Քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

[ԵՐԵՒԵՑԱՒ ՆԱ ԻՆՁ…]

Երեւցաւ նա ինձ, ո՜վ Աստուած իմ, արդեօք կի՞ն մ՚էր նա, թէ՞ երեւոյթ սքանչելի։ Քնքուշ էր նորա հայեացքը, նման նայւածոց լուսնակին, բիբ ցայգական թերաբացիկ գիշերոյս վրայ։ Կը քայլէր նա, ու թռչնիկ մը թուեցաւ ինձ, որ կ'ոստոստէր տերեւէ տերեւ։

Անոյշ էր նորա ձայնն, ինչպէս ժպիտ մը նորափթիթ կուսի, որ հիացիկ կը զմայլի իւր երկնատուր գեղոյն դիմաց։

Եթէ ոլորակ մը իւր ձայնէն կը գլորի օդոց մէջ, անբաւութիւնը կը խայտայ երանութեամբ։ Այնպէս չէ՞, Աստուած իմ, եւ քու զուարթունքդ յերկիր կը խոնարհին՝ իրենք եւս ունկնդիր ըլլալու։ Եթէ լուսանիւթ թելի մը վրայ, անհուն, իբրեւ քու անբաւութիւնդ, յեռուս բոլոր լոյսերդ եւ ամենազօր ձեռամբդ ցոյց տաս այդ հրաշարուեստ շղթային, չեմ գիտեր, թէ իր անկենդան ձայնն կրնա՞յ այնքա՜ն գեղեցիկ ըլլալ, որքան նորա հոգւոյն արձակած մէկ մրմունջը։

Ո՜վ քոյր իմ, այո՛, քու ձայնդ նուագ մ՚է վճիտ ներդաշնակութեան մը, ո՜հ, երգէ՛ ուրեմն, երգէ՛ միշտ։ Թո՛ղ նորածին առաւօտուն եւ համասփիւռ գիշերուան ծոցոյն մէջ քու երկնասլաց մեղեդիքդ ծաւալանան։

Երգէ՛, հեզահնչիւն թռչնոյ, կեղերջական կոհակին եւ հառաչաձայն հովուն հետ։ Երգէ՛ սպառնացայտ եթերին հետ եւ խառնէ՛ ձայնդ նորա մեծասաստ ձայնին հետ։ Քու աւաչներդ միւսներէն զատուելով՝ պիտի դողդողան ընդ ոլորտս։ Երգէ՛, եւ քու ձայնդ հոլաթեւէ անբաւութեան մէջ, նման խնկոց ներդաշնակութեան։

Երգէ՛, եւ թո՛ղ հրեշտակք ի լուր երգոցդ ըսեն. «Երկիրս կ'արժէ արքայութիւն մը»։ Երգէ՛, եւ թոյլ տուր ինձ խանդաշարժ որորիլ։