Թէոդորոս Ռշտունի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Չորս տարի կը, որ Հայաստան թշուառութեան մէջ կը հեծէր: Մեռեալները կը թաղուէին, զիրենք ծածկող հողը թէեւ մոռացութեան թանձր վարագոյր չէր սիրելեաց սրտին համար, բայց երբ գերելոց հետ բաղդատուէին նոքա` ամէն հայ մարդ` «Երանի մեռելոց որ ի տէր ննջեցին» կ'ըսէր: Այն ատենուան ամենայն դասակարգի մարդկանց մէջ այսօրուան զօրաւոր գլուխները չէին ստեղծուած որ գորտերու սաղմի սերունդ համարէին մարդկութիւնը. եւ հայ ազգը, որ գերդաստանի սէրը, նահապետական կեանքը միշտ պահած էր, իւր զաւակներուն վրայ կ'ողբար, որ շղթայակապ արաբական ճիւաղին առջեւեն կենդանեաց նախիրներու հետ եւ պէսկը թողուին հայրենի երկիրը երթալու ծառայութեան, ուրացութեան եւ պղծութեանս մատնուելով:

Առաջին դերին երէն էին Գրիգոր եւ Սուրէն, զօրս մենք թողինք Դամասկոսի մօտ Շէյխ Ալիի պալատին մէջ: Ամառանոց մ՚էր այդ գեղեցիկ պալատը` բնակարան երբեմն բիւզանդացի յոյն հարուստ իշխանաւորի, որ իր տկարութենեն տաք կլիմային դիմել պարտաւորեալ` ամենայն վայելչութեամբ զարդարած էր զայն: Ընդարձակ պարիսպ մը պտղատու ծառերու պարտէզ մը կը շրջապատէր, որու մէջտեղ քառակուսի բնակարան էր հաստատեալ հովանոցներով, եւ որ ներքին ծաղկոց մը ունէր եւ շատրուան: Այդ ներքին պարտէզին չորս կողմն էին սենեակները` իրենց դռներով եւ պատուհաններով: Եւ այդ քառանկիւն պարտէզին ներքին կողմն կանանոցին դուռն էր: Միայարկ էր տունն եւ Լիբանանու մայրեօք շինեալ. բայց կիսամերկ եւ բոկոտն արաբացին, որ նոր ելած էր իր աւազներուն մէջեն` դեռ չէր սովոր շինել` այլ քանդել միայն, ուստի շէնքն անխնամ առանց նորոգութեան սկսէր էր ապականիլ: Տան դռան մուտքին մէջ քանի մը շղթայաւորեալ քրիստոնեայ դերիք իրենց բնակութիւնն ունէին, առաջ շատ էին, տասը-տասներկուք կը լինէին, բայց մահը, կրօնափոխութեամբ ազատութիւնը, չորս տարուան մէջ իրենց թիւք երեքի իջուցեր էր. Գրիգոր, Սուրէն եւ Գազրիկ անուամբ հայ շինական մի կային: Առաջին երկու տարին Սուրէն ժամեժամ կը սպասէր ազատութեան, միշտ յուսալով թէ Մամիկոնեանք եւ Կ'ամսարականք իրենց փրկանաց գինը վճարելով` զիրենք կ'ազատեն այդ անտանելի գերութենեն, եւ այս բանիս համար քանի մը նամակներ յուղարկած էր Մուշեղ Մամիկոնեանի եւ Հրահատ Կամսարականի իւր եղբօր, բայց անօգուտ ելնելով իւր ակնկալութիւնը, միտքը փոխեց` առերեսս ուրացութիւն յանձն առնուլ որոշելով, սկսաւ յորդորել զգրիգոր, որ վայրկենի մը համար յանձն առնուն այդ անօրինութիւնը: Այնպիսի դիմադրութիւն մը գտաւ եւ այնպիսի խիստ պատասխան ընդունեց, որ տարի մը նաեւ համբերեց եւ նոյն խնամքով կը հոգար իր սիրական քեռորդին, միշտ սպասելով դարձեալ, որ պատասխան կ'ընդունի հայրենի երկրեն: Չէր գիտէր խեղճ մարդը, որ Կ'ամսարականք խաբուած էին Մուշեղէ, որ Գրիգորի եւ Սուրէնի գերութիւնը լսելով` նոցայ մահուան լուրը ամէն տեղ ջանացեր էր տարածել, իբրեւ թէ սուրհանդակներ հանած, լրտեսներ ղրկած եւ Ասորեստան եւ Ասորիք իմացեր էր ստոյգը: Եւ այսպէս հաւատացացեր էր նաեւ Կամսարականաց, որ դրամի պէտք ունենալով` Սուրէնի ժառանգութիւնը ծախէր էին Բագրատունեաց, ինչպէս վերը իմացանք Յուսիկէ: Սուրէն տոկուն եւ խելօք մարդ էր, ուստի տեսնելով վիճակը, իմանալով օրաւուր արաբաց յաջողութիւնքը եւ համարելով գերութեան տարիները, որ չորս կը լինէին` սկսաւ յուսահատիլ: Ուստի հարկաւոր սեպեց Գրիգորի հետ խօսակցութիւն մը նաեւ ունենալ, եւ որովհետեւ կը տեսնէր Գազրիկ թէեւ շինական մարդ` Գրիգորի խելքեն էր` եւ հաստատ իւր կրօնից մինչեւ ի մահ: Ուստի առանձին Գրիգորի այսպէս խօսեցաւ.

Որդեակ Գրիգոր ահա գրեթէ չորս տարի է, որ մենք շղթայներու մէգ կապրինք, եւ այս վհճակին մէջ անցնել թէպէտ մեծ առաքինութիւն է, բայց պէտք է խոստովանիմ, որ մեր ազատութեամբ, երբ կրնանք օգտակար լինիլ մեր հայրենի երկրին, աւելի մեծ առաքինութիւն ըրած կը լինիմք:

Գրիգոր այս խօսքերուն ամենեւին պատասխան չի տուաւ, գիտենալով թէ խօսքին նշանակութիւնը եւ վերջաբանը ո՛ւր պիտի յանգեր: Իսկ Սուրէն առանց շփոթելու նորա լռութենեն` դարձեալ հանդարտութեամբ շարունակեց.

Դու լաւ գիտես, վասնզի արդէն այս բարբարոսաց լեզուն կը հասկնայ ս կատարեալ եւ կը խօսիս, որ ինչչա՛փ աւար եւ գերի բերէր են Հայաստանէ այս օրերս, որ Դուին առէր այրեր են, որ մինչեւ հիմա քրիստոնէութիւնը ի՛նչ ահագին վնաս տեսած է այս գազաններէն` նստած բնակած տեղերնիս նաեւ կը վկայէ, որ քրիստոնէի բնակարան է եղեր քանի մը տարի առաջ. ուրեմն որը՞ լաւ է, այս գերութեան մէջ յամառութեամբ մեռնի՞լ թէ ազատիլ երթալ հայրենի երկիրը, կռուիլ նորա պաշտպանութեան համար եւ փառքով ու պատուով մարտիրոսանալով, նմանիլ մեր նախնեաց` Վարդանայ, Վահանայ, Արշաւրի եւ իրենց ընկերաց… Պատասխան չե՞ս տար:

Ի՞նչ պատասխան կ'ուզես, որ տամ. եթէ այդ քաջերոմն կենաց մէջ մեծ յանցանք մը, մեծ արատ մը կայ` ուրացութիւնն է. եւ ես այդ յանձն չեմ կրնար առնուլ. մահն ինձ հազար անգամ սիրելի է:

Այդպէս ըսէր էր ժամանակաւ քու նախահայրդ` Վարդան, բայց վերջն աւելի խոհեմութեամբ մտածելով` ազգին ու կրօնքին օգուտը վերադասեց, իւր յամառութիւնը թողեց եւ այսօր իւր անունը բոլոր Հայաստան կօրհնէ եւ կը փառաւորէ, վասնզի իւր ուրացութիւնը աւելի օգտակար եղաւ քրիստոնէութեան զէն ի ձեռին մեռնելով Քրիստոսի համար` քան թէ Հազկերտի դիմադրելով, մեռնէր ղերութեան մէջ Սազաստան:

Ես ո՞վ եմ ինքզինքս Վարդաններու եւ Վահաններու հետ բաղդատելու համար, նոցայ համբաւը, օրինակը կրնային օգտակար լինիլ ազգին եւ եղան. իսկ ես երէկուան պատանի` անծանօթ ամէնուն…

Ոչ այդպէս, որդեակ, մենք այս թշուառ վիճակին մէջ փորձառու եղանք իմացանք թէ ի՛նչ է գերութիւնը, երբ հայրենիք երթանք ոչ միայն պէտք է պատերազմինք` այլեւ օրինակաւ եւ խօսքով քարոզենք զինվխլ եւ զինել, ցոյց տանք թէ ռամիկ եւ շինական ամէնը պէտք է զին վին, եւ հետեւինք արաբաց օրինակին:

Հիմա ո՜յ գիտէ թէ ինչ ունինք աշխարհքիս վրայ, ո՜յ գիտէ աւերմունք եւ յափշտակութիւն բան մը թողայ ծ են մեզ ժառանգութիւն:

Այդպէս երիտասարդ կը յուսահատի՞ս շուտով. գերութիւնը քու սրտիդ կորովն սպաննե՞ց: Տղա՜յ, դու կարծես թէ ես աստից ելած օրս ձեռնունայն կ'երթամ հայրենիք, դու խօսք տուր երկչոտութիւնը թողուլ եւ ինձ հետէիլ եւ այնպէս կը մտնենք Հայաստան, որ հայոց նախարարը ամէնքն ակնածութեամբ նային մեր վրայ:

Չեմ դիտէր գաղտնիքդ եւ հետաքրքիր նաեւ չեմ իմանալու, միայն կը խնդրեմ քեզմէ, սիրելի մօրեղբայրս, որ զիս հանդարտ թողուս իմ խղճմտանքիս հետ…

Դարձեալ այդ խղճահար յամառութեան մէջ պիտի փչացնե՞ս իմ եւ քու կեանքդ ի վնաս հայրենեաց: Եւ աստից վերջ թո՛ղ զրուցեն թէ ուսմունքը, ընթերցմունքը մարդս կը կատարելայ գործեն…

Ի՛նչ կ'ուզես զրուցէ, իսկ Քրիստոսի «Որ ուրասցի զիս առաջի մարդկան` ուրացայց եւ ես զնայ առաջի Հօր իմոյ» խօսքը չեմ կրնար մոռնալ, որ կարծես կրակէ գիրերով աչքիս առջեւ կը փայլեն միշտ:

Այդ խօսքերը դիանալու չափ ես էլ կարդալ գիտեմ, բայց ահա այդտեղ է ձեզ պէս տղայոց կարճամտութիւնը, որ կարդացածնիդ չէք հասկնար եւ բաղդատելու կարողութիւն չունիք:

Ի՞նչ կ'ըսես, մօրեղբայր իմ, այս խօսքերն որոշ եւ յայտնի են, մեկնութեան կարօտութիւն չունին:

Ինչպէ՞ս չունին. Քրիստոս այդ խօսքը զրուցեց եւ հազիւ քիչ մը ժամանակ անցաւ` ահա Պետրոս իր աշակերտը ուրացաւ, եւ ոչ միայն ուրացաւ անպիտանը, այլեւ նզովեց ինչպէս գրուած է Աւետարանին մէջ…

Բայց դու ձեռքդ դիրք չես առնուր, ուսկի՞ց գիտես այս բաները:

Յիմա՛ր, ես քեզի եւ քու նմաններուդ պէս գլուխս հազար անպէտք խառնաշփոթ բաներով չեմ լեցներ… պէտք եղածը միայն երբ կը լսեմ կը պահեմ եւ կը բաղդատեմ. բայց դու լաւ մտիկ ըրէ իմ խօսքս եւ պատասխան տուր: Ես ըսի թէ այդ Պետրոսը, որ վատ զինուոր էլ էր նաեւ` ահագին սրով ականջ մը միայն կրցեր էր կտրել եւ Քրիստոսի աշակերտաց` Յուդայեն վերջ ամենեն անպիտանն էր` վասնզի նա միայն ուրացաւ, Քրիստոս զիսք չուրացաւ եւ դարձեալ իւր աշակերտաց մէջ զինք ընդունեցաւ, եւ մենք Պօղոսի հաւասար զինք սուրբ եւ գլխաւոր առաքեալ կը դաւանինք…

Բայց Պօղոս ուրիշ, Պետրոս ուրիշ…

Ի՞նչ ուրիշ, մենք կը տօնենք այդ երկուքը միւս սուրբ առաքելոց հետ, եւ որ զարմանալին է, «գլխաւոր առաքեալ» այս երկուքը կը համարինք, որոց մէկը կուրանայ եւ միւսը քրիստոնենայք կը հալածէ: Քրիստոս, որ աստուած է, մեծասիրտ է, մարդկանց առերեսս ուրացութեան գիտէ ներել. այդ խօսքը զրուցէր է մեր աչքը վախցնելու համար ամէն վայրկեան ուրացութիւնը խաղալիք չընենք, բայց եթէ ինք մեր վիճակին մէջ գտնուէր…

Տէ՛, մօրեղբայր իմ, հայհոյութիւն է ըրածդ:

Տղա՛յ, դու լռէ՛, մտի՛կ ըրէ իմ խօսքս վերջացնեմ: Այսպէս ըսեմ, եթէ այդ առաքեալները մեր վիճակին մէջ գտնուէին` չորս տարի հայհոյութիւն, թուք ու մուր, ծեծ ու փետ, շղթայ էրող արեւուն եւ անձրեւին տակ քար, հող, աղբ կրել պարտաւորէին, արեւ՛ս վկայ, որ տասներկուքն էլ Քրիստոս կուրանային… Կա՛ց, խօսքս մ՚ընդհատեր… Եւ ի՞նչ մարդ էին այդ առաքեալները. Պարթեւաց ցեղեն իջած Կամսարականնե՛ր էին, թէ Մամիկոնեանց Մուշեղներու, Վարդաններու, Վահաններու զաւկնե՞ր. ոչ, այլ ողորմելի ձկնորսներ, որ իրենց արհեստը նաեւ լաւ չէին գիտէր, որ պզտի լճի մը տկար ալեկոծութենեն կը դողային, բարեբախտաբար իրենց համար, որ Քրիստոս ցաւեցաւ, փոքրաւոր առաւ զիրենք, վրանին հոգուոյն սրբոյ շնորհք բերաւ եւ առաքեալ եղան:

Բայց Լուսաւորչի համբերութեան այնչափ տարի չարչարանաց եւ այնչափ տարի վիրապին մէջ…

Տղա՜յ, Լուսաւորիչ մէկ հատիկ է սուրբերու մէջ, Լուսաւորիչ այդ անպիտան ձկնորսներուն հե՞տ կը բաղդատես. նա մարդու զաւակ` Պարթեւաց ցեղեն էր: Եւ աստուած, որ զինք պահեց եւ կրցաւ դիմանալ այդ չարչարանաց` իր վրայ մեծ` խնամք ունէր, Վիրապին մէջ հրեշտակներ կոպային զինք կը զուարճացնէին: Մենք ո՜ւր, նա ո՜ւր: Մեզի աստուած խելք աւէր է, կ'երթանք հիմա Շէյխի՛ն, կ'երթանք կ'ըսենք թէ մենք իրենց մարգարէն կընդունինք, սա շղթայներէն կազատինք, այն ժամանակ դիտեմ թէ ի՛նչ պէտք է ընել. նշան դի՛ր իմ խօսքիս, ութ օրէն Հայաստանի ճամփան կը բռնենք եւ առաջ աստուած` ամէն վտանգէ անցնելով կը հասնինք հայրենիք… Ի՞նչ կը մտածես, ահա ժամն է, խոսէ հիմա եւ պատասխան տուր… Եթէ կ'ուզես մինչեւ վաղն առաւօտ մտածէ, բայց դարձեալ քեզի կ'ըսեմ, Գրիգոր որդեակ, տասը տարի էլ մտածես` եթէ խելքի կշիռ չունիս, եթէ բան մը ուրիշ բանի մը հետ բաղդատելու, խելօքը խելառեն, լաւը վատեն, օգտակարը վնասակարէն որոշելու կարողութիւն չունիս, փուճ է ամէն բան, այստեղ կը փտինք:

Բայց դու ազատ ես, մօրեղբայր իմ, դու քու ազատութիւնդ ինձ համար…

Դարձեալ այդ յիմար խօսքն ինձ պիտի կրկնե՞ս: Ես` դու, չի կայ. միտքդ դիր թէ Սուրէն զքեզ չի կրնար թողուլ, քեզմէ չի զատուիր, մահ եւ կեանք մէկտեղ պիտի լինի: Ամէն բան պատրաստ է, միայն քու մէկ բառիդ կսպասէ եւ շաբաթ մը վերջ ազատ ենք:

Այս միջոցիս շղթայներու ձայն լսուեցաւ եւ Գազրիկ ամենայն յարգանօք մտնելով ըսաւ թէ` «Զեզ կուզէ վերակացուն, իշխանք», իսկ Սուրէն ծիծաղելով`

Մարդ, կ'ըսէր, դեռ չի կրցայ քեզ հասկցնել թէ մենք իշխան չենք, քեզ նման շղթայակապ գերիներ ենք, քեզի պէս հող, ջուր կը կրենք, քեզի հետ հացին պատառիկը կուտենք եւ քեզի պէս` աւազն է մեր անկողինը:

Իսկ Գազրիկ վիզը ծռելով`

Ի՞նչ ընենք, իշխան, այս անցաւոր աշխարհքին մէջ այսպէս որոշէր է աստուած, պատասխանեց:

Ելան երկուքն էլ գնացին, եւ յիրաւի ծանր էր տեսնել Մամիկոնեանց եւ Կամսարականաց զաւկներ, որ կ'աշխատէին բեռնակրի պէս հաստ կտաւէ շապիկ մը միայն հագած, շղթայ մը ոտքերնին, որուն ծայրը մէջքերնուն գօտուոյ տեղ կապուած չուանին էր անցուցած. քրտինքն ճակատներէն կը վազեր եւ գլխնուն վերեւ կեցած բոկոտն արաբացի մը խարազան ի ձեռին տիրաբար կը հրամայէր նախատանոք եւ հայհոյութեամբ: Գրիգորի իւր քաշածեն աւելի ծանր էր տեսնել զսուրէն, որ լուռ եւ առանց տքալու այդ վիճակին կը տանէր, մանաւանդ այն օրէն ի վեր, որ ջանք ըրած էր զինք համոզելու առերեսս ուրացութեան. ուստի հիմա դարձեալ տեսնելով նորա անփոփոխ կերպը, դառնացեալ ըսաւ.

Որովհետեւ այս վիճակը վերջ չունի, եւ մենք չենք էլ մեռնիր, որ ազատինք, ընենք ինչպէս կուզես…

Որոշ, հաստա՞տ ես իմ խորհրդոցս հետեւելու, որդեակ Գրիգոր, գիտե՞ս, որ ամէն բանի կրնամ Համբերել, բայց քէնէ խաբէութիւն մահ է ինձի:

Կ'ընեմ ինչպէս կ'ուզես:

Շատ բարի, վերջը քեզի հետ կը խօսիմ եւ կը տենես թէ այդ կրօնափոխութիւնն ինչչափ առ ժամանակեայ եւ թեթեւ պիտի անցնի մեզի համար, եւ այս մեր բռնաւորներն ինչպէս պիտի զղջան, երբ Սուրէնի վբեժխնդրութիւնը իւր սոսկալի հրով ու սրով տեսնեն առջեւնին:

Բայց Սուրէն վախելով, որ միգուցէ յետոյ զղջա Գրիգոր եւ դիտաւորութենեն խախտի, երբ աշխատութիւնը լրացաւ, ըսաւ վերակացուին թէ` կ'ուզեն Շէյխը տեսնել. իսկ նա իմաց տալ խոստացաւ, եւ հազիւ թէ քանի մը վայրկեան անցաւ, Շէյխին ներկայութեանն էին մեր երկու իշխանք:

Երբ Շէյխն իմացաւ նոցայ որոշմունքը, փառք տուաւ իւր աստծոյն եւ հրամայեց, որ երկուքին էլ շղթայներն հանեն ոտքերնեն, եւ հրամայեց նոյնպէս իւր իմամին, որ իրենց պէտք եղած կրօնական տեղեկութիւնքը տա, եւ շաբաթէ մը թլպատուելով կատարեալ հաւատացեալ դառնան:

Երբ դուրս ելան իր ներկայութենեն Սուրէն դառնալով Գրիգորի եւ դառն հեգնութեամբ.

Այդ բարբարոսը կարծե թէ շաբաթ մը մենք իր քովը պիտի մնանք, ըսաւ, շաբաթը չեղած Հայաստանու ճամփան կ'առնանք:

Բայց այդ ինչպէ՞ս կարելի է, կ'ըսէր Գրիգոր դառնութեամբ:

Դու կարծես թէ մենք հետեւակ եւ շղթայակապ պիտի դառնանք նոյն վիճակին մէջ ինչպէս զմեզ բերին այս անհաւատները, իրենց նժոյգներուն վրայ հեծած իշխանի պէս պիտի մտնենք հայրենիք:

Չեմ հասկնար միտքդ, աստուած լսէ ձայնդ:

Հիմա կը հասկցնեմ ես քեզի:

Երբ հասան իրենց դռնամէջի սենեակը` որ առանց պատուհանի փոքրիկ ծակ մը ունէր ուստի նուազ լոյս մը հազիւ կրնար թափանցել ցորեկ ժամանակ, իսկ հիմա, որ երեկոյին մութը սկսէր էր տիրել մարդու աչք բան չէր տեսնէր. Սուրէն գնաց փոքրիկ ճրագի կտոր մը առաւ, որ պատի ճեղքի մը մէջ պահած էր, եւ տանելով դիմացի նոյն դիրքով սենեակը` պատին քով գետնին աւազը մէկդի ըրաւ եւ մեծկակ քար մը ցոյց տուաւ:

Այս քարը տեսա՞ր, Գրիգոր, ըսաւ, այս քարը երբ վերցնենք տակը ճամփայ մը կը գտնենք եւ այդ ճամփան մինչեւ կանանոց կը տանի եւ այն սենեակը, որ Շէյխի զինարան ու գանձարանն է միանգամայն:

Դարձեալ չեմ հասկնար, մեր երկուքնուս ինչ օգուտ այն ճամփեն:

Մեր երկուքնուս այն օգուտր կայ, որ անիծեալ շղթայներէ ազատելնես վերջ` կը մտնենք ներս մեզ պէտք եղած մաքուր արաբացի զգեստ, զէնք եւ մեր չորս տարուան ծառայութեան գինը կառնունք` մեր վրէժը կը լուծենք եւ կ'երթանք մեր ճամփան:

Բաւական է որ մենք աղատինք ողջ, առողջ, ես իրենց կը շնորհեմ գինն էլ, վրէժն էլ:

Ես այդչափ մոռացկոտ չեմ: Բաւական է այսքանը, երթանք մեր հացն ուտենք ու պառկինք:

Այս ըսելով աւազը վրայ բերաւ, ծածկեց իւր թանկագին քարը ամենայն զգուշութեամբ, եւ դարձան իրենց սենեակը: