Անկլիական նամականի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Լոնտօն…

Բարեկամ, պատմութենէ սիրոյ անցանք. անբնական անցում մը կ'երեւի, բայց իրօք զարմանալի չէ Մարդկային կենաց մէջ սէրն ամենէ մեծ, ազդու, թէեւ երբեմն թաքուն դեր մը կը խաղայեւ գրեթէ ամէն բանի մէջ կը գտնուի Քուկդ, որու վրայ մոխիր թափէր Էիր, նորեն կ'առկայծի Տկարութեան թէ ոչ կորովութեան նշան է ըսեմ: Այդ խառնուածքի խնդիր մ’է, բայց ըստ իս` թթուած կաթի կնմանի օթեկ սերը: Նամակդ կարդալով կարծեցի թէ կատակկ'ընես, բայց վերջը տեսայ, որ կ'ողբաս, կ'արտասուես, կը մոլորես եւ գերեզմանիդբոլորտիքը կշրջիս քնաշրջիկի մը պէս: Յիմա՞ր ես, Նելսոն, իմ մէկ նըշմարանքիս կըսպասէիր, որ սրտիդ դառնութիւնը յայտնես ինձ, հապա ի՞նչ պիտի ընէիր եթէ գրէի, որԼետի Իստհեմ իր աղջիկը լորտ Տենտիի հետ կարգելու կը պատրաստուի: Անտարակոյս շանթահարպիտի մարէի՛ր Հօր նահապետին ողբը պիտի սկսէիր, Պոսֆորի մէջ պիտի նետուէիր կամ ողջողջ գերեզման պիտի իջնէիր, այնպէ ս չէ՞: Բայց հանդարտէ՛, մի դողար, դեռ յոյս կայՄիայն ես` յուսոյ վրայ չեմ հիմնէր իմ ապագաս, շատ հաւատ չունիմ սիրոյ վրայ: Դոլնալ ատեն մը թերահաւատ էիր այս մասին, Լիլին քեզ Հաւատաւոր ըրաւ Հիմակ ինչու՞կտարակուսիս Կը յարգեմ զգացմունքդ, բայց բոլորովին տարբեր աչքով կը դատեմ Ըստերեւույթին` արեւելեան օդն ու ջուրը ջիղերդ թուլացուցեր են, սիրտդ շատ
ամոքեր են Ձայնդզինուորի մ’արիական ձայնը չէ այլ կը նկան մը մրմունջը: Միթէ Արեւելք սէր չկա՞: Մինչեւ այսօր այդ խնդրոյն վրայ գրելու կը զգուշանայի, որպէսզի սիրտդ չվիրաւորեմ իմդրական գաղափարներովս, բայց որովհետեւ կը պահանջես, որ խօսիմ եւ ինձմէ դարման կըփնտրես, ահա խօսքս, ահա դարմանս:
Պէտք է, որ մոռնասԼիլին, բարեկամ, վասնզի քեզի յարմար չէ Նախ որ լորտի մը դուստրն է, երկրորդ, որնշանաւոր լորտի մ’որդուոյն հետ նշանուած է, երրորդ, որ առաջին սիրով քեզ կսիրե: Լորտ մը չխոնարհիր փեսայ ընել պարզ զինուոր մը, Տենտի պատանին, թէեւ ապուշ, մեծգերդաստանէ է, իսկ առաջին սէրը միշտ դժբախտ վախճան մը կ'ունենայ Ասոր համն այդդժբախտութեան ձգած տխուր յիշատակներուն մէջն է: Փափաքելի կերակուրի մը կնմանի որմէշատ ուտելով անմարսութեան, հետեւապէս հիւանդութեան կը հանդիպի մարդ: Աւելի լաւ էչուտել: Առջի օրէն իբրեւ աղայական խաղ նկատեցի ձեր սիրային յարաբերութիւնն, որբնապէս պիտի մարի ըսի, եւ մտքես բնաւ չէր անցնէր, որ դու իբրեւ կենաց ու մահուխնդիր պիտի բռնես կենաս: Սթափի՛ր, բարեկամ, եթէ կ'ուզես երջանիկ լինիլ, ապա թէ ոչ`կարելի է քեզ դժբախտ ընելու դարման մը գտնել: Միջոցն է առեւանգել օրիորդն ու քովդուղարկել, որպէս թէ այդ կողմն պակաս լինէին հրաշակերտ արարածներ, վրացիյաւէրժահարսեր, սեւակն ու հերարձակ հրեշտակնեւյ Միթէ կը յուսա՞ս, որ Լիլի հաւանիգոցուելու: Փորձ մ’է, կընդունի՞ս այդ դարմանը, բարեկամ, թէ ոչ պատուով գործտեսնել, ծնողաց հաւանութեամբ շարժիլ կփափաքիս: Բայց այդ ընթացքին մէջ շատգոռոզութիւն ու քիչ վիպասանութիւն կը տեսնեմ: Անթեւ տատրակ մը շահէնին ճանկենխլելն է ճարպիկութիւնը: Եթէ դու սպասես, որ գան քեզի ըսեն -”Պարոն Նելսոն, դու շատընտիր ու ազնուասիրտ մարդ մ’ես, թէեւ դրամ չունիս, բայց Լիլին կը սիրես, այդկբաւէ, ա՛ռ ուրեմն այդ աղաւնին ու երջանիկ եղի՛ր”, շատ պիտի սպասես Այսպիսինահապետական կամ ասպետական խնամութիւններ հիմակ չեն կատարուիր. Սէրն ալՄայր-տումարին մէջ Պահանջքի ու Պարտքի հաշիւն ունի: Պարտուց սիւնակին մէջ շատ ծանրկը կշռես: Եթէ այդքան բուռն է սէրդ, բարեկամ, եթէ այդքաս կհալիս ու կմաշիս, պէտք էբուռն միջոցներ գործածել: Այն ատեն չեն հարցըներ, թէ դու չունեւոր ես, բախտախնդիրմ’ես, այլ կ'ըսեն -”Շատ ճարպիկ ու բախտաւոր է. լորտին լաւ խաղ մը խաղաց, թէ՛աղջիկը շորթեց եւ թէ՛ անոր գալիք ժառանգութեան մասը”: Ին՞չ կ'ըսես, Նելսոն, կատակիտեղ մի առնէր գրածս, լրջօրէն կխօսիմ, գործնական միջոց մը կը ցուցընեմ եւ ի հարկինքեզի պիտի աջակցիմ: Իսկ եթէ այս հնարքն անարժան համարիս, ուրիշ դարման մ’ալ կայ. արդէն ըսի, ջանա՛յ սրտիդ մէջ այնպիսի պատկեր մը քաշել, որ միւսը աւրուի…:
Բայց ուրիշկարեւոր, այլ մութ կէտ մը կայ նամակիդ մէջ ի՞նչ բանի կակնարկես… երբոր կ'ըսես, թէսեւ է բախտդ, թէ կը վախնաս, որ կենացդ վրայեն սեւ քօղը չվերցուի: Ին՜չ. միթէարատաւո՞ր ես, մեղապա՞րտ ես: Ինչու՞ բարեկամիդ ամէն գաղտնիքդ ու վիշտդ չեսյայտնէր: Իրաւ է, որ քիչ մը այլանդակ բժիշկ մ’եմ եւ տարօրինակ դեղեր կ'առաջարկեմ, վէրք շոյելու, հիւանդներն օրօրելու սովորութիւնը չունիմ, բայց ասով նուագ անկեղծչեմ: Գիտեմ փորձով, որ սէրն այլեւայլ պատահական պարագաներու, կազմուածքի ծնունդ է: Ոչինչէ մը կրնար ծնիլ. ոչինչ մը կրնար մարել եւ եթէ շատ անգամ դիմանայ, պատճառն ոչայնքան սիրական առարկային յատկութիւններն են, որքան սիրողին ինքնասիրութիւնն ուինքնհաւանութիւնը: Թերեւս, Նելսոն, դու այ անձդ աւելի կը սիրես քան թէ Լիլին. քննէ՛ վիճակդ. Սիրոյ վրայ քարոզ տալ չէ միտքս, բայց կարդա՛յ Պայրն, կարդայ Հիւկոյ 20, Թեքրեյ, տիկին Սդաել 21: Զուտ սիրով կապուած սիրտեր միշտ այդ սիրով չենմնացեր: Բնութիւնը փոփոխութիւն կսիրէ. իսկ մոլեգին սէր մ’ընտանեկան երջանկութեանգրաւական մը չէ: Դու գիտես, որ մենք Անկլիացիք աւելի հանդարտ, խոհեմ ու խորունկզգացմամբ կը միանանք մեր սրտին հատորին հետ. եւ սակայն դու, Նելսոն, այն մոլեգինվիճակն ունիս:
Աւելի չեմ ուզէրխօսիլ: Ընտրէ՛, պատրաստ եմ խնդիրդ կատարել, եթէ անբուժելի ես. ըսէ՛, Լիլինառեւանգե՞մ, ծնողացը մօտ միջնորդե՞մ քեզի համար, թէ ոչ, զինքը փորձեմ: Մտադիր եմտեսածս ու լսածս քեզի հաղորդել, այս պայմանաւ, որ դու ալ, Նելսոն, ինձմէ բանչպահես, եթէ ստուգիւ ղիս իբրեւ մտերիմդ կճանչես: