Երկունք Թ դարու

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Կ'երթար Գուրգէն տխուր` բայց ոչ որպէս առաջ, սրտին վրայեն սոսկալի բեռ մը թեթեւցեր էր, վասնզի Հեղինէի վերջին խօսքերը իւր վրայ ազդեցութիւն ըրած էին: Ուստի ծանր եւ դանդաղ կը ճանապարհորդէր, ո՛ւր որ խեղճ գիւղեր գտնէր այն տեղուանք կ'իջնէր, սիրով շինական մարդկանց հետ կ'ընտանենար, որոնք սկզբան կասկածանոք իրեն կը նայէին, բայց վերջը բարեկամ դառնալով իրենց քաշածները նորա առջեւ կը դնէին: Այսպէս օրերով, երբեմն միշտ շաբաթով կը դանդաղէր իւր ուղեգնացութիւնը, ո՛ւր որ իշխանական ամրոց մը տեսնէր` շուտ կ'անցնէր, ո՛ւր որ գիւղական պարզութիւն կար` նոցայ գարի հացը, նոցայ մածունն իբրեւ թէ իրեն քաղցր էին: Այսպէս անցաւ Արտազ գաւառը, Աւարայրի ընդարձակ դաշտը ուր իւր նախահոր Վարդանայ հսկայ յիշատակը կանգուն էր հայ սրտերու համար. կը տեսնէր հեռուեն Մասիս լեռան գլուխը` ուր տեղացի ժողովրդոց համար միշտ կար եւ մնար Նոյայ տապանը. ուստի այս խորհրդածութեամբք կը մօտենար իւր դէմ եդեալ նպատակին` Բագրեւանդայ գաւառը, ուր իւր քեռին Քուրդիկ իշխանը կը տիրէր: Օդը արդէն սկսած էր մեղմանալ, ձիւները սկսած էին հալիլ, առուներն ու վտակները մէկ, մէկ ահագին գետ դառնալ, երբ տեսաւ մարդ մը, որ գլուխը կախած կ'երթար առջեւեն նիզակն ի ձեռին, հաստատ եւ ամուր քայլերով. այդ քայլուածքը եւ այդ շարժմունքը իրեն կը յիշեցնէր ուրիշ յատուկ անձ մը, որ չէր կրնար մտաբերել, ուստի ձիուն ձայն մը հանեց եւ նա քանի մը ոտք առնելով, մարդուն քով գտնուեցաւ:

Դո՞ւ ես, Յովնան եղբայր, ըսաւ: Իսկ նա առանց գլուխը վեր վերցնելու

Այո, Գուրգէն իշխան, ես ինքս` Յովնանն եմ:

Առանց գլուխդ վերցնելու զիս իմ ձայնե՞ս կը ճանչես:

Ժամ մը կայ, որ ես արդէն զքեզ տեսայ, երբ բլուրին գուխն էի եւ դու դեռ դաշտն էիր:

Ուսկի՜ց այսպէս կ'ուգաս:

Տարոնոյ:

Բայց այնչափ համառօտ պատասխաններ կ'ուտաս, որ պէտք է դադրեցնեմ խօսիլս:

Ինչո՞ւ, իշխան, ե՞րբ ինձի հետ խոսէր ես եւ առանց պատասխանի ես մնացեր:

Կ'ուզէի հարցնել թէ ո՞ւր կ'երթաս:

Լաւ՛, քեզի այդ էլ նաեւ զրուցեմ, Հայոց կաթողիկոսը տեսնելու կ'երթամ:

Անշուշտ իրեն առաջարկութիւն մը ունիս:

Ինչպէս չունիմ. կ'ուզես ա՛յն էլ իմանալ, լաւ՛, այն պիտի առաջարկեմ, որ կոնդակ մը հանէ բոլոր Հայաստան, ամէն տեղ նուիրակներ, քարոզիչներ յուղարկէ, որ սուրբ պատերազմի ժամանակը եկած հասած է, եւ նզովի այն ամէն մարդ, որ կարողութիւն ունի զէնք վերցնելու եւ չի շարժիր, այն ամէն հայ, որ հաց կրնայ տանիլ պատերազմողին եւ չի տանիր, նա` որ ձի եւ զէնք ունի` չի գործածէր` կը պահէ եւ ուրիշի չի տար: Վերջապէս պիտի յորդորեմ զինք, որ առանց դանդաղելու դա նստի Ս. Կարապետ, իւր բոլոր եկեղեցական դասով, եւ թէ իշխանները չի շարժին ինք ձայն արձակէ եւ ժողովուրդք կը շարժին:

Այդ բանի՞ն համար կ'երթաս, ապրի՛ս Յովնան, շատ պատուական հայ ես, եւ բոլոր Հայաստանի մէջ թերեւս քեզմէ աւելի հայրենասէր մարդ չի կայ այսօր:

Դու, իշխան, ուրեմն համամիտ ես այս խորհրդիս:

Բոլոր մտքով ու սրտով:

Եւ կը հաւատա՞ս, որ կաթողիկոսը ընդունի իմ առաջարկութիւնս:

Մեր եկեղեցականաց թուլութիւնը եւ անհոգութիւնը ճանչելով կը կասկածիմ, բայց չեմ կարծէր թէ մերժէ, կը խոստանայ, հաւանութիւն ցոյց կուտա…

Այս միջոցիս Գուրգէն էլ իջեր էր ձիեն եւ երկու հոգի այսպէս խօսելով կ'երթային եւ Ցոլակ իւր տիրոջ ետեւեն հանդարտ կը քայլեր. երբ Յովնան բոլորովին իւր սովորութեան հակառակ հարցական ձեւ առնելով`

Իսկ դու ո՞ւր կ'երթաս իշխան, ըսաւ:

Բագրեւանդ կ'երթամ` քեռուոյս` Քուրդիկ իշխանին:

Այդ մարդը Մամիկոնեան է. բայց Վարդան չէ:

Դու Ղեւոնդ մը միայն գտիր, ես քեզի տասը Վարդան կը գտնեմ:

Ճշմարի՜տ որ, եթէ Ղեւոնդը գտնեմ` Վարդան մեծը նաեւ չեմ փնտրեր:

Գուրգէն շուտ մը յիշեց այդ մարդուն խստութիւնը ընդդէմ նախարար եան խումբին, եւ ամենեւին պատասխան չի տալով շարունակեց ճամփան, մինչեւ որ մութը սկսաւ եւ գիւղը երեւցաւ: Երբ հասան ճամփան, որ գիւղին յատուկ էր, տեսաւ իշխանը, որ իւր ընկերը չէր զատուէր մեծ պողոտայեն, այլ կուզեր դեռ շարունակել.

Յովնան եղբայր, մի՛ գուցէ իշխանազուն մարդու հետ նոյն տան, նոյն գիւղի մէջ միատեղ չի գտնուելու համար ուզես ճամփադ շարունակել:

Գիւղ մ՚էլ առջեւնիս կայ, եւ ժամ մը չի քշէր. ես որ օր առաջ կ'ուզեմ Սասուն դաոնալ չեմ կրնար դանդաղիի բայց որպէսզի իմացնեմ թէ Գուրգէն իշխանը սխալ կարծիք մը ունի իմ վրաս, իրեն ընկերակից կը լինիմ եւ կ'իջնեմ գիւղս:

Եւ քանի մը վայրկեան ետքը այս մեր երկու բարեկամները նստած էին կրակին քովի անկիւնը, եւ շատ դիւրութեամբ իրարու կը համոզէին եւ շատ նիւթերու վրայ համամիտ էլ էին, վասնզի երկուքն էլ ապահով էին թէ գարնան Հայաստանի վրայ փոթորիկ կար հասնելու, թէ Հայաստան միահամուռ եւ միահոգի կրնար վանել ոեւիցէ՛ յարձակումն, թէ այդ բանի համար հոգեւորական իշխանութիւնն պէտք էր շարժիլ եւ շարժէլ, եւ թէ պէտք չէր սպասել բարբարոս թշնամուոյն, որ երկրին կեդրոնը հասնի, այղ խելօք շարժիլ, պէտք էր սահմանագլուխը անցած-չանցած թշնամին դիմաւորել ինչպէս քանի մը տարի առաջ Աղձնեաց պատերազմին մէջ ըրած էին հայք, եւ խորտակէր էին տաճիկը, եւ թէ ո՛վ որ թշնամուոյն հետ բանագնացութեան մտնէր, քանի որ նա Հայաստանի գաւառի մը մէջ կը բանակէր, նա էլ թշնամի հայրենեաց պէտք էր համարիլ եւ ամէն մարդ իրաւունք ունենալով ոեւիցէ՛ միջոցաւ զանի անհետացնել:

Այսպէս երկար խօսակցութիւն մը ունենալով այս երկու մարդիկը, համարմունք առին իրարու վրայ եւ խոստացան ոեւիցէ՛ պարագայի մէջ յաջողութեան եւ ձախորդութեան իրարու տեղեկութիւն տալ եւ օգնել: Եւ նոյն գիշերը Բագրեւանդայ աննշան գիւղին մէջ անցընելով, երկրորդ օրը միատեղ ճանապարհորդելէ վերջը մինչեւ Բլուր, ուր իշխանը իւր քեռին պիտի գտնէր, Յովնան կը շարունակէր իւր ճամփան` կ'անցնէր Երասխ, կ'երթար Դուին եւ իմանալով թէ կաթողիկոսն Յովհաննէս ժողով ունէր քանի մը երեւելի նախարարաց հետ, կը փութար ժամ առաջ հասնելու քանի որ չէին ցրուած:

Թէպէտ շատ լուրջ մարդ էր Յովնան եւ երկայն տարիներու փորձն ու տառապանք զինք ամէն արկածից դէմ ամրացուցեր էին, բայց դարձեալ, երբ մտաւ Դուին եւ մօտեցաւ կաթողիկոսարանին եւ տեսաւ բոլոր նախարարաց գունդագունդ ծառաները եւ թիկնապահ հեծելազօրքը հրապարակին առջեւ, որոց առջին սասնցի լեռնականն անարդ արարած մ՚էր, երբ դռնեն ներս մտնելու համար պէտք էր խօսք չի հասկցող ամրագլուխ դռնապանին հետ վիճել եւ համոզելու համար շատ մը լեզու թափել, եւ երբ մեծ դահլիճին ղռանն առջեւ հասնելով նոյն արարողութիւնը աւելի հնարագիտութեամբ պէտք եղաւ գործածել` ան ատեն ճշմարտապէս յոգնութիւն իմացաւ:

Բայց արդար լինելու համար պէտք է ըսել թէ այդ դահլիճին մէջ գումար եալ ժողովը գոնէ ըստ երեւոյթին շատ ծանրակշիռ էր, հոն ժողովեալ էին բացի կ'աթողիկոսեն` Սմբատ Բագրատունի Սպարապետ Հայոց եւ իր որդին Աշոտ իշխան եւ նոյն Բագրատունեաց տոհմեն Աշոտ եւ Դաւիթ որդիք Բագարատայ, որ ի Բաղդատ կալանաւոր էր, Վասպուրականի Արծրունեաց տունեն Աշոտ մեծ իշխանին տեղ իւր եղբայրը Գուրգէն եկած էր փոխանորդաբար: Սիւնեաց նախարարութեան տունեն Վասակ մեծ նախարարը ներկա էր իւր իշխանոք. հոն էին իշխանն Գարդմանաց Կտրիճ, իշխանն Աղուանից Եսայի, իշխանն Ուտէացուոց Ստեփաննոս, իշխանն Արցախայ Ատրներսեհ Տէրն Խաչենոյ, եւ ուրիշ երեւելի իշխանք եւ իշխանազունք եւ շատ արքեպիսկոպոսք, եպիսկոպոսք զանազան գաւառաց Հայաստան երկրի:

Կաթողիկոսն Յովհաննէս իւր աջ կողմը Սմբատ Սպարապետ եւ ձախը Վասակ Սիւնին ունելով, սկսաւ երկայն պատմութիւն մը ուր գլխաւոր եւ տիրող իմաստն էր թէ` «Աստուած զայրացեալ Հայաստանի բնակչաց չարագործութեանց եւ մեղաց համար, իւր բարկութիւնն անպակաս էր ըրեր հայ ազգին վրայեն, ուստի պէտք էր ապաշխարել եւ մեղայ գոչել, եւ շուտով դեսպան ղրկել Բաղդատ ամիրապետին, որ աստուծոյ բարկութեան գաւազանն էր, եւ հանդարտեցնել զանի ընծայիւք ու պատարագոք, որպէսզի սասնցուոց գործած յիմարութեան պատիժը չի տուժէ բոլոր Հայաստան»: Այս ատենաբանութեան վրայ` իւրաքանչիւր ոք նոյն խօսքերը միեւնոյն կւերպով կը կրկներ եւ նոյն դարմանը կը հեղեղէր, երբ երիտասարդ եկեղեցական մը մերձենալով կաթողիկոսին յայտնեց թէ սասնցի լեռնական մը կուզեր եւ թախանձանոք կը խնդրէր, որ ներս մտնէ ամենակարեւոր առաջարկութիւն մ՚ընելու համար: Կաթողիկոսը, որ առանց Սպարապետին խորհրդեան եւ ինքնիրեն բան մ՚ընելու անկարող մարդ էր, նորա երեսըէ նայեցաւ` եւ նա հրաման տուաւ ներս մտցնելու մարդը: Եւ Յովնան, երբ ներս մտաւ նիզակն ի ձեռին եւ անկեան մը զանի կրթնցնելով աջ առաւ եւ դահլճին մէջտեղ կանգնեցաւ իւր խութեցի պարզ հագուստներով եւ իւր պարկեշտ ու համեստ կերպով` նախ ամէն աչք զինք դիտեցին, եւ վերջը իւրաքանչիւր ոք սկսաւ հծծել իւր ընկերին այդ կէս վայրենիներուն վբայ, որ գազանի պէս լեռներու մէջ կը բնակէին եւ անսովոր կեանք կ'անցնէին:

Վերջապէս կաթողիկոսը ձայնը բարձրացնելով`

Դու ուզէր եւ խնդրէր ես այս ազնուակազմ ժողովին ներկայանալ եւ առաջարկութիւն մ՚ընել, մենք այնպէս կը կարծէինք թէ դուք անպիտան սասնցիքդ երես պէտք չէք ունենալ եւ համարձակիլ ազգին առաջ ելնելու, վասնզի ձեր յիմար գործողութիւնը շատ գէշ հետեւանքներ պիտի ունենայ ազգին համար. բայց դուք կը տեսնեմ թէ այդ էլ իմանալ չի կարէնալով ելեր եկեր էք մեզի խորհուրդ տալու, ուստի զրուցէ՛ տեսնենք ինչ որ քու սասնի մտքիդ մէջ կրցեր ես ձեւակերպել:

Իսկ լեռնցին ան ատեն իւր խոնարհ գլուխը երբ վեր առաւ` իւր երկայն մազերը ցնցեց եւ իւր փայլակնացայտ աչքերը երբ ժողովականաց վրայ պտըտցաց` արհամարհանաց զգացմունքը փոխուեցաւ, խոր լռութիւն մը տիրեց ամէնուն քով, լռութիւն նշան ուշադրութեան, որոշ եւ յստակ ձայնով այսպէս խօսեցաւ Յովնան.

Հոգեւոր տէր եւ մեծազօր իշխանք աշխարհաց Հայոց, կը ճանչեմ մեծ շնորհքը, որ կ'ընէք ինձ պէս ողորմելի լեռնցուոյ մը ունկնդիր լինելով: Ես եկայ իմ լեռներես մեր գործքերուն համար ոչ թողութիւն խնդրելու այլ ազդը փրկելու համար վերահաս վտանգէ առաջարկութիւն մ՚ընելու, բայց հիմա կը տեսնեմ թէ նախ պէտք է Սա սուն արդարացնեմ, վերջը առաջարկութիւնն ընեմ: Ի՞նչ ըրին սասնցիք. այն ինչ որ հինգ վեց տարի առաջ ըրին Բագարատ իշխան իշխանաց եւ Աշոտ Տէր Վասպուրականի: Ապուսէթ ոստիկանական իշխանութիւնը յանձնէր էր Մուսէի, եւ այս մարդը` ինչպէս սովորութիւն է տաճկաց` յանկարծ օր մը ելաւ Աղձնեաց որջերեն սաստիկ զօրքով մտաւ Տարօն: Բագարատ Արծրունեաց օգնութեան դիմեց, եւ Աշոտ իւր եղբայրներով եւ բոլոր Վասպուրականի զօրութեամբ հասաւ Բագարատայ. ես ներկա էի պատերազմին եւ Գուրգէն իշխան` ներկա հոս այս ժողովիս` նոյն պատերազմին երիտասարդ զօրավարաց մէկն էր, ուր զարկին կոտորեցին թշնամին, բանակը աւարեցին, փախստականքը բերդերու եւ անտառներու մէջ հալածեցին եւ մինչեւ Շահաստան սկսան պաշարել: Այս պատերազմեն քիչ մը ժամանակ վերջը նոյնպէս նոյն Ապուսէթ Ալի անուն ամիրայ մը կ'ուղարկէր Վասպուրական շատ զօրքով, որ արքունի տուրքերը հաւաքէ, նա էլ ըստ սովորութեան անօրէն ազգին, Աղբակ գաւառը դրած բանակը` հոնկից ասպատակ կը սփռէր բոլոր Վասպուրական, կը գերէր, կ'աւերէր, կը յափշտակէր, կապուտ կողոպուտ կը գործեր ընչից եւ ստացուածոց` այդ աւազակները կը յափշտակէին այր եւ կին, նոցայ ժառանգութիւնը` եւ նոցայ զօրքը իրենց անզգամութիւնը մինչեւ Անձեւացեաց տէրութեան կողմն կը հասցնէին: Արծրունեաց Տէրը դեսպան ղրկեց, յարկերը, տուրքերը տալ խոստացաւ, որպէսզի դադրի աւերմունքը եւ անզգամութիւնը, եւ երբ դեսպանը արհամարհեցաւ եւ անօրինութեան գործը կը շարունակուէր, յարձակեցաւ բոլոր Վասպուրականի զօրութեամբ անօրինաց վրայ, Ամիրան հազիւ թէ քանի մը հոգուով կրցաւ ազատիլ պատերազմեն, իւր զօրաց բազմութիւնը իւր եղբայրն էլ միատեղ սուրի բերան ջարդուեցան եւ երկիրը իրենց դիակամբք ծածկեցին. դարձեալ նոյն պատերազմին մէջ աջ թեւի հրամանատար սա` այս Գուրգէն իշխանն էր` եղբայր մեծի իշխանին: Ի՞նչ ըրին ուրեմն սասնցիք, հոգեւոր տէր եւ մեծազօր իշխանք, երբ տեսան Բագարատ դաւաճանութեամբք գերի եւ կապեալ ընտանեօք յուղարկեալ ի Բաղդատ, երբ տեսան բոլոր Տարոնոյ գաւառը աւար եւ յափշտակութիւն անօրինաց, կոտորածի եւ գերութեան արք, կանայք եւ տղայք մատնեալ, Ս. Կարապետ պաշարեալ բարբարոսներէ եւ բոլոր յոյսը սասնցուոց մնացեալ, իջան իրենց վեռներէն եւ նոյնը ըրին, ինչ որ Բագարատ, Աշոտ եւ Գուրգէն իշխանները ըրած էին: Յանցա՞նք էր հայ քրիստոնեայ եղբայրը ի սրոյ, ի շղթայից ազատել, յանցա՞նք էր Քրիստոսի մզկիթ դարձած եկեղեցիները Քրիստոսի դարձնել, յանցա՞նք էր Ս. Կարապետի վրայ հրով եւ սրով եկողները սուրի մատնել: Եթէ սասնցուոց ըրածը յանդիմանութեան արժանի է, ուրեմն արդար եւ իրաւացի են այս անզգամ ժողովրդեան մեզ դէմ գործած ամէն չարութիւնքը: Բայց ան ատեն հետեւանքը մտածեցէք, տեարք մեծազօրք, հետեւանքը, որ հայ ազգին մէջ կրնայ փճացնել մինչեւ վերջին սերմունքը, որ Թադէոսի, Բարդուղիմէոսի եւ Լուսաւորչայ արիւնով ուռճացաւ այս Հայաստան աշխարհիս վրայ:

Մեզի այդչափ երկայն քարոզութեան պէտք չի կար, ըսաւ Սմբատ Սպարապետ հանդարտ խստութեամբ, դու առաջարկութիւնդ ըրէ, մեր հոգեւոր տէրը քեզ այդ բանին համար հրաման տուաւ խօսելու, եւ նայէ՛, որ ինչչափ կարելի է շուտ եւ համառօտ կատարես խնդիրքդ:

Աս խօսքերը եւ զրուցուածքին եղանակը կը յայտնէին, որ Յովնան փուճ տեղ կ'աշխատէր համոզել այնպիսի մարդիկ, որ իրենց մտքի դրածեն անդին բան մը չունէին ընելիք, բայց որովհետեւ սրբազան պարտականւթիւն մը կար այդ յիմար մարդկանց ճշմարտութիւն մը զրուցելու եւ զիրենք կորստենէ ազատելու, սկսաւ խօսիլ երկրորդ անգամ:

Մենք լեռնցի պարզ մարդիկ ենք, տեարք, աշխարհիս կառավարութենեն չենք հասկնար, բայց ցաւով սրտի կը տեսնենք, որ նոքա որոնց ձեռքն է ամէն կառավարութիւն` շատ անգամ թշնամուոյն խաբէութեան զոհ կ'երթան. իրենք մեծ մարդիկ են, իմաստուն են, իրաւունք ունին իրենց անձը եւ իրենց ունեցած գանձերը պահպանելու, մենք այնպէս կարծենք, թէ լաւ կ'ընեն, որ կը քաշուին իրենց ամրոցները վտանգի ժամանակ, թող տան ժողովրդեան եւ քահանայից հաւատքի պատերազմը պատերազմիլ: Ուստի այդ նպատակաւ Սասնոյ ժողովուրդը կը խնդրէ հոգեւոր տեառնես, որ օրհնութեան կոնդակ մը հանէ բոլոր Հայաստանի ժողովրդոց, զէն ի ձեռին յարձակելու ընդդէմ անօրինաց, որ կը պատրաստուին մտնել աշխարհքս բնաջինջ ընելու համար քրիստոնէութիւն եւ հայութեան անունը, կը հրաւիրէ իւր սրբութիւնը գալ բնակելու Ս. Կարապետի վանքը մինչեւ պատերազմի վերջը, նուիրակներ հանելու ամէն տեղ, որ դրամ, ձի, զէնք, պաշար ժողուեն բոլոր Հայոց երկրեն եւ հոն հասցնեն, ուր որ հայ զօրքը կեցէր կը պատերազմին ընդդէմ անհաւատից, կը խնղրէ խոնարհաբար…

Այս ի՜նչ խնդիրներ, այս ի՜նչ հրաւէրներ են, որ այդ յիմար լեռնցի մարդը եկեր այստեղ այսպիսի ժողովքի մը կը համարձակի առաջարկել եւ մենք հազար անգամ աւելի յիմար կը լինինք եթէ այդպիսի առաջարկութեանց համբերենք: Մե՞նք երթանք նստենք ամրոցները եւ մեր շինականքը զինուին պատերազմին որպէսզի զէնքերնին վաղը մեզի դէմ դարձնեն. եւ դուք այդպիսի խօսքեր լսելու համբերութիւն ունի՞ք:

Այս խօսքերը զրուցողը Գարդմանացուոց Կտրիճ իշխանն էր եւ արդէն ոտք ելնել եւ երթալ կուզեր, երբ զինքը խնդրանոք եւ բռնի նստեցնել տուին: Իսկ Սմբատ Սպարապետ դարձաւ այն ատեն Յովնանու եւ ըսաւ խստութեամբ.

Որովհետեւ մենք ներողամիտ գտնուեցանք, դու էլ դորայ փոխարէն համարձակութիւնը յանդգնութեան տարիր, եւ այսպիսի մեծ նախարարներ այդ խօսքերովդ նախատեցիր. եթէ իրօք այդպիսի խորհուրդներու կը համարձակին սասնեցիք, մեզ նախ պարտականութիւն կայ զիրենք պատժելու: Ուստի այդ քննութիւնքը մինչեւ որ կատարվխն պէտք է դու այստեղ պահուիս, վասնզի կ'երեւայ թէ դու ես այդ կարծիքները ժողովրդեան մէջ տարածող: Պահապա՛նք, այդ մարդը զգուշութեամբ պահեցէք:

Եկան զինուորներ եւ առին դուրս հանեցին Յովնան եւ իջուցին կաթողիկոսարանին բանտը, եւ վերը հայոց իշխանք եւ նախարարք Յովնանու խօսքերը մեկնելով սոսկալի հետեւանքներ կը հանէին իրենց իշխանութեան համար եւ ամէն խօսքերուն տակ դաւաճանութիւն կը տեսնէին:

Իսկ թշնամուոյն դէմ գործելու մասին ոչ ոք իր ընկերոջ հետ միաբան չէր, ոչ ոք չէր ուզէր իւր անձնական զինուորները իւր անձեն հեռացնել, ոչ ոք իւր սահմաններէն հեռանալ: Ուստի ինչպէս անօգուտ մտած էին ժողովքի, անօգուտ դուրս ելան, հեծան իրենց ձիերը, առին իրենց թիկնապահները, գնացին իւրաքանչիւր ոք իւր ընկերոջ դաւաճանութենեն կասկածելով եւ ցրուեցան իրենց գաւառները:

Բայց այդ բազմութեան մէջ, որ դահլիճին մէկ կողմը կեռած խօսքի չէին խառնուէր` կային երիտասարդ իշխանազունք, որոնց պարտականութիւն էր վուռ միայն կալ եւ յարգել իրենց հարց, հօրեղբարց կամ մեծ եղբարց ներկայութիւնը եւ լսէր Սոցայ մէջ ծանրագլուխ երիտասարդ մը կար նաեւ, որ ուշադրութեամբ ամէն բան կը դիտէր եւ մտիկ կ'ընէր: Երբ ամէնքը ցրուեցան` մօտեցաւ Սմբատ Սպարապետին:

Հայր, ըսաւ, միթէ՞ բաւական չեղաւ այդ սասնցուոյն պատիժը, եթէ հրաման տաս արձակեմ զինքը, որ երթայ իւր ճամփան:

Այո՛, շատ եւ շատ եղաւ, բայց ճշմարտութիւններն նաեւ ամէն տեղ պէտք չէ խօսիր Հօրեղբօրդ սիրական Յովնանն է գա:

Կը ճանչեմ, հայր, երթամ ուրեմն:

Շուտ մը վար իջաւ Աշոտ եւ հրաման ըրաւ պահապանաց իրեն բերել Յովնան. եւ առանձին սենեակի մը կը շրջագայէր, երբ սասնցին եկաւ նոյնպէս անխռով ինչպէս բանտ գնացած ժամանակ անխռով էր:

Յովնա՛ն եղբայր, ըսաւ Աշոտ, ինչ պէտք կար այս իշխանաց ժողովքին մէջ քու բոլոր կարծիքներդ յայտնէր մի թէ աւելի լաւ չէ՞ր լռիկ մնջիկ գործել` պատրաստել ժողովուրդը եւ վտանգի օրն ու ժամը հասնելուն գործի սկսիլ:

Յովնան պարզ էր, բայց պարզամիտ չէր, երիտասարդին, որ այսպէս քաղցրութեամբ կը խոսէր` նայեցաւ աչքին խորը հետաքննին կերպով եւ ամենայն ցրտութեամբ ու տխրութեամբ ըսաւ.

Իշխան, դու շատ սրամիտ երիտասարդ մը կ'երեւաս, ինձ հետ այդպիսի խորախորհուրդ հնարիմացութեամբ խօսելու պէտք չի կայ. եթէ կարէնայի այդ քու ըսածդ ընել` ժողովուրդը պատրաստել եւ կարեւոր ժամուն ոտք հանել թէ այդ իւր յիմար տէրանց դէմ, թէ այդ օտարահաւատ բռնաւորաց դէմ` այս րոպէիս կ'ընէի, բայց այդ լեռը շարժէլու հաւատք եւ կարողութիւն վերի զառամեալ եւ ողորմելի ծերուն ձեռքն է. ի՜նչ օգուտ, նա էլ այդ իւր զօրութիւնը չի ճանչեր եւ չի գիտէր ազգին օգտակար ընել: Իսկ այդ յիմար իշխանները, որ ինձի դէմ կը գոռային կամ կը մռնչէին, հինգ տարի ժամանակ չեմ տար իրենց, մէկ հատ մը պիտի չի մնայ, որ Բաղդատու ճամփան չափած չլինի, եւ չեմ գիտէր քանի՞ հատը իւր Քրիստոսը Մահմեդի հետ չի փոխէ: Ղեւո՜նդ, Ղեւո՜նդ, ո՜ւր ես, Հայաստան քեզ պէս մեծ մարդ, մեծ քահանայ, մեծ Քրիստոսի ծառայ մէկ հատ մը միայն բերաւ, ափսո՜ս, եւ հոն իւր ծննդական կարողութիւնը դադրեցաւ:

Յովնա՛ն եղբայր, ըսաւ երիտասարդ իշխանը, ինչո՞ւ այդպէս կը յուսահատիս, համբերել, սպասել, պարադաներէն օգուտ քաղել իմաստուն եւ հեռատես մարդուն առաքինութիւնն է: Տե՛ս, ահա այդ մեր օտարահաւատ թշնամին` թէպէտ զօրաւոր օրաւուր կը հալի` թէպէտ ահագին աշխարհաց ընդարձակութեան վրայ կը տարածէ իշխանութիւնը` բայց օրաւուր կը տկարանայ, եւ իւր մէջեն բաժնուելով պիտի կործանի:

Ո՜վ երիտասարդ, դու կը տեսնես թշնամուոյն իյնալը, կը մոռնաս, չես տեսնէր քու փճանալդ, քու ոչնչանալդ, դու` թէ որ միջոց ունենայիր ինքզիսքդ անվթար պահպանելու` ես էլ քեզի հետ նոյնպէս կը մխիթարուէի: Թողունք այս ողբալից խօսակցութիւնը, ի գործ դիր ի՛նչ հրաման որ ունիս մեծաւորներեդ:

Ազատ ես երթալու ո՛ւր որ կամք ընես, ընելու ի՛նչ որ ուզես:

Լաւ, իմ ժամանակս դեռ չէ հասած ուրեմն:

Եւ ամենայն հանդարտութեամբ աս խօսքերն ըսելով, աչքերը լորս կողմը պտտցուց իբրեւ թէ բան մը կը փնտրեր: Աշոտ իւր շարժմունքեն իմանալով փնտրածը` շուտ մը քակեց մէջքեն սուրը եւ ներկայացնելով Յովնանու`

Թէպէտ սորա տէրը մինչեւ այսօր այնպիսի քաշ մէկը չէ եղեր, որ պատիւ բերէ, բայց իբրեւ բարեկամական յիշատակ խնդրեմ, որ յանձն առնուս գործածել:

Բագրատունի իշխանի մը սուրը միշտ պատիւ կը բերէ:

Այս խօսքը զրուցեց սուրը կապելով, եւ երբ բերին տուին իրեն իւր նիզակն էլ, ձեռքը կուրծքին գրաւ, մնաս բարեւն ըսաւ, եւ ուղղուի ցաւ դէպի դուռը:

Ահա երիտասարդ մ՚էլ, որ կը խոստանայ, կ'ըսէր ինքնիրեն Յովնան, բայց ի՜նչ օգուտ, իւր սրամտութիւնը կրնա՜յ արգիլել, որ Հայաստան արիւններու մէջ չի թաթխուի, իբրեւ հնձան չի տրորուի: Երթանք, Յովնան, մեր Սասնոյ լեռները, սպասենք ինչ որ վճռուած է, «Բարկութեան, որ գալոց է» եւ յուսանք հաստուած եւ ոչ ի մարդիկ:

Այսպէս Յովնան ինքնիրեն իւր նիզակին` վրայ յեց կ'երթար` կը շարունակէր իւր յետադարձն անխռով եւ անսասան` բայց տխուր վասնզի չի կրցաւ շարժէլ եկեղեցական խումբը` ուսկից ինք յենակէտ մը շինել կը յուսար: