Թարգմանութիւններ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՐԱՐՈՒԱԾ Ե

Տաճար խորհրդոց

ՏԵՍԻԼ Ա

ԲՐՈՒՏՈՍ, ԿԱՍԻՈՍ

ԿԱՍԻՈՍ. Ինծի այնպէս կը թուի, որ այսօր քիչ մարդ պիտի ըլլայ ատեանին մէջ:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Բաւական է, որ քաջերու ատեանը ըլլայ: (Աղաղակ):

ԿԱՍԻՈՍ. Կը լսե՞ս, Բրուտոս, ժողովրդին աղաղակը:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Անոնք ալ կրնան օգնել մեզի, վտանգը մօտեցաւ:

ԿԱՍԻՈՍ. Բայց ես շատ անխռով ու աներկիւղ կը տեսնամ զքեզ:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Պոմպեոս ու Կատովն ինծի հովանի ըլլան:

ԿԱՍԻՈՍ. Ահա կ՚երեւնան պաշտօնեայք բռնաւորին:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Իսկ Կիմբրոս ու Դեկիմո՞ս:

ԿԱՍԻՈՍ. Անոր հետ են, շատ աղէկ ու խորագիտութեամբ գործեցին:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Մտածեցի՞ր արդեօք հեռացնել ասկէց անօրէն Անտոնիոսը:

ԿԱՍԻՈՍ. Մարկեղոսին ու Մետելլոսին հետ խօսք ըրի, որ երկայն ատեն տաճարէն դուրս խօսքի բռնեն զինքը, ու թէ որ պէտք ըլլայ, բռնութեամբ:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Ուրեմն` ամէն բան պատրաստ է, դեռ քիչ մը ատեն ալ, ու պիտի գրկենք ազատութիւնը եւ մէկզմէկ կամ կենօք կամ մահուամբ. քիչ մը ատենէն տեսնես դու, Կասիոս, որդւոյ մը ետքի հնարքները ու հռովմայեցի մարդու մը քաջութեան վերջին հանդէսը:

ԿԱՍԻՈՍ. Ո՜վ քաջ, քու նշանիդ կը սպասեն մեր սուրերը:

ՏԵՍԻԼ Բ

ԿԵՍԱՐ (Ծառաներով որք ետքէն կ՚երթան),
ԿԻՄԲՐՈՍ, ԴԵԿԻՄՈՍ (Մէկ քանի հոգի ծերակուտէն),
ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ

(Կեսար կը նստի, նոյնպես աւագանին)

ԿԵՍԱՐ. Աս ի՞նչ է, որոշուած ժամը արդէն շատոնց անցաւ, ու ծերակուտին կէսը հազիւ կ՚երեւի, սակայն ես ալ ուշացայ շատ. կը ցաւիմ, ո՜ պատկառելի ատեան, որ ժամանակին չհասնելով` սպասել տուի ձեզ. բայց ինչո՞ւ համար ժողովքին կէսը հոս չէ (Լռութիւն):

ԲՐՈՒՏՈՍ. Մէկը պատասխան չտա՞ր… Ամէնուս ալ յայտնի է պատճառը, նոյնիսկ մեր լռութիւնը չգուշակե՞ր մի քեզի զայդ, Կեսար. որոնք որ հոս, քու առջեւդ կը տեսնաս, վախերնէն հոս ժողուեցան, ու որոնք որ չես տեսնար, վախերնէն ցրուեցան:

ԿԵՍԱՐ. Բրուտոսին յանդգնութիւնը ինծի նոր բան չէ, ինչպէս քեզի ալ Կեսարու մարդասէր ներողութիւնը, սակայն պարապ տեղը կը հակառակիս, ես չեկայ հոս ձեզի հետ վիճելու համար:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Եւ ո՛չ մենք՝ զքեզ ծաղր ընելու համար. աղէկ բան չըրին անոնք, որ այս բարենշան օրուան մէջ հեռացան մեզմէ. ու կը սխալին անոնք ալ, որ այս ատեանին մէջ նստելով` լռութիւնը օրինաւոր կը կարծեն. ես կը փարատեմ անոնց անտեղի երկիւղը: Մտիկ ըրէք ինծի, ով հարք պատկառելիք եւ ժողովուրդ հռովմայեցուոց, մի՛ կարծէք, որ Կեսար չարիք կը խորհի իր սրտին մէջ մեր հայրենեաց վրայ. իւր գթալից աչուըները մեր տառապեալ ազգին վրայ կը դարձնէ, կենդանի են երկինք. կ՚երդնում ես, որ ինքը առաջիններէն շատ աւելի շքեղ ու նոր յաղթանակ մը կ՚ուզէ կանգնել այսօր, վասնզի եկաւ հոս յաղթանաւել իր անձին ու նախանձոտ չարամիտներուն. կ'երդնում, ըսի, որ այս բանի համար հոս ժողվուեց զձեզ, որ ընտրեց ինքը յօժարութեամբ ու սրտի մտօք իր քաղաքակիցներուն հաւասար ըլլալ. սակայն եւ այնպէս՝ Կեսարին նման մէկը պիտի չի գտնուի:

ԿԵՍԱՐ. Կրնայի կտրել քու խօսքդ…

ԲՐՈՒՏՈՍ. Իմ խօսքերս քեզի ծանր չերեւան. գիտցած ըլլաք, որ Բրուտոս մէկ անձ է Կեսարին հետ. կը տեսնամ, որ զարմացած կեցեր էք. մութ կ՚երեւան ձեզի իմ խօսքերս, բայց մէկ խօսքով լուսաւորեմ այդ մթութիւնը, ես Կեսարու որդին եմ: (Աղաղակ հիացման):

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ. Բրուտոս Կեսարու որդի՞ն:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Ստուգիւ անիկա իմ հայրս է, ու հիմա ես մեծապէս կը պարծիմ, որ Կեսար իշխանապետ քաղաքացիի փոխուեցաւ:

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ. Կեցցէ՛ Բրուտոս, կեցցէ՛ Կեսար:

ԿԵՍԱՐ. Իրաւ, իմ որդիս է Բրուտոս, ես ինքնին յայտնեցի իրեն զայդ. իւր ազդու, ճարտարախօս լեզուն, արիական սիրտը, աներկիւղ, համարձակութիւնը ու դիւցազնական առաքինութիւնները, որ դէմքին վրայ կը փայլին, իմ հարազատ որդիս կը քարոզեն զԲրուտոս: Ուստի, ժողովուրդ Հռովմայ, փափագելով, որ իմ մահուանէս ետքն ալ իմ բարիքներս վայելէք դուք, իմ գահիս յաջորդ ինձմէ արժանին կ՚ընտրեմ, Բրուտոսը, անոր կը թողում իմ փառքս ու իշխանութիւնս, անիկա երկրորդ Կեսար մը ըլլայ ձեզի:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Բրուտոսին եւ ոչ թշնամիները կը հաւատան երբեք այս խօսքերուն: Կեսար իրեն իշխանութիւնը ինծի՞ կը թողու. այսինքն ըսել կ՚ուզէ, ո՜ հռովմայեցիք, որ իւր որդւոյն աղաչանքովը պիտի թողու այսօր Կեսար իւր իշխանութիւնը ու ազատութիւն կը շնորհէ Հռովմայ:

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ. Կեցցէ՛ Բրուտոս, կեցցէ՛ Կեսար:

ԿԵՍԱՐ. Բաւական է ալ, պէտք է քեզի ասկէ ետքը լռել առջեւս, իբրեւ որդի եւ կրտսեր հասակաւ: Մտիկ ըրէք ինծի, ալ Կեսարն է, որ կը խօսի: Ես հաստատ միտք դրեր եմ երթալ պարթեւաց դէմ, վաղը իմ բանակովս պիտի շարժիմ Ասիա ու ինչ որ առաջուց հրամայեցի ձեզի լի բովանդակ պիտի կատարէք դուք. Հռովմայ բոլոր թշնամիները գերի ընելէս ետքը պիտի դառնամ, գամ, իմ ատելեացս ձեռքը մատնեմ ինքզինքս ու ան ատենը, ինչպէս որ կ՚ախորժի, թո՛ղ ընդունի զիս Հռովմ, ընդունի զիս իբրեւ իշխանապետ, կ՚ուզէ իբրեւ քաղաքացի, կ՚ուզէ իբրեւ ոչինչ:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Ո՛չ հռովմայեցւոյ, ո՛չ հօր եւ ո՛չ Կեսարու արժանի խօսքեր էին, ինչ որ լսեցինք. անօրէն հրաման է այդ ինքնակալի. ո՜հ, հայր իմ, մտիկ ըրէ ինծի վերջին անգամ, տե՛ս արցունքները, տե՛ս որդւոյդ հառաչանքները. լսէ ինծի, բովանդակ Հռովմ իմ բերնովս քեզի հետ կը խօսի. տե՛ս Բրուտոսը, որ կեանքին մէջ ո՛չ լացեր եւ ո՛չ աղաչեր է երբեք, տե՛ս դու հիմա զինքը` քու ոտքդ ինկած (Կը չոքի). Բրուտոսին հա՞յրը կ՚ուզես ըլլալ եւ ո՛չ Հռովմայ:

ԿԵՍԱՐ. Մտիկ չեմ ըներ այնպիսի աղաչանքներ, որ ինծի յայտնի նախատինք են, ելի՛ր ոտք, լուռ կեցիր, յանդգնեցաւ ասիկա բռնաւոր կոչել զիս, բայց եթէ իրաւցէ բռնաւոր ըլլայի, պէտք չէի ինչուան հիմա կենդանի պահել զինքը, որ ամօթով լեցնէ զիս հրապարակաւ ձեր ամէնուն առջեւ: Իշխանապետին խորհուրդը պէտք է կատարուի. Հռովմայ օգուտը զայս կը պատուիրէ, ու ո՛վ որ գլուխ վերցնելով հակառակի ինծի, անիկա թշնամի է Հռովմայ, ապստամբ ու մատնիչ:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Հիմա մենք հնազանդինք իշխանապետին, ինչպէս որ կը վայլէ (Կը հանէ սուրը ու դաւաճանք կը յարձակին Կեսարու վրայ):

ԿԻՄԲՐՈՍ. Մեռի՛, բռնաւոր, սատկէ՛:

ԿԱՍԻՈՍ. Զարնեմ ես ալ:

ԴԵԿԻՄՈՍ. Ուզեցիր, ընդունէ՛ ուրեմն:

ՈՄԱՆՔ. Ո՜հ, ի՞նչ բան է այս, ո՜վ արիւնալից ատեան (Կը փախչին):

ԿԵՍԱՐ. Ա՜յ անօրէն դաւաճանք (Կը պաշտպանէ ինքզինքը):

ԱՅԼՔ. Մեռնի՛, սատկի, բռնաւորը:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Ես մինակ չեմ կրնար զարնել անոր:

ԿԵՍԱՐ. (Կ՚իյնայ ու վերարկուովը կը գոցէ դէմքը) Դո՞ւն ալ, որդեակ իմ Բրուտոս. ո՜հ, կը մեռնիմ… ես:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Ո՜հ, հայր իմ… ո՜հ, Հռովմ…

ԿԻՄԲՐՈՍ. Փախչողներուն ձայնէն հոս կը դիզուի ժողովուրդը (Դուրսը աղաղակ եւ խառնակ ձայներ կը լսուին):

ԿԱՍԻՈՍ. Թո՛ղ գայ ժողովուրդը. սատկեցաւ բռնաւորը. հապա փութանք սատկեցնենք Անտոնիոսն ալ (Կասիոս եւ Կիմբրոս կ՚ելլան):

ՏԵՍԻԼ Գ

ԿԵՍԱՐ ՄԵՌԵԱԼ, ԲՐՈՒՏՈՍ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ. Ին՞չ կայ, ի՞նչ է այս աղաղակը. ի՞նչ է այս արիւնը. Բրուտոս սուրը ձեռքը կեցեր է:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Ժողովուրդ Հռովմայ, հոն դարձուցէք ձեր աչուըները. կը տեսնաք, ո՞վ է այդ արիւնաթաթաւ մարմինը:

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ. Կեսար արիւնլուայ ինկա՞ծ. ո՜վ դառն տեսարան:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Այո՛, այո՛, նոյն ինքն Կեսարն է գետինը փռուած, ու թէպէտեւ անարիւն երկաթ կը տեսնաք իմ ձեռքս, սակայն ես, ես ուրիշներուն հետ սպաննեցի Կեսարը:

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ. Ա՜յ անգութ դահիճ, մեռի՛ր դուն ալ. (Վրան կը յարձակին):

ԲՐՈՒՏՈՍ. (Սուրը կուրծքին վրայ կը դնէ) Ահա՛ իմ սուրս կուրծքիս դէմ կը դնեմ ես. թո՛ղ մեռնիմ, սակայն, նախ մտիկ ըրէք ինծի, ժողովուրդ Հռովմայ:

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ. Մեռնի՛ շուտով Կեսարու դահիճը:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Սակայն ուրիշ տեղ մի՛ փնտրէք Կեսարու դահիճը, ահաւասիկ ես ինքս, Բրուտոս, ձեր անօթի սուրերուն կերակուր ըլլամ, թէ որ իշխանապետին արեանը վրէժը առնելու եկեր էք. ահա՛ ձեզի Բրուտոսին գլուխը, բայց թէ որ ճշմարիտ սէր ազատութեան դեռ կը վառի ձեր սրտին մէջ, ուրեմն` ուրախացէք, վասնզի մեռաւ ձեր բռնաւորը:

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ. Ին՞չ կը խօսիս:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Սուտ չեմ զրուցեր. կ՚երդնում, որ Կեսար թագաւոր եղած էր Հռովմայ. հոս իշխանաբար կը խոսէր մեզի հետ ու իբրեւ թագաւոր պատգամներ կու տար մեզի. ու գիտնալով, որ ուրիշ կերպով չէր կրնար թագաւորել, բայց եթէ բռնութեամբ, հոս, աս ատեանիս մէջ, հպարտ խօսքերով հրաման կու տար նորէն պատերազմի ելլալ պարթեւաց դէմ, մինչեւ Հռովմայ մէջ կը պակսին գանձ, զէնք ու քաջ զինուորներ. ի՞նչ էր իւր միտքը. դառնալ մեզի դէմ բռնացնող զօրութեամբ ու գլխուն թագ կապել, իւր պագեւներովը ձեր սիրտն ալ կը ջանար գերի ընել. սակայն փճացան իւր զէնքերը, վասնզի դուք երբեք յանձն չէք առներ ծախել ձեր ազատութիւնը, մանաւանդ թէ կը տեսնամ զձեզ, որ ազատութեան համար մահուան դէմ կը վազէք: Արդ` ահաւասիկ ազատե՜ցաւ Հռովմ. թո՛ղ ասկէ ետքը մեռնի՜ Բրուտոս. հա՜պա, սպաննեցէք զանիկա, որ ձեզի կեանք ու ազատութիւն պագեւեց. ահա՛ կեցեր եմ, ձեր թագաւորին մահուան վրէժը առնելու համար մեռցուցէ՛ք Բրուտոսը. ո՜վ որ ազատութեան չի փափագիր, թո՛ղ զարնէ զիս:

ՈՄՆ. Աս ի՞նչ խօսքեր են. աստուածներէն մէկը կը խօսի անոր բերնովը:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Հիմա կը ճանչնամ զձեզ, Հռովմայ մեր մօրը հարազատ որդիքներ. բայց որպէսզի գիտնաք, որ Բրուտոս ալ հռովմայեցի է, լսեցէք ձեզի համար անակնկալ լուր մը. Կեսար իմ հայրս էր:

ՈՄՆ. Ո՜վ զարմանք, ի՞նչ կ'ըսես, ճշմարի՞տ…

ԲՐՈՒՏՈՍ. Ճշմարիտ կ'ըսեմ, որ անոր որդին եմ ես, իւր գահին ժառանգ կ՚անուանէր զիս ու նենգաւոր խորամանկութեամբ կը ջանար որսալ զիս:

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ. Ո՜վ անիրաւ յանդգնութիւն:

ՈՄՆ. Ուրեմն` իրաւցնէ բռնաւոր էր անիկա:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Արցունքներ թափեցի ես, աղաչեցի իբրեւ որդի եւ իբր քաղաքացի Հռովմայ` մէկդի դնել իւր խորհուրդը. ինչե՞ր չըրի իւր միտքը փոխելու համար, ինչուան մահս ալ խնդրեցի իրմէ, բայց պարապ տեղը աշխատեցայ. յամառեր, պնդեր էր, կամ մեռնիլ կամ թագաւորել, անոր համար ես ալ հոս նշան տուի այս մեծ գործքիս: Բայց իմ ձեռքերս իւր վրան իջնելու ատեն կախուեցան անգործ:

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ. Ո՜հ առաքինութիւն, ո՛հ ճշմարիտ Բրուտոս:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Մեռաւ Հռովմայ բռնաւորը, գոհութիւն աստուածոց, բայց որովհետեւ հայրասպան եղաւ Բրուտոսը, մահապարտ է անիկա… ձեզմէ կը յուսայ մահուան հանդիպիլ. միթէ կը փափագի՞մ ես ապրիլ ասկէ ետքը. սակայն ներեցէք, շնորհեցէ՛ք ինծի մէկ ժամ մը միայն` ազատութիւնը կատարեալ ու ապահով ընելու համար. անկէ ետքը հայրասպան որդին ելլայ ողջակէզ հօրը դամբարանին վրայ (Կու լայ):

ՄԷԿԸ. Ո՜վ, սիրտս կը թափանցեն իւր խօսքերը:

ԱՅԼ ՈՄՆ. Վախով ու զարմացմամբ կը լեցուիմ ես:

ԱՅԼ ՈՄՆ. Տեսէ՛ք, կու լայ Բրուտոս սրտին այլայլութենէն:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Արժանապէս կու լամ, ո՜վ հռովմայեցիք, կու լամ Կեսարին վրայ, վասնզի չի կար երկրիս վրայ իրեն նման դիւցազուն մը. ո՞ր անգութ սիրտը արցունք չի թափեր անոր մահուանը վրայ, բայց ով որ անոր կենդանութեանը կը փափագի, հռովմայեցի չէ:

ՈՄՆ. Ո՜հ, Բրուտոս, փայլակներ կ'ելլեն քու շրթունքներէդ:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Թող ձեր սուրերն ալ փայլատակին հիմա, քալեցէք, երթանք կանգնել բոլորովին Հռովմայ ազատութիւնը, վազենք Կապիտոլիոն, հոն է ազատութեան գահը, թողո՞ւնք մի անիկա արիւնկզակ բռնաւորներուն ձեռքը:

ՈՄՆ. Զարնե՛նք, սատկեցնե՛նք, հալածե՛նք զանոնք:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Մա՛հ, մա՛հ կամ ազատութիւն:

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ. Վազենք Բրուտոսին հետ կամ մահուան, կամ ազատութեան (Կ'սկսին երթալ, Բրուտոս կ'ելլայ):

ՏԵՍԻԼ Դ

ՏՈԼԱԲԷԼԼԱ (ՏԱԳՆԱՊԱՒ)

ՏՈԼԱԲԷԼԼԱ. Ո՞ւր կը վազէք, ո՜ հռովմայեցիք, մտիկ ըրէք ինծի, ի՞նչ կայ, բա՜բէ, արիւնով ներկուած է գետինը… Կեսա՜ր… վա՜հ, եղու՜կ ինծի. կը զրուցէր սիրտս ինծի. աս ի՞նչ էր, որ եղաւ, ո՛ հռովմայեցիք:

ՈՄՆ. Միթէ չե՞ս գիտեր, թէ ի՛նչ եղաւ:

ՏԵՍԻԼ Ե

ԿԱՍԻՈՍ (ԱՐԻՒՆՈՏ ՍՈԻՐԸ ՁԵՌՔԸ)

ԿԱՍԻՈՍ. Դուք հո՞ս էք մի, ո՛վ հռովմայեցիք:

ՈՄՆ. Ին՞չ կ՚ուզես մեզմէ, անօրէն բռնաւոր (Վրան կը յարձակին):

ԿԱՍԻՈՍ. Ես եմ Կասիոս, ո՜վ հռովմայեցիք. ուրախացէք, ամէն լմնցաւ. սատկեցաւ, վերցաւ բռնաւորը, ասանկ պիտի կորսուին Հռովմայ ամէն թշնամիները:

ՏՈԼԱԲԷԼԼԱ. Լսեցէ՛ք ինծի, ո՛ հռովմայեցիք, մտիկ ըրէք, զարնենք, կտոր կտոր ընենք աս անօրէն դաւաճանը (Կը հանէ սուրը):

ԿԱՍԻՈՍ. (Հռովմայեցուոց կ՚ապաւինի) Լսեցէ՛ք ինծի, ո՛ հռովմայեցիք, նախանձաւոր եղէք Կասիոսին, ծնունդք դիւցազանց, յաղթականք աշխարհի. գերութենէն ազատեցաք դուք, ալ ծառայ չէք դուք. կեցցէ՛ Հռովմ, կեցցէ՛ ազատութիւն, Կասիոսին ձեռքովը կտրեցան կապանքները, խորտակեցան շղթայք:

ՏՈԼԱԲԷԼԼԱ. Դահիճ կ՚ուզէք ըլլալ ուրեմն դիւցազն արեան, ո՜ հռոմայեցիք:

ԿԱՍԻՈՍ. Ես բարեկամիս դահիճը եղայ ձեր փրկութեանը համար, անիկա զձեզ գերի ըրաւ, ես անոր արիւնը թափեցի. միթէ կա՞յ ձեր մէջը այնչափ անարգ ու վատ մէկը, որ ողբայ Կեսար ու անոր մեզի պատրաստած գերութիւնը. ո՞ւր է այն մարդը, ո՞ւր այդ վատազգի հռովմայեցին, որ բռնաւորութիւն կ'ուզէ, թո՛ղ խօսի, եթէ կայ այնպիսի մէկը, ինծի, Կասիոսին դիմացը ելլայ, քաւ լիցի, ձեզմէ այդպիսի վատութիւն, դուք ամէնքնիդ ալ ազատութիւն սիրող էք, ու կը գովէք զմեզ:

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ. Բռնաւոր էր Կեսար, կորսուի անոր յիշատակը:

ԿԱՍԻՈՍ. Ո՜վ վեհազուն իշխանք աշխարհի, երանի է ձեզի, ծնունդք Հռովմայ. անմահ պիտի ըլլայ ձեր քաջութիւնը: Կը ցաւիմ շատ, որ չի կրցայ գտնել անօրէն Անտոնիոսը` անոր գլուխն ալ ուտելու համար. գիտեմ ես, որ հիմա պիտի գայ հոս ձեզի ապաւինելու. բայց յիշեցէք դուք, որ անիկա իր մանկութենէն սիրեց ու ծառայեց Կեսարու. անոր ձեռքին տակը վարժեցաւ ինքն ալ անօրէն բռնաւորութեան, անիկա ալ բռնաւոր է: Անիկա գա պիտի հոս` արդարացնել ձեր դիմացը բռնաւորութիւնը ու բռնաւորը. կը կարծէ ու կը յուսայ խաբել, խորամանկել հրապուրել զձեզ. ստոյգ է, օրէնքը իրեն իրաւունք կու տայ գալ, խօսիլ ձեր դիմացը. սակայն Հռովմայ ժողովուրդը թող դատաւոր նստի Կեսարու, Անտոնիոսի ու մեր մէջը. առէք դարձեալ ձեր ձեռքը այդ օրէնքը եւ իրաւունքը, որ յափշտակեց ձեզմէ բռնութիւնը. ես զանոնք դարձեալ ձեզի կը դարձնեմ ու յաւիտեան կ՚ուզեմ հաստատել: Կը դառնամ ես Կապիտոլիոն, հոն ծերակոյտը ինծի կը սպասէ. կ՚երթամ ես անոնց հետ մեր տառապեալ քաղքին վրայ բերել դարձեալ փառքը, օրէնքները ու աստուածները, մարել թշնամեաց խռովութիւնը ու միւս անգամ կանգնել ազատութեան կործանեալ գահը: Բաւական է ինծի, ո՜վ իմ Հռովմայեցիք, որ դուք երջանկութեան փափագիք, դուք ձեր ձեռքովը մի՛ մատնէք զձեզ թշնամւոյն. աս մինակ կը խնդրեմ ես ձեզմէ, աս մինակ կ՚աղաչեմ, մի՛ հաւատաք Անտոնիոսին, վախցէ՛ք անկէ եւ, մանաւանդ, վախցէ՛ք անոր խորամանկ խաբէութենէն:

ՈՄՆ. Թէ որ անիկա զքեզ դատապարտէ, կորսուի՛ ինքն ալ:

ԿԱՍԻՈՍ. Մտքերնիդ ըլլայ ձեր երդումը. ո՜ հռովմայեցիք, ու փրկուեցաւ Հռովմ (Կ'ելլայ):

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ. Կեցցէ՛ Կասիոս. կեցցէ՛ Բրուտոս` փրկութիւն Հռովմայ:

ՏԵՍԻԼ Զ

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴՆ, ԱՊԱ ԱՆՏՈՆԻՈՍ

ՄԷԿԸ. Ահա Անտոնիոս կու գայ:

ԱՅԼՔ. Ին՞չ ունի մեզի ըսելու:

ՄԷԿԸ. Տեսէ՛ք, ինչպէ՞ս կը հառաչէ ու կու լայ:

ԱՅԼՔ. Շատ կը սիրէր անիկա Կեսարը:

ԱՆՏՈՆԻՈՍ. (Կը մտնայ) - Այո՛, ո՛վ հռովմայեցիք իմ. կը խոստովանիմ ես ալ, կը սիրէի զինքը. ու թէ որ կարելի էր, իմ կեանքս ալ կու տայի իրեն տեղը, բայց աւա՜ղ. գուցէ ուրիշ կարծիքներ ունիք դուք անոր վրայ. երբ արքունի պսակը գլխէն նետելով ինքզինքը նուիրական զոհ մատոյց օրինաց Հռովմայ, ո՜վ արդեօք մահը յանձն չէր առներ անոր տեղը. բայց ես չեմ ուզեր փառաւորել Կեսարու յիշատակը. թո՛ղ խօսի աշխարհք, քարոզէ դիւցազին առաքինութեանց հանդէսը, միայն ողորմեցէ՛ք իմ կսկիծներուս, ներեցէ՛ք բնութեան, ներեցէ՛ք բարեկամութեան, գթացէ՛ք աս արցունքներուս, որ աչուըներս կը ցօղեն:

ՄԷԿԸ. Պէտք էր քեզի լալ Հռովմայ գերութիւնը, դիւցազն էր Կեսարը, սակայն բռնաւոր էր:

ԱՅԼՔ. Բռնաւոր էր այդ կատաղին, կորսուի՛ անոր յիշատակը. կեցցե՛ն, կեցցե՛ն ազատարարք Հռովմայ:

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ. Կեցցէ՛ Բրուտոս, կեցցէ՛ Կասիոս:

ԱՆՏՈՆԻՈՍ. Քաւ լիցի, որ ես զանոնք յանցաւոր ընեմ. անոնք կ՚ուզեն հայրենիքը պաշտպանել, անոնք սպաննեցին ձեր իշխանապետը` անկէ այնչափ բարիքներ տեսնելէն վերջը. ձեռքերնին թաթխեցին անոր արեանը մէջ, բայց ո՞րն էր յանցանքը` պատճառ այդ ահագին վրէժխնդրութեան. արդեօք Կեսար չարագործին մէ՞կն էր կամ մահապարտ. սակայն ի՞նչ ըրաւ ձեզի այդ չարագործը, ըսէք կ՚աղաչեմ, միթէ անողորմ ձեռամբ ծանրացաւ՞ ձեր վրան, եւ կամ իւր յաղթութեանց պտուղը մինակ ինքը՞ վայելեց, վա՛հ, աշխարհքիս աւարէն ձեր ճակատն ալ պսակեց. ձերինն է բոլոր աշխարհքիս ոսկին ու գանձը. նաեւ իր արիւնը ձեզի համար կը թափէր ի սէր հայրենեաց. անիկա իւր յաղթական կառքէն կը տեսնար իւր քաղաքացիներուն սիրտը ու վար իջնալով` առատ պարգեւներով նոյնիսկ իր ձեռքովը ձեր աչքերուն արցունքները կը սրբէր: Անով դուք յաղթական գտնուեցաք աշխարհքի, անով զօրացաք, անով երջանիկ եղաք. անիկա ամէն մէկերնուդ զատ-զատ, առատաձեռն սրտով կը հատուցաներ ծառայութեան վարձքը, ու գթութեամբ կը ներէր իւր ժողովրդին յանցանքներուն. զձեզ, ո՜ անմահ աստուածք, զձեզ վկայ կը կոչեմ լուսաւոր երկինք, որոնց ճշմարիտ պատկերը եղաւ Կեսար երկրիս վրայ. դուք ինքնին գիտէք, թէ ինչպէ՞ս մարդասէր, գթած էր Կեսար, որուն հաւտացիք բոլոր աշխարհը:

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ. Այդպէս է իրաւ, բազմագութ էր Կեսար:

ԱՆՏՈՆԻՈՍ. Եթէ այդ դիւցազնը մէյ մը ձեռք առած ըլլար վրէժխնդրութեան սուրը, հիմա կենդանի էր ինքը, վասնզի ինչուան իւր թշնամիներուն ալ բարերար էր: Երկու անգամ Կասիոսին կեանքը շնորհեց եւ Բրուտոս… ո՜հ, անհնարին չարիք, ո՜վ անլուր գազանութիւն. աւա՜ղ, ալ չեմ կրնար սրտիս ցաւերը զսպել, ո՜վ քաջք. Բրուտոս դաւաճաններուն գլուխը, անօրէն Բրուտոսը, այդ վայրենի, ահարկու ճիւաղը… անոր որդին էր:

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ. Ո՜վ դիք:

ԱՆՏՈՆԻՈՍ. Գիտեմ, ո՜վ քաջք, գիտեմ, որ ձեր ոսկորները կը դողան սարսափով, սրտերնիդ կը խռովի. կը տեսնամ ձեր արցունքներն ալ. Բրուտոս անոր որդին էր. բայց ի՞նչ, միթէ դուք ալ անոր որդիքները չէ՞ք մի, ո՛վ հռովմայեցիք. անիկա իւր սրտին մէջ զձեզ իրեն որդեգիր ըրաւ, ո՜հ, թէ որ գիտնայիք մէյ մը անոր կամքը:

ԺՈՂՈՎՈԻՐԴ. Ին՞չ է:

ԱՆՏՈՆԻՈՍ. Անոր ժառանգը Հռովմն է, ձերն են իր գանձերը, Կեսար մահուընէ ետքն ալ աստուածային պատւոյ հասած ձեր վրայ հովանի է. ձեզ մինակ կը սիրէր անիկա, ձեզի համար մինակ պիտի երթար Ասիա, արիւն, քրտինք մտնալ ի փառս Հռովմայ. իւր վերջին կտակը ասանկ կը գրեր ձեզի, ո՜վ հռովմայեցիք իմ, ժողովուրդ թագաւոր, որուն ես ծառայ եմ. թագաւորէ՛ Կեսար աշխարհքիս վրայ ու Կեսարին վրայ թագաւորէ Հռովմ. ի՞նչ ըրին ձեզի ասկէ աւելի Բրուտոս ու Կասիոս:

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ. Կը ցաւինք շատ, ու շփոթած մնացեր ենք:

ԱՅԼՔ. Իրաւ, Կեսար Հռովմայ հայրն էր:

ԱՆՏՈՆԻՈՍ. Բայց ձեր հայրը գնաց, չկայ ալ. վատ դաւաճանութեամբ յափշտակուեցաւ մեզմէ այդ դիւցազնը` բնութեան, աշխարհի ու Հռովմայ պարծանքը. ո՜հ, կրնա՞ք մերժել իրեն մահուան պատիւը. միթէ ձեր աչքերը արցունք չի թափե՞ն մի ու ձեռքերնիդ գերեզմանի մէջ չի յանգչեցնե՞ն ձեր հայրը ու սիրելի բարեկամը. ահաւասիկ, տեսէ՛ք զինքը` պառկած իւր արեանը մէջ (Կը մօտենայ Կեսարու դիակին):

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ. Ո՛վ ցաւալի տեսիլ, ո՜հ, արտասուելի պատկեր:

ԱՆՏՈՆԻՈՍ. Ահա՛ Հռովմայ մեծութեան եւ, մանաւանդ թէ, աշխարհիս մոխիր դարձած վերջին տխուր մնացորդը. ահա՛ այն բարերար ոգին, զոր կը պաշտէիք եւ որուն երկրպագութիւն կ՚ընէին նոյն իսկ իւր սպանողները. ասիկա է ձեր պարծանքը, հզօր ապաւէն, պատերազմի ու խաղաղութեան մէջ ձեր ամուր վահանը, որ երբեմն դողացուց բոլոր աշխարհք ու պատրաստուեր էր գոռոզացեալ պարթեւը շղթայակապ, իւր կառքին ետեւէն քաշկռտելով հոս, մեր քաղաքը բերել: Կը ճանչնա՞ք արդեօք ձեր Կեսարը, ո՛ հռովմայեցիք, նայեցէք մէյ մը իրեն, տեսէ՛ք անոր վէրքերը, տեսէ՛ք այս արիւնը, որ հիմա հոս, ձեր աչքին առջեւը թափեցին անօրէն մարդասպաններ. այս մարմնոյն վրայ գազանացեալն Բրուտոս իւր ծնողին անմեղ արիւնովը ձեռքերը պղծեց. բայց Կեսար ին՞չ ըրաւ. անուշ ու գծաթ աչուըները անոր վրայ դարձնելով` արիւնը գետի պէս վազելու ատենը կը ներէր անոր, իւր սիրելի որդին կը կոչեր զինքը. «Դո՞ւն ալ, որդեակ իմ, - կը գոչէր, - դո՞ւն ալ մի, ո՜վ իմ Բրուտոս…»:

ՄԷԿԸ. Ա՜յ նենգաւոր, դաւաճան Բրուտոս, Արամազդին կայծակէն զարնուելու արժանի:

ԱՅԼՔ. Բա՜բէ, դեռ անոր արիւնը կը վազէ:

ԱՆՏՈՆԻՈՍ. Այս արիւնը ձեզմէ վրէժխնդրութիւն կը պաղատի, ու ձեր կտրիճ ձեռքերէն կը յուսայ վրէժխնդրութիւն. լսեցէ՛ք, լսեցէ՛ք ինծի, հռովմայեցիք, արթընցէ՛ք ու լսեցէ՛ք անոր ձայնը, որ ինձմով ձեզի հետ կը խօսի. եկէ՛ք ինծի հետ, վազենք կայծակի պէս անոր վայրենի սպանողներուն վրայ, Կեսարին հոգւոյն մինակ այս մխիթարութիւնը, կ՚աղաչեմ, որ մատուցանենք. սուրբ խարոյկի վրայ դնենք իւր մարմինը ու անոր բոցէն բռնկցնելով մեր ջահերը` վազենք ամէնքնիս ալ, կրակի տանք, բորբոքենք, քանդենք այդ մարդակոտոր գազաններուն պահուըտած տեղերնին, անխնայ ջարդենք զանոնք ու իրենց անողորմ սրտերնին դուրս հանելով` գազաններուն դիմացը նետենք պատառ-պատառ ըլլալու համար. այսպիսի զոհ կը վայլէ մեր հասարակաց հօրը ու աստուծոյն` հայրենեաց անմահ Կեսարու. հապա երթա՛նք, ընկերք իմ, երթա՛նք, Անտոնիոսը ձեզի աոաջնորդ առէք:

ՄԷԿԸ. Հապա՛ երթանք, վրէժը առնենք անոնց գլխէն:

ԱՅԼՔ. Երդում ընելով այս դիւցազնին անպարտ արեանը վրայ` հիմա հոս անոր վրէժը առնենք, վազեցէ՛ք զէնքի:

ԱՅԼՔ. Մա՛հ, սատակո՛ւմն, վրէժխնդրութի՛ւն:

ԱՆՏՈՆԻՈՍ. Մի՛ մարէք, ո՜վ քաջք, ձեր բարկութեան բոցը. վազեցէ՛ք իմ ետեւէս, վազեցէ՛ք պատերազմի եւ վրէժխնդրութեան (Կ՚երթան խառն ի խուռն եւ աղաղակաւ):

ՎԵՐՋ