Յուշիկք հայրենեաց Հայոց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

 

Ա

ՀԻՆ աշխարհին հիւսիսային կողմերն` որ մինչեւ հիմայ ցրտութեամբ եւ երկար մթութեամբ ահարկու են, քանի որ աշխարհա գ րական գ իտութիւնք չէին ընդարձակած` Անծանօթ աշխարհ կոչուէին: Բայց այս անծանօթ աշխարհս` մեր նախահարց վառվռուն մտաց ոչ այնքան ահաւոր` որքան խորհրդաւոր կ ՚ երեւէր. եւ եթէ բարկ բորէասայ շունչն իրենց այլ երբեմն դպչելով` զ գ ացուցեր էր փչած երկրին բնութիւնը, անոնք դեռ անկէց այլ անդին կ ՚ երեւակայէին զարմանալի կամ ախորժելի երկիր եւ ազ գ մը` Գերհիւսիսական, (ինչպէս կոչելի է թերեւս դերհիւսսական գ րուածն ի գ իրս նախնեաց մերոց, որ է թար գ մանեալ յունական Իբերվո'րիի): Այս անծանօթ երկրին բնակիչքն` սրբազան կու սեպուէին, միշտ աստուածոց եւ պաշտամանց նուիրեալք` զոհերով` եր գ երով, պարերով, ծաղկըներով պսակուած. եւ կ ՚ ըսուէր, թէ հազարաւոր տարի ապրելէն վերջը` պսակ ի գ լուխնին եւ քնար ձեռուընին բարձր հրուանդանէ մը վար կու գ լորէին կու ծածկուէին յանդունդս ծովուն:

Այսպիսի զարմանալի եղած (կամ չեղած) ազ գ ի միջէն այլ զարմանալի անձ մը ծանօթ եւ հռչակուած է ի Յունաց` իբրեւ մեծ իմաստասէր կամ բժիշկ, Աբարիս անուամբ, որոյ համար աւանդեցին ոմանք թէ քուրմ էր Ապողոնի, եւ Նետի մը վրայ կռթընած կամ հեծած` անդադար ման կու գ ար երկրիս բոլորտիքը: Այս առասպելս` ըստ ոմանց արդի բանասիրաց թուի նշանակել Աւար ազ գ ը, որ յարմար հայաձայն անուանն` աւարող եւ աւերող էր. եւ այն հիւսիսային ազ գ աց մէկն` որք առանց հաստատ բնակութեան` վրանօք տեղէ տեղ կու փոխադրէին, եւ զիրար կամ զօտարս քշէին իրենց հասարակ եւ սովորական զէնքովն` որ էր նետ. ըստ այսմ ամենքն այլ իրաւամբք կոչին Նետողք: -Մեր ազ գ ին փառաց եւ պերճութեան ատեն երբ 400 իշխանք եւ տոհմապետք թա գ աւորին հետ կու բազմէին ի հանդիսի, անոնց մէկուն տոհմն կամ պայազատութիւնն այլ Նետողք կոչուէր, բայց հաւանօրէն թուի գ լխապետ նետաձի գ զօրաց, (ինչպէս ձիաւորացն այլ Ասպետ` որ եւ Բա գ րատունի), քան թէ Նետող ազ գ ի մը գ աղթական, որն այլ ըլլայ` մեր ազ գ ին Նետողաց զէնքն պաշտապանական էր եւ ոչ թշնամական` իբրեւ այս հիւսիսային թափառիկ ազ գ աց:

Ըստ նկարա գ րութեան հին աշխարհա գ րաց եւ պատմըչաց, վերոյիշեալ գ երհիւսսականքն` բեւեռային շրջանակին մօտ բնակիչք կ ՚ երեւին, որոց հարաւային եզերքն` մինչեւ ի ծանուցեալ Կովկասային եւ Արեաց, Հնդկաց ու Չինաց աշխարհները եղած լայնածաւալ միջոցն` անուանէին Սարմատիա (յարեւմտակողմն) եւ Սկիթիա (յարեւելակողմն): Այս ետքինս էր բնիկ Նետողաց ընդարձակ ասպարէզ թափառանաց, ուսկից 2000 տարի` հին եւ միջին պատմութեան ժամանակ` ելան զանազան ազ գ եր` յարեւմուտք եւ ի հարաւ ասպատակելով: Շատ աղէկ սահմանադրէ այս աշխարհս` մեր հին աշխարհա գ իրն Մ. Խորենացի. Սկիւթիա աշխարհք` որ են Ապախտարք, այսինքն Թուրքաստանք, ըստ հիւսիսոյ` Անծանօթ երկրաւ (սահմանի) եւ ըստ մտից` Սարմատացւոց աշխարհաւ (մինչեւ) առ Աթլ գ ետով. ի հարաւոյ` Վրկան ծովով եւ Արեօք եւ Հնդկօք առ հարաւային բազկաւն Եմաւոն լերինն… իսկ ըստ ելից կուսէ` սահմանի ի Ճենաց: Եւ ազ գ ք են նորա 44» (կամ48): Հիմակուան հմտա գ ոյն բանադատք այլ յայս կարծիս են, թէ հին Սկիւթիա է Թուրքաստան աշխարհն, որ եւ Ազատ Թաթարք կոչի հիմայ, իսկ Ապախտոր` հիւսիսային կամ արեւմտեան թար գ մանի: Ես չեմ ուզեր քեզի հետ, Հայկակ, այս երկայն եւ ճղճղած խնդրոց մէջ մտնել, այլ միայն գ լխաւոր եւ մեզի ծանօթա գ ոն ազ գ երը յիշել:

Բ

Մեր աշխարհա գ րին 43 կամ 44 ըսած ա գ աց մէջ յանուանէ միայն (ըստ զանազան ձեռա գ րաց) երրորդ մասին չափ յիշէ, որոց մէջ նշանաւորք են Թուխարք, Մազ գ ութք կամ Մասրա գ ետացիք, Հոնք, Սօդիք կամ Սա գ աստան (Սոկտք կամ Սոկտիանա հեղինակաց), Հափթաղք, եւ այլն, մէկալոնց համար մէկ օրինակա գ իրն, որ անշուշտ յետոյ է քան զԽորենացին, կ ՚ աւելցընէ. «Եւ զայլ ազ գ ս ասէ խուժական անուամբ, զոր չէ հարկ ասել. զի այժմ այլ ազ գ ոչ գ իտեմք, բայց միայն զԲուշխն` ազ գ ` որ ճարակի զերկիրն զայն»: Այս յետին ազ գ ս, (զոր մեր աշխարհա գ իրն յիշէ նաեւ ի մէջ ասիական Սարմատաց` որ սահմանակից էին Սկիւթիոյ յարեւմտից), զոր եւ մեր ուրիշ պատմիչք այլ յիշեն, թուի իրենցմէ յետնոց յիշեալ Պաշխիրք ազ գ ն Թուրքաստանի, որ արդարեւ ըստ վկայութեան արաբացի պատմըչաց` իրենց տոհմակցաց մէջ ամենէն զօրաւորք եւ ահարկուք էին մինչեւ ի դարն ԺԲ, եւ համարին մերձաւորք Ունկուր Թուրքաց` նախահարց Ուն գ արացւոց, այսինքն Մաճառաց, արեւմտեայք Պաս գ ադիր անուաներ են զասոնք:

Թողլով այս ամեն ազ գ աց վրայ հետաքննական գ իտելիքն, մէկ երկու բան ըսեմ, եւ նախ այս` որ ինչպէս հին ատեն Սկիւթիա ըսելով` ամեն հիւսիսային ազ գ երն իրարու հետ շփոթէին, այսպէս այլ քրիստոնեայ եւ արաբացի հեղինակք, մանաւանդ արեւմտեայք, Թուրք անուամբ շփոթեն զանազան ժողովուրդներ նախայիշեալ աշխարհաց: Բայց ըստ ստու գ ա գ ոյն եւ նոր աշխարհա գ րաց` Թուրքաստան կ ՚ իմացուի Կասպից ծովէն ինչուան Թանկուտ կամ Չինաց արեւմտեան սահմանը, իբրեւ 36 երկայնութեան աստիճանի միջոց արեւմուտքէն արեւելք, եւ Հ. լայնութեան 36-55 աստիճանաց մէջ: Բայց այս ընդարձակ երկրին մէջ այլ` բնիկ Թուրքաստան համարուի անմիջապէս Կասպից եւ Արալ ծովուց միջոցն, եւ այս ետքինիս մէջ թափւող երկու մեծամեծ գ ետոց լայնափիւռ հովիտքն, որք հիմայ յարեւելեայց կոչին Ճիհուն կամ Ջահան եւ Սիհուն: Առաջինն` որ եւ հարաւայինն` կոչի եւ Ամու–Տէրէա եւ ըստ նախնեաց Ոքոսս, ըստ հին Պարսից եւ մերոցս` Վեհ-աստ. երկրորդն` հիւսիսային Սիր-տէրէա (Դեղին ծով) եւ ըստ նախնեաց Եաքսարտ եւ յոմանց եւս Երասխ, որ բնականապէս աւելի անծանոթ էր նոցա քան զՈքսոս. մինչդեռ անոնք անմիջապէս ասկէ անդին եղող երկիրն այլ կ ՚ անուանէին Անդր-Ոքսեան Transoxiana, յորմէ եւ Արաբացիք թար գ մանորէն անուանեցին Մաուերա-ուն-նեհր, Յայնկոյս- գ ետոյն եւ եղծմամբ Մավար- ել-Նահար. որ եւ յետոյ (ԺԳ դարու) Ճինկիզ խանի որդւոց մէկու իշխանութեան բաժին ըլլալով` անոր անուամբ Չեղադայ կոչուեցաւ: Այս ընդարձակ երկիրս` յանյիշատակ ժամանակաց` ճեմարան եւ չուարան է վրանաբնակ քան չինաբնակ, խաշնարած եւ ձիարած ազ գ աց, բարբարոսաց եւ աղեղնաւորաց, որոց նախահայրն անծանոթ է, թէպէտ եւ ըստ հին եւ նոր հաւանա գ ոյն աւանդութեան` ի Թոր գ ոմայ սերեալ են: Ոմանք այլ ի Մա գ ով գ այ ատեն զասոնք, աւելի անհաւանական (ոմանց ի մերոց պատմըչաց ըսածն) թէ ի Քամայ ըլլան (Թուրքք):

Իրենց տեղ տեղ խոպան եւ աղուտ, տեղ տեղ դալար եւ սիզաւէտ անհուն դաշտերուն եւ անապատներուն մէջ` հազարաւոր տարիներ կու թափառէին եւ կու թափառին այս ժողովուրդքս, հնա գ ոյն ատեններ դէպ ի հարաւ ասպատակելով, Պարսից սահմաններուն վրա. իսկ ասոնք` (որ իրենք զիրենք Իրան կոչէին) զբարբարականս այլ Թուրան կոչէին, եւ անհաշտ կռիւ ունէին անոնց հետ` իբրեւ ընդ որդիս չարին (Ահէրմէնի): Պարսից շատ դիւցազանց քաջութեան ասպարէզն այս Թուրանս եղած է:

Ասոնք են արեւմտեայ հին հեղինակաց Սկիւթացիքն. բայց իրենց ծանօթա գ ոյն են` ասոնց երկրին հիւսիսակողման ազ գ երն. որք մէկմէկու ետեւէ զիրար քշելով 1000 տարիէ աւելի միջոց` հիւսիսային կողմէն դէպ յարեւմուտք եւ ի հարաւ կ ՚ ասպատակէին. յետոյ սկսան հարաւէն արշաւել: Ի մար գ արէից յիշեալ Գով գ այ եւ Մադով գ այ եւ Թոբելայ ազ գ երն այլ ասոնք են. յորոց (ըստ Միխայէլի պատմըչի) Նաբուքոդոնոսոր եւ Կիւրոս օ գ նական զօրք վարձեցին, զորս եւ համարձակ Թուրք կ ՚ անուանէ պատմիչն, բայց այս անծանոթ է հին օրինակա գ րաց, եւ թերեւս յայտնի յիշուած չէ յառաջ քան զ ՚ Զ դար, (եթէ ի յետնոց աւելցուած չէ այդ անունն` մեր Խորենացւոյն աշխարհա գ րութեան մէջ):

Գ

Իսկ առ հինս եւ ի պատմութեան ծանոթ եղած Սկիւթացւոց մէջ` թերեւս հնա գ ոյնք են Ալանք, որ եւ մեր ազ գ ային պատմութեան մէջ շատ ծանուցեալ եւ խնամիք թա գ աւորաց մերոց Արշակունեաց, որոց ընծայեցին եւ շնորհա գ եղ դշխոյներ` զԱշխէն եւ Սաթեն (Սաթենիկ): - Ասոնց տոհմակից սեպուին Մազ գ ութք, Քրիստոսէ վեց դար յառաջ յիշեալք, եւ Թաւասպարք վեց դար յետոյ այլ յիշեալք, եւ ճանաչին հիմայ Եւրոպիոյ հիւսիսային եւ միջին երեւելի ազ գ աց նախահարք կամ հօրեղբարք, այսինքն Գոթաց եւ Տեւտոնաց. որոց առաջին բնակութիւնն էր Ուրալ գ ետոյն վերնակողմը, եւ յետոյ Խըրզըղ ազ գ ի անապատները: Ասկից` Քրիստոսի թուականէն քիչ ետքը յարձակեցան ի Կովկաս, եւ անցան այն լեռները, թափեցան մինչեւ ի Հայաստան, եւ դաշնադրութեամբ ու խնամութեամբ յետ քաշուեցան, բայց դէպ յարեւմուտք տարածուելով` հասան մինչեւ յԱզախու ծովն, եւ 400 տարւոյ չափ հիմկու Ռուսաց Յայսկոյս-Կովկասեան ըսուած երկիրները գ րաւելէն զատ` անդադար կ ՚ ասպատակէին ի Վիրս, ի Հայս եւ ի սահմանս կայսերաց. երբեմն ինքն իրենց շահուն համար, երբեմն այլ ուրիշ ազ գ աց օ գ նական, ինչպէս երբեմն եւ Հայոց` ընդդէմ Պարսից: Գունդ մը կամ տոհմ մը Մազ գ ըթաց Կովկասէն ասդին մնացին Դարբնիտայ հարաւակողմը, եւ մեր Արշակունեաց հետ այլ խնամեցան, եւ նաեւ ի Քրիստոս հաւատացին Տրդատայ ատեն. բայց յետ մահու նորա` մեր Լուսաւորչին թոռը Գրի գ որիսն այլ նահատակեցին, իրենց Սանսեան թա գ աւորին հրամանաւ: Արեւմտեան Մազ գ ութք Գ դարու մէջ անցան ինչուան ի Սպանիա եւ յԱփրիկէ. վասն զի իրենցմէ զօրաւորք զիրենք քշէին, որ էին Հոնք. եւ Եւրոպիոյ մէջ Ե դարուն վերջերը, Ասիոյ մէջ` Զին ետքերը` գ րեթէ անյիշատակ եղան Ալանք:

Յաջորդ (Է) դարուն մէջ ծածկուի Հոնաց անունն այլ, որ Ե եւ Զ դարուց մէջ ամենէն տիրողն էր, մանաւանդ իրենց վայրենի դիւցազին Ատտիղասայ ատեն, ի կէս Ե դարու: Թէպէտ Հոնաց անունն գ րեթէ հազար տարի առաջ այլ յիշուի ի կարդացուի (ըստ ոմանց) Պերսեպօլեայ բեւեռաքանդակ արձանաց վրայ, այլ տեղերնին շատ որոշ չէ, կամ շատ կարծելի չէ` որ ըլլայ ինչուան Սեաւ ծովուն մօտերը. թէ եւ յետ ժամանակաց հասան այն կողմերը. մինչեւ մեր յետին պատմիչք կամ յուշա գ իրք ԺԳ-ԺԵ դարուց` Երկիր Հոնաց անուանեն զՂրիմն այլ: Հոնաց ցեղից մէջ մէկ գ լխաւորն է Ո գ ուր կամ Ուն գ ուր կոչուածն, Հոն - ան գ ուր ըստ մեր հին պատմըչաց. որոց անուանի եւ մեծազօր հսկայի կամ ըմբշի մը հետ մենամարտեցաւ եւ յաղթեց Բաբիկ` հայրն Վասակայ ուրացողին. ինչպէս առաջ քան զնա հսկայն մեր Տրդատ` ընդ Գդռիհոնի թա գ աւորի նոցա (թերեւս Գուդուր Հոն) յերկրին Տարօնոյ, ուր հասեր էին արշաւանօք եւ մատնութեամբ: Շատ ան գ ամ Ճորայ (Տէրպէնտ) պահակէն անցնելնուն համար յարձակելու յարեւմուտս` այն անցքն ըսուեցաւ Հոնաց Դուռն. զոր եւ ատեն մը մեր զօրաւոր Արշակունի թա գ աւորք զ գ ուշութեամբ ամրացուցած պահէին անոնց դէմ. յետոյ Աղուանից ձեռքն անցաւ. որոց անուամբ այլ կոչի:

Ատտիղասայ թա գ աւորութեան ատեն մեր Ս. Մեսրովպ Աղուանից քարոզելով` ինչուան Կովկասեան լերանց անդին այլ լսեցուց Քրիստոսի աւետարանը, նաեւ իր աշակերտաց գ ործակցութեամբ. որոց ձեռօք հաւատաց ի Քրիստոս Հոնաց զօրավարն` որ յԱղուանս յարձակեր էր, եւ յետոյ իր ընտանեօք եւ հետեւողօք նահատակեցաւ հոն: Երկու դար եւ աւելի վերջը երբ Հոնք տկարացեր եւ Խազրաց նախիշխանութեան տակ ընկեր էին, դեռ իրենց հին մայրաքաղաքին մէջ` որ կոչէր Վառաղան եւ է հիմայ Թարքու` ի հիւսիսոյ Դարբանտայ, կու նստէր թա գ աւորնին կամ զօրավարնին` Ալփ անուամբ, որ եւ պատուով Լիթուէր կոչէր, յորմէ եւ Լիթուէրութեան պատիւ (ինձ անծանօթ): Սա` իր երկրէն (զոր Ախոժաղնեան աշխարհ Գով գ այ` կոչէ ժամանակակից պատմիչ մեր), ասպատակի ելաւ յԱղուանս. յետոյ հաշտելով թողուց որ եպիսկոպոս մը (Իսրայէլ Մեծկունեաց) գ այ իր երկիրը եւ քարոզէ զՔրիստոս (յամի 684). արդէն քսան տարի առաջ Հոնաց թա գ աւորն խնամացեր էր Աղուանից իշխանապետին հետ:

Ասկէ ետեւ գ րեթէ չեն յիշուիր Հոնք. այլ փոխանակ նոցա խօսքիս սկիզբը յիշեալ Աւարքն, զոր Թուրքք քշեցին (յամին 551) իրենց երկրէն` յՈւկորիոյ` որ է հիմկու Սիպերիոյ Վոկուլաց երկիրն, ուսկից ելեր էին եւ Հոնք: Բիւզանդացի պատմիչք ստէպ յիշեն զԱւարս եւ կ ՚ ըսեն թէ Թուրքք Վարխոն անուանէին զանոնք, արդ մեր աշխարհա գ իրն այլ վերոյիշեալ Սկիւթացի ազ գ աց մէջ համրէ զԱլխոն եւ Վալխոն: Դարձեալ վկայեն անոնք թէ Աւարք ազ գ ակից եւ բուն Հոնք են, այլ իրեն Աւար անուն թա գ աւորէն այսպէս կոչեցան: Կայսերաց երկիրը մտնելով կամաց կամաց յառաջ եկան մինչեւ ի գ աւառս Դանուբայ, եւ իրենցմէ առաջ հոն հասնող Հոները նուաճեցին. բայց իրենց վրայ այլ հասան Բուլղարք. Խազրաց վարեալք) եւ տիրացան այն կողմերուն` Ը դարուն մէջ եւ այլ ետքը, ուր եւ մինչեւ հիմայ մնան իրենց սերունդքն խառնեալ ընդ Հոռոմ ցեղի, եւ երկիրն այլ իրենց անուամբ ամենուն ծանօթ է:

Այս զօրաւոր եւ Սլաւեանց տոհմակից Բուլղար ազ գ ն այլ` յառաջ քան զայն ամեն յիշուի մեր Հայոց պատմութեան մէջ, Քրիստոսէ դար մը կամ աւելի առաջ. իրենց հին հայրենիքն այլ ծանօթ է` Վոլկա գ ետոյն վերին կողմերը, որ եւ անոնցմէ առած է այս անունս. (Վոլկայն առ հինս Իռա կոչի եւ ի Թուրքաց Էթլ). ուսկից իջան ինչուան անոր բերանը եւ աւելի վար` Կովկասու հիւսիսակողմը. եւ ասկէց այլ քշուելով իրարմէ` գ ունդ մը կտրեց զԿովկաս լեռները եւ անցաւ յԱյրարատ, Բասենոյ կողմերը. իրենց Վունդ իշխանին առաջնորդութեամբ ի Վղընդուր ցեղէ, որոյ անուամբ բնակած տեղերնին ալ Վանանդ կոչեցաւ ի Հայս, մինչեւ հիմայ:

Դ

Հոնաց անհետանալու կամ նուազելու ատեն յերեւան եկան կամ նշանաւորեցան Սպիտակ Հոնք ըստ Բիւզանդացւոց, կամ Եւթալիտք (սխալմամբ եւ Նեֆթալիտք), որ են ըստ մեզ Հեփթաղք, նաեւ Թէտաղք կամ Թէտալացիք. (նոյն թուի եւ Տաղական կամ Իդաղական` թէ չիցեն Տահք, Dahae): Ասոնք ուրիշ նշանաւոր անուն մ ՚ այլ ունին առ մերայինս, Քուշանք, որ է ըստ Չինաց Քուէի շուանկ. (արդեօք ի Քուշա՞յ համարեալք որպէս Հնդիկք): Ժամանակին պատմիչք կամ յիշօղք` Հոնաց տոհմակից եւ մերձաւոր կարծեցին զասոնք. ոմանք Թուրք ցեղ մը, որքան Հնդկա-օվկիաբացի, իսկ նոր բազմահմուտ աշխարհա գ իր մը երկար քննութեամբ կու հաստատէ` թէ Չինաց մօտ Դէպպէթէն ծա գ եալ ժողովուրդ մ ՚ էր եւ ըստ նոցա Եուեդի կամ Եուիչի կամ Ճադ անուանեալ: Այս յայտնի է որ Հեփթաղք Դիպէթի հիւսիսակողմը բնակէին նախ, որ է Թուրքաստանի հարաւակողմը, ուր` մերազ գ ի բայց գ աղղիա գ իր երեւելի արեւելա գ էտ մ ՚ այլ` արաբացի հին պատմիչներէ կու յիշէ Դակազկազ Թուրք հզոր ցեղը, որոյ գ լխաւոր քաղաքն էր Քուշան, եւ ըստ այսմ` Դիպէթի եւ Թուրքաց սահմանախառն երկիր եւ ազ գ մը կ ՚ ըլլան սոքա, եւ ի պատմութեան Չինաց ինչուան Դ դար Քրիստոսէ առաջ յիշուին. եւ միայն անկէ դար ու կէս յառաջ դէպ յարեւմտակողմն եկած են եւ տիրած Սո գ դիանի եւ Բակտրիոյ, այն տեղի յոյն թա գ աւորութիւնը վերցընելով: Այս է մեր պատմըչաց յիշածն այլ, թէ Արշակ` Թետալաց թա գ աւորին որդին` տիրեց Պարթեւաց, եւ ասոնց Բահլ քաղաքը, իրաւ իրեն աթոռ մէկ եղբայրը թողլով իրենց առաջին աշխարհին մէջ, որ է Թետալիա, միւս եղբայրն այլ (Վաղարշակ` թա գ աւորեցուց Հայոց: - Ասանկ հեռաւոր եւ անթանոթ կողմերէ ծա գ ած են եղեր մեր քաջածանօթ եւ գ երահռչակ Արշակունի թա գ աւորքն, Տրդատք եւ Տի գ րանք: - Գ-Զ դարուց մէջ պայծառացան կամ հռչակեցան Քուշանք Հեփթաղք, բայց անկէ առաջ այլ բաւական նշանաւոր գ ործեր ըրած պիտի ըլլան, որ յԳ դարու անոնց պատմութիւնն այլ գ րուած եւ ծանօթ եղած ըլլայ Հայոց, վասն զի Զենոբ` ժամանակակիցն Ս. Գրի գ որի Լուսաւորչի կ ՚ ըսէ. «Ընթերցիր զթա գ աւորութիւն Հեփթաղէնիկայ (կամ Եւթաղեայ), հելլենացի գ րով, եւ կամ զթա գ աւորութիւն Ճենաց, զոր գ տանես յՈւռհայ քաղաքի առ Բարդայ (կամ Բարդեճան) պատմա գ րի»:

Այս ատեններս` կամ քիչ առաջ` երբ Սասանեանք նուաճեցին զՊարթեւս` մեր թա գ աւորն Խոսրով իբրեւ տոհմակից թէ անոնց եւ թէ Քուշանաց` ասոնց դեսպան խաւրեց եւ դրդեց ընդդէմ Արտաշրի, բայց Քուշանք անփոյթ եղան. սակայն երբ Սասանեանք յաջողեցան եւ զօրացան` Քուշանք անոնց գ լխահար եղան, եւ յափշտակեցին Պարթեւանց երկիրը, ու հոն ի Բահ դրին իրենց գ ահը, ինչպէս յիշէ եւ Բուզանդ, պատմելով Շապհոյ պատերազմը ընդդէմ նոցա, եւ անոնց ձեռքէն ազատիլը` քաջութեամբ Դրաստամատն Հայ իշխանին, (որոյ վարձք եղաւ իր տէրը` Արշակ կոյր թա գ աւորը` բանտէն հանել եւ մխիթարել, եւ ապա անոր հետ կամ անոր վրայ անձնամահ ըլլալ):

Կ ՚ ըսուի եւ մերոնց թէ Ս. Մեսրովպայ քարոզութեամբն քրիստոնացեալ այլազ գ եաց մէջ կային Հեփթաղք այլ, բայց տարակուսական է այս: Մեր ոսկէ գ րիչ պատմիչք յիշեն անզ գ ամ Յազկերտին պատերազմները ընդ Քուշանաց, որոց մէջ գ տուեցան մեր քաջ նախարարք եւ Մեծն Վարդան, այլ, նոյնպէս անոր որդւոյն` Պերոզի սպանուիլն կռուի մէջ` ի Քուշանաց, յամին 488: Դարձեալ ուրիշ պատմիչք այլ` յիշեն Վահրամ Չուպին Պարսից բռնաւորին պատերազմները եւ Քուշանաց երկու թա գ աւորները նուաճելը (յամին 580), որ կոչէին Շօդ եւ Պարսիկ: Ի սկիզբն Է դարո մեր Բազմայաղթ Սմբատ մարդպանն կռուեցաւ եւ յաղթեց անոնց, մինչեւ ստիպուեցան խնդրել օ գ նութիւն եւ Խազրաց, եւ եկան ասոնցմէ 300, 000 բայց Սմբատ դիւրաւ ցրուեց զանոնք, անոնց հսկայ թա գ աւորին հետ մենամարտելով եւ սպաննելով: Վերջին թա գ աւորն Սասանեանց Յազկերտ` հալածեալ յԱրաբացւոց ապաւինեցաւ ի Քուշանս, բայց չ գ տաւ օ գ նութիւն, եւ անոնց քով սպանուեցաւ Մէրվ): Քուշանք Արաբացւոց այլ դէմ գ րին նախ, բայց իրենց զօրաւոր դրացիներէն նուաճուելով, կամ անոնց հետ խառնուելով, անյիշատակ եղան Է դարուն վերջերը: Այս զօրաւոր ազ գ երն էին Խազիրք եւ Թուրք, շատ պատմիչք այս երեք ազ գ երն այլ իրարու հետ շփոթեն, մանաւանդ զՀեփթաղս եւ զԹուրքս, ոմանք հին Հեփթաղաց այլ Թուրք կ ՚ ըսեն, եւ ոմանք ինչուան ԺԱ դարու հասարակաց Թուրք կոչածն այլ Հեփթաղ կ ՚ անուանեն: Միխայէլ Ասորի համարձակ կ ՚ ըսէ. «Թետալիա` որ Թուրքաստան կոչի», եւ Պարսից Արաղ աշխարհին սահմանակից կու դնէ:

Ե

Հեփթաղաց անհետանալէն ինչուան ի յառաջանալն Թուրքաց, որ է ըսել Է-Ժ դարուց միջոցն, տիրապետող Սկիւթացիքն եղան Քզիրք, որք եւ Խազրիկանք կոչին ի մերոցս, եւս եւ Գիսաւորաց ազ գ. եւ շատ հին ատեն` ինչուան յԵրոդոտեայ յիշին Աքածիրի եւ ասոր նման կոչմամբ, (Քրիստոսէ Ե դար առաջ) տոհմակիցք եւ սահմանակիցք Հոնաց եւ Աւարաց եւ երբեմն անոնց հետ համանուն: Արաբացի հինպատմիչ մը` Վրաց տոհմակից կ ՚ ըսէ զանոնք, ուրիշ մը սրբա գ րելով զնա` ոչ Վրացի այլ Հայ են կ ՚ ըսէ Խազիրքն իսկ Վիրք իրենց երկրին վրայ առաջին ասպատակող ազ գ ը Խազիրք կոչեն: Մեր պատմութեան մէջ կու յիշուին ի սկիզբն Գ դարու, յորում Վոլկայի վարի կողմերը բնակէին ասոնք, եւ ուրիշ տոհմակից հզօր ազ գ մ ՚ այլ Բասիլք կամ Բարշիլք, որոց յունարէն կոչումն Վասիլի` թա գ աւորական նշանակէ, եւ այսպէս կարծի յոմանց թար գ մանաբար կոչուած յաշխարհա գ րութեան Խորենացւոյն, Թա գ աւորական Սարմատք: Այս երկուքս` Խազիրք եւ Բասիլք միաբանեալ յամի իբր 212, անցան Կովկասու մեծ դռնէն (Ճորայ կամ Դարբանտայ) եւ Կուր գ ետէն աս գ ին այլ վազելով` կոխեցին ինչուան Հայոց սահմանները, Վնասէպ Սուրհապ անուամբ թա գ աւորի մը առաջնորդութեամբ, իսկ մեր թա գ աւրն Վաղարշ մեծ պատերազմով վռնտեց զանոնք ինչուան նոյն Կովկասայ պահակէն այլ անդին` չափազանց վրէժխնդրութեամբ, մինչեւ հալածեալքն իրենց բնիկ սահմաններուն հասնելով եւ նոր օ գ նական ժողվելով` դարձան Հայոց վրայ, զՎաղարշ սպանեցին, զօրքը ցրուեցին: Խոսրով Ա որդի եւ յաջորդ Վաղարշայ` նորէն վրանին զօրք հանեց, հօրը վրէժն առաւ, եւ այնպէս վախ ձ գ եց այն անվախ ազ գ աց վրայ` որ ստիպուեցան իրենցմէ հարիւրէն մէկ պատանդ տալ Խոսրովու, եւ նա քաջութեան յաղթանակը հոն յունարէն արձանա գ րելով քարերու վրայ` դարձաւ, եւ բերած գ երին բնակեցուց ի Հայաստան, ուր Բասլայ ազնուականաց հետ խնամութիւն ըրին Առաւեղեանք եւ Ալանք, նոյնպէս յայլազ գ եաց գ աղթեալք ի Հայս:

Խոսրովայ որդւոյ Տրդատայ ատենն այլ Բասիլք ուրիշ հիւսիսայնոց միաբանութեամբ յարձակեցան Կովկասէն ասդին. բայց քաջայաղթն եւ երա գ ահասն Տրդատ` ընկաւ անոնց վրայ Ազնուանից երկրին մէջ, եւ իր որով թա գ աւորնին երկու կտոր ընելով` քշեց ասպատակը մինչեւ յերկիրն Հոնաց, եւ հօրը պէս անոնցմէ պատանդ եւ նիզակակից առնելով` տարաւ Պարսից վրայ: Անկէ ետեւ Բասիլը ինչուան ի Զ դար եւ այլ ետեւ` Վոլկայի եզերքը կու բնակէին, շրջակայ ազ գ աց եւ տոհմից տիրելով, մինչեւ հզորա գ ոյն եւ վեհա գ ոյն եւ իբրեւ թա գ աւորաց թա գ աւոր կու սեպուէր իրենց գ լխաւորն, եւ կ ՚ ըսուէր` թուրքացի կոչմամբ Խաքան, կինն այլ Խաթուն: Երկու ազ գ ն այլ գ րեթէ համապատիւ էին, բայց միայն ըստ աշխարհա գ րին մերոյ «Թա գ աւորն Հիւսիսոյ էր Խաքանն, որ է Տէր Խազրաց, եւ դշխոյն թա գ ուհի` կին Խաքանայ` ի Բասլաց ազ գ էն»: Խաքանին հզօրա գ ոյն ցեղն աւելի այլ զօրացաւ եւ բռնացաւ Բասլաց վրայ` երբ Բուշխ Թուրքք` զոր նախ յիշեցի, մօտեցան իրենց. այնչափ որ ըստ հին եւ պատուական աշխարհա գ րին մերոյ` կու ստիպուէին Բասիլք ամրանալ ի Սեւ կղզին Վոլկայի բերանը, «ի հզօր ազ գ էն Խազրաց եւ Բուշխաց` ճարակելոց յելից եւ ի մտից, եկելոց անդր ի ձմերոց»:

Ե դարուն կիսէն ետեւ` (յամի իբր 462) Խա գ իրք իրենց բնիկ երկրէն (յՈւկորիոյ) քշուելով, այս Վոլկայի վարի կողմերը եւ ինչուան Կովկասու ստորոտը սփռեցան, արեւելքի կողմէն այլ ինչուան ի սահմանս Թուրքաց, որոց հետ շատ մերձաւորութեամբն` ի Բիւզանդացւոց կոչին Արեւելեան Թուրքք, միան գ ամայն եւ առ ի զանազանել յԵւրոպա անցնող եւ բնակող Կումանաց եւ Մաճառաց, զորս Արեւմտեան Թուրքք կոչեն: Մեր պատմիչք այլ ցուցընեն թէ զանազան խան կամ խաքան ունէին նոքա, բայց մեծ Խաքանն էր տէրն Խազրաց, զոր եւ կ ՚ անուանեն թա գ աւոր Հիւսիսոյ. ասկէ օ գ նութիւն խնդրեց Հերակլ կայսր ընդդէմ Խոսրովու Պարսից թա գ աւորի եւ եկաւ իրեն օ գ նական Ջեբո խաքանն` «որ երկրորդ էր թա գ աւորութեան թա գ աւորին Հիւսիսոյ», իր Շաթ կամ Չաթ որդւովն: Սա մտաւ յԱղուանս, եւ աղաչանօք կաթուղիկոսին սոցա (Վիրոյի) ար գ իլեց ասպատակը:

- Ականատես ընկերն Վիրոյի` պատմիչն Մովսէս Կաղանկատուացի` շատ հետաքնին եւ կարեւոր տեղեկութիւններ կու տայ այս Խազրաց արքունեաց սովորութեան վրայ, զոր ուրիշ պատմըչի քով չես կրնար գ տնել, Հայկակ: - Թէպէտ այս ան գ ամ ապահով թողին Խազիրք զԱղուանս, բայց յետոյ դարձեալ զանազան ան գ ամ յարձակեցան եւ նուաճեցին, մինչեւ հարկ եղաւ որ Է դարուն վերջերը` Աղուանք թէ ասոնց հարկաւ ըլլան թէ Արաբացւոց: Մահմէտի յաջորդքն արեւելից մէջ իրենց ամենէն զօրաւոր դիմակաց գ տան զԽազիրս. եւ թէպէտ Կովկասեան լեռներն իրարմէ կու զատէին անոնց սահմանները, բայց շատ հեզ կամ մէկն կամ մէկայլն կտրելով զպահակը կամ անցնելով ի Դարբանտայ` իրարու հետ զարնուեցան, երկու կողմէն շատ արիւնհեղութեամբ եւ վնասով որոց երբեմն հաղորդ կ ՚ ըլլար մեր աշխարհն այլ` ամիրապետաց իշխանութեան տակ ըլլալով, կամ ստիպուելով դէմ կենալու Խազրաց ասպատակին. ինչպէս մեր Գրի գ որ Մամիկոնեան խոհեմ եւ կտրիճ իշխանապետն այլ անոնց հետ կռուելով` ընկաւ պատերազմի մէջ, յամին 685 (16 օ գ ոստ): Վերջապէս Արաբացիք կրկին ան գ ամ տիրելով եւ ամրացընելով զԴարբանտ` այն կողմէն ար գ իլեցին զԽազիրս: Արեւելեան կողմէն այլ ուրիշ հնարքով յաջողեցան, այսինքն նուաճելով զԹուրքս, եւ իրենց (մահմէտական) կրօնքին հաւանեցընելով, եւ իշխանութեան հասցընելով, ոչ միայն այն կողմերը, այլ եւ ինչուան Խալիփայից արքունիքը ի Պաղտատ, ուր` նախ անոնց կերպարանաց հաւնելով, յետոյ մեծամեծ պաշտօններու այլ հասուցին, մինչեւ գ րեթէ բոլոր իշխանութիւնն անոնց ձեռքն անցաւ: Այս կերպով Խազիրք` որ ինչւան Կասպից հիւսիսային եւ արեւելեան ափունքը տարածուելով` իրենց անունը տուին այն ծովուն (Խազրաց ծով, ինչպէս Կովկասու հիւսիսակողմեան երկրին այլ` Խազրաց դաշտ): Ը-Ժ դարուց մէջ` ամփոփուեցան Վոլկայի վարի կողմերը, եւ առջի վայրենութիւննին թողլով` բաւականա քաղաքականութեան կար գ եւ ձեւ առին: Այս բանիս մէկ պատճառն էր Բիւզանդեան կայսերաց հետ երբեմն դաշնակցիլն` թշնամութեամբ ընդ Արաբացիս, թէ եւ ոմանք այլ Թ դարուն սկիզբները (820) մահմէտական եղան` որ Արաբացւոց հաճոյ ըլլան եւ չնեղին ի Թուրքաց:

Բայց աւելի շատերն, ըստ աւանդութեամբ, այն կողմերը հին Հրէից գ աղթականներէն (կամ ուրիշ պատճառաւ)` հրէական կրօնից հետեւեցան, մինչեւ պատմեն ճանապարհորդք թէ Թ-Ժ դարուց մէջ անոնց թա գ աւորներն Հրեայ էին. եւ շատ իշանաւոր է առ բանասէրս` Ժ դարուն կիսուն մօտ դէպք մը (եթէ իրաւ է). Անտալուսիոյ Սպանիա) Արաբացի թա գ աւոր մ ՚ ունէր հրեայ պաշտօնեայ մը Ռաֆ Խաստայի անուամբ, որ թղթով հարցուց եւ տեղեկութիւն ուզեց Խազրաց թա գ աւորէն իրենց կրօնից եւ ծա գ ման վրայօք, նա այլ պատասխանեց եւ իմացուց` որ Խազիրք են ի Խոզարայ` յեօթներորդ որդւոյ Թոր գ ոմայ, որոց առաջինն` այլ կ ՚ անուանէ Ակիյոր` որ է մեր Հայկն, Ըն Ծանուր, Թն Պուլղար, Ժն Սաւիր (Սաբիրք) եւ այլն, եւ կ ՚ ըսէ թէ Վոլկայէն գ րեթէ ինչուան Դանուբ կու տիրէին: Իր նախորդաց մէկն աստուածային յայտնութեամբ ընդուներ էր հրէութիւնը, եւ ինքն ( գ րողն) Յովսէփ` տասնեւչորրորդ հրեայ թա գ աւորն էր Խազրաց: Ուրիշ կարեւոր գ իտելնք այլ կ ՚ աւանդէ, որ հոս յիշեալ աւելորդ կու սեպեմ, Հայկակ: Բիւզանդիոյ եւ Ռուսաց պատմութեան մէջ, որոց երկոքն այլ սահմանկցութեամբ գ ործեր ունեցան ասոնց հետ, ինչուան ԺԱ դարուն առաջին քառորդը կու յիշուին Խազիրք, եւ ըստ ոմանց` այն ատեն (կամ յամին 1016) Ռուսք բոլորովին նուաճեցին զԽազիրս: Ստու գ իւ մէկ կողմէն Ռուսք երբեմն նեղեալք ի Խազրաց` կամաց կամաց զօրացան նաեւ տիրացան անոնց սահմանաց, մէկայլ կողմէն բուն տիրողք եւ անյիշատակ ընողք, եւ Սկիւթացի ազ գ աց գ լխաւորութիւնը առնողք` յետ այնքան նախայիշեալ հզօր ու նետող եւ ասպատակող ժողովրդոց` եղան տոհմք Թուրքաց:

Զ

Թուրք ազ գ ն որ յետ ամենայն սկիւթական ազ գ աց հասաւ նախիշխանութեան եւ գ երազանցեց քան զամենքը, թէ ընդարձակ թէ երկարատեւ աշխարհակալութեամբ եւ թէ քաղաքակրթութեամբ, ինչպէս եւ սկզբան ըսի` ի հնուց առանձին զատ ազ գ մը չէր ճանչցուած, այլ շատ զատանուն ազ գ ք կամ ցեղք միան գ ամայն սեպուէին, Սկիւթացի կամ Թուրք: Հին պատմըչաց կամ աշխարհա գ րաց մէջ` Ե դարէն առաջ այս անունս որոշ գ րուած չի գ տուիր, այլ մօտ կամ ծռած ծեքած հնչմամբ մը, մինչեւ անկէ գ րեթէ հազար տարի առաջ Երոդոտոսի յիշած Սկիւթացւոց նախահայր Տա գ իտաւոն այլ` բանասէրք ճանչնան Թուրք կամ Թոր գ ոմ: Ըստ արեւելա գ իտաց` Հնդկաց հին սանս գ րիտ լեզուով գ րոց մէջ Թուրուքա կոչուի այս ազ գ ս: Զ դարէն ինչուան Ժ դար` աւելի կամ պակաս ծանուցեալ եւ յիշեալ է Թուք ազ գ ն, անկէ դարէն) ետեւ քաջածանօթ եղած` իբրեւ աշխարհակալ ազ գ մը, իսկ յետ ԺԳ դարու իբրեւ առաջին եւ տիրող ազ գ արեւմտեան Ասիոյ: Էսել է որ այս Թուրք ազ գ ս` աշխարհիս ամենէն հին, նշանաւոր եւ բաղդասահման ազ գ աց մէկն է. եւ որոն բաղդին կամ սահմանին ծայրն դեռ անծանոթ է, ինչպէս նաեւ իր իշխանութեան տակ ընկած շատ ազ գ աց այլ: Նման այն գ ետոց` որոց հեռաւոր ակունքն ծանօթ, միջին ընթացքն ծածկուած կամ անորոշ մնան. շատ մանր վտակներ` որ անոնց մէջ կու թափուին կամ անոնցմէ կ ՚ ելնեն` կարծոին թէ այն մեծ գ ետն են, եւ անոր անունը կ ՚ առնուն բայց ինքն գ ետն յետ երկար սահմաններ անցնելու` նորէն հեռու տեղ մը ի յայտ կու գ այ` հզօր եւ լայն, եւ անկէ ետեւ ամենուն յայտ յանդիման յորդասահ կ ՚ երթայ ու կ ՚ երթայ:

Թուրքաց բնավայրն ուր ըլլալն ըսի առաջ եւ ինչպէս կոչուիլն, նոյնպէս յիշեցի որ Թուրքք, Խազիրք եւ Հեփթաղք ստէպ շփոթին իրարու հետ ի պատմըչաց, անոր համար թէ եւ Զ-Թ դարուց մէջ շատ հեղ յիշեն նոքա զԹուրքս, բայց չեմ գ իտեր կամ չեմ ուզեր այսօր մանր պրպտել, թէ անոնցմէ ո՜րն բուն Թուրք եւ ո՞րն օտար է. հաւանականն այս է` որ ի հնուց ժամանակաց Թուրքք առանձին ցեղեր եւ ժողովուրդներ բաժնուէին, եւ զանազան խաներ եւ խաքաններ ունէին, երբեմն ինքնա գ լուխ, շատ հեզ մէկու մը գ երա գ ոյն իշխանութիւն ճանչնալով, որ եւ Խաքանայ խաքան կամ Մեծ Խաքան կոչուէր, երբեմն այլ բոլորն մէկտեղ ուրիշ մերձաւոր հզօր ազ գ ի մը հարկատու կամ հպատակ սեպուէին, ինչպէս էին Խազիրք եւ Հեփթաղք, եթէ այս ետքիններս այլ չեն Թուրքի կամ Թաթարի խառնուրդ). որոց մերձաւոր են, (թէ ոչ նոյն այլ) Ճուճէնք կամ Ճուան-Ճուանք, եւ թուին Ճուճքն յիշեալք ի մերոց նախնեաց, որոց տիրեցին Թուրքի ի կէս Զ դարու:

Թուրքք իրենց միջին դարուց ատեն` Զ-Ժ դարս): Ուրալ գ ետէն ինչուան ի Դիպէթ եւ ի բնիկ Թաթարս տարածուած սեպուին զանազան ցեղերով, որոց գ լխաւորքն կամ մեզի ծանօթա գ ոյնքն են` այս յիշեալ միջոցիս (թէ եւ ոչ ամենքն այլ մէկ ատեն), սկսեալ ի հիւսիսոյ արեւմտից` (ուսկից եւ սկսան իրենք ծանօթանալ արեւմտեայց), նախ Ուրալ գ ետոյն վերին կողմերը թափառող Պաշխիրք` զոր համարեցանք մեր աշխարհա գ րին ըսած ահաւոր Բուշխ ազ գ ը, յետոյ նոյն գ ետոյն (զոր արեւելեայք Եայըք կամ Եայք կոչեն) վարի կողմերէ եւ նաեւ անոր ու Վոլկայի միջոց`Փաշէնէքք, զոր մերայինք եւ Բիւզանդացիք եւ այլք կոչեցին Պածիեկ, Պիծենակ, եւ այլն, եւ ըստ ոմանց նոյն եի ասոնց հետ կամ մերձատոհմք` Գանքարլը կոչուած Թուրքք: - Ուրալի բերնին արեւելակողմը, որ է ըսել Կազբից ծովուն հիւսիս- արեւելեան կողմը` զանազան ցեղեր պիտի ըլլան, յորոց յիշեն Արաբացիք յԹ դարու զԷտքէշ եւ Թէրքէշ: - Կազբից ծովուն եւ Արալայ ծովալճին միջոց ամենէն նշանաւոր ազ գ ատոհմն է Ղուղ կամ Օղուղ կամ Կուզ ըսուածին, որ մերոց եւ արեւմտեայց ծանօթ է Ուղ անուամբ, որք եւ ըստ ընթացից Սիհունի` երեք տոհմ կու զատուէին, ի Վերին Միջին եւ Ստորին բնական կազմուածով քան զուրիշ տոհմակիցս իւրեանց պզտիկ կամ կարճահասակ էին, այլ ուժով երբեմն գ երազանցեցին քան զամենքն: Ասոնց մերձատոհմ կամ սերունդ թուին Իւղպեքք որ մինչեւ հիմայ ծանօթ են հոն: Ընդհակառակն իրենց սահմանակիցքն ի հարաւոյ արեւելից` Գարլուքք` ամենէն մեծահասակք եւ զօրաւորք սեպուէին, միան գ ամայն եւ նախիշխանք, զի ասոնց էր Խաքանաց խաքանն. եւ թերեւս ասոնց խաքանն էր իշխող ութ խաքանաց` Արսիլաս անուն (Արսլան) յիշեալ ի Բիւզանդացւոց յամին 580: Ասոնց մեծ տէրութիւնն տեւեց ինչուան յԺԲ դար, յորում Չինաց գ րակից Խիթան աշխարհին տէրն անկէ հալածուելով` եկաւ տիրեց այս Թուրքաստանիի կեդրոն երկրին եւ անուանեց Գարա-Խիթայի, դար մը վերջը Ճինկիզ խան նուաճեց զայս այլ:

Բուն եւ առանց ուրիշ անուան յիշեալ Թուրքաց հզօր տէրութիւնն` Զ դարուն կիսէն մինչեւ Ը դարուն կէսը քշած է, յորում նուաճեցին զանոնք` իրենց հիւսիսային արեւելակողմի բնակիչ Թուրքք: Ասոնց հիւսիսակողմը թոի Քիմաք ըսուած ցեղն Ույզուրք, խնամի, Ղուզաց, որ եւ ցարդ յիշուին: Դար մը ետեւ զասոնք այլ նուաճեցին իրենց հիւսիսային արեւելեան կողմերը բնակող եւ ինչուան հիմայ հռչակեալ Խըրղըղք, յիշեալք ի Զ դարէ, որոցմէ վար ի հարաւակողմն էին այն Դակազկայ տոհմն` որոց մայրաքաղաքը յիշեցինք Քուշան կոչեալ, որով եւ խառնուին ընդ Հեփթաղաց եւ ընդ սահմանս Դիպէթ աշխարհի:

Արդ այս ամենայն ցեղից երկրին` որ մեծաւ մասամբ անապատ է, հիմայ հիւսիսակողմը բռնած են Խըրղը գ ք զանազան ցեղեր բաժնուած, աւելի վերնակողմն այլ Ռուսաց Օրէնպուրկի եւ ուրիշ նահան գ ներուն մէջ` բնակին Խաղախք, իսկ վարի (հարաւային) կողմն է Խուտրէզմ (հանդերձ Խուար անապատիւ) եւ Պուխարայի իշխանութիւնը, արեւելակողմն այլ Թաթարաց մնացեալ իշխանութիւնը, զորս հիմայ Ռուսք կու նուաճեն եւ գ րեթէ կու վերցուի Թուրքաց եւ Թաթարաց անկախ ազատութիւնը` իրենց անհուն ապատ եւ անապատ երկիրներէն:

Է

Դառնալով առ յիշեալ ցեղս Թուրքաց, ասոնց հեռա գ ոյնն եւ արեւմտա գ ոյնն Փալենէք` բնապէս առաջին ալ եղաւ ի ծանուցեալ եւ քաղաքավար աշխարհս մտնելու ի բնակելու: Թ դարուն կիսուն` արդէն ոչ միայն Վոլկա գ ետն անցած էին այլ եւ զՏնեբեր, եւ արդէն Ազախու ծովեզերքը բռնած ինչուան Դանուբայ կողմերը տարածուէին. իրենց առջեւէն քշելով ինչուան Դանուբայ բերանը զՈւն գ ուր Հոնաց ցեղը, որ առաջնորդութեամբ Արբատայ` հաստատեց Մաճառաց տէրութիւնը_ բայց իրենք այլ հալածուելով յՈւյղուր ցեղէն, եւ յետոյ(894) յՈւզաց` օ գ նութեամբ Խազրաց, քշոեցան ինչուան Բրութայ եւ Սերեթայ հովիտները, եւ երթալով մօտեցան Բիւզանդացւոց սահմանաց. եւ իբրեւ բաւական ուժով տէրութիւն մը` շատ հեզ անոնց դաշնակցելով` օ գ նական եղան ընդդէմ այլոց Թուրքաց եւ Խազրաց եւ ուրիշ պատերազմներու մէջ, երբեմն այլ ասոնց եւ Ռուսաց հետ` զՅոյնս նեղեցին մինչեւ ԺԱ դարուն վերջերը. յորում Ուզք բոլորովին նուաճեցին զՓաշէնէքս, ինչպէս նաեւ զԽազիրս, եւ տիրեցին գ րեթէ բոլոր Վոլկայի եւ Դանուբայ միջոց` դէպ ի Կովկաս եւ ի Սեւ ծով սփռելով: Յետին յիշատակ Փաշէնէքաց առ պատմիչս մեր հասնի ի սկիզբն ԺԲ դարու (1108) յորում Գող Վասիլ ասոնցմէ գ ունդ մը տուաւ յօ գ նութիւն Պալտուինայ կոմսին Ուռհայու: Իսկ առաջին յիշատակ հզօր ցեղին Ուզաց` կ ՚ ընէ պատմիչն Մեսրովպ, իբրեւ ընդ այլոց սկիւթական ազ գ աց Հոնաց եւ Մազ գ թաց` Պարսից օ գ նական եկած ընդդէմ Հայոց` Ձիրաւայ դաշտին մեծ ճակատամարտին մէջ, յամին 372, բայց եթէ այն ատեն չէ` յայտ է որ պատմըչին ատեն ի Ժ դարու, ծանօթ էր Ուզն, զոր յաջորդ դարուն մէջ շատ հեղ յիշէ եւ Մատթ ւռհայեցի, դեռ իբրեւ Պածինեկաց հետ նիզակակից: Ուզաց իշխանութիւնն ԺԱ եւ ԺԲ դարուց մէջ զօրացաւ եւ տիրացաւ մինչեւ ի բռնանալն Թաթարաց, եւ արեւմտեայց այլ ծանօթացաւ, թէպէտ եւ պէսպէս անուամբք, վասն զի շատք ի միջին դարու Կուման անուանեն զանոնք, ինչպէս մեր Հեթում պատմիչն այլ, որ եւ վկայէ թէ շատ սպառազէն զօրք ունէին, եւ տարածեալ տիրէին Կազբից եւ Պոնտոս ծովուց միջոց` Կովկասայ ստորոտը լայնասփիռ տափարակ երկրին, ուր եւ ի Քուպան գ ետոյ առին այդ անունը (կամ տուին անոր): Երկրին այդ տափակ բնութեանն համար Ռուսք անուանեցին զասոնք Բոլովեց, այսինքն դաշտային կամ դաշտաբնակ զնոյն (խոպան գ ետին) նշանակէ չէղադայի Թուրք լեզուաւ, Քափշաք անունն` որով կոչին սոքա եւ զոր ԺԲ-ԺԴ դարու պատմիչք մեր գ րեն Ղըւշաք, Ղփչաղ, Խփչախք, եւ ստու գ աբանեն ի Վրաց լեզուէ Ձոր-աման, ըստ Միխայելի Ասորւոց «զի խիւն ձոր ասի, եւ չախն աման, որպէս թէ յամանի կան ի ձորս (Կովկասայ), եւ ըստ պիտոյից հանեն ի ժամանակս ժամանակս»:

Կ ՚ իմացընեն այլ թէ առաջ այն երկիրն կ ՚ ըսուէր Դաշտ Խազրաց, ինչպէս իրենց ատեն ի Տաճկաց այլ` Տէշդի-Քըփշաք, իսկ աւելի առաջ` ըստ Ստեփանոսի Ուռպելեան կոչուէր Աշխարհ Խայլանդրաց, զոր յիշէ հին հեղինակ մեր Եղիշէ: Արդ Ուզք-Կումանք-Քափչաքք նուաճելով զԽազիրս` խառնուեցան անոնց հետ նաեւ ըստ Միխայելի` ոմանք քրիստոնեայ այլ եղան, եւ կ ՚ օ գ նէին Հայոց եւ Վրաց: Ասոնք էին բուն մեծ եւ միջին մասն ազ գ ին, որոց տիրեց ի կէս ԺԳ դարու Պայտու խան որդի Օխադայի որդւոց Ճինկիզ-խանի, եւ անկէ ետեւ Թաթարաց անցաւ սիւթական տիրապետութիւնն, յորոց հալածեալքն այս տեղէն` գ ացին իրենց արեւմտեան ցեղակից եղբարց, քով, որք Պածինեկաց տեղը բռներ էին եւ մինչեւ ի Թրակիա սփռէին, ոմանք այլ անցան գ նացին ինչուան Ունկարաց երկիրը (Մաճառք) որոյ համար ասոնք այլ Կումանք կ ՚ ըսուէին: Իսկ մէկ մասն այլ Ուզաց` մնացեր էր միշտ իր հին բնաշխարհին մէջ յարեւելս, Խուարէզմի եւ Ճիհունի սահմանները, եւ պահէր իր հին անունը, որ ըստ աւանդութեան նոցա ծա գ եալ է յՕղուզայ` որդւոյ Գարա-խանի` (իբրեւ վեցերորդ ի Նոյ նահապետէ). որք եւ դարձեալ կ ՚ ըսեն անոր համար` թէ իր ազ գ ականաց հետ կռուելով վասն աստուածապաշտութեան` իրեն հասակակիցները անուանեց Ույկուր, այսինքն օժանդակ, օ գ նող եւ անկէ ծա գ եցաւ Ույկուր ցեղին անունն:

Ուզաց մէկ մասին դէպ յարեւմուտս երթալն` թուի թէ իրենց դրացի ցեղերէն նեղուելուն համար եղած է. եւ մնացեալքն հարկաւ աւելի տկարացան, եւ յԹ դարուն ուրիշ շատ ցեղից հետ Խազրաց ինքնակալութեան տակ ընկած էին:

Ը

Այս ատեններս Ղուզաց գ լխաւոր ցեղապետաց մէջ անուանի էր Գե գ ա գ կամ Թօքմաք, որ եւ ըստ աւանդութեան նոցա 33դ էր յԷֆրասիապայ Թուրանի (Սկիւթիոյ) հսկայ թա գ աւորէն, (որ հին Պարսից քաջաց դիմամարտն էր). Խազրաց բէկին կամ խաքանին այլ մեծ իշխաններէն մէկն էր, եւ կոչուէր եւս Թեմոր-Պալիղ, այսինքն Երկաթապինդ, երկաթածայր նետ կամ երկաթակապ աղեղ լաւ գ ուծածելուն համար, (որ ըստ մեր ոճոյ ըսելու էր հաստաղէղն կամ հաստաձի գ աղեղնաւոր): Սա է նախահայր առ մեզ նախա գ ուշակեալ կամ համբաւեալ աշխարհաւեր ՆԵՏՈՂԱՑ: Աղեղանը պէս խստասիրտ կամ մեծսիրտ ըլլալով` գ ժտեցաւ Խազրաց խաքանին հետ եւ կ ՚ ուզէր գ լուխ քաշել, բայց միջնորդութեամբ բարեկամաց դարձեալ հաշտեցաւ եւ պատիւ գ տաւ ի խաքանէն. որ Տէ գ ա գ այ Սէլչուկ որդին իր արքունեաց մէջ սնուցանել տուաւ. եւ երբ քիչ ատենէն Տէ գ ա գ մեռաւ` Սէլչուկ անուանեցաւ զօրավար: Սա տեսնելով որ արքունի իշխանք վրան կու նախանձին, ինքնակամ թողուց արքունիքն այլ` եւ եկաւ (յամի 956 կամ 964) Սմրղանտայ եւ Պուխարայի կողմերը, ու բնակեցաւ ի Ճանդ: Հոս մահմէտական կրօնքն ընդունելով, սկսաւ ոչ միայն պաշտպանել կրօնակիցքը` այլ եւ հալածել նեղել այլահաւատները, եւ իրեն կողմնակից շատցընել, որովք զօրացաւ եւ աթոռը հաստատեց ի Պուխարա, ուր եւ մեռաւ ԺԱ դարուն սկիզբները (ըստ ոմանց յամի 1020) 107 տարուան: Իրմէ առաջ` բերդ մը պաշարելու ատեն` մեռեր էր իր անդրանիկ որդին Միքայէլ, երկու կտրիճ թողլով, Չա գ ըր պեկ եւ Տօղրուլ պեկ, զորս մեծցուց եւ կրթեց պապերնին: Յետ անոր մահուան` այս երկու եղբարքն միաբանք եւ միասիրտք` սկսան աշխարհակալութեան, շատ պատերազմներով հալածեցին զԱլդէկին կամ Իլէք խանն Սմրղանտայ: Ըստ վկայութեան բազմաց Մահմուտ Սապըքէտտին (Սէպէքթէկին) Ղազնէւեան սուլտանն` հրաւիրեց զանոնք Ճիհունը անցնիլ եւ Խորասանի սահմանները գ ալու, թէ եւ շուտով զղջացաւ` տեսնելով անոնց ուժը ոմանք այլ` (որ այնքան հաւանելի չէ) բռնի եւ գ երութեամբ բերաւ կ ՚ ըսեն զանոնք:

Այսպէս աւանդեն եւ մեր Միքայէլ Ասորին, եւ Վաեհրամ Տի գ րանայ որդին կամ Տի գ րանակերտցի պատմիչ մը (առ Վարդանայ) այլ ստու գ ա գ ոյն եւս Մխիթար Անեցին, որ «Յոլով աշխատ եղէ, կ ՚ ըսէ (առ Վարդանայ) գ տանել զորպէսն սուլտանացն` որ ի Թուրքաց, եւ գ տի շնորհօքն Աստուծոյ այսպէս Մահմուտն զոր ասացաք` Սպքթանայ որդի… ի գ նալն յօ գ նականութիւն ազ գ ին` որոց գ լխաւորն կոչիւր Խտրղան Պօղըրղան (այսինքն Գատըրխան որդի Պօղրախանի, տէր Քաշկարայ, զոր նեղէր Իլէկ խանն), ի ճանապարհին պատահէ բազմութեան ինչ Թուրքաց (Սէլչուկեանց) եւ ի դառնալն նոյն ճանապարհաւ` մեծաւ յաղթութեամբ, առեալ զամիրայն նոցա զԱփաղու (որ է Բէկ կամ Բայղու որդի Սէլչուկի) բերէ ի Խորասան եւ դնէ ի կապանս եւ ազ գ նորա (եղբարքն եւ եղբորորդիք) եկեալ խնդրեցին… եւ ոչ ետուն: Իսկ նոցա բարկացեալ անցին ընդ Ջահան` ամենայն բանակօքն իւրեանց, եւ զանձինս ի մահ եղեալ կռուեցան եւ յաղթեցին, եւ առին զՆշաւորն, եւ կոտորեցին զզօրս Սուլտանին ի Դազանղանն մօտ ի Մրմն…: Իսկ յառաջադէմն ի Թուրքացն` որում անուն էր Մուսէ Աղոյ (Մուսա Բէկ) Սարչուքեայ որդի, ունէր հին գ եղբօրորդիս, որոց անուանքն Աբուսալիմ, Դաւութ, Չաղբբէկ, Աբուտալիփ, Տօղրիլ-բէկ, որ եւ առ զիշխանութիւն սուլտանութեանն», եւ այլն: (Ըստ վերոյ գ րելոցս Չադր եւ Տողրիլ` որդիք են Միքայելի մեծ որդւոյն Սէլչու գ այ):

Ոչ այս պատմիչներս (Մխիթար եւ Տի գ րան) գ տուին այսօր, եւ ոչ անոնցմէ հինն եւ մեծ իմաստասէր գ րիչն Յովհաննէս Սակաւա գ, որ նոյն բաները քննութեամբ գ րեր էր, եւ որոյ քանի մը խօսքն մնացեր է (առ Սամուելի Անեցւոյ). «Ըսկիւթական ազ գ աց` ոչ հելլենախոհիցն այլ բարբարոսացն` եղեալ մուտ յաշխարհս, որպէս ասեն, այսպիսի պատճառաւ: Զյոլովս նուաճեալ աինս որ յայնմ ժամանակի թա գ աւորքն… եւ կրեալ ապա զընդդիմութիւն ի Հնդկականացն` ոչ սակաւ ժամանակս, հրաւիրեն յո գ նառատ խոստմամբք պար գ եւաց զխուժա գ ուժսն ի մարտակցութիւն, եւ մարտուցեալ նոքոք ժամանակ ինչ` ընկրկէր (Մահմուտ) զապստամբն, եւ զի կամէր միւս ան գ ամ գ ումարել ի մարտ, անդրէն դառալ ար գ ելոյր զեկեալսն, եւ ի լինել պատաղմանն` լքանէր զկենցաղս արքայն: Իսկ Մեդացւոցն (որ թուին ըստ Մխիթ. Անեցւոյ` Մարաց Ռէ կամ Սա գ աւ երկրին տեարքն) եղեալ դաշնա գ իր ընդ օտարսն` մերժեն զՊարսիկքն, եւ գ րաւեն զիշխանութիւնն, որպէս ոմանք ասեն, Սիւթացւոցն, այլ որպէս վարկանիմ, Բակարիացոցն, (եւ սոքա) բառնան զյոլովից ազանց տէրութիւնս մեծամեծ պատերազմօք անզարմաբար զամենեսին սատակելով»: Նրբախօս վարդապետս կ ՚ երեւի ըսել. թէ Ղազնէւան Պարսից հպատակքն` անոնցմէ ապստամբելով` յօ գ նութիւն կոչեցին զՍկիւթացիս, զորս լաւ էր ըսել Բակտրիացիս, վասն զի այն հին աշխարհին կողմերը` որ է Բահլ` նախ տիրեցին այս Սկիւթացի ըսուած Թուրքքն` սերունդք Սէլչուկի զոր Սարչուկ կոչէ պատմիչս (Սարկաւա գ ): Ուրիշ մեր մէկ չափաբան պատմիչ մ ՚ այլ` (Վահրամ Րաբուն ի վերջ կոյս ԺԳ դարու) ասոնց համար կ ՚ աւանդէ:

  հիւսիսոյ եղեն շարժեալ

Ազ գ ` որ կոչմամբ` Թուրք անուանեալ,

Ի քսան ի չորս ցեղս որոշեալ

Զիշխանութիւն Տաճկաց առեալ.

Թէպէտ յաղանդ նոցին դարձեալ,

Եւ կայսեաց յաղթող գ ըտեալ» եւ այլն, եւ այլն:

Այսչափ բաւական սեպենք, Հայկակ, այս նոր տիրապետող Թուրք ցեղին` (Սէլչու գ եանց) ծա գ ման վրայ, ճանչնալով մեր հին հեղինակաց ոմանց կարծիքն այլ, եւ ցաւելով անոնց գ րոց կորստեան կամ մեր ձեռքը չհասնելուն վրայ, որով անոնց քով չ գ տածնիս` առ օտարս եւ բնիկ պատմիչս արեւելեան ազ գ աց փնտըռենք, մանաւանդ այն Նետողաց առաջին ասպատակին գ լխաւորը եւ պատճառը, որ իմ այսքան երկայն խօսիցս եւ բարբարոս յիշատակաց պատճառ եղաւ: Ուսկի՞ց եւ որո՞յ առաջնորդութեամբ եկած էին անոնք ի տունն Սենեքերիմայ ի Վասպուրական երկիր, այսպէս կանուխ` յամին 1019 (ինչպէս որ պիտի պատմեմ քեզի ուրիշ օր մը) մինչդեռ ուրիշ եւ ոչ մէկ արեւմտեան Ասիոյ կողմ մը լսուած էր Սէլչու գ եանց անունն եւ գ ործն:

Թ

Սէլչու գ այ թոռներն Ճիհունէն ասդին անցած տիրապետելով` կամաց կամաց սկսան դէպ ի հարաւ յառաջել, եւ Ղազնէւեան Մահմուտի բուն սահմանաց` այսինքն Խորասանի մօտենալ, բայց դեռ ակնածելով անկէ, որ կամ իրենց բարերարն էր կամ կրնար զօրաւոր թշնամի ըլլալ: Սակայն աշխարհակալութենէ աւելի էր իրենց աւարառութեան փափա գ ն, եւ ալ աւելի գ ր գ ռուէր` լսելով արեւմտեան աշխարհաց հարստութիւնը, զոր եւ ցանկութեամբ հեռուէն քննելով` ինչպէս որ ի բարձրէն որսը կու դիտէ բազէն, յանկարծ Նետողաց տոհմապետ բազէանոն Չա գ րպէկն այլ` թեւերը թօթափելով, հետը իր Թուրքերէն զատ գ ունդ մ ՚ այլ Թիւրքմէն առած, կապարճն ուսերուն վրայ ցցած, աղեղն ի ձեռին նետերն առջեւնէն թռցընելով, կտրեց անցաւ Խորասանէն յերկիրն Մարաց, անկէ այլ յԱտրպատական եւ ի Հայս: Մինչեւ ուր երթալն յայտնի չէ բայց հասած կոխած է ինչուան Յունաց ինքնակալութեան արեւելեան սահմանը, որ այն ատեն Հայաստանի մասն էր եւ յանկարծահաս մրրիկի մը պէս կարկտալով կոխած տեղը` կրցածք կորզեց խլեց, դիմացը կեցողները զարկաւ, ինչուան շատ բերդեր այլ անզ գ ոյշ գ տնելով` նուաճեց, եւ շրջան մ ՚ առնելով նոյն աւարառութեամբ եւ աւերածութեամբ` դարձաւ յետս իր տեղը: Մահմուտ սուլտանն լսելով անոր իր երկրէն անցնիլը` դժարեր եւ պատուիրեր էր որ դարձին բռնեն զԲազէն. բայց այն խորամանկն ծպտելով օտար փետուրներով` (վաճառականի զ գ եստով) անցաւ Մահմուտի սահմաններէն եւ հասաւ առ եղբայր իւր Տօղրուլ ի Պուխարա:

Ահա անշուշտ այս աւարառու Բազէին ասպատակութեան դարձին ատենն էր` քիչ մը վերջը քեզի պատմելու դէպքս Վասպուրականի մէջ յառաջին մուտն Նետողաց ի Հայս որոց ճիրաններէն փախաւ հնացեալ Արծրունի Ասուր-Հայոց (Սենեքերիմն Արծրունի) եւ աղէկ ժամուն աճապարեց: Վասն զի նոյն տարին (1021) Չադըրայ եղբայրն անուանին Տուղրիլ այլ արշաւանք մ ՚ ըրաւ ի Հայս, մինչեւ ի կենդրոն Այրարատեան աշխարհին` ի Դուին, թէ եւ ինքն ալ եղբօրը պէս շուտ դարձաւ եւ թերեւս անկէ աւելի ծեծուած վասն զի Բա գ րատունեաց սպարապետն` քաջն Վասակ Պահլաւունի (հայր Գրի գ որի Մա գ իստրոսի) հսկայ զօրավարի մը հետ ըմբըշամարտելով` յաղթեց, սպաննեց ցրուեց բանակը, ինքն ալ յետ յաղթութեանն դարանակալի մը ձեռօք սպանուած` նահատակ սեպուեցաւ: Պատմիչն` Մ. Ուռհայեցի` այս ասպատակողքս ոչ Սէլչու գ եան Թուրք` այլ Դելմիկ (Տիլէմ) կ ՚ անուանէ, այսինքն այն ժողովուրդն` որ Կազբից ծովուն արեւմտեան հարաւային եզերքը կու բնակէր` մօտ ի Գիլան, սահմանակից հին Կազբից Հայոց կամ Փայտակարան աշխարհի որ եւ յիրաւի առանձին թա գ աւորութին կան գ նեց Ժ դարուն մէջ Խալիֆայից տէրութեան երկպառակութեան ատեն, սակայն Անոյ մոտ Մարմաշէն վանաց եկեղեցւոյ գ եղեցիկ արձանա գ րութեանց մէջ` Վահրամ եղբայրն Վասակայ` կ ՚ ըսէ ասոր համար. «նահատակեցաւ ի Թուրքաց պատերազմի»:

Այս դիպուածէս ետեւ 20 տարւոյ չափ Թուրքք քաշուեցան յարեւմտից, զարեւելք, սեպհականելով իրենց, վերցընելով Ղազնէւեանց տէրութիւնը եւ ուրիշ մանր թա գ աւորներ: Տուղրիլ անուանեցաւ սուլտան (1038) յետ մահու եղբօրն` Չա գ ըրայ, ամիրապետէն այլ առաւ պատիւ ու հաստատութիւն իշխանութեանը. ապա համարձակ դիմեց յարեւմուտս եւ աւելի համարձակ ու շատ ան գ ամ ի Հայս, ուր Բա գ րատունեաց տէրութիւնն այլ դադրեր էր: Քսան տարուան միջոց (1042-1063) գ րեթէ ամեն տարի մեր աշխարհին մէկմէկ կամ նոյն կողմերը ասպատակեցին Թուրքք, եւ ահա անոնց ըրածն` լսելու ու չլսելու արժանի` ողբաբանէ Լաստիվերտցին, մաս մ ՚ այլ Մատթէոս Ուռհայեցի. զորս կրնաս աչքէ անցընել, եթէ սիրես դու այլ, Հայկակ, արեան ու կրակի վրայ արցունք թափել, մանաւանդ եթէ Արիստակիսի հետ հանդիպիս ի Վաղարշաւան (1044), յԱրզնի եւ ի Թլխում (1046), ի Բասեն (1048-1050), յԱրծն (1049), ի Կարս (1053), ի Հարք (1055), յՕկոմի (1056), ի Բերկրի եւ յԱրճէշ (1054), ի Դ Հայս եւ Տայս (1054-1057) ի Միջա գ ետս Հայոց (1057), ի Կամախ եւ Մելտենի (1058), ի Սեբաստիա (1060), ի Պաղին եւ Թլխում (1063). եւ այլն, եւ այլն: Կրնաս երբեմն այլ սրբել աչքերդ, տեսնելով ամուր քաղաքաց (Անոյ, Կարնոյ եւ Մանազկերտի) ընդդիմանալն Թուրքաց. եւս առաւել լեռնորդ Սասնեցոց արիաբար կռուիլն ի Տարօն եւ անկից հալածելն զթշնամին (1058): Սակայն այլ աւելի պիտի դառնացընեն զքեզ գ ործք Տուղրիլի եղբօրորդւոյն եւ յաջորդին. այն ահեղ առիւծուն (Էրի-Արսլան) որ ութ ինն տարուան մէջ (1064-72) թերեւս հօրեղբօրը 20 կամ 30 տարուան մէջ ըրածները գ երազանցեց չարաչար:

Անի` չքնաղա գ եղ քաղաքն քաղաքաց Հայոց` իբրեւ անճար սպանդ սրախողխող եղաւ, ըստ Պատմըչին. ոչ Մանազկերտ` որ իբրեւ քսան տարի առաջ դիմացեր էր երկար պաշարման եւ Տուղրիլի ամեն բռնաքար բաբաններուն, կրցաւ Ալփարսքանայ դէմ կենալ, եւ ոչ Հայոց եւ Յունաց միաբանեալ գ ունդքն` անոր աշխարհաւեր բանակին դէմ: Կայսրն Կոստանդին Դիոժեն` իբրեւ հինն Վաղերիանոս ի Շապհոյ` բռնուեցաւ որս ընկաւ ճիրանաց առիւծանուն Սէլչուկին, որ մռնչելով չորս կողմ կու յարձըկէր եւ աշխարհիս աւերը փութացընէր, եթէ իր անկարծ եւ չարաչար մահն այլ չփութար (1072), մանաւանդ անկէ ետքը իր որդւոյն Մէլիք Շահին խաղաղասէր թա գ աւորութիւնն (1072-1092). վասն զի առ թէ եւ հօրը փափա գ ը կատարեց` աշխարհակալելով մինչեւ ցեղը ովկիանու, (այսինքն Միջերկրական ծովուն Ասորւոց), եւ մխեց հոն իր արեամբ կրակած սուրը, սակայն դարձուց ի պատեանը, եւ բռնաբար նուաճելոց` հայրաբար տիրապետեց:

Այս Ալփ-Արսլանայ գ ործոց յարմարի կամ յարմարեալ է Ներսիսեան ըսուած գ ուշակութիւնն, որ եւ թուականաւ այլ ըսէ թէ «Յարիցեն ազ գ ն այն Նետողաց իբրեւ լնուցու 700 ամաց ժամանակ (յետ մահուան Ս. Ներսիսի) յարեւելից աշխարհէն, բուռն կազմութեամբ ժիր եւ քաջ առն եւ ձիոյ, սուսեր թեւաւոր ընդ մէջ ածեալ : Եւ նոքա բարեկամութեամբ եւ ապականութեամբ աւերեսցեն զերկիր լրիւ իւրով եւ սանձահարեսցեն զամենայն զարեւելք եւ զհիւսիս եւ զհարաւ եւ զարեւմուտք, մինչեւ ի ծովն Յունաց, եւ զ գ եղեցիկ նաւահան գ իստն. կոտորեսցեն զհազարս եւ զբիւրս, եւ զաթոռս թա գ աւորաց յերկիր կործանեսցեն. եւ ի նոցանէ դողասցեն ամենայն երկիր. զի ի Տեառնէ ուղղին գ նացք նոցա ի վրէժխնդրութիւն աշխարհի ամբարշտելոց: Որպէս արծուի երա գ աթիւ սլասցին ճեպով ընդ երկիր, զի Տէր կոչեաց զնոսա յարեւելից ի ծա գ աց արե գ ականն եւ քաղաքը մի' փակեսցին առաջի նոցա, եւ նետիւք սպառեսցեն զերկիր. արբուցանեն զնետս իւրեանց յարիւնս ամենայն ազ գ աց հեռաւորաց եւ մերձաւորաց: Իսկ նեղիչք քրիստոնէից ազ գ ն արեւելեան լիա գ իրկք եւ պնդաձի գ ք նետողաց` ոչ քաղցիցեն եւ ոչ ծարաւեսցեն եւ ոչ խորշակահարք եղիցին վասն բերկրելոյ սրտից իւրեանց եւ յաջողութեան գ ործոց իւրեանց: Այլ ասպատակեսցեն ընդ երկիր. եւ ընթասցեն որպէս կարապետք նեռինն». եւ այլն: Յայտնա գ ոյն եւս նշանօք յիշէ կարծեցեալ գ ուշակութիւնն զՏուղրիլ եւ զԱլփարսլան. «Բարկացեալ սրտմտութեամբ Տէր յարուցանէր յարեւելից կողմանէ Խորասանայ` թա գ աւոր այլադէմ եւ այլալեզու, անուն նորա Սուր եւ թեթեւ եւ զ գ աստ ահեղատես եւ զարմանալի, ժպիրհ եւ սէ գ եւ լիրբ եւ երկայնահեր. (եւ այլն).: Եւ զկնի առաջին թա գ աւորին այնորիկ`զոր յայտ արարաք, նստցի ի նոյն ազ գ էն նորին անուամբ երկրորդ թա գ աւորն, ի նոյն յաթոռ յարեւելից` որ առաւելու չարեօք քան զառաջինն, սերմն ժանդ եւ որդի դառնութեան. նա բարձցէ զքահանայապետութեան եւ զթա գ աւորութեան աթոռ ի Հայաստան աշխարհէ. խոտորեսցի յաջ եւ յահեակ, եւ կերիցէ զմարմին բազկի իւրոյ, եւ ոչ յա գ եսցի, այլ ինքն իւր ազ գ ատոհմին ոչ խնայեսցէ. եւ է գ ազան սաստիկ եւ յափշտակող յայտնեալ, եւ արա գ աթեւ արծուի օրինակեալ զնա. եւ ունելով զբաժակ դառնութեան` արբուսցէ զամենայն հասակ մարդկան: Նա ըմբռնեսցէ զոմն ի թա գ աւորացն Յունաց ի սահմանս Հայոց, մեծաւ յաղթութեամբ. (եւ այլն) Եւ յետ այս բռնակալաց, նստցի այր խաղաղարար (Մէլիք շահ) եւ խնամակալու քիրիստոնէից, բարեհամբաւ բարետեսակ»: եւ այլն:

Այս կարկատեալ մար գ արէութիւններէն աւելի ազդու են մեզի մեր ժամանակակից պատմչին (Լաստիվարտցոյն) զրոյցքն ողբաձայնք. «Ո՞ր անդունդք անհնարինք քան զԹուրքաստան կամ զեզերս երկրի խորա գ ոյն է, յորս մեր գ երիքն հեռացեալ կորեան»…: Ուրիշ մերձաւոր մ ՚ այլ ժամանակաւ կ ՚ ըսէ. «Ազ գ ք Թուրքաց տիրեցին աշխարհի ի ծովէն արեւելից (Կազբից) մինչեւ ցծովն արեւմտից, եւ ոչ մնաց ի նոցանէ մինչեւ ցքարանձաւ մի` որ ոչ մատնեաց Աստուած ի ձեռս նոցա». եւ այլն:

Ահա այս ատեն Նետողաց նետերէն փախչելով բազմութիւնք Հայոց իբրեւ յաւիտենական մնաս բարով մը ըսին հայրենեաց եւ անոր սահմանաց, եւ հեռացան մինչեւ ի միջավայրս Եւրոպիոյ, ի Լեհաստան, եւ այլն:

Յետ մահուան Մէլիք շահի` Սէլչուկեանց իշխանութիւնն իրեք չորս ճիւղ բաժնուեցաւ. գ լխաւորն էր սուլտանն Պարսից` որ եւ տիրէր մեր աշխարհաց. երկրորդն` Սէլչուկեանց նախ բնակած տեղերուն վրայ կ ՚ իշխէր, այսինքն Խուարէզմի, երրորդն եղաւ սուլտանն Իկոնիոնի, այսինքն Ղօնեայ, եւ ամենէն աւելի երկարատեւ եղաւ, գ րեթէ մինչեւ ի վերջ ԺԳ դարու, եւ դրակից ըլլալով Ռուբինեան թա գ աւորաց մերոց` իրարու հետ շատ գ ործ ունեցան. չորրորդն` սուլտանք Հալէպի եւ Դամասկոսի. որոց ի կէս ԺԳ դարու (1260) տիրեցին ԹԱԹԱՐՔ:

Ժ

Այս ազ գ ս (Թաթար) յետին եղաւ սկիւթական ասպատակողաց, միան գ ամայն եւ ամենէն հեռու հասնող, ամենէն հզօր կամ վայրա գ, կամ լաւ եւս ըսել` ամենէն աւելի Նետող, այնպէս որ մերայինք ասոր սեփականած են այդ կոչումը, Ազ գ ն Նետողաց. եւ Ներսիսեան գ ուշակութիւնք ասոնց վրայ խօսին յետ Սէլչուկեանց: Թուրքաց ցեղակից եւ ի Թուրքաստանէ ելեալ դէպ ի յարեւելս ծաւալեալ եւ շատ տոհմեր բաժնուած էին Թաթարք, որոց առաջին նահապետն կամ գ աղթականի առաջնորդն` անծանօթ է. բազմաթիւ տոհմից գ լխաւորներէն մէկն էր Մուղալ (Մոնկոլ ըստ Եւրոպացոց), որ եւ հին Պարթեւաց պէս վարատական կամ փախստեայ կու նշանակէ. ուսկից յառաջ եկաւ աշխարհիս ամենէն աւերածու եւ բռնակալաց մէկն կամ առաջինն, Ճինկիզխան. որոյ արիւնա գ իծ պատմութիւնն մեր այսօրուան տեսարանէն դուրս թողունք. ԺԲ դարուն վերջերը իշխանութիւնը ձեռք առած` սկսաւ աշխարհակալութեան ի չորս կողմն, եւ տիրեց ի Չինաց մինչեւ ի Կիւլիկիա. ի հիւսիսոյ արեւմտից այլ մինչեւ ի Ղրիմ, մինչեւ ի Ռուսս եւ ի Լեհս, իր նմանաբարոյ որդւովք եւ թոռամբք. նուաճելով եւ ջնջելով Պարսից եւ Խուարէզմի Սէլչուկները, որոց յետինն էր Ճէլալէտտին սուլտան: Ասոր բաժինը ժառան գ եց Հուլաղու խան (1258), թոռն Ճինկիզայ. իր սերունդքն պայազատեցին տիրելով մեր աշխարհին եւ արեւմտից` դար մը ժամանակ. յետ որոց արիւնկզակն Լէնկթիմուր գ լուխ եղաւ նոր պայազատութեան, որ տեւեց մինչեւ ցվերջ ԺԵ դարու. յորում (1499) Շահ Իսմայէլ Սէֆեան` Պարսից նոր թա գ աւորութիւնը հաստատեց եւ Նետողաց բռնութիւնը վերջացաւ:

ԺԱ

Բայց բուն անոնց տէրութեան յաջորդ եղաւ դարձեալ Թուրք տոհմ մը, որ մինչեւ ցարդ կու մնայ մեծատարած իշխանութեամբ, բայց եւ քաղաքական օրինօք: Այս Թուրք տոհմս ծա գ եալ ի հզօր Ուղուզ Թուրքաց, զոր նախ տեսանք, կոչէր Գայիխանլը, թերեւս յանուն Գայի-խանի որդւոյ Թուրք-խանի` թոռին Յաբեթի նահապետի, ըստ աւանդութեան նոցա: Այս Գայի խանէն յորդւոց յորդիս ցեղաբանելով` յիսներորդ կ ՚ ըլլայ Սիւլեյման շահ, որ կու տիրէր իր տոհմին` ի Մահան քաղաքի ի կողմանս Մէրուայ, ուր եկեր էին իր նախահարքն Սէլչու գ այ հետ` իրենց խոր աշխարհէն: Երբ Ճինկիզխան հալածեց զՃէլալէտտին` Սիւլէյման նախապատիւ եղաւ Խուարէզմի կողմի իշխանաց մէջ, բայց Թաթարաց ոտնակոխ չըլլալու համար` փախաւ չուեց բազմութեամբ իրեն հաւանելոցն, եկաւ նախ բնակեցաւ յաշխարհն մեր ի Հայաստան, ի կողմանս Խլաթայ, ուր շատ դարերէ ի վեր մահմէտական տէրութիւն մը հաստատուած էր. բայց Թաթարաց վախէն` անկէց ալ հեռացաւ անցաւ յարեւմտեան Հայս, յիշխանութիւն Իկոնիոնի Սէլչուկեան սուլտանին` Ալայէտտին Քէյքապատայ, որ մարդասիրապէս ընդունեցաւ եւ տեղ տուաւ անոր ի սահմանս մեր հին Եկեղեաց գ աւառին (Երզնկա) անկից եկաւ ի Ջահան գ աւառ (Մարաշ): Յետ մահուան նորա` իր Էրդօղրուլ որդին նորէն դարձաւ ի Մեծ Հայս` ի Բասեն գ աւառ, յետոյ դարձեալ ի Փոքր Հայս եւ ի Փ. Ասիա. ուսկից իր որդին Օսման` նախապետ համանուն մեծիշխան թա գ աւորաց, եւ իր որդիքն` չորս կողմի տիրելով, եւ աւելի դէպ յարեւմուտք երթալով` յետ դարու կիսոյ հասան առին եւ դրին իրենց աշխարհակալ իշխանութեան աթոռը` աշխարհիս ամենէն հզօր մեծ եւ գ եղեցիկ քաղաքին մէջ, ի Կոստանդնուպօլիս, զոր կոչեցին եւ կոչեն Ստամպօլ մինչեւ հիմայ:

Հոս հին Աբարիսի նետն իր վաղուց կորուսած կապարճը գ տաւ, մտաւ: Պայազատք պայազատաց Նետողաց` նոր զէնքերով իրենց ահը եւ զօրութիւնը հին աշխարհիս իրեք մասանց մէջ այլ տարածելով, (ուր մինչեւ հիմայ այլ կու տիրեն), երբ աշխարհակալութեանց եզերքն սահմանեցան, ի քաղաքական կրթութիւնս դարձուցին իրենց ընթացքը, ըստ եւրոպական հրահան գ եայ ազ գ աց, եւ դեռ այս անծայր ասպարիզին մէջ կու կշռեն քայլերնին: Աշխարհիս խաղաղութեան եւ խռովութեան մէկ բաղդաշարժ քուէն` այս սկիւթական Թուրք տոհմին տրուած կ ՚ երեւի ի հնուց մինչեւ հիմայ, եւ գ ուցէ մինչեւ ի հեռա գ ոյն եւ յանծանօթ երբս ժամանակի ինչպէս ուրիշ մեծազօր քուէ մ ՚ այլ` անոնց հին դրակից եւ մեծ մասին տիրող սարմատական Ռուս տոհմին: