Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼ. ԺԴ. ՄԵՂՐԱԳԵՏՈՅ ԱԿՆ
       Մշոյ յԱրեւելակողմն Նոր-շէն կոչուած քուրդ գիւղի դաշտավայրին մէջ ՚ի Բաղէշ տանող ճանապարհէն 1 քարընկէց հեռու կը գտնուի Մեղրագետակի լճաձեւ ակն, որոյ շրջապատն շատ փոքր է. կեդրոնէն կը բղխի այդ զուլալ եւ արտասուքի նման ջուրն, որ թերեւս անուշահամ լինելուն համար իւր գեղեցկայարմար անունն առած է նախնիքներէն, որոնք սոյն գետոյն նկատմամբ հետեւեալ երեք աւանդութիւնքն ձգած են իւրեանց Մշեցի թոռանց։ Ա. «Մուշէն ՚ի Բաղէշ կամ Բաղիշէն ՚ի Մուշ գնացողն այն ժամանակ կը հոգնի երբ Մեղրագետոյ քովէն անցնելով կը մոռնայ մեղրաջրէն խմելոյ », որով կամին ասել թէ Մեղրագետոյ ջրէն խմողն նոյն ճանապարհի նեղութիւնքն չ՚զգար եւ կամ զգացածն կը մոռնայ։ Բ. «Սոյն գետոյ բղխած տեղին անտակ է » որ թէպէտ եւ ստոյգ չ՚լինի, սակայն յակն գետոյն նայողին նոյն գաղափար կը տայ ստուգիւ, վասն զի ջուրն մի տափարակ տեղւոյ վերայ երկրի արգանդէն ամենայն հանդարտութեամբ եւ լռութեամբ կապտագոյն (օդոյ ներգործութեամբ ) դուրս կը գայ եւ իւր փոքրիկ լճակին մէջ, առանց աղմկի, դաշտանալով կ՚երթայ յիւր առուն շարունակելոյ իւր ընթացքն։ Գ. «Մեղրաջուրն կը գայ Նեբրովթ լերան գագաթի լճակներէն» (որոնց վերայ կարգին կը խօսուի ). սոյն վերջի աւանդութիւնն կը յիշուի գրեթէ համօրէն Տարօնոյ մէջ, իբրեւ թէ ժամանակին մի հովիւ Նեբրովթայ գլուխն իւր ոչխարներն արածացած ատեն ոչխարներէն մին տեղւոյ լճակին կը մօտենայ, եւ ջուրը խմելէն յետոյ հովիւը պօռալով ձեռքի գաւազանը կը ձգէ դէպ ՚ի յոչխարն, որ վախնալով լճակի քովէն կը հեռանայ. այս առթիւ գաւազանը կիյնայ ՚ի լճակն, որմէ այլ եւս դուրս հանելն ակարելի կը լինի։ Կ՚անցնի մի քանի ամիս. հովիւն իւր գաւազանն, որոյ վերայ յատուկ նշան պէտք է ունեցած ըլլայ, կը տեսնայ ուրիշի մը ձեռք եւ կ՚առնու զայն. առ այս հովիւն հեռաքրքիր կը լինի եւ կիմանայ որ իւր գաւազանն Մեղրագետոյ ջրոյն մէջ լճակին եզերքը գտնուած է եղեր, որով կը հռջակուի բոլոր գաւառին մէջ թէ «Մեղրագետոյ ջուրն Նեբրովթայ գլխոյ լճակներէն կուգայ »։ Գետակն տեղէս սկսեալ հարսնօրէն կ՚ընթանայ զանազան դաշտավայրերէ, եւ Հարաւային եւ Հիւսիսային լեռներէն վազող բազմաթիւ առուակներ ընդունելով կ՚երթայ ու կը խառնուի յԵփրատ։
       Մեղրագետն իւր լայնածաւալ ընթացքով Մշոյ աշխարհին մէջ սկիզբէն ց՚վերջ իւր անցած տեղերու գիւղացւոց հողերու սահմաններէն ո՛ գիտէ քանի հազար քառակուսի մեթր ընտիր եւ արգաւանդ տեղեր գրաւած է, որոց փոխան ոչ ինչ ընծայած դարերէ ՚ի վեր եւ ո՛չ իսկ յաւիտեան կարող է օգուտ մի տալ իւր բնական դիրքովն. շատ անգամ զինքն հիւրընկալող եւ շրջապատող դաշտօրէից ազնիւ արտօրայքն ամառուան արեւու խեթիւ նայուածքէն չորցած եւ մրկած կը մարին գլուխնին ծռելով հասկերն դէպ ՚ի գետն, որմէ, կարծես թէ, ծարաւակէզ մարդոց նման ջուր խնդրելոյ համար, սակայն գետն բնութենէն իրեն սահմանուած ուղղութենէն բնաւ չ՚կրնար շեղիլ, որ անոնց ջուր տայ, եթէ մարդիկ ժրաջանութեամբ բնութեան դէմն մրցելով զիւր ընթացքը չ՚շեղեն յիւրեանց նպատակն։
       Մեղրագետէն (Գարասու ) կրկին ճանապարհնիս շարունակելով կը մտնամք «Ռահվա » ըսուած դաշտաձեւ հովիտն, որ Բաղիշէն 4 ժամ հեռու է եւ ունի 4 ժամէն աւելի երկայնութիւն եւ կէս ժամ լայնութիւն։ Սոյն հովիտ մեծ մասամբ շրջապատեալ է բարձր եւ ցած լեռներով եւ բլուրներով, որոց մէջ կան զանազան ուղղութեամբ ձորակներ յորս կը գտնուին առ հասարակ քրդական փոքրիկ գիւղեր, իւրաքանչիւրն բնակուած 6-12 տուներէ, որք ՚ի նախնեաց անտի չունին սովորութիւն ՀՈՂԻՆ վրայ շատ քրտինք թափելոյ. այսու ամենայնիւ իրենք երջանիկ կ՚ապրին։ Ռահվա կոչուած տեղն Մշոյ , Խնուսայ, Պուլանըխայ, Մանազկերտի եւ Վանայ երթեւեկող կարանաւաց ու այլ ճանապարհորդաց ուղին է, որոյ վերայ կան մի քանի ամայի, այլ մեծ եւ գեղեցիկ քարերէ կառուցեալ ընդարձակ իջեւաններ, ո՛ւր կ՚ապաստանին ճանապարհորդք ձմեռ եղանակին, երբ սաստիկ ցրտերէ ու բուքերէ կը բռնուին։ Այս կողմերը ձմեռ ատեն ամենէն շատ եւ սոսկալի ցուրտ ընողն Ռահվան է, որոյ մէջ ձմեռուան ուղեւորաց շատ տեսակ դժբաղդութեանց ենթակայ համարիլն ճշմարիտ մի իրողութիւն է, եւ երբեմն իսկ անձիս վերայ փորձն առած եմ մարդոյ մ՚ընկերակցութեամբ։
       Մշոյ տարիքով նշանաւոր ծերունիք կը պատմեն թէ վերոյիշեալ իջեւաններն յատուկ պահապաններ ունեցած են ժամանակին Ռահվայի վտանգներէն զճանապարհորդս ապահովցնելոյ, եւ ունեցեր են մանրավաճառ կրպակներ ուղեւորաց հանգստութեան համար, որ իջեւանած ատենը պէտք եղածը գտնային գնելոյ։ Այժմ կ՚ըսուի թէ նախնի ժամանակաց վտագներն անհետացած լինելով՝ նոյն հսկայ հաստատութիւնքն իւրեանց արժէք կորսնցուցին եւ կը ծառայեն ներկայիս մէջ իբրեւ որջ վայրի կենդանեաց, որք պակաս չեն մերձակայ լերանց պատճառաւ։
       Այսպէս ահա Ռահվաէն դուրս ելնելով կ՚ուղեւորիմք ՚ի Պաշ-խան, որոյ քովեր ամառ ատեն մի քանի զինուորներ կը կենան 2-3 ամսոյ չափ յապահովութիւն ճանապարհորդաց, եւ շարունակելով տեղէս 1 ժամէն հասանք ՚ի Բաղէշ։