Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼ. ԺԳ. ՄՇՈՅ ԽԱՍ-ԳԻՒՂ
       Սոյն գիւղն ունի 300 տուն Հայ բնակիչ, եւ Մշոյ վիճակային գիւղերէ ամենէն երեւելին է, որոյ համար կոչուած է ԽԱՍ-ԳԻՒՂ, որ շինուած է մի տափարակ դաշտի վրայ ընդարձակ նստուածքով։ Երեք գլխաւոր թաղերու բաժնուած , յորոց իւրաքանչիւրն ունի իւրեան յատուկ եկեղեցին կանոնաւոր քարերով շինուած, մին Ս. Ստեփաննոս, մին Ս. Թալիլա եւ միւսն Ս. Երրորդութիւն, որ այժմ քակած վերանորոգելոյ վրայ կը գտնուին։ Ունին 7 հատ քահանայ, յորոց եւ ո՛չ մէկն ներկայ դարէս ներշնչութիւն ընդունած է։ Դպրոց մի ունին, որ գրեթէ չ՚ունին։
       Այս գիւղ թէպէտ եւ իւր բազմահայութեամբն Մշոյ դաշտի գիւղօրէից գլխաւորը կը համարուի, սակայն տգիտութիւնն եւ անոր հետեւանք՝ չ՚քաւորութիւնն միանալով՝ յետին աստիճան թշուառացուցած է զիրենք։
       Գիւղացիք կ՚զբաղին երկրագործութեամբ, բայց չ՚գիտեն թէ ի՛նչ ընթացք բռնել հարկ է, որպէս զի իրենց քրտունքն արդիւնաւորութեամբ պսակուին, թէ եւ տէր են բաւական ընդարձակ արտօրէից։
       Տեղւոյս բնակչաց ապաստանարանն Կ. Պօլիս է, ո՛ւր ցաւօք լսեցի թէ 400ի մօտ անձինք չարաչար կը պանդխտին, կարօտ մնալով իւրեանց ընտանիքներէն ու Մայրենի Երկրէն, եւ անդ օտարութեան մէջ կը յիշեն «Ա՜խ Մշոյ Խաս-գիւղ, քո հողին մեռնիմ եւ զքո ջուր խմեմ»։
       Աշխատութեան հոգին եւս դժբաղդաբար կը պակսի իւրեանց մէջ. ահագին շեղջեր ունին մարդոց եւ անասնոց աղբերու, այլ չունին սովորութիւն որ արտերու մէջ նետելով առաւել եւս պտղաբեր ընել զայնս կարենան։ Վերջապէս, տգիտութիւնն իւրեանց ամեն գործերու մէջ յայտնապէս կը տեսնուի, թէպէտ եւ իրենք լինին բարի տրամադրութեան տէր անձինք։
       Գիւղիս իգական սեռն հմայութեան կամ կախարդական թղթոց վերայ մեծ հաւատք կապած ունի։ Սոյն չար եւ անմիտ սովորութիւնն այդ պարզամտաց մէջ մտած կ՚երեւի պանդխտութեան երեսէն, վասն զի շատերն կախարդական թղթերով այլ եւ այլ մխիթարական գուշակութիւնք լսելով իրենց պանդուխտ ամուսնոց վերայ՝ զիրեար կը խրախուսեն։
       Տեղւոյս բնակիչք արդարեւ ունին նաեւ գովութեանց արժանի ձիրքեր, որք դժբաղդաբար չեն կրնար փայլիլ տգիտութեան մէջ։ Խաս գիւղը ճանապարհի վերայ լինելով՝ կրնայ զանազան նեղութեանց ենթակայ համարուիլ։ Սոյն ժողովրդեան համար ՎԱՐԺԱՐԱՆ մի անշուք բնական է մանկանց, որոց կրթութեան համար Հայերը համոզող անձինք կը պակսին։
       Գիւղիս յԱրեւելահարաւ 3/4 ժամ հեռու կայ Էրիշտէր (երաշտ էր ) կոչուած Հայ գիւղ մի, որ ունի 50 տուն բնակիչ, մի եկեղեցի եւ անոր կից դպրոց մը գեղջկական ընտրութեամբ կառուցեալ։ Սոյն գիւղին հանդէպ քիչ մը հեռու Դեղձմէր անուն քուրդ գիւղն է
       Խաս-գիւղի յԱրեւմուտ կը գտնուին Ալվառինչ եւ Շմլակ երկու Հայ գիւղեր, յորոց առաջինն ունի 130 տուն, եւ երկրորդն 35, իւրաքանչիւրն ունի իւր եկեղեցին եւ քահանայն, սակայն ոչ դպրոց։ Ունին ընտիր այգիներ, որոնցմէ կ՚ստանան լաւ գինիներ. իրենք են պարզ եւ ողորմելի մարդիկ թաղուած տգիտութեան տղմին մէջ։
       Շմլակ գիւղի մէջ կայ Սուրբ Կարապետ անուամբ կիսակործան մատուռ մը, ո՛ւր ամեն տարի Համբարձման օրը շրջակայ գիւղօրէից ուխտատեղի է։ Սորա համար աւանդութեամբ կը պատմեն թէ «երբ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Ս. Կարապետի մարմինն ջորիի վերայ բարձած կը գար, ջորին յայն տեղ հասնելուն պէս ծունկի եկած է, եւ Լուսաւորիչն եւս աներեւոյթ հրեշտակի մը ձայնի ազդարարութեամբ անդ մի եկեղեցի շինած է յանուն Ս. Կարապետի եւ այժմեան մատուռն նոյն եկեղեցւոյ յաջորդն է»։
       Խաս-գիւղ Հարաւակողմն 1/4 ժամ իրմէն տարակայ Քօլօսիկ անուն գիւղ մը կայ մեծագոյն մասամբ Քրդերէ բնակուած՝ ընդ ամեն 40 տան չափ , որոյ համար կը պատմուի թէ «դրացեաց հետ լաւ վարուելոյ չափ իմաստութիւն չունին դեռ»։
       Տեղէս բաւական հեռու կը տեսնուի ՍԵԱՒ ԼԵՌ կուչուած սարն, որ լի է անտառներով եւ Մշեցի գիւղացւոց բնակութեանց համար կը տայ առատօրէն փայտեր։ Սոյն լերան մէջ կը բնակի Բատըքցի կոչուած Քուրդ ցեղն, յորմէ մաս մը բնութեան բարիքովն ապրիլ չեն սովրած դեռ, եւ ասոնց մէջ ընդհանուր սովորութիւն մի կայ, այն է թէ երիտասարդ մը մինչեւ ինչ ինչ գործերու մէջ պէտք եղած քաջութիւն ցոյց չ՚տայ կամ քաջավարժ չ՚լինի առ այնս, նա կարգուելոյ իրաւունք չունի եւ արդէն կամք իսկ ունենայ, իւրեան աղջիկ տուող չ՚կայ, ուստի երիտասարդ մը կարգուելէ գոնէ 2-3 անգամ պէտք է քաջութիւն ցոյց տայ այլ եւ այլ գործերու մէջ, կենաց վերաբերութեամբ, որով ամուսնութեան յաջողութիւնը կարենայ վաստկիլ։
       Դարձեալ Խաս-գիւղի մօտակայ Հիւսիսակողմը 1/2 ժամ տարակայ կը գտնուին Քրդագոմ եւ Մկրագոմ կոչուած երկու Հայ գիւղեր, որք ունին իւրեանց եկեղեցին եւ քահանայն. առաջինն ունի 140 տուն բնակիչ եւ երկրորդն՝ 45։ Մեղրագետն իրենց սահմանը Խաս-գիւղի սահմանէն կը զատէ։
       Քրդագոմի համար կ՚աւանդեն թէ «առաջ 250 տուն Հայ բնակիչ ունէր », որոյ ՚ի նշան՝ գիւղիս կենդրոնին վրայ կը բարձրանայ մի կլորակ բլուր, գագաթան վերայ կիսակործան եկեղեցի մը։
       Կ՚անցնիմք Արքայ-Վանք եւ ուրիշ մի քանի գիւղեր, մեզ միշտ հանդէպ ունենալով Նեբրովթ լեռն, կը հասնիմք յԱւզուտ գիւղ, յորմէ կէս ժամ հեռու բլրակի մը վերայ կայ մի եկեղեցի, որոյ առջեւն Աւզաքիթ անուն անցք մը կայ, յորմէ աղքատ ճանապարհորդք բոլորովին աներկիւղ կարող են անցնիլ։ Այս տեղէն երթալով կը ժամանեմք Նոր-շէն անուամբ քուրդ գիւղը, որոյ առջեւը կը գտնուին ընդարձակ խոտաւէտ դաշտեր եւ ջրեր։