Քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՃԵՄՔ Ի ԼԵԱՌՆ ՀՍԿԱՅԻՆ

ԵՐԳ

Ծովըն ցոլայր ու ծըփծըփայր,
Սուրայր ակատն ի մէջ ալեաց.
Հովն հեզաթռիչ երթայր ու գայր
Վազվըռտելով ամէն դիաց։
Բացէ՛ք, հաճո՛յք, փափուկ թեւեր,
Տարէ՛ք ըզմեզ բըլուրն ի վեր։

Մըրմընջէին մանըր ալեակք՝
Նաւուն կողից տալով համբոյր.
Եւ կոյս րաժիշտ՝ Ոգւոյս նմանեակ,
Երգ ծաւալէր ի ծով անդոյր։
Բացէ՛ք, հաճո՛յք, փափուկ թեւեր,
Տարէ՛ք ըզմեզ բըլուրն ի վեր։

Ի՜նչ շուտ հասանք եւ հանդարտիկ…
Կարծես ծովուն վըհուկ գըթոտ,
Մեզ գգուելով ի ծոցն յուշիկ
Բերաւ ի զով յայս ըստորոտ։
Բացէ՛ք, հաճո՛յք, փափուկ թեւեր,
Տարէ՛ք ըզմեզ բըլուրն ի վեր։

Զերդ գեղավարս յաղթող հսկայ,
Որ խրոխտ նայի ընդ չորս բոլոր,
Այնպէս լեռն ալ մեզի մօտ կայ
Անտառներով պըսակաւոր:
Բացէ՛ք, հաճո՛յք, փափուկ թեւեր,
Տարէ՛ք ըզմեզ բըլուրն ի վեր։

Թռչնոյ մը պէս կուսիկն անուշ,
Տըւած մազերն հովուն ի ծուփ,
Կը թըռչըտի ընդ քար ընդ փուշ,
Դարէ ի դար, թուփէ ի թուփ:
Բացէ՛ք, հաճո՛յք, փափուկ թեւեր,
Տարէ՛ք ըզմեզ բըլուրն ի վեր։

Դար վե՛ր, դար վե՛ր. ո՜հ, ի՛նչ վըսեմ
Ընդարձակի կապոյտ եթեր.
Դար վե՛ր, ահա ծովուն նըսեմ
Դիտեմ հեռուանց ահեղ պատկեր:
Բացէ՛ք, հաճո՛յք, փափուկ թեւեր,
Տարէ՛ք ըզմեզ բըլուրն ի վեր։

Միտք իմ անժոյժ եւ սուրարշաւ
Թըռա՛ւ յանկարծ իւր ալեաց մէջ,
Խաղաց, ծըփաց, թաւալեցաւ
Թուխ կոհակաց ընդ ելեւէջ։
Բացէ՛ք, հաճո՛յք, փափուկ թեւեր,
Տարէ՛ք ըզմեզ բըլուրն ի վեր։

Ու ձիւնափայլ այն փրփուրներ
Որ անդընդին ցայտեն մէջէն,
Կարծես ճերմակ վարդից թերթեր,
Որ իւր ծոցէն կը բողբոջեն:
Բացէ՛ք, հաճո՛յք, փափուկ թեւեր,
Տարէ՛ք ըզմեզ բըլուրն ի վեր։

Հուր հեր արփւոյն կը ծաւալի
Ի դաշտ յարօտ գեղաժըպիտ,
Ծովն ի յերկինըս կը զմայլի,
Երկինք՝ ի ծով ծիծաղախիտ:
Բացէ՛ք, հաճո՛յք, փափուկ թեւեր,
Տարէ՛ք ըզմեզ բըլուրն ի վեր։

Ի՜նչ սըխրալի ես դու, բնութի՛ւն,
Երբ կենսունակ քուկին շնչով
Գայ պարաւոր աղւոր գարուն՝
Գունակերպիկ ծաղիկներով:
Բացէ՛ք, հաճո՛յք, փափուկ թեւեր,
Տարէ՛ք ըզմեզ բըլուրն ի վեր։

Ի՜նչ գեղանի ես դու, բնութի՛ւն,
Երբ շաղն ու ցօղ ծոցէդ տեղան,
Եւ քու մէջքիդ գօտի անհուն
Եօթնակամար կապես ծիածան.
Բացէ՛ք, հաճո՛յք, փափուկ թեւեր,
Տարէ՛ք ըզմեզ բըլուրն ի վեր։

Ու երբ գիշերըն կը բանայ
Իւր աստղազարդ ամպհովանի,
Լուսնին զարդով ճակտին վերայ
Նայի ծովուն ի հայելի:
Բացէ՛ք, հաճո՛յք, փափուկ թեւեր,
Տարէ՛ք ըզմեզ բըլուրն ի վեր։

Ի՜նչ վեհ, ի՜նչ մեծ ես դու, բնութի՛ւն,
Որոյ նայուածքն է սուր փայլակ.
Իւր ձայն՝ մրըրկոտ ալեաց մռընչիւն,
Երբ ամպերէն վազէ կայծակ:
Բացէ՛ք, հաճո՛յք, փափուկ թեւեր,
Տարէ՛ք ըզմեզ բըլուրն ի վեր։

Ու այս ամէն ըսքանչելիք
Աւելի վեհ կու գան ի տես
Ու վառեն զիմ սիրտ եւ ոգիք,
Երբ ի բարձանց դիտեմ ըզքեզ:
Բացէ՛ք, հաճո՛յք, փափուկ թեւեր,
Տարէ՛ք ըզմեզ բըլուրն ի վեր։

Ո՜հ, զայս բնութիւն երգէ՛, կուսա՛ն.
Իւր զարդերէն մէկն ալ դու չե՞ս.
Քենէ չքնաղ կ՚ըլլա՞յ գուսան,
Որ ձայնիկովդ երկինք դիւթես:
Բացէ՛ք, հաճո՛յք, փափուկ թեւեր,
Տարէ՛ք ըզմեզ բըլուրն ի վեր։

Ահա՛ խօսի… լըցան բոցով
Իւր սեւաթոյր ականողիք.
Ահա՛ երգէ… լըցաւ խանդով
Հովիտ ու մարգ ու ամէն տեղիք:
Բացէ՛ք, հաճո՛յք, փափուկ թեւեր,
Տարէ՛ք ըզմեզ բըլուրն ի վեր։

Շունչք եւ մրմունջք դադարեցին,
Միայն հողմիկ փըչէր համբոյր,
Ու ի վերայ մաքուր ճակտին,
Օրօրուէին հոպոպք սամոյր:
Բացէ՛ք, հաճո՛յք, փափուկ թեւեր,
Տարէ՛ք ըզմեզ բըլուրն ի վեր։

Ու լուսափայլ ամպիկ բարակ,
Գլխուն վերեւ հեզիկ խաղայր.
Եւ հովանին զով ՚ւ ախորժակ,
Դէմքին վերայ ծաւալանայր:
Բացէ՛ք, հաճո՛յք, փափուկ թեւեր,
Տարէ՛ք ըզմեզ բըլուրն ի վեր։

Անշուշտ, ի յայն ծածկեալ էին
Զոյգ մի հրեշտակ օդապարիկ,
Որ իրարու փըսփըսային.
«Ի՞նչ անուշ մեր երգէ քուրիկ…»
Բացէ՛ք, հաճո՛յք, փափուկ թեւեր,
Տարէ՛ք ըզմեզ բըլուրն ի վեր։