Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼ. Ը . ԵՐԱՍԽ
       Այս գետոյ կողը ու ջրոյն ուղղութեան հակառակ փոքր ինչ յառաջ գնալով կը մտնեմք ՚ի Մեղաթա ըսուած գիւղ, ո՛ւր կը բնակին 20-25 տուն Քուրդ, որք ունին ընդարձակ արօտատեղիք, ո՛ւր հազարաւոր ոչխարներ թողած կարածեն, կը պատմուի սոյն գիւղի բնակչաց համար թէ զարմանալի վարպետ են որսորդութեան արուեստի մէջ, այնպէս որ սուրբ կենդանի մը (որոյ միսը սովորաբար կ՚ուտուի ) չ՚կրնար առանց վտանգի գիւղիս առջեւէն կամ մերձակայ սահմանէն անցնիլ դիւրաւ։
       Գիւղիս առջեւն երեք քարընկէց հեռու կը գտնուի Երասխ գետն, որ այնպիսի արագութեամբ մռնչելով կ՚ընթանայ, գիտես թէ, բողոք կամ դատաստան մ՚ունի տեղւոյն բնակչաց դէմ, որ յարաժամ իւր եզերաց վերայ հաւաքուած գեղեցիկ եղնիկները կ՚որսան իւրեանց մահահոտ հրացանովն, սակայն «կամուրջի չ՚համբերող » գետին լեզուն ո՞վ կարող է հասկնալ։
       Երասխայ եզերքն շատ տեղեր Նեղոսի ափունքն մեզ կը յիշեցնեն, ո՛ւր բարեբերութեամբ լի է հողագործի քրտինքն, զի սովորականէն շատ աւելի արդիւնք կ՚ընդունի։ Գարնան եղանակին մէջ գետիս այս կողմերու եզերքն երկնային դրախտ մի կը դառնայ երկրի վերայ իւր անհամար ծաղիկներովն եւ տեսարաններովը, որք բնականաբար Հայ ուղեւորաց ուշը կը գրաւեն։
       3-4 ժամ ուղեւորելէ յետոյ կը մտնեմք երկու լերանց միջավայրը։ Սոյն լերանց վրայ կան մեծամեծ ծերպեր, ուր պատառիչ գազաններ բոյն կը դնեն, մանաւանդ գայլեր , որք յաճախ տեսնուած են այս կողմերը, գլխաւորաբար ձմեռ ատենը ամպոտ եղանակին. այսպէս մեր ուղին առաջ վարելով կը մտնեմք ՚ի Վերին Բասենի լեռնային մասն։ Ասկէ գնալով կը հասնիմք Ալէմ տաղը կոչուած տեղն, որ նոյնպէս ահագին լեռներ եւ հովիտներ են, ո՛ւր կան ընդարձակ լեռնադաշտեր, որոց վրայ քուրդերը վրան կը հաստատեն, երբ կ՚ելլեն ՚ի զօմա (այսինքն այն արօտատեղն, ուր իրենք իրենց ընտանիքն եւ ոչխարքն ամառը 4-5 ամիս կը բնակին Տեղիս օդաւէտութեան եւ խոտաւէտութեան պատճառաւ ամեն կողմը վրանաբնակներ պակաս չեն։ Աստի մեկնելով մի քանի ժամէն կրնամք հասնիլ Կոնտէ Համօ կոչուած քուրդ գիւղն, որ 5 տուն միայն բնակիչ ունի 150 տան չափ ընտիր հողերով եւ ջրերով, ինչպէս նաեւ խոտաւէտ եւ պատուական արօտատեղիներով։
       Այս գիւղէն ելնելով անցանք մի քանի քուրդ գիւղեր, որոնցմէ իւրաքանչիւրն 4-5-6-7 տուն բնակիչ հազիւ ունին, սակայն բնակած ամենահարուստ բնութեան մէջ, որոյ իբր՝ բնական հետեւանք իրենք հարստացած են դրամով, ոչխարով, տուարով եւ մանաւանդ նժոյգ ձիերով, որոց վրայ կը վարեն փառաւոր եւ ազատ կեանք մը այդ գեղեցիկ երկրի մէջ, յորմէ մեկնելով շարունակեմք ընթացքնիս եւ կը հասնիմք յԱրօս գիւղ։
       Արօս գիւղն ունի 42 տուն բնակիչ, որոցմէ 12 տուն Տաճիկ են։ Հայք ունին մի Եկեղեցի նորաշէն, մի քահանայ 80 տարեկան, եւ մի ծաղկոց, ո՛ւր են 35- 40 ի չափ ուսանողք, որոց ուսուցիչն բարեկիրթ եւ բաւական զարգացեալ մի անձ է, որով զաւակներն ունին սոյն մխիթարական կողմն՝ հակառակ իրենց հարց այլ եւ այլ տարաբաղդ կողմերուն։ Ժողովուրդն ունի ջերմեռանդութիւն առ եկեղեցին եւ սէր՝ առ ուսումն ու դաստիարակութիւն։
       Գիւղիս գերեզմանատան մէջ Սուրբ Սարգիս անուամբ մի աւերեալ շատ հին եկեղեցի կայ, որոյ հիմունքն տակաւին մէկ մէթր բարձրութեամբ կը կենան, իւր թուականն անծանոթ է, աւանդութեամբ «450 տարեկան » կը պատմուի, որոյ ՇԷՆ ատեն գիւղս 250 տուն բնակիչ ունեցած է, հարուստ եւ առատասեղան։ Տապանաքարերն շինուած են ձիու եւ ուղտի կերպարանօք, ոմանք ունին իւրեանց վրայ թամբ եւ սանձ. սոյն նշանները կը գործածեն ՚ի նշան մեռնողի քաջասրտութեան, ուժեղութեան եւ երիտասարդութեան։ Փորուած խաչ բնաւ չ՚կայ այդ տապանաքարանց վրայ օծեալ կամ չ՚օծեալ, զորս ուղիղ չ՚լինիր ԽԱՉԱՔԱՐ անուանել։
       Գիւղիս Արեւմտեան հարաւն 2 քարընկէց հեռու լեռան մը կողքին մէջ կայ միակտուր քարէ փորուած եկեղեցի մը, որոյ ընդարձակութիւնն կը լինի 20-25 խորանարդ մեթր. դարաւոր հնութիւնն իւր քանդիչ ձեռամբն եկեղեցւոյս շատ նշանները ջնջած է եւ անընթեռնլի գրեանքն կամ թուականքն աննշմարելի եղած են. միայն թէ եկեղեցին ց՚արդ պահած է մկրտութեան եւ պատարագամատոյց քահանայի սրբութեան տեղիքն։ Կը տեսնուին մի քանի հին խաչեր փորուած եկեղեցւոյս պատերու ներսի կողմերուն վրայ, որք չեն կրնար իւր հնութեան վրայ մեզ լոյս մը տալ թէեւ հետաքրքրուիմք։