Երկունք Թ դարու

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Կ'անգուարի բերդին դռները բացուեցան ընդունելու համար ամենայն պատուով եւ փառօք Գուրգէն Ապուպելճ, եւ Հեղինէ տիկին երկրորդ օրը բերդին եկեղեցուոյն մէջ պսակուեցաւ Գուրգէնի հետ ի մեծ ուրախութիւն Անձեւացեաց ժողովրդեան` որ հզօր պաշտպան մը կը գտնէր այսպիսի աննման քաջ իշխանի մը հովանաւորութեամբ: Բայց եթէ մէկ կողմէ ամուսնացեալք երջանիկ եւ ժողովուրդը գոհ էին` միւսեն շատ մը բանսարկուներ վերջին յուսահատութեան մէջ էին: Մուշեղ իշխանի կտակը պատրաստող Թէոդորոս վարդապետ` առաջնորդ Հոգեաց վանից, որ Դերենիկի խորհրդով եւ նորա յօգուտ ծածուկ Հեղինէի որբ տղան ջանացել էր ղրկելու, հիմա անճար եւ շփոթ մնացել էր, իւր բոլոր յոյսերը տեսնելով ոչնչացեալ:

Իսկ Դերենիկ մեծամեծ պատրաստութիւնդ կ'ընէր պատերազմի եւ նոյն միջոցին նոյն` Թէոդորոս վանահայրը դեսպան կ'ուղարկէր Գուրգէնի` սպառնալեօք, որ Անձեւացեաց կէսը Նորաբերդի հետ ըստ կտակին զօրութեան իրեն յանձնէ:

Չենք ուզէր երկայն պատերազմներու վրայ խօսիլ, ուր Գուրգէն վերջապէս յաղթութեամբ պսակուեցաւ, եւ ամբողջ Անձեւացեաց գաւառին տիրացաւ. հանդարտեցուց երկիրը, ապահովեց ի թշնամեաց, եկեղեցիներ շինեց եւ խաղաղութեան տօն կատարեց նաւակատեաց:

Բայց այս խաղաղութիւնը նաեւ երկայն չի տեւեց, վասնզի Դերենիկի հայրը Աշոտ իշխան գերութենէ ազատելով եկաւ Բաղդատէ, եւ հրամայական պատգամ ղրկելով Գուրենի կը պահանջէր Անձեւացեաց գաւառին մասը Դերենիկի համար: Իսկ Գուրգէն հանդարտ պատասխան կ'ուղարկէր եւ կ'ըսէր. «Հայրենի ժառանգութենէ զիս ղրկեցիք, եղբայրական բաժինը յափշտակեցիք, հիմա ինչ որ ինձ աստուած ժառանգեցուց, այն էլ կ'ուզէք առնուլ բռնութեամբ: Միթէ՞ դու միայն պիտի բնակիս երկրիս վրայ: Տեսնէ Տէր եւ դատէ իւր արդարութեամբ ինչպէս ես կը յուսամ»:

Եւ իմանալով թէ հայրը մէկ կողմանէ` եւ միւս կողմանէ Դեբենիկ Անձեւացեաց գաւառին վրայ կը յարձակէին, իւր եղբօրորդին Գրիգոր` քաջ երիտասարդը ղրկեց Աշոտի դէմ երկու հարիւր հոգուոյ ընտիր սպառազէն գնդով, իսկ սա` տեղեկանալով Գրիգորի զօրաց սակաւութիւնը արհամարհեց եւ անզգոյշ կը նստեր անհոգ, երբ գիշերով յանկարծ Անձեւացի խումբը յարձակեցաւ իւր վրայ, զարկաւ` ցիրուցան ըրաւ զօրքը եւ աւար առաւ բոլոր բանակը մինչ ինք Աշոտ միաձի փախստական կ'իջնէր Ռշտունեաց ոստանը:

Իսկ Դերենիկ իմանալով հօրը պարտութիւնը եւ թէ Գուրգէն իւր վրայ կ'ուգար յարձակմամբ` խոհեմաբար ետ քաշուեցաւ եւ դարձաւ Վասպուրական:

Կրկին եւ կրկին Արծրունիք նոր զօրք ժողուելով եւ Բագրատունեաց օգնութեամբ զօրացեալ` չի կարէնալով բան մը գլուխ հանել, խաղաղութեան դաշինք դրին. Աշոտ եւ Գուրգէն առանձին իրարու հետ տեսնուեցան, զիրար ողջունեցին եւ բարեկամութեան սէր հաստատելով բաժնուեցան իրարմէ:

Գուրգէնի ամուսնութեան տարին լրացել էր, Հեղինէ կայտառ` նորածին, նորակնունք երեխայ մը գիրկը` մխիթարուած էր իւր Մուշեղէ ունեցած խեղճ եւ տկար տղուն մահուան վրայ. Խոսրով Ակէացի, որ նոցայ կնքահայրն էր եւ նոյն օրն այդ պաշտօնը կատարելու համար եկեր էր ի Կ'անգուար, երեքին վրայ կը նայէր զուարճութեամբ. իսկ Գուրգէն ոտքի վրայ կանգնած, ուրախ, բոլոր նեղութիւնները եւ բախտին հարուածները գրեթէ մոռցել էր ներկա երջանկութեամբ. մէկ մը կնոջը եւ մէկ մը զաւկին ակնարկ ձգելով աչքերը երկինք կը վերցնէր շնորհակալ կը լինէր աստուծոյ տուողին ամէն բարութեանց, երբ յանկարծ գլուխը դարձնելով տեսաւ Վահրիճ, որ լռիկ ներս մտած դռան առջեւ կեցել էր:

Ի՞նչ է Վահրիճ, դու բան մը ունիս զրուցելու, հարցուց Գուրգէն:

Այո, Տէր:

Զրուցէ՛, ի՞նչ խնդիրք ունիս:

Ոչինչ, Տէր, քու ողջութիւնդ. միայն կ'ուզեմ յիշեցնել, որ Օձն քաղքին մէջ երբեմն շատ տարիներ առաջ ինձ յանձնեցիր իմանալ թէ ո՜վ էր այդ երեք դաւաճան իշխանաց մատնութեան թուղթը գրողը առ Բուղայ, ես այն ատեն իմացայ թէ Մարտիրոս անուն վարդապետ մ՚էր, եւ դու ինձ ապսպրեցիր չի մոռնալ այդ անունը եւ երբեմն յիշեցնել եւ ջանալ գտնել. ես գտայ այդ մարդը եւ տարի կայ, որ այստեղ վարը բանտը կսպասէ: Ես ժամանակ չունեցայ զինք յիշելու, վասնզի քու հրամանաւդ Նորաբերդ էի, եւ ոչ դու էլ ժամանակ ունէիր նորա գործով զբաղելու: Խուրեն այս առաւօտ ինձ յիշեցուց եւ ըսաւ թէ իշխանուհին եթէ իմանայ, որ այդ մարդը տարին ամբողջ առանց դատաստանի շղթայակապ մնացել է` բանտը մեր գլխուն կը կործանէ:

Իսկ Գուրգէն խոժոռ նայեցաւ Վահրիճի այս յայտնութեան վրայ եւ քովնտի ակնարկ մը ձգեց Հեղինէի, որ ուշադրութեամբ անխռով եւ խիստ կը նայէր սպասաւորին, որ տեսնելով թէ ախորժ չեղաւ իւր յայտնութիւնը, վրայ բերաւ ուրիշ պարագայ մը նաեւ:

Ես այնպէս իմացայ այդ վարդապետին խոստովանութենեն, որ գայ ասկից երկու-երէք տարի առաջ Երագածի գիւղին քով կիսափուլ վանքի մէջ երբ դու իրեն ապաւինէր ես` Դերենիկին բանտեն ազատելով` զքեզ նկուղի մը մէջ փակեր եւ Դերենիկին մատներ էր: Ես այս պարագան չգիտէի` իրմէ իմացայ:

Անպիտա՛ն, ըսաւ Գուրգէն բարձրաձայն քրքիջ արձակելով, այդ ի՜նչ յիմար է եղեր, որ քեզի պէս առաքինի մարդ փնտրել ընտրել է խոստովանահայր: Գնա՛, արձակէ այդ մարդը, արդէն տարի մը բանտ քաշել ապաշխարել է:

Վահրիճ քայլ մը ետ առաւ դուրս ելնելու, երբ Հեղինէ` ձեռոք նշան ըրաւ կանգնելու, եւ դարձաւ լուրջ հանդարտութեամբ ըսաւ Գուրգէնի.

Եթէ անմեղ կամ յիմար մէկն է այդ մարդը եւ անիրաւ տեղ մեր բանտերուն մէջ տարիով կեռեր է, պէտք է իրեն շնորհք մ՚ընել եւ այնպէս արձակել: Իսկ եթէ դաւաճան եւ մատնիչ է` եւ կարող պատուհաս լինիլ ուրիշներու, ի՜նչ խղճմտանքով զինք կ'արձակես:

Ոչ, անմեղ անձ ըսել կարելի չէ այդ անզգամին համար, բայց այնչափ տարի անցել է իր գործոց վրա…

Միթէ՜ տարիներ եւ ժամանակ բաւակա՞ն են քաւել չարագործութիւնքը, ըսաւ Հեղինէ, եւ դառնալով Խոսրովում դու ի՞նչ կ'ըսես, հայրիկ…

Այս խօսքին Գուրգէն երկու-երէք քայլ առաւ, դռան մօտեցաւ եւ Վահրիճի թեւէն ուժով բռնելով, բերաւ սենեակին մէջտեղ կեցուց երեսը Հեղինէի դարձնելով.

Զիս թող, իշխանուհուոյն հետ խոսէ եւ նորա պատասխանն:

Բայց տէր, կ'ըսէր Վահրիճ քիթը բերանը թթուած եւ թեւը շփելով, ես զքեզ չեմ կարող բռնել, դու զիս պէտք է թողուս:

Իսկ Գուրգէն նոյն միջոցին հեռացաւ դէպի պատշգամը եւ հորիզոնը կը նկատէր առանց բառ մը կորսնցնելու Վահրիճի խօսքերեն, որ միշտ թեւը շփելով մէկիկ-մէկիկ կը պատմէր իր որսորդութեան, Մարտիրոս վարդապետի հետ սեղանակցութեան, գինովութեան, խոստովանութեան պատմութիւնը. Գուրգէն քթին տակեն երբեմն ծիծաղելով` «Անպիտա՜ն ծառայ, տարիներն զքեզ ամենեւին չեն փոխէր, միշտ նոյնն ես եւ նոյն մնացել ես» կ'ըսէր կամաց ձայնով. Հեղինէ առանց փոքր ժպիտ մը ցոյց տալու, ուշադրութեամբ մինչեւ վերջը մտիկ ընելեն ետքը, ըսաւ Վահրիճի խիստ ձայնով.

Բայց ի՞նչ կը նշանակեն այդ խօսքերը, որ դա զրուցէր է. «Թուղթ մը գրեցի, որ գաւառ մը իրեն օժիտ բերաւ»:

Չգիտեմ իշխանուհի, որովհետեւ երբ այդ խօսքերն ըսաւ Հայր Սուրբը…

Ի՛նչ Հայր Սուրբը, ընդհատեց Հեղինէ խստութեամբ, այդ էր պակաս, որ այսպիսի անզգամներ «Հայր Սուրբ» անուանէինք:

Կը ներես իշխանուհի, բերնի վարժութիւն է այն գիշերուընէ մնացած:

Գուրգէն կը ծիծաղէր բարձրաձայն. Խոսրով, որ ուշադիր էր միայն եւ ամենեւին նշան մը չէր տուած մինչեւ այն վայրկեան փոքրիկ մը ժպտեցաւ, իսկ Հեղինէ բարկացայտ աչքերով` կամաց եւ դողդոջուն ձայնով ըսաւ սպասաւորին.

Գնա՛, այդ մարդն առանց շղթայի, առանց պահապանի ներսի մեծ սենեակը տար, եւ սպասէ մինչեւ որ մենք գանք:

Եւ երբ Վահրիճ գնաց, ելաւ ձայնեց նաժիշտներուն, տղան դայեկին յանձնեց, եւ Գուրգէնի թեւէն բռնելով ու Խոսրովու քով բերելով լուրջ եւ մեղադրական ձեւով ըսաւ.

Գուրգէն, ես հիմա անոր կը զարմանամ թէ այնչափ տարիներ ղիս ինչպէ՞ս չի մոռցար. միթէ՞ կարելի է այդ անզգամ չարագործը մոռնալ` իւր ըրածը չյիշել, եւ թողուլ, որ երթայ իւր անարդ գահասիրութեամբ, անխիղճ եւ անպատկառ շարունակէ իւր անզգամութիւնը, անմեղ արտասուաց եւ ո՜յ գիտէ արեանց պատճառ լինի. այս իշխանութիւն չէ, այս տէրութիւն չէ, իշխանաց պարտքը ես այսպէս չեմ հասկնար: Շատ ուրախ եմ, որ Խոսրով իշխանն էլ այստեղ է եւ դատաւոր կրնայ լինիլ մեր մէջ:

Բայց ո՞վ քեզի ըսաւ, սիրելի Հեղինէ, թէ իրաւունք չունիս. ես տարի մ՚է այնչափ զբաղած եմ պատերազմներով, որ ամէն կառավարութիւն թեզի յանձնեցի, եւ հիմա էլ, քու գործիդ խառնուելու ոչ կամք ունիմ եւ ոչ փափագ. կ'ուզես կախել տուր այդ մարդը, կ'ուզես ձեռքը կտրել տուր, ես կընդունիմ թէ արժանի է ամէն տեսակ պատժոց, միայն պատերազմէ դուրս ցուրտ արիւնով չեմ կարող մէկը հարուածել եւ պատժել. առիւծը, վագրը գառագիղի մէջ սպաննել չեմ կրնար, պէտք է արձակեմ եւ այնպէս վրան հարձկիմ:

Այո՛, առիւծին, վագրին այնպէս պէտք է ընես, բայց գետնվյյքարշ սողունին, որ կրունկդ կուզէ խածնել եւ թունաւորել պէտք է գլուխը ճզմել ու ջախջախել… է՜հ հայրիկ, չես խօսիր… եթէ այդպէս է ես է՛լ բերանս չեմ բանար:

Ոչ դուստր իմ, ոչ, դու իրաւունք ունիս, ըսաւ Խոսրով ձեռքեն բռնելով եւ քովը նստեցնելով, բայց Գուրգէնի բնաւորութիւնն այնպէս է, տասն անգամ նոյն թշնամին բռնած եւ թողած է, միշտ վերջը զղջալով: Հիմա այդ մարդը պէտք է շղթայակապ կաթողիկոսին յուղարկէի Հոգեւոր տէրը արդար, առաքինի, իմաստուն մարդ է, երբ իմանայ անարժան քահանային ըրած անզգամութիւնքը փակել կ'ուտայ զինք վանք ար, ուսկից անկարելի կը լինի ելնել մինչեւ կենաց վերջի օրը, եւ առատ ժամանակ կ'ունենայ ապաշխարելու իւր չարութեանց վրայ: Երթանք ուրեմն ներսի սենեակը, հարցաքննենք մարդը:

Մարտիրոս վարդապետ ամէն բան խոստովանեցաւ, պատմեց թէ ինչպէս ինք Գուրգէնի առ Հեղինէ գրուած նամակը խարդախել էր, ինչպէս ինք Աշոտի դիւանագէտ մատնութեան գործիք եւ խորհրդակից եղել էր երեք դաւաճանաց հետ, եւ թէ ինչպէս ետքը Գուրգէն մատներ էր եպիսկոպոսանալու յոյսով:

Երկրորդ առաւօտ Վահրիճ քանի մը հոգուով իւր այս շնչաւոր աւարը բարձեալ ձիու մը վրայ փոքրիկ ղորաց գունդի մը ընկերութեամբ կը տանէր կաթողիկոսին, որ Սեւանայ անապատը հրամայեց զնայ ուղղել դատապարտելով ապաշխարութեան իւր անզգամութեանդ համար: Ծերունի Խոսրովու խօսքը կատարուեցաւ ինչպէս զրուցել էր Հեղինէի: