Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼ . Ե.
ԸԼԸՃԱ
       Սոյն գիւղը կը գտնուի Կարնոյ Արեւմտահիւսիսը 3 ժամու չափ գրեթէ հեռու. ունի 90 տուն բնակիչ, յորոց 60 Հայ եւ մնացածն Տաճիկ են։ Հայք ունին մի կոկիկ եկեղեցի եւ մի ողորմելի ծաղկոց, ուր կ՚աշակերտին , կամ լաւ է ըսել, կը բնակին 32 ուսանողք տարօրինակ ուղղութեան մը տակ։ Ժողովուրդն սէր ունի միայն առ եկեղեցին։ Տեղւոյս արական եւ իգական սեռերն իրարմէ բոլորովին տարբեր ճաշակ եւ տիպ ունին. առաջինը դէմքովը տգեղ եւ ձեւովն անճաշակ , իսկ երկրորդը նոյնին հակապատկերն է տեղական պարզութեամ բ։
       Կ՚զբաղին մասնաւոր առեւտրով, իւրեանց գործըն աւելի ճանապարհորդաց հետ է եւ շատ ճարպիկ են։
       Հայերն երկրագործ են. ունին արգաւանդ արտօրայք, սակայն չունին պէտք եղած սէրն ՀՈՂԻՆ վերայ, նիւթական վիճակնին միջակ է։
       Գիւղիս մէջ կայ հանքային տաք ջուր մը, յորմէ ծագումն առած է իւր անունն։ Սոյն ջրոյ շրջապատը կանոնաւոր շէնքեր կան շինուած նման բաղանիքի։ Կարնոյ գաւառի ամեն կողմերէն խումբ խումբ, մանաւանդ կիւրակէ օրերը, աստ կը դիմեն Տաճիկք եւ Հայք անխտիր, նոյնպէս եւ իգական սեռինքն. ամենքն ունին իրենց լուացուելոյ որոշեալ ժամանակն։
       Հայ ընտանիքներն սոյն ջրոյն կը դիմեն այնպիսի պատրաստութեամբք, իբրեւ թէ յուխտ կը գան մի հրաշալի վանքը։
       Ամառն ու ձմեռը գրեթէ միշտ անպակաս են առողջութեան կամ մաքրութեան համար տեղւոյս երթեւեկութիւնքն, եւ յիրաւի ջուրն ըստ ինքեան առողջարար մի լաւ հանքային ջուր է տաքութեան միջակ բարեխառնութեամբ։
       Ըլըճա գիւղէն մեկնելով 1 ժամէն քիչ մը պակաս տեւողութեամբ կը հասնիմք Պաղ գիւղը, որ 110 տուն Հայ, մի եկեղեցի եւ մի ծաղկոց ունի, որում այցելութիւն մը տալով առի տխուր տպաւորութիւն մը եւ մեկնեցայ ՚ի Կարնոյ քաղաքիս դրանց մէջ, ըստ սովորութեան, կ՚ըսպասեն մաքսատան եւ անցագրատան պաշտօնեայքն, որոնց առաջնորդութեամբ ճանապարհորդք պարտին նախապէս գնալ ՚ի մաքսատուն, ո՛ւր իւրեանց գոյքերն բանալ ՚ի տես եւ այնուհետեւ երթալ յիւրեանց օթեւան։
       Կարնոյ վրայ տալիք տեղեկութիւնքս ուղեւորութեանս վերջաբանը պիտի կազմեն տեղեկագրութեանցս Գ մասին մէջ։
       Ուստի Կարինէն մեկնելով ՚ի Մուշ, ճանապարհնիս կ՚ուղղեմք ՚ի յԱրեւելահարաւ։
       ԿԱՐԻՆԷՆ ՄԵԿՆՈՒՄՆ
       Կարին քաղաքի դռնէն դուրս ելնելով, 4 -5 քարընկէց հեռու մի մեծ կաթուղիկէ կայ կղմինտրէ կառուցեալ, որոյ խարիսխն երկրին վրայ բաւական խորունկ ձգուած է. յիշատակութեան կարեւոր նշաններ կը պակսին յիւր վերայ. մեծ դուռ մը միայն ունի, ուրկէ ներս կը նային ուղեւորքն, առանց որոշակի գաղափար մ՚ունենալոյ շէնքին անցելոյն վրայ, որոյ նկատմամբ ժողովրդեան մէջ այլ ընդ այլոյ մեկնութիւնք եւ աւանդութիւնք շատ են, որոնցմէ հաւանականագոյնն է թէ Յունակերտ եղած լինի գմբեթն։
       Սոյն տեղէն 20 վայրկեան յառաջ երթալով կը մտնանք Տէվէ-Պօյնու կոչուած երկայն դաշտը, ո՛ւր վերջին պատերազմին բազում զինուորաց արիւն թափուեցաւ մեծամեծ ճակատամարտներու մէջ։
       Աստ կարեւոր կը համարիմ Բասեան գաւառին վրայ ընդհանուր տեղեկութիւններ հաղորդել եւ ապա շարունակել մի եւ նոյն գլխովն։