Երկունք Թ դարու

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Այս մեր պատմութեան ժամանակները, Հայաստանի արեւմտեան ծայրերը, Յունաց բաժնին Ճորոխ գետի ափանց վրայ, ուր Արտանուշի վտակը անոր կը խառնուի, կուսանաց վանք մի կար Բագրատունի իշխանաց շինութիւն: Վանք` այսինքն բերդ իւր բարձր պարիսպներով, իւր ատարակներով, բուրգերով, բլրոյ մը վրայ շինուած, որ երկու ջրերու միացած տեղը թերակղզի եղած արդէն զօրաւոր դիրք ունէր: Պարանոցը, որ ցամաքի հաղորդակցութեան կապն էր` բերդի երկաթապատ դուռն էր դրուած, որուն շրջապատը շինութիւնք կային, ուր բազմութիւն զինեալ սպասաւորաց եւ զօրականաց վանքին ծառայութեան եւ պաշտպանութեան պաշտօնն ունէին: Վանքը Հարուստ էր, վասնզի Բագրատունի իշխանք շրջակայ երկրին եկամուտը իրենց սահմանէր էին, եւ մեծ մայրապետը գրեթէ բացարձակ իշխանութիւն մը կը վարէր նաեւ Սմբատաւանի եւ նրա գիւղորէից վրայ, որ քանի մը մղոն միայն հեռաւորութիւն ունէր վանքեն: Մեծ մայրապետը գրեթէ միշտ Բագրատունեաց ցեղեն օրիորդ մը կամ այրի տիկին մը կը լինէր, որ կամ իր ազատ կամօք, կամ ակամայ պարագայննրեն բռնադատեալ, հոն հանգիստ եւ թէպէտ առանձնացեալ կեանքի դատապարտուած բայց միշտ մեծ յարգանք եւ ակնածութիւն կը վայելէր թէ հայ, թէ՛ վյրացի, եւ թէ՛ յոյն մերձակայ իշխանաց եւ ժողովյրդոց:

Վանքի կեդրոնը շինուած էր եկեղեցին` բաւական ընդարձակ, փառաւոր եւ սիւնազարդ, ուր ժամերգութիւնք եւ սաղմոսերգութիւնք սահման եալ ժամերու միշտ կը կատարուէին ըստ աւուր պատշաճի: Սեղանատունը նորաշէն քանդակներով զարդարեալ իշխանական պալատի յարկ կը կարծուէր, քան թէ մենաստանի տխուր կերանոց, նոյնպէս գեղեցիկ էին ժողովարանք կուսանաց եւ դահլիճք, պարկեշտ, բայց վայելուչ նոցայ մենարանք, պարկեշտ մանաւանդ նոցայ կենցաղավարութիւնը եւ առաքինութեան համբաւը:

Քսան տարի էր, որ Վասկանուշ Բագրատունի օրիորդը մայրապետ եղած էր կուսանաց. իր իմաստուն կառավարութեամբ խաղաղութիւն եւ երջանկութիւն կը տիրէին ոչ միայն վանքին մէջ` այլ բոլոր փոքր շրջակայքը, ուր իւր ձեռքը կը հասնէր: Ինչպէս վանքին մէջ հարստահարութիւն չի կար, նոյնպէս հարկատու գիւղորէից մէջ արդարութիւն կը տիրէր, վասնզի ամէնքը կոյս իշխանուհուոյն աղերսագիր կրնային հասցնել: Վա՜յ էր այն անձին, որ խեղճի մը բողոքը խղդէր եւ իր աղերսը արգիլեր:

Հարուստ հայրենի ժառանգութեամբ եւ միշտ չափաւոր եւ խնայող իւր ծախուց մէջ, գեղեցկացուցեր էր վանքը շինութեամբ, բարեկեց ըրեր էր նոցայ կեանքր, որ իւր իշխանութեան տակն էին, եւ ոչ ոք կար կուսանաց մէջ, որ ակամայ կրօնաւորութեան լուծը տանէր. եւ կ'արձակէր կուսանքը իրենց հայրենական տները, կամ սխալմանց կը ներէր, որ աններելի կը համարէին շատ կրօնաւորք, մեղադրողաց նա կը պատասխանէր թէ Քրիստոսի «լուծը քաղցր եւ բեռն փոքրոգի» պիտի լինի եւ թէ հրամայած է «կարողին միայն տանել»:

Վասկանուշ իւր պարզ եւ սեւ հագուստներուն մէջ եւ իւր սպիտակ քօղին տակ վայելուչ կերպարանքով եւ հասակաւ` թէպէտ քառասունհինգն գտած` երեսունհինգ կ'երեւէր: Իւր գեղեցիկ աչքերուն վսեմ նայուածքը պատկառանք կ'ազգէին եւ մեծ ու փոքր ակնածութեամբ իրեն կը մերձենային: Թէպէտ միշտ զբաղած` ոչ երբեք իւր կրօնական պարտքերեն կը պակսէր, այլ կոչնակին ձայնին հնազանդ` միշտ եկեղեցին կը գտնուէր ներկա սաղմոսերգութեանց, եւ միշտ սեղանատունը հասարակաց սեղանը կը ճաշեր հաւասար ամէնուն: Իր ծանր եւ ազնիւ վարմունքը եւ առաքինի օրինակը պաշտելի էակ մը ըրած էին զինք իւր կուսանաց:

Այն ձմեռուան մէջ, որ Հայաստանի կէս մասը արաբական բարբարոսութեան ոտնակոխ եղած կ'ողբար եւ միւս մասը ամառուան համար կը սարսէր, Վասկանուշ Տարոնոյ եւ Վասպուրականի փախստականներէ կ'իմանար իր հայրենի երկրին վիճակը եւ աւերածը. եւ երբ այն մտածութեամբ իւր պատուհաններէն Արտանուշի եւ Ճորոխի փրփրալից խառնուրդը կը դիտէր, ոտքի ձայն լմեց եւ դարձնելով գլովսր տէ)սաւ, որ վերակացու կոյս մը մեծ կնիքով նամակ մը խոնարհաբար իրեն ներկայացուց: Կնիքը զննեց, նամակը բացաւ եւ աչք մը ձգելով գրութեան վրայ` կամարաձեւ յօնքերը շարժեց.

Հոգեւոր Տէրը մեզ շնորհք կընէ` Սիւնեաց երկրեն կոյս մը մեզ կուղարկէ: Տեսա՞ր զնայ, քոյր իմ, հարցուց. եւ այս պարզ խօսքերուն իւրաքանչիւրն հեգնութիւն մ՚էր, եւ որ կնոջ միայն արուած է ձեւակերպել եւ յայտնել:

Ոչ, մեծ իշխանուհի, եթէ հրաման ընես բանալ դռները դեսպակը ներս կառնունք:

Շուտով ներս առէք: Ո՜Յ գիտէ խեղճը այս եղանակիս կէս սառած է թերեւս, տաք սենեակ մը տարէք, բայց առանձին, կերակուր հանեցէք եւ ինձ լուր բերէք: Այսպիսի եղանակի մէջ Սիւնեաց հրկրեն մինչեւ հոս ինչպէ՜ս ղրկէր են, ի՜նչ խղճմտանք է կամ ի՞նչ պարագայ է, չեմ հասկնար:

Այս վերջին խօսքերը այնպիսի ձայնռվ մը զրուցեց, որ ինք միայն լսեց: Եւ երբ դուրս ելաւ կոյսը. «Զիս գոնէ գարնան քաղցր ձգանակին մէջ աքսորեցին եւ այս բանտը ղրկեցին: Բայց ո՜վ է այս աղջիկը. «բարձր եւ ազատ ազգէ» կանուանէ զսայ կաթողիկոսը եւ «խստիւ պահպանել» կը հրամայէ: Ի՜նչ է արդեօք յանցանքը, ո՜յ գիտէ ինչ ոճիրներ գործեր է տասնեօթ տարեկան աղջիկ, միգուցէ սա էլ նոյնպիսի ոճրագործ մի լինի ինչպէս ես էի. ես էլ բարձր եւ ազատ ազգէ էի. միգուցէ սա եւս Սեւանայ գեղեցիկ կապոյտ ծովակին եզերքը սիրոյ բաժակին իւր շրթունքը հպեցուց եւ իմացուեցաւ: Տեսնենք»:

Եւ այս մտածութեամբ Ճորոխի ալեաց վրայ աչքերը յառեալ կը նայէր:

Ի՞նչ է գետի մը ընթացքը, ծովու մը` ափունքին տուած հարուածները, որոց իւրաքանչիւր ալիք միեւնոյն շարժմունքն ու խաղն ընելով մեր աչքը եւ մեր միտքը կը գրաւեն առանց մեր մտքին տիրապետող խորհուրդը խախտելու: Վասկանուշ այդ Ճորոխին հախուռն ջրերուն մէջ կը տեսնէր իւր Տարօնս հայրենի պալատին ոսկեձեղուն եւ նկարէն սենեակները, կը տեսնէր զինք իւր ոսկեթել բեհեզներուն մէջ, կը տեսնէր Յովնան Սասնոյ առիւծակորիւնը իւր քսան տարիներուն մէջ` նորա լայն ճակատը եւ մեծ գլուխը սեւ մազերով պսակեաչ, որ ուսերուն վրայ կ'իջնէին, նորա կայհակնափայլ աչքերը, որ իւր ակնարկին առաջ կը խոնարհէին եւ կը քաղցրանային, կը տեսնէր լուսնի հանդարտ լուսով իւր վարղենեաց պարտէզը ինք նստած եւ առիւծը ոտքերուն քով ի գուճս, կը տեսնէր յանկարծ իւր գլխուն վրայ կանգնած իւր հօր Վասակայ բարկաճայթ աչքերը… եւ ահա ոսկեձեղուն պալատ, բեհեզներ, Յովնան, վարդենիք, լուսին եւ ամէն բան Ճորոխի ալիք կը յափշտակէին, կը տանէին, եւ կը մնար ինք իւր տխուր սենեկին մէջ միայնակ, որուն լռութիւնը կ'ընդհատէր կրակարանին հրոյն ճարճատմունքը:

Գիշերն հասեր էր երբ բերին աղջիկը մայրապետ իշխանուհուոյն առջեւ, եւ ամէնքը քաշուեցան. ակնարկ մը ձգեց սա աղջկան վրայ. այն քնքուշ կազմուածքներէն էր, որոնց թափանցիկ մորթը շուշանի սպիտակութիւնն ունի, որոնց մազերուն գոյնը արծաթի փայլն ունի, եւ որոնց էութիւնը կարելի չէ իրենց տեղեն հեռացնել վասնզի երբեք չունին զօրութիւն կեանք քաղելու օտար հողէ եւ արմատէ:

Հազիւ թէ անունը, ո՛վ լինիլն հարցուց, արտասուաց հեղեղ մը եւ սանձեալ հեկեկանաց ձայն մը եղաւ բոլոր պատասխան: Վասկանուշ ելաւ, իբր գթած մայր առաւ ձեռքեն, նստեցուց քովը եւ սպասեց մինչեւ որ հանդարտեց հեկեկանքը:

Հիմա, որդեակ իմ, ըսաւ, զրուցէ ինձ ամէն բան եւ միայն ճշմարիտը, ո՜յ գիտէ կարելի է որ ես ճար մը, հնարք մը գտնեմ քու թշուառութեանցդ, զրուցէ՛ ո՛վ ես դու, ո՞ւմ աղջիկն ես, ինչո՞ւ քեզ տայստեզ կ'ուղարկեն. եթէ կ'ուզես, որ քու վրադ գութ ունենան` զրուցէ, յայտնէ ամէն ինչ ճշմարտութեամբ:

Զարուհի է իմ անունս, ես դուստր եմ Գրիգոր Սուփան Սիւնեաց իշխանին, որ այս ամառ սպանուեցաւ Բաբկէն Սիսականէ:

Գիտեմ այդ թշուառ դիպուածը, որդեակ, զրուցէ՛ հիմա թէ ինչո՞ւ զքեզ այստեղ ուղարկեցին:

Հայրս երկու տարի առաջ զիս Բաբկէնի որդուոյն Աշոտի հետ նշանած էր, հիմա եղբայրս Վասակ զիս ուզեց ամուսնացնել Գարղմանաց Կտրիճ իշխանին, եւ որովհետեւ ես յանձն չառի հնազանդիլ` զիս այստեղ բանտել յուղարկեց…

Մի լար, որդեակ, այստեղ բանտ չէ, եւ եւս քիչ ժամանակեն կը դարձնեմ քեզ քու տունդ, դու ապահով կաց: Բայց մայրդ ի՞նչ կ'ըսէր այս պարագային մէջ:

Մա՞յրս, ո՜հ, մայրս եթէ կենդանի լինե՜ր…

Մի՛ լար, Զարուհի, հանդարտէ, ըսաւ Վասկանուշ, բայց իւր աչքերն էլ լցուեցան այդ պարզ եւ միամիտ աղջկան կատարեալ որբութիւնն իմանալով, եւ քանի մը շրջան րնելեն վերջ դարձաւ հարցուց.

Բայց դու Մշոտի հետ ամուսնանալ կ'ուզէի՞ր, եւ ա՞յդ բանին համար քեզ Կտրիճին պիտի տային:

Աշոտ իմ նշանածս էր եւ ես զինք կը սիրէի, բայց երբ իմ հայրս նորա հօր ձեռքեն մեռաւ, իւր տղուն հետ ինձ ամուսնանալ անկարելի է ըսին, եւ ես հաւանեցայ. սակայն Կտրիճը չար մարդ է, ես այդ մարդեն կը սոսկամ. թողուին զիս եւ ես տունը կը նստէի. թո՛ղ մեզ մօտ վանք կար հոն դնէին, յանձն կ'առնուի, զիս այսպէս հեռու տարագիր ըրին, այդչափ մեծ իշխաններ, վարդապետներ, եպիսկոպոսներ ինձի` տկար աղջկան մը դէմ միաբանեցան. այս ցուրտին, ձիւնին…

Շատ բարի, զաւակս, դու հանգիստ բռնէ սիրտդ, գարնաէ իմ պարտքս լինի քեզ Սիւնեաց երկիրը դարձնել: Հիմա դու գնա՛, քեզ համար պատրաստ եալ սենեակը: Յանգի՛ր: Ես կը մտածեմ եւ ինչ պէտք է ընել կը հոգամ: Գնա դու հիմա, գարունը, քեզի ըսի, պէտք է սպասես:

Այս յուսատու խօսքերն լսելով Սիւնեաց աղջկան արտասուաթոր այտից վրայ ծիծաղ ծագեցաւ եւ երկիւղը, կասկածը պարզ վստահութեան փոխարկեալ` Վասկանուշին ձեռքերը համբոյրներով ծածկելով.

Գարնան քանի՞ օր կայ, սիրուն Տիկին, ըսաւ:

Ձմեռուան դեռ կէսն ենք, աղջիկս, երբ գարունը դա, դու էլ կը տեսնես, ես էլ:

Շատ բարի, ես կ'երթամ պառկելու, շատ յոգնած եմ:

Եւ երբ դուրս ելաւ աղջիկը, մայրապետ տիկինն սկսաւ մտածել, եւ առագծ տեղեկութիւններէն այնպէս դատեց, որ Աշոտի յանդուգն ձեռնարկութիւնք կամ սպառնալիք պատճառ տուած էին այս տարաժամ աքսորանաց: Իւր դատմունքն այնչափ ուղիղ էր, որ հազիւ երկու-երէք օր անցաւ այս դիպուածիս վրայ, եւ ահա առաւօտ մը կանուխ լուր տուին թէ Սմբատաւանի պետր եկեր էր կարեւոր լուր մը հաղորդելու: Երբ հրամայեց իրեն բերել, տարիքն առած համեստ մարդ մը ներկայացաւ, որ ամենայն յարգանօք ողջունելեն վերջ սպասեց, որ հրամայէ խօսիլ:

Բարի եկիր, Թադոս հայրիկ, ըսաւ Վասկանուշ, կարեւոր լուր ունիս եղեր հաղորդելու, ի՛նչ է, ըսէ տեսնեմ:

Պատրաստ եմ ծառադ քո հրամանին հնազանդիլ, մայր իշխանուհի…

Կ'իմանամ: Կոյսեր, մեզ միայն թողէք վայրկեան մը: Խոսէ՛ ուրեմն:

Այս կ'էս-գիշերուան մօտ, քսանի չափ ձիաւոր աւանը մտան եւ օթեւան ուզեցին, ես իրենց գլխաւորը քսան-քսանհինգ տարու երիտասարդ մը` իմ տունս ընդունեցայ իւր քանի մը ընկերով, միւսներն էլ զանազան տեղուանք օթեւանեցան: Երիտասարդը, իբրեւ թէ հնարագիտութեամբ հարցմունքներ ընել սկսաւ թէ դեսպակով եկած օրիորդ մը ո՛ւր իջեր էր, եւ թէ վանքը ի՞նչ դիրքով, ի՞նչ զօրութեամբ տեղ էր, եւ թէ ինք Կոստանդնուպոլիս երթալու միտք ունէր, Սպարապետին կողմեն իբրեւ պատգամաւոր եւ թէ միայն քիչ մը տկար լինելուն քանի մը օր հանգիստ կուզեր ընել Սմբատաւան, եւ թէ ինք շիրակեցի էր` նոյնպէս իւր հեծեալները: Այս խօսքերուն ես միամտաբար մտիկ ըրի, բայց իր հնչմունքը, իր լեզուն, մանաւանդ իւր ընկերաց լեզուն յայտնի կ'ընէին թէ ինք սիւնեցի է, եւ իր անհանդարտ կերպեն իմացայ թէ այդ աղջկան համար է եկած, եւ կարելի է յիմար ձեռնարկութիւն մ՚ընելու համարձակի, ուստի պարտք համարեցայ քեզ իմաց տալ, մայր իշխանուհի:

Տկարութեան նշան կա՞յ իւր վրայ:

Ամենեւին, բայց շատ տխուր է, երկայն կը մտածէ եւ յանկարծ հարցմունքներ կընէ:

Քովի մարդիկը ինչպէ՞ս կը վարուին իրեն հետ:

Իբրեւ իրենց իշխանին հետ:

Անունը իմացա՞ր:

Ներսէհ է անունը:

Ի՞նչ կարծես թէ կը մտածէ այդ երիտասարդը:

Իմ կարծիքս այն է թէ յարձակում կուզէ ընել վանքին վրայ եւ այդ աղջիկը յափշտակել:

Բայց աղջկան այստեղ մտնելը ո՞վ կրնայ իրեն իմացուցած լինիլ… Անշուշտ սիւնեցիքը, որ ետ կը դառնային. աղջիկը յանձնելն վերջ հանդիպած են իրարու եւ տեղեկութիւն տուած:

Շատ կարելի է:

Հոգ չէ, դու հիմա կ'երթաս տուն, եւ որովհետեւ հուր իշխանն անհանգիստ է` դեռ տունեն դուրս ելած չլինիր. կուսանաց վանքի մայր իշխանուհուոյն կը սղմեն կ'ողջունես եւ կ'իմացնես թէ կը փափագիմ իւր հետ տեսութիւն ընել:

Ծերը զարմանալով մնաց այս խօսքերը լսելով, վասնզի առաջին անգամն էր, որ իշխանուհին, անծանօթ հիւրի մը այսպիսի հրաւէր կ'ուղարկէր, մանաւանդ որ ինք այս լուրը տալուն այնպէս կը կարծէր թէ հրաման պիտի տրուէր պահապանները կրկնապատկելու, դռներն ամրացնելու, բայց որովհետեւ հնազանդել էր իւր պարտքը ձեռքը կուրծքին գրաւ խոնարհութեամբ եւ պատրաստուեցաւ դուրս ելնելու:

Բայց, Թադոս հայրիկ, պէտք է նաեւ իրեն իմացնել թէ այդ տեսութիւնը կարելի է երբ ինք աոանձին, միայնակ քեզի հետ ընկերացեալ ուզէ յանձն առնուլ:

Շատ բարի, իշխանուհի:

Եւ ծերը դուրս ելաւ առանց գայթակղութեան եւ գնաց ուղղակի իւր պատգամաւորութիւնը կատարելու, ճիշտ ժամանակին հասաւ, վասնզի հիւրը արդէն պատրաստուէր էր հեծնելու եւ դուրս ելնելու: Երբ իմացաւ լուրը` շուտ մը յանձնառու եղաւ յօժարութեամբ եւ երկուքը միատեղ եկան վանք. մեծ երկաթապատ դռնեն երբ ներս մտան, դուռը փակեցաւ եւ անմիջապէս իշխանը միայն հրաւիրեցին դռան քով սենեակ մը, ուր իշխանուհին կեցած իրեն կը սպասէր:

Բաբկէն Սիրականի որդին Աշոտ, որ լի համարձակութեամբ` մանաւանդ թէ յանդգնութեամբ ներս մտաւ սենեակեն, երբ այդ սեւեր հագուած ծանր եւ վսեմ կնոջ կերպարանքը տեսաւ, որու գեղեցիկ, տխուր, հանդարտ եւ քննիչ աչքերը իր վրայ կիյնային եւ իբրեւ թէ իւր միտքը, դիտաւորութիւնը, իւր կեղծ պաշտօնն եւ անունը արդէն գուշակած էին, շփոթեցաւ, հազիւ թէ ձեռքը կուրծքին գրաւ, եւ լեզուն անշարժ մնաց, եւ դռան քով կանգ առաւ: Իսկ Վասկանուշ միշտ անխռով.

Բարի է, իշխան, գալուստդ այս մեր կողմերը, լսեցի քու երթը թագաւորական քաղաքը, փափագեցայ տեսնելու, վասնզի ես էլ բարեկամներ ունիմ եւ թերեւս օգտակար կարէնամ լինիլ, վասնզի Սպարապետը ինձ էլ օտար չէ, մանաւանդ թէ շատ մօտիկ ազգական է: Ինչպէ՞ս է, ի՜նչ վիճակի մէջ է, զարմանք, որ այս կողմերէ անցնելով ինձ նամակ մը չէ տուեր:

Այս խօսքերը թէպէտ իբրեւ շատ պարզութեամբ զրուցուած, այնպիսի ձեւ մը ունէին եւ այնպիսի եղանակ իւրաքանչիւր բառի վրայ ծանր-ծանր շեշտուելով, որ Աշոտ բոլորովին շփոթեցաւ եւ թոթովելով այսչափ միայն կրցաւ պատասխանել.

Կը ներէք, իշխանուհի, ես նաեւ չէի գիտէր թէ ի՛նչ ճամփայ պիտի բռնեմ իմ ճամփորդութեանս նպատակին հասնելու համար, եւ ինձ այնպէս հրաման կայ, որ առանց դանդաղելու ուղեւորիմ:

Լաւ՛, բայց միւս հարցմունքներուս չես պատասխանէր, իշխան, Սպարապետին վիճակը հարցուցի:

Լռութիւն մը տիրեց դարձեալ, իբրեւ թէ աշակերտ մը վարժապետին առջեւ անպատասխանի մնացած չէր գիտէր թէ ի՛նչ զրուցէր եւ չէր համարձակէր գլուխը նաեւ վեր վերցնել. բայց վերջապէս իւր բոլոր զօրութիւնը ժողուելով եւ ինչպէս երկչոտներու սովորութիւնն է` անհամարձակութիւնը յանդգնութեան տանելով` գլուխը վեր առաւ:

Կը ներես, իշխանուհի, ես ոչ դեսպան եմ, ոչ թագաւորական քաղաք կ'երթամ, եւ ոչ Սպարապետեն եմ յուղարկուած, եւ ոչ էլ Ներսէհ է իմ անունս:

Զարմանք չէ, ըսաւ իշխանուհին անխռով միշտ` աչքերը իշխանին վրայ ունենալով, այսպիսի ժամանակ ուղեւորաց սովորութիւնն է իրենց անձանց կարեւորութիւն տալ, ապահովութիւն ունենալու համար ի վտանգաց, միայն զարմանալին հոն է, որ դու իշխանազուն երիտասարդ, ձեւդ, կերպարանքդ նաեւ կը վկայէն, այս– պիսի քօղերու տակ ջանաս ծածկել անձդ եւ անունդ: Կարծեմ թէ կը վայլէ եւ պէտք է որ քու պատուոյդ համար ազգով եւ անունով ներկայանաս:

Ինչ բանի համար ծածկեմ անունս, ես Բաբկէն Սիսականի որդին Աշոտն եմ:

Շատ բարի, ահա ինչպէս կը վայլէ Սիւնեաց ազնուական ազգին որդուոց խօսիլ եւ համարձակ իրենց ճակատը բանալ ինչպէս արժանի է քաջազանց:

Դարձեալ երկայն լռութիւն յաջորդեց, եւ իշխան ոյւհին իւր բազմոցը նստելով, ձեռքով հրաւիրեց իշխանը նստելու: Աշոտ կուզեր ելնել` բայց ճամփան անել էր, եւ Վասկանուշ ցաւելով աս անխոհեմ երիտասարդին վրայ, յարկ իմացաւ ձեռք կարկառել եւ զինքն այդ երկդիմի վիճակեն ազատել:

Դու, իշխան, կարելի է այս կողմերս եկար իմանալու համար ազնուատոհմ օրիորդի մը վիճակը, որ ձեր կ'ողմերեն մեզի ղրկուէր էր բարձրագոյն հրամանաւ: Եթէ այդ կ'ուզէիր իմանալ կրնամ տեղեկութիւն տալ քեզ թէ Օրիորդը լաւ է, հանգիստ եւ գոհ:

Այդ կարելի չէ, գոչեց Աշոտ յուզեալ եւ փրփրեալ, ես լաւ տեղեկութիւն ունիմ, որ իր դահիճները թշուառ աղջիկը այս ձմեռուան ցուրտերուն ու սառերուն լեռնէ լեռ ձգեցին, ձգձգեցին այս բանտը բերելով Հասցնելու համար. եւ ես նա ազատելու կ'ուզամ հոս:

Այդ ամէն խօսքերը, պատասխանեց իշխանուհին ծանր եւ մեղմ ձայնով, կրնայիր յայտնել կամաց եւ հանդարտ կերպի. ի՞նչ պէտք է, որ դուրսը ստորին վիճակի մարդիկ իմանան թէ ի՞նչ նիւթի վրայ կը դառնա մեր այս խօսակցութիւնը: Բայց խնդրեմ, այդ Օրիորդը ազատելու համար ի՛նչ միջոցներ միտքդ գրեր ես:

Ամէն կարելի եւ անկարելի միջոցներ ձեռք պիտի առնում որպէսզի այդ գերութենեն զինքն ազատեմ, ըսաւ երիտասարդը կամաց, բայց գողացող ձայնիւ:

Աշոտ իշխան, քու այդ խօսքերդ երիտասարդութեան անխոհեմութիւն եւ կիրք ունին, ես այնպէս կը յուսայի, որ մեր խօսակցութիւնը քեզի էլ օգտակար լինի եւ այն անձին էլ, որուն պաշտպանութեան ելեր ես, օգտակար վախճան մը ունենար: Բայց կը տեսնեմ թէ երբ մէկը «կարելի եւ անկարելի միջոցներ» ի գործ դնելու սպառնալիք կընէ, լաւ ելք մը չի խոստանար ոեւիցէ՛ գործողութեանն

Եթէ ես էլ քեզի պէս այդ սեւ հադուստներու տակ սառէ սիրտ մը ունենայի, եթէ ես էլ այդ հանդարտ եւ անխռով նայուածքը ունենայի, որ դիմացինը կը կարկամեցնէ, կը սառեցնէ եւ կը ծաղրէ, իրօք երջանիկ իմ անձս կը համարէի: Միթէ՞ ես գոհ եմ այս թշուառ վիճակես, երկու տարի է, որ մոռցել եմ քուն եւ հանգստութիւն. իմ հօրս եւ աներոջս մէջ գրգռութիւն տեսած օրես հրեւակայեցի լինելիք ամէն դժբախտութիւն, ես, որ երկուքին առջեւ էլ խօսելու նաեւ համարձակութիւն չունէիք ամէն կողմ դիմեցի, կաթողիկոսը գնացի գտայ անապատներու մէջ քաշուած խնդրելու, որ յանձն առնու միջնորդել եւ թափուելիք արիւնն արգիլել: Նա զրպարտութիւններէ դառնացած` «Ես կաթողիկոս չեմ» պատասխանեց, եւ ամէն խնդիրք մերժեց: Եպիսկոպոսաց ժողովք կար, նոցայ դիմեցիք տարտամ պատասխաններ առի. Բագրատունի եւ Արծրունի տեարց դիմեցի, վերջինները զուարճութեանց եւ անառակութեանց մէջ թաթախ եալ ժամանակ չունէին ինձ ուշ դնելու, իսկ միւսները թէպէտ չէին յայտնէր իրենց միտքր, բայց լաւ կը համարէին Սիւնեաց ներքին պատերազմը, որպէսզի նոցայ տկարութենեն օգուտ քաղեն: Պատերազմը սկսաւ, ես դասալիք զօրական վատաբար հիւանդ ձեւացայ, որ այդ դժբախտ գործողութեան մէջ ձեռք չունենամ. եւ երբ այդ սոսկալի վերջն ունեցաւ պատերազմը, իմացայ, որ իմ նշանածս գազանի մը հետ պիտի ամուսնացնեն եղբայրները, եւ երբ նա դիմադրեց կուսանաց վանքի որոշումն տուեր էին, դիմեցի Սիւնեաց մետրապոլիտին, դիմեցի դարձեալ կաթողիկոսին, զիս գնացուցին: Նոքա էլ հանդարտ, ծանր, կամաց խօսեցան հետս, զիս խոհեմութեան եւ համբերութեան, եւ աստուածային կամաց հնազանդութեան յորդորեցին, երիտասարդութեան եռանդ է, ըսին, սատանայի գրգիռ սրտիս մէջ նշմարեցին, աղօթք ընել եւ բժշկութիւն ինձ խոստացան իբրեւ թէ իմ Զարուհուոյ համար զգացած սէրս դիւահարութիւն էր, եւ այն միջոցին յանկարծ իմացայ նոյն կաթողիկոսին շրջակայից թէ իր հրամանով Օրիորդը հեռաւոր վանք մը յունաց սահմանագլուխը յուղարկէր էին: Եւ հիմա դու, իշխանուհի, իւր բանտապետը, ինձ կ'ըսես թէ նա լաւ է, հանգիստ եւ գոհ է, այո՛, այս բարձրաբերձ պարիսպներուն, այս երկաթապատ դռներուն, այս զինեալ պահապանաց եւ սպասաւորտց մէջ անշուշտ կամաւ ցոյց տալու համար զիս բերել տուիր. նա էլ` ինչպէս դիակը գերեզմանին մէջ լաւ է, հանգիստ է եւ գոհ է. եւ այդ խեղճ աղջկան, `որ կենդանի մեռել կ'ընեն, քեզ պէս գեղեցիկ եւ քարասիրտ կափարիչ մը պակաս էր:

Քու այս խօսքերդ թէպէտ ուշ, բայց դարձեալ ժամանակին են, հոգ չէ թէ ես բանտապետ կամ գերեզմանի կափարիչ լինիմ, խնդիրը Հոն է թէ դու ի՞նչ պիտի ընես, ի՞նչ է քու միտքդ:

Իմ մի՜տքս, ազատել Զարուհին կամ մեռնիլ:

Ամէն կը մեռնիմ ըսողները չեն մեռած, Աշոտ իշխան, ես շատեր կը ճանչեմ, որ կ'արէէր են թէ մահը վերահաս է եւ դեռ երկար տարիներ կապրին, նոցայ սիրտը նաեւ որ մեռած կը կարծուիր յանկարծ երբեմն մռնչիւններ կ'ուտայ, ես իմ պաշտօնիս պատճառով շատերուն խոստովանանքը լսած եմ, եւ աշխարհքս իւր թշուառութեամբք կը ճանչեմ, եւ իմ քարի պէս սիրտս կարծածեդ աւելի ձեզի պէս թշուառներու համար գութ եւ կարեկցութիւն ունի, եւ թերեւս… օգնութիւն մը նաեւ իմ կանացի տկար ձեռոքս ընեմ ձեզ, եթէ միայն խելօք վարուելու խոստմունք մը ընես եւ համբերել գիտնաս:

Միշտ նոյն երգը կը լսեմ, խելօք վարուիլ եւ համբերութիւն գիտնալ, ըսաւ Աշոտ հեգնութեամբ եւ աղրայները կրճտելով եւ ոտք ելաւ: Իսկ իշխանուհին երկու սուր եւ հրամայական աչք վրան դարձնելով եւ սաստելով`

Նստէ՛, անմիտ երիտասարդ, ըսաւ խստիւ ձայնով, ձեր տարիքին միշտ յատուկ է կրքով շարժիլ եւ ի կորուստ դիմել. եթէ ես քեզմէ ամենափոքր երկիւղ ունենայի եւ վնասել ուզէին ակնարկութիւն մը բաւական էր ինձ քեզ կապել տալ եւ մինչեւ Պոլիս ղրկել. բայց իմ միտքս քեզ եւ այդ թշուառ աղջիկն էլ ազատել է: Խօսք տո՛ւր ինձի համբերել մինչեւ գարուն, դառնալ քու երկիրդ, եւ ժամանակ տալ, որ բանակցիմ կաթողիկոսին հետ, եւ գարնան ե՛կ եւ կարուհին քուկդ է:

Աշոտ որ նախ այդ կնոջ հրամայող ձայնին տղու մը պէս հնազանդեցաւ եւ նստաւ, երբ վերջի յուսադիր խօսքերն լսեց` տխուր երեսին փայլակի զուարթութիւն մը ծագեցաւ, բայց շատ կարճ տեւեց այդ զուարթութիւնը, վասնզի նշանուած օրէն անյաջողութիւն անյաջողութեան վրայ հասել էր, հիմա ինչ որ մէկը չէր կրցել, կին մը պիտի կրնա՞ր ընել:

Իսկ Վասկանուշ, որ նորա երեսին ամէն շարժմունքը կը տեսնէր գուշակելով մտածութիւնը` աւելցուց:

Այո՛, շատ զօրաւոր ձեռաց անկարելին` տկարներու կարելի կընէ աստուած, միայն դու ինձ խօսք տուր հնազանդելու:

Շատ բարի, ես խօսք էլ կ'ուտամ, կերոնում նաեւ ինչ սրբութիւն որ կայ երկրիս եւ երկնքին վրայ` քու ամէն հրամաններուդ հնազանդելու, բայց դու էշ ինձ խօսք կ'ուտա՞ս, որ Զարուհին ձեռացդ պիտի չի հանես եւ իրեն վտանգ մը պիտի չի հանդիպի:

Թշուա՜ռ երիտասարդ, դու իմ վրաս կը կասկածիս վասնզի չես ճանչեր զիս. քանի որ այս պարիսպները իրենց հիմանց վրայ հաստատ կեցէր են, քանի որ ես կենդանի եմ` մէկը չի կրնար այդ աղջիկը իմ բազկաց մէջեն յափշտակել. եւ թէ աստուած իմ փափագս կատարեց` աս ձեռոքս ես նորա սեղանին առջեւ քու քովդ կը բերեմ նշանածդ:

Այս խօսքերը ազնուական վսեմութեամբ եւ վստահութեամբ զրուցուած` այնպէս ազդեցին երիտասարդ իշխանին վրայ, եւ այնպիսի ուրախութեամբ չցուցին իւր սիրտը, որ ցնծութեան արցունքով, ծունկի վրայ եկած.

Դու գթած մայր մ՚ես, դու թագուհի լինելու արժանի կին ես, դու պաշտելի էակ մ՚ես, տո՛ւր որ ձեռքդ անգամ մը պագնեմ:

Միայն թէ այս մեր խօսակցութիւնը խոստովանութեան գաղտնիք մնա:

Հրամայէ՛ ինչ որ կ'ուզես, հրամայէ՛ կրակի եւ ջուրի մէջեն անցնիմ, միայն թէ խոստմունքդ մի՛ մոռնար:

Եւ երկու ձեռաց մէջ իբրեւ թէ գրկած այդ քնքուշ ձեռքը համբոյրներով ծածկեց եւ արցունքով լուաց* երբ իշխանուհին ձեռքը քաշեց ու`

Բաւական է, չափաւորէ ուրախութիւնդ, ըսաւ եւ ոտք ելաւ:

Իշխանն էլ նոյնպէս ելաւ, եւ դէպի դուռը գնալով` ետ դարձաւ.

Մայր իշխանուհի, կարելի է՞, որ ինձ շնորհ մ՚էլ ընես:

Եթէ Զարուհին պիտի խնդրես տեսնել, անկարելի է. աստուծոյ սեղանին առջեւ միայն այդ կարելի է եւ գարնան: Եւ քիչ մը մտածելեն վերջ, Աշոտ իշխան, դուրաի սենեակը հանգչի, եմ կաթյյղիկոսիննամակ մը գրել տամ, եւ որովհետեւ ձեր կողմերը կը գտնուի իրեն կը հասցնես:

Շատ բարի, մայր իշխանուհի:

Աստուած բարի ճանապարհ տա:

Եւ իշխանուհին գաղտնի դուռ մը բացաւ եւ անյայտ եղաւ: Հազիւ կէս ժամ վերջ պառաւ կոյս մը բերաւ կնքեալ նամակ մը իշխանին տուաւ: