Նամականի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
2 <Առ Պ. Տ. Ադամեան >
       Բարեկամ,
       Անշուշտ կը ներես ինձ, եթէ մեր բաժանման յաջորդող զգացումները լռութեան տակ թաղեցի, եթէ չբացի ծանր շուրթերս քեզ «բարով նստիս » մաղթելու. անշուշտ եմ, որ լաւ ես եւ առողջ , հիմա գուցէ վառարանի մը ճարճատուն բոցերուն բոլորտիքը կը խոկաս կամ կէս մը կը մրափես. կռնակդ տաք, փորդ ուռուցիկ եւ երեւակայութիւնդ կուսի մը պատկերովը առլի… անշուշտ խաղ եւ պար ալ կը վայելես. երկուտեսակ օթուզ պիր կը խաղաս , երկուքն ալ իրենց ճգնաժամերն ունին, յոռի՜. նաեւ հոփ կամ թոփ… վերջապէս կը մաղթեմ, որ ձմեռը լաւ որսեր քեզ մատակարարէ, ձիւնի վրայ քալող կամ թռչող ձիւնէ գունտեր, որոնց ճառագայթ մ՚է յարած… որոնք սակայն չեն հալիր , այլ կը հալե՜ն… Թօշնիլ գիտեն անոնք գերբնական վայրկենի մը վառ նայուածքի մը մէջ… Սակայն մէկդի թողունք քիչ մը այս սէրը եւ տարփը նայինք… կը բանաս խորհրդաւոր արկղը, փայլուն մետաղներ կը ժպտին. երկու ժպիտ կայ առջիդ. ո՞րը կ՚ընտրես… կոյս եւ ոսկի… գիտեմ, այս վայրկենիս ընտրեցիր… վերջապէս շաղփաղութիւնը ըսել կ՚ուզեմ , բարեկամ:
       Ընտանիքդ լաւ վիճակի մէջ է, քոյրդ եւ պզտի հրեշտակներդ կլիմայիդ մօտեցան, անշուշտ բաւական գոհ ես:
       Եթէ իմ վրայօքս ալ տեղեկութիւն կ՚ուզես, վիճակս նոյնութիւն է. առանձինն ըլլալու համար շատ անգամ տունիս մէկ ցուրտ խուցը մեկնած մոյգ ու սառ մատներով գրիչ կը ճարճատեմ, կը մրոտեմ, կը վառիմ, աչերս խոշոր խոշոր կը բանամ, կը մրմռամ, ձեռքս ճակտիս կը տանիմ, անհամբերութեան հառաչ մը կ՚արձակեմ, կը խոկամ, կը ծխեմ… ասոնցմէ արտադրեալն է թատերախա՜ղ… յիրաւի բռնի թատերագիր կամ բանաստեղծ մը ըլլալ կ՚ուզեմ, տենչ մը, որ աղքատիկ հիւղի մը անկիւնը՝ քաղցի եւ ցուրտի սեւ վերմակներուն տակ վերջապէս ակամայ կը մարի… Ինչ որ է, պիտի հանդուրժեմ որչափ որ կարենամ, ստակը չեմ ատեր, բայց գրիչը կը սիրեմ, սփոփ մ՚է նա ինձ այս անձուկ կացութեանս մէջ, հիմակուան գործատէրերը կով կ՚ուզեն գործածելու եւ աշխատցնելու , ոչ թէ մարդ. ես այս սկզբունքը ճակտիս վրայ գրեցի համբերել եւ յուսալ այս սկզբունքը քեզ ալ կը յարմարի… տեսնե՛նք, քանի մը թատերախաղեր ունիմ, կրնամ ստակով կամ ծափով փոխանակել… աս ալ ըսեմ, ամիսի մը չափ մինչեւ անգամ խոնարհեցայ դերասանութիւն ընելու ընտանիքիս կարօտը լեցնելու համար, բայց Վարդովեանի (հին արկածներէ մնացած ատելութեան կրակովը բորբոքած ) նախատինքներուն չկրնալով հանդուրժել աղտոտ անկողինս թատրոնէն տուն փոխադրեցի. այս ալ ըրի ապրելու համար, անգործութիւնը թօթափելու համար, ինծի ըրած նախատանաց պատմութիւնը սոսկալի է, եւ ես աւետարանական հեզութեամբ ներեցի… հիմա այդ անցքը հոս պատմելը անպատեհ է… Դու բաժանման կէտերուդ շատ կրկնեցիր, որ գործ գտնեմ. եղբայր, սա ճակատագրիս դէմ կը խօսիս… լռենք… աչերս կը լեննան… վերջացնենք… մատներս կը մսին, երթամ վարը քիչ մը տաքնալու…
       Կը խնդրեմ, որ դու ալ քու վրայօքդ մասնաւոր տեղեկութիւններ պարունակող նամակ չզլանաս բարեկամէդ… հոս ցուրտը սկսեց, ածուխի կողովներով պզտի մերկ ու մսած աղջիկներ կ՚երթեւեկեն փողոցներու մէջ. յիրաւի Վիկթոր Հիւկոյի աչքէն խլրտած է այս տեսարանը. հարուստները ջահերով կ՚զբօսնուն, աղքատները առկայծ հողէ կանթեղով մը կը մսին… ասոնք ալ սքողենք, Վարդան֊Մարտիկ֊Պետրոս֊նոյնութիւն, մեր ճակատագիրները դպրոցի մէջ միացան եւ տեսնենք ի՜նչ համախմբութիւն մը զայն պիտի լուծէ:
       Ընտանիքդ սիրով քեզ կ՚ողջունէ… նամակդ փութացուր. այսօր այսչափ… կը մսի՜մ…
       Անկեղծդ
Պետրոս Դուրեան
       1870 Դեկտմ. 21
Սկիւտար