Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼ. ԺԸ. ՍՂԵՐԴԷՆ Ի ՌԸՆՏՈՒԱՆ
       Դէպ ՚ի Ռընտուան յառաջ տանելով ուղեւորութիւննիս՝ դարձեալ հարկ կը լինի անցնիլ բաւական թուով մասնաւոր լեռներէ, բնականէն վտանգաւոր բլրոց եւ բլրակաց կողքերէ, քիչ ու շատ կասկածող վայրերէ, լեռնային գազանաց որջոց առընթեր գտնուած անհրաժեշտ ճանապարհներէ, եւ վերջապէս իրարմէ բաւական հեռու մի քանի մժղուկալից (ամառ ատեն ) քուրդ գիւղերէ անցնելով այսպէս ժամանեցինք յիշեալ գիւղաքաղաքն, որ Սղերդէն 9-10 ժամ տեւեց։
       Ռընտունայ ամբողջ բնակութիւնք նախնական ընտրութեամբ շինուած են ընդարձակածաւալ եւ քիչ բարձր բլուրի մը վրայ, որ ՚ի հնումն «Եզիտացւոց » գիւղ կը կոչուէր։ Ունի տաք օդ, որով եւ տաք ջուր: Տեղւոյս համայն բնակչաց թիւն 210 տուն է, յորոց 90 տուն Լուսաւորչական Հայ են, 30 Բողոքական եւ մնացեալքն գրեթէ հաւասար թուով են Ասորի, Եզտի (սատանայապաշտ Տաճիկ եւ մի քանի տուն եւս Քիլտանի կոչուած Պապական։
       Տեղւոյս ընդհանուր լեզուն յար եւ նման է Սղերդցւոցն։
       Հայք ունին Ս. Գէորգ անուն խաւար եկեղեցի մի, 4 քահանայ՝ հին սերնդեան պատկանող եւ մի ծաղկոց, որ շատ ստոյգ կը լինի կոչել «խամրոց », ո՛ւր արդարեւ կը թառամին 30-40 կայտառ մանկանց ծաղիկ կեանքեր։ Վերեւ յիշուած եկեղեցւոյն կից կայ նաեւ Աստուածածին անուամբ մի այլ եկեղեցի կիսաբաց, ո՛ւր ժամասացութիւնք կը լինին ամառուան եղանակին եւ որոյ շինութեան տարեաց թուականն, հակառակ ջանքերուս, դժբաղդաբար չ՚կրցայ ընթեռնուլ, զի ժամանակի ձեռքն զայն մեծաւ մասամբ լղզած էր (շփելով մաշեցնել)։
       Հայք ունին ջերմեռանդութիւն առ կրօն եւ եթէ արտաքին ջանքեր լինին, կրնան ունենալ նոյնպէս մեծ սէր առ ուսումն եւ դաստիարակութիւն, յորոց այնքան խեղճ մնացեր են։ Իրենք արեգական լուսէն զատ ուրիշ լոյս տակաւին տեսած չունին։ Մի քանի տարի յառաջ ինքնաբերաբար կազմած են «Անձնանուէր » անուամբ մի ընկերութիւն, որ կրնայ իւրեանց խամրոցն իրօք ծաղկոցի վերածել. սակայն գործ կայ, գործող չկայ, ո՛ւր կարգադրիչ եւ ո՞ւր առաջնորդ գործի։
       Այս արաբախօս Հայերն ունին առ հասարակ բարի եւ ընտիր ձիրքեր, աշխոյժ եւ կենդանի ոգի, բայց այդ հազուագիւտ գոհարներն մնացեր են անարժէք տգիտութեան մէջ։ Իրենք չեն այնչափ ստրկամիտ , որչափ կը կարծուի ընդհանրապէս, եւ ՚ի պահանջել հարկին կարող են իրաւունքնին պաշտպանել փոքր ՚ի շատէ։
       Տեղւոյս եւ մասնաւորապէս Հայոց սովորական արհեստաւորներն են կօշկակար, ներկարար, կտաւագործ, երկաթագործ, բրուտ եւ երկրագործ։
       Ռընտուանայ մէջ մեծ շէնք մի կայ, որ «բերդ » կ՚անուանի եւ որոյ նկատմամբ հինաւուրց մարդիկ կ՚աւանդեն թէ 80-90 տարի յառաջ Միրզա կոչուած ականաւոր մի Եզտի շինել տուած եւ անդ ապաստանած է եղեր իւր խումբով, ինչ ատեն գիւղաքաղաքիս շրջակայքը գտնուած են բազում Եզտի գիւղեր։ Միրզան կառավարութեան դիմադրելով պահ մի անկախ դիրք ունեցած է, սակայն յետոյ Օսմ. պետութեան զինուց տակ կը խոնարհի։ Միրզայի օրովն շինուած է վերեւ յիշուած Ս. Գէորգ եկեղեցին, որոյ ինչ ինչ նպաստներ տուած լինելուն համար Հայք զիւր անունն կը գրեն եկեղեցւոյ ճակտին վերայ այսպէս «Միրզա Եզիտին ՚ի յաւիտենական յիշատակ»։
       Գիւղաքաղաքիս Հարաւակողմն 5 քարընկէց հեռու մի գետակ կ՚անցնի «Ս. Կանոնոսի ջուր » անուանեալ, (ոյր անուան մասին ի կարգին կը խօսուի ), որոյ մէջ բաւական մեծ ձկունք կան, զորս երբեմն կ՚որսան բնակիչներն՝ իւրեանց պարապոյ ժամերուն։
       Ռընտուան Գայմագամութիւն է Սղերդի Միւթէսարըֆութեան ներքեւ։
       Շարունակելով ընթացքնիս 8 ժամու տեւողութեամբ, ճանապարհի Արեւմտակողմը քիչ հեռու կը պատմուի լինիլ նախնի հռչակաւոր Արզն քաղաքի տեղին, որոյ աւերակաց կոյտերը տեսնելոյ բաղդ չունեցայ։ Ապա կը հասնիմք Կէօլէ-Մասիա աննշան գիւղն, ո՛ւր 18 տուն հայ եւ մի քանի տուն Քուրդ կը բնակին։ Գիւղիս քրիստոնեայ բնակութեանց թիւն 11 տարի յառաջ 45 եղած է։ Աստ ընկուզի դարաւոր ծառի մը հովանեաց տակը կը հանգչէր մի տարեւոր ծերունի, որոյ պատկառելի դէմքը տեսնողին երեւակայել կը տայր նորա երիտասարդ ատենուան սօսատիպ հասակն, որ այժմ, նման աղեղի, ծռուած էր տարեաց ծանրութենէն. նա կը ժպտէր յանտարեւոր ուղեւորիս երբ գիւղին անցելոյն վրայ հետաքրքիր կը լինէի, պարագայ մի էր այս , յորմէ օգուտ քաղել հարկ էր։ Ծերունին լաւ պատմեց իւր դրացեաց մեծագոյն մասի գաղթականութեանց շարժառիթները, զորս թուելը մեր նպատակէն դուրս է։ Այսչափ միայն կարելի է ըսել, որ տեղւոյս մերայինքն, հառակակ իւրեանց կացութեան, նահապետական դիրք եւ հացի սեղան ունին։ Եկեղեցին աննշան է եւ դպրոց չունին։
       Գիւղիս քով փոքրիկ լճակ մի կայ, յորում անթիւ ձկունք կը խաղան, եւ զորս տեղացիք նուիրական համարելով չեն որսար։ Սոյն լճակէն ծագումն առած է տեղւոյս Կէօլէ-Մասիա անունն, որ քրդական բարբառով կը յիշուի եւ կը նշանակէ «ձկան լիճ»։
       Ասկէ եւս մեկնելով հարկ է անցնիլ մի քանի քուրդ գիւղեր, եւ ապա կը հասնիմք ՚ի Հզու։