Թատրերգութիւններ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՐԱՐՈՒԱԾ Գ

ՏԵՍԻԼ Ա
ԲԱՆՏ
ՆԵՐՍԷՍ (ՇՂԹԱՅԱԿԱՊ)

Սոսկալի բանտ, մահուան սպառնալիք ու աս ծանր շղթաները ընդունեցայ ես փոխարէն իշխանական պատուոյս ու փառացս: Տխուր բանտ, զրկուիլ կենաց լուսէն ու գերեզմանական մթութեան մէջ ապրիլ, իբրեւ անարգ որդ մը, գետնի վրայ սողալ` քիչ մը հանգիստ առնելու համար. ու այդ դառն յիշատակը, որ սիրտդ կտոր-կտոր կ՚ընէ, թէ հայրենիք մը ունիս, ընտանիք եւ որդիքներ թշուառութեան մէջ, ա՞ս է, ուրեմն, իմ վիճակըս, ինչու՞, վասնզի ձեռքս անմեղ արիւն չթափեցին, նենգութիւն, դաւ եւ ոճիր սրտիս մէջ ամէնեւին տեղիք չգտան, ու խիղճս չբողոքէր ինծի դէմ անիրաւութեան մը համար: Բայց թո՛ղ բռնութիւնը, սեւ նախանձն ու ատելութիւնը յաղթանակեն, թո՛ղ արդարութեան ձայնը ինչուան բարձրագոյն ատեաններու մէջ խղդուի, թո՛ղ ճշմարտութեան ու իրաւանց վրայ կրթնողները իյնան, կործանին, կու գայ, վերջապէս, վրէժխնդիր ժամանակ մը բոլոր ազգին զարմացման լուսեղէն պսակը արդարոյն գլուխը կապելու ու անիրաւին ճակատը դրոշմելու բոլոր դարերու անէծքն ու նախատինքը: Բայց ի՞նչ օգուտ, հիմա թշուառութեան յատակը գլորեր եմ ես ու ազգս: Ո՜հ, ինքզինքէս աւելի զքեզ ողբամ, թշուառ ազգ, օտար սուրը մէկ կողմանէ կուտէ զքեզ, մէկալ կողմանէ ազգուրաց մատնիչներու ձեռք մատնուած հայութեան նախատինք սիրտդ կը կրծեն ու կը լափեն, ու խստասիրտ բռնաւոր մը, օձու պէս սրտէդ բուսեր, ամէն կողմ կը սողայ ու կը սուլէ, ո՜հ, թշուառ ժամանակ, թշուառ ա՛զգ (Կայ ցաւած, մտայոյզ):

ՏԵՍԻԼ Բ
ՎԱՂԱՐՇ, ԶԱՒԷՆ, ՆԵՐՍԷՍ

ՎԱՂԱՐՇ. Տէ՛ր իմ, վերցուր աչուըներդ, քու հաւատարիմ…

ՆԵՐՍԷՍ. Ո՜հ, աս ի՞նչ ձայն է, որ ականջս կը զարնէ, ձայն մը, որ կարծեմ թէ ինծի անծանօթ չէ, ձայն մը, որ ինչուան սրտիս խորունկը կ՚ազդէ, ըսէ ինծի, ո՛վ ծերունիդ, ո՞վ ես դուն, արդեօք երկնային հրէշտա՞կ մը, որ եկեր ես զիս ազատելու աս ցաւալի կեանքէս, արդեօ՞ք…

ՎԱՂԱՐՇ. Ճանչցի՛ր քու հաւատարիմ Վաղարշդ, տէր իմ:

ՆԵՐՍԷՍ. Վաղարշ, եկուր գիրկս: Ա՜հ, ներէ ինծի, աչուըներուս վրայ ցաւոց թանձր ամպ մը պատած է, մթութիւն ու գիշերային զարհուրելի երեւոյթներ տեսնելու աւելի վարժած, քան թէ մարդկային կերպարանք, եթէ յանկարծ լոյս մըն ալ աչքս զարնէ, գլխուս վրայ սուրին շողալը կը կարծեմ, ամէն ոտնաձայն դահիճին գալուստը կ՚իմացնեն ինծի: Բայց դուն ինչպիսի հրաշքով, անվտանգ, ինչուան հոս եկեր ես, անշուշտ, բարերար ոգի մը զքեզ իւր թեւերուն տակ առեր է եւ կամ բռնաւորին աչքերը մութ քօղով ծածկեր է:

ՎԱՂԱՐՇ. Տէր իմ, քու վրայ ունեցած սէրս ու հաւատարմութիւնս շարժեցին զիս մահը ու վտանգները բանի մը տեղ չի սեպել ու խրախոյս մը տուին ինծի աներկիւղ դիմել հոս, քու ազատութեանդ համար, մանավանդ բոլոր ցեղիդ ընտանեացդ ու որդուոցդ:

ՆԵՐՍԷՍ. Ո՜հ, սիրուն որդեակք. ի՞նչ կ՚ընեն արդեօք հիմա, ո՞վ է իրենց պաշտպանը, կը յիշե՞ն արդեօք իրենց հայրը:

ՎԱՂԱՐՇ. Իրենց պաշտպան ու օգնական աստուած է, ամէնուս հայրը, բայց կարելի՞ բան է, որ չյիշեն զքեզ: Ամէն օր խեղճերուն ողբն ու հառաջանքները ամէնուն սիրտը կը ծակեն, հեղեղի պէս արցունք թափելը իրենց տխուր սովորութիւն մը եղած է, ո՛չ մայրագութ գորովանք եւ ո՛չ ալ իմ սիրալիր գգուանքներս կրնան քիչ մը մխիթարել զիրենք:

ՆԵՐՍԷՍ. Վա՜յ ինծի: Ո՛վ Վաղարշ, Վաղարշ, իմ անձիս թշուառութիւնը ամէնեւին չեմ հոգար, բայց այն սիրուն որդուոց ողորմելի վիճակը, որ իրենց մատաղ հասակին մէջ որբ ու անտէրունչ մնացին` չորս կողմէն դառն որոգայթներէ պաշարուած, ա՜հ, ատ է, որ իմ սիրտս անբժշկելի խոցերով կը վիրաւորէ: Ո՜վ, ինչպէս փոփոխական ու խափուսիկ է բախտը, ո՞ր բարձրութենէն, ո՞ր անդունդը գլորեցայ, երբ խաղաղութեամբ ու գոհ սրտով հանգիստ կեանք մը կը վայելէի` իմ օրինաւոր իշխանութեանս ու նախարարութեանս պատիւը ուրիշը երջանիկ ընելու մինակ գործածելով: Աշխարհաւեր պատերազմը բռնկեցաւ, ու անօրէն թշնամի մը սրով ու կրակով երկիրս կոխեց: Իմ անձիս պատիւը ու հպատակներուս փրկութիւնը կը պահանջէին, որ ես ալ սուրը ձեռքս առնեմ, առի ու քաջութեամբ շողացուցի թշնամուոյս դէմ: Իմ ձեռքովս բռնաւորին գոռոզ որդին գերեզման իջեցուցի, կտրիճ զինուորներս չարաչար զարկին Կոռնակին բանակը երկու անգամ ու զինքն ալ քիչ մնաց գերի պիտի բռնէին, բայց չարերը միշտ վատասիրտ են, ու իր ոտքերուն արագութիւնը փրկեցին զինքը իր բերդին մէջ: Տեսնելով որ իր բռնութիւնը ու կատաղութիւնը փշրեցան իմ քաջ բանակիս զօրութեանը դէմ, կեղծաւորեցաւ անօրէնը ու հաշտութիւն խնդրեց, ու զիս, երբոր վստահութեամբ ու քիչ մարդով իրեն գացի` անձամբ խօսելու խաղաղութեան վրայ, բռնելն ու շղթայի զարնելը հաշտութեան առաջին պայման ըրաւ: Ասանկով ահա՛ դառնութեան ետքի բաժակը խմեցի, բռնաւորին ամէնէն մեծ անգթութիւնը ինծի իմ կեանքս շնորհելն եղաւ: Ո՜վ տէր, դուն գոնէ գթայ ինծի ու վերցուր, ա՛ռ ինձմէ աս ողորմելի կեանքս, վասնզի ապագայ վիշտերը, զօր կը գուշակեմ, հիմակուան քաշածներուս քով բան մը չեն: Կը տեսնամ բոլոր իմ ցեղս ու Մանաւազեանց գաւառը բոցերու մատնուած, կը տեսնամ երկու դեռաբուսիկ որդիքներս, որ իրենց անմեղ արեանը մէջ կը լողան: Ա՛հ, վերցուցէք դիմացէս ատ զարհուրելի պատկերը, վասնզի ալ չեմ կրնար դիմանալ. ճակտէս պաղ քրտինք մը կը վազէ, կարծես թէ մահուան ձեռքը դպաւ հոն:

ՎԱՂԱՐՇ. Ո՛վ տէր իմ, տէր իմ, մի՛ այդչափ յուսահատութեան խորը նետուիր։

ԶԱՒԷՆ. Ինքզինքիդ եկուր, Ներսէս, զօրացի՛ր, յիշէ՛, որ ճշմարիտ քաջութիւնը դժբախտութենէ չի յաղթուիլն է:

ՎԱՂԱՐՇ. Սիրտ առ, քաջալերուէ՛, վասնզի դեռ ամէն յոյս կորած չէ:

ՆԵՐՍԷՍ. Ըսէ՛ ինծի, ի՞նչ բանի վրայ կրնամ ալ յոյս ունենալ:

ՎԱՂԱՐՇ. Աստուծոյ, իմ ու առ առաքինի Զաւէնին վրայ:

ՆԵՐՍԷՍ. Այո՛, աստուծմէ, իր ամենակալ աջը համբուրելով, որ գլխուս վրայ ծանրացեր է, իմ մահս միայն կը խնդրեմ: Կը ճանչնամ քու անձնուէր հաւատարմութիւնդ ալ, Վաղարշ, իսկ քեզի, ո՜վ Զաւէն, որչափ պարտական եմ քու բարերարութեանցդ համար, որ շատ անգամ խիստ գերութեանս դառնութիւնը քաղցրացուցեր ես, երկինք վարձահատոյց ըլլան քեզի:

ՎԱՂԱՐՇ. Ահա՛ ատ Զաւէնը օգնական ու բարերար պիտի ըլլայ ինծի ու քեզի. կը կարծե՞ս, տէր իմ, որ ծերութեանս դժուար հասակին մէջ այնչափ վտանգներու մէջէն անցնելով` եկայ հոս մինակ` քու ցաւերդ նորոգելու, չէ՛, չէ՛, ուրիշ աւելի մեծ ազնուական ու օգտակար դիտմունք մը ունէի. այն է քու ազատութիւնդ: Այո՛, Զաւէն, քեզի սովորական եղած առաքինութիւններդ կը պահանջէն քեզմէ, որ օգնես ինծի ու գործակից ըլլաս իմ տիրոջս ազատութեանը:

ՆԵՐՍԷՍ. Ին՞չ կը խօսիս, Վաղարշ, թէեւ ինքը զիջանի աղաչանքիդ, կարծես որ ես յօժարի՞մ զինքը իմ տեղս Կոռնակին կատաղութեանը մատնել:

ԶԱՒԷՆ. Ու՞ր էր, թէ իմ ձեռքս ըլլար աս մեծ շնորհքը ընելու: Կեանքիս կորուստը մեծ վնաս մը չեմ համարիր, բայց չեմ կրնար հաւատարմութեանս ու պարտքիս դէմ մեղանչել: Ին՞չ աղաչանքներ չըրի տիրոջս քարացեալ սիրտը կակղցնելու համար, քանի՞ անգամ ոտուըները ջերմ արցունքներով թրջեցի քու ազատութիւնդ խնդրելով, հիմա ալ կրնամ դարձեալ նոյնը ու աւելին ընել, կրնամ իմ կեանքս քեզի համար տալ, կը ցավիմ իմ տիրոջս կուրութեանը վրայ, կը դատապարտեմ իր անիրաւ վրէժխնդրութեան փափագն ու անգթութիւնը, բայց չեմ կրնար մատնել զինքը:

ՆԵՐՍԷՍ. Արդար կը խօսիս, Զաւէն. թո՛ղ, Վաղարշ, մէկդի թող ատ մտածմունքդ, ամէն ջանքդ անօգուտ պիտի ըլլան, դարձի՛ր որդիներուս քով, մխիթարութիւն, պաշտպան ու ճշմարիտ հայր եղիր անոնց:

ՎԱՂԱՐՇ. Կա՛մ քեզի հետ կը դառնամ, կա՛մ քեզի հետ կը մեռնիմ հոս, եւ ան ատենը որդինե՞րդ:

ՆԵՐՍԷՍ. Ա՛հ, մի կեղեքեր սիրտս…

ՎԱՂԱՐՇ. Ան ատենը որդիներդ անգութ գայլերէ կը յափշտակուին, ան ատենը Կոռնակ կատղած վագեր նման կու գայ քու երկիրդ ու անոր բնակչաց ողորմելի մնացորդը լափելու, ան ատենը…

ՆԵՐՍԷՍ. Մի՛, ալ մի՛ տանիր առաջ:

ՎԱՂԱՐՇ. Քեզի կը դառնամ հիմա, Զաւէն, գիտե՞ս, որ քու պարտքէդ ու հաւատարմութենէդ պակսիլը ի՞նչ մեծ բարերարութիւն ընել տայ պիտի քեզի։ Միթէ աչքիդ առջեւը բան մը չէ անմեղ անձի մը գթալը ու բոլոր ընտանեաց ու գաւառի մը երեսի վրայէն սգոյ ու տրտմութեան քօղը քու ձեռքովդ փարատելը:

ԶԱՒԷՆ. Մեծ երախտիք են անոնք, կը ճանչնամ, Վաղարշ, բայց երբ կը յիշեմ…

ՎԱՂԱՐՇ. Յիշէ, որ այնչափ թշուառացեալ անձինք երբ յանկարծ քեզմով կատարեալ երջանկութեան ծայրը հասնին, որչա՞փ օրհնութեան ցօղեր պիտի թափին գլխուդ վրայ, որչա՞փ երախտագիտութեան ձայներ պիտի թռչին երկինք քեզի համար: Յիշէ՛, որ երբ առաջին անգամ քու ո՛վ ըլլալդ հարցուցի, առաքինեաց ու թշուառացելոց բարեկամ կոչեցիր ինքզինքդ։ Ահա թշուառ անձ մը` շղթաներով կապուած, ցցուր գործքով, որ արժանի ես ատ անունը կրելու վրադ: Դուն ալ մեզի հետ փախի՛ր, Զաւէն, թո՛ղ ատ գարշելի բնակութիւնը, փախի՛ր դաժան ու անգութ իշխանի մը քովէն, աչուըներդ դեռ չե՞ն ձանձրացեր ամէն ոճիր, անիրաւութիւն ու սպանութիւն տեսնելով:

ԶԱՒԷՆ. Այո՛, բայց չեմ կրնար:

ՎԱՂԱՐՇ. Չե՞ս կրնար. ուրեմն` ահա՛ տկար ծունկուըներովս գետինը կը խոնարհիմ, աս լեղի արցունքներս, որ ճերմակ մօրուքներուս վրայէն կը վազեն, կ՚աղաչեն քեզի:

ԶԱՒԷՆ. Ին՞չ կ'ընե՛ս Վաղարշ, ելիր ոտք. (Վերցնելով զինքը):

ՎԱՂԱՐՇ. Չ՛Է, ինչուան որ…

ԶԱՒԷՆ. Ելի՛ր կ՚ըսեմ, բաւական Է ալ, սիրտս չի դիմանար. ազատեմ պիտի տէրդ:

ՎԱՂԱՐՇ. Ո՜վ առաքինի սիրտ:

ԶԱՒԷՆ. Աւելորդ խօսքերով ժամանակ չանցնեմ, աս սիրտս, որ քու թշուառութեանցդ վրայ կը հալէր ու կը մաշէր, բոլորովին յաղթուեցաւ ու անձնատուր եղաւ աս իմաստուն ծերունուոյն թախանձանացը. երթա՛նք (Կը քակէ Ներսէսին շղթաները, ու երեքը մէկտեղ կը փախչին):

Ձգի վարագոյրն