Թէոդորոս Ռշտունի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Թէոդորոս տաղտկացեալ` կուզեր դառնալ Ռշտունիք, երբ իրեն իմացուցին թէ կաթողիկոսը թողէր աթոռը վեախեր էր Տայոց գաւառը Սմբատ Կիւրապաղատին հետ: Այս երկու նախաթոռ անձինք Հայաստանի ծանր վիճակին մէջ ոչ միայն կը թողուին իրենց աթոռը, այլեւ համբաւ մը կը ձգէին, որ Թէոդորոսի երկիւղեն էր իրենց փախուստը, իբր թէ դաւաճանութիւն մը կար իրենց անձանց դէմ: Վասնզի կաթողիկոսը նոյն գիշեր, որ կը հեռանար, կնքեալ թուղթ մը կ'ուտար իւր հաւատարիմ վարդապետի մը, ուր դառն գանգատներ կ'ընէր ընդդէմ զօրավարին: Միւս կողմեն կ'իմանար Թէոդորոս թէ յունաց բանակն, որ ի Կարին էր` կը տարածուէր Բագրեւանդ եւ քիիքիէ առաջ անցնելով, կը մօտենար մայրաքաղաքին: Ուստի չկարէնալով հեռանալ հայրարատայ, տեղապահ մը սահմանեց կաթողիկոսին եւ գրեց Սէթայի օգնական զօրաց գունդ իրեն հասցնել:

Իսկ Ռշտունեաց Տիկինը շուտ մը երկու հազար հետեւակ եւ երեք հարիւր հեծեալ ու Վարդ որդին յուղարկեց Հայոց զօրավարին: Թէպէտ Վարդ շատ դժկամակ էր Ռշտունեաց Ոստանեն հեռանալու եւ ակամայ հնազանդեցաւ մօրը: Ի՞նչ էր պատճառն այս դժկամակութեան, ետ դառնանք երկու տարուան միշոց` երթանք Ռշտունիք եւ բացատրենք համառօտիւ:

Երբ Գրիգոր յաղթութեամբ ետ դարձաւ Հերաց կ'ողմերեն, զսէթայ եւ բոչոր երկիրը շփոթած ու տխուր վիճակի մէջ գտաւ: Վասնզի մինչ ամէնքը կը սպասէին իշխանին դարձին, Թումայի դաւաճանութեան եւ Թէոդորոսի շղթայակապ ի Բիւզանդիոն յուղարկուելուն լուրը կը հասնէր Վասպուրական, եւ անմիջապէս այն թղթի կտորը իշխանեն, որ կը պատուիրէր Սէթայի` «Հսկել երկրին եւ Ատոմ Շահունիէ զատ ոչ ումէք հաւատարմութիւն ընել»: Բայց դժբախտութիւն մ՚էլ այն էր Սէթայի վիճակին համար, որ Ատոմ կաթուածահար պառկած` իւր ամրոցն ի Բզնունիս, Վարդ դեռ Սիւնեաց երկիրն էր: Ուստի երբ Գրիգոր հասաւ իւր յաղթական գնդաւ, Տիկինն իրեն լաւ ընդունելութիւն ըրաւ, վիճակը յայտնեց եւ բոլոր պատերազմական գործերն իրեն յանձնեց թէ՛ զօրաց կրթութեան , թէ նոցայ թիւն աւելցնելու եւ թէ բերդերն ամրացնելու մասին:

Վասպուրականի բոլոր նաւերը գնեց եւ փոքրիկ ծովուն տէր դարձաւ, եւ Աղթամարայ կղզին, որ այն ժամանակ շատ աւելի ընդարձակ էր` վասնզի ծովը հիմկու բարձրութիւնն չունէր` շտեմարաններն ընդարձակեց ու մեծ քանակութեամբ պաշար եւ զէնք համբարեց: Դիտելով Գրիգորի անխոնջ աշխատութեան հետ սաստիկ տխրութիւնը, զզաւէն յուղարկեց առ Ներսէհ Կամսարական եւ Արփենին ուզեց հոստան, ի մխիթարութիւն եղբօրը: Կասկածելով իրաւամբ թէ՛ Մամիկոնեանց Մուշեղէն եւ թէ՛ դաւաճան Մոկաց Արդուկեն, որ կը խլրտէին` զօրաց մեծ մասը Գրիգորի յանձնելով Բաղէշ նստուց եւ բացարձակ հրաման տուաւ, որ ամենափոքր նշան թշնամութեան կամ յարձակումն տեսած ժամանակ նոցայ կողմեն սանձահարէ ամէն արարք: Նոյնպէս Ոստանի շուրջը մեծ խումբ զօրաց կը բանակէր Վարդի յանձնած: Եւ ինք անձամբ շատ անգամ կ'երթար շրջակայքը տեսնելու թէ իրօք պէտք եղած ամրութիւնք եւ գիւղերու պատսպարանք ըստ արժանուոյն շինուա՞ծ էին. ամէն գիւղ եւ աւան գանգատներ կը քննէր. իւր ճանապարհորդութեանց ընկեր առած երկու համեստ դատաւոր եւ Ռշտունեաց եպիսկոպոսը` նոցայ որոշմունքը շուտովի գործ կը դնէր. անիրաւները, հարկահան, աւանապետ կամ գիւղապետ, աւազակները, ազատ կամ անազատ Աղթամարայ բերդին մէջ շղթայակապ կ'ուղարկէր աշխատելու: Ռշտունեաց գաւառն այն օրերը տեսնողը կը զարմանար. երկրագործ, հովիւ, արհեստաւոր, երիտասարդ եւ պատանի, ամէնքը զինեալ, բայց ոչ ուրեք անկարգութիւն մը չէր նշմարուէր, վասնզի զէնք քաշել կռուի կամ վէճի մէջ սաստիկ խստութեամբ կը պատժուէր:

Ուստի Թէոդորոսի հեռաւորութեան միջոցին ոչ մէկ թշնամի չտեսնուեցաւ, որ համարձակէր մտնել այն երկիրը, իսկ երբ իւր Հայաստան դարձը լսուեցաւ` Սէթայի սիրտը հանգստացաւ բոլորովին, եւ օրաւուր կը սպասէր նորա դարձին, բայց տարին կ'անցնէր, կը լրանար, եւ մեծ իշխանն այսօր, վաղը կ'ուշանար: Գրիգորի հրաման եղած էր արդէն գալ բնակիլ հոստան, վասնզի բանակը, որ Բաղէշ կը սպասէր` ցրուելու միտք ունէր Տիկինը. շրջակայք բոլոր Թէոդորոսի գալստեամբ բարեկամ կը տեսնէր ինք եւ զօրքերն հետզհետէ տուներնին կը ճամփեր: Գրիգոր կուզեր դառնալ երթալ Բագրեւանդ, իւր հայրենի տան աւերակներուն, իւր մօր աճիւններուն այց ընել, ուստի թէպէտ իւր սրտին մեծ մխիթարութեօն էր Թենի, եւ նոյնպէս ուրախ աչօք կը տեսնէր նորա իւր մէկ հատիկ քրոջ վրայ ցցուցած սէրն ու բարեկամութիւնը, բայց երբ Թէոդորոս նստած էր Դուին, հոն էին իւր քէոիքն եւ հօրեղբօրօրղին Համազասպ, հոն գրեթէ հայոց բոլոր մեծ նախարարք, ինք զարմանքով կը մնար թէ ինչո՞ւ զինք չէին հրաւիրէր գալ եւ հայրենի ժառանգութեան տիրանալ: Ուստի Սէթայի հետ այս խօսակցութիւնն ունեցաւ…

Որովհետեւ իշխանը, փառք աստուծոյ, ողջ-առողջ հասաւ, եւ վտանգի սպառնալիք չմնաց մեզ համար, Տիկին, կարծեմ թէ ինձ հրաման կրնաք տալ, որ երթամ եւ Դուին ու Բագրեւանդ շրջան մը ընեմ:

Գրիգոր որդեակ, պատասխանեց Սէթայ, կարելի է մտքեդ անցաւ թէ երբ դու այս երկու տարուան մօտ ժամանակ, որ աջ բազուկ եղար մեզ վտանգի օրեր, եւ ես երբեք չեմ կրնար մոռնալ, չեմ յիշէր քու օգուտդ, վասնզի քանի որ եկեր ես օր մը այս նիւթին վրայ չի խօսեցայ. բայց պէտք է գիտնաս, որ իշխանին գրեցի քանի անգամ, իսկ նա ինձ իմացուց թէ` «Չէր մոռցեր երբեք քու իրաւունքդ, բայց Մամիկոնեանք ազգային միաբանութեան թշնամի չընելու համար` առժամս այս խնդիրը մէջտեղ հանել չէր կրնար» եւ զիս համբերութեան կը յորդորէր: Իսկ հիմա կարելի է որ զքեզ ինք ուզէք վասնզի ինձ նոր հրաման կընէ զօրքերը չի ցրուել եւ պատրաստի պահել չգիտեմ ի՛նչ նպատակաւ, վասնզի չի յայտնէր: Պէտք է գիտնաս նաեւ, որ ամէն անգամ նամակաց մէջ մեծ գոհութիւն եւ սէր կը յայտնէ քու ազնիւ ծառայութեանցդ համար, եւ որ ես չեմ ուզէր կրկնել, վասնզի զքեզ իբրեւ զաւակ համարել եմ հաւասար իմ Վարդիս:

Այս խօսքերուն բացի շնորհակալութենեն ես ոչինչ չունեմ պատասխանելու, ձեր ազնիւ մայրական սիրոյն միշտ երախտագէտ եմ, եւ ինչչա՛փ ծանր էլ լինի իմ սրտիս Ռշտունեաց տունեն կարճ բաժանմունք մը նաեւ, Վարդանայ բերդի աւերակներուն եւ մօր մը գերեզմանին այց մը դեռ հեռուն ձգել ինձ յանցանք կը թուի:

Շատ իրաւացի կը գտնեմ այդ զգացմունքդ, որդեակ, դու ինչպէս որ գիտես, այնպէս ըրէ:

Դեռ քանի մը օր ժամանակ ունինք, իշխանուհի, այս նիւթիս վրայ մտածելու: Միայն խնդիրք մը նաեւ ունիմ. եթէ կարելի էր, Յուսիկի հրաման ընէիք, որ Հերա կողմեն եկած ցորենի վաճառականներու, որ երկու տարվնէ ի վեր իրենց առնելիքներն չեն ստացած` վճարէ. ես քանի անգամ խնդրեցի, բայց ինք այսօր վաղը ըսելով միշտ կը յետաձգէ եւ մարդիկը ամէն օր կը դեգերին ու կը գանգտին:

Անիրաւը երկու տարի է այդ մարդկանց դեռ չի վճարէր , լաւ՛, ես հիմա իրեն կը հասկցնեմ, ըսաւ բարկութեամբ եւ ոտք ելաւ:

Խնդրեմ, իշխանուհի, ես ամբաստանութեան մտօք չեմ ըսէր:

Կ'իմանամ, որդեակ, ըսաւ Սէթայ, իւր բարկութեան ծիծաղ մը խառնելով, տարին քանի մը անգամ պէտք է որ ես Յուսիկի հետ կռւում. ուստի այս` դարձեալ առիթն է, վասնզի այդ մարդիկը քանի անգամ ինձ խնդիրք մատուցին, եւ ես հրամայեցի, որ վճարէ. պէտք է անձամբ ես ի գործ դնեմ: Դու նստէ, ես հիմա կ'ուգամ:

Հազիւ իշխանուհին դուրս ելաւ` Թենի ներս մտաւ: Թենի տխուր էր, սովորական կերպարանքը չունէր, եւ Գրիգոր տեսնելով նորա տխրութիւնը` թէպէտ կրկին եւ կրկին կը հարցնէր տեղեկանալու համար, բայց որոշ պատասխան չառնելով, իւր տխրութիւնն էլ աւելցաւ, եւ քիչ մը լռութենէ վերջ ըսաւ դառն ժպիտով.

Կ'երեւայ, որ Թենի բաւական վստահութիւն չունի վրաս, եթէ Ատոմ հայրիկ լինէր, կրնար թերեւս այդ սեւ ամպը իւր ճակտեն հալածել:

Ինչո՞ւ, Գրիգոր, այդպիսի զրպարտութիւն մը կ'ընես իմ սիրոյս, իմ սրտիս. կարելի չէ՞, որ ես առանց պատճառի նաեւ կոտրածութիւն մը ունենամ, տկարութիւն մը, որ տխրութիւն երեւա:

Ո՛չ, ըսաւ Գրիգոր, այսօրուան կերպարանքդ այն չի ցցնէր, ուրիշ պատճառ մը ունիս եւ ինձմէ կը ծածկես:

Միթէ՞ կարելի չէ, որ իրաւունք ունենամ ծածկելու:

Չեմ կարծէր, եթէ իմ սրտես դատեմ քու սիրտդ:

Հիմա քեզ պատճառը զրուցեմ. կարելի է քեզ շատ անձնապաշտ թվիմ, բայց որ այդչափ հետաքրքիր ես` զրուցեմ. խնդիրը երկուքնուս հաւասար կը վերաբերի: Առաջին…

Ո՜հ, ըսաւ Գրիգոր, երկուք կամ շատ են պատճառները, որովհետեւ առաջինեն կը սկսի:

Կը տեսնես հիմա: Իմ պառկելու սենեակս բարակ տախտակամած մը միայն կը բաժնէ իմ պառաւ դահեկիս խուցեն. հոն ինչ որ խօսուի, ես աս դիեն կը լսեմ. երէկ միջոց մը ես քնած էի, երբ յանկարծ արթնցայ եւ լսեցի երկու պառաւ իրարու հետ կը խոսէին, եւ խօսակցութեան նիւթն մենք էինք: Է՛հ, կ'ըսէր մէկը միւսին, այդ անկարելի բան է, Գրիգորի հօրեղբօրորդին Համազասպը արդէն իշխանին (հօրս) եղբօր աղջկան հետ ամուսնացեալ է, Համազասպն էլ Գրիգորի հօրեղբօր որդի է, ուրեմն կարելի չէ, որ օրիորդը Գրիգորի հետ ամուսնանա…

Իմացայ. թէ այդ է քու մտածութիւնդ. Թենի, ամենեւին պէտք չէ հոգ ընես* Համազասպ Մամիկոնեան ցեղեն է, եւ մեր բոլոր ազգականութիւնն այսչափ է. իւր հօր անունն էլ Դաւիթ է, ուստի օտարներէն ոմանք զմեզ եղբայր կարծած են նաեւ, բայց մենք ոչ եօթ աստիճան, այլ տասնեօթ աստիճան իրարմէ հեռու ենք: Գանք ուրեմն երկրորդ խնդրոյն, եթէ այդ էլ այսչափ ծանր է…

Ոչ, կարծեմ քիչ մը աւելի ծանր է, Գրիգոր: Քու քոյրդ Արփենին գիտես թէ ես ինչչափ կը սիրեմ, բայց մէկ-երկու օր կայ, որ կասկած մը սիրտս մտաւ, ոչ Արփենիին համար, որ դեռ տղայ է, այլ եղբօրս` Վարդին համար, որ օրաւուր Արփենիէ չկրնար զատուիլ. շարունակ Արփենիի հետ կատակներ կընէ, եւ այն երիտասարդը, որ որսէ զատ ուրիշ բանէ զուարճութիւն չէր զգար, հիմա որսի երթալը նաեւ դադրեցուց, եւ նորա ընկերութիւնը միայն կը փնտըէ:

Այդ խնդիրն աւելի ծանր է: Եթէ մենք սիրով եւ յոյսով կապուած չլինէինք հոգ չէր, բայց այդ նոր համակրութիւնը կամ զիրենք թշուառ կրնայ ընել կամ զմեզ. այդ բանին ճար պէտք է տեսնել:

Ինչպէ՞ս, իրաւունք ունէի ուրեմն մտածելու եւ տխրելու:

Ես մորմեդ խնդրեցի Բագրեւանդ երթալ, բայց նա արգելիչ պատճառներ ցցուց եւ հօրդ դրել խոստացաւ, եթէ իւր հրամանը զինք Շիրակ ղրկէ, խնդիրը այսպէս կը վերջանայ:

Եթէ Ատոմ հայրիկ հոս լինէր եւ առողջ, ինչչափ մեզի կրնար օգնեմ:

Ի՞նչ կ'ընէր:

Նա մօրս կ'իմացնէր ամէն բան:

Ի՞նչ կ'իմացնէր:

Կ'իմացնէր թէ մենք զիրար կը սիրենք, Վարդ կը յուսահատէր եւ ամէն բան կը վերջանար:

Մայրդ ինչ կ'ըսէր: Միթէ չէր ըսէր թէ անտուն անժառանգ երիտասարդի մը Ռշտունեաց Օրիորդ չէ կարելի տալ:

Քու երկու տարուան բրած բարձր ծառայութիւնքդ. Ռշտունեաց տան համար իմ ծնողքս չեն կրնար մոռնալ, եւ փոքրիկ վարձատրութիւն մը կ'ընեն` իմ ձեռքս քեզի կուտան…

Որ ինձ հա քար շնորհաց ամենամեծն է: Ո՛հ, սիրելի Թենի, այն օրն ե՜րբ պիտի գա…

Լռէ՛, մարդ կ'ուգայ, ըսաւ ադջիկը: Եւ Ռշտունեաց Տիկինը ներս մտաւ. երեսեն` աչաց փայլեն յայտնի էր թէ մեծ գործողութիւն մը կատարելէ կը դառնար:

Քու վաճառականներդ ասկից վերջ քեզ չէն նեղէր, Գրիգոր, ըսաւ, ես երէկ պահանջներն ամբողջապէս վճարեցի:

Բայց Յուսի՜կ:

Յուսի՜կ, լացուցի նաեւ այդ անպիտանը:

Ի՞նչ էր ուրեմն եղածը, որ այդ ահագին ժայռի պէս աչքերեն ջուր բխէր էր:

Երբ մեթայ իջաւ գանձատունը եւ յանկարծ մտաւ ներս. Յուսիկ, որ նորա այցելութիւններէն գոհ չէր լինէր սովորաբար` կասկածոտ աչքերն անգամ մը վրան շրջելեն վերջ, իւր սիրուն ծիծաղը երեսին ոտք ելաւ:

Այս ի՞նչ մեծ պատիւ է, որ կ'ընէք, իշխանուհի, ըսաւ, ի՞նչ հրաման ունիք:

Իսկ Սէթայ փայտեայ տախտակամածին վրայ նստաւ եւ ձեռոք մերժելով ոչխարի մորթը, որով զինք կը պատուէր Յուսիկ`

Ի՞նչ ամօթ բան է, զրուցեց, որ շէնք շնորհք բազմոց մը շինել տուած չէս, որ եկող հիւրը կարէնայ նստիր

Բայց հոս գործքի տեղ է, իշխանուհի, եկողները, երբ իրենց գործը կը վերջացնեն` գոհ սրտով կ'երթան` ամենեւին մտքերնեն չեն անցնէր թէ հասարակ փայտի վրայ նստած էին թէ կակուղ բազմոցի:

Այս քու խօսքդ կը նշանակէ թէ հոս եկողները տանջարան կը մտնեն, եւ այս նաեւ սուտ չէ, վասնզի ամէն օր գանգատ գանգատի վրայ կը տեղա, ամէն օր քեզի դէմ խնդրագիրներ կան: Ոմանք ճամփու ծախք կը պահանջէն, ոմանք ռոճիկ, անկար սպասաւորներ թոշակնին կ'ուզեն, որ դու դադրեցուցեր ես. իշխանը երբ իմանայ գանձատունը գլխուդ կը փլցնէ: Ես քանի-քանի՛՛ անգամ է, որ մեր ելից եւ մտից հաշիւն ուզեցի` միշտ փախուստ տուիր` ցոյց չի տուիր: Քանի որ տարիներ կ'աւելնան, կ'երեւայ թէ ագահութիւնդ կը շատցնես:

Իսկ Յուսիկ այս խօսքերուն իւր քաղցր ժպիտով պատասխանեց.

Այնպէս կը զրուցեն, իշխանուհի, դուք իրենց ուշ մի՛ դնէք, անխիղճ շռայլ մարդիկ շատ բան կը զրուցեն: Ես ձեր գանձին հաշիւները ճիշտ կը բռնեմ, դուք ձեր սիրտը հանգիստ պահեցէք: Նոքա որ ճամփու ծախք կը պահանջէն, անպիտաննե՛ր, ես գիտեմ թէ կամարները լեցուն եկան: Այն անկար սպասաւորները, որ թոշակդ կ'ուզեն, ողջ-առողջ պղնձի պէս մարդիկ են, կ'ուգան` կուտեն, կը խմեն, փոքրիկ ծառայութիւն մը չեն ընէր: Այո , ամէնքն ինձմէ կը գանզտին: Ատոմ Շահունի կը զանգտեր, ինչո՞ւ Գրիգոր իշխանը չի գանգտիր. նա ինձմէ գոհ է. ես էլ իրմէ գոհ եմ: Վասնզի իրաւ երիտասարդ` բայց կատարեալ եւ ազնուական մարդ է:

Խնդրեմ բացատրէ՛, ո՞ւր է կատարելութիւնը:

Դուք ինձմէ լաւ կը ճանչէք զինքը, Տիկին, ի՞նչ պէտք կայ բացատրութեանց:

Ո՛չ, կ'ուզեմ քու կարծիքդ իմանալ:

Շա՜տ բարի: Նախ որ աչքը կուշտ երիտասարդ է, դրամի սէր չունի: Զիս կը բամբասեն իբրեւ ագահ, ես ընդհակառակն` ագահները կ'ատեմ, իշխանուհի, հաւատացէք, որ չեմ ուզէր ագահ, ժլատ մարդու երես տեսնել. այն մարդկանց, որ ոսկին, արծաթը կը սիրեն ագահաբար: Եւ ըսածիս ապացոյց` ես Գրիգոր իշխանը կը սիրեմ, որովհետեւ ամենեւին ագահ չէ: Կը յիշէք, իշխանուհի, որ դուք իրեն առատ ռոճիկ նշանակեցիք, երբ Հերա կողմ յուղարկեցիք գնդաւ, ես դիտողութիւն ըրի թէ այդ ռոճիկը չափազանց է. եւ դուք ինձ բարկացաք ու նախատեցիք. ես, որ ձեր համբերող եւ հնազանդ ծառան եմ, ձեր հրամայած ռոճկին արծաթը առաջը դրի, եւ զարմանքով տեսայ, որ բուն` ճշմարիտ ազնուական` ձեռքն անգամ չերկնցուց, աչքը վրան չի դարձուց, այլ ըսաւ քաղցրութեամբ, թէ «Երբ պէտք ունենամ ստակի, Յուսիկ հայրիկ, ես քեզնէ կ'ուզեմ»: Այսօր այնօր, գրեթէ երկու տարի կը լցուի, փողի մը պէտք չունեցաւ: Եւ ի՛նչ զարմանք… խնդրեմ, իշխանուհի, մի՛ բարկանաք, ամէն բան հաշուով է… փառք աստուծոյ, ձեր սեղանը փառաւոր կուտէ, կը վայելէ, ծառան, ձին նոյնպէս, յարդն ու գարին առատ…

Ապրի՜ս, Յուսիկ, ըսաւ իշխանուհին լի բարկութեամբ եւ ոտքի վրայ ցատկելով, այս ի՞նչ բան է ըրածդ. գերութենէ դարձած տղու մը երկու տարի փող մը չե՜ս տուեր… Եւ պարծանոք առանց ամաչելու կը պատմե՜ս… Տէ՛ր իմ աստուած… ե՞ս ինչպէս այդ ազնուական երիտասարդին երեսը պիտի նայիմ…

Իսկ Յուսիկ անխռով` ամենայն հանդարտութեամբ կ'ըսէր.

Խնդրեմ, իշխանուհի, այսպէս մի՛ շփոթիք, ես ամէն օր կը նայիմ, ամօթի բան չի կայ, ինք շատ գոհ է, շատ էլ բարեկամ ենք իրարու, եւ շատ սիրով…

Լռէ՛, յիմար, ինք քեզնէ շատ գո՜հ է, կը սխալիս, ինչպէ՜ս կարելի է քեզնէ գոհ լինիլ, երբ երկու տարի առաջ իւր զօրաց ալիւրի եւ գարիի ստակը չես վճարած, եւ վաճառականք, որ ինձ խնդրագիր տուին, նոյնպէս Գրիգորի գանգտեր են, այս ամօթ չէ՞, որ մարդիկը զօրավարին կնիքը իւր երեսին նետեն:

Այո՛, իշխանուհի, շատ ամօթ բան է, այդ անպիտանները ես լաւ կը ճանչեմ, յանցանքը զօրավարին չէ, այլ այդ գողերուն, այդ աւազակներուն, որ զինք խաբէր են, մէկին տեղ երկուք կ'ուզեն արնուլ… դուք հոգ մ՚ընէք, իշխանուհի, նոքա կը կ'ակղնան, ես գործը կարգի կը դնեմ, եւ այնպէս որ ոչ ոք ձեր ազնուութիւնը չի նեղէ: Դուք, իշխանուհի, լաւ-լաւ կառավարել գիտէք, ամէն սիրտ շահիլ գիտէք, մեծին, պզտիկին, իշխանին եւ գիւղացիին տեղին խստութիւն, տեղին քաղցրութիւն գործածել գիտէք. բայց եթէ կը ներէք ըսել, ձեր հաշիւը, ձեր ծախքը չափաւորել չէք գիտէր:

Այս ի՜նչ կնշանակէ, կ'ըսէր Սէթայ բարկութեան ծիծաով, կ'երեւայ թեւ դու հիմա զիս կ'ամբաստանես. ես իմ հաշիւս չեմ գիտէր, հաշիւ տուած ունի՞ս, որ գիտնամ:

Կը ներէք, իշխանուհի, ըսաւ Յուսիկ իւր քաղցր ժպիտով, այդ նաեւ հաշիւ է:

Ինչպէ՞ս, ըսաւ Սէթայ այս անդամ կատարեալ բարկութեամբ:

Խնդրեմ, կիրք մ՚ելնէք, իշխանուհի: Ձեր հաշիւը ինչչափ չդիանաք եւ չիմանաք, այնչափ օգտակար է ձեզ համար:

Այս խօսքերով կ'իմացնես թէ գանձիդ վիճակը շատ լաւ է, միայն կը վախես թէ ես, որ իմանամ, աւելորդ ծախքեր կ'ընեմ, ուստի ինձմէ նաեւ պէտք կը տեսնես ծածկելու:

Դուք շատ խելօք տիկին էք: Սաբա թազուհիի պէս, որ Սողոմոնի հարստութիւնը լսելով…

Լաւ՛, լաւ, իմացայ, բաւական է: Աւելորդ եւ երկայն խօսքերու ժամանակ չունիմ, ես պէտք է որ Սաբա թագուհուոյ պէս դործ տեսնեմ, անցիր դու արկղիդ գլուխը նստէ:

Ես ձեր ամենախոնարհ ծառան չեմ համարձակիր…

Ես երբ կը հրամայեմ չե՞ս հնազանդիր, ըսաւ Սէթայ այնպիսի բարկացայտ աչքերով, որ այլեւս դիմադրութիւն չէր վերցնէր եւ Յուսիկ իւր ժպիտը, իւր քմծիծաղը, իւր քաղցր ճարտարախօսութիւնը ի բաց թողլով` անցաւ նստաւ իւր տեղը, իւր ոչխարի հինաւուրց մորթին վրայ, բարակ շրթունքը բերնին մէջ ամփոփեւով ի նշան մեծ համբերութեան` նման կատարեալ այն փոքրիկ տղունք որ սրտահառաչ ակամայ դպրոց կ'երթայ եւ գիտէ թէ թաթն ու չոր հացն իրեն կը սպասեն:

Հերա վաճառականք եւ ուրիշ ամիսներով, տարիով ապասող պարտատերք վայրկենին վճարուեցան առանց քննութեան: Խեղճ Յուսիկ, որ իւրաքանչիւր պահանջի դիտողութիւն ընելու հազիւ թէ բերանը կը բանար, «բայց Տիկին…» ըսելու նաեւ ժամանակ չի տալով` իշխանուհին` «Դիտողութեանց ժամանակ չի կայ, վճարէ», կ'ըսէր խիստ եւ կամաց ձայնիւ: Երբ պահանջ եւ պահանջող չի մնաց, ելաւ Սէթայ անյայտ ակնարկ մը հազիւ ձզելով Յուսիկի վրայ, որուն անմխիթար կերպարանքը, նուաղեալ աչքերը, տժգոյն երեսը կը յայտնէին սրտին վիճակը:

Խեղճ գանձապետր տխուր նայեցաւ մէկ մը իւր դատարկացեալ արկղին վրայ, մէկ մը այդ դռան վրայ, ուստից գնացեր անհետացեր էր Տիկինը, եւ ըսաւ հառաչանոք.

Ապրի՜ս, շա՜տ ապրիս, Ռշտունեաց Տիկին, ի՜նչ մեծ քաջութիւն էր, որ գործեցիր: Փուճ տեղ չեն ըսէր պապերը` «Մազն երկան` խելքն կարճ»: Եւ սա ամենե՜ն խելօքն է: Ափսո՜ս, ափսո՜ս: