Երկունք Թ դարու

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Պատմութիւնը երկայն կը նկարագրէ Բուղայի դիւրին քաջութիւնքը, որ խաբէութիւն, դաւաճանութիւն եւ ստերդումնութիւն աւելի լաւ կը գործածէր քան թէ զէնք, ինչպէս տեսանք Վասպուրականի նահանգը, ուր Արծրունի Աշոտս եւ եղբօր Գուրգէնի իշխանութիւնը կործանեց առանց բարեկարգելու. նոյնպէս կ'ընէր, ուր որ հասնէր, գիտէր աւրել` բայց ոչինչ շինել:

Գարնան իւր առաջին յարձակումը Հայաստանի հիւսիսային կողմը եւ Տփխիսի վրայ եղաւ: Այս քաղաքը, որ այն ժամանակ Կուր գետին ձախ ափանց վրայ շինուած էր եւ բոլորովին փայտաշեն, Իսաք անունով մահմեդականի մը սեփականութիւն էր, որ չուզեց հնազանդիլ Բուղայի եւ իւր քաղաքն ամբողջ մոխիր դարձնելեն վերջ ինք էլ սպանուեցաւ նորա հրամանաւ:

Անկէ յարձակեցաւ հիւսիս` Ծանարաց վրայ, որ կովկասեան քաջ ժողովուրդ մ՚էին եւ երկայն պատերազմներով ոչինչ չի կարողացաւ ընել ու խայտառակաբար ետ դարձաւ եւ իր վրէժը թափեց Սիւնեաց երկրին վրայ. մեզ ծանօթ Աշոտ ամրացաւ իւր լեռանց մէջ, իւր մեծ եղբայրը Վասակ քաջութեամբ պատերազմելով գնաց Գարդմանաց Կտրիճ իշխանին ապաւինեցաւ, եւ նա կապած մատնեց զնայ Բուղայի ձեռք, որ ի վարձ իւր մատնութեան զինքն եւս բռնեց խաբեբայ խոստմունքներով, եւ շղթայի զարկաւ:

Արշաւեց Բուղայ Աղուանից երկիրը, բայց հոն Եսայի Ապոլմուսէ քաջութեամբ պատերազմեցաւ իրեն դէմ, խորտակեց նորա զօրութիւնը, ոչ խաբեբայ խոստմանցն հաւատաց եւ ոչ զէնքերեն վախցաւ, այլ աստուծոյ ապաւինեալ դէմ գրաւ անօրինին եւ քաջալերութիւն եղաւ Քրիստոսի հաւատացելոց: Վասպուրական լսելով Բուղայի պարտութիւնքը, սիրտ առաւ եւ ժողովուրդը զէնքի դիմելով, քանի մը իշխաններ գլուխն առած` սկսաւ իր բռնաւորաց դէմ պատերազմիլ եւ նոցայ լուծը խորտակել. չորս հազարի չափ խումբ մը Ապուզափր Արծրունին եւ նորա քեռորդին Սահակ Ապամքդեմ քաջ մարդը գլուխ իրենց դրած սկսան կովիլ եւ կոտորեցին եւ աւար առին Ճուաշ եւ Թոռնաւան:

Այս ապստամբութիւնը ճնշելու համար զանազան ամիրայք տաճկաց խումբ-խումբ կը դիմէին Վասպուրական հրամանաւ Բուղայի. հայք երբեմն կը յաղթէին եւ երբեմն կը յաղթուէին, թշնամիք հոս կը զօրանային, հոն կը տկարանային: Վիճակն անիշխանութեան էր: Եւ պէտք էր հնարք գտնել երկիրը կործանմանէ ազատելու համար:

Սմբատ Սպարապետ ան ատեն ներկայացուց Գուրգէն Բուղայի, պատմեց թէ ինչպէս սա յունաց դէմ քաջութիւններ ըրեր էր, թէ ինչպէս կայսրը զինք Կոստանդնուպոլիս հրաւիրէր եւ նա նախամեծար համարել էր իրեն դիմել: Ուստի Բուղայի հրամանաւ Գուրգէն արաբաց բանակը նստաւ առ ժամանակ մը սպասելով աստուճս օգնականութեան:

Բայց քաշ Ապումքդեմի մահուանեն ետք Վասպուրականի վիճակը երբ վատթարացաւ եւ Վասակ մը Արծրունեաց ցեղեն երբ գնաց Ռշտունեաց Ոստանը նստաւ իբրեւ տէր աշխարհին առանց կարէնալու սանձել տաճկաց բռնութիւնքը, եւ փոքրիկ բռնաւոր մ՚էլ ինք դարձաւ. Գուրգէն ոչ եւս կրցաւ համբերել եւ յարկ համարեց Ամբատայ հետ առանձին տեսութիւն մ՚ընել այս նիւթիս համար:

Վասպուրականի երկիրը, Հայոց Սպարապետ, ըսաւ, քեզ յանձնուած է ի Բուղայէ, եւ հիմա քանի որ դու պարտաւորուած ես այդ մարդուն քսուենք անբաժան մնալու, կ'իմանամ թէ անիշխանութեան մէջ կը թաւալի, եւ շատ մը փոքրիկ եւ տեսակ-տեսակ բռնաւորաց տակ կը հեծէ. պէտք չէ՞ արդեօք այդ վիճակին դարման տանիլ:

Ես այդ մասին նաեւ շատ կը մտածեմ, քու քաջութեանդ վրայ կասկած չունիմ եւ կը փափագիմ նաեւ, պատասխանեց Սմբատ աչքերը շուրջ դարձնելով, որ միգուցէ իր ըսածը ոք լսէ, կը փափագիմ նաեւ այս վիճակին դարման գտնել: Կարելի է շատերը զիս բամբասեցին իբրեւ մատնիչ հայրենեաց, զիս երկրորդ Վասակ մը, Մերուժան մը համարեցին. եղաւ վայրկեան մը, որ ես նաեւ իմ վրաս կ'ասկածեցայ, բայց խղճմտանքս հիմա հանդարտ է, Գուրգէն: Վասնզի վայրկեան մը եղաւ, որ ես Բուղայի վստահութիւնն ունենալու համար իբրեւ առաջնորդ իրեն ծառայեցի, բայց ոչ երբեք իր չգիտցածը եւ յայտնի ճշմարտութենեն աւելի բան մը իրեն իմացուցի: Ինք Ծանարաց դէմ պատերազմելու կամք չունէր, ես առանց երեւելու զինք այդ պատերազմին մղեցի, ուր իւր զօրաց քառորդ մասեն աւելին ոչնչացաւ: Եւ Աղուանից Եսայի Ապումուսէին գաղտնի քաջալերութիւն եւ դրամական օգնութիւն հասցնող դարձեալ ես եղայ: Եւ այդ պատերազմը նոյնչափ վնասակար եղաւ իրեն որչափ կորստական եղած էր Ծանարաց պատերազմը: Մի՛ կարծէր թէ այս խօսքերը յայտնելով ինքզինքս գովելու դիտաւորութիւն ունիմ, այլ խեղճ հայրենեաց վիճակին մէջ` գոնէ արժանաւոր անձանց առաջ ինքզինքս արդարացնել կ'ուզեմ. վասնզի սրտիս վրայ ծանր է այդ մարդուն յանդիմանութիւնը, որ մեր ժամանակի հայոց մէջ առաջին կը համարիմ ես իր անշահասիրութեան` իր քաջութեան եւ հեռատեսութեան համար, որ մարտիրոսական մահուամբ այդ կեանքը պսակեց: Հիմա` այսօր եթէ ինք ողջ լինէր, երբ Բուղայի զօրքը կիսուակես ջարդուեցան, ես իր խորհրդոց կը հետեւէի եւ դիմակը վար առնելով ապստամբութեան դրօշը կը վերցնէի. բայց այդ աննման Յովնանը չի կայ. երկնքեն մեր վրայ կը ծիծաղի: Սակայն պէտք է ջանալ ի գործ դնել ինչ որ ինք կը մտածէր. եթէ դու հիմա կարէնաս Վասպուրականը նուաճել` քսան-երեսոմն հազարի խումը մը կազմել, եթէ կարէնաս տասը հազար մը գոնէ սասնցի իջեցնել իրենց լեռներէն, ապահով եղիր թէ նոյնչափ մ՚էլ ես կը հոգամ իմ Մոկաց եւ Շիրակայ երկրեն. եւ կաթողիկոսն ու եկեղեցական ղասն ոտք հանելով կսկսինք սրբազան պատերազմր եւ Յովնանու փափագը կը կատարենք: Քե՛զ տեսնեմ, գնա՛, աստուած հետդ լինի՜, սուրդ հատու լինի՛:

Ուրիշ յանձնարարութիւն չունի՞ս ինձ ընելու, Հայոց Սպարապետ:

Ոչ. եթէ պարագայները պահանջէն եւ ինձի պէտք ունենաս` գրէ որղուոյս Աշոտին եւ ապահով եղիր թէ ինչ որ կարելի է կը ջանամ ի գործ դնել:

Շա՛տ բարի, ողջ լեր:

Աստուած հետդ լինի:

Եւ այսպէս բաժնուեցան իրարմէ այս երկու մարդիկը, եւ Գուրգէն իւր տասը թիկնապահներով մտաւ Վասպուրական, այն գործին ձեռնարկելու, որ երկրին բնիկ ժառանգաւոր իշխանք չէին կրցեր կատարել: Ոայց ճամփայ ելնելու ժամանակ եւ զանազան պարագայից մէջ յիշեց եւ պիտի յիշէր այդ Յովնանու անունը, որուն հետ քանի պատերաղմներու մէջ գտնուել էր, եւ որու քաջութիւնը ինչչա՛փ մեծ էր` աւելի մեծ էր հեռատեսութիւնն, զգուշաւորութիւնը եւ կառավարութեան ոգին:

Այնպիսի էր ժամանակը, այնպիսի էր երկրին վիճակը, որ քանի մը օրուան մէջ այդ հսկային շուրջը, որ Գուրգէն Արծրունի Ապուպելճ կ'անուանուէր գունդագունդ ժողւուեցան պատերազմողք, եւ ինք մտնելով Աղբագ գաւառը` երկու երեւելի բերդ Ջղմար եւ Սրինգ գրաւեց առժամայն: Եւ առանց դանդաղելու յարձակեցաւ Ռշտունեաց Ոստանը, ուր կը նստեր Վասակ Արծրունի Կովակերն անուանեալ եւ որ ինքզինքը զօրավար Վասպուրականի կը հռչակէր. կալանաւորելով զնայ` ազատութիւն տուաւ իրեն եւ իմացուց թէ զօրավարութեան պէտք էր արժանանալ` ո՛չ շուայտութիւն, զուարճութիւն եւ հանգստութիւն փնտրելով, այլ աշխատութեամբ եւ գործունէութեամբ: Եւ խօսքը օրինակաւ հաստատելով` սկսաւ ընտիր խումբով շրջիլ բոլոր երկիրը «ուր որ բնակութիւն հաստատէր էին տաճիկք Բուղայի հրամանաւ, սոսկալի հարուածներ վրանին կը հասցնէր, սրով եւ աղեղամբ կը սատակէր զիրենք, եւ անհետ ըրաւ` բոլոր Տաճկաց ժողովուրդը, որ բնակած էին Վասպուրական տէրութեան մէջ»:

Կը զարմանային Վասպուրականի ժողովուրղք այդ Արծրունի Գուրգէնին վրայ, որ չէր նմանէր ամենեւին այն միւս Արծրունեաց իւր մերձաւոր ազգականաց, այդ պատերազմի յաղթող առիւծը ոչ ամբարտաւանութիւն ունէր, ոչ յանձնապաստանութիւն եւ ոչ պահանջմունք ի ժողովրդոց: Շատ անգամ կը տեսնէին զինք նստած հասարակ շինականին հետ ընտանեբար կը տեսակցէր, խրատներ կ'ուտար, կը յորդորէր քաջ լինել, վարժուիլ զինաշարութեան, ընկերին օգնել ընդդէմ օտարին, պաշար պահել նեղութեան օրերու համար:

Հասաւ վերջապէս Հայոց Ձորոյ գլուխը Որդոք գիւղը, չորս հարիւր քաջերով, եւ միտքը դրած էր Բերկրի հաստատուած ութմանիկ ըսուածները բնաջինջ ընել, եւ Արծրունեաց քաղաքը մաքրել այդ բարբարոսներու մնացորղներէն: Բայց կը սպասէր գունդերուն, որ պիտի հասնէին, ուստի կ'ելնէր շատ անգամ միայնակ` թողած Ցոլակին գլուխը` ծանր-ծանր կը շրջէր գետին եզերքը, որ այդ լայնատարած ձորը երկուքի կը բաժնէ, եւ որ հռչակաւոր էր եւ միշտ պէտք է լինի հայուն համար, վասնզի հոն եղած է կռիւը, ուր հայոց նախահայրը առաջին պատերազմը պատերազմեցաւ ազատութեան համար եւ զարկաւ սպաննեց զբել:

Կ'ելնէր այդ միւս լեռներէն շրջապատ եալ բարձր սարին վրայ ուր ժողովուրդը մինչեւ այսօր բերդի մը մնացորդ աւերակ կը նշմարէ եւ զօր Հայկայ բերդ կանուանէ. կը դիտէր այդ Տիտանեանց արժանի ահեղ տաշածոյ քարանց շարքերը, եւ նստած ժայռի մը վրայ կը մտածէր. ինք մեծասիրտ եւ կորովի հսկայ այդ դիւցազն եւ վեհ յիշատակներու առջեւ ինյջզինքը փոքրիկ եւ նկուն կը գտնէր:

Երբ այս մտածութեանց մէջ թաղուած` առաւօտ մը` միտքը անցեալին վրայ կը շրշագայեր, աչքը դարձուց դէպի Բերկրուոյ կողմը եւ տեսաւ սեւ ամպ մը, որ կը քայլեր, կը մտնէր Աբրահամու անապատը: Շուտ մը ցատկեց Ցոլակին վրայ. «Երթանք իմ քաջ նժոյգս, ըսաւ, մենք պիտի երթայինք թշնամին գտնելու, նա կ'ուգայ մեր առաջ, որպէսզի մեր յոգնութիւնը պակաս լինի»: Եւ Ցոլակ, որ կ'իմանար` փոթորկի պէս սրացաւ Լամպի փոշի հանեց: Երբ Գուրգէն մտաւ Որդոք արդէն իւր չորս հարիւրքը իրեն կը սպասէին: «Ապրի՛ք տղաք, որ այսպէս կազմ եւ պատրաստ էք, քշենք երթանք, դուք ուսկի՞ց իմացաք թշնամուոյն գալը», հարցուց Գուրգէն:

Ես որ ճանապարհի պահապանն էի, ըսաւ երիտասարդ ձիաւոր մը, տեսայ իրենց գալը եւ իմաց տուի:

Ինչչա՞փ կարծես թէ կան թշնամիք:

Միայն Բուղայէ ղրկուած արքունի զօրք երկու հազար են եղեր, եւ զօրավարին անունը Բուտել է. կան իրենց հետ ութմանիկք` եւ Վասպուրականի ազատներէն նաեւ միաբանէր են նոցայ հետ եւ մեր վրայ կ'ուգան եղեր:

Այս տեղեկութիւնքը դու ուստի՞ առիր, ա՜յ տղայ:

Յառաջընթաց ձիաւոր մը տեսայ, որ յանդուգն` կ'ուգար. սեպաձեւ ժայռի մը ստորոտ ծածկուեցայ. երբ նա անցաւ յարձակեցայ վրան եւ առաջի նիզակի հարուածին, որ ձիուն գաւակեն տուի, մարդ եւ ձի գէաին գլորեցան. մարդը ամա՜ն գոչից. «Քեզ չեմ սպաննէր, միայն շիտակ զրուցէ՛ եւ առջեւես քալէ», —ըսի. պատմելը պատմեց, բայց ինչչափ որ աշխատեցայ եւ նիզակովս մտրակեցի` անպիտանը չի կրցաւ հոս հասնիլ, կէս ճամփան գետին ինկաւ եւ սկսաւ արիւն թքել. «Է՛լ կարող չեմ, կ'ուզես սպաննէ», ըսաւ. ես որ խօսք տուի` չուզեցի խոստմուքս աւրել, թողի կիսակենդան աւազին վրայ եւ եկայ:

Ապրի՛ս, լաւ՛ ես ըրեր:

Երբ կէս ժամու ճամփայ յառաջացան Գուրգէնի զօրքը, եւ լաւ ու զօրաւոր դիրք մը գտաւ իրենց զօրավարը` բլրակի մը վրայ ուր աջ կը սղմեն գետը կը պտրտեր, եւ ձախը լեռներու գօտիքը, ուր դիրքը կը նեղուէր` հոն ճակատեցուց իւր գունդը. վահանաւոր զօրքով պարփակեց հետեւակ աղեղնաւորաց խումբը. եւ երբ թշնամիք հասան` երկայն ժամեր պատերազմեցան հայք եւ մեծամեծ հարուածներ հասուցին նոցայ վրայ: Իսկ մինչ նոքա քիչ մը կազդուրեալ` դարձեալ յարձակեցան հայոց վրայ, Գուրգէն չի կարէնալով այլեւս համբերել, մտրակեց իւր քաջ երիվարը, զարկաւ պատռեց թշնամեաց ձախ թեւը եւ սկսան փախչիլ իր առջեւեն, կը հալածէր զիրենք եւ կը սատակէր զիրենք այնչափ զօրութեամբ, որ աւելի էին անոնք որ մեռան Գուրգէնի Սուրէն քան թէ անոնք, որ մնացին: Իսկ աջ թեւը տաճկաց յարձակեցաւ հայոց ձախ թեւին վրայ եւ շարժեցին զայն, եւ դարձան, որ պաշարեն Գուրգէն, բայց չի կրցան դիմանալ նորա զօրութեան եւ խորտակեցան նորա առաջ: Եւ է՛լ չի համարձակեցան ելնել եւ մտնել Վասպուրական աշխարհք տաճկաց զօրքը, վասնզի սաստիկ երկիւղ ինկաւ իրենց սիրտը:

Բայց Գուրգէնի սրտին մեծ վէրքը պատերազմեն առաջ եւ պատերազմեն վերջ նաեւ երիտասարդ պահապանին խօսքերն էին. «Վասպուրականի ազատներէն նաեւ միաբանէր են նոցայ հետ»: Ի՛նչ պիտի զրուցէր Յովնան հիմա այդ մարզիկը ազգի եւ հաւատքի թշնամիներու հետ տեսնէր, որ եկեր են իրենց ազգին դէմ պատերազմելու, կ'ըսէր ինքնիրեն, եթէ նա որ երեք մատնիչ կախելու համար այնչափ տաժանմունք յանձն կառնուր, պէտք է որ ես էլ խիստ օրինակ մ*ընեմ, որ այդ վատ սովորութիւնը վերնա հայ ազատաց մէջեն:

Երբ այս խորհրդածութեամբ երկու հարիւր րնտիրներով կը հալածէր թշնամին, որ մօտ էր Սեւ ջուր գետին` յանկարծ փախստական խումբը կանգ առաւ եւ քիչ մը վերջ ետ դարձաւ, վասնզի յայտնի մահը տեսաւ առաջը. թշնամի մը, ուսկից գթութիւն յուսալ անկարելի էր. հազարի չափ հայ գիւղացիք մանգաղներով ու կացիններով զինեալ` փախստական տաճիկը կը ջարդէին անխնայ: Ուստի զէնքերը ձգեցին եւ եկան Գուրգէնի, որ անզէն մարդիկը ջարդել չէր կրնար` թէպէտ այդ խաբեբայ եւ ստերդումն արաբ ազգին բնութիւնը լաւ կը ճանչեր, եւ ըրած դաւաճանութիւնքը կը յիշէր, բայց դարձեալ հրամայեց զօրաց, որ վնաս չի հասցնեն անձնատուր անզէններու: Բուղայի զօրավարը Բուտել սոցայ մէջ էր. հրամայեց Գուրգէն այդ մարդուն սուրը իրեն դարձնել, նոյնպէս ազատութիւն խոստացաւ այն տաճիկ գլխաւորաց, որ եկեր էին իւր վրայ պատերազմելու. բայց երբ հայոց ազատաց առջին կանգնեցաւ` եւ նոցայ մէջ Վասակ Կովակերն տեսաւ, իւր ահագին ձայնը բարձրացուց եւ գոռաց.

Դուք, անօրէն անզգամներ, դուք ձեր ազգին դէմ` ձեր եղբարց դէմ ձեռք կը վերցնէք եւ ինձմէ գթութիւն կը սպասէ՜ք. ճշմարիտ է, որ ես զինաթափ մարդիկ չեմ կրնար սպաննել, իմ սուրս զինուորի է եւ ոչ դահճի, ուստի ձեզ ձեր եղբարց դատաստանին պիտի յանձնեմ: Ահա ժողովուրդը` գեղացին կ'ուգայ, ձեզ իրենց կ'ատամ, ինչպէ՛ս կ'ուզեն թո՛ղ ընեն, կ'ուզեն ձեզ սպաննեն, կ'ուզեն ձեր կեանքը շնորհեն… Իսկ դու, Վասա՛կ, նախատինք Արծրունեաց, Մերուժաններու վիժեալ, որ եւ ոչ մատնիչ եւ դաւաճան լինելու չափ ուղեղ ունիս, քեզ կը շնորհեմ քու այդ անպիտան կեանքդ, վասնզի ապուշ ես եւ ցնորեալ: Գնա՛ Կայէնի թափառական կեանքը` վարէ, խաղալիք եւ նշաւակ եղիր ամէնուն. վասնզի զօրավար Վասպուրականի ինքզինքդ անուանելեն վերջ այդ միայն կը պակսէր, որ Վասպուրականի արիւնարբու թշնամեաց հետ միաբան` գայիր քու ազգիդ դէմ անպիտան զէնքերդ շարժէիր:

Նոյն միջոցին կը հասնէին հայ գիւղացիք իրենց խառնիխուռն զինուորութեամբ եւ զինուք. թէպէտ վրէժ եւ կատաղութիւն իրենց աչաց մէջ կը փայլէր` բայց երբ տեսան Գուրգէն, որ արդէն ամէն բերան Վասպուրականի փրկիչ կ'անուանէր, մոռցան իրենց դառնութիւնը եւ միաբերան սկսան աղաղակել. «Կեցցէ՜ Գուրգէն, կեցցէ՜ մեր ազատարարը»: Իսկ Վասպուրականի ազատաց խումբին դաւաճանք այն միջոցին Գուրգէնի մօտեցած իրեն գթութեան կ'ապաւինէին, որ չի մատնէ զիրենք ժողովրդեան կատաղութեան: Գուրգէնի սիրտը փափուկ էր նոյնչափ` ինչչափ խիստ էր բազուկը: Ուստի ներեց եւ հրամայեց անվնաս արձակել: Եւ դառնալով Բուղայի զօրավարին` ըսաւ.

Գնա՛ զրուցէ քու տիրոջդ, որ ես աւաւակներէ եւ երկոտանի գազաններէ կը մաքրեմ երկիրը, օրինաւոր տէրանց հնազանդիլ գիտեմ, բայց բռնաւորաց եւ աւազակապետաց ո՛չ երբեք. ինք թող ընտրէի եւ լինի ինձ հետ որն որ ուզէ:

Երբ թշնամի եւ դաւաճան ամէնքն անհետացան, ինքնիրեն կ'ըսէր Գուրգէն.

Ես այն մարդը չեմ` ինչ որ պէտք էր լինիլ. հիմա Յովնան եթէ լինէր այղ անպիտանները չէր արձակէր, վասնզի վաղը դոքա դարձեալ ազդին թշնամեաց հետ կրնան միանալ եւ վնասել: Ոչ ոքէ լուր չի կայ. սմբատ ձայն չի հանէր, իմ ղրկած նուիրակս դեռ չի դարձաւ, Խոսրով չերեւար, այդ խոհեմ եւ պատուական մարդը ինձի շատ հարկաւոր էր, վասնզի իւր խորհրդոց պէտքը կը զգամ: