Տաղեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
40. ՀԱՅՈՒՀԻՆ
       Աշնան մէջ էր, երեկոյ մը
Վերադարձիս յԻւսկիւտար,
Օդը պարզ էր, հողմը մեղմիկ,
Ծովուն ջուրերն ալ հանդարտիկ:
       Շոգենաւին սարաւանդը
Նըստած անկիւն մ՚առանձնակի՝
Ուշադրութեամբ ես նոյն օրուան
Լըրագիրները կարդայի:
       Մէկ մ՚ալ յանկարծ սանդուխէն
Վեր ելնելու ոտնաձայն մը
Շըփոթեց զիս եւ աչերս
Դարձուցի դէպ յայն կողմը:
       Հայուհի մ՚էր վեր ելնողն,
Բարձրահասակ եւ գեղադէմ.
Անցաւ մօտէս նէ սիգաճեմ,
Նստաւ անկիւն մ՚ինձ դէմ առ դէմ:
       Ո՜հ, կարծես թէ նէ երկնային
Զըւարթուն մ՚էր վար իջած՝
Լոյս սփռելու, սէր բուրելու,
Խըռովելու սրտերն այրած:
       Այլ չըգիտեմ թէ ինչո՞ւ
Կրկին աչերըս յառած՝
Իմ թերթիկիս վըրայ միշտ՝
Սիրտս էր ամբողջ խըռոված:
       Մինչեւ մէկ մ՚ալ նաւաստին
Խռպոտ ձայնով մը գալով մօտ,
Ըսաւ. «Հասանք յԻւսկիւտար,
Ալ ի՞նչ նստեր ես դու հոդ»:
       Վեր վերցուցի աչերըս,
Ոչ ոք տեսի մէջ նաւին.
Մինակ էինք երկուքնիս,
Մէկ մ՚ես, մէկ մ՚ալ նաւաստին: