Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼ. ԻԳ. ԱԽԼԱԹ ԳԱՒԱՌԱԿԻ ԱՐԵՒԵԼԱԳԾՈՎ ԴԱՏՈՒԱՆԷՆ Յ՚ԱՊԱՅՈՒՆԻՍ
       Դատուանէն յԱպահունիս մեկնելոյ համար մեր առջեւ երկու ճանապարհ կը բացուին, մին «Ախլաթ» գաւառին Բզնունեաց ) կոչուած գաւառակի արեւելագծովն, որ մի մասամբ ծովեզր է եւ կը տանի իւր համանուն հին քաղաքի վրայէն. իսկ միւսն յիշեալ գաւառակի կեդրոնական գծովն, որ առաջի ճանապարհէն կարճ է։
       Այժմ զԴատուան մեզ չուուման կէտ ընդունելով, ուղեւորիմք նախ յԱխլաթու կողմն։ Սոյն գծի վերայ եւ ճանապահէն քիչ ու շատ դուրս կուգան հետեւեալ հայ գիւղօրայք։
       ՍՕՐԿՈՆՔ, որ ունի 9 տուն ողորմելի բնակիչ եւ 12 տարի յառաջ ունեցեր էր 30էն աւելի ճոխ տուն։ Գիւղիս անցելոյն նկատմամբ կը պատմուի թէ «անակընկալ դէպքերու ենթակայ լինելով գաղթած են»։
       ԿԾՈՒԱԿ, ունի 80 տուն բնակիչ, մի եկեղեցի եւ քահանայ, սոցա նիւթական վիճակն բաւական բարւոք է, դպրոց չունին, զուրկ ազգային զգացումներէ եւ մի մասամբ յարեալ բողոքական կրօնին, գիւղս ունի գեղեցիկ տեսարան եւ զուարճալի հովանիք ծառոց։
       ԾՂԱԿ ունի 100 տուն բնակիչ, մի եկեղեցի եւ քահանայ , առանց դպրոցի։ Գիւղիս մէջ 5-6 տուն Բողոքական կայ հաստատուած, որոց ջանքն է այս կողմերու տգիտութենէն օգուտ քաղել։ Ծղակէն 20 վայրկեան հեռու կիսաւեր վանք մի կայ Վանայ ծովու եզերքը, զոր դժբաղդաբար տեսնելոյ առիթ չունեցայ ինձ առաջնորդող ինձի անհամբերութեան պատճառաւ։
       ԱՂԱՂ, որ ունի 18-20 տուն բնակիչ, 13 տարի յառաջ Լուսաւորչական էր, իսկ այժմ ամբողջապէս Բողոքական դարձած են։ Այս եւ յիշեալ երեք գիւղերն Բաղիշոյ Առաջնորդութեան կը պատկանին։
       ԱՂԷՏ, որ այժմ աւերակ եւ անմարդաբնակ է, չունի յիշատակութիւն մը։
       ԿԱՄՈՒՐՋ գիւղն ունի 80 տուն բնակիչ, մի եկեղեցի եւ քահանայ, իսկ դպրոց գրեթէ ոչ։ Ժողովրդեան կրօնասիրութեան եւ ուսումնասիրութեան եռանդ շատ գովելի է եւ նիւթական կարողութիւննին եւս բաւական զօրաւոր, սակայն յորդորող եւ կարգադրող անձինք կը պակսին , ոյր աղագաւ չեն կարող իւրեանց որդւոց բարւոք դաստիարակութիւն մի տալ։
       ԱԽԼԱԹ կամ ԽԼԱԹ հին պատմական կեանք ունեցող երբեմն գլխաւոր քաղաք եւ այժմ գիւղաքաղաք է համանուն գաւառակին, ուր կը նստի Գայմագամ, ընդ իրաւասութեամբ Բաղիշոյ կուսակալին։ Քաղաքն կառուցեալ է Բզնունեաց ծովու Արեւմտեան Հիւսիսային եզերեաց վերայ, ունի կենդանի կլիմայ եւ գեղեցիկ ծառաստանք մրգեղինաց։ Ախլաթ 5 թաղերու բաժնուած է, ամբողջ բնակչաց թիւն 200 տան մօտ կը հաշուի, յորմէ 10-13 տուն Հայ են բնակուած «Խարապա-շէհիր » ըսուած թաղին մէջ։ Քաղաքիս մէջ այլ եւ այլ կողմեր կը տեսնուին Օսմանեան Արքայից ինչ ինչ հնութիւնք եւ պատուաւոր Շեխերու մեռելատեղիք։
       ԱՌԱՔ 5-6 տուն Հայ բնակչօք, երբեմն 80 տուն, որոց պապերու խաչաքարինք գաղթականութիւնը կ՚ապացուցանեն։
       ԾԵՐՍՕՆՔ ունի 26 տուն բնակիչ, եկեղեցի եւ քահանայ, իսկ դպրոց ոչ։ Գիւղն միտեալ է բողոքական կրօնի, ունին ընդարձակ արտօրայք։
       Ծերսօնքէն սկսեալ 3-4 ժամուան տեւողութեամբ դէպ ՚ի Հարք գաւառ երկիրն խոտաւէտ եւ ջրաւէտ է։ Այս տեղերու լերինք եւ բլուրք քրդական կալուածներ դարձած են, ուր իւրեանց ոչխարներ եւ մատակ (գըսրագ ) նժոյգներ կ՚արածեն։
       ՄԻՍԿԱՎԱՆՔ, որ այժմ աւերակ եղած է, ցոյց կը տայ ուղեւորաց իւր նախկին բնակչաց արտօրայք եւ դաշտօրայք, որք շրջապատած են բնակութեանց կիսակործան պարիսպները։
       Աստ մի հինաւուրց փշոտ ծառի տակ քարաժայռի մը քովէն դուրս կը տայ զղզղալով (պաղուկ ) մի պատուական ջուր, որոյ առընթեր Քուրդերն գիշերին կ՚իջեւանին ՚ի հանգիստ։
       Այս աղբիւրի մօտ է մեր գնալոյ ճանապարհն, որմէ եկաւ մի գեղջուկ, որ կ՚երեւէր երկրի բնակիչներէն լինիլ, երբ մտաւ ՚ի ձորադաշտն մեր եկած ուղիէն երթալոյ, ոտք առաւ ու թռաւ, ես եւ ընկերս զարմացանք սոյն գեղջուկի արագընթացութեան վրայ եւ ուժոյն՝ որով ահագին կաշի մ՚ունէր յիւր կռնակն։ Այս մարդուն քրտնքի մէջ այս աճապարն մեզ անծանօթ՝ մեկնեցանք Միսկավանքէն։
       Յետոյ կը գան մի քանի քուրդ գիւղօրայք, դաշտային եւ լեռնային ճանապարհներ մինչեւ ՚ի սահման Ապահունեաց գաւառին, ո՛ւր չ՚մտած ահա կը վերադառնամ ՚ի Դատուան՝ Ախլաթու կեդրոնական գծի տեղագրութիւնն ընելոյ գաւառակին վերայ ընդհանուր ծանօթութիւն մի տալով հանդերձ։