Թատրերգութիւններ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՐԱՐՈՒԱԾ Ե

ՃՐԱԳՆԵՐՈՎ ԵՒ ԾԱՂԻԿՆԵՐՈՎ   ԶԱՐԴԱՐՈՒԱԾ ՓԱՌԱՒՈՐ ՍԵՂԱՆ

ՏԵՍԻԼ Ա
ՎԱՀԱՆ, ԿՈՌՆԱԿ, ՆԵՐՍԷՍ, ՎԱՂԱՐՇ, ԶԱՒԷՆ, ՀԵԶԻԿ, ՑՈԼԱԿ (ԱՄԷՆՆ ԱԼ ՆՍՏԱԾ)

ՎԱՀԱՆ. Քաղցր ու ախորժելի են այս կերակուրները, վասնզի մեր սիրելի հողին բերքերն են. անուշ են աս ծաղկի փունջերն ալ, վասնզի մեր Հայաստանին հողէն բուսեր ու անոր օդովը սնաներ են. պայծառ կը վառին այս ճրագները, ասանկ ալ պայծառ փայլին քու վրադ երջանկութիւնն ու փառքը, ո՜վ Հայաստան:

ԿՈՌՆԱԿ. Ո՜վ քաջ հայրենակիցք իմ, չէք գիտեր որչափ ուրախութեամբ լեցուած է սիրտս ձեզի պէս առաքինի ու դիւցազն անձանց հետ սեղանակից ըլլալու պատիւը ունենալուս համար: Այս առաջին անգամ է, որ Կոռնակը հանգիստ սեղանի կը նստի, ուրիշ ատեն, գրեթէ միշտ, բանակներու ու պատերազմի մէջ կ՚ուտէր կերակուրը, երբ Տրդատ, որուն հիշատակը անմահ ըլլայ, բոլոր աշխարհք կը լեցնէր իր ու Հայաստանի փառաց հռչակը: Իրաւցնէ մեծ մարդ էր Տրդատ ու այնչափ զօրաւոր, որ Կոռնակ մըն ալ կը վախնար իրմէ: Ո՜վ փառաւոր ժամանակներ, ու՞ր էք դուք հիմա, ու՞ր, բոլոր Հայաստան պատերազմի դաշտ դարձեր էր ու սարսափելի որոգայթ մը, ուր կը բռնուէին պարսիկք, բասլանք եւ սկիւթացիք, ու մենք անոնց վրայ հսկաներու պէս կը ցատկէինք: Ան ատեն հայութիւն ըսելը քաջութիւն, յաղթութիւն ու փառք ըսել Էր:

ՎԱՂԱՐՇ. Հիմա ալ հայութիւն ըսելը ատելութիւն, անմիաբանութիւն ու նախանձ ըսել Է, ջանանք, ուրեմն, հայրենակիցք իմ, չի մոռնալ մեր նախնեաց առաքինութիւնները, այլ նոր առաքինութիւններով պարծանք ըլլանք թէ՛ մենք մեզի եւ թէ՛ մեր անմահ դիւցազանց:

ՎԱՀԱՆ. Անոյշ է գինին, որ պատերազմի մէջ կրակ կը փչէ քաջերուն սիրտը ու խաղաղութեան ատեն զովարար ցօղ մը կը դառնայ. կեցցէ՛, ուրեմն, գինին, բայց մանաւանդ` կեցցէ՛ խաղաղութիւնն, կեցցէ՛ դիւցազուն ժողովուրդ Հայկայ:

ՆԵՐՍԷՍ. Քաղցր Է գինին, եթէ կրնայ վրէժխնդրութեան բոցը մարել ու սիրոյ զովարար հով մը փչել մարդուս սրտին մէջ. կեցցէ՛, ուրեմն, գինին եւ կեցցէ՛ն սէր եւ միաբանութիւն.

ԿՈՌՆԱԿ. Անոյշ է գինին, վասնզի կրակի պէս կը փայլի եւ գոյնը արեան կը նմանի ու պատերազմի բոցին մէջ, իբրեւ ծաղիկներու վրայ, խաղալ կու տայ մարդուս, կեցցէ՛, ուրեմն, գինին, բայց մանաւանդ` կեցցէ՛ն անմահ քաջութիւն ու պատերազմ:

ԶԱՒԷՆ. Քաղցր է հաշտարար գինին, կեցցէ՛, ուրեմն, հաշտութիւն, բայց մանաւանդ` հալածուին նենգութիւնք եւ չարութիւնք:

ՎԱՂԱՐՇ. Քաղցր է գինին, եթէ կրնայ մարել ատելութեան բոցը ու ոխակալ սրտերը հաշտեցնել, բայց մանաւանդ` կեցցէ՛ ճշմարտութիւնն, որ աստուծմէ կը բխղի, վարձահատոյց եւ վրէժխնդիր Է միանգամայն (Գինին կը խմեն երգելով ու կ՚երթան, վարագուրյը կ՚իջնայ, սեղանը կը վերնայ, անմիջապէս նորէն կը բացուի վարագոյրը):

ՏԵՍԻԼ Բ
ԿՈՌՆԱԿ ԶՕՐԱԿԱՆՕՔ

Ահա՛ կ՚երթամ ես… բայց ո՛չ, կենամ քիչ մը ու տեսնամ, թէ ի՞նչ համ ունին վրէժխնդրութեան պտուղները: Ո՜հ, ի՜նչ փառաւոր սեղան Էր, ի՜նչ փառաւոր լուսաւորութիւն: Անմիտ Ներսէս, որ այնչափ կանթեղաց ու ճրագներու լուսով չի տեսաւ սեղանին վրայ սեւադէմ մահը, որ իր քովը նստեցուցեր էի… ո՜վ սոսկալի բազմական, կը կարծէր, որ սիրտս, որուն վրայ երկաթի գրերով վրէժ ու արիւն գրուած են, իրեն գթայ ու ներէ։ Ին՞չ, գթա՜լ, ներե՜լ, ատ չէ Կոռնակին բնութիւնը եւ սովորութիւնը: Շատ անգամ աս սիրտս ինծի դէմ բողոքեց, ե՞րբ, ե՛րբ պիտի հասնի ժամանակը. է՛հ, ժամանակը հասաւ, աս է, հոս է ատ ժամանակը, քիչ մը ետքը կ՚իմանաք: Բայց ի՞նչ ըրի ես: Արդարութեան աստուած մը սրտիս մէջ կը խոսէր ու կը գոռար, ու ես յանդգնեցայ մեղքերով զինեալ` ապստամբել ու խրոխտալ իրեն դէմ, ինչուան որ չար գործքերու երկաթի շղթայ մը այս վիհը քաշկռտեց զիս, ասկեց անդին դժոխքն է բոցավառ: Բայց ալ ուշ է ետ դառնալը, ալ ատեն չկայ խօսեցնել ու մտիկ ընել խղճմտանքին ձայնը. ինչուան ատ աղէտալի ճամփան եկողը պէտք է ալ անդին դիմել գահաւէժ: Երթանք, ուրեմն, փախչինք, քանի որ շփոթած ենք երկինք ու մարդիկ` արժանի պատիժ մը գտնալու Կոռնակայ: Մնա՛ք բարով, Մանաւազեանք, մնա՛ս բարով, Ներսէս. Կոռնակը ասանկ նշան կը թողու, այսպիսի կոթող կը կանգնէ իր գացած տեղը: Ես կ՚երթամ իմ հայրենի երկիրըս, դուն, Ներսէս, դու ալ պիտի երթաս քու հայրենի երկիրդ: Երթանք բայց աւելի լաւ՞ չէ, որ քիչ մ՚ալ հոս սպասեմ ու հանդիսակից ըլլամ բացուելու տեսարանին: Ին՜չ տեսարան, գարշելի դիակունք, ժողովուրդ մը` սգոյ ու տրտմութեան մէջ թաղուած, մահուան հառաջանք, ողբ, աղաղակ ու վայ: Ո՜հ, ի՜նչ անուշ դաշնակութիւն, ի՜նչ քաղցր ձայներ սատանաներու ականջին համար, բայց ոտքի ձայն է, մէկը կը մօտենայ հոս (Դիտելով), այո՛, մէկը կը մօտենայ հոս, Ներսէսին որդիքներն են, խեղճ ողորմելիներ, կը ցատկոտեն, կ'ուրախանան, կը խնդան, բայց քիչ մը ետքը… (Կ՚երթայ գլուխը շարժելով կատաղութեամբ):

ՏԵՍԻԼ Գ
ՀԵԶԻԿ ԵՒ ՑՈԼԱԿ

ՑՈԼԱԿ. Տեսա՞ր, սիրելիդ Հեզիկ, ինչպէ՞ս հաշտուեցան մէկզմէկու հետ հայրս ու Կոռնակ, տեսա՞ր, որ իմ բարի հրեշտակս զիս չի խաբեց:

ՀԵԶԻԿ. Իրաւունք ունիս, սիրելիս, ո՜հ, հիմա իմ սիրտս այնչափ ուրախ, այնչափ ուրախ է, որ ինքզինքէս դուրս կ՚ելլամ, երբ կը մտածեմ, որ մեր ամէն օրուան ողբերուն ու արցունքներուն տեղ կատարեալ ուրախութիւն, զուարճութիւն, խաղ, խնդում պիտի ունենանք, մեր սիրելի հայրն ալ միշտ մեր քովը ըլլալով: Ես մանաւանդ քեզմէ աւելի իրաւունք ունիմ ուրախանալու, վասնզի անգութ մահուանէ մը ազատեցայ. տեսա՞ր դուն, երբ որ ատ սարսափելի մարդը, որուն Կոռնակ` կ՚ըսեն, զիս յափըշտակեց, սուրը կուրծքիս վրան դրաւ, ու մօտ էր զիս կլլելու, ինչպէս չար կենդանի մը պզտիկ թռչուն մը կ՚ուտէ, տեսա՞ր, կ՚ըսե՛մ… բայց ինչու՞ համար ասանկ տխրական բաներ կը խօսիմ, անոնք ամէնը անցան. ուրախանանք, ուրախանանք, անանկ չէ՞ մի, Ցոլակ:

ՑՈԼԱԿ. Այո՛, այո՛, ուրախանանք, սիրելի եղբայր, անոնք եւ ոչ միտքս կու գան հիմա։ Բայց ի՞նչ աղուոր հանդէս էր, ի՛նչ փառաւորութիւն, ի՛նչ ծիծաղ եւ զուարթութիւն: Կանթեղները աստղերու պէս կը փայլէին, նուագարանները, երգերը եւ ուրախութեան ձայները անանկ անուշ կու գային ականջիս, որ ինքզինքս հրեշտակներու մէկ փառաւոր հանդէսի մը մէջ կարծեցի, եւ մանաւանդ ատ բարեմաղթութիւնները, որ ամէնքը լեցուն բաժակներ ձեռքերնին մեր հօրը համար կ՚ընէին` կեցցէ՛ս յաւերժ որդուովքդ, պոռալով: Ամենէն ետքն ալ Կոռնակ, երբ ոսկիէ բաժակին մէջ փայլուն գինին լեցնելով հօրս տուաւ, ու ինքն ալ, ուրիշ գաւաթ մը ձեռքը` կենդանութեանդ, ըսելով մէկտեղ խմեցին: Ան ատենը ատ Կոռնակը սիրելս եկաւ, ան ատենը կարծես թէ նոյն կատաղի ու գազան մարդը չէր:

ՀԵԶԻԿ. Սակայն ես քեզի բան մը ըսե՞մ, սիրելի Ցոլակ, ես ամէնեւին չկրցայ հաշտուիլ ան մարդուն հետ, թէպէտեւ հայրս հաշտուեցաւ: Սեղանին վրայ ատեն-ատեն մեր վրայ այնպիսի սոսկալի աչքեր կը նետէր, որ, կարծես թէ, կրակ կը ցատկեցնէին, որ կողմն որ երթայի, միշտ անոր նայուածքին կը հանդիպէի, նաեւ հօրս գինիով բաժակը տալու ատենը դիտեցի՞ր, Ցոլակ, այնպիսի ժպիտ մը արձակեց, որ, կարծես թէ, ակռայ կը կրճտէր:

ՑՈԼԱԿ. Ես սրտիս չափազանց ուրախութենէն ատեն չունէի քու ըրած դիտողութիւններդ ընելու: Կը զարմանամ, եղբայր իմ, որ ինչպէս դեռ չի կրցար երեւակայութեանդ ու մտքիդ շփոթութիւնը փարատելու: Ուրախանանք, ուրախանանք կ՚ըսես, ու դուն ինքնիրմէդ տխուր մտածութեանդ մէջ կ՚իյնաս: Բայց ահա հոս կու գայ մեր սիրելի Վաղարշը: Եկու՛ր, Վաղարշ, ու համոզէ եղբայրս, որ մէկդի թողո՜ւ իր մտածութիւնները, որ մեր ուրախութիւնը կը թունաւորէ:

ՏԵՍԻԼ Դ
ՎԱՂԱՐՇ, ՀԵԶԻԿ ԵՒ ՑՈԼԱԿ

ՀԵԶԻԿ. Վաղարշ, ու՞ր է մեր սիրելի հայրը:

ՎԱՂԱՐՇ. Ալ ի՞նչ բանի վրայ կը կասկածիս, որդեակ, բաւական չէ՞, որ քու հայրդ ու դուն եւ բոլոր ընտանիքդ անգութ մահուան վտանգներէն հրաշքով ազատեցաք: Ալ մի՛ տարակուսիք. ատելութեան բոցը մարեցաւ, ու մահաշունչ վիշապին կատաղութիւնը փճացաւ: Քու հայրդ մեր թագաւորին ու աստուծոյ հզօր պաշտպանութեանը տակ աներկիւղ ու ապահով է: Բայց, սիրելի որդեակք, անսովոր այլայլութիւն մը կը տեսնամ ձեր վրայ, ինչու՞ համար երեսներնուդ գոյնը նետեր է, ու ատեն-ատեն կը դողդղաք:

ՑՈԼԱԿ. Բան չկայ, բան չկայ, Վաղարշ. քու աչքիդ անանկ կ՚երեւայ կոր, կը տեսնեմ, որ դուն ալ շփոթեր ես:

ՎԱՂԱՐՇ. Եկէք գրկեմ զձեզ, որդեակք, անշուշտ, այնչափ ահաւոր դէպքերուն սոսկալի մահուան մի վտանգները ձեր մատաղ սրտին վրայ ցաւագին տպաւորութիւններ ըրած են: Ո՜հ, հայրագորով սիրոյս բոլոր ջերմութեամբը տաքցնեմ զձեզ որդեակք իմ, դուք իմին դողդոջուն ծերութեանս մէկ հատիկ յոյսն ու մխիթարութիւնն էք: Բայց ահա՛ կու գայ ձեր սիրելի հայրը. գուցէ իւր տեսութիւնը բոլորովին ջնջէ ձեր մտքին մէջէն ատ դառն յիշատակները:

ՏԵՍԻԼ Է
ՆԵՐՍԷՍ, ՎԱՀԱՆ, ԶԱՒԷՆ, ԶՕՐԱԿԱՆՔ ԵՒ ԱՌԱՋԻՆՔ

ՑՈԼԱԿ. Ինչպէս ուրախ ենք, հայր, որ ալ չբաժնուիս պիտի մեզմէ:

ՀԵԶԻԿ. Այո՛, հայր, աս ինչ մեծ հրաշք Էր, որ եղաւ. ատ անգութ մարդուն քեզի հետ հաշտուիլը անկարելի կ՚երեւնար ինծի:

ՆԵՐՍԷՍ. Աս մեծ հրաշքը աստուծոյ մեր վրայ ունեցած գթոյն արդիւնքն է, սիրելի որդեակք. շնորհակալ ըլլանք իրեն, որ զմեզ յանկարծ թշուառութեան գուբէն երջանկութեան ծայրը հանեց: Շնորհակալ ու երախտագէտ ըլլանք նաեւ մեր Խոսրով թագաւորին, որն որ նախախնամութիւնը իրեն գործիք առաւ բոլոր Հայաստանը ու զմեզ ազատելու համար նոյնպէս` աս քաջ ու առաքինի Վահան մեծ իշխանին, որուն անունը ու սուրը Հայաստանի թշնամեաց հարուած ու սարսափ կը բերէ:

ՎԱՀԱՆ. Ես թէպէտեւ պարտքէս աւելի բան մը չէրի, սակայն եւ այնպէս քեզի մատուցած աս պզտի ծառայութիւնս կեանքիս էն փառաւոր գործքը պիտի համարիմ: Քեզի պէս առաքինի անձի մը փրկութիւնը կարեւոր ու օգտակար էր մեր հայրենեաց, կեցցէ՛ս, ուրեմն, մեր թագաւորին ու որդուոցդ, ու վայելէ հանգիստ խաղաղութեան ցանկալի պարգեւները: Ալ չի զարնեն ականջդ պատերազմական փողոց սոսկալի ձայները, եւ ո՛չ արեան ծարաւի սուսերք շողան գլխուդ վրայ ու ապականեն քու երկրիդ վայելչութիւնը: Ահա՛ կ՚երթամ ես Խոսրով մեծ թագաւորին աս բարեգուշակ լուրը տանելու:

ՎԱՂԱՐՇ, ԶԱՒԷՆ, ԶՕՐԱԿԱՆ. Կեցցէ՛ առիւծն Ամատունի Վահան իշխան մեծ (Նոյն ատենը Հեզիկ ու Ցոլակ դողդղալով` մէկը Վաղարշին, մէկալն ալ Զաւէնին գիրկը կ՚իյնան).

ՆԵՐՍԷՍ. Ին՞չ կայ, ի՞նչ եղաք, որդեակք:

ՀԵԶԻԿ. Չիյտեմ, հայր, ներսիդիս կարծես թէ կրակ կը վառի:

ՑՈԼԱԿ. Իմ սիրտս ալ կարծես թէ որդ մը կ՚ուտէ:

ՀԵԶԻԿ. Ո՜հ, շատ կը տանջուիմ հայր:

ՑՈԼԱԿ. Օգնէ ինծի, սիրելի Վաղարշ. ինչու՞ համար… գլուխս կը դառնայ… ու պաղ քրտինք մը… կը վազէ… ճակտէս:

ՆԵՐՍԷՍ. Ին՞չ եղաք, սիրելի որդեակք… չըլլայ, թէ… բայց կարելի բան է մահաբեր գուշակութիւն մը…

ՎԱՀԱՆ. Դաւաճանութիւ՜ն, դաւաճանութիւ՜ն, զօրականք, վազեցէք շուտ մը բռնաւորին ետեւէն, ու շղթաներու զարկած` բերէք հոս:

ՆԵՐՍԷՍ. Բայց դուք արթնցէք, սիրելի որդեակք, ինչու՞ կը քնանաք, չէք ճանչնար, ես ձեր հայրն եմ: Առջի անգամ, երբ բանտէս ձեզի եկայ, այնչափ ուրախացաք, ցատկոտեցիք, վիզս պլլուեցաք. իսկ հիմա անշարժ քարի պէս ցուրտ, բերաննիդ լուռ. աչուընիդ գոց. ինչու՞, ինչու՞ ըսէք ինծի, ո՛վ դրաւ ձեզ աս վիճակս: Ո՜վ Կոռնակ, մեր տանը սոսկալի հարուածը, բայց ձեզմէ ի՞նչ կ՚ուզէր ատ գազանը, դուք անմեղ էիք, անմեղ հրեշտակներու պէս. զիս թո՛ղ ուտէր, թո՛ղ զիս լափէր, ուրախութեանց հանդէսին մէջ խածաւ զձեզ ատ օձը ու մահ փչեց ձեր սրտին մէջ… ալ ինչու՞ կ՚ապրիմ ես ձեզմէ ետքը (Ինքզինքը կ՚ուզէ զարնել` Վահան կը բռնէ ձեռքէն ու սուրը կ՚առնէ) Անէծք քեզի, Կոռնակ, դժոխքն ալ քու սրտիդ մէջ ըլլայ… բաց ոչ… Ներեցէ՛ք յուսահատութեանս…

ՏԵՍԻԼ Զ
ԿՈՌՆԱԿ ՇՂԹԱՅԱԿԱՊ ԵՒ ԱՌԱՋԻՆՔ

ՎԱՀԱՆ. Մօտեցի՛ր, մօտեցի՛ր, ա՛յ անօրէն, տե՛ս, վայելէ դժոխային անգթութեանդ պտուղը ու քիչ ատենէն` պատիժը: Վրէժխնդիր սուր մը գարշելի կենացդ թելը կտրէ, ու արիւնալից գլուխդ մեր յաղթական նիզակներէն կախուի, որ ամէնքը տեսնան ու իմանան, որ արդար վրէժխընդրութիւնը կատարուեր է, ու գազանային ոճիրը իւր հատուցումը ընդուներ է։

ԿՈՌՆԱԿ. Չի կարծես, որ քու փուճ սպառնալիքներէդ կը դողամ ես: Բախտը զքեզ յաղթող ըրաւ, բայց սրտիս քաջութիւնը իմ քովս է դեռ ու անյաղթելի է: Այո՛, կը ճանչնամ հոս իմ ոխութեանս արժանի հարուածները, բայց դուն, Ներսէս, դեռ կենդանի ես:

ՆԵՐՍԷՍ.. Կենդանի եմ ես, բայց երանի, թէ չըլլայի ու քեզի պէս նորօրինակ հրէշ մը աչքերս չի տեսնային: Կենդանի եմ ես, բայց չկարծես, թէ քեզմէ վրէժ առնելու համար, չէ՛, արժանի չես ատելութեանս, չէ՛, գնայ, կորի՛ր բոցեղէն անդունդներու մէջ, ու սատանաները սարսափին ու զզուին քեզմէ, մեռելոց ոսկորները գարշին ու փախչին ոսկորներէդ: Գնա՛, կորի՛ր հոն, որ ասկէ ետքր քեզի վայելուչ բնակութիւն է ու մէկտեղ տար բոլոր աշխարհքին անէծքին հետ Ներսէսին ներումը: Այո՛, վկայ են հոս անմեղ որդուոցս դիակները, որ ես կը ներեմ քեզի` չի կրնալով ու չի գիտնալով անիծելու կերպը. այդ ներումը ճակտիդ վրայ խորունկ պիտի տպաւորուի, ու բոլոր Կոռնակի մը կատաղութիւնը չի կրնայ պիտի գիշատիչ ժանիքներովը աւրել ու քերել զանիկա:

ԿՈՌՆԱԿ. Ես գերեզմանէս անդին ալ պիտի ատեմ զքեզ, ու դժոխքին` մէջ իմ ուրուականս քու ուրուականդ միշտ պիտի տանջէ ու հալածէ: Ին՞չ, քեզի խնայեցի՞, չխմեցի՞ր ուրեմն ատ բաժակը (Յանկարծակի այլայլութեամբ), բայց ներսիդիս հրդեհ մը կը բորբոքի, կարծես թէ բոլոր դժոխքը սրտիս մէջ փոխադրուեր է. վա՜յ ինծի, Կոռնակ, ձեռքիդ հարուածը քեզի դէմ դարձեր է: Ուրախացի՛ր, Ներսէս, ատ օձը, որ քու վրադ նետեցի, դարձեր, զիս խածեր է ու հիմա երակներուս մէջ կը սողայ. մահուան բաժակը աղիքներուս մէջ ծաւալեր է:

ՆԵՐՍԷՍ. Ո՜վ սոսկալի արդարութիւն աստուածային:

ՎԱՀԱՆ. Արժանի պատիժ գազանային կատաղութեան:

ԿՈՌՆԱԿ. Բայց ահա՛ երկրիս անդունդները կը բացուին. ո՞վ են անոնք, որ գերեզմանական սեւ քօղերով երեսնին ծածկած, արիւնաշաղախ մազերնին իրենց գլխուն վրայ տնկած ինծի կը մօտենան… ի՞նչ կ՚ուզէք ինձմէ անգութ ուրուականներ… ո՜հ, ատ ի՛նչ ձայն է որ կը լսեմ, «Մեռի՛ր, մեռի՛ր անօրէն, տե՛ս, կը ճանչնաս աս վէրքերը, որ քու ձեռքդ մեր մարմնոյն վրայ բացաւ». փախչիմ, փախչիմ… բայց աս դիէն ալ ի՞նչ աղաղակ ու երկաթի ոտքերու դղրդիւն կ՚ելլայ… տարտարոսին կատաղիքներն են, դժոխային ջահեր ձեռքերնին բռնած… ահա՛, ահա՛ կը մօտենան ինծի, մազերէս բռնած կը քաշկռտեն զիս… ո՜հ, ինչ կատաղութիւն, ես մեռնիմ ու դուն կենդանի՞, Ներսէս. եկու՛ր, մօտեցի՛ր ինծի, որ բոցախառն շնչովս երեմ, մոխիր դարձնեմ զքեզ, ու մէկտեղ դժոխք իջնանք: Ոտուըներուս վրայ չեմ կրնար կենալ… աչուըներս թանձր մշուշ մը պատեց… անէ՛ծք ձեզի, երկինք… անէ՛ծք քեզի ալ, Ներսէս… (Կ՚իյնայ, կը մեռնի):

ՎԱՀԱՆ. Քաշկռտեցէք սա գարշելի դիակը աչքիս առջեւէն:

Վերջ