Անկլիական նամականի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Լոնտօն...



Բարեկամ, մերթղթակցութիւնն, որ այնքան զուարթ ու երբեմն օգտաւէտ էր քիչ քիչ ողբերգ մը կըդառնայ ու իր նպատակեն կը շեղի Նոր նոր բանէր կ'իմանամ, կցաւակցիմ քեզ, բայց`ճշմարիտը, քու յուսահատութիւնդ ու վարմունքդ աւելի անմեկնելի հանելուկներ կերեւինինձ, քան թէ կենացդ ու սիրոյդ նկարագիրը Յանկարծ ի՞նչ եղար, ու՞ր մնաց անկլիականվէսութիւնդ, որով ամէն կանացի ու թոյլ զգացումներ կ'արհամարհէիր եւ մինչեւ անգամմխիթարական խօսք մը նախատինք կը սեպէիր. Ես կարծէի, թէ դեղ մը գտնել դիւրին էր այդյուսահատ վիճակիդ ու այլեւայլ միջոցնէր առաջարկէր էի. Հիմակ կը մերժես ամէն բանինչպէս որ մերժէր էիր եւ ատեն մը Լիլին, իբրեւ, անհաւատարիմ սակայն ահա անորյիշատակին ստրուկն եղեր ես: Այլանդակ բան մ’է մարդու սիրտը, երբ սիրուի, ծանրենկքաշէ, երբ արհամարհուի կամ անհավատարմութեան հանդիպի, աւելի ես կբորբոքի: Շատհաւանական է, որ եթէ Լիլին յաւիտեան քեզի կապուած մնալու ուխտ ընէր եւ այդ ուխտըպահելու համար ամէն բան աչքն առնէր դու զինք գոհէիր քու եսասիրութեանդ ու բռնաւորմը դառնայիր անոր դէմ.


Բայց դիտողութիւնու հպարտութիւն մէկդի թողունք. քեզ պաշարող բուն երկու կասկածներ կան. առաջինն այսէ, թէ արդեօք Լիլին պատրե՞ց քեզ. երկրորդն այս է թէ արդեօք դու ան-ծնո՞ղք մարդմ’ես: Առաջին կիտին նկատմամբ` տեսայ որ տակավին Լիլին դու չես ճանչեր, բարեկամ. Կան սիրտեր, որ մէկ անգամ կը սիրեն եւ իրենց առաջին սիրողին կապուած կը մնան, թէեւմարմնապես ուրիշին կանցնին: Այս տեսակ սիրտ մ ունենալ կ'երեւի եւ Լիլին, որ` թէեւուրիշի հետ նշանուած, դեռ քեզի հետ կապուած է: Եթէ կարգուի իսկ, իր սիրտը քուկդ էԵրկրի վրայ շատ Շարլոդներ կան, որ մեր հասկըցած պարտուց ու բնական օրինաց մէջկմաքառին եւ պատշաճութեան, հասարակաց կարծեաց ու նորելուկ պատուոյ հա-մար կզոհուինԼիլի ոչ միայն կսիրէ այլեւ կդատէ, քու ծնունդդ, ստակդ, կերպպարանքդ չքննէր այլբնութիւնդ, ազնուութիւնդ, գործոլնէութիւնդ Լորտի աղջիկ է, ազնուական արիւն ունի, այլ բլեպեյեան սիրտ: Իրեն համար սիրելն ապրիլ է քեզ կսիրէ ուստի եւ դեռ կապրի: Եթէապրելեն դադրի` գիտցի՛ր որ սիրելեն դադրէր է: Անմեղութիւն, միամտութիւն համարէ՛, այս այսպէս է Խօսքկապ, նշան, պսակ, արարողութիւն նշանակութիւն մը չունին Լիլիին համար, երբոր սիրտերն անկապ են: Պատժոյ արժանի ոճիրմը կնկատէ սիրողի մը խօսք տալ եւ այդ խօսքը դրժելը: Բարեկամ, ես կը վախնամ այստեսակ ծայրայեղ սերէ, որ սովորաբար աղէտից կը հանգի եւ որ քիչ կը գտնուի աշխարհիվրայ, վասնզի շատ Լիլիներ չկան: Իսկ դու անգիտէր ես այդ խորունկ սէրն եւ կասկածներովդ վիրաւորէր ես էակ մ’որ անմեղութեան ու անկեղծութեան կենդանի տիպարմ’է. Թերեւս հիմա կերեւակայես, որ շատ կը գգուեմ այդ պատկերը, բայց կսխալիս, ինչպէս որ ես ալ ատեն մը սխալ զատէր էի Լիլին, ընդհանրապէս կանացի սեռին վրայ ունեցած կարծիքս հիմ բռնելով, մինչդեռ նա բացառութիւն մ’է եղեր: Ինչպէ՞ս, իմ քըննութեանց արդիւնքն ուրիշ անգամ պիտի յայտնեմ: