Նամականի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
4 Առ Պ. Տ. Ադամեան
       Բարեկամ.
       Հոս ձիւնը բաւական եկաւ, ծածկեց հիւղերը, որուն ներքնակողմը մսող թշուառը ըսաւ. «Ահա մեզ ծածկելու համար Աստուծոյ ղրկած վերմակը » եւ դողաց. պատանքի մը պէս ցուրտ էր այն : Տաքցի՛ր այն վառարանին քով եւ մի՛ նախատեր զայն թէեւ նժդե՛հ ալ ըլլայ. եթէ անչքաւորութեան մէջ այն նժդեհութիւնն ալ չըլլայ ո՞ւր կը մնայ մեր ճակատագիրը, այն ճակատագիրը, որ զմեզ միացուց մանկութեան մէջ՝ այն ընկերական վառարանին շուրջը որ դպրոց կ՚ըսուի. միշտ ձանձրալի է այժմեան աշխարհը, անոր համար որ ուղեղին մէջ ջահ մ՚ունի . աշխարհի քաղցրութիւնը վայելելու համար այն դարին մէջ շնչելու է որ քուրձ կը հագնի եւ կը սիրէ. փիլիսոփայ աշխարհը ըսել կ՚ուզեմ , որ արդէն ուղեղներու մէջ կը սաղմնի Բայց հիմա սրտի ծալքերը թղթատելու ժամ չ՚է…
       Քու սիրալիր թերթիդ վերջը «Վարդան » կ՚ըսես եւ հառաչելով կը գոցես. բարեկամ, երբեք պէտք չ՚է յուսահատիլ մեր ազնիւ բարեկամին կացութեանը վրայ, որուն վրայ երեւցածը լոկ բնութեան մէկ ժամանակական ներգործութիւնն է, ինչպէս երբեմն Տ… եղբայրն ալ ունեցած է վաղանցիկ կերպով: Ասի իրենց ցեղին մէկ անվնաս օդերեւոյթն է… շատ մեծ յոյս ունիմք, որ քաջառողջ կը վերադառնայ:
       Այլ քու վերադարձդ ե՞րբ պիտի ըլլայ, պէտք է որ իմացնես եթէ գիտես կամ որոշած ես, արդեօք երբ մեր նսեմ ճակատները պիտի միանան…
       Քիչ մը առաջ նժդեհութիւնը ծաղրեցի, այլ անոր դառնութիւնը կը զգամ հիմա. ա՜հ, բարեկամ, միթէ մեր համազգաց սրտերուն յարայոյզ փոթորիկները իրարու հաղորդելու համար կը բաւե՞ն այս տկար թուղթերը, որոնք կրեայի չափ յամրընթաց են մեր մագնիսացեալ սրտերուն կայծերը տեղափոխելու համար սրտէ ի սիրտ…:
       Իմ վիճակս եթէ հարցնես՝ դեռ անորոշութեան մէջ կը ծփայ, կը տեսնեմ յուսոյ աստղեր, որ կը շողան. շատ լաւ, եթէ սեւ ճակատագրիս թեւերը չը փութան զանոնք պարածածկելու. առ այժմ անչափ չ՚եմ ցաւիր իմ վիճակիս եւ յուսահատ ապագայիս վրայ որչափ առաջ. ալ ոչինչ փոյթս է, միմիայն ընտանեացս բեռ չըլլալ, այս ] որ կը կորացնէ քամակս… Դեռ խօսելիքներս ուրիշ ատեն…
       Ի տեսութիւն
Պ . Դուրեան
       5 Փետրուար 1871
Սկիւտար