Անկլիական նամականի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

Լոնտօն…

Օգտակար պատմագիրը ո՞րն է. նա որ մեր պարտքը եւ իրաւունքը մեզ կսորուեցնէառանց վարդապետական ձայնի:
Վոլտէր

Բարեկամ, կ'ըսենթէ - պատմութիւնը մի հայելի է, որ ակներեւ կցուցնէ մարդկան գործերը, շարժմունքն ուայլեւայլ դէպքեր սակայն աւելի ճշմարիտ սահման մը տուած չե՞մ լինիր անոր, եթէ ըսեմ- պատմութիւնը մոգական լապտէր մ’է, որամէն բան մեծ կամ փոքր, որոշ կամ անորոշ կընծայէ աչաց` դիտողին ընտրղութեան եւտրամադրութեան Համեմատ- Ո՞ր հին ազգին ծնունդը, մանկութիւնը, արբուն հասակըբացորոշ գոյներով աւանդուած են մեզ, ո՞ր ազգը իր կենաց նկարագրութիւնը, իր ամէնպարագաները, ամէն գործողութեանց` թէ՛ ընկերական եւ թէ՛ քաղաքական պատճառներըքննաբանօրէն արձանագրած ունի, ո՞ր ազգը կրնայ ճակատը բաց պարծենալ, որ իրհիմնադիրը Արամազդ մը կամ անոր արբանեակը չէ…:
Երեւակայութեանընտանի խաղեր են մին է մթինը եւ անյայտը սէթեւեթ զարդարել ու պաճուճել, եւ ամէնինչ, որ հրաշալի, անմեկին, խորհրդաւոր եւ հսկայական է, այս գործին թեւ ու ոգիկ'ուտան, ըստ որում մարդուս դիւրահաւան բնութեան գգուելի եւ սնապարծութեանախորժելի են;
Ուստի զարմանքչեն, եթէ մի շատ ազգեր իրենց տոհմին ծագումը երկնից մոլորակներուն եւ աստղերունմէջ ելան որոնելու: Արեգակը, Լուսինը, Աստղիկը ու Օրիոն երկրիս վրայ զաւակներ ութոռներ ունեցան, որ իրենց հարց պէս լուսաւոր չէին դժբախտաբար, բայց երբորժամանակին եւ գիտութեան շնորհիւ երկրայինք փոքր-ինչ շիտակ տեսան, իրենցազգակցութիւն իբրեւ քերթողական հանճարի փալփլուն, բայց ստայօդ գոհար, դուրսնետեցին եւ խաւարը իր անունովը խաւար անուանեցին: Վասնզի չէ թէ հին զարմի, այլկորովիին եւ տեսականին վրայ ազնուականութիւն, արժանաւորութիւն եւ պարծանք գտան:
Եւ ստուգիւ ուրախեմ տեսնելու, որ հայոց առաջին պապր գտնելու համար ոչ Պագոսին խատուտիկ դուռը եւ ոչԱպողոնին բազմաձայն քնարը պիտի զարնեմ, այլ շիտակ կապուտակն Աթենասայ գիրկը պիտիիյնամ (չնախանձիս) եւ անոր քնքուշ մատիցը իմաստութեան բանալիները խնդրելով հայպատմութեան տաճարը պիտի մտնեմ:
Թէեւ գովելի է, որաս ազգին առաջին նահապետը մարդ է եւ ոչ աստուած կամ աստուածուհի, սակայն միւսկողմէ այն տաճարին անշուք շինութիւնը նկատելով` կը զարմանամ կը մնամ; Ոչ քանդակ, ոչ սիւնակ, ոչ անդրի ունի վրան: Չունի իր հնութեան ահազօրութիւնը, որ մարդուս ահու պատկառանք կազդէ, այլ կարծես թէ անոր ճարտարապետը նոյնիսկ բնութիւնն է, եւարուեստը իր կարկինով մասանց համեմատութիւն եւ հիմանց ամրութիւն չէ տուած:
Պատճառը դիւրին էգտնել:
Երբոր արեւելեանգահավէժ երեւակայութիւնը օր ըստ օրէ հմայիս եւ աստեղաբանից շնորհիւ հրէշներ կըժայթքէր իր պատմական եւ դիցաբանական աշխարհին մէջ, Հայաստան իր մէկ հատիկ ուկորովամիտ պատմիչը ծնէր էր, որ ճշմարտութեան մանգաղն ի ձեռին ահագին հարուածով կըյօշոտէր ու կը կեղեքէր բնիկ այլաբանական ծառին փուտումուտ ճիւղերը, եւ հայպատմութիւնը իր նախկին պարզութեան կը թերէր: Այս լաւ է: Սակայն ժիր պարտիզպանը իրսաստիչ շտապեն ու եռանդեն մի շատ պիտանի բողբոջներ ու երբեմն պտուղներ գետին կըկորզէր եւ հետեւապէս ծառին բունը կը մնար անտերեւ ու անզարդ, ճշմարիտը մերկ ուպաղ: Այս մերկութիւնն է ահա ցաւալին եւ այս թերութեան մէջ ընկաւ Խորենացին երբհերքեց, զանց առաւ նշանագրել Հայոց աշխարհին նախնական աւանդութիւնները, առասպելները, որոնք` որոնք որ ողջամիտին ծիծաղելի, քրիստոնէին դատապարտելի ուբթամիտին սքանչելի կերեւին, իմաստասիրին առջեւ բարոյական նշանակութիւն ունին ուպատմական պատկերին նկատմամբ արտայայտիչ ու գունատու ստուերներ են: Բայց թո՛ղ այսմէկդի: Եթէ միւս կողմէ ելնես հարցնես թէ առջի հայկազունք ի՞նչ կրօնական ծէսեր, ի՞նչ ազգային հանդէսներ ու արարողութիւններ կը կատարէին, ի հարկէ Խորենացին պիտիբանամ եւ նա պիտի մեկնէ ինձ որ Արծրունի, արծիւ ունի, Գնունի, գինի ունի, Անգեղ, ժահ դէմք ունի կնշանակէ: Ելիր հարիւ՛ր անոր թէ Հայկեան ու Արշակունեան պետութեանցկառավարութեան տեսակը ի՞նչ էր, թագաւորին, նախարարաց եւ ժողովրդեան մէջ որպիսի՞դաշն ու յարաբերութիւն կը տիրէին, ամէն մէկը ի՜նչ իրաւունք ունէր, իսկոյնԽորենացին նայուածքը գահի ու ծիրանիի մինակ դարձնելով` պիտի պատմէ քեզ մեծ ու պզտիկնախարարի իլիկը ծլիկն, արտօնութիւնները, մարտի, պաշարումներու, յարձակումներու եւայլն նկարագրութիւնը: Իսկ ժողովրդեան ոչ նիշը կայ եւ ոչ նշմարանքը, ու կարծես թէմինակ արբաքազանց եւ նախարարութեանց հայրենիքն է Հայաստան ու ռամիկը հոն անբան կամբացասական էութիւն մ’է:
Բայց այս ըսելովմի թէ այն վսեմ եւ արդարադատ գրիչը մեղադրել կ'ուզեմ, ամենեւին ոչ. ընդհակառակնմինչեւ տասն եւ Ութերորդ դարու եւրոպացի պատմիչներ իրաւասիրութեան կողմէ անորմէկրնան դաս առնուլ եւ հիմա սա խնդիրը մէջ կը բերեմ, թէ արդեօք ան ալեւոր ծերունինսոյն զանցառութիւնները դիտմամբ ըրաւ, թէ ոչ, իր ժամանակին բերմունքին նայելով:
Արդի Հայոց մէջչտեսայ գրութիւն մ’որ այսնիւթս քննաբանէ, թերեւս պատմագիրը վեղարաւոր լինելուն, հակնածութենէ, անոր մատ չենհամարձակիր դպցնել: Սակայն կը մոռնան, որ պատմիչ մ ինչ կարգ որ ունենայ, իր առաջինկարգն ու պայմանն է ճշմարտախօս մարդն եւ իբրեւ այն միշտ մեր մտադրութեան եւքննութեան արժանի: Ասկէ զատ ի՞նչ բանաւոր ղաս կրնայ քաղել ազգ մ իր սեփականպատմութենեն` եթէ պատմելոց, պատմողին եւ անոր ժամանակին ոգին ուշի ուշով չքննէ ուհետեւութիւն չհանե:
Յայտնի է, որնորածին ու վայրագ մարդկային ընկերութիւն մ’ոչ յիշատակարան, ոչ արձանագիր կ'ունենայ մինչեւ որ ընկերական բաւական հանդարտեւ յառաջադէմ վիճակի չհասնի, այլ իր նեղ շրջանին մէջ նշանաւոր թուած եղելութիւնը, այս է, մի ցեղապետի քաջագործութիւնը գազանաց դէմ արի արձակման մը պատմութիւնը, փայլակի, գետնաշարժի, տեղական հեղեղի երեւոյթը բերնէ բերան կպատմուին, կպտըտին, զարմանք ահ ու ապշութիւն թողլով ամէն տգէտ ունկնդրաց վրա: Սոյնպիսի անցքեր քանիկ'երթան բերնէ բերան, սերունդէ սերունդ կաւանդուին եւ դարէ դար աւանդութեամբայնքան կայլակերպին, կուռին, կը խոշորնան` որ յանկարծ բանահիւսի մ’երեւակայութեան գոյները առնելով ցեղապետը`Հերակլես, կենդանիները Հիդրա, փայլակը` Արամազդս շանթը, գետնաշարժը` Կիկլոպիկռանին մի շարժումը ու սահանքն ջրհեղեղ կը դառնան բոլոր իրենց պարագաներովը ուառասպելին հիմունքը շատ մ’ավազիեւ մի քանի քարի վրայ կդրուին:
Սակայն, երբյունական փիլիսոփայութիւնը եկաւ այն աստվածաբնակ Ոլիմպոսը, որ զաշխարհ Կը դղդդէր, տեղեն խախտեց, այլուր չկանգնեց ճշմարիտ պատմութեան հոյակապ տաճարը: Իրաւ մի քանիհատ անկիւնաքար բերաւ նոյն շէնքին համար, բայց այն ժամանակ անգամ այժմու առմամբբանասէր պատմաբանի ոչ գիրը կար եւ ոչ բնագիրը: Հապա ժամանակին տարեգիրը կամ դպիրըգիւցազանց գործերը, պատերազմներ եւ անուններ երբեմն այլաբանելով, երբեմնխառնիխուռն եւ կիսկտուր կը շարէր իրեն ամպոտ գլխուն հետքն ալ վրան դրոշմելով: Տակաւին մեր օրերը սկսան պատմիչներ անդին վար, վարը կեցող ժողովուրդ ըսուածկենդանիին ալ աչք մը նետել, հասկընալով, որ ամէն բան աշխարհիս մէջ անով եւ անորվրայ կը դառնայ եւ թէ իշխան-իշխան անոյ վարձկան ծառաներն են, որ` եթէ շեղակի կամխոտորնակ քալեն` իսկոյն գլխիվայր կընկնին
Ուստի այլեւայլազգաց բարքը, հիմնարկութիւնները, օրէնքը սկսան վերլուծել ու շատ անգամ ստոյգաղբիւրէ զուրկ լինելով անոնց առտնին գործողութեանց ու անցից դարձից նկարագրութենէիւրաքանչիւրին մտական, ընկերական եւ քաղաքական յառաջադիմութեան աստիճանները որոշելեւ այնպէս հին եւ նոր քաղաքակըրթութեան համեմատական չափը հաստատել: Պատմագրութեանմասին այս զգալի յեղափոխութեան գրեթէ առաջին հեղինակը եղաւ Վոլդեր իր Տեսութիւնբարուց եւ ոգուոյ ազգաց վրայ անուն գիրքովը, եւ որ մեծն Կարոլոսի դարեն սկսելովանաչառութեամբ մաղեց արկած, արարողութիւն, սովորութիւն, գիր, օրէնք եւ այլն, ուպատմական սուտ ու մուտ ու դէզադէզ ամպեր պատռելով հանեց եւ ստուգիւ ցցուց ազգացոգին, փոխեց իր գարուն մտածութեանց ընթացքը, սարսեց, արթնցուց Եւրոպայի հոյլբանականութիւնը, թօթափեց, ցնդեց Լոյոլայի աշակերտաց ձեռոք ժողովրդոց խմած թմբիրը, ու թէեւ սոյն կրօնաւորաց դէմ ունեցած անհնարին ատելութիւնը զինք տեղ-տեղխոտորեցուց, սակայն անուրանալի է, որ ինքն եղաւ մեծ ու լուսաւոր թուական մըբացողը. Հետզհետէ ուրիշ քաղաքագէտ պատմիչներ ալ ծնան, Ռոպերդսն 7, Պենդհըմ 8, Կիզոյ 9 եւ հիմա պատմագրութեան արհեստը չէ թէմիայն չոր ժամանակագրութեան եւ առասպելաբանութեան այլ իմաստութեան, քաղաքականութեան եւ բանադատութեան վրայ հիմնեալ է:
Արդ խօսքը հայպատմագրին բերելով` եթէ այս այսպէս էր հեւրոպայ, որչափ եւս առաւել ներելի կըգտնենք արեւելեանին ընթացքը, մանաւանդ երբ միանգամ դիտենք, թէ նա ու՞ր եւ ե՞րբկ'ապրէր, ո՞ր դասու մարդ էր, եւ որու՞ հրամանաւ պատմութիւն կը գրէր:
Քանի որ տապանըԱրարատ իջեր է, ի հարկէ Արարատեան եր֊ կիրները ի վաղուց անտի սկսան շէննալ եւհետզհետէ այնպէս նշանաւոր հանդիսացան, որ նոյն ինքն Խորենացին կըսէ` թէ յիշատակիարժանի էին: Ըսել է նաեւ թէ շատ հնութիւններ, շատ հետաքրքրական զրոյցնէր, երգեր կըգտնուէին Հայաստան սկիզբ են
մինչեւ ծերունիինժամանակը միջոց մը, որ շուրջ երեսունութը դար կբովանդակէ: Ինչու՞ զանց ըրաւ գէթըստ մասին զանոնք յիշատակագրելէ. նա չէ՞ր գիտէր թէ որչափ անբանական լինէինաւանդական զրոյցները, դարձեալ նոյն հին դարերու ոգուոյն մի թեթեւ նշոյլը կարող էինյայտնել. Այո՛, գիտէր եւ ինք անոնց արժէքը գիտնալով կըսէ: -”Մի արդէոք իւնականպերճ եւ ողորկ առասպելքն իցէն հանդերձ պատճառաւ, որք զճշմարտութիւն իրացայլաբանաբար յինքէանս ունին թագուցէալ”: Սակայն դարձեալ նա անբասիր կելնէ եթէ նախ`մտածենք, որ ծերունին Քրիստոսի զուտ եռանդով վառուած` անոր երկնային խրատներըքարոզողներեն եւ Հայոց ոսկի դարու սրբազան գոհարներէն մին լինելով` անկարելի էյուսալ, որ նա երթար Լուսաւորչայ ձեռոք մեհեաններու մարած կրակին մոխիրը խառնէր եւհայոց արեւպաշտական նոր թմրած յիշատակները յուզէր, որոնց ընդհակառակն եւ ոչնշմարանքը կ'ուզէին թողուլ:
Երկրորդ` ինքսարդէն իր առաքելական զբաղմանց պարապեալ` երբ Սահակ Բագրատունիին պատուերըկ'ընդունի եւ գործի կը սկսի, անշուշտ արագութիւն եւ համառօտութիւն իրպատմագրութեան հիմ կդնէ եւ կըսէ —”Եթէ զամենայն եղէալս եաշտարակագործութենէ մինչեւառ մեզ ի հասողութիւն քեզ ի մէջ ածել ջանայցեմք պատմութիւն, ե՞րբ ապա յըղձալին քոհասանիցեմք զրուցաց պատմութիւն, մանաւանդ զի առաջիկայս մեր երկար է գործ եւժամանակ մահկանացուաց սուղ եւ անեայտ, այլ սկսէալ ցուցից քեզ զմերն թէ ուստի՞ եւորպէս”: Եւ անդեն Մար Արաս Կ'ատինան ձեռք կառնու եւ անկէ կքաղէ հայոցազգին”Զաւագագոյն զարս եւ զնախնիս” ի բաց թողլով ամէն ինչ որ ժողովրդեան կացութէանկվերաբերին: Երրորդ` ընդհանրապէս հին պատմիչներ աչքի զարնող ու նորահաս դէպքերը իգիր կ'առնէին, ենթադրելով որ իրենց ապրած երկրին ներքին վարչութեան կամ օրինացծանօթութիւնը ամէնուն յայտնի է Չորրորդ` թէպէտեւ Խորենացին իր ժամանակիպատմութիւնը շարադրելու ատեն լոկ թագաւորաց գործերը յիշելով չշատանար եւ ուրուրեմն հասարակաց շինութեան եւ բարօրութեան, զգացմանց եւ յօժարութեանց վրայ կարճ իկարճոյ կը խօսի, երբոր ժողովուրդն իշխանական մեծ անիրաւութեան չդիմանալով` կխռովինու իրենց ազդեցութիւնը եւ իրաւունքը առաջ քշելու փոքր-ինչ կխլրտին, սակայն դարձեալնշանակելի բան է, որ ”Տէրանց կոյր հնազանդութիւն” սկզբունքը հայ պատմիչին գրիչըկ'ուղղէր, եւ որչափ որ քրիստոնէութիւնը հին բռնակալութեան ճանկերը թափեց կրկինթագաւորաց իշխանութիւնը եւ գահը իբր սրբանուէր ու երկնատուր շնորհ կը քարոզէր, հպատակաց անտրտունջ հաւատարմութիւն եւ անձնուրացութիւն կը պատուիրէր եւ հետեւապէսժողովուրդը իբրեւ հոտ գառանց շատ անգամ բնիկ կամ օտար իշխանի եւ բըռնաւոյի անխտիրկրակին կ'այրէր եւ անունը անյիշատակ կմնար:
Ահա ասոնք են, սիրելի Վուտ, գլխաւոր պատճառները, որ ըստ մասին պակասաւոր եւ նիհար թողուցին այոցհին պատմութիւնը, եւ որոց համար բնաւ մեղադրելի չէ Խորենացին, ինչպէս որ ցցուցի:
Սակայն այսվերիվերոյ խորհրդածութիւններս յարկ դատեցի ընել այն դիտմամբ, որ եթէ յետագայ գրովսհայոց նախկին քաղաքական վիճակը քննաբանելու ելնեմ, գիտցած լինիս, որ շատ տեղմութին խարխաբելով պիտի քալեմ եւ այն հարեւանցի տեսութիւնս ընելով հասկանալիճամփայ մը բռնած պիտի Լինիմ` արդի տարաբնակ հայերուն միտումները եւ հանգամանքը լաւեւս ըմբըռնելու: