Թատրերգութիւններ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՐԱՐՈՒԱԾ Դ

ՏԵՍԻԼ Ա
ՀԵԶԻԿ, ՑՈԼԱԿ

ՑՈԼԱԿ. Սրբէ՛ ատ արցունքներդ, եղբայր իմ, ամէն օր լալէն ու հառաջելէն ուրիշ բան չես գիտեր, բաւական է ալ, ո՛հ, ե՞րբ արդեօք պիտի վերնայ մեր տանը վրայէն սուգն ու լացը:

ՀԵԶԻԿ. Սիրելի Ցոլակ, միթէ անծանօ՞թ է քեզի մեր թշուառութեան պատճառը:

ՑՈԼԱԿ. Ինչպէ՞ս կարելի է, որ անծանօթ ըլլայ, գիտեմ, եղբայր իմ, գիտեմ որ սիրական հօր մը կորուստը աս ամէն կսկիծներուն պատճառն է: Միթէ ես ալ շատ անգամ իմ արցունքներովս քեզի հետ ցաւակից չէի մի, բայց այս գիշեր չեմ գիտեր, կարծեմ, աղուոր հրեշտակ մըն էր, որ ինծի երեւցաւ լուսաւոր դէմքով, ու անուշ մը ժպտելով` «ինչու՞ այդչափ արցունք կը թափես, Ցոլակ, - ըսաւ, - քու հայրդ դեռ կենդանի է, ու քիչ ատենէն կը տեսնէք զինքը»: Սրտիս չափազանց ուրախութենէն քունս կտրեցաւ, ու մէկէն արթնցայ: Մխիթարուէ, ուրեմն, անշուշտ, ան բարի հրեշտակը զիս չի խաբեց:

ՀԵԶԻԿ. Երանի՜ քեզի, Ցոլակ, որ այդպիսի մխիթարական երեւոյթներով սրտիդ ցաւը քիչ մը ատեն կը մոռնաս: Ես ալ տեսիլք մը տեսայ այս գիշեր, բայց, ո՜վ անմահ տէր, որչա՞փ տարբեր քուկինէդ: Կը տեսնայի հայրս` մութ բանտի մը մէջ երկաթներով կապած, մէյ մըն ալ յանկարծ փայլակի նման լոյս մը ցոլաց, ու գազանի դէմքով դահիճ մը տեսայ արիւնոտ սուրը ձեռքը, որ ինչուան իմ վրաս արեան կաթիլներ ցատկեցին: Այս սոսկալի տեսիլքէն սարսափած` մէկէն արթնցայ ու մօրս գիրկը վազեցի, որ ան ալ արթուն, ծածուկ արցունքներ կը թափէր: «Ին՞չ ունիս, որդեակ իմ» -ըսաւ. ա՜հ, մայր իմ, մայր իմ, իմ հայրս, սիրելի հայրս… լեզուս կապուեցաւ, ու ալ չկրցայ առաջ տանիլ խօսքս:

ՑՈԼԱԿ. Փարատէ մտքիդ մէջէն ատ տխրական մշուշը: Աստուած ամենաբարին, որ պզտիկ թռչուններուն ու անմեղ գառնուկներուն վրայ հոգ կը տանի, անշուշտ, մեզ ալ երեսի վրայ չի ձգեր ու անգութ գայլերու ձեռք չի մատներ:

ՀԵԶԻԿ. Ու՞ր էր, թէ ըսածիդ պէս ըլլար, բայց ես…

ՑՈԼԱԿ. Եկուր, սիրելի Հեզիկ, ծունկ չոքինք ու մեր հօրը համար աղօթենք. կ՚ըսեն, թէ աստուած անմեղներուն ձայնը շատ կ'ախորժի ու հաճութեամբ մտիկ կ՚ընէ (Կը չոքին):

ՑՈԼԱԿ. Ո՜վ աստուած ամենաբարի, նայէ մեր արցունքներուն, գթա մեր մօրը վրայ ու պարգեւէ մեզի սիրական հայրերնիս:

ՀԵԶԻԿ. Այո՛, դարձուր մեզի մեր հայրը, ո՜վ հայր աշխարհի, կամ թէ` ու զանիկա քու քովդ առեր ես, մեզ ալ կանչէ քեզի շուտով, կ՚աղաչենք:

ՏԵՍԻԼ Բ
ՎԱՂԱՐՇ, ՑՈԼԱԿ, ՀԵԶԻԿ

ՎԱՂԱՐՇ. Ո՞վ սիրելի որդեակք, ի՞նչ կ՚ընէիք կոր հոս մինակ:

ՑՈԼԱԿ. Մեր հօրը համար կ'աղօթէի՛նք:

ՎԱՂԱՐՇ. Շատ աղէկ, անշուշտ, լսելի եղան ձեր աղօթքները:

ՀԵԶԻԿ. Բայց դուն ուսկի՞ց կու գաս, բարի Վաղարշ, ինչու՞ ասչափ ատենէ հեռացար մեզմէ. թէ որ դուն ալ մեզ թողուս, ո՞վ է ան ատեն մեր հայրն ու պաշտպանը:

ՎԱՂԱՐՇ. Կարելի՞ բան է, որ ձեզ թողում ես. ո՜հ, չէ՛, չէ՛: Սիրտս որչափ սէր ու գութ ունի նէ, ամէնն ալ ձերինն է. պաղած երակներուս մէջ որչափ արիւն կայ նէ, ձեզի համար տալու պատրաստ եմ. բայց մխիթարուեցէք, ձեր անմեղ կեանքը մի մաշէք անդադար հառաչանքներով, մի՛, որդեակք իմ: Թանձր ու մութ ամպերուն մէջէն արեւուն գեղեցիկ ճառագայթները կրնան ծագիլ. ամէն բանի վերջ կայ. նեղութիւնք ու վիշտք ալ վերջապէս, կ՚անցնեն:

ՀԵԶԻԿ. Ին՞չ կ՚ըսես, Վաղարշ. ինչուան որ մեր հայրը չի դառնայ, ի՞նչպէս կրնանք ուրախանալ մենք, ու մեր վիշտերը ինչպէ՞ս կը դադրին:

ՑՈԼԱԿ. Ո՜հ, ու՞ր է անիկա, կ՚աղաչենք, Վաղարշ, տար զմեզ ալ անոր քովը. թէ որ երկինք է նէ, հրեշտակներու պէս թեւեր առնենք ու թռչինք. եթէ երկրիս վրայ ու աշխարհիս մէկ ծայրը, տար դարձեալ զմեզ: Թո՛ղ չի տեսնանք աս գեղեցիկ արեւը, միայն թէ իր քովը ըլլանք, իսկ թէ որ մեռած է նէ, ո՜հ, աղաչէ դուն ալ հրեշտակներուն, որ մեր հոգիներն ալ առնեն, բայց մեր սիրելի մօրը բան մը չըսես:

ՀԵԶԻԿ. Եւ կամ գոնէ մեզ իր գերեզմանին քովը տար. թրջենք արցունքներով իր մարմնոյն վրայի հողը, աղուոր ծաղիկներ սփռենք գերեզմանին վրայ, խօսինք իր հետը ու ըսենք. սիրելի հայրիկ, ելի՛, եկուր քու որդուոցդ, ինչու՞ հեռացար մեզմէ:

ՎԱՂԱՐՇ. Բաւական է, որդեակք իմ. ձեր ուզածը հոս է, եկէք երթանք:

ՏԵՍԻԼ Գ
ՆԵՐՍԷՍ

      Ողջոյն քեզ, ո՜վ իմ հայրենի բնակութիւնս, վերջապէս ձեր ցանկալի տեսութիւնը կը վայելեմ դարձեալ, բայց, աւա՜ղ, ի՞նչ վիճակի մէջ թողուցի զձեզ ու հիմա ինչ վիճակի մէջ կը գտնեմ: Ո՜հ, հայրենիք չէ, մնացեր ինծի, Կոռնակին կատաղութիւնը բոցի պէս պատեր է հոս, կը ճանչընամ իր ոտքին նշանները: Ու՞ր է իմ հաւատարիմ ժողովուրդս, ինչու՞ ուրախական երգերով դիմացս չելլէր զիս ընդունելու համար. ու՞ր են իմ քաջ զօրականներս, ինչու՞ չեն փութար իրենց իշխանին քով գալու, ժողվուելու, որուն ձայնը կը հրաւիրէր երբեմն զիրենք պատերազմի ու հաղթութեանց դաշտը. ձայն չկայ, մահուան լռութիւն մը չորս դին կը տիրէ հոս. հայրենի երկիրս իրեն որդուոցը գերեզման եղեր է: Աս աւերակներու վրա՞յ հաստատեմ, ուրեմն, իշխանութեանս աթոռը, չէ, աս աւերակներուն մէջէն կ՚ելլէ որոտալով իմ մահացու վճիռս ալ: Հոս, ուր ժողովուրդս ու զօրքերս ինկան իրենց արեանը մէջ, պէտք է իյնամ ես ալ: Ու՞ր էք, որդեակք իմ. ու՞ր մնացիր` Վաղարշ, որ պիտի բերէր ինծի զանոնք: Եկէ՛ք, ո՜հ, դեռ ամպերը գլխուս վրայ չի ժողուած, դեռ կայծակը գլխուս չի զարկած գրկեմ զձեզ մի անգամ մը ու անկէ ետքը գոհ սրտով մատնեմ ինքզինքս թշուառութեան, ինչպէս անմեղ մահապարտ մը դահճին ձեռքը: Ու՞ր էք, Հեզիկ ու Ցոլակ:

ՀԵԶԻԿ. (Ներսէն) Հեզիկ ու Ցոլակ կը կանչէ. ըսէ՛ մեզի, Վաղարշ, ո՞վ է ան մարդը:

ՑՈԼԱԿ. Չըլլա՞յ թէ մեր հայրն ըլլայ:

ՎԱՂԱՐՇ. Այո՛, որդեակք, անիկա է, վազեցէ՛ք իր քովը:

ՏԵՍԻԼ Դ
ՀԵԶԻԿ, ՑՈԼԱԿ, ՎԱՂԱՐՇ, ՆԵՐՍԷՍ

ՀԵԶԻԿ, ՑՈԼԱԿ. (Վազելով Ներսէսին քով) Հա՛յր, հա՛յր, դու՞ն ես ուսկի՞ց կու գաս:

ՆԵՐՍԷՍ. Ո՜հ, որդեակք իմ (Կը պլլուի):

ՀԵԶԻԿ. Մենք այնչափ լացինք, այնչափ լացինք քու վրադ ու այնչափ աղօթեցինք քեզի համար, որ բարին աստուծոյ գութը շարժեցաւ ու զքեզ պարգեւեց մեզի:

ՑՈԼԱԿ. Բայց չըլլայ թէ մեզմէ հեռանաս դարձեալ, կամ չէ նէ` զմեզ ալ հետդ տար ուր որ կ՚ուզես: Ինչու՞ այնչափ ատեն մոռցար զմեզ։

ՆԵՐՍԷՍ. Ին՞չ մոռնալ, ինչ կ՚ըսէք, սիրելի որդեակք, ո՜հ, բանտիս սոսկալի մթութիւնը շատ անգամ ձեր անուշ յիշատակը, իբր լուսաւոր ճրագ մը, կը փարատէր: Շատ անգամ սիրտս այդ դժբախտ հեռաւորութենէն անհամբեր ձեր քովը կը թռչէր. շատ վիշտեր ու նեղութիւններ քաշեցի, որդեակք, աստուած ասանկ կարգաւորեց. բայց հիմա, որ զձեզ տեսայ ու գրկեցի, ալ ամէն բան մոռցայ. ամէն ցաւագին յիշատակ մտքէս հեռացաւ, աներեւոյթ եղաւ: Ալ ասկէ ետք բանէ մը չեմ վախնար, կրնամ հանգիստ սրտով ոտքս գերեզման դնել:

ՎԱՂԱՐՇ. Ինչու՞ համար այդպիսի խօսքեր կը խօսիս, տէր, բաւական չէ՞ , որ քու հայրենիքդ ու որդիքներդ ստացար դարձեալ, փոխանակ այդպէս ինքզինքդ տխուր մտածութեանց տալու ու անմեղ որդուոցդ սիրտը պատռելու, վերցուր աչուըներդ դէպի երկինք, շնորհակալ եղիր ու համբուրէ ատ բարերար ձեռքը, որ քու խիստ գերութեանդ շղթաները քակեց ու կոտրեց:

ՆԵՐՍԷՍ. Ո՜վ իմ հաւատարիմ Վաղարշս, դու չես գիտեր, որ կենացս վտակը պղտորեցաւ մէյ մը. ան օրուընէ ի վեր, որ բախտիս դիւրափոփոխ անիւը բռնաւորին ձեռքը մատնեց զիս, ան օրուընէ ի վեր սեւ ու չարագուշակ նշան մը տպուեցաւ ճակտիս վրայ: Աչքս որ կողմը դարձնեմ, մահուան դէմքը միշտ դիմացս կը տեսնամ, ու հիմա ալ, որ սիրելի որդուոցս գրկախառնութեանց մէջ ինքզինքս երջանիկ կը կարծեմ, չեմ գիտեր ի՞նչ բօթաբեր ձայն է, որ ականջս կը զարնէ, վա՜յ քեզի, Ներսէս

ՎԱՂԱՐՇ. Մի՛ կասկածիր, տէր իմ, ես ամէն բան պատրաստեցի. ժողովուրդը իմանալով քու գալուստդ` ուրախութեամբ լեցուեցան, ու ամէնքը, «Պատրաստ ենք, - ըսին, - մեր սիրելի տիրոջը կեանքերնիս զոհելու»:

ՆԵՐՍԷՍ. Եկէ՛ք, սիրելի որդեակք, մէկ անգամ մըն ալ զձեզ գրկեմ, գուցէ աս վերջինն ըլլայ:

ՏԵՍԻԼ Է
ԶԱՒԷՆ ՈՒ ԱՌԱՋԻՆՆԵՐԸ

ԶԱՒԷՆ. (Վազելով ու շփոթած) Վա՜յ մեզի, բաներնիս լմնցաւ։

ՎԱՂԱՐՇ. Ին՞չ կայ, ի՞նչ եղար:

ԶԱՒԷՆ. (Ներսէսին) Կոռնակ բազմութեամբ զօրաց, վիշապի նման հոս, մեր վրայ կը յարձակի ու ամէն տեղ զքեզ կը փնտրէ:

ՆԵՐՍԷՍ. Ա՜հ, որդեակք իմ:

ԶԱՒԷՆ. Փախի՛ր, տէր, քանի որ ժամանակ կայ:

ՆԵՐՍԷՍ. Ե՞ս փախչիմ ու հայրենի երկրիս բոցը հեռուէն տեսնամ. չէ՛, անոր մոխիրներուն տակ կ՚ուզեմ թաղուիլ:

ՎԱՂԱՐՇ. Տէ՛ր, բռնաւորը չի հասած, փախիր ու ազատէ քեզի հետ քու որդիքներդ:

ԶԱՒԷՆ. Ա՛լ ամէն յոյս կորաւ:

ՀԵԶԻԿ. Ին՞չ կ՚ըսեն ասոնք, հայր, ինչու՞ լուռ ու տրտում կեցեր ես։

ՑՈԼԱԿ. Զքեզ տանելու՞ համար կու գան դարձեալ հայր, ո՜հ, փախչինք, փախչինք:

ՆԵՐՍԷՍ. Չեմ գիտեր ի՞նչ ընեմ, մութ ամպ մը միտքս պաշարէց ծնկուըներս կը դողան, բախտին ձեռքը կը ծանրանայ ճակտիս վրայ, ուրախութեանց դուռը մահուան մշուշը դիմացս ելաւ: Եկէ՛ք, որդեակք, երթանք հոն, ուր որ աստուածային ձեռքը մեզի կ՚առաջնորդէ (Ձեռքերնէն բռնած` երթալու ատեն դիմացը կ՚ելլէ յանկարծ Կոռնակ զինուորներով):

ՏԵՍԻԼ Զ
ԿՈՌՆԱԿ ԵՒ ԱՌԱՋԻՆՔ

ԿՈՌՆԱԿ. Ու՞ր կը փախչիս, անօրէն վատազգի. զօրակա՛նք, շղթայներու զարկէք աս մարդն ու մատնիչ Զաւէնը: Կարծէիք դուք իմ սրտմտութեանս կայծակէն ազատ մնալ: Չքեզ, Զաւէն, քու հաւատարմութեանց փոխարէն մարմինդ գազաններու կերակուր պիտի տամ, ու զքեզ, Ներսէս, բոցերու կենդանի զոհ պիտի ընեմ ու վրէժխնդրութեանս կրակները կարկուտի պէս պիտի թափեմ քու անիծեալ երկրիդ դաշտերուն ու քաղաքացը վրայ:

ՆԵՐՍԷՍ. Կեցի՛ր հոն, ա՛յ հպարտ գազանամիտ, դուն, որ սադայելի նման դժոխային բանակովդ երկնից ու ինծի դէմ կը գոռաս ու սպառնալից ձայնովդ չորս դին կը դողացնես, ո՞վ ես դուն, ոտքիս տակի փոշիէն անարգ, որ վատութեամբ զինուած` տկարներուն ու անմեղաց թշուառութեամբը ու անոնց արիւնը խմելով կը պարծիս: Ելլանք պատերազմի դաշտը, եթէ կրնաս յանդգնիլ, ու երբ գարշելի արիւնդ որդուոյդ արեանը հետ խառնելով` հողին տակը իջեցնենք զքեզ, հոն հանդարտիս գազանութենէդ: Բայց հիմա ալ կ՚ըսեմ քեզի, վախցի՛ր, սոսկացի՛ր Կոռնակ. դուն, որ չարութեան մէջ քարացեր, պնդացեր ես, ու նենգութեամբ, խարդախ հնարքներով եւ անհաշտ ատելութեամբ իրաւանց եւ արդարութեան դէմ կը պատերազմիս, ու ժպիրհ ձեռքովդ թոյն կը սերմանես ազգիդ մէջ, մի՛ պարծիր անարգ յաղթանակովդ: Վատ յաղթութեանդ պսակները կայծակէն զարնուած մոխիր պիտի դառնան ճակտիդ վրայ, բռնութեամբ յափշտակած աթոռէդ կրակներ ու բոցեր պիտի ցատկեն զքեզ լափելու համար: Անունդ գարշելի պիտի ըլլայ, յիշատակդ յետագայ դարերուն:

ԿՈՌՆԱԿ. Զօրականք, սուրը աս ամբարտաւանին խօսքերուն թելը ու գլուխը կտրէ մէկտեղ (Զինուորին մէկը սուրը կը քաշէ եւ Ներսէսին վրայ կը յարձակի. նոյն ատենը կը վազէ ներսէն զօրական մը):

ՏԵՍԻԼ է
ԶՕՐԱԿԱՆ ՄԸ ԵՒ ԱՌԱՋԻՆՔ

ԶՕՐԱԿԱՆ. Տէ՛ր, Հայաստանի գահին վրայ Խոսրով` մեծին Տրդատայ որդին, նստեր է, ամէն բան կարգին դրուեր է, ու Վահան մեծ իշխանը զորաւոր բանակով քու վրադ կու գայ ու մօտ է:

ԿՈՌՆԱԿ. Ուսկի՞ց իմացար:

ԶՕՐԱԿԱՆ. Հեռուէն ամպի նման փոշի մը երեւցաւ, ու զէնքերու ձայներ լսուեցան, ու գունդ մը ձիաւորներ դէպի հոս կը վազէին «յաղթութիւ՜ն, յաղթութիւ՜ն» պոռալով:

ԿՈՌՆԱԿ. Ին՞չ կը լսեմ ես։

ՎԱՂԱՐՇ. Տէր աստուած, օրհնեալ ըլլայ քու անունդ:

ՀԵԶԻԿ, ՑՈԼԱԿ. Հա՜յր, հա՛յր, բարի հրեշտակ մը հասեր է մեզի:

ՆԵՐՍԷՍ. Արդարութիւն, իջիր անաչառ կշիռդ ձեռքդ:

ԶԱՒԷՆ. Յուսոյ ճառագայթ մը ծագեցաւ սրտիս մէջ:

ՏԵՍԻԼ Ը
ՎԱՀԱՆ ԻՇԽԱՆ ԶՕՐՔԵՐՈՎ ԵՒ ԱՌԱՋԻՆՆԵՐԸ

ՎԱՀԱՆ. (Ապշութեամբ չորս դին նայելով) Ին՞չ կը տեսնան աչքերս, ո՞վ են ասոնք` շղթաներով կապած: Հայաստանի ընդհանուր խաղաղութեան ատենը ո՞վ է ան յանդուգն մարդը, որ խռովութեամբ ու անիրաւութեամբ աս գաւառս տակն ու վրայ կ՚ընէ: Զօրակա՛նք, քակեցէք ասոնց շղթաները: (Զօրքերը կը քակեն):

ԿՈՌՆԱԿ. Եւ դուն ո՞վ ես, որ գոռոզաբար ինծի դէմ կը խրոխտաս, ո՞վ դրաւ զքեզ տէր եւ իշխան մեր վրայ, միթէ օրէ՞նք տալու համար եկար հոս:

ՎԱՀԱՆ. Ո՜վ դրաւ զիս տէր եւ իշխան, իմ ու Հայաստանի օրինաւոր թագաւոր Խոսրով Բ: Ինքզինքիդ եկուր, Կոռնակ, Հայաստան առջինը չէ, անիրաւութիւնք եւ չարիք անպատիժ չեն կրնար մնալ հիմա, անիշխանութեան եւ խռովութեանց փոթորիկը անցաւ գնաց մեր վրայէն, մեծին Տըրդատայ սուրը իր որդուոյն ձեռքն է: Ապստամբութիւնները եւ ապստամբները ջնջուեցան ամէն տեղէն, ու քու անիրաւութիւննե՞րդ միայն իրենց արդար հատուցումը պիտի չընդունին: Չէ՛, չէ՛, լսեց, իմացաւ թագաւորը, որ դուն ինքնիշխան եւ անսանձ, ուզածիդ պէս մարդ կը սպանես, բանտ կը դնես, կը յափշտակես, կ՚աւրշտկես, ու զիս ղրկեց այդչափ զրկանացդ ու բռնութեանց վերջ տալու. ըսէ ինծի նայիմ, որո՞վ իշխանութեամբ եւ ի՞նչ իրաւամբ…

ԿՈՌՆԱԿ. Սրոյս եւ զօրութեանս իրաւամբ:

ՎԱՀԱՆ. Արդարութիւն չե՞ս ճանչնար ուրեմն:

ԿՈՌՆԱԿ. Արդարութիւ՞ն, իմ կամքիս ուզածն Է:

ՎԱՀԱՆ. Բայց յիշէ՛, որ եկած հասած Է քու պատիժդ:

ԿՈՌՆԱԿ. Պատիժը սուրիս բերանն Է, փորձով կրնաս տեսնալ:

ՎԱՀԱՆ. Օրէնք եւ իրաւու՞նք…

ԿՈՌՆԱԿ. Օրէնք եւ իրաւունք ոտքիս տակն է:

ՎԱՀԱՆ. Ին՞չ բանի վրայ դրեր ես քու յոյսդ, որ այդչափ կը յանդգնիս:

ԿՈՌՆԱԿ. Ու դուն ի՞նչ բանի վրայ։

ՎԱՀԱՆ. Իմ թագաւորիս ու արդարութեանը վրայ:

ԿՈՌՆԱԿ. Ես ալ իմ զօրքերուս քաջութեանը վրայ:

ՎԱՀԱՆ. Չե՞ս ճանչնար, ուրեմն, Խոսրով թագաւորը:

ԿՈՌՆԱԿ. Ըսի քեզի, զիս ու իմ կամքս կը ճանչնամ միայն:

ՎԱՀԱՆ. Զօրակա՛նք, հանեցէ՛ք սուրերնիդ, ապստամբ է, զարկե՛ք։

ԿՈՌՆԱԿ. Զօրակա՛նք, վատին մէկն է, մի՛ վախնաք զարկէ՛ք:

Վահան ու Կոռնակ կը պատերազմին. Կոռնակ կը յաղթուի ու տեսնելով որ կեանքը վտանգի մէջ է, յանկարծ Ներսէսին որդուոցը մէկը հափըշտակելով սուրը կուրծքը կը դնէ ու կը պոռայ):

ԿՈՌՆԱԿ. Մէկը չի՛ մօտենայ ինծի, ապա թէ ոչ աղիքները դուրս կը թափեմ:

ՀԵԶԻԿ. Հա՛յր, հա՛յր, ի՞նչ կ՚ուզեն ընել զիս:

ՆԵՐՍԷՍ. (Վահանին) Կ՚աղաչեմ, ազատէ որդիս, ու ես մեռնիմ:

ՎԱՂԱՐՇ.. Ո՜վ անգութ գազան. փութա, տէր իմ, հիմա իր որսը պատառ-պատառ կընէ:

ՎԱՀԱՆ. Կոռնակ, ճանչցի՞ր հիմա, թէ ամէն գործքի արդար հատուցում կայ. բաւական է ինծի, որ քու տկարութիւնդ իմացար, դարձիր ինք-զինքիդ ասկէ ետքը, ու մարդավայել վարմունք մը ստացիր ու փոխանակ անմեղները ատելու ու տանջելու սիրէ զանոնք: Կը շնորհեմ քեզի քու կեանքդ ու կրնամ թագաւորէն քեզի համար կատարեալ թողութիւն խնդրել ու զքեզ քու իշխանութեանդ մէջ հաստատել դարձեալ, միայն թէ թո՛ղ ատ անմեղը:

ԿՈՌՆԱԿ. (Տղան թողլով) Այո՛, հիմա կը ճանչնամ իմ չարութիւնս ու ինքզինքս արժանի կը սեպեմ մեծամեծ պատժոց: Վրէժխնդրութեան ոգին զիս կուրցուցեր էր, ներէ՛, առաքինիդ Ներսէս, իմ` քեզի հասուցած այնչափ չարեացը: Ասկէ ետքը պիտի ջանամ, եթէ կարելի է, մոռցնել տալու անոնց յիշատակը յաւիտենական սէր ու բարեկամութիւն պահելով հետդ։.

ՎԱՀԱՆ. Հիմա կը գովեմ զքեզ, Կոռնակ, վասնզի կը վայլէ՞, որ մենք մէկ ազգ, մէկ արիւն ըլլալով` մէկզմէկու կորստեան գուռը փորենք ու հայրենիքը ընտանի պատերազմներով թշուառութեամբ ահ ու դողով լեցնենք, ու ան սուրերը, որ թշնամեաց արեանը մէջ կրնանք փառաւորել, մեր ազգայնոց սիրտը խոթելով` պղծենք բոլորովին: Ո՜վ ցաւալի ու սիրելի Հայոց ազգ, ատելութիւնն ու նախանձը ի՞նչ փոսերու մէջ ձգեցին զքեզ, եւ ինչուան ու՞ր կրնայիր բարձրանալ սիրով եւ միութեամբ. այո՛, հայրենակիցդ իմ, ատելութեան ու նախանձու բացած վէրքերը պէտք է, որ սէրը բժշկէ, ուրեմն թօթափեցէ՛ք, հեռացուցէ՛ք ձեր վրայէն ատ կոյր թշնամութեանց ու վրէժխնդրութեան ոգին եւ ազգակործան երկպառակութիւնները։ Հաշտութեան ձեռք տուէք մէկզմէկու ու մէկզմէկու գիրկը նետուելով մոռցէ՛ք, մարեցէ՛ք ձեր սրտին մէջ ոխութեան ու ատելութեան բորբոքը։ (Կոռնակ ու Ներսէս հաշտութեան ձեռք կու տան մէկզմէկու): Ինծի մեծ պարծանք կը սեպեմ, որ այսպիսի դժուարին գործք մը յաջողութեամբ իմ ձեռքովս լմնցաւ: Երթանք, ու զուարճութեան խնջոյք մը հաստատէ ձեր մէջի խաղաղութեան, հաշտութեան ու սիրոյ կապը (Ամէնքը կ՚երթան բացի Վահանէ ու իր զօրքերէն):

ՏԵՍԻԼ Թ
ՎԱՀԱՆ

ՎԱՀԱՆ. Եւ սակայն կը կասկածիմ ես դաւաճանութենէ մը. զօրակա՛նք, զգոյշ կեցէք պզտիկ ակնարկութեանս ալ ու չորս դին դարանի կեցէք (Կ՚երթան):

Ձգի վարագոյրն