Երկունք Թ դարու

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Առաւօտուն երկու խումբերն իրարու հակառակ ճամփով կը բաժնուէին. Սպարապետին ձիաւորաց շքեղ խումբը կ'երթար Խլաթ թշնամուոյն երկրպագելու, իսկ Յովնանու լեռնականաց հետեւակ եւ աղքատիկ խումբը կ'երթար Ռշտունեաց Ոստանը թշնամին փնտրելու. եւ հարուածելու: Եւ թշնամին գտնելու համար ոչինչ դժուարութիւն չի կար, միայն պէտք էր աւերակաց եւ կոտորածոց հետեւիլ. այսպէս հասաւ Ոստանի վաճառատեղին, որ դիակոք եւ գերեօք լեցուն էր, վասնզի անողորմ արաբացիք մարդկանց գեղեցիկները եւ կորովիները միայն գերութեան արժանի կը համարէին, իսկ տղեղները եւ տկացները սրոյ կը մատնէին:

Այս դառն վիճակին մէջ, երբ խեղճ ժողովրդեան մնացորդը գազանաց ձեռքը մատնեալ յուսահատ կը սպասէր մահուան, յանկարծ հրեշտակաց փրկիչ խումբ երեւցաւ Յովնան իւր սասունցիներով: Դահիճները փախչելու ծակ կը փնտրէին, գերիները ազատութիւն կը գտնէին, եւ Յովնան վայրկենին` ինկած թշնամեաց զէնքերով կտրիճները կը զինէր եւ իր գունդը այսպէս ստուարացեալ` չի համարձակելով դիմել Ժիրակայ վրայ ի Վանտոսպ, կը յարձակէր Ածանայ ձորը, ուր իմաց տուին իրեն թէ արաբացի մեծ գունդ մը փախստականներու ետեւեն էր դիմէր: Հոն աչուըները վեր առաւ Յովնան եւ առաջին անգամ իւր սիրտը մեծ ուրախութեամբ լցուեցաւ տեսնելով, որ արաբացի խումբը կիրճի մը բերան կը կռուէր հայկական խումբի մի հետ, որ նիզակ, մանգաղ, պարսատիկ եւ աղեղն զէնք ըրած` քաջութեամբ կը դիմագրեր, եւ երբ սասունցիք իրենց սոսկալի աղաղակը ձգեցին եւ արաբացուոց ճամփան փակեցին, արեան գետեր սկսան վազել եւ հազիւ քանի մը հոգի կրցան փախչիլ երթալ Արտամէտ իրենց զօրավարին իմացնել պատահարը:

Այն ատեն ժիրակ առած զօրքերը ամենայն արագութեամբ Յովնան փնտրելու ելաւ: Իսկ սա հազիւ թէ մտաւ սստան` իմացուցին իրեն թէ արաբը հասաւ: Նահանջի ժամանակ չի կար, ուստի շուտ մը ամրոցը քաշուեցաւ եւ հողէ պատնէշներով ամրացուց ինչ որ խաթարեալ էր պարիսպներէն. դռներն ամրացնել տուաւ, եւ հրամայեց, որ փնտրեն բերդին մէջ եթէ կար ոք, որ տեղեկութիւն ունենար ելից ու մտից: Եւ ահա գտան եւ բերին բերդապահը, որ մեզի ծանօթ Խուրենն էր, որ արաբացուոց կոտորածը լսելով եկեր իջէը էր Արտոս լեռան ծործորներէն եւ մտէր բերդը միայն թաղած եւ ծածկածները զննելու, եւ որ հիմա սոսկումով կ'իմանար բերդին պաշարումը եւ շատ գոհ էր, որ գոնէ ընտանիքը լեռնեն չէր բերած:

Յովնան տեսնելով այս մարդը սկսաւ հարցնել եւ իմանալ թէ բերդը ինչ տկար տեղ ունէր պաշտպանելու, մի թէ կարելի՞ էր ծովեն նաւակ կամ լաստ գտնել եւ փախչել: Խուրեն այս հարցմունքներուն ուշադրութեամբ մտիկ դնելով եւ տեսնելով թէ այդ հասարակ մարդը շատ կը յարդէին իւր ընկերները, ըստ իւր սովորութեան ըսաւ.

Իշխան…

Լռէ՛, անպիտան շողոքորթ, ես էլ քեզի պէս սոսկական մարդ եմ, եղբայր չե՞ս կրնար զիս անուանէի զրուցէ միայն թէ այս քու բերդը գաղտնի ճամփայ մը` փախչելու տեղ մը ունի՞:

Ինչպէ՜ս չունի, եղբայր, ստորերկրեայ ճանապարհ մը կայ, որ բերդեն դուրս վարը կը հանէ:

Ո՞ւր վարը:

Ահա՛, սա հին եկեղեցին կը տեսնե՞ս, ճիշտ դորայ մէջեն է ելքը խորանին տակը. Սուրբ Ստեփաննոսի եկեղեցին է դա:

Այս մօտերս անկից մարդ անցած ունի՞:

Ինչպէ՞ս չունի, ես այս առաւօտ անկից ներս եմ մտել:

Շատ բարի, եղբայր, ապրի՛ս, աստուած բանդ յաջողէ. ըսաւ Յովնան եւ հրամայեց երկու ճարպիկ երիտասարդներու երթալ տեսնել ճամփան իւր բոլոր երկայնութեան մէջ եւ երբ կարելի է զգուշութեամբ դուրս ելնել եւ բարբարոսաց դիրքն իմանալ:

Եւ ինքն այն միջոցին կը դիտէր թէ ինչպէ՞ս թշնամին կը զեղանէր, կը տարածէր որպէսզի ամէն կողմեն բերդը պաշարէ, եւ իւր սուր աչքերը չէին բաժնուէր այդ Ս. Ստեփաննոսի եկեղեցիեն, որու դռան առջեւ քանի մը արաբացի զինուոր միայն կ'երեւային եւ որ վերջը թողին եկեղեցին եւ եկան խառնուելու ամբոխին հետ: Վերջապէս մեծ հաճութեամբ տեսաւ իր երկու խութեցիքը, որ աչալուրջ գողի պէս գլուխնին կը հանէին եկեղեցուոյն դռնեն դուրս զգուշութեամբ եւ ներս կը քաշուէին, վերջը` քանի մը վայրկեանեն կը տեսնէր, որ նոյն խութեցիներէն մէկը եկեղեցուոյն տանեաց վրայ դառացեալ կը շրջէր սողալով եւ ամէն կողմ կը դիտէր ու կ'աներեւութանար. «Ապրի՛ք տղաք, այսպէս պէտք է լինիլ միշտ», կ'ըսէր Յովնան ինքնիրեն եւ կը սպասէր նոցայ գալստեան, ու սաստիկ կը ցաւեր թէ ինչպէ՛ս այդպիսի փոքրիկ խմբով ելեր էր իւր չեռներէն: «Ա՜հ, եթէ հազար հոգի մը իմ գլուխս ունենայի փոխանակ այս հարիւր քաջերու, այդ երեսուն հազար աւազակաց խումբը կաքաւներու պէս կը ցրուէի հիմա: Տեսնենք, ո՛յ գիտէ թերեւս Աշոտ Արծրունին բան մը յաջողի ընելու. փոքրիկ յաջողութիւն մը բաւական է ինձ եւ ես շաբաթէ մը կ'ուդամ երկու հազար հոգուով իրեն օգնելու»:

Այսպէս կը խորհրդածէր, երբ տղաքը եկան եւ պատմեցին իրենց ստորերկրեայ արշաւանքը, եւ նա զիրենք վարձատրեց «Շա՜տ բարիք ապրի՛ք, որդեակք», ըսելով. այս բառերը Յովնանու ժլատ բերնեն մեր լեռնցիները այնչափ ուրախացուց ինչչափ որ Բիւզանդիոնի կայսերաց պալատականը կ'ուրախանային, երբ ինքնակալ տէրը բազմականգուն տիտղոսներ շնորհէր իրենց:

Ժամանակն սկսէր էր մթնել, երբ ինք առջեւեն մտաւ գետնուղին եւ ամէնքը ետեւեն հասան եկեղեցին, զգուշութեամբ ելան դուրս եւ առանց տեսնուելու սկսաւ յետադարձը, ու բոլոր գիշեր քալելով հասան Մոխրաբերդ, այդ բերդը թէպէտ կիսաւէր, բայց լաւ պատսպարան մ՚էր խութեցի գունդին, որ տարածուեցաւ քնոյ հանգիստ առնուլ եւ կազդուրիր Իսկ Յովնան ըստ իւր անխոնջ բնութեան եւ պարտուց, ամէն կողմ լաւ քննելեն վերջ` իջաւ ծովեզերեայ կողմը, բերդին նստաւ եւ կը դիտէր ծովը, որ շարունակ բարձրանալով կ'ընդարձակէր իւր սահմանը, կ'ողողէր ցամաքը, կը կլանէր շէն եւ անշեն. իւր հայրենասէր աչաց Հայաստանի պատկերն էր այդ տեսարանն, որ թշնամին կ'ողողէր, եւ այդ Մոխրաբերդ, որուն պարիսպներուն բարձրութեան սկսէր էր հասնել օրաւուր առատացեալ ծովը:

Այդ խորհրդածութեանց մէջ յանկարծ երկու նաւ տեսաւ, որ տկար հողմով հանդարտ կ'անցնէին Աղթամար կղզուոյ քովեն դէպ արեւմուտք դիմելով, վազեց գնաց առաւ իւր Սասնցի դրօշակը, որ սպիտակ լաթի վրայ կարմիր խաչ մ՚էր, եւ սկսաւ ծածանել օդին մէջ. ուրախութեամբ տեսաւ, որ նաւերը դէպ ծովեզրը ուղղեցին իրենց ընթացքը, եւ երբ դեռ բաւական հեռու էին, Յովնանու սուր աչքերը նշմարեցին հայ քանի մը իշխանազունք եւ ընտանիք էին, որ կ'էրթային եւ հաւանական թէ կը փախչէին: Երբ աւելի մօտեցան, տեսաւ, որ միջահասակ մարդ մը ոտքի վրայ կեցած, ղեկը ձեռին նաւը կը կառավարէր, տասնի չափ կանայք եւ տղայք նաւուն խորը նստած տխուր` լռիկ արցունք կը թափէին. ութ-տասը ազատորդի երիտասարդք վտանգեալ վահանները ձախ եւ աջով սուրերու վրայ յեց եալ իրեն կը նայէին, իրենց արիւնլուայ եւ պատառոտի ըզգեստներու վիճակը կը ցցնէր թէ կռիւէ նոր կ'ելնէին: Երկրորդ նաւը առաջնոյն հար եւ նման կերպարանք ունէր:

Փա՜ռք ազատողին, Խոսրով իշխան, ըսաւ Յովնան ճանչելով Ակէացին, որ ղեկին վրայ կանգնած էր. իսկ նա լի տխրութեամբ աչքերը երկինք վեր առած.

Փառք քեզ, տէր, փառք քեզ, հաղագս ամենայնի, տէր, փառք քեզ, պատասխանեց եւ իւր լայն կ'ուրծքեն մեծ հառաչանք մ՚արձակեց:

Մէկ-երկու նաւավար առագաստն իջուցին, մէկ-երկունք էլ պարսպին վրայ ցատկեցին ելան եւ նաւը մերձեցաւ. նոյնպէս միւս նաւն էլ անոր օրինակին հետեւեցաւ:

Եղբայր, ըսաւ Խոսրով, ապահով տեղ ենք յուսամ այս խաչի դրօշակին տակ:

Օրուան մը ապահովութիւն կրնամ տալ քեզ, պատասխանեց Յովնան, եւ այսպիսի ժամանակ` այս վայրկենիս չգիտեմ թէ Արծրունեաց տէրը կրնա՞յ այսչափ խոստանալ:

Շղթայներու մէջ ի՜նչ կարելի է, որ խոստանայ:

Շղթայներո՜ւ մէջ, այսքա՞ն շուտով…

Ինքն էլ եւ իւր որդին` Գրիգոր, Վահան Արծրունի եւ նորա ուրդին` Գագիկ: Մուշեղ եւ Հրանոյշ տիկին եւ մեծ տիկինն Հռիփսիմէ եւ ուրիշ շատ ազատ տանէ մարդիկ կապեալ եւ ուղտերու վրայ բարձեալ Ատրպատականէ Բաղդատու ճամփան յուղարկուեցան:

Բայց դուք պատերազմով կ'երեւայ թէ ազատած էք, ձեր վիճակը յայտնի ցոյց քչուտայ:

Մենք մեր ազատութիւնը աստուծոյ օգնութեան եւ մեր սուրերուն պարտիմք. իսկ նոքա իրենց շդթայւները` մատնիչներու անարգ վատութան:

Որո՞նք էին մատնիչները:

Են՞չ պէտք յիշել անօրինաց անունները:

Ոչ միայն պէտք է յիշել, այլ նաեւ կրակով գրել, ժայռերու վրայ փորագրել, մանր եւ փոքրիկ տղայոց ուսուցանել, որ նոցայ անունը նզովեն եւ նոցայ օրինակեն քստմնել սովրին եւ մեծ, հասակաւոր մարդիկ առաջին առթիւ զանոնք պատուհասեն. որո՜նք են այդ անօրէնները:

Մուշեղ` Վահեւունեաց ցեղեն, Վահրամ` Տրունեաց ցեղեն, եւ միւս Վահրամ թիկնապահ իշխանին, միաբանելով իրենց հետ ազատաց գունդը, գաղտնի պատգամաւոր ղրկեցին Բուղայի կապել եւ մատնել իւր ձեռքը Աշոտ եւ իւր հաւատարիմները, որ բոլոր բազմութեամբ ապաստան եալ էինք Նկանի բերդը: Այո վիճակը տեսնելով իշխանը` գնաց եւ անձնատուր եղաւ թշնամուոյն. մենք էլ պարտաւորեալ իւր օրինակին հետեւեցանք, բայց երբ տեսանք երկրորդ կարաւան մը, ուր մեր կանայք եւ զաւակունք գերի կը վարէին ի Բաղդատ, եւ որովհետեւ զարմանալի յիմարութեամբ թշնամիք մեր զէնքերը չէին առած մեզմէ, ձայն տուինք իրարու զարկինք ցրուեցինք խումբը եւ կարաւանն ազատեցինք. բայց ո՜ւր փախչիլ կրնայինք, Ամիկայ (ամրոցին կողմը դէպի ծով զմեզ թշնամին կը վարէր, երբ մենք պատնէշ եղած մեր ընտանեաց` կռուելով կ'ընկրկէինք մտքերնիս դրած ծովակուլ լինել քան թէ գերութեան մատնուիլ. եւ իրօք ծովեզրը ետեւնիս եւ թշնամուոյն բազմութիւնն առաջնիս, «քա՛ջ եղիք, նաւ գտանք» ձայնը մեր զօրութիւնը բազմապատկեց, յուսահատ վերջին յարձակմամբ թշնամին ետ մղեցինք, կանայք եւ որդիք մտտան նաւերը, եւ ես ու սա ութը տղաքը միատեղ ինքզինքնիս նաւերը նետեցինք եւ բացուեցանք: Բայց ի՜նչ սոսկալի փրկութիւն է այս. ահա սոքա կուլան փոքրիկ աղջկանս կորստեան վրայ, նոյնպէս ամէնքը կամ հայր ունէին, կամ եղբայր, կամ քոյր, որուն վրայ պիտի ողբան յաւիտեան. եւ չենք գիտէր ո՞րն է աւելի ողբալի, հոգուոյ կորուստը թէ մարմնոյ:

Աստուած ողորմած է եւ արդար, Մերուժաններ ու Վասակներ չեն ազատիր իր բարկութենեն, հիմա մենք տեսնենք թէ ի՞նչ բանի պէտք ունին այս տիկինները, եւ մենք ի՜նչ ծառայութիւն կրնանք ընել իրենց եւ ձեզի:

Յիրաւի ես էլ չգիտեմ թէ ո՞վ ինչ բանի պէտք ունի. միայն այն գիտեմ, որ երեք օր է հացը բերնես վար չերթար:

Գլուխը ետ դարձուց Յովնան եւ տեսաւ, որ քանի մը խութեցի տղայք ելեր կը նայէին, ուստի իրենց հրամայեց, եւ նոքա շուտ մը բերդին ամենեն լաւ սենեակներուն մէկը խոտի դեզեր բերին եւ փռեցին, իրենց գարի հացեն եւ չոր պանիրեն նոյնպէս բերին, սափորով մ՚էլ ջուր դրին, որ փախստականք հանգչին ու կազդուրին:

Երբ այս սասնական հիւրընկալութիւնը վայելեցին մեր ազնուատոհմք, նօսրով Յովնանու հետ առանձնացաւ եւ հարցուց թէ ի՞նչ էր միտքը, մինչեւ ե՞րբ այդ աւերակ բերդին մէջ կենալ էր, իսկ Յովնան յայտնեց թէ իրեն այդ երկրին մէջ երկայն կենալ անկարելի էր, մանաւանդ երբ բուն երկրին բնակիչք ոչ յոյս, ոչ կարողութիւն եւ ոչ գլուխ ունէին դիմադրելու, եւ Ժիրակ Ոստանի բերդին առջեւ երկայն չէր կրնար կենալ եւ անտարակոյս խութեցի գունդին ետեւեն սլիտի արշաւէր, վրէժխնդիր լինելու այն չարեաց, որ հասուցեր էին իւր զօրաց, ուստի իրեն պարտք էր դառնալ Սասուն եւ մտածել թէ ի՛նչ պէտք էր ընէր:

Ինչչա՞փ են քու զօրքերդ, հարցուց Խոսրով:

Գրեթէ հարիւր հոգի:

Ուրեմն մեր նաւերը զձեզ կրնան առնուլ եւ տանիլ ուր որ կ'ուզէք:

Լաւ՛, ուրեմն այս գիշեր ճամփայ կ'ելնենք, եւ երբ քամին յաջող է կը հասնինք Դատուան: Եթէ դուք յանձն կառնուք մեզի հիւր լինիլ Սասուն մինչեւ որ այս պատուհասը անցնի` մենք շատ գոհ կը լինինք:

Արդէն մենք տարագիր փախստական մարդիկ ենք, ապահովութիւն ո՛ւր որ գտնենք հոն կը դիմենք:

Նաւավարներն բերել տուին եւ հարցրին. նոքա ապահովեցին թէ կէս-գիշերուն հանդարտ քամի մը որ կ'ելնէր սովորաբար` զիրենք առաւօտուն կանուխ Դատուան կրնար հանել: Նոյնպէս նաւավարներու ըսած խաղաղութեամբ եւ հանգիստ Դատուան հասան Յովնան ու Խոսրով եւ նոցայ ընկերքը. կանանց համար գրաստներ եւ արաբացի նժոյգներ նաեւ կը ճարէին մեր սասնցիք եւ կ'ելնէին իրենց լեռները, որ արդէն փախստականներով լեցուն էր եւ որ շրջակայից միմիայն ապահովութիւն մնացեր էր:

Բայց Յովնանու սիրտը հանգիստ չէր, գիշեր-ցերեկ զինքը խորհուրդ մը կը տանջէր, ճանապարհաց կիրճերը նստած քանի մը հոգուով եւ շարունակ տեղափոխուելով հարուած հարուածի վրայ կը բերէր թշնամեաց եւ զարմանալի հետաքրքրութեամբ կը տեղեկանար թէ ի՛նչ կընէ թշնամեաց զօրավարը, թէ որո՞նք են, որ միշտ իւր քով կը գան վին, թէ ի՞նչ կընէ Սմբատ Սպարապետ, թէ ի՞նչ կընէ իւր որդին Աշոտ, ի՞նչ կ'ընեն եւ ո՞ւր են մատնիչ նախարարք եւ ազատք, որ Արծրունեաց Տէրը մատնեցին. եւ այս ամէն նիւթերուն վրայ լաւ, ճիշտ եւ մանրամասն տեղեկութիւններ կառնուր: Ականատես վկայներէ կ'իմանար, թէ Սմբատ սաստիկ դառնացեր էր Աշոտս մատնութեան վրայ եւ հաճոյանալով Բուղայի Վասպուրականի բոլոր գերիքն, բացի մեծամեծաց, յաջողէր էր ազատել եւ իւրաքանչիւր իր տեղը դարձնել: Եւ թէ այս հայրենասիրական գործողութիւնն ամենայն ճշտութեամբ կատարելու հսկէր էր: Եւ թէ նորա որդին` Աշոտ միշտ կը ջանար թշնամուոյն ներկայութենեն հեռու կենալ: Միւս կը սղմեն կ'իմանար, թէ Մուշեղ Վահեւունի եւ միւս երկու մատնիչ Վահրամներ Բուղայի բանակին մէջ իբրեւ բարեգործք եւ հաւատարիմք բարձրաւփզ կը պտրտէին:

Իր արշաւանքները անհանգիստ ըրին վերջապէս տաճկաց զօրավարը. եւ խիստ սլահպանութիւն հրամայեց ընել Խոյթի լեռներուն վրայ, բայց Յովնան նաեւ կը փոխէր իւր պատերազմի կերպը եւ շատ անգամ կը տեսնուէր արաբացի հագուստներով` նոցայ դրօշակով կոտորած հասցնելու համար նոցայ վրայ:

Բայց ի՜նչ էր Յովնանու ջանքը եղած ապականութեան հետ բաղդատեալ. գոյժ կը հասնէր դարձեալ թէ Գուրգէն Արծրունի` եղբայր Աշոտոյ մեծ իշխանին թէպէտ մեծ յաղթութիւն կանգնելով ընդդէմ Բուղայի զօրավարաց Որսերանք գաւառին մէջ եւ հազար ութ հարիւր հոգի ջարդելով ի թշնամեաց, խաբուելով յիմարաբար անձնատուր եղեր էր յուսահատելով եւ հաւտալով նորա երդմանցը, որ եղբօրը տեղ կը խոստանար զինքն իշխան կացուցանել Վասպուրականի:

Քաջութիւն, վատութիւն, մատնութիւն եւ յիմար վստահութիւն այնպիսի խառնաշփոթ ազդեցութիւն կ'ընէին խեղճ մարդուն գլխուն, որ հայ նախարարեանը արհամարհել իրեն սովորութիւն ըրած էր, բայց իւր անխօս բնութիւնը կ'օգնէր իրեն եւ ժողովրդեան առջեւ չէր ուզէր յայտնել իւր մտածութիւնը, ուստի կը համբերէր: Երբ իմացուցին իրեն, թէ Բուղայ վերցուց բանակը եւ ելաւ ի Խլաթայ երթալու ձմեռելու Դուին, ինքն էլ պատրաստութիւն տեսաւ իրեն հետեւելու եւ երթալու Խլաթ իր առաջադրութիւնը ի գլուխ հանելու:

Խլաթ այն ժամանակ Վասպուրականի գեղեցիկ մէկ քաղաքն էր. ծառախիտ պարտէզներէ շրջապատ եալ, իւր պտուղները միշտ անուշահամ, միշտ գեղեցիկ, հռչակաւոր էր բոլոր Հայաստան. իւր դիրքը Վանայ ծովուն վրայ էր տարածեալ վերուստ ի վայր, իւր ամուր բերդը, աշտարակոք ամրացեալ, եկեղեցիներուն գմբէթները բարձրաբերձ, վաճառանոցներն հարուստ, դարձեալ նոյն վայրկենին երբ ամբողջ Հայաստան ոտնակոխ կը լինէր, նա միայն նիւթական կորուստ չունենալով, բացի մայր եկեղեցուոյն, որ մզկիթ էր դարձեր, շէն եւ փարթամ կերպարանք ունէր. տաճիկը Տարօնս եւ Վասպուրականի աւարը հոն էր լցուցեր, եւ առեւտուրը լաւ վիճակի մէջ էր: Ուստի երբ բանակը վերցուց Բուղայ Դուին երթալու, բնակիչքը շատ գոհ չեղան, ոչ միայն որ մեծ բռնաւորին եւ զօրաց հեռանալով առեւտուրը պիտի պակսէր, այլ, մանաւանդ որ նորա հեռանալով անհամար փոքրիկ բռնաւորք մէջտեղ պիտի ելնէին ինչպէս միշտ սովորութիւն է, եւ այս` փորձով գիտէին խլաթեցիք. ուստի քանի որ զօրաց թիւը կը պակսէր վաճառական մարդն էլ իւր կրպակը կանուխ կը գոցեր եւ իր պարտէզներու մէջ ծածկուած տունը կը հեռանար:

Ինչպէս սովորութիւն եղած է միշտ արեւելքի մէջ, թագաւոր կամ զօրավար երբ կելնէ ճանապարհ, նշան է երթալու ամէնուն, այնպէս եւ Բուղայի ելնելեն վերջ` դիւանապետը նաեւ իւր թղթերը կաշեայ պարկերու մէջ կը զետեղէր եւ կը պատրաստուէր իւր տիրոջ ետեւեն ելնելու երկրորդ օրը: Ինք Խլաթ քաղքեն դուրս պարտէզներու մէջ ամառանոց մը կը բնակէր, բնակարան իշխանազուն հայու, որ պատերազմի իրաւունք իրեն վիճակեցուցեր էր, ուստի դիւանապետը, որուն Միրզա Հասան անուն կ'ուտային, իւր բոլոր պատրաստութիւնքը տեսած առաջին քաղցր քունը կը քնէր, իմացաւ որ մէկը զինքը կը դրդէր զգուշութեամբ. կարծելով թէ ծառան զինք կարթնցնէ սկսաւ սաստել, որ հեռանայ եւ թողու հանգիստ քնել: Բայց տեսնելով, որ ազատում չի կայ, աչքերը բացաւ եւ զարմանքով նայեցաւ, որ ծառային տեղ միջահասակ, լայնալանջ, մեծագլուխ մարդ մը գլխուն վերեւը կեցէր էր, որուն սեւ եւ փայլուն մազերը ուսը կը հասնէին, եւ երկու աչք ունէր սլաքի նման, եւ որուն ժպիտը հեգնութեան կերպարանք ունէր քան թէ ծիծաղի. այս օտար մարդը երբ գլխուն վրայ տեսաւ Միրզա Հասան, սոսկալով ձեռքը երկնցուց դէպի դաշոյնը, որ բարձին քովն էր, որպէսզի ինքզինք պաշտպանէ. իսկ մարդը առանց խօսելու ձեռքը նորա դաստակին վրայ գրաւ եւ այնպէս սղմեց, որ ոչ միայն ձեռքը կարկամեցաւ` այլ ցաւին չի դիմանալով սկսաւ աղաղակել: Իսկ անծանօթը իւր լայն ձեռքը բերնին վրայ դնելով կամաց եւ հանդարտ ձայնով

Ամօթ է, Միրզա Հասան, քեզի այդպէս տղու նման կանչվռտել, ըսաւ. դու գրագէտ եւ ուսումնական մարդ ես, ի՞նչ կ'ըսեն քու ծառաներդ, երբ պատմես թէ ձեռքդ փոքր մը սղմելուն չի դիմանալուն այդպէս ողորմուկ ձայն կը հանես:

Իսկ Միրզա Հասան տեսնելով թէ մարդն անուշ կերպով կը խօսի եւ իւր ծառաներուն խօսքը կընէ, որ դուրսն են, սկսաւ ձայնը բարձրացնել.

Անհաւա՛տ շուն, որ աւազակ հայու մը կը նմանիս, չե՞ս վախեր որ ետքը ի՜նչ կը լինի քու վիճակդ, դու չե՞ս մտածէր թէ ես ո՞վ եմ, թէ իմ տէրս Բուղայ ի՜նչ մարդ է:

Նախ` պէտք է գիտնաս, որ նախատական բառ պէտք չէ գործածես եւ թէ քու ծառաներեդ նոքա միայն կենդանի են, որ խելօք վարուեցան եւ անձնատուր եղան. ուստի դու էլ պէտք է խելօք լինիս, երկրորդ պէտք է գիտնաս թէ հայ աւազակ միշտ քիչ հանդիպած է աշխարհքիս վրայ, քան թէ իրեն դրացի ազգաց մէջ, երրորդ` թէ ես կենացս մէջ երկիւղ ըսուած բանը չեմ գիտէր թէ ի՜նչ է եւ նոյն քու Բուղայ յեդ նաեւ չեմ վախել:

Բայց ի՞նչ կ'ուզես դու ինձմէ, զի՞ս էլ սպաննել կ'ուզես ծառաներուս պէս:

Ո՛չ երբեք, ես անզէն մարդ չեմ սպաննէր:

Ոսկի՞ կ'ուզես, ահա՛, ըսաւ եւ բարձին տակեն քսակ մը հանեց երկնցուց Միրզա Հասան ձեռքերը դողալով:

Ոչ ոսկի եւ ոչ արծաթ, իմ ուզածս ուրիշ բան է:

Ի՜նչ կ'ուզես, զրուցէ՛, մարդ, ըսաւ դիւանապետը բոլոր անձամբ գողաւով եւ աչքերը խփելով, ար գիմացինին սլաքային աչքերը չի տեսնէ, վասնզի նորա հայուածքը` ծանր ու հանդարտ խօսուածքը սոսկալի ազդեցութիւն մը կ'ընէին իւր վրայ:

Բոլոր դիւանի թուղթերը քու քովդ են, այնպէս չէ՞:

Այո, անոնք կ'ուզե՞ս, ահա սա պարկերուն մէջ են:

Ո՛չ, ամէնքը չեմ ուզէր, մէկ թուղթ մը միայն կուզիմ:

Ո՞ր թուղթը, զրուցէ՛ տամ:

Դու կը յիշես թէ երբ Աշոտ Արծրունեաց Տէր Նկանի բերդին մէջ պաշարած էր, քանի մը հայ իշխանք գաղտնի նպմակ գրած էին Բուղալի:

Այո, գիտեմ, կը յիշեմ:

Այդ թուղթը պէտք է ինձ գտնես եւ տաս, ահա բոլոր իմ պահանջմունքս:

Այդչա՛փ միայն, եւ այս ոչինչ թղթին համար զիս սարսափեցուցիր:

Այս խօսքերն ըսելեն վերջ ելաւ տեղեն եւ պարկերուն մէկը բացաւ դողդոջուն ձեռոք եւ հայերէն թուղթ մը գտնելով,

Ահա թուղթը, ըսաւ:

Ճշմարիտ ա՞յս է, հարցուց մարդը կանթեղին մօտենալով աչք մը պտտցնելեն եւ ծոցը դնելեն վերջ, լաւ՛ է, Միրզա Հասան, հիմա պէտք է ինձի շիտակը խոստովանիս թէ ի՞նչ է Ջաբր ամիրապետին հրամանը առ Բուղայ Հայաստանի համար:

Արդէն կը տեսնես թէ ինչ է. կամ պէտք է Հայաստան իւր անհաւատութիւնը թողու եւ ուղիղ հաւատքն ընդունի, կամ պէտք է բոլորովին կորի, եւ իւր յիշատակը աշխարհքես վերնա:

Ուրեմն մնաս բարեւ, կը տեսնես թէ ես խելօք եւ խօսք հասկցող մարդոց վնաս չունիմ, ըսաւ եւ առանց ետին դարձնելու գլուխը` հանդարտ քայլերով ելաւ դուրս: Երթա՜նք տղաք, զրուցեց եւ անհետ եղաւ:

Միրզա Հասան դուրս ելաւ եւ իրօք տեսաւ իւր քսանի չափ ծառաներէ մէկ քանի հատը փողոտեալ, միւսները չուաններով կապկպած. ծառաներուն եւ ինքնիրեն կը հարցնէր թէ ո՜վ էր այդ սոսկալի մարդը կամ երեւոյթը:

Մենք գիտենք, թէ խութեցի Յովնանն էր նա: