատեններս այլ Սեւորդիք անուամբ ծանօթ եւ ահարկու էին մերձաւորաց եւ Արաբացւոց, իրենց շինած կտրուկ սրովն: Հիմայ Աշոտ «զելուզակուտ մարդիկ Ուտի գաւառի առհասարակ ընդ ձեռամբ նուաճէր. ի բաց ի նոցանէ հերքելով զաւազակութիւնն մարդադաւութեան, եւ իբրեւ օրինաւորս եւ հլուս զամենեսեան կազմէր, եւ առաջնորդս եւ իշխանս նոցա կացուցանէր»:

Իսկ արեւմտեան սահմանածայրն էր` Ափխազաց երկիրն կամ Եգերաց, որոց թագաւորն` սահմանակից տիրապետաց մէջ ամենէն զօրաւորն էր, ինչպէս առաջ այլ յիշեցի, միանգամայն եւ ինքնագլուխ թագաւոր ճանչցուած. հիմայ Բագարատ Ներսեհի կողմը բռնելով` Հայոց այլ թշնամացեալ էր. բայց նախ անոնց զէնքովը յաղթուելով, յետոյ Աշոտոյ մարդասիրութենէն, խոնարհեցաւ ի հաշտութիւն եւ ի դաշնակցութիւն, որդիաբար մեծարելու իրմէ մեծ թագաւորը. ինչպէս վկայէ եւ վերոյիշեալ պատմիչն մեր. «Այլ եւ զթագաւորն եւս Եգերացւոց ի սէր միաբանութեան ընդ իւր կապակցեալ` այնպէս նմա այցելէր, մինչ զի անընդհատ յորդիութեան սակի գոլով` մտերմամբար պարտավճար միշտ նմա ի ծառայութիւն բերէր»:

Այս դժուարին գործերը յաջողութեամբ լմընցընելէն ետեւ էր որ Աշոտ թագաւոր գնաց ի Վասպուրական, իր թոռանց ժառանգութիւնը եւ իշխանութիւնը կարգի դնելու: Նոյնպիսի կարգաւորութիւն մ՚այլ ըրաւ Սիւնեաց երկրին մէջ. վասն զի գրեթէ նոյն ատեն մեռաւ Վասակ Իշխանիկն` երկրին մեծ իշխանն. Աշոտ` անոր եղբայրը եւ իր անուանակից Աշոտը հաստատեց ի նահապետութիւն Սիւնեաց. եւ երկուքին որդւոց ժառանգութիւններն այլ որոշեց: Այս Աշոտս այլ իր եղբօրը (Վասակայ) պէս հլու եւ հաւատարիմ եղաւ մեր թագաւորին, եւ յետոյ ասոր որդւոյն` Սմբատայ: - Իսկ մէկայլ Սիսական Վասակն` փեսայն թագաւորին` շատոնց մեռեր էր երիտասարդ հասակաւ, եւ այրիացեալ տիկինն Մարիամ երեք կտրիճ որդւովքն` Սեւանայ ծովուն եզերքը կու շէնցընէր վանքերով եւ եկեղե­ցի­ներով, թէ հօրն ատեն եւ թէ իր եղբօրը` Սմբատայ` թագաւորութեան ժամանակ:

Իսկ մեր թագաւորին միւս դուստրն Սոփի` այրին Դերենկան` իրեն պէս երկարակեաց չեղաւ. էրկանն չարաչար եւ ցաւագին մահն անբժշկելի վէրք բացեր էր սրտին մէջ. քսան ամսէն (889) «եւ ինքն Սոփի անհամեմատն ի կանայս` ըստ նմանութեան ամուսնասէր տատրակի հրաժարեալ յամենայն վայելչութեանց կենցաղականացս, խանդակաթ լինելով, ոչ ժուժեալ սրտին նեղութեան փոխի յաշխարհէս. խաղաղութեամբ ննջեալ ընդ հարս իւր. թողեալ զմանկունսն տղայս եւ անտարակոյս հասակաւ». որք մեծ ցաւով եւ ոգով տարին մարմինք հանգուցին Դերենկայ քով: Շահասէր իշխանք եւ զօրաւորք կու փափագէին խաբել որբացեալ իշխանորդիքն, «այլ ոչ իշխէին յերկիւղէ մեծին Աշոտոյ թագաւորին Հայոց». որ իր կորիւն թոռները առաջուընէ աւելի հայրաբար խնամեց, ինչպէս իր բնիկ իշխանական աշխարհն եւ ուրիշ պաշտպանեալ աշխարհներն այլ շէնցընելով, դեռ տարի ու կէս, մինչեւ իր վախճանն, որ կենացն համեմատ եղաւ արժանաւոր եւ փառաւոր:

ԺԹ

Աշոտոյ հին նախահաւան եւ նախօրինակն իշխանութեան, առաջին սուրբ եւ տօնելի թագաւորն Դաւիթ մարգարէ, մարդուս կենաց կարողութեամբ վայելելի սովորական չափն ըսաւ 70 տարի. ինքն այլ նոյն տարին չանցաւ. իր առաջին քրիստոնեայ սրբակաց թագաւորն պայազատն` Աշոտ այլ գրեթէ նոյն շըրջանը բոլորեց եւ կնքեց, 71 տարին. ի վերջ 890 թուականին Քրիստոսի, կամ թերեւս ի 1 փետրուարի 891 ին. վասն զի այս օրուանս կու զուգակցի մարերի 20 ն (յորում անոր յիշատակն դրուած է) ՅԼԹ թուականին Հայոց, յորում մահն նշանակի: - Թէպէտ եւ կենաց վերջին երկու տարիներուն մասնաւոր դիպուած մը չիպատմուիր, բայց` ինչպէս նախ յիշեցինք` Աշոտ անդադար էր հարկաւոր գործոց մէջ, որոց հաղորդ եւ ընկեր էին չորս կտրիճ, չափահաս եւ բարեկիրթ որդիքն: Անդրանիկ Սմբատն, զոր Իշխանաց իշխան անուաներ էր, այն զօրոք Գուգարաց կողմերն էր, դարձեալ Վրահայոց մէջ ծագած շփոթութիւն մը խաղաղցընելու, կամ ապստամբները նուաճելու համար, ինչպէս կ՚ըսէ ժամանակակիցն Յովհ. կաթողիկոս, եւ ուրիշ բան չաւելցըներ. իսկ Վրաց պատմիչն յիշէ, որ նոյն ատեն Գուրգէն կուրապաղատ` մեր թագաւորին քեռայրն` իր Տայոց Քալմախ իշխանանիստը եւ Արտանուշ մեծ քաղաքը թողլով, գնաց բնակելու Շաւշէթի եւ Արտահանու կողմերը, (որ Գուգարաց արեւմտեան գաւառներն են, եւ) որոց վրայ առաջ ուրիշ իշխան կար, եւ շատոնց Վրաց իշխանապետին պաշտպանութեան տակ ընկած էին: Հիմայ այս բանս տհաճութեան եւ կռուի պատճառ եղաւ Ատրներսեհի` Վրաց գլխաւորին եւ Գուրգենի մէջ, ինչուան պատերազմի ելան Արտանուշայ դաշտին մէջ. Գուրգէն յաղթուեցաւ եւ վիրավորեցաւ. եւ վերջը նոյն վիրաց ցաւով մեռաւ (891): Թուի թէ այս կամ ասկէ պատճառած դիպուածի համար էր հոն ղրկուած Սմբատ. մինչդեռ հայրն գուցէ ուրիշ գործ մը շտկելու համար ձմեռ ատեն ճամբայ ելեր էր իր բնաշխարհին մէջ, երբ վրան ծանր հիւանդութիւն եկաւ. եւ չկարենալով աւելի առաջ երթալ կամ յետ դառնալ, դադրեցաւ ի Քարսպառ ըսուած ապառաժոտ բարձրահայեաց սարատափ տեղ մը, որուն աշխարհագրական դիրքն անծանօթ է ինծի, եւ կարծեմ յԱյրարատ գաւառի:

Այն Քարսպառ գահաւանդն եղաւ Աշոտոյ կենաց սպառիչ սահմանաքարն. եւ անոր բարձրութենէն դարձուց աչուըները յետս` իր եօթանասնամեայ կենաց ընթացից վրայ, եւ ի վեր` հանդերձեալ կենաց անսպառութեան վրայ: Մարդոյ, եւ մեծիշխան մարդոյ արժանավայել էր կտած ընթացքն. կըրնար անվախ նայիլ եւ ըսել. «Զընթացսն կատարեցի». հայրենեաց, եկեղեցւոյ եւ ընկերակցաց համար էին իր երկայն աշխատանքներն եւ մրցանքն. կըրնար այլ ըսել. «Զբարւոք պատերազմն պատերազմեցայ», բարեսէր եւ քաջահաւատ հոգին կըրնար յուսալ արդարութեան երկնաւոր պսակին, անկէ` որ հոս տուաւ իրեն երկրաւոր պսակը. զոր հիմայ վար դնելով ընդ մէջ հանդերձեալ կենաց արշալուսոյն եւ մահուան ստուերներուն, հաւատարիմ քրիստոնէի զգաստութեամբ պատրաստեց զհոգին այն մեծ փոփոխութեան: Մինչդեռ որդիքն եւ սիրելիքն իրեն առողջութեան եւ հանգստեան խնամք կու մատակարարէին, ինքն ամենէն քաջահոդ` բերել տուաւ զքահանայապետն Հայոց, եւ միջնորդ կեցուց վերջին անգամ ընդ Աստուած եւ ընդ ինքն` վսեմ գլուխն` անթագ խոնարհեցաւ խորին խոստովանութեամբ մարդկային բնութեան եւ մտաց տկարութեանը, եւ ընդունեցաւ Աստուծոյ օծելոյն ձեռքէն եւ բերանէն զկնիք եւ զաւետիս թողութեան եւ հաշտութեան, ընդունեցաւ մարդացեալ Անմահին եւ երկրպագելի եւ փրկարար մարմին եւ արիւնը, գոհացաւ զԱստուծոյ` որ առաւել քան զթագն եւ զծիրանին` արժանացուց զինքն այս սուրբ եւ աննման խորհրդոց, զոր ոչ ճանչցան եւ ոչ ճանաչեն կարծեցեալ գիտունք աշխարհի եւ փետրագլուխ փիլիսոփոսք:

Որդւոց եւ մերձաւորաց ժառանգութենէն աւելի իր պաշտած հեզ Քրիստոսին ժառանգակիցները հոգաց. - աղքատները եւ կարօտեալները, ոչ միայն դեռ շունչն վրան եղած ատեն բաժնել տուաւ լեցուն գանձեր ոսկւոյ, այլ եւ յանձնեց կաթուղիկոսին շատ ստակ եւ ըռզակ, ոչխարաց եւ նախրաց բազմութիւն, ձի եւ գրաստ, որ առատապէս բաշխէ եկեղեցեաց եւ վանորէից եւ որու որ արժան համարի, եւ ամեն տեղ իր հոգւոյն համար աղօթք եւ պատարագ ըսել տայ: - Հոգւոյն պէտքն լաւ հոգալով, զաւակաց եւ պայազատացն այլ հարկաւոր խրատ եւ պատուէրներ տալով, աւելի սքանչելի օրինակաւն քան վսեմական խօսքովն, իբրեւ ամեն բան թուով եւ կարգով շարելով եւ շարժելով, ինչպէս որ բոլոր կենաց գործերն այլ կարգաւորեր էր, իբրեւ յետին կանոնաւոր եւ սահմանեալ գործ մը` կատարեց անշփոթ զգաստութեմ»ամբ եւ վայելչութեամբ զմեռնիլն այլ զոր գրեթէ ամենայն պատմիչք խոր զգացմամբ կ՚իմացընեն. «Եւ այսպէս ապա զպիտառոցեալ պէտս արտաքնոցս (ստացուածս`) ի մաքրութիւն նորոգման ներքին մարդոյն անտեսաբար կենսացուցանէր: Յետ որոյ բարւոք ծերութեամբ ըստ բուսոյ բարեազգեաց բարուց` հանգեաւ ի Քրիստոս»: - «Յետ զամենայն ինչ ըստ Աստուծոյ հաստատելոյ` փոխի ի կարգ սուրբ թագաւորաց»: - «Զի էր այր քաղցր եւ հեզ եւ անարատ»: - «Ալեւորեալ վախճանեցաւ աստուածապաշտութեամբ եւ լի հաւատով եւ փոխեցաւ յանանց թագաւորութիւնն երկնից»: - «Փոխի յաշխարհէս ի բարիոք ծերութեան քաջավայելչագոյնս զթագաւորութեանն կատարելագործեալ զժամանակն»:

Մեծին Աշոտոյ (որ հիմայ ոմանց առիւծ մը կ՚երեւէր ի քուն ծանրութեան, ոմանց սիրելի եւ ալեւոր հայր մը ընտանեաց մէջ նահապետօրէն վախճանած, ոմանց դեռ թագաւոր ի մտածման հարկաւոր խորհրդոց, եւ ամենայն խոհական ճանչցողաց` արդարակորով եւ մաքրակենցաղ մարդ մը վախճանեալ սրբութեամբ) մեծահանդէս եղաւ եւ յուղարկաւորութիւնն. ինչպէս մեր հին թագաւորաց մէջ յիշուի միայն Տրդատայ եւ Բ Արտաշիսի: Երախտագէտ որդիքն եւ հպատակք` ուզեցին անոր արժանեաց եւ պատւոյն համեմատել նաեւ սգոյ հանդէսն եւ կազմուածքն. «ոսկէհուռ հանդերձիւք եւ ոսկէզօծ վառիւք զդագաղսն զարդարեալ». զոր Քարսպառէն վերուցին տարին ի Բագարան, որ թագաւորանիստ քաղաք էր եղած, միանգամայն եւ յետին հանգստարան ոմանց ի Բագրատունի թագաւորաց, եւ նախ մեր Աշոտոյ, որ հաւանօրէն առաջուց հոն պատրաստեր էր իրեն հանգստեան մատուռն եւ քնարանը: Բոլոր ճամբան այս երկու յիշեալ տեղեաց մէջ` (որուն երկայնութիւնը չեմք գիտեր) հանդիսաբար յուղարկաւորութիւն եղաւ. Գէորգ կաթուղիկոս` եկեղեցական դասականութեամբ եւ պաշտօնէիւք եւ հոգեւոր երգօք` առջեւէն երթալով. «եւ խումբք զորաց զինուք եւ զարդուք, ընտրանօք եւ նշանակօք շուրջ պաշտպանեալք», իսկ դագաղաց ետեւէն եւ անմիջապէս մօտէն` կ՚երթային իբրեւ սգագլուխք` երեք թագաւորորդիքն, Շապուհ, Սահակ եւ Դաւիթ, (վասն զի երէցն Սմբատ չկըրցաւ հասնիլ ի Գուգարաց կողմէն), եւ թագաւորին մերձաւոր ազգականքն եւ բարեկամք եւ պաշտօնեայք, ասոնցմէ վերջը, ըստ հին սովորութեան Հայոց, սգաւոր եւ սգաշարժ կուսանք եւ յացմայրք, երաժիշտք եւ ողբերգակք, թարգմանք եւ վկայք քաղաքական եւ բնական սգոյ ցաւոց ընտանեացն, հայրենեացն եւ բոլոր պաշտպանեալ ազգաց, եւ այլ ետեւանց «բազմութիւն ռամկացն եւ անռամկաց»: Յետին հանդէսներն այլ կատարելով ի Բագարան, «ապա կազմեալ տապան թագաւորական` եդին զնա ի քնարանի հարց իւրոց»: Իսկ յիշատակը` ինչպէս ի սկզբան պատմութեանն ըսի, աստուածընտիր սրբոց հետ խառնեցին յեկեղեցիս Հայաստանեայց, ի պատիւ նորա եւ ի փառս ամենախնամն Աստուծոյ:

Ի

Աշոտոյ հանգստարանին եւ յիշատակին մնաք բարով չըսած, թերեւս յետին բաեւ մ՚այլ տալ վայելէ անոնց` որ իր պատմութեան եւ գործոց մէջ ստէպ կամ մեծապէս հանդիսացան. արդէն կենաց օրէնքն` անոնց մէկ մասը յառաջ քան զԱշոտ վերուցեր ծածկեր էր աշխարհքիս տեսարանէն. - Վասիլ կայսրն հինգ տարի առաջ մեռեր էր, եւ որդին Լեւոն իմաստասէր թագակցէր Աշոտոյ. - բազմափորձանք պատրիարքն Փոտ գրեթէ Աշոտոյ հետ կատարեց կեանքը, (891): Աշոտէն ընտրեալ եւ զԱշոտ թագաւոր օրհնող կաթուղիկոսն Գէորգ, անոր անդրանիկ Սմբատն այլ օրհնեց, եւ անոր հետ տառապեցաւ Աֆշին բռնաւոր կուսակալին ասպատակութեանց ատեն, ինչուան կապուեցաւ եւ բանտեցաւ եւ ազատեցաւ միջնորդութեամբ Համամայ` Աղուանից իշխանապետին, որ եւ իբրեւ զատ ազգի գլուխ` յետ Բագրատունեաց` առաջին թագաւոր եղաւ. Գէորգ եօթն տարի յետ Աշոտոյ վախճանեցաւ (897): Տեղը գրեթէ հարկ էր որ դրուի աշխարհածանօթ եւ մեծահռչակ ճգնաւորն Սեւանայ եւ ծանօթն Աշոտոյ` Մաշտոց, որ եւ իր անուանակից եւ գործակից . Մեսրովպայ Մաշտոցի) նման` միայն վեց եօթն ամիս Հայոց հայրապետական աթոռը նստելով` մեռաւ նոյն տարին (897). եւ յաջորդ ունեցաւ իր ազգական եւ աշակերտը` Յովհաննէս Պատմիչը, որ մեր այս պատմութեան այլ գլխաւոր աղբերաց մէկն էր:

Իսկ յիշխանաց եւ ի մերձաւորաց Աշոտոյ` իր եղբայրն Սպարապետն Աբաս նախ քիչ մը դժուարացաւ եղբօրորդւոյն հնազանդելու, եւ հակառակեցաւ թէ' անոր եւ թէ Վրաց կուրապաղատին` Ատրներսեհի. յետոյ քիչ մ՚այլ իր կալուածներն ընդարձակելով Վանանդայ եւ Գուգարաց կողմերը` հանդարտեցաւ. եւ ինչպէս կ՚երեւի` քիչ տարիէ վախճանեցաւ: Իսկ Ատրներսեհ Վրաց համար եղաւ ինչ որ Հայոց` իր բարերարն մեծն Աշոտ, ինքն այլ թագաւորական պատւոյ հասաւ, եւ երկայն ատեն իշխելով` իր աշխարհը շէնցուց եւ զօրացուց:

Աշոտոյ թոռներէն, Սիսական իշխանքն` ինչպէս իրեն` նոյնպէս եւ Սմբատայ միշտ հաւատարիմ եւ հլու եղան, եւ ասոր պէս շատ նեղութիւն քաշեցին Աֆշինի եւ մանաւանդ անոր եղբօր Եուսուֆի բռնաբար ասպատակութեանց ատեն. իրենց բարեպաշտ եւ սիրելի մայրը, Մարիամ տիկինը` իրենց աշխարհին խնամակալ եւ պաշտելի անձի պէս հետերնին տանելով տեղէ տեղ բերդէ բերդ, եւ այն տարագիր տեղափոխութեանց մէջ մեռնելէն ետեւ այլ, նոյնպէս մարմինը հետերնին տարին, ինչուան որ բռնաւորն կորաւ, երկիրն խաղաղեցաւ, եւ դարձան, ու Մարեմայ մարմինը հանգչեցուցին անոր ձեռակերտ եկեղեցւոյ մը մէջ: - Արծրունի թոռունքն Աշոտոյ` իրենց հօր (Դերենկան) պէս վառվռուն եւ անհանդարտ եղան. բայց անդրանիկն Աշոտ աւելի հաւատարիմ եղաւ Սմբատայ, եւ երիտասարդ վախճանեցաւ (29 տարուան), յաջորդն` իր եղբայրն Գագիկ` Արծրունեաց աշխարհաշէն եւ փառաւորիչ դիւցազն կու ճանաչուի` բայց իր երկիրը ապահովելու համար` Յուսփայ (Եուսուֆ) հետ առանձին դաշինք դնելով եւ անկէ թագ առնըլով, իր քեռիէն (Սմբատայ) զատուեցաւ, եւ ասով մեղադրելի է: Միայն հոս յիշենք որ Սմբատայ պատերազմին ատեն ընդ Ահմատայ որդւոյ Յիսէի` վատութիւն եւ մատնութիւն ընող ու թագաւորին յաղթուելու պատճառ եղող Գագիկն` սա չէ, այլ Ապումրուանն, որ շատ անգամ յիշուեցաւ պատմութեանս մէջ, եւ որ այս յիշեալ դիպուածէն քիչ վերջը` սպանուեցաւ, որովհետեւ Արծրունեաց իշխանութիւնը կ՚ուզէր ձեռք առնուլ: Աշոտոյ որդիքներէն, Սահակ` իրմէ վերջը չի յիշուիր. Շապուհ` Հայոց սպարապետ եղաւ եւ Տերանց տէր. շատ շինութիւններ ըրաւ իր սիրելի քրոջ` Մարիամայ` երկիրներուն սահմանները. բայց ինքն այլ միւս եղբայրն այլ Դաւիթ` դեռ տարիքնին չառած մեռան եւ շատ սուգ պատճառեցին Սմբատայ:

Սա 24 տարի թագաւորեց` հօրը շատ կատարելութիւններն ունենալով եւ անոր արժանի պայազատ ըլլալով, բայց անոր նահապետական հեղինակութիւնը չէր կըրնար ունենալ իր պաշտպանութեան տակ եղած իշխանաց վրայ, որք Աշոտոյ որդիք սեպուէին, իսկ իրեն` եղբարք հաւասարք, եւ քիչ մ՚իրենք իրենցմէ, քիչ մ՚այլ ի Յուսփայ եւ յօտարաց գրգռեալ` սկսան հեռանալ միութենէն, իւրաքանչիւր իր երկիրը կամ գլուխը հոգալով: Ասով` Սմբատայ ամեն ջանքն չյաջողեցան, եւ վերջապէս յետ շատ առաքինի գործոց եւ աշխատանաց, իր խորամանկ երդմնազանց անգութ թշնամւոյն` Յուսփայ` անձնատուր եղաւ. գերագոյն առաքինութեամբ, իր հպատակները ազատելու համար, եւ անկէց այլ գերագոյն առաքինութեամբ մը մարտիրոսական քստմնելի տանջանաց համբերութեամբ` արեամբ նահատակուեցաւ ի վերայ հայրենեացն եւ սուրբ հաւատոցն (914). եւ իր պապուն նման Խոստովանող, եւ այլ փառաւոր անուամբ եւ իրօք Նահատակ կոչուեցաւ, եւ նշանագրեցաւ ի Յայսմաւուրս եւ ի Հայագիրն` յութ մայիսի:

Այսպիսեաց հայր եւ որդի Մեծն Աշոտ, այսպէս ապրեցաւ, գերազանց քան զանոնք եւ քան զշատս յիշխանաց եւ թագաւորաց` մեծագործութեամբ, քաջութեամբ, բարեպաշտութեամբ, խոհեմութեամբ, միանգամայն եւ յաջողութեամբ եւ փառօք եւ սիրով ժամանակակցացն եւ ապագայից: Այսպէս գիտցաւ յարմարեալ խղճին, պատւոյ, ժամանակին եւ հայրենեաց եւ ընկերաց օգտին: Այսպէս ազգայարոյց եւ ազգակեցոյց անձն եղաւ, արժանի երախտագիտութեան, զարմանաց եւ փառաց` աւելի աւելի քան մինչեւ հիմայ իրեն ընծայուածն, արժանի Հայոց նախաչար անուանց դասակցութեան, արժանի դիւցամեծար դրուատեաց եւ կրկնափայլ անմահութեան:

Ո՜րչափ երջանիկ եւ նախանձելի պիտի գրեմ զքեզ, Հայկակ, եթէ որ մը կամ գիշեր մը, պայծառ արեւ մը կամ տխրախառն լուսին մը լուսանան քեզի ի Բագարան, Ախուրեան գետոյն պղտոր պտուտից եւ անարձագանգ կարկաջանաց քով, այն համասփիւռ ջարդ ու բուրդ քարուցիր աւերակաց վրայ, որոնք միջօրէ ատեն անգամ սեւ ու սուգ կ՚երեւին, մեծ հնոցէ մը խանգրած մխոտած աղիւսներու նման. որոց դիմաց քանի մը ժամ հեռու Անի` թագաւորաց քաղաքն` դեռ պարիսպներով եւ եկեղեցեօքն կիսականգուն կայ. - Բագարան` երբեմն չաստուածոց բնակարան, յետոյ Բագրատունեաց արքայարան եւ քնարան` գետնի հաւասար է. քարերն աւագ ու մոխիր դարձած, մանրած թոռմած, միայն բերդի նշանակ մը կ՚երեւի քիչ մը բարձր, ծեր ու մէջքը կորացեալ պահապանի նման մաշած աշտարակով մը. չորս հինգ եկեղեցեաց պատերու մասունք կան քովերը, մէկ երկու արձանագիր, որոց հնագոյնն իսկ մեր Աշոտի մահուանէն դար մը վերջը փորագրած է. եկեղեցեաց մէկին մէջ գերեզման մը կայ, զոր Ս. Գէորգի նշխարաց հանգստարան կ՚ըսեն մօտաբնակ ժողովուրդն , եւ ուխտի կ՚երթան ու խնդրուածքնին կ՚ընդունին. բայց մէկայլոց քով այլ կան հնացեալ լուռ գերեզմաններ, միակ կանգուն շէնք Բագարանի, որք եւ ծածկեն զմեծագոյնն աւերակաց, զանցեալ ազգս մեր նախահարց: Այն սեւացեալ շիրմաց մէկը կ՚ուզեմ որ համբուրես, վրան գտնելով` եւ չորս դի քարէ քար թուփէ թուփ ալիքէ ալիք հնչեցընելով զանունն ՄԵԾՆ ԱՇՈՏ ԹԱԳԱՒՈՐ: