Քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Բ
ՄԱՀ ՔԱՋՈՐԴՒՈՅՆ

Դու զո՞վ խնդրես մա՛յր իմ անոյշ.
Ե՛կ, մի՛ դողար, մօտեցի՛ր հոս,
Անլաց աչօք դիտէ՛ զորդիդ
Ու իւր վէրքերն արիւնահոս։
Թրքաց մայրեր թող լան՝ ու դուն
Ուրախ լուրեր տա՛ր ի Զէյթուն։
Ինչպէս երբեմն որրանիս մէջ
Կակուղ ձեռքով փայփայելով
Մանկիկ մարմնոյս հանգիստ տայիր
Իբրեւ հրեշտակ նըւագելով,
Զիս հանգչեցուր ի հող՝ եւ դուն
Ուրախ լուրեր տարի Զէյթուն։
«Նորեկ որդւոյս կենացն արեւ
Ձեզի համար փայլի՛, Հայե՛ր»։
Այսպէս յայնժամ դու կ՚երգէիր
Օրորոցիս նըստեալ քովեր.
Անոնց համար շիջաւ՝ եւ դուն
Ուրախ լուրեր տար ի Զէյթուն։
Կարմիր կայլակք ցայտին վէրքէս,
Սակայն, մա՛յր իմ, նայէ՛ չորս դին,
Զարիւնըռուշտ Թուրքերըն տե՛ս,
Հազարներով փըռուած գետին.
Կերաւ զանոնք սուր մեր՝ ու դուն
Ուրախ լուրեր տար ի Զէյթուն։
Մըռընչեցին ինչպէս վիշապ
Ու մեր վըրայ յարձակեցան.
Ո՜վ հայրենիք, ի հուր ի բոց
Քո համար մեր սիրտք վառեցան.
Կարմիր ներկան ձորք մեր՝ ու դուն
Ուրախ լուրեր տար ի Զէյթուն։
Ու ծափ զարկին մեր հարց ոսկերք
Զի չէ՛ մեռած Հայոց կըրակ,
Ու ցընծացին այնչափ զոհեր
Զի լուծաւ վրէժ յարեան վըտակ։
Խնտաց Մասիս, մա՛յր իմ, եւ դուն
Ուրախ լուրեր տար ի Զէյթուն։
Վերջին համբոյր տամ քեզ, մա՛յրիկ։
Հատուցանես զայն սիրուհւոյս.
Վերջին անգամ գրկեմ մեր հող
Ոյր ադր կ՚իջնամ ի ծոցն անլոյս։
Խաչ մը տընկէ վըրաս՝ ու դուն
Ուրախ լուրեր տար ի Զէյթուն։