Հայկական նամականի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ա

Կ. Պոլիս, 9 դեկտ. 1867

Ազնիւ Ծաղիկ,

Իրաւունք ունիս. ես անգամ դժգոհ եմ լռութենէս. բայց ի՞նչ ըսեմ, խոստմանս ակամայ անհաւատարիմ կ՚գտնուիմ, ազգային լրեր քեզի հաղորդելու անկարեւորութիւնն եւ դժուարութիւնը կ՚զգամ. Ահա քեզ Մասիս, Վարագա, Ժամանակ, Մեղու, Կիլիկիայ, Մէճմուա, Արշալոյս, եւ այլն, որոնք անդադար ազգային լրեր կ՚հրատարակեն եւ եթէ չգտնեն, կ՚ստեղծեն։ Մոտ օրերս ալ հա յերէն պաշտօնական օրագիր մը պիտի լոյս տեսնէ, կ՚ըսեն: Ուստի երբ այսպիսի հմուտ, փորձառու եւ հին գրիչներ կ՚խօսին` ալ ինձ խօսք չմնար, թէեւ դու, բարի պտուղդ, կ՚պնդես թէ մարդս ազատ է իր կարծիքը` հիմնաւոր կամ անհիմն` յայտնել եւ Ժիրարտէնի իրաւունք մտածման անուն գիրքն առջեւս կ՚նետես:

Տեգարդ ըսաւ. Կ՚մտածեմ, ուրեմն կա՛մ։ Ժիրարտէն իբր եզրակացութիւն, կ՚ըսէ. Կ՚մտածեմ, ուրեմն իրաւո՛ւնք, պա՛րտ է մտածել: Բայց արի՛ տես, որ նոյն գիրքն իմ լռութեան դրութիւնս կ՚հաստատէ, կարծեաց ազատութիւնն անօրէն, անսահման կ՚ուզէ։ Միթէ ունի՞ս այս ազատութիւնը։ Սուտն իրաւը, պարսաւն եւ զրպարտութիւնը, մինչեւ անգամ ճշմարտութիւնն անպատկառ եւ անսանձ գրելը, պէտք է որ ներելի լինի, կ՚ըսէ։ Միթէ ունի՞ս այս թոյլտուութիւնն: Եթէ ունիս` ուրեմն Ծաղկիդ վերջին դադարման պատճառն ի՞նչ էր։ Եթէ չունիս` խորտակէ գրիչդ եւ ինծի պէս լուռ կաց, որպէսզի մտածման իրաւանց դէմ չգործես: Վասնզի ի՞նչ օգուտ ունի ուրիշի համար մտածել եւ այն մտածութիւնն ինչ որ է, բացատրելու արտօնութիւն չունենալ։ Սեւին ճերմակ կամ անոր մօտ բան մը, ճերմակին սեւ կամ անոր մօտ բան մը ըսելէն լռելն աւելի լաւ է: Բայց Արշալոյսը կ՚ըսէ եղեր, բայց Մէճմուան կ՚գրէ եղեր, թող գրեն, իրենց պաշտօնը այնպէս կ՚իմանան, ազատ են. սակայն գրելու ազատութեան մինակ մէկ անշահ մասը կ՚վայելեն, այն մասն, որմէ պէտք չունիմ:

Բայց մի կարծեր թէ Ծաղիկդ ալ միեւնոյն կարգը կը դասեմ։ Ասոնց մէջ տարբերութիւնը զգալի է անշուշտ: Որչափ որ Արշալոյսը շողոքորթելու կամ փտուն դատ մը պաշտպանելու, եւ Մէճմուան Հայոց դէմ թշնամանք ժայթքելու համար բացէիբաց կ՚գրէն, վասն զի գրելու արգելք չունին, նոյնչափ Ծաղիկը ճշմարտութեան մը նշոյլը բացատրելու համար գոցէ ի գոց կը գրէ, վասնզի արգելք ունի գրելու: Այս բաղդատութիւնն ըրի, չէ թէ այս կամ այն լրագիրը կտրելու եւ կամ Ծաղիկը գովելու, այլ միայն միտքս սա է հասկցնել, որ շողոքորթելու, թշնամանալու, ազգին մէջ երկպառակութիւն յարուցանելու համար գրելու ազատութիւն կայ, բայց որ եւ է ճշմարտութիւն պարզօրէն գրելու ազատութիւն չկայ: Ո՞վ կ՚արգիլէ այս ազատութիւնն. Անոնք, որոց վրայ խօսելու ազատութիւն չունիմ… վասն զի Թուրքաստան կ՚գտնուիմ եւ քանի որ աստ կ՚գտնուիմ, եւ դու ալ միւս կողմէ կ՚պնդես, որ գրեմ, ահա անդադար կանկ առնլու, կէտեր դնելու պիտի ստիպուիմ, որ տեսակ մը լռութիւն է։

Ուրեմն թո՛ղ Տեգարդ որչափ ձայն ունի գոչէ. Կ՚մտածեմ, ուրեմն կամ. դարձեալ անդին իր գոյութիւն ուրացող պիտի գտնուի: Թող Ժիրարտէն, Կ՚մտածեմ, ուստի մտածելու իրաւունք ունիմ, հետեւապէս խօսելու եւ գրելու, ըսէ. դարձեալ անդին օրէնքներ կան, որով գրիչները կապուած են:

Բայց այս արգելումը բաւական չէր, եւ ահա Ծաղիկը քաջ կ՚յիշէ, մանաւանդ թէ գրած է, որ հայ քաղաքագէտ բժիշկ պեյերէն մէկն օր մ՚ելաւ, ազգը կառավարելու համար, տպագրական օրէնք կ՚ուզեմ, ըսաւ եւ ազգային պաշտօնէն թաւալգլոր ընկաւ: Ինչ մեծ յաղթանակ, բայց ասոր արդիւնքն ի՞նչ եղաւ. Ըստ իս` ոչ ինչ: Արդէն տպագրական օրինաց անգիր շղթայ մը կար, ատենապետ պեյը սոյն շղթային օղակ մ՚աւելցընել առաջարկեց եւ առանց ժամանակիս ոգին նկատելու Ժամանակ հանդէսն օգնութեան կանչեց: Մէկ կողմէ տկար եւ երկչոտ քաղաքագիտի փորձ մը, միւս կողմէ լոկ ազգային կռիւները սնուցանելու մտօք տպագրական ազատութեան յաղթանակ մը, որուն դէմ հիմա ալ կրօնական ժողովը կ՚մաքառի կոնդակաւ: Բայց նկատմամբ մը բոլորովին ապարդիւն հարկ չէ հրատարակել այս յաղթանակն, որ առիթ տուաւ թերեւս շղթային նոր ձեւ մը, կերպարանք մը տալու, որ թերեւս գրգիռ եղաւ տէրութեան տպագրական կանոնաց խմբագրութեան եւ մօտալուտ հաստատութեան, թէեւ երկաթին, ինչպէս որ գիտես, ինչ ձեւ տաս` կլոր, ձուակերպ, քառակուսի ընես, դարձեալ անունը չփոխեր: Արդարեւ կ՚լսեմ, որ նոր տպագրական օրէնք մ՚արդեն գրուած եւ վեհափառ արքային վաւերացման ներկայացած է, մանաւանդ կ՚ըսեն, թէ ազատական սկզբանց վրայ հիմնուած է, եթէ երբէք տպագրական կանոն մը ազատութեան սկզբունքի հետ կարելի է ընտելացրնել:

Ուրեմն չեմ յուսահատիր, ես ալ գրելու պիտի սկսիմ, թէեւ բոլորովին ազատ երկրի ազատ մթնոլորտի մէջ շնչել, մտածել եւ գրել կ՚սիրեմ, թէեւ չեմ ախորժիր մէն մի բառս, մէն մի խօսքս կշռել, իմաստս ոճիս զոհել, որպէս զի թշնամին անոր մէջ ամբաստանութեան եւ դատի կէտ մը չնշմարէ, թէեւ չեմ դժկամակիր եթէ Ծաղիկն առ ահի իմ գիրս մերժէ եւ օրէնքը, զմր կ՚յարգեմ երբ արդար է, գրելիքս պատժոյ արժանի դատէ:

Ուստի պատրաստուէ, բարեկամ, հետզհետէ նամակներ ընդունելու: Այս ներածական գրութեամբս թերեւս երեւակայես, թէ անլուր եւ անասելի ճշմարտութիւններ պիտի յայտնեմ, ամէն տեսակ խնդիրներ պիտի յուզեմ, ամէն տեսակ քննադատութիւն պիտի ընեմ Ո՛հ, չէ, միամիտ եղիր, արդէն կերպով մ՚ակնարկեցի, որ ոչ հալածուելու եւ ոչ իմ պատճառաւս Ծաղիկը հալածել տալու փափաք ունիմ. ո՛չ: Նամանաւանդ` նամակի մը շրջանն եւ ոճը չեն ներեր երկայնաբան եւ վիճաբանող լինիլ, եւ նամակագրիդ գլուխն ալ ծանր բաներու վրայ գրելու կարողութիւն չունի:

Իմ նամականիիս էական նիւթը պիտի լինի ազգն, եւ գրչիս շարժառիթը` ճշմարտութեան սէրն: Ազգային կարեւոր անցքերն եւ խնդիրները պիտի շօշափեմ անցնիմ, քանի որ այժմ Կ. Պոլիս կ՚գտնուիմ:

Բ

Կ. Պոլիս, 16 դեկտ. 1864:

Ազգային երեւելի դէպքը սուրբ Երուսաղէմի Պատրիարքին Էջմիածնէն վերադարձն է: Արդէն քաջ գիտես, որ լոկ Երուսաղէմ բառը մարդկութեան եւ մասնաւորապէս հայութեան կենաց նկատմամբ հիանալի եւ ահռելի յիշատակներ կ՚յարուցանէ մեր մտքին մէջ:

Երուսաղէմ ծնաւ Աստուած մը, Երուսաղէմ դղրդեց բոլոր Եւրոպա, քանդեց նիւթապաշտութեան եւ մոլութեան արձանը, կանգնեց ազատութեան եւ լուսաւորութեան դրօշակն. Երուսաղէմ նորոգեց, կենդանացուց աշխարհիս թէ բարոյական, թէ ընկերական եւ թէ՛ քաղաքական դրութիւնն։ Երուսաղէմ մեր օրովը կրօնիւ, լեզուաւ եւ քաղաքականութեամբ տարբեր մեծամեծ տէրութիւններ Սէվասթօբօլի ամբարտակին առջեւը միացուց եւ Եւրոպայի քաղաքական ապագան իբր թէ վճռեց: Ի վերջէ Երուսաղէմ վերածնաւ ազգային Սահմանադրութիւնն եւ կ՚երեւի թէ տակաւին շատ բաներ ունի ծնելիք: Մի՛ Ժպտիր ուրեմն, երբ կ՚ըսեն թէ Քրիստոսի գերեզմանը լոյս կ՚ցոլանայ, հրաշքներ կ՚գործէ: Պատմութիւնը վկայ է այս սքանչելեաց: Ո՞վ չգիտեր, որ եթէ Երուսաղէմի Պատրիարք մը դրսէն ընտրելու խնդիրը չյուզուէր, առջի Սահմանադրութիւնը գողունի ստացուածքի պէս պիտի գործածուէր, ո՜վ կուրանայ, որ` եթէ Սահակ եպիսկոպոս մը պատրիարքութեան աչք չունենար, Սահմանադրութիւնը մեծազօր տէրութենէն արդի փայլն եւ դրոշմը պիտի չստանար. ո՞վ կ՚պնդէ, թէ Երուսաղէմի խնդիրը հայոց հոգւոյն թելերը չսարսեց, անոր կենսական տարերքը չյուզեց, ազատութեան եւ յառաջադիմութեան շաւիղը մտնելու գրգռիչ չեղաւ: Բայց Սահմանադրութիւնը թերակատար է եղեր, բայց Երուսաղէմի պատրիարքը դարձեալ ներսէն ընտրուէր է եղեր, բայց սպասուած ծնունդը վիժեր է եղեր։ Ուրեմն ի՞նչ օգուտ ունեցան այնչափ աղմուկ, փոթորիկ եւ արիւն քրտինք:

Ես ալ կ՚հարցընեմ, որ միթէ Սահմանադրութիւնը վերաքննելի եւ հետեւապէս կատարելագործելի չէ՞, միթէ կ՚կարծուի, թէ Եսայի եպիսկոպոսին Միաբանութենէ ընտրութեամբը յաւիտեան Պատրիարք ընտրելու արդի դրութիւնն անարատ` եւ հանրածանօթ նզովքն անխախտ կեցած է: Միթէ ճշմարտութիւն մ՚ապագային մէջ յաղթական կանգնեցնելու համար խաչ կրել մարդկային այժմեան իրերու կարգին մէջ չէ՞: Ամէն մարդ, որ քիչ մը խորհիլ գիտէ, ասոնց պատասխանը ինքնին կ՚գտնէ: Սակայն նամակիս գլխաւոր նիւթն այս չէ. ասի ժամանակին եւ պատմութեան կ՚պատկանի լուսաբանել.

Բուն խնդիրը սա է. Եսայի վարդապետն եպիսկոպոս եղաւ դարձաւ, բնականապէս պիտի երթայ այսօրերս դէպ ի Երուսաղէմ եւ սուրբ Յակոբայ վանուց նոր կեանք պիտի տայ։ Բնաւ, ամենեւին մի յուսար. կ՚իմանամ, որ Եսայի եպիսկոպոսը հակառակը կ՚պնդէ եւ շատ լաւ կ՚ընէ: Նա կ՚ըսէ եղեր. Իմ նախորդներս կ՚ըսէին. Եկաք հաստատել ուսումնարան, տպարան, թանգարան: Ես կ՚ըսեմ, չպիտի հաստատեմ ո՛չ ուսումնարան, ո՛չ թանգարան եւ ոչինչ: Թերեւս չխոստանար, որ կատարէ, բայց Սահմանադրութիւն կ՚հրամայէ, որ Երուսաղէմ ունենայ ուսումնարան, թանգարան, եւ այլն: Գրչի ծայրով դիւրին է այս բաներս հիմնել թղթի վրայ. բայց եթէ իրօք կ՚ուզուի ուսումնարան մ՚որ անբան միաբաններ բան ուսնին, թանգարան մ՚որ հին ու նոր դիրքեր պարունակէ եւ գլուխներու սնունդ տայ եւ ոչ ցեցերու, եթէ հարկ Է տպարան մ՚որ ընտիր եւ օգտակար գրեան ի լոյս ընծայէ, այն ժամանակ ստակ ալ հարկ է: Արդ` սա միջոցիս վանքին գանձանակը ստակ մը, փուլ մի չկայ, մանաւանդ թէ պարտք կայ, ահագին պարտք, թէեւ քանի մը թռուցիկ եւ անետ գլուխներ կ՚կարծեն թէ հոն ոսկեհանք կայ, թէ ազգին վաստակը միաբանութեան կոկորդը կը թափի, թէ բիւրաւոր ուխտաւորներ մինակ դարպաս տալու կ՚դիմեն ի սուրբ գերեզման եւ մօրէ մերկ դուրս կ՚ելնեն, թէ իւրաքանչիւր միաբան մեն մի Ռոշիլտ դարձած է: Է՛հ, ցնորք են ասոնք: Գիտցիք, որ Երուսաղէմի գանձն աւեր ու տունը քանդ է. հազիւ չոր հացի կտոր մի չարքաշ եւ կորովի միաբանից բերանը կ՚մտնէ, վանքին եկամուտներն ասոր անոր քսակը կ՚հոսին, արդի տարեկան հասոյթն ոչինչ բան է, կալուածոցը տէրը չէ եւ հոգին բերանը կ՚գայ ազգային պատրիարքարանի տարեկան հարիւր քսան հազարի չափ ղուրուշի տուրքը, զոր չորս տարիէ ի վեր վճարած չունի, տալու համար:

Այս դրամական կիսամեռ վիճակին մէջ թող Սահմանադրութիւնը բան չունի նէ գոչէ, որ Երուսաղէմ ուսմամբ զարգանայ եւ ազգին յառաջադիմութեան աջակից գտնուի անհնարի՛ն բան:

Բարեկա՛մ, այսպիսի փաստերու առջեւ արձաններն անգամ կ՚լռեն, իսկ այն, որ գլխին մէջ քիչ մը ըղեղ ունի ու դէպի անցեալն ակնարկ մը կ՚նետէ. կրնայ գուշակել, որ հին Սահմանադրութեան եւ նախորդ վարչութեան դէմ ահաւոր թումբ մը կանգնելու եւ ազգը տակն ու վրայ ընելու խորհուրդն առանց ստակի չէր քալեր: Երուսաղեմի գանձը պարապ է եղեր, ո՞վ չհաւատար. զարմանալին այն է, որ վանքը տեղը կեցած է եւ ցաւալին, որ գանձին բաժանումն ապօրինաւոր կերպով եղած է: Ազգին շնորհածն ազգին դարձած է իրաւ, բայց չէ թէ ուսումնական վարդապետի, դիրքի եւ ուրիշ ազգօգուտ բաներու կերպարանքով, այլ դարձեալ զուտ ոսկիի դէմքով: Ընդհանրապէս կրօնականք այս մետաղին արժէքը գիտեն, զանի չեն նկատէր, չեն թաղեր իբր հարստութիւն, այլ իբր գործիք կ՚գործածեն… նպատակի մը համար: Սէյ գաղղիացի տնտեսագէտն ալ ասկէ աւելի չպահանջէր:

Բայց միթէ այսչափ սնանկութիւն եւ զոհ փոքր մխիթարութեան նշոյլ մ՚ալ չունի՞: Այո, ուրիշ գանձ մ՚ունի, որ շատ սուղ նստաւ մեզի, այն է նորընտիր Պատրիարքն, որ ազգային յեղափոխութեան ծնունդն է, որ դառն յիշատակներ, աղէտալի պարագաներ պիտի մոռցընէ ազգին, եւ մանաւանդ Երուսաղէմի միաբանութեան դարաւոր թմրութեան աղտը պիտի սրբէ: Այս ալ ընելու համար կարծեմ թէ կանխիկ դրամ պէտք չէ. կամք, յարատեւութիւն եւ աշխատութիւն բաւական են, եւ այս յատկութիւններն Եսայի եպիսկոպոսին վրայ կ՚տեսնուին: Բաւական է, որ նա վանքին գանձուց ծակերը գոցէ, եկամտից աղբիւրները բանայ եւ թողու որ` ինչպէս ջրին աւազանն` անկորուստ լեցուի եւ հայութեան անջրդի դաշտն ոռոգելու գործածուի:

Ուրեմն Եսայի եպիսկոպոսը նոր թուական մը պիտի բանայ վանուց համար, եւ օրըստօրէ ազգին համարումը պիտի արդարացընէ: Մինակ կ՚ուզեմ դիտել որ Եսայի եպիսկոպոսն էապէս սուրբ Երուսաղեմի վանուց ցկեանս վանահայրն է, եւ իբր այն` վանուց, որ ազգինն է, մանաւանդ ներքին կարգադրութեան եւ Կանոնագրին գործադրութեան ուղղակի պատասխանատու Վարչութեան: Այժմ Սահմանադրութեան տրամադրութեանց համեմատ` կարող վանքերը նոր կոչում մ՚ունին, չէ թէ լոկ միաբաններ պահել, որ պահպանեն, աղօթեն եւ ննջեն, այլ ուսանին, գործեն եւ հովուեն: Իսկ միւս կողմէ Եսայի եպիսկոպոսն իբր Պատրիարք բոլոր հայոց պատկառանաց արժանի է, եւ թերեւս սրբազան տեղեաց Աթոռը հոգեւորապէս բարձր է, բայց քաղաքական նկատմամբ Կ. Պոլսոյ Ս. Պատրիարքի իրավասութիւնը բարձրագոյն է եւ միակ` որ Բ. Դռան առջեւ Թուրքիոյ հայոց ներկայիչն է եւ համարատու, որմէ կախում ունի իրօք Երուսաղեմի վանահայրն: Ուստի որչափ սերտ մնայ վանահայրը Ս. Պատրիարքին եւ կեդրոնական վարչութեան հետ, նոյնչափ ազդու կ՚լինի իր խօսքն եւ արդիւնաւոր իր աշխատանքը

Բարեկամ, բայց ես միշտ կ՚մոռնամ, որ նամակ է գրածս եւ ոչ ճառ., նամակագրութիւնը խօսակցութեան մօտ բան մ՚է, որու մէջ ամէն խնդիր կ՚յուզուի առանց խորունկը մտնելու, իսկ ես Երուսաղեմի խնդրոյն վրայ ծանրացայ մնացի, թէեւ իրօք ծանր է խնդիրն ալ եւ կրնայ աւելի խօսք վերցընել, եւ այս ալ կենդանի լեզուի կարօտ է:

Գ

Կ. Պոլիս, 23 դեկտ. 1864.

Երուսաղէմի Պատրիարքը դեռեւս այս տեղ է եւ պիտի մնայ մինչեւ որ Բ. Դռնէն պատրիարքական պէրաթն ելնէ, մինչեւ որ ազգային Վարչութեան կողմէն Երուսաղէմի Կանոնագիրը շինուի: Առջինը զուտ պաշտօնական ձեւ մ՚է. երկրորդը Սահմանադրութեան մի էական պահանջում, մանաւանդ պատրիարքական պաշտաման մէկ կարեւոր կէտը:

Ըստ Սահմանադրութեան, ինչպէս որ դիտես, Կանոնագիրն առաջ եւ ապա Պատրիարքն, եթէ ներելի է ըսել, պիտի շինուէր, որպէսզի այս` անոր գործադրութեան հսկէ: Բայց աննիստ Ընդհանուր ժողով մը, թերեւս կ՚յիշես թէ` ինչ կերպով Պատրիարքն առաջ կարգել որոշեց եւ կանոնն ետքի ձգեց: Պատճա՞ռ, որպէսզի Աթոռն աւելի եւս թափուր չմնայ։ Ասի սնոտի նկատում մ՚էր, իսկ այն կիսատ Ընդհանուր ժողովին կիսատ որոշումն ալ անսահմանադրական: Նորընտիր Պատրիարքն` առանց ձեռքը Կանոնագիր մ՚ունենալու` անգործ պիտի նստի, որով Աթոռին արդի վիճակը փոխուած չլինիր: Իսկ Ընդհանուր ժողովին դիւանն այն ատեն կտրուկ ճամբայ մը բռնել ուզեց, երբ տեսաւ որ երեսփոխանները մէկ տեղ գումարելու դժուարութիւն կայ: Հեռուէն գրով կարծիք հարցուց այս մասին, եւ կարծեմ յիսունի չափ ձայն գտնելուն պէս` նախապէս Պատրիարքն ընտրելու որոշում ըրաւ։ Դիւանին այս ոսկեզօծ հատը ժողովուրդը կլլեց եւ իր այս անտարբերութեամբը դեռ շատ բաներ ունի կլլելիք

Այս պարագան, որ արդէն մոռցուած` եւ կարելի է աննշան թուի, յիշելովս` միտքս Պատրիարքին ընտրութիւնն աւրել եւ Կանոնագիրն առաջ շինել ըսել չէ բնաւ, այլ ապօրինաւորութիւն մը նշաւակել, ապօրինաւորութիւն մ՚որ կրնայ ապագային մէջ նորանոր անպատեհութիւններ ծնիլ: Վասնզի եթէ այսօր կուսակցութեան պարագլուխ մ՚ելնէ ըսէ, կ՚ուզեմ, որ Պատրիարքն աթոռէն իջնէ կամ Քաղաքական ժողովը հրաժեշտ տայ, հերիք է, որ կերպով մ՚երեսփոխաններէն յիսուն քուէ հաւքէ: Այս քուէներն Ընդհանուր ժողովին վճիռը կազմելու չափ ոյժ պիտի ունենան հարկաւ` վերագոյն յիշած օրինակիս համեմատ, եւ հետեւապէս Քաղաքական ժողովը պիտի լուծուի կամ անոր նախագահը գահավիժի

Օրէն է, որ ընդհանուր ժողով մը մեծ մասամբ գումարուի, ներկայացած խնդրոյն վրայ խորհի, խօսի, վիճաբանի եւ յետոյ քուէ տայ եւ որոշէ։ Եթէ մեր երեսփոխանները կանխաւ ազգային ամէն խնդիրներու տեղեակ` եւ իրենց կարծիքը մաղէ անցած, զտուած եւ լուսավորուած լինէին, թերեւս ներելի լինէր նաեւ արտաքոյ կարգի պարագայի մէջ խնդրել, որ իւրաքանչիւր երեսփոխան իր նստած տեղէն կարծիքը կամ քուէն ղրկէ ո՛ւր որ անկ է, այն ատեն հարկ չէր լինէր նաեւ գաւառական երեսփոխանաց ներկայութիւնն այստեղ, եւ եթէ (Աստուած գիտէ երբ) ընտրուին, թերեւս հեռագրով բանակցին:

Բայց քանի որ փորձով գիտենք, որ մեր երեսփոխաններէն շատերը շատ նիւթերու վրայ կարծիք մ՚առանձին երկնելու կարողութիւն չունին, քանի որ ընդհանուր ժողովին մէջ մէկ քանի վարպետ գլուխներ եւ խօսուն լեզուներ կան որ ըստ քմաց ամեն բան կ՚մեկնեն եւ ստեպ իրենց համոզման ուրիշները համոզելու տաղանդն ու զօրութիւնն ունին, ի հարկէ պարտ է, որ երեսփոխանը իւրաքանչիւր խնդիր առանձինն ուսնելէն ետեւ` կանոնաւոր ատենի մէջ անոր վրայ ըստ կարի վիճին, որով Սահմանադրութեան պայմանը կատարելէն զատ` կարծեաց ընդհարումէն համոզում մը ստացած եւ ասոր վրայ օրինաւոր եւ հիմնական որոշում մ՚ըրած կլինին:

Այլ Երուսաղէմի վանուց Կանոնագիրն, որով պիտի կառաւարէ Պատրիարքը զմիաբանութիւնն, ո՞վ պիտի շինէ: Կեդրոնական վարչութեան խառն ժողովն, եւ պիտի վաւերէ զայն Ընդհանուրը: Կ՚իմանամ որ արդէն այս Կանոնագրին խմբագրութեան կ՚պարապին եւ վանորէից խորհուրդին, եթէ կայ, նոյնպէս Միաբանութեան կամ Պատրիարքին կարծիքը հարկաւ պիտի խնդրեն այս մասին:

Եթէ իմ կարծիքս հարցընող լինէր կամ եթէ ազգային Ժողովներու մէջ, որոց մէջ օտար եմ, ձայն ունենայի, պիտի առաջարկէի որ Կանոնագիրը չշինուած Երուսաղէմի վանքին բարոյական եւ նիւթական վիճակը քննուի, մեր վանական հաստատութեանը դրութիւնն եւ ոգին, որ բոլորովին տարբեր է եւրոպականէն, լաւ մը հասկցուի եւ ապա գործադրելի մի բան յօրինուի եւ ոչ մտածին կամ Մխիթարեան:

Ազգային վարչութիւնն, որ այժմ մութին կ՚գործէ եւ շատ ու շուտ կ՚գործէ, կ՚ըսեն, պէտք է որ յատուկ քննիչ մը ղրկէ ի Ս. Երուսաղէմ. քննիչ մ՚որ ասկէ առաջ լուսահոգի Յովհաննէս պատրիարքը հրաւիրելու, եւ սահմանադրապէս երեք պատրիարքցուներն ընտրել տալու համար ղրկուած հրաւիրակաց եւ քննիչին չնմանի, քննիչ մ՚որ ոչ տէր Հիւնքեար Պէյ եւ ոչ Գալուստ պատուելի լինի, որ ինքը չքննուի եւ չփորձուի, իմա չհրապուրուի, եւ ինքն աչ միաբան չդառնայ, քննիչ մ՚որ ազգին օգուտը սիրող, հմուտ, բանիբուն եւ ունեւոր մէկը լինի, որ վանքին ամէն հանգամանքն անաչառ եւ անհաշտ աչօք քննէ, որ միաբանից իլիկը ծլիկը զննէ, որ վանքին ելքն ու մուտքը, թէ սրբազան եւ թէ անսուրբ իրերը, նիւթական արդի կարողութիւնը հետազօտէ, հաշուէ եւ բոլոր այս կարեւոր կետերուն վրայ զինքը ղրկողին տեղեկագիր մը տայ: Այս քննութիւնն ոչ միայն շինուելիք Կանոնագրին հիմ պիտի բռնուի, այլեւ նորընտիր Պատրիարքին առաջին քայլն եւ առաջին փափաքը պէտք է որ լինի, եթէ իրօք կ՚փափաքի ցոյց տալ ազգին ինչ որ է վանքին արդի վիճակը, զոր կ՚ողբայ, եւ ինչ որ պիտի լինի յուսադիր վիճակը, զոր կ՚խոստանայ ի հարկէ երբ Վարչութեան աջակցութիւնը ստանայ։ Այս աջակցութեան առաջին փորձը պիտի լինի առաջարկած քննութիւնս. քննութիւն մի, զոր Սահմանադրութիւնն իսկ կ՚պահանջէ։

Արդ՝ քանի որ Վարչութիւնն անոր ուժովն իրաւունք ստացած է հաշիւ պահանջել Միաբանութենէ երբ որ կամի, տրուելիք հաշուին օրինաւորութիւնն եւ ճշտութիւնն ինչպէս կարող պիտի լինի վաւերել երբ վանքին ներսը դուրսն, ելածն ու մտածն ի մօտոյ քննած չլինի կանխաւ:

Այս յառաջարկութիւնս իմս չէ, արդէն շատերն ըրած են, եւ հիմակ եւս ընող կայ. այժմ այս ընողը չքարկոծուիր, անհաւատ չկոչուիր, վանքին գանձն, որ արդէն պարապ է, թալլել տալու ամբաստանութեամբ չհալածուիր, պապա բառն իբր ճիւաղ աչքին չերեւիր: Վասնզի այժմ սուրբ Յակոբայ վանքը Սահմանադրութեան առջեւ անառիկ եւ անհպելի դղեակ մը չէ, վասն զի այժմ վանահայրն Եսայի եպիսկոպոսն է, որուն խորհրդովը Վարչութեան կ՚պատկանի հիմնովին մաղել, շաղել, սրբել Միաբանութիւնը, վերականգնել տաճարն, անոր իրաւունքները ձեռք բերել եւ այնպիսի Կանոնագիր մը շինել, որ Սահմանադրութեան Համաձայն եւ վանուց վիճակին յարմար եւ արդիւնաւոր լինի:

Յ. Գ. Երուսաղէմի փոխանորդ Սահակ եպիսկոպոսը պատահմամբ մը տեսայ, գունատ, նիհար եւ աչացը լոյսը մարեր էր, անպատում վշտով մը ճակատը խորշոմէր էր: Ո՜հ, մեծ մարդ, այս վիճակին մէջ պիտի տեսնէի քեզ։ Առջի իրիկուն ալ անոր վրայ երազ մը տեսեր էի, զոր պիտի պատմէի անոր եթէ հետը մտերմութիւն ունենայի: Կ'երազէի որ Սահակ եպիսկոպոսը մեծահատոր գիրք մը կ՚յօրինէ, որուն նպատակը պիտի լինի ապացուցանել թէ` Ազգը սխալած է Երուսաղէմի պատրիարքի ընտրութեան մասին, եւ թէ ինքն այս պաշտօնին նախասահմանուած էր ի վերուստ: Այս գիրքն Եսայի եպիսկոպոսին կ՚նուիրէ: Եսայի եպիսկոպոսը նուէրը սիրով կ՚ընդունի եւ փոխարէն անոր ձեռքը գիր մը կ՚տայ: Սահակ եպիսկոպոսը գիրը կ՚բանայ եւ կ՚կարդայ սա խօսքն. Ազգին ձայնը Նախախնամութեան ձայնն է որ զիս կոչեց: Տո՛ւր փոխանորդութեանդ ՓՈՔՐԻԿ հաշիւն եւ ճանբայ ելիր:

Եթէ երազագիտութիւն ունիս` մեկնէ այս երազս խնդրեմ:

Դ

Կ. Պոլիս, 23 դեկտ. 1864:

Տեսայ, այո՛, հրաշագործ վարդապետն ալ տեսայ, նոր շնորհ, նոր լոյս, նոր եռանդ զգալ կարծեցի: Ո՜հ, ի՛նչ սքանչելի դէմք, ի՛նչ հանճարեղ գլուխ, ի՛նչ հիանալի լեզու: Ինչպէ՞ս նկարագրեմ անոր աննկարելի յատկութիւններն, ինչպէ՞ս պատմեմ անոր անպատմելի գործերը: Մանկութենէս ի վեր այս հրաշագործին անունը կ՚լսէի եւ անզուսպ փափաք մը կ՚տածէի զանի տեսնելու։ Տեսածս լսածիս մօտ ոչինչ է: Պէտք է, պէտք է տեսնել այս վեղարն, որուն շարժմամբ լեռները կ՚շարժին, տէրութիւնները կ՚վրդովին, ազգայինք կ՚փրփրին, ազգային ժողովներն իրար կ՚անցնին, լրագիրներն իրարու գլուխ կ՚պատռեն, եպիսկոպոսներն անգամ իրենց տեղէն կ՚թնտան եւ ազգը կ՚ելնէ կ՚ելնէ կ՚նստի:

Կ՚հաւտա՞ս. այս պաշտելի մարդն երեք տարիէ ի վեր կ՚հալածուի եւ այժմ դատափետ կ՚տառապի, յանդիմանութիւն, բանտ, աքսոր եւ մինչեւ անգամ մահ իր աչքին խաղալիկ կ՚երեւին։ Փչած տեղն ալեկոծութիւն կ՚հանէ։ Ազգային քաղաքական եւ. կրօնական ժողովները, Պատրիարքը, Կաթողիկոսը, Բ. Դուռը շանթեր կ՚արձակեն ասոր դէմ. նա կ՚ժպտի. նա` սար, ձոր, անդունդ եւ ծով կ՚անցնի, ամեն տեղ է, եւ միշտ նոյն տեղը կ՚տեսնուի, միշտ թշնամիներն` որ մեծ մեծ կ՚ջարդեն, ամօթապարտ ձգելու, իր առաքինութիւններն արեւուն պէս երեւան հանելու պատրաստ կ՚գտնուի։ Միթէ դրամ, սուր, վառօդ ունի՞ այս մարդն: Ո՛չ, իր զէնքը հրաշագործութիւն է:

Հրաշագործը Կ. Պոլիս անվրդով կ՚գայ, եւ մինչդեռ վարչութչունը կ՚խռովի, ահա որսն ինքնին թակարդն ընկաւ, կըսէ ու զայն ի դիպահոջ արգիլելու, ինչպէս որ Մասիսն ի պաշտօնէ գրեր էր, կ՚որոշէ, նա` նոյն միջոցին` Բ. Դուռն առօք փառօք նախարարաց հետ տեսութիւն կ՚ընէ: Պատրիարքն ահ ու դողով ու կէս բերան կ՚հրաւիրէ հրաշագործն որ հրաշք գործելէ դադրի եւ պատրիարքարան գայ, այս է պատուաւոր բանտի մը մէջ մտնէ. նա միշտ ազատ ու սիգաճեմ կ՚ճեմէ, եւ որու դուռն որ զարնէ` դռները կռնակի վրայ կ՚բացուին: Դու ամբաստանութեան տակ ես, կ՚փսփսան ականջին. ես ալ դատի համար եկայ, կ՚պոռայ հրաշագործն, եւ այնպիսի անվեհեր ճակատ մը կ՚ցուցնէ, որ կարծես թէ ինքը պաշտօն ունի իր դատաւորները դատապարտելու:

Իսկ Կրօնական ժողովն այս փորձանքն իր վրայեն կ՚թոթուէ կ՚նետէ առանց անարատ մնալու: Տասն անգամ յանձնաժողով կ՚կազմուի, որ հրաշագործը փորձեն, քննեն, տասն անգամ կ՚փորձուին եւ զինաթափ հետս կ՚ընկրկին։ Ո՜հ, միթէ սրբապղծութիւն չէ՞ հրաշագործ մը քննութեան տակ ձգել. միթէ հրաշք մը ստուգելու փորձ մ՚անբարշտութի՛ւն չէ՞ : Ուրեմն ինչո՞ւ համար դեռ աստ է եւ ոչ իր բնական վիճակին մէջ, որ է Քիւրտիստան:

Ահա ասի ինձի հանելուկ մ՚էր. հրաշագործ մը միշտ սուրբ է, հետեւապէս միշտ ազատ եւ անպատժելի: Այս հանելուկը լուծելու համար մանաւանդ` ահիւ եւ ակնածութեամբ հրաշագործին մօտ գացի, զանի ողջունեցի: Իր ոսկրուտ ձեռքն երկընցուց այնպէս որ պագնեմ: Սոսկում մ՚եկաւ վրաս. քայլ մ՚ետ առի. չիշխեցի իմ անսուրբ շուրթերս անոր սրբանուէր մատերուն հպելու, որուն մաքուր եւ թափանցիկ եղունգներն անշուշտ օրին մէկը մասունքի ոյժ պիտի ստանան:

Չէ՛, ըսի, չեմ արժանի այդ շնորհաց, շատ է ինձ քեզ տեսնելս: Իմ միակ հոգս է արդի վիճակդ իմանալ եւ աղէտիցդ նկարագիրը խնդրել:

Առ քեզ Հայլի մը, ըսաւ, որուն մէջ պիտի տեսնես իմ սիրտս, միտքս եւ գործս, եւ որուն նոր հաւելուած մ՚ունիմ ընելիք:

Հայլի ըսածը գիրք մ՚էր, սուրբին հեղինակութիւնը: Բացի, թերթերը քրքրեցի ու շատ մ՚անորոշ` կտրուկ խօսքեր, Սուրբ Գրոց վկայութիւններ, առակներ, ածուխ, գիշերահաւ, թիթեռ, մուն եւ մռայլ գտայ խառն ի խուռն։ Այս հայլին շատ մրոտ եւ աղտոտ է մտածեցի, եւ Սանքօ-Բանքօն, Տօն Գիշօդի երանելի սպասաւորը յիշեցի, որ միշտ սովոր էր իր տիրոջը հետ առակով խօսիլ: Ուստի դարձայ հրաշագործին ըսի.

Կ’աղաչեմ, Հայլիիդ աւելցնելիք մասդ քիչ մ՚աւելի պարզ գրէիր, որ ինձի պէս տկարամիտ անձինք հասկնան:

Հոգւոյն սրբոյ շնորհը վայելողը զայն կ՚հասկնայ, պատասխանեց: Միթէ մարգարէից գուշակութիւնները, Քրիստոսի ամեն առակներն ու առածները ժողովուրդը կ՚իմանա՞ր, միթէ Յովհաննու յայտնութիւնները Հայլիէն աւելի իմանալի՞ են: Օր մը պիտի գայ, որ Հայլին աշխարհ պիտի լուսաւորէ, այն օրն արդարներուն իշխանութեան օրը պիտի լինի։

Հրաշագործն իրաւունք ունէր, վասն զի գրածն ինքն ալ չէր հասկնար եւ Հայլին վսեմութիւնն իր մթութեանը մէջ էր: Ուստի սուրբին հետ վիճելու տեղ` լռեցի, եւ խնդրեցի, որ ինձի բացատրէ իր գործերուն վիճակը

Կը զարմանամ, ըսի, ինչո՞ւ հրաշքով մը չես ազատիր այս տաղտկալի դատէն, դիւահար ըրէ ժողովները, լուծէ Կրօնական ժողովին վճիռը, գրգռէ Ժողովուրդը .

Կ՚երեւի թէ դու նոր կ՚արթննաս, ըսաւ խոժոռ դիմօք հրաշագործն, եւ դեռ չես իմացած իմ գործած հրաշքս: Գիտցիր, որ ես անպարտ եմ, բայց կամաւ կ՚խոնարհիմ, որ բարձրանամ, արդէն հրեշտակներն եւ ժողովուրդը զիս իրենց սրտին մէջ (եթէ հրեշտակ մը սիրտ ունի) եւ գլխին վրայ կ՚կրեն: Կրօնական ժողովը վճիռ մ՚արձակած չէ ինձի դէմ, թէեւ կ՚պնդեմ որ արձակէ, եւ եթէ երբէք արձակէ` մեծ վիհ մը պիտի բացուի ազգին մէջ: Արդէն քաղաքական ժողով մը, որուն ատենապետէն քիչ մը սարսեցայ, խօսքը մեր մէջը, իմ խնդրովս դիւահարեցի եւ անհետ ըրի: Կրօնականն իբրեւ կաշառակեր ամբաստանեցի, այս քարը մարսեց եւ դեռ երես ունի նիստ ընելու եւ կոնդակներ գրելու: Քիւրտիստանէն ջատագովութեան գիրեր ուզեցի, եւ ստացայ. Սարգիս եւ Գեւորգ եպիսկոպոսներն ուզեցի, որ դատս քննեն. ուզածս եղաւ, Կաթողիկոսէն ներման կոնդակ խնդրեցի, եւ կոնդակն եկաւ, անօրէն դիւանապետին նոր ի նորոյ դիւանատան ծակերէն հանած ամբաստանական գիրերն անվաւեր հրատարակեցի, եւ այնպէս պիտի լինին: Այսօր ալ կ՚պընդեմ, որ Կրօնական ժողովը զիս աղաչէ, որ իմ կրկին հոգեւոր առաջնորդական պաշտօնս վերստին վարեմ, եւ իր աղերսն եթէ բանիս գայ, պիտի ընդունիմ: Իսկ այնուհետեւ ես պատւոյ դատ պիտի բանամ անոր դէմ։ Ասոնք փոքր բաներ կ՚կարծես, ո՞ր եկեղեցականդ, ո՞ր քաղաքագէտդ կարող է առջեւս ելնել: Եւ դեռ կան մարդիկ, որ իմ զօրութեանս վրայ կ՚թերահաւատին…:

Բարեկամ, այս խօսքերը Հայելիէն աւելի պայծառ գտայ եւ համոզիչ` եթէ ստուգուին: Նկատեցի նաեւ որ հրաշագործը սքանչելի խաղ մը կ՚խաղայ. մրցանակը պիտի տանի կարծեմ, ու եղի պէս ջրին երեսը պիտի ելնէ:

Ուրեմն լռութի՛ւն, նայինք այս հրաշալի կատակն ո՞ւր պիտի յանգի. նայինք սա սրբագումար Կրօնական ժողովն ի՞նչ պատգամ պիտի տայ, թող գայ պատգամն, որ ամէն մարդ գիտնայ թէ հրաշագործը բնական էակ մ՚է թէ ոչ գերբնական:

Առայժմ հրաշագործին աղօթից կ՚յանձնեմ քեզ։

Ե

Կ. Պոլիս, 28 դոկտ. 1864:

Քանի անհամբեր ես։ Միթէ կարելի՞ է ժամանակիս ամէն ազգային խնդիրները մի քանի նամակի մէջ ամփոփել, միթէ հնա՞ր է Պոլսի պէս տեղ մը ամէն բան տեսնել, դիտել ու կշռել: Ո՜հ, չէ՛, օտարական մը տաս քսան տարի անգամ նստի այստեղ, դարձեալ օտար է, տգէտ եւ նորեկ, վասն զի երկիրս տարասեռ տարերաց օթեւանն է։ Աստ Արկոս մը, Հերքիւլլես մը, Կրեսոս մը լինիս, դարձեալ աչքդ անորոշ եւ նսեմ առարկաներ պիտի տեսնեն, ոյժդ ընդունայն պիտի վատնի, ոսկիդ հովին պիտի ցրուի, վասնզի աստ հաղորդակցութիւնը դժուարին, ընկերական յարաբերութիւններն անկայուն, անհիմն եւ ուր ուրեք գաղտնի են. ազգային ոգի, հետաքրքրութիւն եւ մտաւոր բանակցութիւն հազուագիւտ են. մինակ օրական շահ, կին, թուղթ, գինի, նարտ, սուրճ եւ ծխախոտ` բնակներուն մեծագոյն մասին զբաղմունքը կ՚կազմեն:

Իսկ Զմիւռին ուրիշ դիրք, ուրիշ հեշտութիւններ ունի, մեր բնիկ փոքրիկ երկիրն ուրիշ համ հոտ ունի, որ թէեւ միակերպ կ՚բուրէ, թէեւ միեւնոյն բաներու վրայ լոյսը կ՚ծագի ամէն օր եւ նորանոր իրերէ զուրկ է, սակայն դարձեալ անոր օդը սիրտդ կ՚բանայ, անոր ջուրն աւելի անուշ կ՚գայ, անոր ծաղիկներն աւելի փայլուն եւ օրիորդներն աւելի հրապուրելի, թեթեւաշարժ, շնորհալի են, եւ թող շատ գեղեցիկ չլինին։ Այդ տեղ քայլ մ՚առնուս` բոլոր քաղաքը կ՚բոլորես, ձայն մը հանես մտերիմ եւ ուսումնական ակումբդ կ՚կազմես, գեղջկական զբօսանքի մը տենչը թէ սիրտդ գրաւէ` իսկոյն շոգիին ուժովը դէպի լեռ ու ձոր կ՚թռիս եւ յանկարծ զմայլելի եւ դալար արտի մը մէջ կ՚գտնուիս, ուր որ ընկեր եւ ընկերուհի թեւ թեւի տուած` ասդին անդին կ՚վազվզեն, օդին պայծառութիւնը կ՚վայելեն եւ օրն է կ՚անցընեն:

Եթէ սիրուհիդ տեսնել ուզես, սրտիդ մէջ այս իղձն այն ինչ կ՚ծնի, թէեւ այսպիսի իղձ մը մշտածին է, անոր կենդանի նկարն առջեւդ կ՚գտնես։ Իսկ այստեղ մղոններ կ՚քալես կամ կ՚նաւարկես, ու տակաւին նոյն տեղն ես. ծանօթ մը տեսնել ուզես, ամիսներ կ՚անցընես եւ չփնտրած ծանօթդ կամ անծանօթդ, եւ նոր իրեր կ՚տեսնես. արեւելք կոյս երթալ բաղձաս, ինքզինքդ հիւսիս կ՚գտնես, զուարճութեան դիմես, թշուառութեան կ՚հանդիպիս, եւ եթէ բնակարանէդ առտու մ՚ելնելէդ ետեւ` քանի մ՚օրէն տուն դառնաս, նա մանաւանդ ձեռքդ, ոտքդ չկտրած եւ դիակի պէս դառնաս, դարձեալ ինքզինքդ պէտք է որ բարեբաղդ համարիս, ինչպէս որ քաջ գիտես, կեանքը խիստ աժան է այս կողմը:

Այդ տեղ քաղքիդ մէկ խորշը շշուկ մ՚ելնէ, շուկան հակ մը պատռի, մարդու մ՚ոտքը սահի, թաղական խորհուրդին մէջ պատահմամբ որոշում մը լինի, Մեսրոպեան վարժարանին աշակերտի մը քիթն արիւնի կամ վարժապետի մը քունը կոխէ դաս տալու ատենը, խաչկալին գոյնը փոխուի, երկու բարեկամի մէջ աննշան վէճ մը պատահի, հարս ու փեսի մէջ փսփսուք մ՚անցնի սիրահար եւ սիրուհուոյ մէջ հառաչ մը յօդս ցնդի, օրիորդի մը մատը նոր մատնի մը փալփլի, պարտիզիդ մէջ տերեւ մը շարժի կամ ծաղիկդ ծուռ բուսնի, այս եւ ասոր նման դէպքերն, որ ընդհանրապէս մեր քաղքին նշանաւոր դէպքերն են, երկու րոպէի մէջ դուն կ՚իմանաս եւ հինգ րոպէ առաջ ժողովուրդն իմացած կամ գուշակած կ՚լինի, եւ քանի մը շաբաթուան խօսքի նիւթ կ՚տայ։

Իսկ աստ ամբողջ թաղեր կործանին, իրարու տուն փլեն, մարդիկ խումբ խումբ ծովամահ կորնչին, ազգային ժողովներն ազգն առնեն ծախեն, Սահմանադրութիւնն ըստ քմաց գործադրեն, դպրոցներն աւերակ դառնան եւ եկեղեցիներն ամայի, մեծ մարդիկ լիաձեռն ոսկի թափեն, տպարանները` նոր նոր գիրքեր, եւ լրագիրները` հազարումէկ լուրեր, դարձեալ այսպիսի նշանաւոր բաներն, եթէ երբեք պատահին, օրեր անցնելէն ետեւ, հազիւ թէ քանի մ՚անձերու հետաքրքրութիւնը կրնան շարժէլ եւ գրեթէ անտես կ՚անցնին:

Ուստի ինչպէ՞ս գութ չունիս եւ կ՚պահանջես, որ մանր գրեմ քեզ թէ արդի ազգային ժողովներն ինչպէս կ՚քալեն. Է՛հ, մերթ կրիայի եւ մերթ կայծակի պէս։— Թէ կեդրոնական վարչութեան ճիւղերուն մէջ ծագած վէճն ի՞նչ բանի վրայ հիմնեալ է։— Բո՛ւհ, անձնական կրից վրայ։— Թէ գաւառական վարչութիւններն երբ պիտի հաստատուին։— Օրէ օր, երբ Սահմ. գործադիր յանձնաժողով ըսուածն, որ գործ տեսած չունի, արթըննայ։— Թէ Մուշի խնդիրն ո՞ւր մնաց, Հա՛, հա՛, ուր որ էր ասկէ երեք տարի առաջ: Թէ Ուլնիոյ խնդիրն ի՞նչ լուծում առաւ, Լռութիւն, դեռ պիտի առնու։— Թէ ազգային ընդհանուր տուրքէն ո՞րչափ ստակ հաւաքուեցաւ. Վա՛յ վա՛յ, դեռ ոչինչ: Թէ՛ ազգին հիւանդանոցն ինչպէ՞ս կ՚ապրի. Տզրուկի պէս ազգին բոլոր եկամուտները ծծելէն ետեւ, դեռ անկուշտ է եւ չպիտի կշտանայ մինչեւ որ ազգին գլուխը չուտէ: Թէ Իւսկիւտարի գերեզմանատան դատն ի՞նչ արդիւնք տուաւ, Ազգը վրայ տուաւ: Թէ Նոր Գիւղի եկեղեցւոյն արուն, որ Ճեզայիրլեանին վրայ Էր եւ որուն կէսն իբր մահլիւլ կ՚պահանջուէր երեք տարիէ ի վեր` ո՞ւր մնաց. Իր առջի տեղը կեցած է, բայց տէրն անյայտ: Թէ Չարսանճախի հարստահարիչ տէրէպէկիներն արժանաւոր պատիժ պիտի կրե՞ն. Այո, երբ նորէն հարստահարեն: Թէ Հաճինի հայերն ի՞նչ ջրի մէջ են. Արեան։— Թէ Պոլսի մերազնէից բարքը, վարքն եւ ընթացքն` ընկերական եւ ազգային, ինչպէ՞ս են, թէ… թէ…, բայց կ՚երեւի թէ այս հարցերուն վերջը պիտի չբերես:

Լա՛ւ, ուրեմն բացէ ի բաց կ՚կրկնեմ, որ այսպիսի եւ ասկէ աւելի կարեւոր ազգային նիւթերու վրայ խօսելու եւ խորհրդակցելու համար ժամանակ կ՚ուզեմ: Ըստ որում` եթէ բանս գործս ձգեմ եւ անմիջապէս մէկ գրով քու կամքդ, թէեւ ազգօգուտ, կատարելու փափաքիմ անգամ, դարձեալ չեմ յաջողիր Պէտք է շրջիլ պաշտօնական մարդոց հպիլ, ընկերութիւններ յաճախել, արտաքին թղթակցութիւնները սպասել եւ հետզհետէ այսպէս թուղթ մրոտել: