Յուշիկք հայրենեաց Հայոց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

  22 Ապրիլի 260.

Ա

ԱՊՐԻԼ ամսոյ 22, գ արնանաին եղանակի գ եղեցի՜կ օր, գ եղեցի՜կ եւ զբօսանք մտաց ու մարմնոյ ի գ եղեցկութեան վայրի, այսինքն ի բնութեան, ի մէջ նորաբողբոջ եւ բար գ աւաճ ծաղկանց եւ տնկոց, պայծառ ջրոց հեզասահ կամ կակաջուն գ նացից քով, դալարածայր ծառոց անուշահոտ ոստոց հովանեաց տակ, հաշտ եւ անկասկած երկնակամարին ներքեւ: Այսպիսի ատեն այսպիսի տեղ` քաղցր է թողուլ երբեմն ընտանի հո գ եր եւ առանձին մտածութիւններ (բարձրերն ան գ ամ), եւ առանց նուաստանալու ի մարդկութենէ` խոնարհիլ բնութեան ուրիշ անմեղ որդւոց հետ, մարդասէր կենդանեաց հետ խառնուիլ, խաղալ ընդ գ առին եւ ընդ ուլու, անոնց եւ մեզ համար հաւասար սփռուած մարմանդից վրայ, յիշել եւ կարդալ հին մարդկան հովուական երանախառն ըսուած կեանքը, գ ոնէ ըստ նկարա գ րութեան քերդողաց: Բայց ու՞ր են մեր հովուեր գ ակքն, ու՞ր Հայ Թէոկրիտք եւ Մառոնք, որ հռչակէին հայրենի եդեմաբուղխ գ ետոց հովիտները` ոչ պակաս, այլ եւ աւելի գ եղեցիկ եւ երջանիկ եղած քան զԱրկադիա: - Արկադիա՜. Յոյն եւ Լատին քերդողաց երազեալ Եդեմն, ուր ընդ ամենայն գ եղեցկութեանց բնութեան` ընդ հովտաց, ջրոց եւ բուսոց` խառնէր եւ եր գ ոց ներդաշնակութիւնն այլ, իբրեւ իր բնիկ երկրէն բղխելով, ուր հովուաց հեղինակն եւ պաշտպանն` պայիկն Պան` հնարեց Սրին գ ը, եւ շրջակայ գ եղեցիկ տեղեաց եւ անոնց միջի գ եղեցկաց անուններն` քաղցրալուր հռչակեցան: Երբ կաթնասուն շրթունք ի չար եղե գ անցն փսփսացին, տեղւոյն բրտաբարոյ բնակչաց վրայ անանկ երան գ երան գ քօղ իջաւ, որ բուն մարդավայել եւ երանա գ ոյն երկիր` այն տեղն կարծուեցաւ. վայրենի ու անկիրթ սեպուեցան սիրտ եւ ականջ` որ չհաւանին ատոնց կեղծեացն ան գ ամ, կամ չախորժին այսպէս գ արնանահոտ օրեր` պարապիլ անոնց հռչակողաց հռչակեալ գ րուածոց հետ, եւ նոյն ինքն հռչակող բանաստեղծքն` թէ եւ օտարք եւ հեռիք աշխարհաւ, այլ գ րեթէ կու հարկաւորէին իրենց գ ովանի հովիւները եւ եր գ ողները Արկադացի ընել. եւ թէ եւ ոչ պակաս քան զԱրկադիոյ` այլ գ ուցէ եւ աւելի գ եղեցիկ Իտալիոյ մասին վրայ, Մինշիոյ գ ետոյն հովտաց մէջ կ ՚ եր գ էր եւ եր գ ել կու տայր Մառո (Վիր գ իլիոս) իր Թիրսիսը եւ Կորիդոնը, բայց դեռ Արկադացի կ ՚ անուանէ զանոնք:

Երկաքանչիւր իսկ ծաղկատիք, երկաքանչիւր Արկադացիք

Եւ յեր գ ել հան գ իտազօրք, եւ յանդրադարձն դիմա գ րաւք:

Չըլլան մեզի այլ անախորժ, ո'վ Հայկակ, ոչ անուն, ոչ բնութին եւ ոչ եր գ իչք Արկադիոյ, մանաւանդ օտարաց մէջ` մեզի այնչափ քաղցր ըլլայ, որչափ անոր շինական եւ բնական վայրացը մէջ` կու լսենք ոչ սակաւ մեր հայրենի տեղեաց նմանաձայն անուններ, ինչպէս Փուլակ, Պետրոսակ, Պարոյր, Երիզան (Արածանի) գ ետ, Մելաս գ ետ, եւ այլն:

Այս յետին գ ետոյս` Երիմանդեանն Մելաս անունն` օրուանս յիշատակաց հետ խառնուելով, յափշտակէ զմեզ յԱրկադիոյ, անոր հովուաց եւ եր գ ոց հետ, եւ փոխադրէ մեր Գ Հայոց մելիտինեան Մելասա գ ետահովիտը. մեր Մելասն` որ ի շրջակայ լերանց Կապպադովկիոյ եւ Կոմա գ ենաց կ ՚ իջնէ, կու ձեւանայ եւ կ ՚ երթայ թափիլ յեդեմականն Եփրատ, եւ սա` մեծ դնդնչմամբ քարալեռներ կտրելով` հոս կու զատէ մէկմէկէ զՄեծ եւ զՓոքր Հայս, այս ետքինիս նահան գ թողլով զՄելիտինէ. զայն` զոր յառաջ քան զ4000 տարի` քաջ բազուկն Արամայ իբրեւ կամրջաւ իր բնիկ աշխարհին հետ միացուց: Հո'ս, այս մելիտինեան Մելասայ հայրենի հովտաց եւ առուաց եզերքը` կու հրաւիրեմ զքեզ այսօր, Հայկակ: Ե'կ, այս գ եղեցիկ ժամերուս եւ հովերուս` հան գ չինք ընդ հովանեաւ հացեաց եւ հանճարեաց, ընդ Դաբնիտեայ եւ Մելիբեայ, լսել եւ յիշել երջանիկ ժամանակաց, եւ երջանկա գ ոյն անձանց մրցանք մը` մեծա գ ոյն սիրով քան եր գ ով:

Ո'վ, քանի՜ վեհ ու վսեմ է քու հոսանքդ` ո՜վ Եփրատէս, որ մարդկութեան նախածնողին հետ` եւ անկէ այլ առաջ յիշուած` կ ՚ իջնես իբրեւ ընդ աստիճանս բազմադարեան ժամանակի` երթալ յանդունդ յաւիտենականութեան. - քանի՜ քաղցր կրկջալովկու խառնուի քու ծոցիդ այս մեղրածորան Մելասս այլ. որ թէ եւ անծանօթ եւ անայցելու է մնացեր ի վայրենասէր մուսայից, այլ ինծի հաճոյա գ ոյն եւ սրբա գ ոյն է քան զամենայն վտակս եւ հովիտս,, հովիւս եւ եր գ իչս Արկադիոյ: Չունի՞ միթէ եւ մերն Մելաս իր եր գ ով սիրով մրցողները, իր եռանդուն եւ զու գ ահասակ պատանիքը, իր աննման ջուխտակը, որք եւ

Երկոքեան իսկ ծաղկատիք եւ երկոքեան Մելիտացիք:

Հաւասարք յեր գ, յեր գ սուրբ սիրոյ, եւ ի մրցանս կազմապատրաստք:

Արդ բարո'վ երթան, ո'վ Մելիբէէ, քու ստեղծած եւ քու հռչակած Արկադացիքդ, եւ Թիրսիսն եւ Ալեքսն, իրենց ամենան եր գ երով եւ եր գ ոց առիթներովն, եւ գ ան մեզի, ու միշտ մնան` ճշմարիտ շնորհաց ծնունդք` հո գ ւով երկուորեակքն` Մելիտացիք մեր ազնիւք ՊՕԼԻՔՏՈՍ եւ ՆԷԱՐՔՈՍ: Ասոնք ոչ հովիւք արուեստիւ եւ եղե գ ով եր գ աշարժք, այլ հո գ ւով հետեւողք այն մեծի հովուին` որ հովուէ միշտ ի վայրի գ ալարւոջ եւ սնուցանէ առ ջուրս հան գ ստեան. մարմնով զրահաւորք եւ զինաշարժք` կայտառ կտրիճք. երկուքն այլ զինուորեալք հռովմէական բանակին ԺԲ գ նդին մէջ, այն գ նդին, որ երբեմն (յամի 174) ընդ Մ. Աւրեղիոսի կայսեր երթալով ի պատերազմ ընդդէմ բարբարոսաց, յերկիր անջուր եւ անապատ, եւ տարակուսել եւ ի վտան գ ել բանակին եւ պարապ տեղ կանչել անմռունչ եւ անականջ չաստուածներու, ընծայեց իրմէ գ ունդ մը մը քաջաց քրիստոնէից, որք սրտերնին եւ աշուընին յերկինք վերցընելով` առ Աստուած աղաղակեցին, եւ մէկէն թնդալով որոտացին անամպ անմրուր երկինք, կայծակներ թափեցան, անձրեւաց հեղեղք իջան, եւ մարմրած բանակն խմեց կենդանացաւ. անկէ ետեւ բարեւացապարտ զօրա գ ունդն այն` անմահացաւ Շանթաձի գ Լե գ էոն կոչմամբն յերկր, իսկ յերկինս` վկայութեամբ սուրբ հաւատոցն: Այս դիպուածէս դար մ ՚ ետեւ` սոյն անուամբ գ ունդ պահապան նստէր եփրատական կողմանց` ի Մելիտինէ քաղաք` զոր կայսերքն Հռովմայ ամրացընել տուեր եւ զօրանիստ սահմանակայ քաղաք պատրաստեր էին: Եւ ահա հոս այս գ նդիս մէջ զինուորեալ եւ յառաջացեալ էին մեր հո գ եզոյ գ խեղեփքն Պօլիքտոս եւ Նէարքոս, բնիկ իսկ տեղացիք:

Բ

Մելիտինէ վաղուց հայացեալ` յառաջադէմ այլ եղած էր ի հայութեան, ազնիւ եւ մեծ նախարարութիւն մ ՚ ընծայելով ազ գ երնուս եւ տէրութեան, որ կու յիշուի նաեւ ի Գահնամակին Խոսրովու (հօր Ս. Տրդատայ, որոյ թա գ աւորութեան ժամանակ ծաղկէին մեր նահատակքն, եւ որոց եղերական մահուան տարին (260) կատարուեցաւ մերոնց երանական հանդէսն այլ: Այս նախարարութեան պայազատն էր թերեւս Պօլիքտոս, զոր ամենքն վկայեն ազնուատոհմ ըլլալ, (Seiqnenr Armenien ըստ Գոռնէյլի), ապա թէ ոչ` անհաւատալի կ ՚ ըլլայ որ Փելիքս` հռովմէական կայսերաց կուսակալն` զիջանէր անոր կնութեան տալու իր դուստրը` Պաւլինէ կամ Բոլինա. ուրեմն թէ' քաղաքական եւ թէ զինուորական պատուով` առաջին ազնիւ երիտասարդն էր Մելիտինեայ մերս Պօլիքտոս: Այս անուն` եթէ կամօք աներոյն չէ հռոմացեալ` հարսին անուան մերձեցընելով, կրնամք յունացեալ կարծել, ինչպէս Ս. Եւստռատիոսեանց եւ ուրիշ հայազ գ ի սրբոց ոմանց անուանքն այլ. բայց անհաւան այլ չէ որ նոյն իսկ ազնուական Հայք խնամութեամբ Յունաց եւ անոնց դպրութեամբ վարելով այն ատեն` յունական անուններ այլ կու դնէին իրենց որդւոց. ինչպէս էր եւ Սալհունեաց սուրբ երիտասարդ Աթենոդոր, եւ մարդն այլ Աղուիթա: Արդ ինչպէս այլ ըլլայ` մեր Մելիտեան երիտասարդին անունն` որ յունարէն Բօլիէւքդոս գ րի եւ Բազմաղօթք կամ Բազմանուէր թար գ մանի, ի Լատինաց կերպ կերպ կոչի (Polieuctus Polioctus Polictus) ի մանաւանդ ի Հայոց, Պօզիէւքդոս, Պօզիւքտիոս, Պօզոքդիոս, Պողոքտիոս Պողէւքտիոս Պաւլիուքտ Պօլիքտոս. որոնցմէ առաջին հաւատարմա գ ոյն է յունական ձայնին, վերջին մեզի աւելի ընտանի եւ դիւրալուր: -

Զինուորութեան մէջ ինչուան ո՞ր աստիճան բարձրացեր էր Պօլիքտոս, չէ նշանուած. բայց միայն զի աստիճանաւոր էր, եւ քղամիդ ունէր եւ անտարակոյս է` որ իր հասակն, քաջութիւնն, արիւնն, փեսայութիւնն Փելիքսի` իրեն ցուցընէին եւ մօտեցընէին շատ բարձրա գ ոյն աստիճաններ եւ ընդարձակ սահման երկրաւոր փառաց եւ պատուոյ, որոց արժանաւոր էր` այն ձիրքերէն աւելի` բարուց լաւութեամբն: Զի էր ներքուստ եւ արտաքուստ կայտառ եւ աշխոյժ, եռանդուն եւ զուարթ խառնուածքով, լայն եւ բաց սրտով եւ ձեռքով, միայն պատերազմի բանակաց մէջ ահաւոր եւ շանթահար իսկ անկէ դուրս` նաեւ արիական սպառազինութիւնն` իր հասակին եւ երեսաց նօր փայլք մը տալով` կ ՚ երեւցընէր զինքն ըղձալի եւ սիրահար: Կարծես թէ գ եղեցիկ լաւութիւններն վառ ի վառ դրոշներու պէս հռոմէական ' հայրենի նիզակաց վրայ պլլելով` պիտի կարենար ամեն դժուարութիւն մերժել, ամեն յաջողութեան դուռ բանալ, եւ ըլլալ երկրիս երջանիկ վայելող եւ տէր մը: Գուցէ երբեմն ինքն այլ այսպիսի իղձերով եւ կենակցին սիրովն` կու լուղար ծանուցեալ եւ անծանօթ երանութեանց եւ յուսոց մէջ, բայց իր գ եղեցիկ եւ մեծ սրտին համար` անոր ստեղծողն գ երերկրեայ բարիք մը պատրաստեր էր:

Իսկ Նէարքոս, որոյ սեփական յիշատակն է այս օր (22 ապրիլի) հասակաւ, պատուով եւ սրտիւ մերձաւոր զու գ ակից Պօլիքտոսի, ունէր արտաքին փոքր զանազանութեանց մէջ` ներքին մեծ տարբերութիւն մ ՚ այլ: Զինուորութեամբ գ նդակից եւ աստիճանաւ այլ յառաջացեալ` անոր նման, ցեղիւն այլ անուական եւ մեծատուն, եւ հաւանօրէն ի նոյն Գ Հայոց սահմանէն, բայց ոչ ի բուն Մելիտինեայ, այլ ի Կանան, կամ ըստ յունացեալ կոչման` Կանանետոն քաղաքէ, այսինքն Կանանացւոց քաղքէն, որոյ դիրքն մինչեւ հիմայ անծանոթ է մնացեր, բայց միշտ կարծուած է մերձաւոր Մելիտինէի: Սակայն ոչ այնքան տեղեաւ, հասակաւ եւ բաղդիւ որքան սրտով մերձաւորք եւ համազոյ գ ք էին «Նէարքոս… եւ Պօզիոքտոս երանելի սուրբ վկայքն` եղբարք կոչէին, ոչ եթէ ազ գ ականութեամբ, այլ ըստ բարիօք յօժարութեանն եւ սրբոյ` հանդիպէին, եւ գ ըտանի սերտ սէրն զոր ունէին` կոչեցան բարեկամք եւ ընկերք, ըստ Աստուծոյ խորհրդեան գ տան խորհրդակիցք երկոքեան»: Այն սերտ սէրն այնքան մերձաւորեր, միացուցեր, ձուլեր էր զանոնք, որ ոչ երկիր եւ ոչ երկինք կրցան իրարմէ զատելու:

Սուրբ մեծ եւ աստուածային էր ուրեմն Նէարքոսի եւ Պօլիքտոսի սէրն, որոց քով կ ՚ աղօտանան, մթանան, չքանան սիրելութիւնք դիւցազանցն Աքիլլեայ եւ Պատրոկլեայ, զօրավարացն` Աղեքսանդրի եւ Հեփեստիոնի, Պիւթա գ որեայցն` Պիւթիասայ եւ Դամոնի, եւ Դիոսկուրեայց` Կաստովրի եւ Պոլիեւքտեայ, եւ այլոց նմանեաց, եթէ քննուին անոնց կիրքն, գ ործքն եւ կատարածն: Թերեւս երկրիս վրայ գ րուած կամ կրուած ճշմարիտ եւ հզօր բարեկամութեան սիրոյ չկան գ երա գ ոյն օրինակք` քան զմեր Մելիտացի նահատակս, որոց համար ամենաստոյ գ է վկայեալն, թէ «Էին յերկոսին մարմինսն` մի ո գ ի եւ մի կեանք». այո, ամենաստոյ գ, զի ինքն իսկ կրողաց մէկն է եւ գ րողն զայս, նազելին Նէարքոս: - Ի բարեբաղդութիւն հասարակաց եւ ի պարծանս Հայաստանեայց` սոյն ինքն սուրբս այս բաներս եւ իր սրտակցին նահատակութիւնը գ րով աւանդեր է, որպէս շատք ի սրբա գ րաց վկայեն, այլ չեն տեսեր գ րուածք, զոր կարծեմ ամբողջա գ ոյն քան զնոսա` ունիմք մենք մեր ազ գ ային դպրութեան աւանդեալ գ անձուց մէջ: Այս գ րուածս, թէ եւ մէջն ուրիշ ձեռք այլ մտած եւ 1600 տարուան հնութիւնն քիչ մ ՚ այլայլած ըլլայ, դեռ ոչ միայն իբրեւ հնա գ ոյն գ րուած քան զՀարց Յունաց եւ Հայոց պատուասիրելի է, այլ եւ պաշտելի` իբրեւ կենդանի թար գ ման սրտին Նէարքոսի:

Սի՜րտ Նէարքոսի, հեղուկ եւ նազուկ, որոյ սրբազան սպիտակութեան վրայ կու յանդ գ նիմ նշմարել լուսաթափանց տրտմութեան շուք մ ՚ այլ բայց այնքան բարակ եւ թեթեւ շուք` որ կրնայ վկայութիւն մ ՚ ըլլալ առաջին դարուց կուսամանուկ քրիստոնէի մը սրտի, այնպէս անոյշ մելամաղձ կամ մեղրամաղձ մը` ինչպէս կրնայ վայելել երկրաւոր սրբոյ մը: - Նէարքոս քրիստոնեայ էր եւ արժանի Քրիստոսի անուան եւ սիրոյն, մեծատուն, ծաղկահասակ եւ զինաւոր. բայց այս ձիրքերս փոխանակ զինքն յերկիր ձ գ ելու` աւելի վսեմութեամբ մը յերկինք վերցընել տային: Ո ՚ հ, ո՜րքան տարբեր էին Նէարքոսեանքն` իրենց հասակակից երիտասարդներէն ոմանց, որք կ ՚ ուզեն աւելի ստու գ ել իրենց հասակին քան հաւատքին բնութիւնը, անվայելք` մէկուն բնատուր բարեաց, մէկայլին երկնաւոր փառաց. - արդարեւ մեծամիտք անիմաստք, որք չեն կրնար հասկընալ թէ բնութեան ուժոյն եւ շնորհաց վրայ` այնպիսի ոյժ ' շնորհք կ ՚ աւելցընեն կրօնք, զոր ուրիշ հնարքով մ ՚ անկարելի է գ տնել: Ոյժ մարմնոյ, շնորհք հասակի եւ սրբութիւն սրտի, մտաց բացութիւն, եւ հո գ ւոյ հաւատք, ի՜նչ գ եղեցիկ, ի՜նչ վսեմ, ի՜նչ ցանկալի խառնուրդ: - Այսպիսի էր մեր հաւատոց նախահարցն, առաջին դարուց ծաղկահասակ քրիստոնէից, այնպիսի սպիտակ սրտեր կային անոնց երա գ արիւն եռանդնոտ ծոցերը, որ երբեմն ի հարկի եւ հալածանաց ժամանակի` քահանայք աստուածային պատարա գ ը մատուցանելու համար` յարմարա գ ոյն եւ պատրաստա գ ոյն խորան չէին գ տնէր քան զանոնց պարկեշտ լանջը, եւ այն տիրատաշ ջերմիկ եւ կենդանի սեղանոց վրայ կու դնէին եւ կատարէին անմահութեան խորհուրդը: Ո՞ր կրոնք կրցեր է այսպիսի բան մը մտածել, այսպիսի երիտասարդներ ընծայել, յորոց մի էր եւ մեր նախանձելին Նէարքոս: Թերեւս Մելասայ կամ Կանանայ լեռնապարիսպ հովիտքն` իր երկրաւոր հորիզոնը քիչ մ ՚ ամփոփած էին, եւ շատ աշխարհին ծանօթութիւններ չունէր, սակայն հալածանաց ժամանակն, երկու կրօնից (քրիստոնէութեան եւ հեթանոսութեան) անհաշտ կռիւն, աշխարհակալ Հռովմէացւոց հետ զինակցութիւնն այլ` ի հարկէ բաւական տեղեկութիւններ տուած էին իրեն. եւ ոչ տ գ իտութեամբ` այլ ընտրութեամբ` կու սիրէր ամփոփ մնալ. իր սրտին ու մտաց ընդարձակութիւնը եւ բարձրութիւնը` կ ՚ առնուր անյա գ ընթերցմամբ գ րքի մը, որոյ անունն եւ խօսքն Աւետարան է, գ ործն` սրբութիւն, վայելքն` անմահութիւն:

Այսպիսի գ րքով եւ ձիրքով Նէարքոս առաւելութիւն մը կու ստանար Պօլիքտոսի քով, որ արտաքին ձրիւքն առաւելեալ կ ՚ երեւէր քան զՆէարքոս: Սա պայծառ եւ հանդարտ արշալուսոյ եւ տունջեան մը նմանէր, նա լուսնկայ գ իշերոյ մը, որ ամենայն փայլմամբն այլ` չիկրնար հաւասարիլ ցորեկուան, սակայն կ ՚ իմացընէ` որ իրմէ այլ ուրիշ բան չիկրնար ծա գ իլ` բայց պայծառ տիւ մը: Տե'ս, Հայկակ, ի՞նչ փափկութեամբ եւ պարկեշտութեամբ կ ՚ ըսէ զայս` ինքնին պատմիչն եւ պատմեալն մեր. «Եւ Նէարքոս քրիստոնեայ էր, իսկ երանելին Պաւղիոքտոս` հեթանոս բարուք զինքն անուանէր, լոկ զանուն միայն. այլ ի ճշմարիտ հաւատոց ոչ փոխեալ լինէր. եւ զբազումս յերկմիտ քրիստոնէիցն` յաղա գ ս ճշմարիտ հաւատոցն` ի բաց որոշել փութայր»: Ըսել է որ Պօլիքտոս արդէն համոզմամբ քրիստոնեայ էր եւ քրիստոնէից ջատա գ ով բայց դեռ անկնունք, դեռ հեթանոսի փեսայ եւ կենակից, դեռ աշխարհային կապերով կապուած, վտան գ ներով պաշարուած, փորձանաց եւ հրապուրանաց մէջ. դեռ բոլորովին սիրտը չէր տուած երկընքի, այլ տուած էր Նէարքոսի, եւ Նէարքոսի տալն` առ հաւատչեայ էր տալու Քրիստոսի:

Բայց ե՞բ պիտի ծա գ էր այն երջանիկ օրն, արդեօք այսօր վաղն ըսելով մէկ մ ՚ այլ իր յուսացեալ վաղը պիտի չունենա՞ր. - կամ ժամանակն երկըննալով` Պօլիքտոսի պատուոյ եւ փառաց մէջ յառաջադիմութիւնն եւ զբաղանքն` ար գ ելք պիտի չըլլայի՞ն երկնաւոր որդե գ րութեանը. - եւ նոյն իսկ բարեկամին ուշանալն` իրեն (Նէարքոսի) այլ ար գ ելք չէ՞ր իր երկրորդ մկրտութեանն (արեամբ): Այսպիսի մտածութիւնք էին Նէարքոսի պայծառ պատկերին վրայ այն բարակ շուքը բերողքն, որով աւելի այլ կ ՚ աճէր իրենց սէրն. թէ եւ դրսէն կու ջանար ամենեւին նշան չտալ սրտին ծածուկ տա գ նապին. զոր եւ շատ ան գ ամ կու փարատէր Պօլիքտոսի զուարթութիւնն եւ ախորժելով լսելն բարեկամին աւետաբանութեանը: Թերեւս եւ ոչ այնքան աշխարհի եւ զինուորութեան հո գ ն, որքան նախնի քրիստոնէից ոմանց սովորութիւնն` կ ՚ ուշացընէր զսա ի մկրտութենէ, սպասելով երեսնամեայ տարիքին կամ կենաց հանդարտա գ ոյն եւ վերջին հասակին: Նէարքոսի կասկածն աւելի իր բարեկամին աներոջ կողմանէն էր, որ հաւատարիմ իր տերանց (կայսերաց), կռամոլ մարդ մ ՚ էր, անոր կոյր նախանձն եւ հաւատքն կրնար Պօլիքտոսի գ այթակղութիւն ըլլալ, աւելի քան զսէր հարսինն` Պաւլինեայ, եւ Փելիքս կրնար յուսալ` որ թոռները մէկ մէկ նոր գ ամ կամ կապ ըլլային փեսային սիրտը` իր եւ իր դստեր, իր ազ գ ին, տէրութեան եւ կրօնից հետ անքակ պահելու:

Սակայն Նէարքոսի եւ Քրիստոսի սէրն աւելի տեղ գ տան այն սրտի մէջ, եւ աւելի քան զՊաւլինէ` սիրէր Պօլիքտոս զՆէարքոս, եւ սիրուէր, եւ երկուքն այլ կրնային իրարու ըսել (Դաւթայ պէս վասն Յովնաթանու). «Գեղեցկացար ինձ յոյժ, զարմանալի եղեւ սէր քո ինձ` քան զսէր կանանց». անոնց պէս ասոնց ո գ ին այլ կապուած էր բարեկամին ո գ ւոյն հետ. եւ իւրաքանչիւր սիրեաց զընկերն ըստ անձին իւրում. եւ կարծեմ մեր Մելիտեան սիրելեաց արդիւնքն եւ կատարածն` առաւել սխրալի եւ սրտառուչ եղաւ քան զայլոց:

Գ

Ո՞ր սրտի գ լխաւոր լուցկին չէ սէր. բայց կան սրտեր` որ միայն սիրելու եւ սիրելու համար եղած կարծուին. սիրտք` որ սիրով կու սնանին եւ սիրով կու հալին. սիրով մեռնելու համար եղած են: Սէ՜ր, կ ՚ ըսեմ, Հայկակ, եւ չեմ հասկընար որ թանձր զ գ այական եւ ոչ թատերական կրքերը. այլ սուրբ եւ նուրբ սէր, որպիսի էր Նէարքոսին, - սէր մը` որ իր ամանէն (սրտէն) աւելի եւ զօրաւոր ըլլալով` շուտով զայն պիտի սպառէր եւ վերանար ի բնա գ աւառն սիրոյ, յերինս. եւ եթէ դեռ կ ՚ ապրէր Նէարքոս` բարեկամին սիրով եւ սիրոյն համար էր այն: Քանի՞ տարի քշեց այն հզօր եւ մաքուր բարեկամութիւնն, քանի՞ տարի այն մէկ կեանքն եւ ո գ ին` երկու մարմնոց մէջ բնակեցաւ. եւ ի՞նչ ըրին, ու՞ր գ նացին եկան սիրելիքն. - աւելորդ եւ պզտի բաներ են ասոնք` անոնց բարեկամութեան աննման մեծութեանը քով, Պօլիքտոսի շատ հեզ յանձնեց աներն զինուորական գ ործեր. զոր նա խոհեմութեամբ եւ արոթեամբ ի գ լուխ հանեց, հաւանօրէն գ ործակից եւ մերձակից ունելով իր Նէարքոսը: Իսկ սա` որ կնոջ եւ ուրիշ կենակցի հո գ է ազատ էր, միայն զԱստուած եւ զՊօլիքտոս մտածէր: Իրենց կենաց գ եղեցկա գ ոյն մասն (ուսկից զատ մասն այլ չունեցան), այսպէս սիրով եւ խաղաղութեամբ անցաւ. դրսէն այլ խաղաղութիւն էր ի կողմանէ տիեզերակալ կայսերաց Հռովմայ, ինչուան որ ի կէս Գ դարուն` Դեկոս կայսր հալածանքի հրաման հանեց ընդդէմ քրիստոնէից. ինքն շուտով կորաւ, բայց հրամանն քիչ շատ կու պահուէր իր պէս կարճժամանակեայ իշխող յաջորդաց ատեն, մինչեւ յետ քանի մը տարւոյ Վաղերիանոս կայսր նօրէն սաստկացուց հրամանը. պատուիրելով դատաւորաց` որ ամեն ծանօթ քրիստոնեայ որ չառնու յանձն կռոց զոհելու` անոնց զոհ ըլլայ: - Այս հալածանաց ատեն կատարուցեաւ մեր Մելիտեան սիրելեաց նահատակութիւնն. զոր պատմիչք անորոշաբար դնեն այդ երկու կայսերաց ատեն, եւ քննարանք տարակուսին տարւոյն վրայ, իսկ ինձ կ ՚ երեւի թէ Դեկոսի ատեն սկսաւ Նէարքոս աւետարանել Պօլիքտոսի` զհաւատս Յիսուսի, մինչեւ Վաղերիոսի եւ մեր Խոսրով թա գ աւորին հալածանքն ելաւ. եւ անոնցերկուքին սպանուած տարին (260 ի Պարսից թշնամութենէ) նահատակուած կ ՚ ըսեմ զմեր Քրիստսի նահատակքն:

Հալածա՜նք, ի՜նչ անիրաւ եւ անտանելի փորձանք բնութեան եւ սրտի, ճշմարտին հաւատալ, ճշմարիտը խօսիլ. անյանց անմեղ ըլլալ, մանաւանդ թէ ուրիշներու բարիք այլ ընել. եւ ասոնց համար` իբրեւ ամենաչար դատապարտիլ, տանջուիլ, սպանուիլ: …Յիրաւի բնութենէ վեր արիութիւն եւ համբերութիւն պէտք էր հալածուելու, եւ ամենազօրաւոր երկնային յոյս մը. այս երկուքն այլ աւանդեց Փրկիչն մարդկան, ճշմարիտ երանութեանց ամենէն վերջը դասելով. «Երանի՜ որ հալածեալ իցեն վասն արդարութեան, զի նոցա է արքայութիւն երկնից»: Ո՜հ, ո՜րքան խոր եւ քաղցր էր այս վճիռս հո գ ելուր ակընջաց, որ մէկէն հալածանաց սայրասուր փուշերը կակուղ վարդից թերթից պէս սփռեց ի ներքեւ ոտից, ոչ միայն երկաթկօշիկ զօրականաց, այլ եւ փափկամարթ կուսանաց ան գ ամ, որք իբրեւ ընդ ծաղիկս վազելով` անցան ընդ հուր եւ ընդ սուր. եւ իբրեւ բաղանեաց ջրով` լուացան իրենց ջերմաջերմ արեամբն, ուրախութեամբ եւ խնդութեամբ կրելով ամեն հարուած, ցաւ ու մահ. վասն զի անոնցմէ զօրաւոր է ճշմարտութեան հաւատքն եւ սէրն: Այսու մտօք գ եղեցիկ զարմանօք խորհրդածութիւն մը կ ՚ ընէ ինքն մեր Նէարքոս. «Տե'ս, կ ՚ ըսէ, զսքանչելի մատակարարութիւնն Աստուծոյ». յառաջ քան զ գ ալն Քրիստոսի ի փրկութիւն մեր, ամենքն իբրեւ մի գ ով պատած պաշարուած` ա'յլ աւելի դէպ ի մթութեան խորը կ ՚ երթային. իսկ Փրկչին գ ալէն ետեւ` ամենքն իբրեւ թէ գ ահավէժ տեղէ մը վեր ցատքեցին իրենց մոլորութենէն. «որպէս ի վախէ իմեքէ` ի գ րոյ կռապաշտութենէ` ի վեր յարուցեալք»:

Այսպիսի կրքեր անթընցան վերոյիշեալ հալածանաց ատեն ի Մելիտինէ, ուր կ ՚ երեւի թէ մինչեւ այն ատեն ոչ սաստիկ հալածանք եղած էր, ոչ քրիստոնեայ իր հաւատոց համար նահատակեալ. վասն զի նոյն իսկ մեր Միլիտեան պայազատն` առաջին վկայ Քրիստոսի կոչուի այս կողմերս, գ ոնէ այս հալածանաց ատեն. որ առաջիններէն աւելի ընդհանուր հրատարակեցաւ եւ սաստկացաւ. եւ այս մայրաքաղաքիս մէջ այլ կայսերական հրովարտակն կախեցաւ ի հրապարակս, կամ յերկրպա գ ութիւն կռոց կամ ի մահ կոչելով զամեն նշանաւոր մարդ, եւ մանաւանդ զզինակիրս. որոց` կա'մ ի պատիւս յառաջելու հրաւէրք կար, կամ գ լուխնին կորուսանելու սպառնալիք. եւ թէ կ ՚ ուզես Նէարքոսի նմանաբանութեամբն ըսել, կա'մ նորէն ի խորս մի գ ին եւ մթան իջնել ընկնիլ, կա'մ ի վախէ եւ ի գ բոյ անտի` վեր ցատքել ելնել թռչիլ:

Իսկ ա'րդ ինչո՞ւ դո'ւ ինքնին` որ այսպէս խորհրդածէիր, ինչո՞ւ դու այլ թեւերուդ չտուիր, չիթռար սրտիդ նետած տեղը, _ յերկինս. ինչո՞ւ չելար բոլորովին այս մի գ ախառն կեանքէս եւ չխառնեցար ի լոյսն ան գ իշեր. ինչո՞ւ կու տնտնաս կու տարակուսիս, եւ մանաւանդ ինչո՞ւ այդչափ կու տրտմիս, կ ՚ այլայլիս, եւ երեսացդ հրեշտակային պարզութիւնն` հիւանդի եւ ցաւա գ արի կերպ կ ՚ առնու: Ինչո՞ւ այդ պայծառ աչքերդ իբրեւ արեւու լուսէն այլ խորշելով` իրենց կապիճներուն խորը կու քաշուին` մշուշ ու մրուր առած, եւ երկնցած ծնոտիցդ վրայ դեռաբոյս մօրուացդ փնջիկքն կու խռուին. եւ քու խօսքերովդ իսկ ըսեմ, ինչո՞ւ ո'վ Նէարքոս «ի նեղասրտութիւն եկեալ` հանապազ յո գ ւոց հանելով լաս դառնապէս»: Տրտմութիւն` քու քաղցր հո գ ւոյդ անծանօթ էր. արտսունք` քու մաքուր դիմացդ վրայ ճամբայ չէին բացած. սիրտդ` նեղութիւն եւ ցաւ գ րեթէ չէր կրնար կրել, որովհետեւ կրկնակ երկպատիկ էր, համակիր համաշունչ բարեկամի մը սրտով ամրացեալ, քու Պօլիքտոսի սրտովը: Չկար վէրք մը` որ այն սրտով չբժշկուէր. ոչ պնդութիւն կամ պաղութիւն մը` որ անոր կրակով չտալէր. արդ ինչո՞ւ չես փութար երթար դիմեր անոր` որ քու միւս Եսդ է. այլ մանաւանդ կ ՚ ըսես թէ սիրտդ «եւ ոչ սովորական խօսիցն կամէր հաղորդել Պօլիոքտոսի»: - Ո՜վ սիրտ փափուկ, սիրտ զ գ այուն. կրնայի՞ր արդեօք քան զայս սաստիկ հարուած մը տալ թէ' դու քեզի` թէ քու մէկիկ բարեկամիդ:

Դ

Չտարակուսինք, Հայկակ, որ այս այլ Նէարքոսի սաստիկ սիրոյն ակամայ հնարքն է. արդարեւ «Բո՜ւռն է իբրեւ զմահ` սէր»: Սէր մը այնպիսի մաքուր սրտի մէջ սնած` որ կարծես թէ Յովհաննու Սիրելւոյ պէս Քրիստոսի կուրծքէն ծըծեր էր իր հրեղէն աղբիւրը: Բայց Պօլիքտոս` որ դեռ չէր ընկած այն աստուածային լանջաց վրայ, դեռ չէր մարմնով ընդ մարմին Աստուծոյ միացած, եւ ոչ հո գ ւով հաղորդուած ընդ Յիսուսի հո գ ւոյն, աւելի քան զՆէարքոս կ ՚ ափշէր շուարեր անոր անսովոր անկարծելի տխրութեանը եւ մանաւանդ լռութեանը վրայ. սիրտն տակն ու վրայ եղած` կարծէր թէ այնքան տարուան բարեկամութեան քաղցրութեանց փոխանակ` յանկարծ ամենածանր դառնութիւն մը պիտի գ այ. կու խռովէր, կու լար ինքն այլ, եւ բիւր ան գ ամ կու հարցընէր պատճառը: Նէարքոս` պատասխան ան գ ամ չէր տար կամ չէր կրնար տալ: Պօլիքտոս երբեմն ստիպելով` երբեմն ինքն այլ լռելով, մէկ մը իբրեւ յուսահատ, մէկ մ ՚ իբրեւ սրտաբեկ կ ՚ երդուընցընէր նորէն կու հարցընէր: Չեմ կրնար հասկընալ` Նէարքոս, այս ի՞նչ գ ործ մտածութիւն է. ոչ բարկութեան նմանի ոչ տհաճութեան…: Արդեօք իրաւ կրնա՞յ ըլլալ, կրնա՞մ հաւատալ որ Նէարքոսի սիրտն պաղի ի Պօլիքտեալ. կրնա՞ր կարծել Պօլիքտոս` որ Նէարքոս իրեն հետ չխօսի, իրմէ գ աղտնիք պահէ: Յետ այնչափ ժամանակաց անարժա՞ն գ տուեցայ քու սրտիդ: Բայց ըսէ գ ոնէ` ի՞նչ բանով, ի՞նչ կերպով. «զի՞նչ տրտմութիւն ընկալար յինէն երբէք, կամ ո՞ր վհատութիւն եղեւ քեզ յինէն»: Նէարքոսի սիրտն որ սիրելւոյն ամէն մէկ խօսքէն նոր նոր կու խոցուէր կո կտրէր, ոչ կրնար դիմանալ եւ ոչ կիրքը բացատրել. շատ ան գ ամ շրթունքը շարժեց եւ ձայնն հեկեկանաց մէջ հեղձամըղձուկ թաղեցաւ: Երկուքն այլ իբրեւ առանց վէրքի վիրաւորք, առանց կռուի զարնուածք` կու տանջւէին, մէկ մը գ լուխ գ լխի տուած, մէկ մը երեսնին իրարմէ դարձուած ի լալ եւ հառաչել. մինչեւ հազիւ սիրտն եւ շունչը պնդելով` սկսաւ ըսել Նէարքոս. Տրտմութեան պատճառը կու հարցընես. կրնա՞յ ուրիշ կամ աւելի պատճառ մ ՚ ըլլալ սրտիս` քան զբաժանումն:

Ի՞նչ կայծակ էր որ թռաւ Նէարքոսի բերնէն: - Բաժանո՞ւմն, կանչեց Պօլիքտոս: - Բաժանումն, կրկնեց Նէարքոս: Կայսերական հրամանքն ասկէ ետեւ մէկմէկէ զատեն պիտի զմեզ. այսուհետեւ Նէարքոս եւ Պօլիքտոս մէկ չեն թո'ղ, լռենք հեռանանք, որ մեր սէրն աւելի չտանջէ զմեզ:

Վեր ցատքեց Պօլիքտոս` կրակէ աչք եւ շրթունք շարժելով. Արդ ի՞նչ անակնկալ խօսք է որ կու լսեմ քեզմէ, Նէարքոս. մինչեւ հիմայ գ իտէի եւ գ իտեմ որ մէկ բան մը, միայն բան մը կրնար զմեզ զատել իրարմէ, մահն. բայց ո'չ կայսերք կրնան մեր բարեկամութիւնը բաժնել, եւ ոչ աշխարհք մեր սէրը մարել. Պօլիքտոսի անկարելի է բաժնուիլ ի Նէարքոսէ, բայց եթէ մահուամբ: - Այն ատեն խորունկ հառաչանքով մ ՚ ըսաւ Նէարքոս. Ա՜հ, բնական մահուանէ աւելի զօրաւոր բան մը կայ` որ զմեզ կրնայ բաժնել իրարմէ: Դարձեալ ցնցեցաւ Պօլիքտոս, դարձեալ թեւերը թօթվեց, պլլուեցաւ Նէարքոսի վզին. կու գգ ուէր գ որովէր կ ՚ աղաչէր կ ՚ երդուընցընէր որ ըսէ պարզաբար ի՞նչ էր միտքն. ի՞նչ բան կրնար ըլլալ մահուանէ զատ եւ անկէ զօրաւոր` որ զիրենք իրարմէ բաժնէ: Նէարքոս` տղու պէս եւ թերեւս աւելի այլ լալով հեկեկալով` ձայնը ու սիրտը կու կտրատէր. բերնով չկարենալով` կ ՚ ուզէր աչքերովը խօսիլ սիրելւոյն հետ. եւ անոր խռովութենէն կրկին ու կրկին խռովելով` դողալով, եւ ոչ ոտքի վրայ կրնալով կենալ` ընկաւ ի գ ետին: Պօլիքտոս այլ աւելի շուարած ու այլայլած` սկսաւ անսովոր կասկածանաց երթալ. բայց մէկէն խիղճն կ ՚ ըսէր. «Ոչ ինչ ունիմ կարծիս չարի եւ լաւ բարս Նէարքոսի». սակայն չըլլա՞յ թէ թշնամի մը խօսք խառնած կամ պղտորած ըլլայ միտքը. - այս այլ անկարելի է իր բարի սրտին. - ըլլա՞յ թէ մէկն չարախօսութիւն ըրած ըլլայ Նէարքոսի վրայ, կամ իբեւ բերնէն անպատշաճ խօսք մը լսած, կամ իբրեւ անհաւատարիմ իր խոստման. կամ թէ պարտքի տակ ընկած ըլլայ: Այս եւ այսպիսի խօսքեր կ ՚ ըսէր կու հարցընէր Նէարքոսի, կու խոստանար իր ամեն ստացուածքը, ընտանիքն եւ կեանքն ան գ ամ մէկէն տալու ի սէր նորա, որուն արդէն իսկ նուիրած էր:

Այս խօսքերէս գ րեթէ ամաչելով` վեր ելաւ Նէարքոս, եւ դարձեալ կէս համարձակ կէս վախվըխելով ու անհնարին տրտմութեամբ ըսաւ. Մեր բաժանման օրն հասած է. - վաղը. - ժամանակն կու ստիպէ, պիտի բաժնուինք, վասն զի վարքով ու ձեւով նման չեմք իրարու թէ եւ սիրելիք: - Պօլիքտոս յիրաւի խռովելով եւ խոցուելով այս խօսքէս, իմացաւ որ Նէարքոսի վրայ յիմարութիւն չէ եկածն, այլ սրտին վրայ ծանր բան մը կայ, որ այնչափ կու տանջէ զնա. ինքն այլ ձայնը վերուց, ու սիրով սրտմտած կու կանչէր կու ստիպէր որ ըսէ շուտով ու յայտնէ` ի՞նչ էր իրենց մէջ մտած տարբերութիւնն` որ վաղը զիրենք պիտի բաժնէր. ապա թէ ոչ, կ ՚ ըսէր հիմայ հոս ոտքիդ տակը կ ՚ ընկնիմ կու մեռնիմ: - Վերջապէս Նէարքոս քիչ մ ՚ այլ կըմկըմալէն ետեւ ըսաւ. Կայսերական խիստ հրաման ելած է քրիստոնէից վրայ, կամ զոհելու է կամ մեռնելու. ես քրիստոնեայ եմ, դու գ իտես, գ իտեն ուրիշներն այլ. բոլոր աշխարհքիս համար չեմ թողուր զքեզ Պօլիքտոս, բայց Պօլիքտոսիս համար չեմ կրնար թողուլ Քրիստոս: Ո՜վ օրհնեալ սիրելի անձն, կանչեց Պօլիքտոս, նոր կրակով մը վառուելով եւ փայլելով, ինչո՞ւ հեռանաս ի Պօլիքտոսէ` Քրիստոսդ չթողլու համար. միթէ միայն քո՞ւկդ է Քրիստոս Ես այլ այսօր` դու ինծի չեկած` տեսայ այն Յիսուս Քրիստոսը, որ եկաւ վրայէս հանեց այս աղտեղի զինուորական քղամիդս, եւ գ եղեցիկ լուսանման զ գ եստ մը հա գ ուց, ու թեւաւոր ձի մ ՚ այլ տուաւ ինծի, գ երա գ ոյն զինուորութեան դաս անցընելով զիս:

Զայս որ լսեց Նէարքոս` զմայլեցաւ, արտսունքն աչքերուն մէջ ի կայծակ փոխուեցան, տատրակ սիրտն արծիւ դարձաւ. բոլոր հասակին ուժն` եւ բնութենէն աւելի զօրութիւն մ ՚ այլ առած, Ուրեմն, կանչեց, դու այլ ճանչցա՞ր զՔրիստոս` Աստուած, իրա՞ւ է որ Պօլիքտոս կու հաւատայ Քրիստոսի: - Եւ ե՞րբ չէի ճանչցած ես զնա, կամ ե՞րբ անհաւատութիւն ցուցած էի, ո'վ Նէարքոս. երբոր դու քրիստոնէից վարքը կու պատմէիր` միթէ ես չէի՞ հաւնիր. երբոր Քրիստոսիդ աւետարանը կարդայիր` ես չէի՞ զմայլիր. երբ իր մահը կու նկարա գ րէիր` ես չէի՞ լար դողալով: Իրաւ` անուամբ եւ ընկերութեամբ չէի քրիստոնեայ, բայց ինծի արարիչ եւ տէր` զՔրիստոս միայն կու ճանաչէի: Քրիստոսի միայն կ ՚ ուզէի ծառայել, եւ անոր հակառակ կան գ նած սուտ եւ խայտառակ կուռքերը անար գ ել եւ մերժել:

Նէարքոս ուրախութենէն կու դողար կու սարսէր. բայց սիրոյն սաստկութեամբն ինչուան ի թերհաւատութիւն կ ՚ երթայր: Այդ ըսածներուդ ժամանակն է, կ ՚ ըսէր, ով Պօլիքտէ. հեթանոսաց հրամանքն հրատարակեցան, եւ որոշիչ վճիռն կտրուած է. կամ զոհել կռոց կամ մեռնիլ: Ո՜հ, Պօլիքտոս, կու վախեմ, կու վախեմ թէ զքեզ կորսընցընեմ. դու դեռ կատարեալ քրիստոնեայ չես. եթէ վաղը ստիպուիս զոհելու կռոց` արդեօք պիտի կարենաս դէմ կենալ, թէ… հնազանդիլ կայսերաց… եւ անով բաժնուիլ ի Նէարքոսէ եւ ի Քրիստոսէ…:

Այս խօսքը լսելուն` Պօլիքտոս երեւեցաւ իր բոլոր եռանդուն բնութեան եւ բարուց մէջ` աչքը` մէկ մը յերկինք նետեց, մէկ մը փայլակելով Նէարքոսի վրայ, եւ անոր ձեռքը բարկութեամբ մը թօթուելով. Հիմայ կ ՚ իմանամ, ըսաւ, միտքդ, այս էր քու տըրտմութեանդ եւ վախիդ պատճառն, այո՞ կարծիքն ունէիր Պօլիքտոսի վրայ. ա՞յսպէս ճանչնայիր բարեկամդ, յետ տեսնելուդ թէ ի՞նչ ախորժով կու լսեմ եւ կ ՚ ընդունիմ քու ըսածներդ քրիստոնէութեան վրայօք, կու վայլէ՞ր որ Պօլիքտոս ի Նէարքոսէ ասանկ խօսքեր լսէ: Եթէ այսպէս սրտով միշտ զիրար սիրեցինք, միթէ հո գ ւով կրնա՞մք բաժնուիլ, եւ մարմնաւոր բարիք ու սէր հո գ եւորէն վե՞ր դնել: Եթէ հասեր է ժամանակն, ինչու՞ կ ՚ ուշանամք ինչու՞ պարտքերնիս չկատարեմք, ինչու՞ չյանդիմանեմք չխայտառակեմք զկուռս, եւ չբարձրացընեմք զՔրիստոս Աստուած:

Ո՜վ առաքինի եւ վկայավայել խօսուածք. ի՞նչ անբացատրելի ուրախութեամբ լցինք Նէարքոսի սիրտը. որ «որպէս թէ ի քնոյ ինչ զարթուցեալյերանելոյն ի Պօլիքտոսի բանիցն, եւ զիւր հո գ ին եւ զմիտսն վերստին կան գ նէր, եւ ասէր առ Սուրբն. թէ ինձ` ո՜վ Պօլիքտէ, ոչ մեծութիւն եւ ոչ զինուորութեան պատիւ, ոչ կեանք աշխարհիս այսորիկ պատուականա գ ոյն թուին` քան զկեանսն Քրիստոսի. այլ զանմահութիւն եւ զփրկութիւն եւ զյաւիտենականն` փոխանակ մարդկային եւ առժամանակեան կենացս` յառաջ պատուել հաճոյ է ինձ»:

Ե

Խօսակցութեան սկսած ատեն` Նէարքոս կարծէր թէ մեծ նահատակութեան համար ինքն բաւական փորձ ըրած է, եւ պէտք է զՊօլիքտոս այլ կրթել եւ ըմբիշ ընել. հիմայ այն աստիճան կտրճութեան նշան տեսաւ անոր վրայ, որ կրնային երկուքն այլ հաւասարապէս մրցիլ.

Եւ ի նուա գ ել հան գ իտաւորք եւ ի մըրցանըս դիմա գ րաւք:

Ո՜հ, թէ կարելի էր այն Արկադացի մրցող հովուաց դատող մեծ քերդողը հոս հրաւիրել, իր խօսքովն այլաբանել եւ ըսել:

«Մատի'ր այսր ո' Մելիբէէ, զի՞ քեզ խոյոց եւ նոխազաց.

Եւ թէ կարես վայր մի գ ըլալ` ե'կ հան գ ի'ր աստ ընդ հովանեաւս»…

Ուր Մելասայ ճապուկ ի չամբ սքօղեալ քծնին խաղք դալարիք,

Եւ սրբազան ի կամարաց Մեղուաքատակ հծծեն հրեշտակք:

Զի մեծ պայքար է աստանոր ընդ Պօլիքտեայ Նէարքոսի.

Այս Յիսուսի են կամք` մրցել նոցին սիրով փոխանակաւ:

Եթէ քիչ մ ՚ այլ երկայն ապրած ըլլայիր, կամ քիչ մ ՚ այլ ուշ յաշխարհ գ ալով` տեսնէիր քու հռչակած Կումեայ Սիբիլլայիդ յետին ժամանակը եւ նոր դարուց կար գ ը, Կուսին վերադարձը, եւ նոր ազ գ ի մը յերկնից զրկուիլը, անոնց մէջ պիտի տեսնէիր այսպիսի սուրբ սիրով եւ քու դիւցազանցմէ գ երա գ ոյն զօրութեամբ մրցողներ. եւ արդեօք ի՞նչ զարմացմամբ պիտի մոռնայիր քու Թիրսիսդ եւ Ալեքսդ, ո՞վ քաղցրեր գ ակ Վիր գ իլ, եւ ի՞նչ անոյշ տաղերով պիտի ջանայիր աւանդել մեր մելիտացի մրցողաց փոխադարձ մենախօսութիւնը, յորում ոչ քու Արկադացւոցդ պէս մէկն կու յաղթէ եւ մէկն կու յաղթուի, այլ թէ մէկն յաղթէ եւ թէ մէկայլն. ճշմարտապէս երկաքանչիւր հաւասարազօրք:

Նէարքոս զՊօլիւքտոս փորձելէն եւ հաւնելէն ետեւ` կու մնայր որ Պօլիքտոս ալ զՆէարքոս փորձէ, երբ նա յաւիտենականութեան համար ժամանակաւոր կեանքը արհամարհել կու խոստանար. «Եւ ո՞չ խնայես դու, ո'վ Նէարքոս, յայդպիսի պատիւդ», կ ՚ ըսէր: Պարզամիտ սիրելին` կարծելով թէ իրաւցընէ կ ՚ ըսէ Պօլիքտոս. Ի՞նչ պիտի ըլլայ այս պատիւս եւ ասկէ մեծերն այլ, պատասխանեց, այն պատուին քով` զոր ես ի Քրիստոսէ ունիմ. եթէ գ իտնայի՜ր թէ ո՞րչափ յառաջ տարեր է զիս Քրիստոս իր զինուորութեան մէջ: - Գիտեմ գ իտեմ, կանչեց Պօլիքտոս առանց պատրուակի, քու յառաջադիմութիւնդ այլ` որ ի Քրիստոսէ, քու հանդերձեալ պատիւդ այլ անկէ. բայց հիմայ ես քեզմէ յառաջադէմ պիտի ըլլամ. քանզի երկնաւոր եւ թա գ աւորական քղամիդ ի Փրկչէն` ի ձեռն յայտնութեանն` ընկալայ այսօր»:

Իսկ յետ մրցանց եւ փորձանաց` երբ երկու բարեկամքն այլ առջինէն աւելի հանդարտեցան վստահացան կապուեցան իրարու հետ երկնաւոր սիրով, Պօլիքտոս հեզաբար եւ աշակերտաբար սկսաւ հարցընել Նէարքոսի քանի մը տարակոյսներ, իբրեւ իրմէ վեր եւ հին քրիստոնեայ վարպետի. «Ես քեզ կամիմ գ լուխ մի հո գ եւորական բանի հարցանել». մէկ մը` որ դեռ բաւական պատրաստութիւն չէր տեսած, եւ թերեւս ատեն այլ չըլլար քրիստոնէական սուրբ խորհրդոց հաղորդուելու. եւ եթէ այնպէս ի նահատակութիւն երթար, արդեօք ընդունելի կ ՚ ըլլա՞ր ի Քրիստոսէ: - Նէարքոս մէկէն լուսաոր մտքով եւ բաց սրտով սկսաւ քաջալերել եւ ապահովել զնա, թէ հաւատոց զօրութիւնն բաւական էր այնպիսի ատեն. եւ ի սուրբ գ րոց օրինակներ բերաւ. «Եւ բազումք ի հեթանոսաց մարդիկ` կար գ ին ի զօրականութիւն Քրիստոսի. քանզի ահաւասիկ առհասարակ ամենեցուն բացեալ են դրունք երկնից. եւ ամահ փրկութեանն մուտ` ոչ երբեք փակեցաւ. թէպէտ եւ ի սակաւ ժամու ոք հաւատասցէ` մեծ վարձս ընդ սակաւուն ընդ այնորիկ եւ ընդ ճշմարտի հաւատոցն` ընդունի»: Յիշեցուց Քրիստոսի ըսաց մշակաց առակն այլ, որ թէ առաջին ժամուն եկողներն եւ թէ մետասան ժամուն` հաւասար վարձք առին: - Իրաւ իրաւ, կու յիշեմ, ըսակ Պօլիքտոս, որ ուրիշ ան գ ամ այլ այս բանս ինծի կարդացեր էին յաւետարանէդ. «Թէ մի ժամ վաստակեցին մշակքն, եւ ընդ այնոսիկ` որք զաւուրն ծանրութիւն բարձին` հրամայեաց Փրկիչն տալ զվարձսն»: Ասոր վրայ բերաւ Նէարքոս աւազակին պատմութիւնն այլ, որ Քրիստոսի հետ մեռնելու խաչին վրայ` հաւատաց անոր, եւՓրկիչն` ընդ փոքր եւ ընդ անպաճոյճ հաւատոյն` որպիսի՜ մեծամեծս խոստանայր նմա եւ ասէր. Դու այսօր ընդ իս ես ի դրախտին. «Տեսանե՞ս ով Պօլիքտէ, զիա՞րդ փոքր մի հաւատք որպիսի՜ մեծ աւետիս պար գ եւէ, ահաւասիկ հաւատք ըստ աւետարանին ասացուածին, թէպէտ եւ փոքր` հանդիպին բոլորովին իսկ զլերինս փոփոխել»:

Սուրբ խորհրդոց վրայ ապահոված` Պօլիքտոս երկրորդ տարակոյսն այլ հարցուց. «Եւ է՞ կարողութիւն, ով Նէարքոս, առանց մկրտութեան այս պիսի իրաց դիպել մարդկան: Ասէ ցնա Նէարքոս. Ամենայն ինչ սուրս է սրբոց, որպէս եւ աստուածային գ իրք ասեն»: Օրինակ այլ կու բերէր ի Քրիստոսէ բժշկութիւն խնդրողները, յորոց միայն հաւատք պահանջէր Քրիստոս եւ ոչ մկրտութիւն կամ խորհուրդներ. այսպիսի նեղ եւ հարկի ժամանակ` սիրոյ եւ մահուան մկրտութիւն մեծա գ ոյն եւս էր քան զջրոյ. «Առ այսոսիկ երանելին Պօլիքտոս յորդորէր զհո գ ին իւր, եւ երկրաւոր իրաց ի մօռացումն գ այր. գ ոչէր յանկարծօրէն եւ ասէր. Թէ ես ընդ Քրիստոսի միաւորեցայ ի սկզբանէ. եւ նա պարտի ինձ հո գ տանել եւ խնամել. քանզի ես ի բաց հրաժարեցի ի մարդկային իրացս, այսուհետեւ պարտ է ինձ վասն Քրիստոսի վկայել»: Եւ հոս կու յիշէր` իբրեւ ի քնոյ արթըննալով, որ որ մը իր հեթանոս զօրականներն վկայեցին. թէ զՔրիստոս կու տեսնեն լուսաւոր կերպարանօք Պօլիքտոսի քով, եւ իր երեսներն այլ անոր ճառա գ այթներէն լուսաւորած էին. Ուրեմն կ ՚ ըսէր, քաջահաւատն Պօլիքտոս, Քրիստոս ի սկզբանէ ընտրեր է զիս եւ կու հրաւիրէ յերկինս. այլ ինչու՞ կ ՚ ուշանամք. «Արդ ժամ է մեզ երթալ, եւ ընթեռնուլ զանարժան հրամանս թա գ աւորին»:

Զայս ըսելով հո գ ելից եւ վառվռուն երիտասարդն Պօլիքտոս` յետին ան գ ամ մ ՚ այլ զրկելով իր ամենասիրելին, եւ հաւատարմութեան ուխտերնին կրկնելով, այնպէս շուտ սրացաւ թռաւ այն մրցանաց տեղէն, որ Նէարքոս կարծէր թէ արդէն բարեկամն հեծած ըլլայ Քրիստոսի իրեն տուած թեւաւոր ձիոյն վրայ, զոր կու ճանչնար նշան անոր վկայաբար յերկրէ յերկինս վերանալուն, հիմայ կու հաւատար իր սրտակցին ըսածին, թէ «Նախ քան զքեզ ես այառաջադէմ եղէ ի Փրկիչն». եւ թերեւս թէ կամաւ թէ ակամայ հետեւակ մնայր Նէարքոս, եւ չէր կրնար հասնիլ անոր` որ իր կրակէն վառուած` իրմէ աւելի բոցով ծխով կու բռնկէր կ ՚ երթար այրելու լափելու:

Զ

Հիմայ, եթէ կ ՚ ուզես Հայկակ, քիչ մը հան գ չիմ, լռեմ ես, եւ դու կարդա Փռանկ քերդողը` որ անմահացաւ իր Պօլիքտեայ ողբեր գ ութեամբն. կարդա սկիզբը, եւ Բ հանդիսին վերջին (Զ) տեսարանը. բայց վախեմ թէ զբուն ճշմարտութիւն ի Նէարքոսէ լսելէդ ետեւ` շատ չհաճիս քերդողին առ նա (Նէարքոս) ընծայած բարուց եւ խօսից` այդ ետքի տեսարանիդ մէջ: Եթէ Գոռնէյլ այս մեր վկայաբանութիւնը կարդացած ըլլար` անշուշտ իր Նէարքոսի լեզուն կու փոխէր. եւ փոխանակ այնչափ Պաւլինեայ զորովանաց, (որ հասարակ բան դարձած է` ամեն ողբեր գ ութեանց մէջ այլ մտնելով նմանաբար), այս բարեկամութեամբ հրաշալի սէրը կենդանա գ րելու կու փաթէր իր ամեն ջանքը եւ ճարտարութիւնը, եթէ բաւէր. եւ փոխանակ զՆէարքոս անտեսաբար եւ յանպատրաստից մահուամբ անհետ ընելու, դեռ կու պահէր կենդանի, եւ ուրիշ հնարքով մը մեզի մէկ երկու տեսարան այլ կ ՚ ընծայէր սիրելի բարեկամաց զրուցատրութեան, որ անշուշտ աւելի գ երա գ ոյն եւ սրտառուչ կ ՚ ըլլային, եթէ, ինչպէս կու վայլէ, ինքն իսկ քերդողն եւ լսողն այլ թափանցէին մեր նահատակաց չքնաղ դիպուածին եւ աննման սիրոյն: Չեմ զլանար Փռանկաց` իրենց աշխոյժ քերդողին փառքը. այլ ես` Հայկակ, քու եռանդուն եւ հանճարեղ հասակակից եւ ազ գ ակիցներէն կու սպասեմ` կամ Շադոպրիանի Մարտիրոսաց նման քերդողախառն վէպք մը, կամ նոր ողբեր գ ութեան մը` Պօլիքտեայ եւ Նէարքոսի, որ աւելի գ ոհ ընէ զիս, նաեւ իմ պանծալի սուրբ Մելիտացիքս: Գոռնէյլ` հոս առանց սրդողելու կրնայ տեղի տալ մէկու մը` որ Պօլիքտոսի համազ գ ի անուանէ զինքն: Մաղթե՜նք սրբազան Մասեաց մուսայից` որ վառեն այն ըիտրեալ եւ դեռ անծանոթ Հայկազն ողբեր գ ակին կամ վիպասանին միտքը եւ սիրտը. որոց մէջ թերեւս կայծ մ ՚ ընկնի` այս իմ ցրտաբեկ վառարանէս այլ, որ չունի բաւական կրակ բանիւ փայլեցընելու Նէարքոսի մը եւ Պօլիքտեայ սրտերուն բարեկամութեան սիրոյն սաստկութիւնը, սրբութիւնը, զմայլմունքը, հրաշալիքը: Բայց դու առ այժմ կրնաս հաճութեամբ կարդալ յիշեալ գ ոռնէյլեան տեսարանիդ վերջի խօսքերը:

Պօլիկ. (Քրիստոս) ետ զանձն ի մահ. օ՜ն, զհետ նորին լիցուք դիմա գ րաւ:

Սեղան նըմին` ի վերայ դիցըն կան գ նեսցուք փլատակաց.

Զի պարտ է մեզ. դեռ եւս յիշեմ ըզբանս քո կանխասաց,

Առ նորա սէր` արհամարհել ըզկին, ըզ գ ոյս եւ ըզթա գ.

Տալ ի վերայ փառաց նորա զանձն եւ զարիւն բովանդակ:

Նեարք. Գըթութեանցըն Տէր` յոր պարտ է մեզ ունել միշտ ըզյոյս:

Նախանձելի ինձ օրինակ բարեաց ըզքոյդ տայ խրախոյս.

Ե'կ սիրելիդ իմ Պօլիկտէ, ե'կ ի հանդէս ելանեմք,

Խայտառակել դիցն ըզպաշտօն, եկ ցուցանել ո'յք իցեմք:

Իցի՜ւ եւ ինձ գ ոյր արկանել ի քեք նախանձ ի տոկալ,

Որպէս դու ինձ ի դիմա գ րաւ տալ զանձն ի վտան գ կամակար:

Պօլիկ. Զոհք ի բա գ նին կան ի զենուլ, չիք յամելոյ ժամանակ.

Օ՜ն, Աստուծոյն ճշմարտի անդըր ճեպեսցուք նահատակ.

Երթիցուք տալ ըզխաղալիկըն շանթ` ոտից ի կոխան,

Որով ըզփայտն փուտ զինէ դիւրահաւատըն խուժան:

Օ՜ն, երթիցուք բանալ ի լոյս զաչս` առ ի մահ կուրացեալ

Եւ փշրեսցուք ըզկուռսըն սուտ ըզկոփածոյ եւ զհրահալ.

Երկնազդեցիկ ի մեզ հըրոյս` լիցուք կենօք մեր ճարակ.

Հարցուք զերկնից ըզպատերազմ` թողեալ ի նա զյաղթանակ:

Նեարք. Օ՜ն երթիցուք մեծահանդէս փառացն երկնից տալ ըզցոյց,

Եղեալք գ ործոնք հաւատարիմք կամացն առ մեզ զոր եցոյց:

Է

Մինչչեւ Նէարքոս զՊոլիքտոս գ տած` բոլոր Մելիտինէ անոր ըրած գ ործէն տակն ու վրայ եղած` մեծ շփոթութեան, աղաղակի, զարմացման եւ զայրացման մէջ էր, ձայնն, ստիպմունքն եւ սպառնալիքն հասան մինչեւ ի կուսակալն եւ «աներ նորա Փելիքս, որ հալածիչն կար գ եալ էր յանօրէն թա գ աւորացն. յիմարեալ հիացեալ լինէր ընդ իրսն` որ ի սրբոյն Պօզիոքտոսէ գ ործեցան»: Վասն զի այն սրաթեւութեամբ` որով թռաւ իր բարեկամին գ րկէն, հասաւ Պօլիքտոս ի մեծ հրապարկ քաղաքին, եւ տեսնելով կախուած կայսերական հրապուրիչ հրովարտակը, աչքին հետ ձեռքը ձ գ ելով` շուտ մը պատռեց գ րուածը. պատառը վար չծ գ ած` տեսաւ որ ուրիշ կողմէ քուրմք եւ պաշտօնեայք դատաւորին տասներկու նկարեալ կուռքերն առած, ծաղիկներով եւ դալար ճիւղերով զարդարած կու բերէին մեհենից մէջ եւ բա գ անց վրայ կան գ նելու, յորդորելով խառնիճաղանճ խեղճ ժողովուրդը յերկրպա գ ութիւն: Զզուանաց եւ անար գ անաց ծիծաղ մը փրթուց դիւցազնացեալն Պօլիքտոս. բազմութեան մէջ նետուիլն, բոլոր կուռքերն այլ մէկիկ մէկիկ յափշտակել ի գ ետին եւ ջախջախելն` մէկ ըրաւ: Այնչափ բազմութիւն քրմաց, զինուորաց եւ ժողովրդեան` չկրցան մեր մէկ նահատակին դէմ կենալ. հրեղէն անձ մը, հրէշ մը, նոր աստուած մը, չեմ գ իտեր ի՞նչ կարծէին, սոսկային, պաղէին: Բայց երբ կոտըրտուած կուռքերնուն վրայ կոխկըռտելով անցաւ ելաւ սուրբն, ու կրակոտ աչօքն կու նայէր թէ կա՞յ ուրիշընելու բան մը, ապշածներն արթըննալով, մանաւանդ, թէ աւելի քնանալով չարաչար ապշութեամբ, սկսան խայտառակաբար չաստուածներուն ջարդուիլը լալ, բողոքել եւ վրէժ պահանջել ի Պօլիքտեայ: Աներն Փելիքս վրայ հասնելով եւ լսելով եղածը, ուրիշներէն աւելի անճըրկած, կերպ կերպ կրքերով պաշարուած` նախ եւ առաջ սկսաւ յուսահատաբար ինք զինքն ողբալ` որ զփեսայն պիտի կորուսանէր, եւ այս երկու ան գ ամ է, կ ՚ ըսէր, որ այսպէս ճղակոտոր անզաւակ կ ՚ ըլլամ. «Վրիպեցայ ի յերկաքանչիւրոցս, եւ այժմ անզաւակեցայ ես Փելիքս. քանզի առաջինն վախճանեցաւ, եւ ես պերճացեալ պարծէի փեսայիւս. իսկ այժմ շուառատեսս անզաւակեցայ, քանզի ոչ ոք յայսմհետէ ողորմել կարիցէ Պօղոքտիոսի, ոչ աստուածքն եւ ոչ ինքնակալ թա գ աւորքն. որ զայնպիսի իրս յանդ գ նեցաւ առնել, եւ զամենայն աստուածքն մեր յանիրաւի փշրեալ խորտակեաց»: Այս խօսքերէս եւ պատմութեան ուրիշ նշաններէն պէտք է իմանալ` որ Փելիքսայ առաջին կորուստն ուրիշ փեսայ մ ՚ էր, առաջին այր Պաւլինեայ, ուսկից դեռաբոյս զաւկըներ այլ ունէր. զորս որդե գ րեց Պօլիքտոսի` այրի մայրերնին տալով անոր ի կնութիւն. ասոր համար պատմութեան մէջ թէ' Պաւլինեայ զաւակ կու յիշուի, թէ Պօլիքտոս Նէարքոսի տխրութեան եւ տա գ նապին ատեն կ ՚ ըսէ. «Թէ որդի իսկ ունէի` ոչ խնայէի յաղա գ ս սիրոյն Նէարքոսի, նա եւ նուազ եւս համարէի զա` քան զսէր նորա. եւ յառաջադէմ ունէի զսէրն, ամբողջ պահելով եւ անվնաս քան զամենայն»:

Պօլիքտոս ժողովուրդէն աւելի իր հարկեւոր եւ ալեւոր աներոջ վրայ ցաւօք ծիծաղելով` ըսաւ. Եթէ ես չաստուածներդ ջարդեցի` ըսել է որ շատ ապիկար անպիտան բաներ են եղեր. թէ որ ուրիշ այլ կայ` շուտով բերել տուր, որ զանոնք այլ ջնջեմ: Իմացաւ Փելիքս որ զՊօլիքտոս անկարելի է համոզել, որուն սիրտը արդէն կու ճանչնար, բայց հալածանաց հրաման չըլլալուն համար` կու լռէր. հիմայ` իբրեւ յետին փորձ եւ հնարք զնա շարժելու, յորդորեց որ հանդարտի եւ գ ոնէ յետին հրաժարական մը տայ կնոջը: - Ի՞նչ կին, ի՞նչ զաւակ, կանչեց Պոլիքտոս. եթէ Պաւլինա ինծի հաւան եւ ընկեր է` թող ինծի պէս ընէ եւ գ այ իս հետս, ապա թէ ոչ` ինծի բաւական է իմ Քրիստոս, աղջիկդ թող քեզի ըլլայ եւ կուռքերուդ: Փելիքս յուսահատ սրտմտութեամբ եւ արցունքով դարձուց գ լուխը: Այն երեսդարձութիւնն նշան մ ՚ եղաւ իր պաշտօնէիցն որք իբրեւ վրէժխնդիրք չաստուածոց եւ կայսերաց` պաշարեցին զՊօլիքտոս. եւ «Կոճկամքն` իւրեանց անողորմն ծեծէին զբերան նորա»: Իսկ նա դեռ վարդաթափ շրթամբքն կու ստիպէր զաներն` որ փուճ տեղ չլայ եւ զինքը չյորդորէ կնոջ եւ զաւակաց անուամբ. այլ կամ իրեն հետեւի, կամ կայսերաց հրամանը կատարէ:

Աւա՜ղ, կանչեց աւաղելին եւ ոչ իր անուանն արժանին Փելիքս. - աւա՜ղ Պօլիքտոս, որ զքեզ այլ քրիստոնեայք մոլորեցուցին: Եւ իր մոլորառիթ դուստրը կանչել տուաւ: Պաւլինէ հերարձակ լալով վազելով եկաւ. սկսաւ ողբալ եւ հօրը պէս աւաղել իր ամուսինը, որ այնպէս անակնունելի գ ործով 12 չաստուածները մէկէն ջարդեր էր: Իսկ սուրբ վկան ծիծաղելով անոր ըսածին վրայ: Եթէ այդ 12 չաստուածոց ջնջելովն, ըսաւ, անաստուած մնացիք, եկու' Պաւլինէ, ցուցընեմ քեզի ուրիշ եւ ճշմարիտ Աստուած մը, որով կարենաս ինծի պէս արհամարհել այս անցաւոր կեանքը եւ յաւիտենականը ժառան գ ել:

Հասա՞ւ այս ձայնս Պաւլինեայ սրտին խորը, եւ շարժե՞ց հո գ ին միանալու որուն հետ որ միացեր էր երբեմն մարմնով: - Քերդողն կու հաւանի եւ կու հաստատէ զայս. մենք ամենայն սրտով կու փափա գ իմք, բայցպատմութիւնն լռէ՜:

Սակայն թէ ոչ աներն եւ կինն` բայց Պօլիքտոսի խօսքերը լսողներէն շատերն հաւանեցան իրեն եւ հաւատացին եւ Քրիստոս, եւ զարմացմամբ քաջալեր կու տային իրեն: Իսկ ինքն իր բնատուր եւ շնորհատուր զուարթութեամբն եւ համարձակութեամբն կ ՚ ըսէր անոնց. Մի' տարակուսիք ո՜վ ընկերք, որ ես անխռով եմ. վասն զի քովս կու տեսնեմ երիտասարդ մը` որ ամեն վախ ինծմէ կու փարատէ, եւ զիս երանելի կենաց կու հրաւիրէ: Այս խօսքերս որչափ որ կ ՚ ուրախացընէին եւ գ ովութեամբ կանչել կու տային հաւատացելոց, այնչափ անհաւատները զկծեցընէին. որք եւ գ ան գ ատելով թէ Պօլիքտոսի աւելի խօսիլն եւ ապրիլն` քրիստոնէից պարծանք եւ իրենց նախատինք կ ՚ ըլլայ, ստիպեցին զդատաւորս եւ զթըշուառն Փելիքս` անոր մահուան վճիռը տալու. որոյ վրայ ամենէն աւելի ինքն Պօլիքտոս գ ոհ ըլլալով` իբրեւ յաղթանակի կառաց վրայ ելնելու կու վազէր կ ՚ երթար խայտալով խնտալով իր կատարման տեղը:

Բայց մէկ մ ՚ այլ յանկարծ կանկ առաւ. եւ այն խառն ի խուռն բազմութեան վրայ աչքը փայլակելով` իջուց մէկի մը վրայ միայն` իր սիրասուր կայծակը. եւ. - ներէ' ինծի Սուրբն եւ սրբոյն ընկերն այլ, եթէ անսուրբ բանաստեղծի մը միտքը թողլով` բուն խօսքը իրենց վրայ թար գ մանեմ. -

«Նա եւ ի ջոկըս խուռներամ պատանեաց

Երթայր` զչըքնաղըն կարդալով Նէարքոս»:

Նէարքոս` մարմնով լուռ, այլ սրտիւ եւ հո գ ւով բիւր բերան եղած` քայլ առ քայլ հեռուանց հետեւելով` կու դիտէր կ ՚ ազդէր սիրելւոյն: Հոս ինքնին չդիմանալով կ ՚ ըսէ իր պատմութեան մէջ. «Իսկ Նէարքոս զբարեկամութիւն սիրոյն ոչ երբեք մոռանայր, քանզի էին յերկոսին մարմինսն` մի ո գ ի եւ մի կեանք: Յայնժամ հայեցեալ վկային ի Նէարքոս` ասէ ցնա. Ողջոյն ընդ քեզ. եւ զանճառելի ուրախութիւնն իմ եւ զքո` յիշեա եղբայ: Եւ զայս զվերջին զձայնս` իբրեւ զկնիք թողոյր Նէարքոսի: Եւ ինքն` կատարի որով»: Կնի՜ք արժանաւոր աննման սիրոյն ի վերայ սրտի բարեկամին, յիշատակն իրենց խոստման. զոր ինչուան երկնից պատուանդանին վրայ այլ հաւատարմութեամբ պահեց իր ծոցը` յառաջադէմ Պօլիքտոս, եւ աւանդելով իր սրտակցին, Նէարքո՜ս եւ Քրիստո՜ս անուանց խառնութեամբ` աւանդեց զհո գ ին: Այսպէս քրիստոսատուր ճերմակ թեւաւոր ձիոյն վրայ հեծած, մէկ թռիչով` թողլով իր կարմրաթաթաւ կայտառ պահարանը (մարմինը), հասաւ յօթեվանս Հօրն երկնաւորի, իր մէկիկ երկրաւոր սիրելւոյն համար այլ գ ահ եւ առա գ աստ պատրաստելու եւ փութացընելու հոն:

Ը

Իսկ Նէարքոս որ բարեկամին կենակցութեան ատեն մի ո գ ի եւ մի կեանք կարծէր զնա եւ զինքն, հիմայ մարմնով միայնանալովն` երկու գ տաւ զինքը. մէկ մասն յերկինս` ընդ հո գ ւոյ սիրեցելոյն, ուրախ գ ոհ եւ երջանիկ, անոր յաղթութիւնը եր գ ելով եւ պարծելով, իսկ միւսն` յերկրի, սրտահար, տրտմազ գ եցիկ եւ դողդղալով` իր բարեկամին բաժնուած մարմնոյն քով:.. Ո՜հ ի՜նչ տարբեր եւ անկշիռ էր առաւօտեան խօսակցութեանց եւ գ րկածութեանց վայրկեանն (երբ երկու կայտառ գ լուխք տաք տաք իրարու սրտով կու տրոփէին`) այս երեկոյեան վայրկենէս. յորում գ լխոց մէկն միայն կան գ ուն` իբրեւ անթափ բաժակ շուշանի որոյ մէջ նռան ծաղիկ մը ընկած ըլլայ, կ ՚ առնուր նազելին Նէարքոս` իր սիրելւոյն ան գ ին գ լուխը. կու մօտեցընէր անոր արիւնաքամ շրթունքը իր դողդոջուն շրթանցը, եւ անոր մանուշակացեալ աչաց ցամաքութիւնը` իր ջերմաջերմ աչաց ցօղերովը կու թրջէր, արտասունքը Պօլիքտոսի արեամբ խառնելով կու նուիրէր Աստուծոյ, շարժուն բաժակ գ ոհութեան: Զարմանա՞նք արդեօք թէ ի՞նչպէս անոր անշունչ շրթանց մէջ` Նէարքոս իր շունչն այլ չաւանդեց, եւ մէկտեղ չլռեց չընկաւ:

Նէարքոս յետին սպասաւորութիւն մ ՚ այլ ունէր իր սիրելւոյն երկրաւոր մասին. հաւատացեալ եղբարց օ գ նութեամբ` դրաւ իր կենաց դին Պօլիքտեայ գ լուխը` անոր տարածեալ մարմնոյն քով, եւ երկուքն այլ ծածկեց մայրենի մելիտեան հողով. «Յայնժամ ապա զպատուական եւ զսուրբ մարմին նորա ի Մելիտինէ քաղաք Հայոց թաղեցին պատուով` եղբարքն. եւ իբրեւ զժառան գ ութիւն յաւիտենական իւրեանց ընծայեցի»: Քիչ ժամանակէ ետեւ հոն բարձրացաւ տաճար մը յանուն սուրբ վկային Պօլիքտեայ, որ իբրեւ մեծ ուխտատեղի կու յիշուի ի սրբազան պատմչաց` դար մը ետքը: Նէարքոս չառաւ մասն անոր նշխարքնեարէն, որոց քով կու փափա գ էր քիչ ատենէն ինքն այլ հան գ չելու. բայց չէր այլ կրնար իր քաջայաղթ զինակցին նշան մը չունենալ աչքին առջեւ, մինչեւ որ իսկապէս տեսներ զնա յարքայութեան երկնից: - Կտաւ մը, զոր աւետարանին անծանօթ երիտասարդէն աւելի պնդապէս հետը կու կրէր, - բայց մաքուր եւ ծալած, - սուրբ կտաւներ` թաթաւեց ի թափած արիւն Պօլիքտոսի, մինչեւ ի յետին կաթիլը ջնջեց մաքրեց գ ետինը, եւ իր սպայութեան հանդիսից օրերը բարձրացուցած դրօշէն բարձր ու պանծալի սաւառնմամբ տարաւ զայն իր հայրենի երկիրը. «իբրեւ զերանելի իմն ժառան գ ութիւն եւ զէն փրկութեան Կանանացւոց քաղաքին, մերձաւորաց եւ հեռաւորաց»:

Երկրորդ եւ մեծա գ ոյն եւ ամենեցուն ցանկալի սպաս մ ՚ այլ կատարեց Նէարքոս, աւելի մեզի քան իր սուրբ սիրելւոյն, անոր յիշատակը երկնից վարա գ ուրէն դորս այլ` անմահ թողլով երկրիս վրայ. եւ արեան արտասուացն հետ մելան այլ խառնելով` գ րեց Պօլիքտոսի վկայաբանութիւնը: Ահա իր խօսքն. «Եւ յետ չարչարանաց սրբոյն Պօղիսքտոսի` ես տառապեալս Նէարքոս, ետու զՅիշատակարանն` Տիմոթէոսի Կանանացւոյ եւ Աւկտար Նեղոսի, եւ երդմնեցուցի զնոսա ի դատաստանն Քրիստսի եւ ի յաղթութիւն սրբոյն Պօզիոքտոսի ի Քրիստոս, որպէս զի տարւոյ տարւոյ կատարեսցեն զօր (նահատակութեան) նորա, եւ զՅիշատակարանն ընթերցցին խնամով: Իսկ Տիմոթէոս ընկալեալ զայն Յիշատակարան` ե գ ի սուրբ եկեղեցւոջ, ուր եւ…»:

Հոս դժբաղդաբար կ ՚ ընդհատի մեր օրինակն, բայց կ ՚ իմանամք ուրիշ գ րուածէ որ Տիմոթէոսն այն (թուի երէց Կանանացւոց աւանին), ըստ պատուիրանի սուրբ իշխանին Նէարքոսի` ամեն տարի Քրիստոսի ծննդեան տօնից օրերը կու կարդար անոր անմահհ բարեկամին անմահացուցիչ Յիշատակը. իսկ Նեղոսն այն Աւկտար` կարծեմ թէ ըստ Հռովմայեցւոց է Actarius կամ Actuarius, զի այսպէս անուանէին զինուորական գ ործոց գ րողները: Պօլիքտոս այլ թէ երկրաւոր թէ երկնաւոր զօրական ըլլալով` կու վայլէր որ քրիստոնեայ գ ործադիր մը անոր վարքը վաւերացընէր: Արդէն այն ատեն եկեղեցւոյ հայրապետք այլ հրաման հանած էին` որ որոշեալ դպիրք գ րեն սրբոց Գործքը կամ վկայաբանութիւնը: Եւ ահա այս Նէարքոսեան եւ Նեղոսեան Գործք Ս. Պօլիքտոսի է մեր ձեռքն ընկածն այլ, Հայկակ, որ եւ ինչպէս առաջ ըսի, ամբողջա գ ոյն` մինչեւ հիմայ ուրիշ լեզուով ծանօթներէն Օ գ ոնէ ինծի) թերեւս ուրիշ գ րչէ այլ անցած` կամ թար գ մանութեամբ տեղ տեղ այլափոխեալ ըլլայ. եւ որոյ սկիզբն արժան կու սեպեմ հոս կարդալ քեզի, որ յետ լսելոյ զպատմութիւնը` կրնաս վերջաբան այլ սեպել, եւ յարմար Նէարքոսի սրտին պարծանօք գ ոչելու իր բարեկամին յաղթանակին վրայ.

«Ա՜յժմ մեծութիւնն շնորհացն Աստուծոյ եւ զօրութիւն նորին ի ձեռն սրբոյ մարտիւրոսին Պօղոքտիոսի` ամենեցուն տեսանի: Այժմ` հեթանոսք թախծեալ եւ տրտմեալ, որք յանշունչ կուռսն իւրեանց յուսային, որք մոլորեալքն էին ի դրօշեալս իւրեանց` յամօթ լինէին. վասն զի յաստուածային զօրութենէ անտի` նմանողք սրբոյն Պօղոքտիոսի լինել ակամայ հարկաւորէին, որպէս յամենեցուն ստացչին եւ արարչին Աստուծոյ, ըստ աստուածային գ րոց, թէ Ամենայն ծունր կրկնեսցի երկնաւորաց եւ երկնաւորաց եւ սանդարամետականաց. քանզի յաստուածային զօրութենէն որ տուեալ լինի մարդկան` յայժմու ի մերձակայ իրացս առաւել եւս օրհնի եւ փառաւորի: Քանզի ահաւասիկ եւ երանելին Պօղոքտիոս որ կարծէր զհեթանոսական զվարս եւ զպաշտօն ունել, նոյն ինքն արա գ արա գ զՔրիստոսի պաշտօնն ունել յինքն, զօրացուցանել զինքն, եւ որ երկրաւոր թա գ աւորին զօրական էր, զՔրիստոսի զինակրութիւն փոխանակ երկրաւոր զինուորութեան ամենայն յօժարութեամբ փոխանակէր, եւ պսակ անթառամ զիւրոյ զջան վաստակոց եւ զժուժկալութեանն` զ գ եցեալ ցուցանէր: Քանզի կոչէր զնա Փրկիչն յիւր ընտանի արքայութիւնն` ի ձեռն յայտնութեան իրիք, եւ զերկրաւոր զքղամիդն զոր զ գ եցեալ ունէր վկայն` ի խորհրդապէս եւ յանճառելի եւ յեւս պատուականա գ ոյն քղամիդ փոխեալ նմանեցուցանէր, եւ զխոտանն զոր ունէր զերկրաւոր քղամիդն, այսինքն զանհաւատութեանն, ի բաց ընկենուլ հրամայէր. որպէս զի եւս պատուականա գ ոյն եւ պարկեշտա գ ոյն եւ որ Աստուծոյն հաճոյ էր` զ գ եցուսցէ սուրբ մարտիւրոսին: Որ եւ փութայր իսկ այնուհետեւ երանելին իւրով ընտանի յօժարութեամբն. քանզի կոչեցեալ լինէր ի Փրկչէն, եւ ժամանէր յօժարութեամբ կոչմանն, անդէն վաղվաղակի առժամայն զերկրաւորս եւ զմարդկայինս արհամարհէր. ոչ կին եւ ոչ մանկունք, եւ ոչ գ եղից մեծութիւն եւ հարկք եւ ոչ հո գ ք զօրականաց, եւ ոչ մեծարանք եւ պաճուճանք, եւ ոչ դարձեալ մարդկային փառք եւ մեծութիւն ինչ` կարացին զնա ի բարեպաշտ աստուածպաշտութենէ անտի մերժել, վասն զի առաւել լաւ համարեցաւ զայն որ ի յերկինս են կեանքն եւ առաքինութիւնն: Անդէն վաղվաղակի փոխեալ լինէր բարուքն ի կռոցն ի մոլորութենէ` ի սուրբ եւ ի ճշմարիտ եւ յանարատ աստուածպաշտութիւնն»:

Թ

Այսպիսի խօսքերով սերտ ու սրտանից, բայց պարզ եւ անպաճոյճ, հին քրիստոնէից եւ իր առաքինի չափաւորութեանն ու ամօթխածութեանն վայել: Նէարքոս գ րեց իր բարեկամին յիշատակը, ինքն իր վրայ չաւելցընելով ուրիշ տեղեկութիւն, զոր եւ ոչ յօտարաց կու գ տնեմք եւ կամ ունիմք, որպէս արժան էր ունենալ. եւ թէ գ րեցին այլ այն Նիլոսն կամ Տիմոթէոսն` մեզի հասած չէ: Ի կարճ յիշատակացսրբոց վարուց կու գ ուշակեմք` որ ինչպէս անհնար էր` այնպէս այլ չեղաւ երկարակեաց քաղցրախումբտատրակն Նէարքոս, մնչելու իր անընկեր միայնութեանը մէջ, որ էր բոլոր երկիրս` իրեն համար: Բայց եւ այնպէս սիրելի էին անոր առանձին շրջա գ այութեանց եւ մտածութեանց` այն ձմեռնատանջ յետին եղանակին մէջ մելիտինեան Մելասայ մելամաղձիկ եւ եդեմնապատ եզերքն: Քանի՜ ան գ ամ ի Կանանայ մինչեւ ի Մելիտինէ, Պօլիքտոսի արիւնթաթաւ դրոշէն` մինչեւ իր հողահան գ իստ քնարանը, եկաւ գ նաց Նէարքոս, ի՜նչ քաղցր արցունք թափեց անոնց վրայ. ի՜նչ զմայլական փափա գ եւ տեսիլք ունեցաւ. - ինքն միայն գ իտէ: Այս յայտնի երեւի` որ ամեն գ ալուն` նիւթաւոր սրտէն մաշած բան մը հոն կու մնար, հո գ եւորն նոր յուսով մը յետ կու դառնար: Իսկ երբ յետ երեք ամսոց Մելասայ ափերն ու տափերն գ ունա գ ոյն ծաղկօք զարդարեցան, եւ առաջին օշօշք եւ մանուշակք սփռեցան ի մէջ առաջին կանաչոյ Պոլիքտոսի հողվերացն, եւ սուրբ ոսկերքն ծծեցին գ ցող ապրիլի, անկից եւ յերկնից կու կարծուէր լսուիլ. «Արի' եկ մարձաւոր իմ, գ եղեցիկ իմ, աղաւնի իմ. զի ահա ձմեռն անց. ծաղիկք երեւեցան յերկրի մերում, ժամանակ եհաս յատանելոյ, ձայն տատրակի լսելի եղեւ յերկրի մերում… արի' եմ մերձաւոր իմ, գ եղեցիկ իմ, աղաւնի իմ: …Երեւեցս ինձ զերեսս քո, եւ լսելի արա ինձ զբարբառ քո, զի բարբառ քո քաղցր է, եւ տեսիլ քո գ եղեցիկ»:

Մէկ մ ՚ այլ ընդ մէջ տունջեան եւ գ իշերոյ` նորահրաշ լոյս մը ծա գ եցաւ այն կողմերը. բարձրադէզ խարոյկ մ ՚ էր ներքեւը, վրան ծուխ ծիրանի ծառացեալ մինչեւ յերկինս, պայծառ կայծիկքն աստեղանման ցրուըտէին թօթափէին. բազմութիւն մարդկան չորս բոլորն առած` երկու կրքով բաժնուած կու նայէին ի կրակն եւ ի կայծակն. եւ անշուշտ արժանաւոր աչքեր տեսան անոնց միջէն արե գ ական նման եւ աւելի անուշալոյս գ ունտ մը` վերանալով սրանալով անցնելով քան զամեն բարձր կայծ ու ծուխ, նաեւ քան զաստղերն այլ, եւ ծածկուելով երկնա գ ըմբէթին մէջ:

Այն էր պածառ, սիրավառ ու սիրածախ հո գ ին Նէարքոսի, որոյ պատշաճա գ ոյն վախճան մը չէր կրնար ըլլալ` քան զկրակն. այն մշտակնդրուկ անուշահոտ ողջախոհ սրտին պէտք էր որ վերջապէս մարմինն այլ ըլլայ մաքուր լուցկի ողջակէզ: Թերեւս յայս ակնարկէ պատմութեան սկիզբն եղած երկրորդ յառաջաբանի մը այս խօսքս. «Ի ձեռն այնպիսի հրաշա գ ոյն իրացս` հաստատեաց զառաքելական ձայնն որ ասէ. Հաւատովք չիջուցին զզօրութիւն հրոյ, խցին զբերանս առիւծուց: Ո՜ Քրիստոսի աշակերտ ի ձեռն հրոյ, եւ զօրական ճշմարիտ եւ ընտիր»:

Արդեօք այն փլփլկած Փելի՞քսն էր Նէարքոսի նահատակութեան երկրաւոր վճիռը տուողն, թէ ուրիշ դատաւոր եւ ի՞նչ առթիւ եւ կերպով կատարեցաւ այս սուրբ պատարա գ ս այլ… լռութիւն է: Բայց մէկ դիպուած, մէկ խօսք մը միայն պահած է պատմութիւնն: Պօլիքտոսի վերջի խօսքը լսեցիր, առ Նէարքոս ըսածն, զոր թողոյր յերկրի. Նէարքոս յերկրի թողլու բան չունելով. զայս խօսքս ըսած է խարուկին վրայ բոցով շրջապատած ատեն: Այս կրակս զի կըրնար ար գ ելուլ իմ սրտիս կրակը` առ քեզ գ ալու Տէր Յիսուս: Եւ թռա՜ւ գ նաց առ Քրիստոս եւ առ Պօլիքտոս. զոր` կրնամք մեք տողեղէնքս եւ անփորձքս երկնից սովորութիւններուն, երեւակայել աստուածափայլ կայծակի մը պէս ճառա գ այթած` երկրէս ելլող Նէարքոսի ճառա գ այթեալ հո գ ւոյն հետ. եւ անհամեմատ գ երազանց ու աննման արամազդեան կայծականցն, իրարու պլլուած ու խառնուած` աստուածային աթոռոց շուրջը փարիլ փայլել խաղալ խնտալ:

Այսպէս Պօլիքտոս եւ Նէարքոս, Նէարքոս եւ Պօլիքտոս «Սիրելիք եւ գ եղեցիկք եւ վայելուչք, չմեկնեալք ի կենդանութեան իւրեանց` եւ ոչ մեկնեցան ի մահուն իւրեանց»: Թէպէտ հարիւր օր կու համրեն երկրաւորք ընդ մէջ մահու միոյն եւ միւսոյն. թէպէտ եւ մէկն քաւութեան սեղանոյն վրայ պատարա գ եալ յարիւն թաթաւ, մէկայլն յողջակիզաց սեղանոյն վրայ ի խունկ եւ ի ճենճեր, կտրըճին կատարածն` որով, փափկին փափա գ ածն` հրով, սակայն երկուքն այլ հաւասարք սիրով, հաւասարք անմահութեան եր գ ով.

Երկոքեան իսկ ծաղկափայլք, եւ երկոքեան Մելիտացիք,

Եւ երկոքեան զոյ գ ք յեր գ ել, եւ յանդրադարձ հան գ իտազօրք:

Յայս վայր յիշեմ, եւ ի մրցանս սիրոյ յետնեալ չասեմ ըզմին,

Յայսմ հետէ վեհ ինձ Պօլիքտոս, եւ Նէարքոս ինձ զոյ գ նըմին

Ժ

Ճշմարիտ բարեկամն եւ բարեաց առիթ սուրբն Նէարքոս` իր բարեկամին կրկին անմահութեան պատճառ եղաւ վկայաբանութեամբն. որով Պօլիքտոսի անունն աւելի հռչակեցաւ յերկրի, եւ պաշտօնն ի Հայս, յԱսորիս, ի Լատինս ի Յոյնս: Յուստինիանոս կայսերյատեն հարուստ տիկին մի Կ. Պօլսի մէջ Պօլիքտոսի եկեղեցին բոլոր ոսկւով պատեց, կայսեր ձեռքէն ազատելու համար իր ստացուածքը: Ինչուան Փռանկաց մէջ այլ հին ատեն տարածուած էր Պօլիքտոսի պատիւը, զոր եւ սովորութիւն էր ամեն ուխտից հաւատարմութեան պաշտպան բռնել եւ երդնուլ անոր խորանին դիմաց. ինչպէս որ հին հեթանոսք այլ անոր համանուանն` Պօլիւքսի` սեղանին վրայ կ ՚ եր գ նուին զհաւատարմութիւն. կտրիճներն` անոր. իսկ կանայք` կ ՚ երդնուին անոր ընկերակցին` Կաստովրի` սեղանին վրայ: Ո՜րքան փափա գ ելի էր մեզի այլ, Հայկակ, Մելիտեան ափանց վրայ տեսնել սուրբ տաճար մը` մէջը կրկին սեղան, մէկուն վրայ Պօլիքտոս նշանաւ սրոյ. միւսոյն` Նէարքոս նշանաւ հրոյ. եւ առիւծասիրտք մեր` անոր, աղաւնէսիրտքն` ասոր դիմաց, նուիրելով սրտերնին` ընկերաց եւ Աստուծոյ:

-Մեր ազ գ ն այլ իր արիութեան օրերուն, եւ (որոյ անմահ սիրով) մինչեւ հիմայ այլ` մեծ զ գ ացմամբ եւ եռանդեամբ տօնէ զարի եւ զինակիր նահատակս, զԹէոդորոս, Գէոր գ, Մերկեռ, Սար գ իս, Վարդան, եւ այլն. անոնցմէ հին եւ իր տօնած (այլ ոչ նոյնպէս պանծանօք` վասն անծանօթ մնալուն) Ս. Պօլիքտոսն այլ. որոյ զինակից Նէարքոսին անունն սահեր է մեր Յայսմաւուրքէն: Դարձեալ, հին եւ աւելի երջանիկ օրերուն, մեր ազնուասիրտ եւ ընկերասէր նախնիքն` բարեկամութեան զ գ ացմունքն այնչափ սըրբազաներ էին` մինչեւ եկեղեցական օրհնութեամբ ի կար գ ս Մաշտոցի անցընել զԿանոն եղբայրակցութեան. պաշտպան եւ ուխտընկալ բարեկամացն նուիրելոց ունելով զսուրբ առաքեալսն Փիլիպպոս եւ Բարդուղիմէոս, եւ զվկայսն Սար գ իս եւ Բա գ ոս: Արդ ես այլ, Հայկակ, իմ կողմանէս մեր համազ գ ի արիասիրաց եւ ընկերսիրաց, աննման օրինակ եւ պաշտպան վերընծայեմ զսուրբ հայրենակիցս մեր` Նէարքոս եւ Պօլիքտոս, Պօլիքտոս եւ Նէարքոս: