Երկունք Թ դարու

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Քեզ` որդեակ իմ սիրելի, ուրախութիւն իմ եւ մխիթարութիւն, որ երբեմն ի սուգ, ի լռութիւն եւ ի միայնութիւն մեր երկուսին կենաց տխրութեան, հօրդ հեղգ գրիչը ոգեւորեցիր գրելու զԹորոս, ա՛ռ, ընդունէ ի նուէր` որ զիս Յորդորեցիր` այս երկունք, ձա՛յն սրտի հայրենի հառաչանաց Ծերենցիս:

1879, Յունիս 1. Տփխիս

եւ նշան մեծ երեւեցաւ յերկինս, կին մի… էր յղի եւ ճչէր յերկնելն եւ բազում վշտօք մերձ էր ՚ի ծնանել… եւ ծնաւ կինն արու, որ հանդերձէալ է Հովուել զհեթանոսս գաւազանաւ երկաթէաւ:

Յայտնութիւն

 

ԳԼՈՒԽ Ա
ՍԱՍՈՒՆ

Հայոց Յ. թուականին եւ Քրիստոսի թուական 851-ին սաստիկ ձմեռ պատել էր Տարոնոյ գաւառը, դաշտը ձիւնը ծածկել ճերմկցուցել էր բոլորովին, իսկ Սասնոյ լեռը ձեան եւ սառոյցի զանգուած մ՚էր ահարկու: Ո՜վ կ'ըսէր թէ այդ բարձրութեան մէջ, այդ սառնամանեաց մէջ կեանք եւ մարդկութիւն կը շնչէին:

Վարը դաշտը` Մուշ քաղքին մէջ մահ եւ լռութիւն կը տիրէին, եւ Տորոսի այդ սարը լի էր կենոք եւ շարժմամբ: Բուքը օդին մէջ շրջմոլիկ կը հոլովեր, մարդ ձիւներուն մէջ կ'ելնէր, կ'իջնէր, կը սողար, կը սահէր եւ այնպիսի եղանակին այնպիսի շարժմունք ընել այն լեռնաբնակ ժողովուրդը միայն կրնար, ժողովուրդ` որ ցրտին սաստկութեան եւ ամառուան տաքութեան դէմ միեւնոյն բուրդն զգեստը միայն ունէր եւ այծի մորթէ կօշկաձեւ օդ ոտից. գարի եւ մանաւանդ թէ կորեակ իրեն հացը կը մատակարարէին, վասնզի այդ բարձրութիւնն եւ ժայռերուն հողի սակաւութիւնն այն միայն կ'ուտար իրենց աշխատութեանց եւ սաստիկ տառապանաց: Իրենց բնաութիւնները հեռի էին ի միմեանց, եւ այդ պատճառաւ շատ անգամ իրարու լեզուն հազիւ թէ կ'իմանային, եւ լեզու թէպէտ հայ, բայց օտարացեալ կը համարուէր ի շրջակայից, եւ թարգմանի կարօտ իմանալի լինելու համար: Եւ այդ սարերու բարձրութեան մէջ ժողովուրդը անբաժանելի ունէր իւր նիզակը, որ իւր զօրութիւնն էր ընդդէմ գազանաց եւ ընդդէմ թշնամեաց եւ ի պաշտպանութիւն իւր իշիսանաց, որ ի Մուշ կը նստէին եւ որոց ակնարկութեան անմռունչ կը հնազանդէր տիրասիրութեամբ:

Բայց ի՜նչ էր պատճառ, որ այդ մրրկային ժամանակին բոլոր Խութ լեռը կը շարժէր: Մութը արդէն սկսէր էր իջնել, եւ բոլոր սասունցիք կը դիմէին լեռան հիւսիսային կողմը, որ դէպի դաշտ կ'իջնէր: Այնտեղ եկեղեցուոյ մը առաջ կանգնած էին երիտասարդ տղայք եւ տխուր դաշտին կը նայէին. շատին աչքերը արտասուք կը փայլէր, եւ ցուրտին հետեւանք միայն չէր այդ արտասուքը. դաշտեցիք տէին այդ երիտասարդքը, շղթայից եւ գերութեանց ազատեալ լեռը ապաստանէր էին, ոմանք զէնք ունէին, իսկ ոմանք անզէն էին:

Նոյն միջոցին տէրտէրը եկեղեցուոյ դռնեն կ'ելնէր, ուրիշ քահանայի մը ընկերակցութեամբ եւ մեծ ձայնով կ'ըսէր իւր լեռնցոց:

Տղա՛յք, շո՛ւտ, հիւրանոցը կրակ վառեցէք, այդ եղբարց ուտելիք բերէ՛ք. չէ՞ք տեսնէր, որ դոքա դաշտեցի են, այս մեր ցրտին չեն դիմանար. մենք էլ ձեր եւոեւեն կ'ուգանք:

Իսկ միւս քահանան լուռ, անխօս կանգնեցաւ, դէպի դաշտն ակնարկ մը ձգեց ուր բուքի ամպեն բան մը չէր տեսնուէր, վերջը դառնալով երիտասարդներովս, որ գլխիկոր եւ յուսահատ` աչքերնուն ծայրով իրեն կը նայէին.

Մե՜ծ է աստուած, մեծ է Լուսաւորչայ բարեխօսութիւնը, ո՜վ տղայք, ըսաւ, ինչ կը յուսահատ իք, այսօրուան յաղթողը վաղուան գերին կրնայ լինիլ, քաջ եղի՛ք, յանցանքը մեր իշխաններուն է, որ անհաւատին խօսքին եւ երդման կը վստահանան, եւ յիմարաբար կ'երթան նոցայ ճանկը կը մտնենք եւ ժողովուրդն էլ այդ անզգամներուն աւար կ'ընեն: Բայց աստուած մեծ է, մի՛ յուսահատիք:

Եւ կէս մը քայլելով, կէս մը վազեւով ամէնքը կը հետեւէին լեռնցի տէրտէրին, որ առջեւեն կ'երթար եւ կ'առաջնորդէր հիւրանոցը:

Այս շէնք մ՚էր մասամբ հողի մէջ թաղեալ եւ մասամբ հողէն դուրս, բաւական ընդարձակութեամբ, որ դուռ մը միայն ունէր եւ մէկ կողմը կրակարանը, ուր արդէն քանի մը ահագին կոճղ տաքութեան լոյս սկսէր էին ծաւալել իրենց մօտը, որ մեր կէս սառած երիտասարդաց մխիթարութիւն էր:

«Հիւրասէր, օտարընկալ եւ պատուադիր» սասունցիք իրենց աղքատիկ գարուոյ եւ կորեկի հացը, տաք թան ապուրը, չոր եւ աղի պանիրն ու լեռան մեղրը առատաբար դաշտեցի եղբարց առջեւ դրին, լցուցին, եւ իրենք էլ մէկ-մէկ պատառ առնելով խեղճերուն քաջալեր կը լինէին, որ ուտեն զօրանան. «Ո՞Յ գիտէ, եղբա՛րք, կ'ըսէին, կարելի է վաղիւ աշխատիլ պէտք լինի, եւ դուք զօրութեան պէտք ունիք: Կ'երէ՛ք, եղբարք, համարեցէք թէ բուն ձեր տանն էք»:

Այո, կ'ըսէր երիտասարդ դաշտեցի մը դառն ծիծաղով, բուն մեր տունն հիմա բաց երկնքին տակն է, իսկ մեր ընտանիքը, ո՜յ գիտէ Արաբիոյ ո՛ր կողմն կը գտնուին` եթէ ո՜ղջ են:

Եթէ ո՜ղջ են, կրկնեցին քանի մը երիտսւսարդք, եւ քանի մի ձեռք բռնցի ալք կը արբէին եւ ոմանք հացին պատառը արտասուաց աղով կը թանային:

Էլ ժամ էր, վասնզի այդ վայրկենին ոչ մէկոմն քով ախորժան չի մնաց բերանը հացի պատառ դնելու, եւ հիւրընկալ քահանան կանդնեցաւ «Զկերողս աստուած օրհնեսցէ», ըսաւ ու խաչակնքեց. եւ աչքը դէպի սրահին խորութեան դարձուց եւ մութին մէջ զննեց տեսաւ բազմութիւն աշտէից, որ իրենց փայլեն կը նշմարուէին, եւ բազմութիւնն այնչափ սկսէր էր շատնալ, որ մարդկային շունչի ամպ կը ձեւացըներ:

Գիւղապետ եղբարք, մօտ եկէ՛ք, ըսաւ տէրտէրը, ի՛նչ մթութեան մէջ կը ծածկուիք, երեւալու օր է, Սուրբ Կարապետ, Տարօն, նախարարք, իշխանք, քահանայք եւ ժողովուրդք մեր Սասնոյ լեռն ի վեր կը նային. ահա մեծ վանքէ եկած կոնդակը, եւ ձեռը ձգեց` ցցուց ժողովրդեան կրկին կնիքներով մագաղաթ մը, ե՞ս այս դիրը եթէ կարէնամ էլ կարդալ անօգուտ է, եւ դուք լեզուն չէք իմանար. բայց իմաստը ամէնքս գիտենք, այսօրուան բան չէ, հին պատմութիւն է. հարիւր տարի եւ աւեւի է, որ այդ նզովեալ արաբը մեր դաշտերը կ'իջնայ, կողողէ. եթէ Ս. Կարապետի օրհնենք չը լինէր, եթէ Լուսաւորչայ զօրութիւն չլինէր, այդ դաշտի երես մէկ` քրիստոնեայ չէր մնալ, հայուն անուն ոչնչացել էր Տարոնոյ մէջէ: Բայց մե՛ծ է զօրութիւն Քրիստոսի, այսօր արաբ կ'ուգայ, կը ջարդէ, գերի կը տանի հայը, վաղը հայը կիջնէ արաբին վրայ, ամէնքը կը ջարդէ, կիրճերը կառնու, մէկ հատ չի փախցնէր, բայց ի՛նչ օգուտ, երկու տարի չի տեւէր այդ նզով ազգը դարձեալ կ'ուգայ եւ աւելի զօրութեամբ եւ անհամար. հայը պէտք է համբերէ մինչեւ որ գայ` դանակը ոսկրին կռթնի` է՛լ համբերելու ճարը հատնի, այն ատեն սմքած գառը առիւծ կը դառնա, լեռն ու դաշտը կը գոռան. Հայը յանկարծ կանդնեցաւ, մեռելն էլ յարութիւն առաւ, անհաւատը դաշտը դիակով կը պարարտացնէ: Հարիւր տարի ըսի, հարիւր յիսուն էլ կայ, որ մենք այդ խաղը կը խաղանք, ոչ նոքա ձանձրացան զմեզ գերելէ եւ ջարդելէ, ոչ մենք զանոնք կոտորելէ ու անհետ ընելէ: Քայց աստուծոյ կամքը պէտք է կատարի, մինչեւ որ Ս. Կարապետ իւր զօրութիւնը ցցնէ եւ մեզ կարողութիւն տա բոլորովին ջնջելու այս անօրէն ժողովուրդը: Դուք գիտէք, եղբա՛րք եւ որդեակք, թէ մեր Բագարատ իշխանը ելաւ գնաց այդ անհաւատ արաբին, որ բարեկամ ինքզինքը կը ցցնէր, որ երդում կ'ընէր իր մարգարէին վրայ, իր օրէնքին վրայ, որ նորա վնաս ամենեւին չհասցնէ, եւ գիտէք ի՜նչ եղաւ. որովհետեւ մարգարէն սուտ էր, օրէնքն անօրէնութիւն էր, երդմունքին դրժեց. Բագարատը, զաւկները, ընտանիք, ամէնքը շղթայեց, ղրկեց Արաբստան, եւ ինք նստեր նորա Մշու պալատն, սառած մարմինը կը տաքցնէ, Լուսաւորչայ հաւատքը օրը հինգ անգամ կը հայհոյէ, եւ ա՛յդ Ս. Կարապետի աչից առաջ քթին տակ. աստուած այդպիսի բան չի ներէր, դորայ վրէժը կը լուծէ: Մինչեւ ե՜րբ ուրեմն քնենք, սասնցին ե՜րբ ցրտեն թմրած է, որ հիմա թմրի. եթէ արեւուն ճառագայթ այդ սեւերես ազգը կը զօրացնէ` ցուրտն էլ հայուն զօրութիւն պէտք է լինի: Գիւղապետ եղբա՛րք, խորհեցէք եւ ի՛նչ ընելիքնիդ որոշեցէք, վասընզի Ս. Կարապետ վտանգի մէջ է:

Քահանային տայս երկար քարոզեն վերջ խոր մռնչիւն մը ելաւ հիւղական սրահին մէջ, ամէն մարդ իւր ընկերոջ հետ կը խոսէր եղածին եւ ընելիքին վրայ, բայց ոչ ոք մեծ ձայն մը չէր արձկեր, իբրեւ թէ ամէն ոք կարծիք ունէր, բայց ոչ ոք քաջասրտութիւն զայն համարձակ խօսելու:

Վերջապէս երիտասարդ մը ելաւ ուժով ձայն մը ձզեց. «Եթէ ամէնքդ կը խօսիք եւ ոչ մէկդ կը խօսիք. ո՞ւր է Յովնան գիւղապետը, նա ինչո՞ւ չի խօսիր, միթէ՞ նա կարծիք չունի, եթէ նա կարծիք չունի ի՜նչ ենք կեցել. երթանք ամէն մարդ իւր տունը»:

Տղա՛յ, դու լուռ կա՛ց, ըսաւ ծեր մը սաստելով, խօսքը քե՞զ ընկաւ:

Մկր եղբայր, մի՛ սաստեր, տղան լաւ խօսեցաւ:

Ո՜ւր է Յովնան, Յովնա՜ն, Յովնա՜ն, գոչեցին քառասուն ձայն միաբան. եւ ահա սրահին մէկ կողմեն դուրս եկաւ միջահասակ մարդ մը, որ երեսին գոյնով տարբերութիւն չունէր ոչ ոքէ. արեւը, քամին, տաքն ու ցուրտը փչէր էին այդ երեսին վրայ. բայց երկու խոր աչքեր ունէր, որ երկու փայլոմն սլաք էին երկաթեայ եւ թափ կ'անցնէին, երբ նկատէին դիմացնին, սրտին խորը իբր թէ կը տեսնէին: Կլոր գլուխ, քառակուսի դէմք, ջղային, մսուտ կազմուածք, քառաոնի չափ տարիք, ահա՛ մարդը, որ Յովնան կը կոչուէր:

Յովնան ոչ միայն սասունցուոց անբաժանելի աշտէն ձեռքն ունէր, այլ մէջքն երկսայրի սուր մը գօտուոյն մէջ կ'երեւէր:

Խոսէ՛, Յովնան, դո՛ւ խոսէ, ըսաւ ժողովուրդը միաբերան, եւ երբ ամէնքը լռեցին` այսպէս խօսեցաւ Յովնան.

Մտիկ ըրէք ինձ, ով Խոյթի ժողովուրդ, եթէ դուք կ'ուզէք Ս. Կարապետ փրկել այդ նզով արաբներէ, եթէ դուք կ'ուզէք Բագարատայ վրէժը հանել` այս Ս. Սարգսի շաբաթը մի՛ կորսնցնէք, անհոգ մի նստիք. այս բուքը` ո՜յ գիտէ թերեւս վերջինն է այս ձմռան, քանի որ այդ տաք դժոխքի սատանաները սառած, թմրած, ընդարմացած նստել են մեր խեղճ քաղքցուոց տուները, քանի որ վառարան են չեն կրնար հեռանալ անօրէնները, ժա՛մ է նոցայ վրայ հարձկելու. փառք աստուծոյ, մենք լաւ անդամներ ունինք որ, ցրտուն ալ կը դիմանան, տաքուն ալ. իսկ թէ հարցնէք թէ ե՛րբ պէտք է յարձակիլ քաղքին վրայ` ես կ'ըսեմ թէ հիմա այս բուքին, այս ձիւնին. ասկից մինչեւ Մուշ կը հասնինք չորս ժամու մէջ եւ մենք քաղաք կը մտնենք, երբ աւազակները թմրած` առաւօտու քունին են ընկղմած. իսկ երբ քաղաք մտնենք, ամէն մարդ խղճմտանքին հարցնէ թէ ի՜նչ պէտք է ընել: Ահա՛ ես վերջացուցի:

Լռութիւն մը տիրեց աս խօսքերուն վրայ, եւ ոչ ոք ձայն չի հանեց, միայն բարի տէրտէրը այն ատեն պարտք համարեց ըսել.

Յովնան եղբայր, դու տեղեկութիւն ունի՞ս այդ մարդկանց սովորութեան վրայ, նյւցայ զօրութեան վրայ, որ այդպէս համարձակ կը խօսիս:

Ինչպէ՜ս չունիմ. ես երկու ժամ չի կայ, որ տունս եմ մտէր, այն օրէն, որ Բագարատ իշխանը անօրինաց գերի գնաց, ես հանգստութիւն չունիմ. ամէն կողմ շրջեցայ, ամէն տեղ դիտեցի թէ հնարք կա՞ր զնայ ազատելու. քսան-երեսուն հոգի լաւ հայ` լաւ քրիստոնեայ հետս առած ութ օր շարունակ նորա շաւղին հետեւեցայ. բայց տեսայ ճար չկայ, ամէն ջանք անօգուտ պիտի երթայ, եւ մեր կտրիճ տղայք փուճ զոհ պիտի երթան. դարձայ իմ ճամփես, ելայ Ս. Առաքեալ եկայ դիտելու համար թէ ի՞նչ կ'ընեն անօրէնները, տեսայ որ անհոգ եւ անփոյթ կը նստին, չէ՞ որ Տարօն գերեզման կ'ընեն, չէ՞ որ կենդանի ոչ ոք չի կայ: Եթէ իմ ձեռին այս առտու հինդ հարիւր մարդ լինէր` մէկ շնչաւոր այդ աւազակներէն չէր ազատէր:

Տէ՜, տղա՛ք, ի՛նչ կեցէր ենք… երթա՜նք, երթա՜նք, ուր որ Յովնան մեզ կը տանի, երթա՜նք, գոռաց մէկը:

Երթա՜նք… կ'ըսէին հարիւր ձայն մէկտեղ, եւ ժխոր մը տիրեց այդ ամբոխին մէջ, որուն մէկ մասը ներս չի կարէնար մտնել դռնեն դուրս մնացել էր: