Սեւհողեր կամ յետին գիշեր Արարատեան

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՎԵՐՋԱԲԱՆ
       Գիշեր. Լուսին. Աւերակ վայր մ՚է. Ասդին անդին շիրիմներ. Հայաստան շղթայակապ եւ փշեպսակ գլուխը կուրծքին ծռած յուսահատ նստած է. Թշուառութիւնը մէկ ձեռքը սեւ դրօշ մը, միւս ձեռքը տապար մը Հայաստանի գլխուն վերեւ կանգնած է. Գահ։
       Տեսիլ Ա
       ՀԱՅԱՍՏԱՆ եւ ԹՇՈՒԱՌՈՒԹԻՒՆ
       ԹՇՈՒԱՌՈՒԹԻՒՆ . Վերջապէս թշուառութեան սեւ դրօշը քու վրադ ալ ծածանեցաւ, Հայաստա՛ն, ուրեմն այսուհետեւ դիր գլուխդ փոխանակ թագիդ այս փշեայ պսակը եւ շքեղ ծիրանւոյդ տեղ՝ այսպէս ցնցոտիներ հագիր... Օ՜ն, արթնցի՛ր եւ լա՛ց, թշուառութիւնը քու չորս կողմդ արցունք եւ սուգ, անէծք եւ մահ սփռեց եւ ոտքերուդ տակ սեւ սեւ գերեզմաններ փորեց... Ե՛լ, կանգնէ՛, չորս կողմդ նայէ՛ եւ ալ չի՛ պիտի տեսնես գեղազուարճ դաշտերդ, այլ՝ արեան համատարած ծով մը, որուն մէջ կը լողան կիսաշունչ դիակներ, չը մնաց ծաղիկ մը՝ որ արցունքով չը թրջի, չը մնաց ալիք մը՝ որ արեամբ չը պղտորի... Անգամ մ՚ալ դարձուր աչքդ յերկինս. տե՛ս, աստղդ իւղասպառ կանթեղի նման կը պլպլայ եւ մօտ է խաւարելու... Այո՛, ահա կը խաւարի Հայաստանի պերճ բախտը։
       ՀԱՅԱՍՏԱՆ. (յուսահատ ցատկելով) Ա՛լ հեռացիր քովէս, անգութ Ոգիդ Թշուառութեան, դու խեղճ Հայաստանը շղթայակապ գտար եւ կը ծաղրես... Ա՛հ, շանթեր թօթափեն այն Հայերուն գլխուն, որոնք իրենց հայրենիքը շղթայեցին այսպէս, եւ թշուառութիւնը եկաւ իր սեւ դրօշը կանգնեց գլխուս վերեւ եւ փուշերով պսակեց ալեւոր ճակատս... Ա՛լ բաւական է, ճիւաղդ անողորմ, ալ բաւական Հայաստանի արիւնը թափեցիր... Ե՞րբ պիտի փշրի այդ անխնայ տապարը...
       ԹՇՈՒԱՌՈՒԹԻՒՆ. Քու կուրծքիդ վրայ միայն պիտի փշրի... Մի՛ նախատեր զիս, երկնից արդարադատ բազուկն եմ ես... Ուր որ չկայ լոյս եւ ոգի՝ հոն է թշուառութիւնը... Ինչո՞ւ կործանեցաւ Արարատեան գահը. վասնզի Հայը տգէտ էր, վասնզի Հայաստան մարած սրտերու մենաստան մ՚էր, վասնզի իր վերջին թագաւորը կրօնամոլ, անարգ եւ օտար էր. լեռները ողբացին, գետերն արտասուեցին, մինչդեռ Լեւոն Զ Կապան բերդին մէջ ապաստանած էր, բայց վերջապէս ինքն ալ շղթայ կրեց, փոխանակ պատերազմի դաշտին վրայ իյնալու... Խեղճ Հայեր, իրենց ընկղմելիք անդունդը ձեռօքնին կը փորեն եւ երբ անդունդին եզրը ըլլալնին կը զգան՝ կը սկսին օգնութիւն աղաղկել, բայց իզուր... Խեղճ Հայ, որ ընդ երկար կը լռէ... վերջապէս կ՚որոտայ եւ իր հանած կայծակէն նախ ինք կը սարսափի։
       ՀԱՅԱՍՏԱՆ. Լռէ՛... Ամօթահար պիտի կորնչի Հայաստան եւ ոչ ոք պիտի գթայ իրեն եւ պիտի օգնէ, վասնզի թշնամին ու դահիճը իր զաւակն է... Ո՞ւր էք Հայկ, Արամ, Արտաշէս, Տրդատ, Տիգրան, քաջ դիւցազունք, ահեղ առիւծք Արարատեան, ելէ՛ք ձեր դարաւոր շիրիմներէն, տեսէ՛ք ցնցոտիներ հագեր է, շղթայակապ է Հայաստան... Արթնցէք մէկ մը եւ պիտի տեսնէք, որ ձեր շիրիմներն անգամ ձեր թոռանցն արեամբը կարմրած են... Ուրեմն, դուք ալ ձեր դամբանաց խորերէն անէ՜ծք մռնչացէք մատնիչ Հայերուն, դուք ալ վա՜յ եւ եղո՜ւկ կարդացէք թշուառ Հայաստանի...
       ԹՇՈՒԱՌՈՒԹԻՒՆ. Իզո՜ւր կ՚աւաղես, Հայաստան, գիտցիր որ այդ արտասուաց հեղեղներն անկարող են որդւոյդ ճակտին դատակնիքը ջնջելու, եւ այդ հառաչանաց մրրիկները չեն զօրեր քու աստղդ ծածկող ամպերը փարատելու. այսուհետեւ հոս միայն սեւ նոճիներ պիտի պատեն... Երբ աչքերդ երկինք վերցնես՝ ամպամած պիտի տեսնես զայն. երբ զանոնք ի գետին խոնարհես՝ փշապատ պիտի գտնես զայն. վշտահար պիտի թափառիս փլատակաց մէջ, պիտի չի գտնես կոթող մը, որուն վրայ կարդաս յիշատակդ, պիտի չի գտնես ծաղիկ մը, որուն վրայ կարդաս երջանկութիւնդ, վերջապէս պիտի չը գտնես Հայ մը, որուն նայուածքին մէջ կարդաս յոյսդ... Պիտի հեծես միշտ՝ մինչեւ որ քու խոր գերեզմանդ փորեմ... Քու որդիքդ պիտի մղեն տգիտաբար քեզ հոն՝ կարծելով թէ գահ է այն, եւ օտարք փուշեր պիտի սփռեն դամբանիդ վրայ, միմիայն նախնեաց ստուերներն արցունքով պիտի թանան այն փուշերը։ Ահա բացի քու առջիդ ապագային մութ վարագոյրը։
       ՀԱՅԱՍՏԱՆ. Ա՜հ... սոսկալի վճիռ... Լսեցէ՛ք ուրեմն, Հայեր եւ զարհուրեցէք... Ո՜վ երկինք, չը պիտի ջնջես ճակտէս այս անէծքը... Միթէ սպառեցա՞ն կայծակներդ՝ երբ կարգը զանոնք մատնչաց ճակտին թօթափելուն եկաւ... Ի՜նչ կը լսեմ... Հայաստան պիտի ջնջուի... Հեռացի՛ր, գուժկան ոգի... Ողբեր հիւսեցէ՛ք, Հայ օրիորդներ, արցունք թափեցէ՛ք, երիտասարդներ, եւ դուք ալ, ծերեր, ձեր գերեզմանը փորեցէ՛ք... Հայաստան պիտի ջնջուի՜... Խնդացէ՜ք, Պարսիկք եւ Յոյնք, Եգիպտացիք եւ Թաթարք... եւ դու ալ երկնադրացիդ Մասիս, դու ալ ամպերու մէջէն որոտագոչ ձայնէ. «Հայաստան պիտի ջնջուի... » (յանկարծ կարմիր լոյս մը կը ծագի) Ի՞նչ լոյս է այս... Արդեօք Հայաստանի բա՞խտն է, որ ծագեցաւ։
       Տեսիլ Բ
       ՆՈՅՆՔ եւ ՍԷՐ
       ՍԷՐ. Այո՛, Հայաստան պիտի ջնջուի...
       ՀԱՅԱՍՏԱՆ. (սարսափած) Ո՜հ, մահուան հրեշտա՞կն է այս։
       ՍԷՐ. Ո՛չ, զքեզ ողբալու կու գամ, Հայաստան... Չե՞ս ճանչեր զիս...
       ՀԱՅԱՍՏԱՆ. Այո՛ կը ճանչեմ զքեզ, հրեշտակդ խաղաղութեան։
       ՍԷՐ. Ո՞վ է այդ ճիւաղը, որ գլխուդ վերեւ կանգներ է՝ մէկ ձեռքը տապար մը, միւս ձեռքը սեւ դրօշ մը բռնած... Անշուշտ կը ճանչես նաեւ զայն... Կը տեսնե՞ս որ քայլերուն տակ արցունք կը սփռէ եւ սիրոյ պէս ծաղկունք չի սփռեր... կը տեսնե՞ս որ ուր չկայ սէր, հոն չկայ խաղաղութիւն, վա՞յ ձեզ, Հայեր, որ ձեր նախնի փառաց կոթողները դուք ձեռօքնիդ կործանեցիք եւ ձեր արեամբը զովացուցիք Սանդարամետի սեւ ճակատը... Թո՛ղ ուրեմն յագենայ Թշուառութեան տապարը...
       ԹՇՈՒԱՌՈՒԹԻՒՆ. Այո՛... վասնզի երբեմն թշուառութենէն կը ծնանի վերականգնումն... Բայց թող գիտնայ Հայաստան, որ երբեք Թշուառութեան տապարը չը յագենար. միշտ կը հարուածէ՝ մինչեւ որ ձայն մը գոչէ. «Ա՛լ բաւական է»։
       ՀԱՅԱՍՏԱՆ. Եւ ե՞րբ պիտի լսուի այդ ձայնը։
       ՍԷՐ. Երբ Հայը սիրէ իր եղբայրը։
       ԹՇՈՒԱՌՈՒԹԻՒՆ. Առանց այն ձայնին, եթէ բոլոր աշխարհ աղերսարկու ծունր դնէ առջիս՝ դարձեալ կը հարուածեմ... միշտ կը հարուածեմ։
       ՍԷՐ. Կը լսե՞ս, Հայաստան, ճանչցի՛ր դահիճդ, ճանչցի՛ր հրեշտակդ. երբեմն սիրոյ ժպիտն էր Հայաստանի արեւը... իսկ հիմա քու ապերախտ զաւակներդ ատեցին եւ զարկին սէրը... Ինկաւ նա եւ ինկաւ Հայաստան. արտասուելով անցաւ Հայաստանէն Սէրը եւ ուր որ հոսեցին իւր արցունքը, հոն փուշեր բուսան... թո՛ղ յաղթանակէ ուրեմն Անմիութիւնը, թո՛ղ յաղթութեան կոթողներ, շիրիմներ եւ սգալի նոճիներ կանգնէ... եւ Թշուառութեան տապարը թո՛ղ անխնայ հարուածէ Հայաստանը. թո՛ղ փուշերով պսակուի իր կնճռոտ ճակատը՝ ինչպէս որ նա փոխանակեց սիրոյ նուիրած ձիթենիները։
       ՀԱՅԱՍՏԱՆ. Ա՛լ բաւական է. անէծք մը միայն մնաց, այն ալ գերեզմանիս վրայ կարդայ. ես որ քեզնէ սփոփանք կ՚ակնկալէի, դու նախ կը դատապարտես զիս... Բայց ո՛չ, իրաւունք ունիս, վասնզի ես արցունք քամեցի քու արեւ աչերուդ։
       ԹՇՈՒԱՌՈՒԹԻՒՆ. Հայաստա՛ն, միթէ Թշուառութիւնը անգութ գտնելով՝ Սէրէ՞ն կ՚ակնկալես գութ, գիտցիր որ Սէրն ինկաւ քու գահէդ եւ միայն Անմիութիւնն ու Թշուառութիւնն են անոր իշխողները... Չե՞ս տեսներ որ Յոյսը սարսափով կը նայի Արարատեան սառնապատ սարերուն... Մինչեւ անգամ Ասքանազեան քաջերուն ոսկերքը գերեզմաններուն մէջ կը քստմնին, կը դողան լերինք, կ՚ողբան ալիք, կու լան ծաղիկք, կը հեծեն զեփիւռք, կը հնչեն ահա կոչնակաց մահաշշուկ գանչիւնները. դեռ կը յուսա՞ս, Հայաստան, ամէն տեղ օրհասականաց հեծեծանքներ կը լսուին... Ամէն տեղ մահ սփռեց Անմիութիւնը, մինչեւ անգամ գերեզմանաց հանգիստը խռովեց, եւ դու դեռ կը յուսա՞ս, խեղճ Հայաստան (որոտմունք եւ կայծակք)։
       ՀԱՅԱՍՏԱՆ. (սոսկմամբ) Ա՜հ... Հուր եւ կործանում։
       Տեսիլ Գ
       ՆՈՅՆՔ եւ ԱՆՄԻՈՒԹԻՒՆ
       ԱՆՄԻՈՒԹԻՒՆ. (խրոխտապանծ գահն ելնելով) Ողբացէ՛ք, Հայեր, ձեր ողբերն իմ յաղթութեանս դրուատիքն են, եւ օ՛ն, արտասուաթորմ ծաղիկներէ յաղթական պսակներ հիւսեցէք Անմիութեան խրոխտ ճակտին... Յաղթութիւն կրկնեցէք ողբաձայն, ձորք եւ լերինք Արարատեան, Անմիութիւնն եմ ես, սէր գոչող ձայնը թո՛ղ մարի, սէր հնչող քնարը թո՛ղ փշրի, սէր տածող սիրտը թո՛ղ խորտակի... Անմիութի՜ւնն եմ ես... Սարսեցէ՛ք անունէս, շիրի՜մք դիւցազանց... Դողա՛ եւ սոսկա՛ ինձնէ դու ալ, Հայաստա՛ն, վասնզի ալ իմ գերիս ես... Եւ դու ալ, Սէր, պարտութեանդ վրայ ամօթահար՝ հեռացիր Հայաստանէն. թո՛ղ որ ես ալ տիրեմ Հայաստանի... Խե՜ղճ Հայեր չը գիտէի՞ք միթէ, որ իմ գահս է գերեզման եւ թագաւորական գաւազանս է սուր, եւ հիմա զղջալով կը հեծէք։
       ՍԷՐ. Ոգի՜դ Անմիութեան, այո՛, յաղթեցիր ինձ վատ մատնիչներու զէնքերովը, որոնք եղբարց, որդւոց, ծնողաց եւ նաեւ իրենց գլուխը Թշուառութեան տապարին մատուցին... Ո՜վ ողբալի ժողովուրդ, արդեօք ե՞րբ պիտի արթննաս եւ պիտի գիտնաս, թէ քու երջանկութիւնդ, կեանքդ, արեւդ սէրն է միայն։
       ՀԱՅԱՍՏԱՆ. Նախատի՜նք... Այս է ահա Հայաստանհ ապագայն... ո՜վ երկինք, դուք գոնէ գթութեան կաթիլ մը ցօղեցէք թշուառ ճակտիս վրայ, դուք գոնէ յուսոյ նշոյլ մը սփռեցէք խաւար հորիզոնիս վրայ։
       ԹՇՈՒԱՌՈՒԹԻՒՆ. Դեռ կը յուսա՞ս, Հայաստան։
       ԱՆՄԻՈՒԹԻՒՆ. Կը մթագնի հորիզոնդ։
       ՍԷՐ. Մի՛ խրոխտար այդպէս, Ոգիդ Անմիութեան, անշուշտ դեռ չէ մարած բոլորովին սիրոյ կայծը Հայոց սրտերուն մէջ. պիտի գայ անշուշտ ժամանակ մը, որ երբ տգիտութեան մռայլը խուսափի, Հայաստան իր թմրած գլուխը բարձրացնելով պիտի սթափի եւ սպառնալից նայուածքով մը զքեզ դժոխոց ծոցը պիտի գլորէ, եւ դարձեալ ես կը գրկեմ ու գգուեմ այն ատեն տառապեալ Հայերը, եւ իմ մազերովս կը պատեմ իրենց վէրքերը։
       ԹՇՈՒԱՌՈՒԹԻՒՆ. Սէր, կը տեսնե՞ս այս տապարը. գիտցիր որ խիստ սոսկալի է այն, որ իր ձեռքը տապար եւ անմիութիւնն ունի...
       ԱՆՄԻՈՒԹԻՒՆ. Եւ նաեւ անկարելի է մեռեալը գերեզմանին մէջ կենդանացնել... Սէր, ալ բաւակա՛ն է, հեռացի՛ր Հայաստանէն ամօթահար, անցիր զարհուրած նոյն արտասուալից դաշտերէն, կարդա՛ Մասիսի ճակատը դրոշմուած սա արենագիծ տառերը. «Հայաստան պիտի ջնջուի», ե՛լ յետոյ անոր գագաթը եւ պիտի տեսնես, որ սէր ու յաղթանակ նուագող մուսայից մատունքն իրենց սառած աչքերէն կաթած արցունքովը կը հնչեն ոսկի քնարներուն թելերը, եւ գոռոզն Մասիս իր դէմքը ամպերուն ետեւ ծածկած կը հառաչէ... յետոյ անցիր Հայաստանի կործանեալ պարիսպներէն... ակնարկ մը ձգէ ետեւդ եւ պիտի տեսնես աւերակ, լուռ ու տխուր երկիր մը եւ նոյնպէս սեւ ու անարեւ երկինք մը եւ երկուքին մէջտեղը Անմիութեան ստուերը խրոխտապանծ կանգնած...
       ՍԷՐ. Սթափեցէ՛ք, թշուառ Հայեր, գրկեցէ՛ք զիս, եւ դարձեալ ես կը վերականգնեմ ձեր աւերակ երկիրը... Մնաս բարեա՜ւ Հայաստան... ( տխուր ու յամրաքայլ կը հեռանայ. առջի պէս խաւար):
       ՀԱՅԱՍՏԱՆ. Ա՜հ, այս ի՜նչ մահաբոյր խաւար պատեց... Հեռացար ինձնէ քաղցրիկ Սէր, զիս մինակ թողուցիր այս ճիւաղներուն քով, որոնց ծոցէն մահ կը բուրէ եւ որոնց բերնէն դժոխք կը ժայթքէ, դարձի՛ր, դարձի՛ր, տառապեալ Հայաստանի գիրկը... Հայե՛ր...
       ԹՇՈՒԱՌՈՒԹԻՒՆ. Ա՛լ մի յուսար, Հայաստան։
       ՀԱՅԱՍՏԱՆ. (ձեռքերը գլխուն զարնելով) Աւա՜ղ...
       ԱՆՄԻՈՒԹԻՒՆ. Լացէ՛ք, հրեշտա՛կք երկնից... խնդացէ՛ք, հրէշք դժոխոց, եւ դուք ալ, երկի՛նք եւ երկի՛ր, միաձայն կրկնեցէք. «Հայաստան պիտի ջնջուի... », արցունք թափեցէք, Արարատեան սառնամանիք։
       ԹՇՈՒԱՌՈՒԹԻՒՆ. Հայաստան պիտի ջնջուի՜... ( սպառնալից կը հեռանան):
       ՀԱՅԱՍՏԱՆ. (յետին յուսահատութեամբ ծունր իյնալով) Անէ՜ծք, անէ՜ծք... ( խաւարումն լուսնի. աղմուկք. ստուերներ կամաց կամաց գերեզմաններէն կ՚ելնեն եւ հետեւեալ երգը կ՚երգեն տխուր ու միակերպ)։
       Տեսիլ Դ
       ՀԱՅԱՍՏԱՆ եւ ՍՏՈՒԵՐՔ
       ՈՂԲԵՐԳ ՍՏՈՒԵՐԱՑ
       Մինչ ե՞րբ գըլուխդ պիտի ծեծես՝
Շղթայակապ այդպէս հեծես,
Հէգ Հայաստան շիջելարեւ,
Ե՞րբ սոխակը սըգատերեւ
Նոճիներէն շատ տալով խոյս,
Պիտի երգէ վարդ, արշալոյս։
       Եղո՜ւկ քեզի, հէգ հայրենիքդ,
Որ շորթելով շքեղ դափնիքդ՝
Որդիքդ անխիղճ գլխուդ վատուժ
Բոլորեցին սեւ նոճ ու փուշ...
Ա՜հ, վրէժխնդիր շանթեր ճայթին
Հայրենադրուժ Հայոց ճակտին։
       (ստուերները կը սկսին կամաց կամաց իրենց գերեզմանը մտնել)։
       Տեսիլ Ե
       ՀԱՅԱՍՏԱՆ (առանձին)
       Օ՜ն, գերեզմաննիդ մտէք, ստուե՛րք դիւցազանց... Ձեր ողբերովը չե՛ն քակուիր այս շղթաները, դուք որ կաշկանդեալ էք յաւիտենականութեան շղթաներով. հեռացէ՛ք. ձեր ողբերը միայն նախնի փառաց յիշատակներ կը զարթուցանեն աւերակաց մէջէն... Խաւար է Հայաստանի ճակատագիրը... Ա՜հ, երկինք, վերցուր գլխուս վրայէն վրէժխնդրութեանդ հրացայտ սուրը, որուն վրայ հայելւոյ մը պէս, ահա միշտ փշապատ գերեզմանս կը նշմարեմ... Ո՜հ, այդ սրովդ խորտակէ այս շղթաները եւ քու բարկութեանդ կայծակովը այրէ՛ ճակտիս փուշերը... Դեռ չսպառեցա՞ւ վրէժխնդրութիւնդ... Չը տեսա՞ր միթէ որչափ արիւն ծծեց այն Սեւ հողերը, մինչեւ անգամ արեւը զարհուրեցաւ իր լոյսը սփռելու... Դեռ կը գոռայ ականջիս այն ահռելի ձայնը. «Հայաստանը պիտի ջնջուի՜», դեռ աչացս առջեւ է Թշուառութեան արենակաթ տապարը... (ծունր գալով) Ձայն տուէ՛ք, երկի՛նք, պիտի քակուի՞ն այս շղթաները, ձա՛յն տուէք, դեռ շա՞տ պիտի հեծէ Հայաստան...
       Տեսիլ Զ
       ՀԱՅԱՍՏԱՆ եւ ՅՈՅՍ
       ՅՈՅՍ. Մի՛ յուսահատիր, Հայաստան... Դեռ կրնան խորտակիլ այդ շղթաները... դեռ աստղ մը ունիս։
       ՀԱՅԱՍՏԱՆ. Ա՜հ... Օրհնեալ ըլլան երկինք... Բայց ո՞վ ես դու... Չըլլայ որ մահուան հրեշտակն ըլլաս...
       ՅՈՅՍ. Յոյսն եմ ես, որ գերեզմանին ցուրտ դռանն առջեւ իսկ՝ թագին եւ դագաղին երեսին կը ժպտիմ։
       ՀԱՅԱՍՏԱՆ. Եւ ի՞նչ կը բերես ինձ, թա՞գ թէ դագաղ։
       ՅՈՅՍ. Թա՜գ... եթէ Հայը սիրէ եղբայրը, Հայաստան պիտի վերականգնի... (Հայաստան ուրախութեան շարժում մը կ՚ընէ) Հայաստան չի պիտի վշտագնի, այլ պիտի ժպտի (գլխուն փշեայ պսակը կը նետէ)։ Հայաստան գերի չէ, ալ ազատ պիտի ըլլայ... (շղթաները կը քակէ) Օտարութիւնը Հայուն գլուխն հարուածող լախտն է, անմիութիւնը Հայաստանի ժանտախտն է, սէրն ու լոյսը Հայոց դրախտն է... Եւ քիչ ատենէն երկնից երեսը նոր աստղ մը պիտի ցոլայ՝ այն ալ Հայաստանի բախտն է ( յանկարծ քաղցր լոյս մը կը ծաւալի)։
       ՀԱՅԱՍՏԱՆ. Ողջ է Հայաստան... Ծափ զարկէք, Հայեր... ( Անմիութեան գահին կործանումը)։
       ՍԷՐ. (երեւալով) Ձե՜ռքդ, Հայաստան։
       ՀԱՅԱՍՏԱՆ. Ահաւասիկ... (կը գրկախառնին):
       ՅՈՅՍ. Ուրեմն պիտի վերականգնի Հայութիւնը։ ( Վարագոյրը կ՚իջնէ):
       ՎԵՐՋ