Յուշիկք հայրենեաց Հայոց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

  ԲՆԱՏՈՒՐ մեծ հանճար` կրթութեամբ եւ երկար ուսմամբ կրկին մեծցած եւ զօրացած, բարակամիտ ըմբռնումն եւ վարպետ բացատրութիւն, լեզու արուեստաւոր` բայց յստակ եւ հայկարան. արտաքին եւ աստուածային գ իտութեանց հմտութիւն, քաջախոհ դատողութիւն, վսեմ եւ անխռով ո գ ի` անխոնջ հետաքնին եւ սիրող ստու գ ութեան, պատկառելի ծանրութեանը հետ զուարճախառն ընտանութին, միան գ ամայն եւ մէկ զարմանալի խորհրդաւոր կերպ մը` որով կարծի թէ ինքզինքը կու քողարկէ հասարակ նայուածքներէն. ասոնք են մեր մեծանուն Յովհաննէս Սարկաւա գ վարդապետին յատուկ բնութիւնը, բարքը, ձիրքը, որք ախորժելի պարտք մը կը դնեն զինքը ծանօթացընելու իրեն համազ գ եացը: Այս ձիրքերովս է որ ինքը իր գ տնուած ժամանակին եւ դիպուածոց մէջ զինքը ճանչցողներուն զարմանք բերելէն զատ, իմաստութեամբ թողած յիշատակարաններովն անմահ է այսօր ալ, եւ անմահ պիտի մնայ միշտ մեր գ րականութեան հայ եւ ընդհանուր իմաստնոց կար գ ին մէջ. եւ իրեն հաւասար անձինք գ տնելն միշտ աշխատալի եւ դժար գ ործ պիտի ըլլայ:

Մեր գ րականութեան մէջ յայտնէ է քեզ, Հայկակ, որ երկու նշանաւոր դար ունեցեր

ենք, մէկ մը Քրիստոսի հին գ երորդ դարը` որ է Թար գ մանչաց ոսկե գ րիչ ժամանակն` մեկ մ ՚ ալ երկոտասաներորդ դարը, ուր մէկ դպրոցէ ելան սուրբն Ներսէս Շնորհալի եւ իր եղբայրն Գրի գ որ վկայասէր, մեկնիչքն Սար գ իս եւ Ի գ նատիոս վարդապետք, եւ իրենց մերձաւորներն Ներսէս Լամբրոնացի, Գրի գ որ Տղայ, եւ այլն. որոնք նոր գ եցին ոսկեղէն գ րիչները, եւ հնազարդ մտաց ծննդոցը վրայ նոր ծաղկափթիթ շնորհք մը բերին, այսինքն յստակա գ ոյն բացատրութիւն մը խօսից` որ աւելի յարմար էր նոր դարերուս: Սարկաւա գ վարդապետ այն դպրոցն չէր, բայց կրնայ հայր ըսուլ անոր, որովհետեւ քան զայն քիչ մը առաջ` նոյն շնորհքով փայլեցաւ, հանդերձ հին ոճով վսեմութեամբը, եւ իր վարպետ զուրցուածքովը եղաւ եղանակն եւ աննման մատենա գ իր մը: Մետասաներորդ դարուն կիսէն ինչուան ԺԲ դարուն երեսներորդ տարին քշեց իր կեանքը, ըսել է թէ իր խոր ծերութեան ատենը վերոյիշեալ վարդապետներն դեռ երիտասարդ ու միջահասակ էին, եւ գ րեթէ ինքն գ րիչը թողլու ատեն` անոնք ձեռք կ ՚ առնուին: Աս ատեններս քաղաքական հին Հայաստանն ալ նորո գ ուելու վրայ էր. Բա գ րատունեաց տէրութիւնն նոր վերջացած, Հայոց մէկ մեծ մասը իր բնական աշխարհքէն ելած` ուրիշ աշխարհքեր գ աղթականներ կը հաստատէր. ոմանք դեռ իրենց մեծ տէրութիւնը կտորներուն վրայ կռուըտելով` այն հին աշխարհքին ամուր կողմերը ապաւինած կամ բռնացած կեցեր էին, աստղաբաշխից ըսած` մեծ մոլորակի կտոր մանր մոլորակաց պէս. ոմանք ալ ասդիէն անդիէն մէկտեղ եղած` մէկ ամբողջ ջահ մը վառել կու ջանային, այսինքն մեր Պահլաւեան եւ Ռուբինեան իշխաններ Կիլիկիոյ մէջ: Զասոնք պայծառացընելու համար Աստուած հանեց Ներսէսներ ու Գրի գ որները. իսկ վերին Հայոց մնացած կողմերը` որոնց յետին փայլումն հասեր էր, պար գ եւեց աս լուսաւոր վարդապետը:

Իր հայրենիքն էր Արցախ աշխարհին Փառիսոս կամ Փառնէս գ աւառը` Սիւնեաց բնիկ Սիսական գ աւառին դրացի, որ առ ատեններս զատ թա գ աւորութիւն ունեցաւ` Սիսականի կամ Փառիսոսոյ անուամբ, եւ իրեն իշխաններն հին Հայկազանց սերունդք էին: Սարկաւա գ ին աշխարհք եկած ատեն ասոնց սակաւատեւ փառքն ալ մարմըրելու վրայ էր, եւ քիչ ատենէն փոխուեցաւ յիշխանութիւն Խաչենի: Իր մանկութիւնն` հայկական վեհապանծ օրերուն տեղ` անոնց վարատական գ աղթիլը եւ Սկիւթացւոց յարձակմունքները տեսաւ: Ալփասլանին ըրած արիւններն դեռ կու մխային աչքին առջեւը. եւ անանկ տպաւորութիւն մ ՚ ըրած էր վրան առ բարբարոս ազ գ ին մեր աշխարհքը գ ալն ու տիրելն, որ այն ատենէն մտքին մէջ նկարուած պիտի ըլլան այն պատկերները` զոր վերջը գ րով աւանդեց յետնոց. երանի՜ թէ մեզի ալ հասած ըլլային: Բայց աս շփոթութիւններս իրեն դաստիարակութեանը եւ ուսումնասիրութեանը ար գ ելք չեղան: Իր հայրն արդէն քահանայ էր, եւ ինչպէս կ ՚ երեւի` այն սրբազան աստիճանն իրենց ցեղին մէջ շատք ունեցեր էին. ուստի իր որդին ալ` որ Յովհաննէս կ ՚ ըսուէր բնիկ անուամբը, եւ կ ՚ երեւնայ թէ շուտով սարկաւա գ ձեռնադրել տալուն` Սարկաւա գ ըսուեցաւ անկէ վերջը, ուզելով նոյն ճամբան դնել. անոր համար պզտիկուց ղրկեց որ ուսմունք սորվի: Այն ատենի արեւելեան կամ Խոր Հայոց երեւելի ուսումնարաններն էին Բա գ րատունեաց եւ Վրաց թա գ աւորաց ծաղկեցուցած վանքերն, Հաղբատ, Սանահին, եւ ուրիշ քանի մը անոնց մօտ վանքեր. աս տեղուանքս անցուց Սարկաւա գ իր անյա գ ուսումնասիրութեամբ վառուած հասակը, համեմատ դիտման եւ կամաց զանոնք կան գ նողներուն եւ զարդարողներուն. որպիսիք էին թա գ աւորք, իշխանք, եպիսկոպոսունք եւ վարդապետք նշանաւորք իրենց ժամանակին, եւ հիմայ այլ ոչ աննշանք իրենց հոն թողած գ երեզմաններովը. որոնց մէջ է եւ մեր Սարկաւա գ վարդապետինն. եւ այն ամենուն մէջ այլ նշանաւորա գ ոյն անձն եւ յիշատակ` ըստ իս` ինքն է եւ իրենն:

Բայց գ րեթէ անկարելի է յիշել այս երկու հռչակաւոր վանքերը, որ մայրավանք եւ մայրաքաղաք այլ կոչուեցան, եւ լռել իրենց ծա գ ումը եւ պայծառութիւնը. այն զու գ ակները` որ ԺԱ-ԺԳ դարուց մէջ վերին Հայոց ամենէն ծաղկած իմաստութեան կենդրոն կու սեպուէին, միան գ ամայն եւ քնարան եղան եւ են թա գ աւորաց եւ մեծամեծ իշխանաց, զատ ի գ իտնոց եւ եկեղեցական առաջնորդաց: Ժ դարուն կիսէն վերջը Յունահայ Ռոմանոս Ա կայսերէն հալածուած քանի մը միանձունք եկան ի Հայս, եւ ինչուան Գու գ արաց աշխարհին արեւելեան ծայրը Ձորոյ գ ետ կամ Ձորոփոր գ աւառին գ լուխը` Սանահին գ եղին քով, սարատափի մը վրայ յանուն Ս. Աստուածածնի եկեղեցի մը շինելով` հոն պատսպարեցան: Աւանդութիւն էր Հայոց որ Ս. Լուսաւորիչ այն հոն նոյն անուամբ եկեղեցի մը շինած էր, վասն զի նոյն իսկ Բարդուղիմէոս եւ Յուդա առաքեալք այլ հոն խաչ մը կան գ ներ էին. ըսել է որ ժամանակաւ մեր նախնիքնն հոն կռատուն կամ բա գ ին մ ՚ ունէին: Քանի մը տարի վերջը մեր Բա գ րատունի թա գ աւորն Աշոտ Ողորմած եւ իր թա գ ուհին Խոսրովանոյշ` աւելի մեծ եկեղեցի մը շինեցին հոն Ամենափրկիչ անուամբ եւ վանք մ ՚ այլ, յ ՚ 966 թուին Քրիստոսի: Սանահնէն ժամ մը հեռի դէպ արեւելեան հիւսիս եւ անկէ ձորակով մը զատուած է Հաղբատ գ եղն, ասոր քով այլ նոյնպէս սարատափի մը վրայ հիմնեցին Ս. Նշան եկեղեցին եւ վանքը, զոր կատարեալ շինութեամբ լմընցուցին իրենց որդիքն, Սմբատ եւ Գուր գ էն թա գ աւորք. եւ երկուքն այլ յանձնեցին արժանաւոր վանահարց եւ վանականաց. միան գ ամայն հոն ընտրեցին իրենց գ երեզմանատունը. որոնց հետեւեցան իրենց ուրիշ ազ գ ակից թա գ աւորներ եւ մեծամեծ իշխանք. ինչպէս Սար գ իս սպասալար, որոյ դուստրն կան գ ներ էր այն իմ երբեմն քեզի յիշած Աւա գ կամուրջը, ուսկից պէտք է անցնիս, Հայկակ, արեւմուտքէն Սանահին գ ալու համար, որոյ մօտիկ է: Բաղդով մը, որ սակաւա գ իւտ է մեր աշխարհին մէջ, ոչ միայն ասոնց գ երեզմաններն, այլ եւ կամուրջն եւ եկեղեցիք, յիշատակարանք եւ արձանա գ րութիւնք` մեծաւ մասամբ անեղծ մնացեր են ինչուան հիմայ, 800 տարիէ վեր: Ահա այս վանքերուն մէջ զար գ ացաւ մեր Սարկաւա գ ն:

Անզա գ եւ մտադիր ուսումնասիրութեանն վրայօք կու պատմէ Կիրակոս Պատմիչ դիպուած մը, որ հաւանօրէն անոր զար գ ացած հասակին մէջ հանդիպած է. Հաղբատայ վանքին քովերը Ձորոյ գ ետեզերքին վրայ քարայր մը կար, ուր տեղւոյն ամրութեան եւ ապահովութեան համար կու պահէին գ իրքերը, եւ փափա գ ողն կ ՚ երթար հոն կու քննէր կու կարդար, օր մը բանասէրք ոմանք, Սարկաւա գ այլ մէկտեղ, գ ացին կարդալու, Սարկաւա գ իր սիրական գ րքերն ընտրելով` ծածուկ կողմ մը քաշուեցաւ կարդալու, եւ այնչափ ուշի ուշով անզբաղ կու կարդար կու քննէր, որ ոչ ժամերուն անցնիլն իմացաւ, եւ ոչ ընկերներուն դուրս ելնել եւ դուռը գ ոցել եւ երթալնին. վասն զի ասոնք չտեսնելով զՍարկաւա գ ` կարծեցին թէ իրենցմէ առաջ դուրս ելեր է: Քանի մ ՚ օրէն նորէն եկան գ իրք առնլու. եւ ո՞րչափ զարմացան երբ հոն գ տան զՍարկաւա գ. սկսան հարցընել, թէ «Ո՞րպէս ապրեցար առանց կերակրոյ եւ ըմպելոյ. եւ նա եցոյց նոցա զ գ րեանն` զոր ընթերցեալ էր, եւ ասէ. «Այդ է իմ իմ կերակուր եւ ըմպելի, զոր կերայ եւ արբի զաւուրս զայսոսիկ»: Իր ազնուական բարքն եւ բնատուր սրամտութիւնն ալ ջանիցը հաւասար, անկատար հասակին մէջ ալ զինքը կատարելց կար գ ը անցուցին. եւ ինքն իսկ կրնայ վկայ սեպուիլ այս բանիս իր խօսքովը` որ գ րուածքի մը մէջ կ ՚ ըսէ. «Ի նախնեաց բարեպաշտից եւ յիմաստուն ծնողաց բուսեալ, որք սնուցին զիս օրինօք հո գ ւոյն կենաց` առնել քան ըստ բնութեան տածիւք խնամս յառ մանկունս. որովք յառաջնումն հասակին դաստիարակեալ` յոյս տայի քաջութեան»:

Առջի ուսումնական տարիներն անցուց, ինչպէս կ ՚ երեւի, անդադար կարդալով եւ հմտանալով, ետքն ալ գ իր անցընելով իր հասուն մտքին պտուղները. բայց ինչպէս որ ընտիր ընթերցուածներու սիրող էր, այսպէս ալ իր գ րուածքն ընտիր կ ՚ ուզէր, անոր համար մեծ ջանք ըրած կ ՚ երեւնայ գ եղեցիկ օձ մը ըստանալու, միան գ ամայն եւ բարձր ու վսեմ. վասն զի արծիւ միտք արծուոյ թեւ ալ կ ՚ ուզէ, եւ յիրաւի, իր ամէն գ րուածքներուն մէջ կ ՚ երեւին ճարտար ու սովորականէ վեր իմաստասիրական շարադրութիւնք` իմաստակութենէ եւ արուեստակութենէ հեռու, եւ միան գ ամայն պարզ եւ խորամիտ. որ մէկէն կը ցուցընէ թէ այսպիսի գ րուածք միայն իրենն է եւ ոչ ուրիշի: Շատ լաւ կ ՚ ըսէ ասոր համար Կիրակոս պատմիչ. «Սորա բանք ամենայն իմաստասիրական ոճով է, որպէս զԳրի գ որի աստուածաբանի, եւ ոչ գ եղջուկ»: Աստուածաբանին հետ յիշելու էր մեր Յովհան Իմաստասէրն ալ, որուն թերեւս միայն հետեւող եղաւ Սարկաւա գ, եւ անոր ճարտար ոճը` Շնորհալւոյն քաղցրութեանը հետ խառնելով` կրնայ Սարկաւա գ ին գ րչին գ աղափար սեպուիլ:

Յովհան Իմաստասիրին անունն ալ մականունն ալ գ րիչն ալ ժառան գ եց Սարկաւա գ. եւ ամէն պատմիչք եւ յիշատակողք չեն կրնար անունը տալ` առանց կոչելու Սուրբ, Իմաստասէր, կամ Մեծ իմաստասէր, Աստուածային իմաստասէր, Գերունակ վարդապետ, Մեծ սոփէստէս, եւ այլն. այս ետքի դարձուածէս կրնանք իմանալ որ զուտ իմաստասիրական գ րուածքներ ալ ունէր, որոնց հետքը միայն կ ՚ երեւին հիմայ. միան գ ամայն եւ ճարտասանական եւ քերթողական արուեստից հետեւեցաւ, եւ յաջողութիւնը ցուցուց իր չարա գ րութիւններովը. ինչպէս ասոր ալ վկայութիւն կու տայ ինքն իրեն համար քանի մը խօսքով` Սարեկի դիմառնակ եր գ ոյն մէջ` ուր կ ՚ ըսէ:

«Որով յաղթեալ մեզ իմաստնոցս եւ կարծեցեալ բանաստեղծացս»:

Եւ դարձեալ սարեկին քաջ եր գ եցողութիւնը գ ովելով, կ ՚ ըսէ.

«Ասա գ աս նըստիս մերձ առ ինեւ` իբր արուեստիւ ինձ յան գ ակից:

Բազմաղեաւ եր գ արանու եղանակես եւ կաքաւես.

Հոմերական տաղիցըն չափ` քեւ ծանուցեալ լինի բազմաց.

Յոտանաւոր եւ ցուցական ըստ քերթողացըն տեսակի.

Կամ թէ եւս աւելա գ ոյն որպէս թըւի ինձ դիտօղիս»:

Իսկ իր անխոնջ ուսմանց զբաղելուն համար կ ՚ ըսէր հոն.

«Ուսայ ես դե գ երմամբ ես ի բազմաց ամաց հետէ.

Զի տքնեցայ զօր ամենայն եւ ըզ գ իշերըն բովանդակ

Առ իմաստըս ցան գ ութեամբ, նաեւ սիրովն որ առ հանճար: »

Վերոյիշեալ պատմիչն ալ կ ՚ ըսէ. «Մեծիմաստն գ իտութեամբ քան զյոլովս եւ հանճարեղն յամենայնի. եւ մտահարուստն. սա բազում ինչ աշխատասիրաց ի գ իրք` յիշատակ բարի թողեալ… վասն զի յոյժ իմաստուն էր այրն է աստուածային շնորհք զարդարեալ»:

Սարկաւա գ այ շնորհքն միայն եկեղեցական եւ հո գ եւոր աղբիւրներէ չէր, այլ եւ ընտիր հեղինակաց ջանից եւ փորձոյ արուեստն այլ կ ՚ երեւի վրան. զոր գ ուցէ ոչ միայն մեր նախնեաց թար գ մանած գ րքերէն ստացեր էր, այլ թերեւս նաեւ դեռ չթար գ մանուած յոյն հեղինակներէ այլ. թէպէտ հաւաստիք մը չունիմ իրեն յունարէն գ իտնալուն, բայց անհաւանական չէ որ Ռոմանոսէն փախչող եւ հոս եկող Յոյն միանձունքն, գ ար մ ՚ առաջ, հետերնին բերած եւ հոս թողած չըլլան իրենց նախնեաց գ րուածքները, որոնք դիւրաւ կրնային շարժել Սարկաւա գ այ պէս հետաքրքիր բանասէր միտք մը:

Այսպիսի զօրաւոր միտք` ուսմանց երեսովը չէր բաւականանա, հապա խորերը իջնալ կը սիրէր. անոր համար դժուուարութիւններէ չփախչելով, ինքը զանոնք դիւրացընել կը ջանար ուրիշներու, եւ տարակուսական բաներու մէջ ստու գ ա գ ոյն աղբիւրները քննել կ ՚ ուզէր ինչպէս որ քանի մը յիշատակներէ եւ գ ործքերէն կ ՚ իմացուի: Ասոնց մէկն էր նախնեաց իմաստասիրական գ րուածքները պազել կամ դիւրիմաց ընել, որոյ համար առաջին հարկաւոր բանն է ստոյ գ եւ աղէկ գ րուած օրինակներ ունենալ: Յայտնի է քեզի, որ մեր մէջ ամենէն առաջ եւ ամենէն նշանաւոր փիլիսոփայական գ րուածքն են Դաւթի Անյաղթի, որք թէ իմաստից խորութեամբն եւ թէ շարադրութեան խրթնութեամբն միշտ անիմանալի կամ դժուարիմանալի մնացեր են, թէ եւ շատեր կարդացեր են զանոնք: Իտալիոյ երեւելի համալսարանաց մէկուն մէջ հանդիպեցայ այս գ ործքերուս ընտիր ձեռա գ րի մը` ԺԳ դարուն մէջ դրած, որուն վերջը այսպէս գ րուած էր. «Իմաստութիւն Հաւր եւ Բան, սիրողին իմաստութեան, վարդապետին Սարկաւա գ կոչեցեալ` աշխատանաց յուղղութիւն տառիս, զարժանն հատոյ յանյաչա՜ղ ձրիցդ»: Այս քանի մը տող գ րուածիս վրայ գ րած շեշտերուն կամ առո գ անութեան նշաններուն պէս լի եւ ծեփած էր բոլոր բոլոր գ իրքն Դաւթի, եւ ըսել է որ Սարկաւա գ վարդապետ օրինակ մ ՚ առէր սրբա գ րեր է` շեշտելով եւ կէտերով, եւ անկէց օրինակուած է իմ տեսածս այլ, արժանի քննութեան եւ բաղդատութեան: Ասոր պէս ըրած էր ուրիշ մեր նախնեաց թողած ամեն դժուարիմաց եւ խրթին գ րոց այլ` զոր Նուրբ գ րեանք կու կոչեն մեր բանասէր վարդապետք, այսինքն բարակ գ րուածք. եւ Մխիթար Այրիվանեցին կար գ աւ կու յիշէ զանոնք, ինչպէս Փիլոն եբրայեցւոյն գ ործքերէն 9 գ իրք, Դիոնեսիոս Արիոսպա գ ացւոյն 5 գ իրք, Գր. Նիւսացւոյ 7 գ իրք, Գր. Աստուածաբանին 4 գ իրք, Բարսղի 3 գ իրք, Եւա գ րի, Եպիփանու, Եփրեմի, Կիւրղի Աղեքսանդրացւոյ, Ոսկիբերանի զանազան գ րուածք, Արիստոտելի, Պրոկլի, Հերմէսի, եւ ուրիշ իմաստասիրական գ րուածք, Մովսիսի Պիտոյից գ իրքը, Յովհ. Մայրա գ ոմեցւոյ 3 գ րքերն. եւ այլն միան գ ամայն 50 է աւելի գ րեանք, զոր Սարկաւա գ ստու գ եր է յստակեր եւ այնպէս օրինակել տուեր էր իր աշակերտաց: - Այս կարեւոր աշխատութիւնս որ ի հարկէ շատ տարիներու այլ կարօտ էր` կ ՚ արժէր Սարկաւա գ այ մեծ յիշատակ մը թողլու` եթէ ուրիշ յիշատակ այլ չունենար: Եթէ այն գ րոց Լուծմունք գ րող` այսինքն մթին բանից մեկնութիւն. առաջին ինքն չեղաւ, գ ոնէ իր աշկերտներն եղած են նախ, եւ յետոյ այլք:

Արտաքին նուրբ գ րոց վրայ այսքան մտադիր աշխատողն ի հարկէ աւելի խնամքով պիտի փընտռեր Ս. Գրոց ընտիր օրինակներ եւ ընթերցուածներ եւ այնպէս այլ ըրաւ. «Գրեաց եւ օրինակս ստոյ գ գ րոց», կ ՚ ըսէ Կիրակոս: Նախ հաստատեց որոնք որ կանոնական կամ ընդունելի եղած էին մեր մէջ, յետոյ ընթերցուածները, այսինքն տարբեր չարա գ րութիւնները ստու գ եց, ինչպէս որ կու վկայէ եւ կու նշանակէ վերոյիշեալ պատմիչն` ըսելով. «Կար գ ադրութիւն գ րոց սրբոց, որք ստու գ աբանեցան ի Սարկաւա գ վարդապետէն, եւ գ րեցան յինէն ի Տէր Մխիթար վարդապետէս պատմա գ րէ` ի մին տուփ, յաւուրս 170»: Այս պրպըտող պատմա գ իր վարդապետս` որ 150 տարի Սարկաւա գ էն ետեւ գ րող է, անոր ստու գ ած Ս. Գիրքերը գ տեր եւ օրինակներ է ամբողջ մէկ մեծ հատոր մը ձեւացընելով. որուն մէջ զատ հիմակուան մեր Աստուածաշունչի կանոնական գ րքերէն` կու յիշուին նաեւ «Դ Մակաբայեցին, Յովսեպոսն` որ է Կայիափայ քահանայապետ, Ենովքայ տեսիլն, Կտակն նախահարցն, Ասանեթի աղօթքն, Եզր Սաղաթիէլ, (որ է Գ Եզր) Մնացորդքն Գ, Մահ մար գ արէիցն ԻԴ»: Նոր կտակարանին մէջ կայ եւ Կորնթացւոց Գ թուղթն: Եւ յետ նոր կտակարանաց, իբրեւ անմիջապէս սրբազան գ իրք գ րուած են, «Աղօթամատոյցն Սահակայ եւ Մեսրովպայ», որ է Ժամա գ իրքն, «Պատարա գ ն Ս. Մանդակունւոյն», որ է Պատ գ ամամատոյցն. եւ որ արմանալի է` ասոնցմէ առաջ գ րուած է «Դաւիթ փիլիսոփայի Բարձրացուցէքն». այնքան պատուելի եւ սքանչելի սեպուած է այս մեր Անյաղթ փիլիսոփային ճառն ի գ ովեստ Ս. Խաչին: Աստուածաշունչ գ րոց մէջ ամենէն աւելի աշխատալին ստու գ ութեան համար` էր հին կտակարանաց ամենէն աւելի շատ գ ործածուած, եւ ամեն քրիստոնէից (եւ գ ուցէ աւելի մերազ գ եաց) մէջ յաճախած Սաղմոսաց գ իրքն, որ եւ խիստ շատ օրինակուելով այլայլեր էր, եւ շարադրութեան եւ գ րուածքի տարբերութիւններով` շփոթութեան պատճառ եղեր էր կարդացողաց, եւ հարազատը ո'րն է` կ ՚ ուզէին իմանալ. այս բանս Սարկաւա գ ին ալ մեծ հո գ եղած էր, եւ շատ օրինակներ քննելէն ետեւ` փնտռելով գ տաւ Հաղբատու գ րանոցին մէջ ամենէն տակը գ րած մէկ հին սաղմոս մը` որ Թար գ մանչաց ձեռքովը գ րած էր, կիսամաշ ու բարակ գ րերով. այն գ եղեցիկ յիշատակարանը համբուրելով եւ աչացը վրայ դնելով` առաւ գ նաց, աշխատութեամբ օրինակեց, եւ ուրիշ շատ ալ օրինակել տուաւ ու ցրուեց Հայաստանի ամեն կողմը: Իրմէ ետեւ իբրեւ դար մը վերջը Յովհաննէս Գառնեցի վապդապետն այլ (որ այս բանս կու պատմէ) ջանաց ա'յլ աւելի ծաւալել Սարկաւա գ ի ստու գ ած սաղմոսը` անոր համար շատ ձեռա գ իր սաղմոսաց մէջ կու գ տուի իր յիշատակարանն, կամ նոյն սաղմոսարանն Գառնեցի կ ՚ ըսուի:

Այս սուրբ եւ արտաքին գ րոց ստու գ ութեան պէս, եւ ըստ մասին ա'յլ աւելի մեծ ստու գ ութիւն եւ նորո գ ութիւն մ ՚ ըրաւ Սարկաւա գ ` Հայոց տումարին. «Սա զբազմաց փափա գ ելին եւ ոչ ձեռնհաս` զհաստատ եւ զանշարժ տօմարն կար գ եաց Հայոց, փոխանակ շարժականին եւ անհաստատնոյն. արար եւ զմիաբանութիւն ամենայն ազ գ աց տումարին ընդ Հայոց». կ ՚ ըսէ Կիրակոս պատմիչ: Վասն զի թէպէտ իրմէ առաջ Զ դարէն ի վեր ջանացեր եւ կար գ ի մը խոթեր էին` բայց շարժական ըլլալովն դեռ շփոթութիւնները դադրած չէին. իրաւ Անանիա Շիրակացի եւ Անաստաս կաթուղիկոս, Է դարուն մէջ ջանացին այս բանս այլ շտկելու, բայց կաթուղիկոսին մահուամբը փիլիսոփային ջանքն ան գ ործ մնաց: Իսկ Սարկաւա գ վարդապետ նորէն աշխատեցաւ, տարեկան տօները հաստատուն ըրաւ, եւ Հայու տօմարը ուրիշ ազ գ աց տօմարներուն հետ բաղդատելով` համեմատութիւն ըրաւ. այս կար գ աւորութիւնը մերոնք կ ՚ անուանեն Սարկաւա գ ադիր կար գ: Այս բանիս վրայ ուրիշ ան գ ամ խօսած ըլլալով: Հայկայ շրջանը բացատրած ատենս, չեմ ուզեր հոս նորէն կրկնել. միայն յիշեմ համառօտ ինչ որ այս նորո գ ութեամբս եղաւ: Նախ ուրիշ բարեկար գ աց ազ գ աց նման մեր եկեղեցւոյն մէջ այլ ամեն օրուան վրայ գ րուեցան համառօտ տօնք եւ յիշատակք Սրբոց, անոնց համառօտ պատմութեամբք, որով Յայսմաւուրք գ իրքն ձեւացաւ, եւ ինչուան հիմայ եկեղեցեաց մէջ կու կարդացուի ըստ աւուրն պատշաճի. թէ եւ հին ատեն այլ կային Ճառընտիրք, Մարտիրոլո գ ք, Ադամա գ իրք, եւ այլն. որոց մէջ սրբոց վկայաբանութիւնք եւ գ ովեստք գ րած էին կար գ աւ մը, բայց ոչ հաստատուն օրերով, եւ ոչ այլ ամէն օրուան յիշատակ կար: Բ. Մեր թէ եկեղեցական եւ թէ քաղաքական տօմարն` հաստատուն, յստակ, յայտնի օրէնք եւ կերպ մ ՚ առաւ: Գ. Հաստատուն տումարին համեմատ հաստատուն թուական մ ՚ այլ սկսաւ, ստոյ գ արե գ ակնային տարիներով, այսինքն չորս տարին որ մ ՚ աւելցընելով, սկսեալ ի 1084 թուականէն Քրիստոսի. վասն զի այն տարին կու լմըննար Հայոց մեծ ըսուած թուականէն (552է) սկսած հին գ հարիւրեկի (532 տարուան) շրջանն. եւ ըսուեցաւ Սարկաւա գ այ կամ Նոր թուական, եւ կամ Մտրուկ, որ աւելի Ձորո գ ետոյ կողմերը գ ործածուած է, եւ Մխիթար Գոշն այլ կու բանեցընէ: Այս թուականիս հետ սկսած հին գ հարիւրեակ շրջանն այլ ի հարկէ լմընցաւ յամին 1616. եւ ահա այն տարին Ազարիա Ջուղայեցին` երրորդ շրջանին հետ նոր թուական մ ՚ այլ հաստատեց` իր երկրին կողմերը, տարէ գ լուխը հաստատելով ի մարտի 21, որ պիտի ըլլար գ արնանային գ իշերահաւասարին օրը. եւ այնպէս այլ կ ՚ ըլլայ` եթէ նոր տումարին մարտի 21ը առնունք. այս թուականս այլ Ազարիայի անուամբ կու կոչուի: Դ. Հին Հայոց տումարը եւ Հայկայ թուականը եւ Շրջանը յայտնեց եւ նորո գ եց Սարկաւա գ, որ յիրաւի մեր պատմութեան եւ ժամանակա գ րութեան համար կարեւոր եւ պանծալի բան մ ՚ է. ինչպէս որ յիշած եմ քեզի այն շրջանին վրայ խօսած ատենս: Ե. Ժամանակա գ րական թիւերն այլ քննելով` երեւելի դիպուածները հաստատեց քանոնի մը վրայ. զանազան թուակար գ ութեանց մէջ ընտրեց այն եօթանասնից հաշիւը` որ յԱդամայ մինչեւ ի ծնունդ Քրիստոսի կո համրէ 5198 տարի, մինչեւ Ջրհեղեղն` 2242 տարի: - Այս տումարական բաներէս մաս մը գ րած է յամի Տեառն 1107 մաս մը 1116, մաս մ ՚ այլ ասոնց միջոցը, եւ կ ՚ երեւի որ ոչ առանց դժուարութիւն կրելու հին սովորութեամբ վարժողներէ, ինչպէս քանի մը խօսքերէն կու գ ուշակուի. նոյնպէս այլ կ ՚ երեւի որ մէկ մասը գ րած է իր մէկ մտերիմն, որուն խոստանալով յետոյ աւելի տեղեկութեամբ գ րել, այսպէս խրատով եւ ընտանեբար կու վերջացընէ. «Արդ դու ընկալ այժմ զսակաւարան պատասխանի հարցմանն, նիստ խաղաղութեամբ, ոչ ումեք հակառակելով եւ ոչ վիճելով. քանզի բանս ընդդէմ դնել անզ գ ամին` ոչինչ օ գ նեսցէ. վասն որոյ լռել եւ առանձին իմաստասիրել` կամ ընդ խորհրդականս, յոյժ շահաւոր է: Եւ դու որպէս եւ գ րեցերն` եւ կարես գ ալ` բարւոք է. ապա թէ ոչ` զամենայն ինչ որ տարակուսելի քեզ` հարցցես գ րով. շնորհօքն Աստուծոյ պատրաստ եմք լուծանել զտարակուսանսն եւ ուսուցանել զան գ իտացեալն, ապաստանի յոյս Հո գ ին սուրբ: Այլ այլ ինչ որ պակասն իցէ, եւ եթէ հաճոյ իցէ քեզ, զամենայն տօնս` նորովս (տումարով) գ րեմք` որ չեն գ րած»:

Վերջին խօսքերս կ ՚ իմացընեն որ սրբոց տօներուն կար գ աւորութեանն համար էր խնդիրն, եւ թէ կային ծանօթ սուրբք` որոց տօնի օր գ րուած չէր, եւ ասոնց համար կ ՚ ըսէ, թէ որ կ ՚ ուզես իմ ցուցած նոր եւ հաստատուն տումարիս օրերուն վրայ դնեմ ասոնց յիշատակը: Ինքն այնչափ ստու գ ութիւն եւ ճշդութիւն կու բնտռէր այս սրբոց տօնից օրերուն, տարակուսանքն զսուրբերն այլ կամ անոնց տօնելի ըլլալը տարակուսելի կ ՚ ընէր իրեն. այս բանիս կու վկայէ բազմահմուտ Արեւելցի (մեծ) Վարդան վարդապետս, առ Հեթում թա գ աւոր գ րելով այսպէս. «Սարկաւա գ վարդապետ ասացեալ էր ընդ իւր խորհրդակից, թէ ես այնց տօն չեմ տօնել` որ չեմ տեսեալ զտօնին պատճառն եւ զաւուրն շնորհն: Ի սուրբ Ստեփանոսի տօնին` յետ արձակման ժամուն` զժամտան դուռն փակեալ էր, գ իտելով թէ մարդ չմնաց ի ներք, եւ սկսաւ աղօթել. եւ եկն սուրբն Ստեփանոս եւ համբուրեաց զվարդապետն, եւ ետ նմա ըմպելի հրեղէն, եւ ասաց Վարդապետն, թէ յուշ է՞ր եկիր յայս տարպայս, (ան գ ամ). եւ ասէ Նախավկայն. Գիտե՞ս, հայր, թէ քանի եկեղեցի եմ գ նացել ի մեծարել զտօնողսն` շնորհօքն Քրիստոսի, եւ լուկ օր վճարեցի: Եւ աբեղայ մի թա գ ուցեալ կայր ի դասն, ետես եւ լուաւ. եւ եկն անկաւ յօտս վարդապետին. եւ նա ասաց, մի ումեք ասիցես»: - Ոսումնականէն կերպով մը ի հրաշալի տարաւ զմեզ պատմութիւնն, ուր ես այլ հիմայ չեմ ուզեր ուշանալ, բայց ոչ այլ զանց ընել ըսելու, որ այս տեսիլքս աւելի պարզ եւ հաւանելի կերպով կու յիշէ Վարդանէն հին հեղինակն եւ իմ նախ յիշածս` Յովհաննէս Գառնեցի. «Այս Սարկաւա գ ս, կ ՚ ըսէ, այր սուրբ եւ տեսող եւ զուարթերես եւ լի հո գ ւով. որ եւ ի տօնի սուրբ Նախավկային խընդրեաց ի սուրբ վկայէն տեսանել զնա, եւ ահա երեւեցաւ նմա դէմ յանդիման եւ գ րկախառն համբուրիւ ողջունիւ ողջունեաց զնա. եւ բազում բանս մխիթարականս խօսեցաւ ընդ նմա»:

Այսչափ քննութիւնք, ստու գ ութիւնք, նորո գ ութիւնք եւ պէսպէս գ րուածք` լաւ իմացուցին թէ կայ ազ գ ին մէջ անանկ ամենահաս եւ կարող գ րիչ մը, անոր համար շատոնց իրենց տարակոյսներուն լուծմունքն իրմէ ուզեցին, ինքն ալ աննախանձ եւ բարեսէր` լցուց կարօտութիւննին: Այսպէս են մեզի հասած քանի մը մանր գ րուածքներ` Հովերու եւ Երկրաշարժի պատճառին վրայ, որոց մէջ ի հարկէ հիմակուան բնա գ իտաց կարծիքը եւ գ րութիւնը պէտք չէ բնտռել, բայց բաւական ողջամտութիւն կ ՚ երեւի. շատ հմտութիւն եւ ջանք ստոյ գ եւ զանազան գ իտութեանց. մանր դիտողութեամբ եւ զ գ ացմամբ բնութեան տեսարանաց եւ օրինաց. որոյ օրինակ ըլլայ. ան գ ամ մ ՚ այլ, սարեկ թռչնոյն ձայնին եղանակն, ի բաց հանելով բարոյական բաղդատութիւնները:

Արթուն եւ զուարթուն թռչուն, հսկող եւ բարբառող:

Կանչող եւ կարկաչող, ճռճուող, ձայնող, պաշտօնասէր…

Անմերձ եւ մօտաւոր, ուրախաբար լսասիրաց.

Քաղցրաձայն դաշնակաւոր, որպէս կարծեմ` ըստ արուեստին:

Սաստկախօս եւ հարթավանկ, խանդաղատող եւ ողբեր գ ակ:

Հրամայող եւ ողոքող, ըզխրատականս ներա գ րող:

Սպառնացող եւ հեզախօս, գգ ուող, կոչող եւ հրաժարող:

Կականող եւ ձայնարկու, յոյժ խնդացող եւ զուարճացեալ.

Արդ գ իշերըն քեզ ի տիւ, եւ խաւարն որպէս ըզլոյս:

Որ եւ է բնապատում կըրնայ գ ովութեամբ յիշել այս սարեին եղանակին յատկութիւնները, որք երբեմն Սարկաւա գ ին աղօթքը շփոթել կու տային. եւ օր մ ՚ այլ ճարն հատնելվ նստաւ գ րեց այսպէս 200ի չափ երկայն տողերով ոտանաւոր «Բան իմաստութեան, ի պատճառս զբօսանաց, առ ձա գ ն` որ զաղօթանոցաւ նորա ճռուողէր քաղցրաձայն, որ կոչի Սարիկ». եւ գ րելուն ատեն` յանկարծազդեցիկ բանաստեղծի պէս այնպէս վառուեր եւ յափշտակեր էր, որ գ րի կաղամարն վրան թափեցաւ եւ հա գ ած կաշիէ զ գ եստը աղտոտեց. հարկ սեպեց որ այս բանս այլ գ ան գ ատելով յիշէ իր քաղցրախօսիկ դրացւոյն.

Այլ եւ զայժմուս իսկ պատահումն` ոչ լըռեցից արտաբերել.

Ըզնախահօրըն փոխազ գ եստն` որ յետ անկմանն ընձեռեցաւ`

Ապացոյց մեռելութեանն եւ գ ուշակիլ ունակութեան,

Ըզվերարկուս` ինձ համունակ` զայս արարեր դու անպիտան:

Այս կէս իմաստասիրական կէս զուարթական բանաստեղծութիւնս` որ Սարկաւա գ այ մեզի հասած գ րուածոց մէջ ամենէն զուարճալին է, մեր գ րականութեան մէջ աննման գ րուածոց այլ մէկն է, եւ պիտի մնայ անմոռանալի: - Իսկ ինքն ուսումնական բաներ սովրիլ եւ գ րելու համար յայտնապէս կու պահանջէ, թէ «ամենեւին բազմահմուտ պարտ է գ ոլ ձեռնարկողին այսմ, ոչ միայն սրբոց եւ աստուածաշունչ գ րոց, այլ եւ արտաքնոց»: Ասկէ այլ գ եղեցիկ եւ հաստատուն փիլիսոփայութեամբ կու պահանջէ որ ուսումն կամ գ իտութինն փորձով այլ ստու գ ուի: «Դարձեալ թէ եւ սոքօք կիրթ եւ վարժ, առանց փորձի` կարծիքն հաւատարմանալ ոչ կարասցեն. եւ փորձն` հաստատուն եւ աներկբայ վասն զի ոչ է պարտ միայն հնա գ իտակ լինել, այլ եւ ինքնաբաւ` ըստ շնորհեաց Աստուծոյ»: Առանց այսպիսի հնարից գ րող կամ խօսող գ իտնոց խելքը` մեղադրելով կ ՚ անուանէ «Խօլ հանճար` անհանճարիցն»:

Այս անտարակուսաբար կրնանք ըսել որ Սարկաւա գ վարդապետ շատ մեծ արդիւնք ունեցաւ այսպիսի ջանքով եւ գ ործերով, որոց բովանդակութիւնն է` ըլլալն իր ժամանակին եւ երկրին մէջ նորո գ ող ուսմանց եւ ընտիր ախորժակ մըտցընող. ինչ որ ԺԵ դարուն մէջ սկսան Եւրոպացիք` ինքը մետասաներորդին սկսեր էր, կամ թէ իրեն ժամանակակից դպրոցական ըսուածներուն հետ. եւ թէպէտ չհասան մեզի այն տեսակ գ րուածները, բայց յայտնի է որ ինքն դասատուութեամբ այն նոր ոճը բանեցուց. անոր համար կոչուեցաւ «Մեծ Սոփեստէսն Հաղբատայ»:

Սարկաւա գ վարդապետ իր մտաց ուժը` գ իտութեանց. հո գ ին ալ Աստուծոյ եւ աստուածայնոց նուիրած էր, ինչպէս որ ամեն ասանկ զօրաւոր եւ զ գ օն իմաստասիրաց յատկութիւնն է. եւ իր գ րուածքներն ալ կը վկայեն որ աստուածային բաներու մէջ խորամուխ էր, միան գ ամայն եւ մեծ հո գ եսիրութեամբ վառուած` ճշմարտութեան եւ վարուց ուղղութեան բերելու զուրիշները. բայց առանց կռուասէր վիճման եւ բռնադատութեան, այլ անհակառակ եւ խելացի հաւանողական խօսքով եւ գ րով: Այս հո գ ին եւ այս մեծ հանճարն էր որ զինքը Հաղբատու վանաց առաջնորդ կամ հո գ եւոր հայր ըրին. այն պաշտօնն այլ ինչպէս իր պատճառաւ ուրիշներուն` ասանկ այլ իրեն շատ օ գ տակար եղաւ միտքը աւելի բարձր աստիճանի հասցընելու. լաւ ճանչցաւ մարդուս սրտին ճամբաները. եւ անանկ թափանցող եղաւ որ հո գ ետեսութեան ձիրք ունեցած կու կարծուի: Քաղցրութիւնը իրեն գ ործիք էր ըրած սիրտ շահելու, բայց ոչ երբեք անով թեթեւութեան մը իջաւ. վսեմութիւնը իրեն խօսքին հաւանեցուցիչն էր. սքանչելի վարքն եւ օրինակն` անխօս եւ բռնադատիչ քարոզ. տկարաց եւ կարօտից համար` գ րուածքները միշտ յիշեցուցիչ եւ արթնցընող. տեղին յարմար խստութիւնն ու անաչառութիւնն ալ` վարդապետական պաշտօնին համեմատ, եւ անոր պատիւը աւելցընող` քան թէ ահարկու ընող:

Կը պատմուի, թէ իր պաշտօնին անարժան քահանայ մը շատ ան գ ամ խրատուելով` բայց իր անկար գ վարքէն ետ չկենալուն` Սարկաւա գ վարդապետ զինքը պատաա գ էն ար գ իլեց. անօրէնն ոչ վարդապետին քաղցրութիւնը եւ ոչ սաստը, եւ ոչ ժողովրդեան արհամարհանքը (որ ծաղրելով Զոմզոմա կու կանչէին իրեն) բանի տեղ դրաւ, հապա զայն` որ իր արժանաւորութեանը ար գ ելք կ ՚ ըլլար սուրբ խորհուրդը մատուցանելու, ուզեց անոր սուրբ նախանձաւորութեանը զոհ ընել. վասն զի ճշմարտութիւն միշտ կու գ այ ծռած ըղեղներու: Օր մը ճամբան հանդիպելով իր վարդապետին (որ վանքին մօտ գ ետոյն վրայ եղած քարայրէն կու դառնար` կարդալէ), աւազակաբար յարձըկեցաւ` այն մեծ եւ պատկառելի գ լխուն վրայ ձեռք վերցընելով. իսկ վարդապետն անխռով եւ քաղցր ծանրութեամբ ըսաւ` Սիրելի որդեակ Ստեփանոս, ինչո՞ւ կ ՚ ուզես չարչարել քու վարդապետիդ. պատասխանեց լիրբն. Ինչուան հիմայ Զոմզոմա էի, հիմայ սիրելի՞ Ստեփանոս դարձայ. ինչո՞ւ դու ալ զիս սպաննեցիր` զրկելով եկեղեցիէն: Վարդապետն տեսնելով որ խրատն բաւական չէր ըլլար անոր պարտքը ճանչցընելու, ուզեց Աստուծոյ թողուլ դատաստանը. տարաւ զանիկայ եկեղեցին եւ ծանուցումն ըրաւ, թէ աս եղբօրս յանցանքը զրպարտութիւն սեպելով` կը ներենք եւ կ ՚ ազատենք բանադրանքէ: Իսկ աներեսն այն չափը հասեր էր` որ յանդ գ նեցաւ նոյն օրը պատարա գ մատուցանելու. բայց Աստուծոյ բարկութիւնը վրան հասնելով` դիւահարածի պէս ընկաւ. ինչուան որ նոյն հո գ եւոր վարդապետն աղօթքով թէ անոր առողջութիւն պար գ եւեց եւ թէ խելքը գ լուխը բերաւ:

Իր հո գ եսիրութեանը համար ըսուեցաւ, Այր տեսող եւ լի հո գ ւով. եւ իր սքանչելի աղօթքնէրն ալ նոյնը կու ցուցընեն. եւ ինչպէս կ ՚ երեւի այս աղօթքներս ոչ միայն իր սրտին զովացմանը համար գ րեց, հապա նաեւ անոնց` որոնց հո գ ը իր սիրտն էր առեր. անոր համար ըստ զանազան հասակի եւ կրից հո գ ւով շարադրեց. տղոց համար` անոնց հասակին յարմար շնորհքները խնդրելով, եւ մեղաւոր ու ալէկոծ հո գ իներուն համար` ուրիշ, եւ այլն: Համբակները իմաստութեան սիրոյն յորդորելու համար` գ րեց իմաստութեան յորդորներ, որոնց մնացորդներն հասան մեզի. քահանայից` իրենց ահաւոր պաշտօնը արժանաւորապէս պաշտելու համար` քահանայութեան վրայ ընտիր ճառ մը գ րեց խոհական վարդապետութեամբ. սրբոց, եւ մանաւանդ մեր եկեղեցւոյ հարց յիշատակը նորո գ ելու համար` իրենց որդւոցը սրտին մէջ` գ եղեցիկ ներբողներ Լուսաւորչի եւ անոր թոռանցը վրայ. եկեղեցական պաշտօնն ալ զարդարեց ընտիր եր գ երով: Այսպիսի ջանքն անկարելի էր որ անպտուղ մնար. իրեն արժանի աշակերտներ ունեցաւ, բայց ժամանակն` որ վարդապետին գ ործոցը չխնայեց` աշակերտներուն ալ ըստ մասին մոռացութեան մէջ թողուց:

Բայց ինչպէս որ առաջ ըսինք, աստուածային բաներու մէջ ծանրութեամբը` մարդկանց քաղցր ընտանութիւնը չմոռցաւ, հապա գ իտէր զիջանել մարդկանց եւ կենակից քաղցրաբանութեամբ, ինչպէս որ Զուարթատէս ալ կ ՚ անուանեն զինքը: Զուարթատես ալ կ ՚ անուանեն զինքը: Զուարթութիւնը ոչ միայն երեսին, այլ եւ լեզուին եւ արթուն մտացը վրայ կը փայլէր, որով շատ օ գ ուտ բերաւ իր վանքին ալ, իր մօտ գ տնուած ազ գ այնոց ալ. վասն զի շատ իշխաններու եւ բռնաւորներու սիրտը կ ՚ առնուր առ ձիրքերովը. նման իր պատուակից Յովհաննէս Իմաստասիրին: Դաւիթ Վրաց թա գ աւորն այնչափ լաւ ճանչցեր է առ մեծ մարդուս յարդը` որ շատ հեղ հետը կը տեսնուէր, եւ գ լուխ ծռելով օրհնութիւնը կը խնդրէր. Սարկաւա գ ալ մեծութիւն չծախելով` Դաւթի մար գ արէին խօսքը յարմարցընելով` կ ՚ ըսէր. «Գտի զԴաւիթ ծառայ իմ, եւ իւղով սրբով իմով օծի զնա. ձեռն իմ ընկալցի զնա, եւ բազուկ իմ զօրացուսցէ զնա»:

Ժամանակին խնդիրները, եւ Յունաց հետ վիճմունք ստիպեցին մեր Սարկաւա գ ը որ Աստուածաբանական գ րուածքներ ալ հանէ. ասոնց ոճն ալ թէպէտ երբեմն Սարկաւա գ ին է. այլ երբեմն ալ հեռու է անկէց. եւ ասանկ գ րուածոց մէջ օտար ձեռք խառնուիլն նոր բան չըլլալով նաեւ մեր ազ գ ին մէջ, չենք կրնար Սարկաւա գ ին ընծայել բոլոր գ րուածքը` ինչուան որ ստու գ ա գ ոյն օրինակներ չունենանք ձեռուընիս:

Հիմայ հոս յիշեմ ինչուան հիմայ անոր մեզի ծանոթ եղած գ րաւոր աշխատութիւնները, որոնք ամենն ալ ընտիր գ րուածոց կար գ ը կրնան գ րուիլ:

Ա. Սուրբ Լուսաւորչի վրայ ներբողական ճառ մը, որ բաւական է Սարկաւա գ վարդապետին ոճը եւ ճարտարութիւնը իմացընելու, լեցուն իմաստներով եւ կարճ խօսքերով, ինչպէս իրեն եզական ձիրքն է: Լուսաւորչի վրայ գ ուած ճառերուն մէջ ասիկայ ամենէն կարճկ է, բայց ամենէն այլ գ երազանց, առ ճառիս սկիզբն է. «Զնահատակութիւն սրբոցն տօնէ եկեղեցի»:

Բ - Ե. Սրբոյն Սահակայ եւ Մեսրովպայ, մեծին Ներսեսի, Տրդատայ եւ Ղեւոնդեանց վրայ ալ ճառեր գ րած է. կ ՚ աւանդեն, բայց ես չեմ տեսած եւ թէպէտ կան մէկ երկու գ րուածքնե ասոնց վրայ` որ Սարկաւա գ ին կ ՚ ընծայուին, այլ իր ոճէն հեռու են:

Զ. Վասն մասանց պատուոյ եւ պատկերաց ընդունելութեան. արժանի իմաստասէր անուանը գ րուած. թէ խելքն եւ թէ ոճն, եւ վսեմ զուրցուածքն, ասոր մէջ կը ցուցընէ թէ ինչ աստիճան պատիւ տալու է պատկերաց եւ սկիզբն է. «Յանտեղիսն ճարտարա գ ոյնք եւ հանճարեղք յանբանութիւնս»:

Է. Վասն շարժման երկրի. համառոտ գ րուած մը. կամ գ րուածի մը կտոր, ուր հովերը երկրիս տակիսասանութեանց պատճառ կու կարծէ, եւ քանի մը բնական երեւոյթներու վրայ կու խօսի:

Ը. Մեկնութիւն տօմարի, եւ Յաղա գ ս անկեանաւոր թըւոյ. որուն ինչպէս յիշեցի` միայն հատուածներն ունինք:

Թ. Բան խրատու. իմաստութեան վրայ վարդապետութիւն մըն է, մէկ երեսիկ մը բան, բայց պըզտիկութեան մէջն այլ այնչափ ընտիր` որչափ են պզտիկ գ ոհարները:

Ժ. Աղօթա գ իրք, զանազան վերնա գ րով, քսան հատի մը չափ, ամենն ալ ընտիր վսեմ սրտաշարժ, որ եւ ամեն մեր նախնի աղօթա գ իրներէն գ երազանց, եւ կերպով մը Նարեկացիէն աւելի բնական եւ կատարեալ, թէպէտ Նարեկն ալ անհաւասարելի է իր կար գ ին մէջ:

ԺԱ. Աստուածաբանական բանք. քսան կամ քսանուհին գ գ լուխ բան, որոնց մէջ միայն ինչպէս վերը ըսինք` աւելի հասարակ զուրցուածք կամ անհարազատ ոճ կ ՚ երեւնայ:

ԺԲ. Սրբոց Ղեւոնդեանց վրայ համբարձի շարականն` Պայծառա գ իր, որուն ամեն բանասէրը ծանօթ պիտի ըլլան:

ԺԳ. Ս. Հո գ ւոյ վրայ գ րուած ճառ մը:

ԺԴ. Ղուկասու աւետարանի մեկնութիւն, զոր իր աշակերտն Սար գ իս կու յիշէ:

ԺԵ. Շատ ան գ ամ յիշատակած բանաստեղծութիւնն ի Սարիկն:

ԺԶ. Տաղ ի Յարութիւն Քրիստոսի:

ԺԷ. Անշուշտ իր ամեն գ ործքերուն մէջ գ լուխ գ ործոց սեպելո էր իր Պատմութիւնը, որ դեռ կորսուածներուն կար գ ն է ինծի, բայց Վարդան, Կիրակոս, Մխիթար Այիվանեցի, Սամուէլ Անեցի կը յիշեն զայն, եւ կը վկայեն անոր ընտիր հմուտ եւ սքանչելի գ րուածքին: Այս ետքի պատմա գ իրս` որ անոր աշակերտն էր, իր ժամանակա գ րական պատմութեանը մէջ երկու իրեք հատուած կը բերէ այս ցանկալի պատմութենէ, որ որչափ ուրախութեան պատճառ է մեզի, գ ոնէ ան մէկ թղթի պատառիկն ունենալուս եւ անոս ամբողջ գ րքին վսեմութիւնը եւ ազնուութիւնը ճանչնալուս, այնչափ ալ ցաւ կու տայ անոր կորստեանը վրայ, վասն զի այն հատուածներն` նման վերո գ րեալ գ ուածոց վսեմութեան` փաստ մը կրնան ըլլալ, թէ այն պատմութիւնն այլ մեր գ րականութեան ընտիր գ րուածքներէն մէկն էր, եւ իրեն ցեղին մէջ թերեւս ամենէն ընտիրը: Այս պատմութիւնս կ ՚ երեւի թէ երկու գ լխաւոր մասն էր. մէկ մը ընդհանուր Սկիւթական (Թուրք) ազ գ աց ծա գ ման եւ արշաւանաց վրայ, որ ԺԱ դարէն սկսան գ ալ Հայաստան. Սէլչու գ եանց եւ Տուղրիլեանց, Ալփասլանին եւ անոր նախորդացը գ ործքերը. մէկ մ ՚ ալ Ալփասլանի որդւոյն Մէլիքշահին գ ործքերը, որուն մահուամբը կը դադրեցնէ Սարկաւա գ իր պատմութիւնը: Ահաւասիկ ասոր վրայօք ըսածն, որ քեզի այլ ճաշակ մ ՚ ըլլայ մեր սոփեստէսին պատմաբանութեանը եւ խորհրդածութեանցը. «Իբրեւ առնոյր ըզփառս իշխանութեանն` բարեբաղդն Մէլէք –Շահ, զկնի հօրն մահուանն` Ալփասլանն կոչեցելոյն, մեծապէս կար գ օք յօրինէր զթա գ աւորութիւնն. ըստ անուանն արդարեւ եղեալ արքայ արքայից: Ոչ հետեւեալ հօրն բարուց եւ կամաց, այլ եւ յաւէտ մանաւանդ զընդդէմսն ախորժեալ, մին զի եւ մըտահաճ եղեալ` զնորայսն սասրէր զիմացմունս, իբրեւ եղեալ հակառակ խաղաղութեան եւ կենաց մարդկան, արեամբ եւ զրկմամբ խանդացեալ: Իսկ ինքն իմաստաբար քաղաքավարութեան կար գ օք պատրաստէր զամենայն: Արդ խոհեմն այն եւ արի քան զյոլովս ի թա գ աւորաց եւ քան զամենեսեան ո առ մեօք, ոչ այնքան տանէր հո գ ` որքան արդարութեամբ առ ամենեսին վարիլ. զի մի ոք լիցի տրտում ի զրկելոց, եւ հպարտ` ի գ ոռոզաց: Էր եւ ազատաբարոյ եւ մեծախորհուրդ, այլ եւ տեսիլ մարմնոյն արժանի թա գ աւորութեանն. ընդ որում հեզութիւն ի քաղցրութիւն բարուցն լծակցեալ` առնէր սիրելի ամենեցուն. զոր միայն կոչեցից թա գ աւոր եւ փարթամ: Սն ի դոյզն ժամանակի փոքր ինչ նուազ զբոլորս հնազանդէր զտիեզերս. զոր այլք ի թա գ աւորաց` ի բազում ժամանակս եւ կամ ոչ բնաւ. բայց ոչ այնքան պատերազմաւ եւ բռնութեամբ` որքան սիրով եւ քաղցրութեամբ: Զի թէ սաւակ ինչ ժամանակաւ այնքան զօրեաց` կարծեմ թէ եւ ոչ Եւրոպէ կարէր ոչ տալ մուտս արքայութեան նորա, եթէ յոլովեալ էին կենաց նորա ժամանակք:

«Ի ՇԽԱ (1092) թուականին սպանաւ մեծ հազարապետն արքային Պարսից Մէլիքշահին, որում անունն էր Հասան, իսկ ըստ պատուոյ աստիճանին` Վզրուկ խօճայ: Եւ զկնի աւուրց քսան եւ ութից մեռանի եւ ինքն Մէլիքշահն, զորմէ համբաւէր յօմանց դեղակուր ի կնոջէն լեալ, որ էր հեզ առ ամենեսեան եւ քաղցր բարուք յաւէտ առ ազ գ ն քրիստոնէից: Եւ յետ մահուան նորա անպատմելի եղեւ խռովութիւն ամենայն ազ գ աց զամս չորս. զի եաղբայր որա Դըդուշն եւ որդի նորա Բէքիարուխն` զայսոսիկ զամս մարտիւ պատերազմաց զբարեյարմարութիւն զամենայն ի բաց կտրեցին, վասն ոչ ընդ փոյթ միոյ ի նոցանէ տիրելոյ. հոսմանց արեանց իբրեւ զուղխից լինէր, ոչ միայն զինակիր նահատակացն` այլ եւ առհասարակ ազանց եւ գ աւառաց. եւ նեղութիւնք վշտաց սովու եւ գ երութեան: Եւ այսպէս բարիքն ի բաց վճարեցան ընդ խզման կենաց թա գ աւորին. որոյ երկք եւ աշխատութիւնք թա գ աւորականք` ուրոյն, եւ շահն եւ օ գ ուտն` հասարակաց ամենեցուն, մեծամեծք եւ ընտրելիքն, մանաւանդ զխաղաղականն ասեմ զկեանս եւ զանհակառակսն. զի սիրէր զազ գ ս մեր այնքան` զի աղօթս հայցէր եւ օրհնութիւնս. յորմէ եւ անդ երբեմն չո գ աւ հայրապետն: Օ՜չ, թէ միայն էր աշակերտեալ քրիստոնեական կրօնից եւ կար գ աց: - Արք ի քաղքին` յորում նստաւ եւ թա գ աւորեաց` յԱսպահան մայր քաղաքացն Պարսից` եւ մեռանի անդ»:

Զարմանալի հանդիպութիւն, որչափ ոչ բարակ եւ ազնիւ ճաշակ ունէր Սարկաւա գ եւ ազնիւ բաներու վրայ կ ՚ ուզէր գ րել, այնքան թանձր եւ դժար ժամանակի եւ պիրապետութեան ատեն հանդիպեցաւ, եւ փոխանակ բարեկիրթ թա գ աւորաց գ ործերը գ րելու` ստիպուեցաւ այն խոր Ասիոյ Միջնաշխարհէն ելած ասպատակներուն գ ործերը նշանակել, ինչպէս որ հաճելով մը կ ՚ անուանէ. «Սկիւթական ազ գ աց, ոչ ելլենախոհիցն` այլ բարբարոսացն` եղեալ մուտ յաշխարհս (մեր)»: - Սակայն մեզի համար` որ դիպուածները չեմք կրնար փոխել` միշտ բաղժ սեպուելու էր գ ոնէ այն բարբարոսաց գ ործերն այլ լսել ելլենախոհ պատմըչէ մը:

Այս Պատմութենէն զատ` զոր կըրնամք անուանել Թուրքաց պատմութիւն, եւ որ Ար. Լաստիվարտեցւոյն պատմութենէն ետեւ պէտք է դասուի` ըստ ժամանակին, անցեալ դարուն վերջը գ րող բանասէր մը կ ՚ ըսէ, (ԺԸ) թէ «Սարկաւա գ վարդապետն սուրբ Յովհաննէս` արար Եկեղեցական Պատմա գ իրք». այս բանիս վրայ հիներէն վկայութիւն մը չունիմ, միայն փափա գ իմ թէ յիրաւի գ րած ըլլար եւս առաւել թէ գ տնուած ըլլար, գ ուցէ թէ աս եկեղեցական պատմա գ իրքն` ըլլայ (ԺԹ) Կանոնա գ իրք. վասն զի այսպիսի բան մ ՚ այլ կ ՚ ընծայուի Սարկաւա գ այ: Ասոնցմէ զատ կու յիշուին, Ի. Յաղա գ ս չորից առաքինութեանց: Հարցումն վարդապետաց առ Սարկաւա գ: Մեր ժամա գ րոց մէջ կարճառօտ աղօթք մը կայ Յիշեա Տէր զպաշտօնեայս քո, որոյ վերնա գ իրն է «Ի սարկաւա գ վարդապետէն ասացեալ». սակայն այս աղօթքս մեր Սարկաւա գ վարդապետէն աւելի առաջ այլ յիշուած ըլլալով` կամ ետքիններն սխալմամբ իրեն ընծայած են, կամ ըսել է թէ այն աղօթքը սարկաւա գ ին կու վայլէ ըսել եկեղեցւոյ մէջ: Այս այլ յիշեմ որ Սարկաւա գ անուամբ ուրիշ անձինք այլ եղածն են. որոցմէ մէկն է Հաղարծին վանքին առաջնորդն, ժամանակաւ յետոյ քան զմերն: Բայց թէ նա եւ թէ ուրիշք` գ րուածք այլ թողած ըլլան` մեր սոփեստէսին գ րուածքն իրենց իսկատիպ շնորհքն ունին, որով մէկէն կու ճանաչուին, եւ զարմանքն այս է` որ այնքան զանազան եւ տարբեր նիւթոց վրայ ըլլալով գ րուածքն եւ այնքան պէսպէս ոճերով դարձուցած, դեռ ամենն այլ իսկութեան կերպ մ ՚ ունին, ամենն այլ իրենց տեսակին մէջ ընտիր են. եւ կու յայտնեն հեղինակին մեծ, զօրաւոր բեղմնաւոր եւ զանազանեալ հանճարը, որ եւ հաւանօրէն իմ յիշածներէս զատ ուրիշ շատ բաներ այլ արտադրած պիտի ըլլայ, թողլու (իր ըսածին համեմատ) յիշատակ:

«ըզկնի անապական

Առ հանդերձեալըն ժամանակ»:

Գուցէ այն հանդերձեալ ժամանակն որ մը յայտնէ քեզի, Հայկակ, այդ ցանկալի գ րաւոր գ անձերը:

Սարկաւա գ այ աշակերտներէն այլ քանի մը միայն կու յիշուին. մէկն է վերոյիշեալն Սամուել Անեցի, ժամանակա գ իր պատմիչ, երկրորդ` նոյնպէս յիշեալն Կունտ Սար գ իս վարդապետ, որ գ րած է մեկնութիւն աւետարանաց Յովհաննու եւ Ղուկայ, որոց մէջ իր վարպետին խօսքերն այլ կ ՚ անցընէ. Գ. Երեմիա Անձրեւիկ, որուն ան գ ամ մը վարդապետն լուռ կեցիր ըսելուն, իրեք տարի լուռ կեցաւ, կ ՚ ըսէ, «ընդ միտս եւ ընդ Աստուծոյ «խօսէր»: Դ, Ե, Զ Խաչատուր Գրի գ որ եւ Յովհաննէս Անեցիք, որոց գ ործքն եւ գ րուածքն անծանոթ են ինծի:

Իսկ իր ընկերակից վարդապետներէն նշանաւորք եւ իրեն բարեկամք` միան գ ամայն եւ հայրենակիցքն էին Դաւիթ Ալաւկայ որդի ըսուածն, որ կանոններ գ րած է, եւ Գրի գ որ Թոքակերի որդի, որք եւ իրմէ քիչ մ ՚ ետեւ վախճանեցան: Այս երեքին վրայօք դէպք մը կու յիշուի, միան գ ամայն եւ Սարկաւա գ ի վրայ եղած մեծ համարմունքն:

«Դէպս եղեւ զի յաւուր միում նստէին երեք այս արքս սքանչելի, եկն անդ այր մի շինական, եւ ասէ ցնոսա. Երանի՜ որ գ իտէ ի ձէնջ թէ ո՞ իմաստնա գ ոյն իցէ: Զայս իբրեւ ծաղրական ասաց: Պատասխանի եա Թոքակերի որդին եւ ասէ. Ես ասեմ քեզ. մինչդեռ էաք ի մերում աշխարհին` ես կարող էի եւ կարող. իսկ Սարկաւա գ ս կարել միայն գ իտէր. իսկ այժմ սա կտրէ եւ կարէ. եւ բազում նկարս յաւելու ի վերայ: Զայս առակաբար վասն իմաստութեան նորա ասաց»:

Ցաւալին է մեզի Սարկաւա գ այ վարուց եւ գ ործոց մասամբ անծանոթ մնալն, ինչպէս նաեւ իր վերջի տարիներուն եւ մահուան կերպն, եւ զարմանք է որ Յայսմաւուրաց մէջ չեմ հանդիպած անոր վարքին կամ յիշատակին, ինչպէս որ իրմէ ետքը եղող շատ վարդապետաց վարքն կան. գ ուցէ դեռ իր ապրած կողմերուն մնացեալ վանից եւ եկեղեցեաց Յայսմաւուրաց մէջ գ տուի այս փափա գ ածնիս: Միայն իրեն կենաց լրման թուականը կ ՚ աւանդեն Սամուէլ եւ ուրիշ ժամանակա գ իրք: «Ի ՇՀԸ թուին (1129) փոխեցաւ ի Քրիստոս մահուամբ սուրբվարդապետն Սարկաւա գ ի Հաղբատ»: Բարեբաղդութեամբ գ ոնէ այն ելլենախոհ եւ բարձրաճեմ գ լուխը ծածկող քարն ծանօթ մնաց. յիշեալ վանքին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ գ եղեցիկ զան գ ակատան տակ` կու կարդացուի. ԱՐՁԱՆՍ ԱՅՍ ՍԵՄԱԿԱՆ Է ՍՈՓԵՍՏՈՍԻ ՍԱՐԿԱՒԱԳԻՆ: Այնպիսի նշանաւոր անձին կու վայլէրնշանաւոր արձանա գ իր մ ՚ այլ, որոյ նշանական բառն է Սեմական, զոր ոմանք կ ՚ ուզեն Սեփական կարդալ, այլ կըրնայ նոյն իսկ սեամ բառին ածանցն ըլլալ, նշանակելով թէ այն քարն իբրեւ սեամ է, զոր կոխելով Սարկաւա գ ` պիտի մտնէ յանմահութեան տաճարը: Ո՞ գ իտէ թէ արդեօք ինքն իսկ չէր պատուիրած այնպէս գ րել: Սարկաւա գ ի թաղուած ատեն այն տեղ հին պզտի եկեղեցի մը կար, զոր դար մ ՚ ետեւ քակելով` շինեցին զան գ ակատունը, բայց ինչպէս կ ՚ երեւի` չդպան գ երեզմանին:

Երախտա գ ետ եւ զ գ այուն համազ գ իք մեր, իրենց պանծալի վարդապետաց եւ գ իտնոց հանճարոյ եւ գ րուածին համեմատ` մականուններ նուիրեր են. ինչպէս, Քերդող (Մովսէսք), Փիլիսոփայ (Դաւիթք, Թէոդորոսք) Հռետոր (Խոսրով), Վերծանող (Մամբրէ) Իմաստասէր (Յովհաննէս Օձնեցի), Համարող (Անանիա), Շնորհալի (Ներսէս Կլայեցի), եւ այլն. մեր Սարկաւա գ ին այլ սեփականեր են Սոփեստես կոչումը, յետ Յովհաննու Իմաստասէր կաթուղիկոսի` այսպէս կոչում մը չէր տրուած մէկու մը 400 տարուան միջոց, մինչեւ յայս երկրորդ իմաստասէր Յովհաննէսս. անկէ ետեւ այլ մէկու մը տրուած չէ, Սոփէստէս կամ Սոֆիոդիս ըստ Յունաց` երբեմն իմաստասէր եւ յետոյ իմաստակ նշանակած է. մեր մէջ փիլիսոփայութեան հետեւողք եւ այնպէս անուանողք կան քանի մը, բայց գ լխաւորք այս իրեքն են` Անյաղթն, Օձնեցին, եւ մեր Սարկաւա գ ն, իրեքն այլ նոյն գ իտութեան մէկմէկ կոչմամբ աւելի սեփականեալ, մին Փիլիսոփայ, երկրորդն, Իմաստասէր, երրորդս Սոփեստէս, որով յայտ եւ թէ ժամանակակիցքն այլ լաւ ճանչցեր եւ կու պատուէին Սարկաւա գ այ զարմանալի հանճարը, բազմապատիկ հմտութիւնը, խոր մտածութիւնը եւ ճարտար գ րուածքը, միով բանիւ հին ընտիր հեղինակաց հետեւողութիւնը, Ելլենախոհութիւնը կարճ ըսելով, եւ անոր համար այդ մակդիրը տուին իրեն, եւ անով կ ՚ որոշռուի մինչեւ ցայսօր Հաղբատայ եւ Սանահնի տապանատանց տակ քնացող այն բարձրաճոճ գ լուխներէն` որոց տեսչութիւնն վերին տուաւ թա գ եր եւ առաւ. իսկ ասոր` տուաւ իմաստութիւն, որ անթառամ եւ անմահ պահեց իրեն կենդանի օթեւանը, Սարկաւա գ այ գ լուխը: