Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼ. ԺԵ. ԲԱՂԷՇ ԿԱՄ ՍԱԼՆՈՅ ՁՈՐ
       Բաղէշ, ՚ի հնումն Սալնոյ ձոր, Աղձնեաց նահանգի գաւառներէն մին կը համարուէր, բնակուած այլ եւ այլ քուրդ պէյէրէ, որոց տիրապետութեան տակ կ՚ապրէին բնակիչքն։ Երկիրն առ հասարակ լեռնային է եւ ունի բազում ձորավայր, որմէ ծագումն առած լինել կը թուի իւր անունն։ Ձմեռ ատեն երբեմն քամիով ձիւն կը փչէ սաստիկ օդոյ խառնակութեամբ եւ այս պատճառաւ շատ անգամ խորունկ ձորերու վերին եզերքներն եւ բարձր լերանց վերին մասերու մէջ շուք ձգող տեղերը ձեան հիւսք կամ տեղական բարբառով ուսիք կը բռնեն իւրեանց բնական դիրքով եւ հետզհետէ կը մեծնան եւ երբեմն իսկ կը լինին ահագին լերան մը չափ, յորոյ վերայ ՚ի գարնան տաքութիւնն կը ներգործէ, յանկարծ սարսափելի որոտմամբ կը փլչին վնասելով կամ թաղելով ամեն ինչ որ իրենց կը հանդիպին (Շատախունն այս տեսակէն էր, որ անցեալ ձմեռուան մէջ տեղի ունեցաւ)։
       Երկիրը զուրկ չէ վայրի եւ ընտանի պտղատու ծառերէ։ Բարձրաբերձ լերանց անմատչելի տեղերուն վերայ դուն ուրեք կը գտնուին հինաւուրց ընկուզի մեծամեծ ծառեր տնկուած ծակաչք ագռաւներէն, որոց համար աւանդաբար կը պատմեն թէ «ագռաւն շատ ագահ է ընկուզի, որով կշտանալէն յետոյ մի քանի հատ կը տանի եւ կը թաղէ անմատոյց լերանց վերայ հողին տակ, իբրեւ իրեն պաշար այն ժամանակուան, ուր այլ եւս ծառոց վերայ իր փորը չը կրնար կշտացնել ընկուզով։ Թաղուած տեղին ուզած ատեն գտնելոյ համար նշան կը բռնէ իւրեան այն ամպն, որ կ՚երեւի յ՚երկնից երես ընկուզի տեղւոյն վերայ։ Երբ ծառոց ժամանակն կ՚անցնի, եւ ինքն պէտք զգայ ընկուզի, կը գայ դէպ ՚ի յիւր ամբարն որոնելով իւր նշանադրած ամպն, որ փոփոխական լինելով չ՚կրնար միշտ միեւնոյն տեղը կենալ. հետեւաբար ագռաւն զիւր ամբարած ընկոյզն չ՚գտնալով կը մնայ հողին տակ թաղուած, որ այնուհետեւ երկրի հիւթովն եւ երկնից ցօղովը կը բուսնի եւ կը լինի մեծ ծառ այդ անմատչելի վայրաց մէջ»։
       Այս գաւառն ունի պատուական կլիմայ, զանազան բոյսք եւ ծաղիկք, թռչունք այլ եւ այլ, վայրի եւ ընտանի կենդանիք, կը գտնուին ոսկւոյ, արծաթոյ եւ մանաւանդ բազմատեսակ քարանց առատ հանքեր։ Հանքային ջրոց մասին արդէն շատ հարուստ է։
       Սալնոյ ձորի գլխաւոր քաղաքն է այժմեան Բաղէշ (Պիթլիս ) որ շինուած է երկայն եւ մեծ ձորի մը մէջ, որոյ երկայնութիւնն Հարաւէն ՚ի Հիւսիս գրեթէ 2 ժամ կը տեւէ, իսկ լայնութիւն 1/4 ժամ հազիւ. մէջ տեղէն կ՚ընթանայ գետ մի, որոյ երկու եզերքներէն սկսեալ տներն աստիճանաբար կը բարձրանան դէպ ՚ի վեր, ո՛ւր կը գտնուին ընդարձակ տներ, մանաւանդ Տաճկաց վերաբերեալքն։ Տներն առ հասարակ երկայարկ են եւ ամենքն, առանց բացառութեան, շինուած են տեսակ մը թխագոյն քարերէ, զոր փուտ քար, կ՚անուանեն, որ շատ դիւրատաշ, դիմացկուն եւ իւր ծաւալին հակառակ խիստ թեթեւ ծանրութեամբ եւ երբ մուրճ զարնուի խուլ ձայն մը կը հանէ։
       Տներն կառուցեալ են երկայարկ եւ քիչ ճաշակաւոր, այլ գեղեցիկ ու զուարճալի տեսարաններէ շրջապատեալ։ Աստ կայ հին բերդ մը նշանակութենէ զուրկ։
       Սոյն քաղաքի տեղը նախապէս ամայի երկայն լեռնաձոր կը թուի լինիլ եւ ժամանակի ժրաջան մարդիկը բնութեան դէմն մրցելով յաղթանակն տարած են այսպիսի շինութեանց հաստատութեամբք։
       Բնակութեանց պատուհաններու առջեւ նստողն մեծ հաճոյք կ՚զգայ դուրս նայելէն, վերջապէս Բաղէշ քաղաք, հակառակ իւր բնական դրից, շատ զուարճալի մի տեղ է, ունենալով հանդերձ պատուական օդ եւ ջուր։
       Քաղաքիս բնակչաց թիւն երբեմն 20, 000 տան մօտ եղած է, սակայն 150-160 տարի առաջ տեղի ունեցած սաստիկ խռովութեանց եւ սովերու պատճառաւ ցիր ու ցան եղած են յայլ եւ այլ տեղիս, այժմ 3, 500 տան չափ կը հաշուին, յորոց 1, 100-1, 200 տուն Հայ եւ մնացածն Տաճիկ են։
       Հայք ունին 4 հաստատուն եւ բաւական գեղեցիկ եկեղեցի, յորոց իւրաքանչիւրն ունի իւր ծխական մասնաւոր վարժարանն։ Տեղւոյս կրթական գործերն երթալով բարեկարգուելոյ վերայ են ջանիւք այժմեան Առաջնորդական փոխանորդ Գերապատիւ Մեսրոպ Վարդապետ Մոկացեանի եւ իւր տեղացի աջակցացն։
       Քաղաքիս բնակիչքն առ հասարակ կ՚զբաղին վաճառականութեամբ զանազան աստիճաններով ու Հայոց միջին եւ ստորին կարգերը բազմաթիւ գիւղերու մէջ կրպակներ եւ առեւտրական գործեր ունին, իրենք աշխատող, ժիր, ճարտար եւ յամենայնի վստահելի են (աննշան բացառութեամբ Բաւական բարւոք նիւթական վիճակի տէր են եւ ունին մի քանի նշանաւոր վաճառականք, յորս կը յիշուին Խաչ-Մանուկեան, Շողիկեան, Քէնտէրեան եւ Մխճեան եղբարքն, որք տեղւոյս թէ՛ Հայոց եւ թէ միանգամայն Տաճկաց պատիւ կը բերեն իւրեանց դիրքովն. չ՚մոռնամ նաեւ ըսելոյ որ քաղաքիս սոյն վերջին տարուան հռչակաւոր հրդեհն փոքր հարուած չ՚տուաւ տեղւոյս բոլոր Հայոց նիւթական վիճակին։
       Բաղիշոյ առեւտուրն բաւական կենդանի է եւ արդէն ՀԱՅԱԲՆԱԿԻ վաճառաշահ քաղաքներէն մին կրնայ համարուիլ։
       Տեղւոյս Հայոց մի մասն եւս սովորական արհեստներով կ՚զբաղի, յորս կտաւագործութիւնն մեծ տեղին կը գրաւէ, վասն զի կտաւէն ամենամեծ քանականութեամբ կը ներկուին (տուրունով ) կարմրի, զոր շիլա կ՚անուանեն, նոյնպէս եւ չիթ կը պատրաստեն։ Սոյն երկու տեսակ հաստ կտաւեղէնքն թէ՛ արժան եւ թէ՛ խիստ դիմացկուն են։ Հայաբնակ գաւառաց հարիւրաւոր գիւղօրէից արք եւ կանայք այդ տեղական նիւթերէն կը հագնին։
       Քաղաքիս շուրջը կան 4 հաստատուն վանօրայք, որք են Ա. Ամրտօլու (Ամլորդւոյ ) Ս. Յովհաննէս, Բ. Կոմաց Աստուածածին, Գ. Ախեվու Աստուածածին, Դ. Խնդրակատար Աստուածածին։
       Սոյն 4 վանքերէն առաջինն կառուցեալ է քաղաքիս մէկ ծայրն եւ փառաւոր մի անցեալ ունեցած իւր գրական վարդապետներով եւ ծաղկեալ միաբանութեամբ։ Ներկայիս մէջ իւր բոլոր փառքերն շիջած են եւ յիշատակութեան արժանի թանգարան մի ունի, ո՛ւր կը պահուին բաւական թուով զանազան ձեռագիրներ, որք կը գտնուին «երեսփոխանի » մը տրամադրութեան տակ։
       Իսկ միւս երեք մենաստաններն, որ քաղաքէն 1-2 ժամ հեռու են, կը կառավարուին մասնաւոր վանահարց ձեռամբ, սակայն մե՛ղք որ հին գրական կեանք չունին թէեւ ներկայիս մէջ Ազգի բարոյական կողմանց ծառայելոյ վիճակի մէջ դնել կը ջանան։
       Յաջորդ գլխով կը մեկնեմք քաղաքիս Արեւելեան հարաւային ուղղութեամբ դէպ ՚ի Սղերդ։