Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼ. ԻԶ. ԴԱՏՈՒԱՆԷՆ Ի ՎԱՍՊՈՒՐԱԿԱՆ
       Դատուանէն մեկնելով ուղեւորիմք ՚ի Վասպուրական՝ ՀԱՅԱԲՆԱԿԻ կեդրոնական նահանգներէն մին, Վանայ ծովու Հարաւային կողմէն դէպ ՚ի յԱրեւել տանող ոլորապտոյտ գծովն, որոյ վերայ ճանապարհն բաւական տեւողութեամբ ծովեզր լինելով կը կոչուի «կապան », ահա սոյն կապանէն յառաջ գնալով ճանապարհորդն պարտաւորուած է նախ լուրջ եւ զգուշ գնալ ու ապա իւր երկու աչքը չորս բանալով նայիլ ամէն կողմն, վասն զի տեղն բնական եւ անբնական պատճառներէ ունի իւր բազմաթիւ վտանգաւոր կողմերն, որք կրնան մարդոյ յառաջգնացութեան ուղին փակել իսպառ։ Այսպէս կը մտնամք Կարճկան կոչուած գաւառակն, որ ՚ի հնումն Ռշտունեաց գաւառի արեւմտամասը կը կազմէր։
       Երկիրն ընդհանրապէս լեռնային է եւ խիտ ու ընդարձակ անտառներով լի, ուր կը գտնուին գայլ, արջ, խոզ, աղուէս եւ այլ տեսակ վայրի կենդանիք եւ զանազան թռչունք։
       Կարճկան ունի պատուական կլիմայ եւ անուշ ջուր առատ։ Հողային ընդարձակութիւնն այնչափ մեծ չէ, սակայն եղածն արգասաբեր է եւ առ հասարակ երկրի խոտաւէտութիւնն հռչակ ունի, որոյ մէջ ցած անասուններ շատ անգամ չեն երեւիր։ Ունի արծաթի, պղնձի եւ կապարի անգործ հանքեր։
       Անտառաց մէջ կանոնաւոր եւ գործածելի ծառոց տեսակներն են Արտուճ, որ հարիւրաւոր տարիներ կը դիմանայ առանց փտտելոյ եւ ուտիչներէ պտոտ վնասուելոյ. սորա տերեւները բարակ կլոր բոյսի պէս են եւ մշտադալար նման դափնի, զոր շատ կը յարգեն Պօլսեցիք, մանաւանդ հանդէս կազմելոյ համար։
       «Կաղնի », որ կը ծառայէ ածուխ շինելոյ եւ վառելափայտի։
       «Կաղամախ », որմէ կը պատրաստեն տուներու շինութեանց գերաններ եւ մարդակներ։
       Մրգաստանի ծառաստանք հազուագիւտ են, իսկ ընկուզենիք խիստ առատ ամեն կողմն։
       Կարճկան գաւառակն 14 Հայ եւ մի քանի Քուրդ գիւղերէ կը բաղկանայ, զորս միւտիրի մը յանձնուած են ընդ գերիշխանութեամբ Վանայ կուսակալութեան։ Հայ գիւղօրէից իւրաքանչիւր բնակութեանց միջին թիւը 25 կրնայ համարուիլ։ Ամենքն ունին իւրեանց եկեղեցիք հաստատուն կալուածներով , սակայն ցաւ է ըսել, առանց դպրոցի են ընդհանրապէս։
       Կէօլլիւ, որ գաւառակի կեդրոնական գիւղն է. ունի 50 տուն բնակիչ, յորոց 30 նստկան են եւ 20 աստանդական. աստ միայն կայ նորաշէն դպրոց մի կառուցեալ երկայարկ եւ օրինաւոր. աստ կ՚աշակերտին 25-30 աշխոյժ եւ կայտառ ուսանողք Վարագայ ժառանգաւոր վարժարանի ուսումնաւարտ աշակերտներէն միոյն ուղղութեան տակ։ Տեղւոյս դպրոցական գործի սոյն մխիթարական կողմն, որպէս անձամբ ստուգեցի. Խրիմեան Ս. Հայրիկի հայրական խրատուց եւ յորդորանաց արդիւնքն է. ինչպէս եւ ուսուցիչն Նորին Սրբազնութեան վարժարանի պտուղ։ Մեծ յոյս ունիմ, որ սոյն կրթարանն մի օր գաւառակիս լուսաւորութեան միջնորդ պիտի հանդիսանայ, եթէ ջանքեր չ՚պակսին եւ լինին յարատեւ։
       Կարճկանի ժողովուրդ մեծագոյն մասամբ խաշնաբուծութեամբ եւ երկրագործութեամբ կ՚զբաղի. մի փոքր մաս եւս կը պարապի կօշկակարութեամբ, կօշիկներն խիստ անճոռնի են որոց տակ ամեն տեղ կը քամեն ձիու պայտի բեւեռը. կը շինեն նաեւ մի այլ հետաքրքիր տեսակ ոտքի աման, զոր իրենք կ՚անուանեն չարուխ, որ տրեխի կը նմանի, զոր կը պատրաստեն հետեւեալ եղանակաւ։ Չարուխի տակի կողմն թաղիք է թանձր, վրան ամեն տեղ կը պատմեն տեսակ մը կլորագլուխ բեւեռով, զոր տեղացիք կը շինեն. շրջապատն կանեփէ գործուած, երկու օխայէն աւելի ծանր կօշիկ եւ չարուխ տեսայ իրենց ոտքը։ Այս տեսակ ոտքի ամաններ գործածելոյ արդէն դատապարտուած է տեղւոյն բնութեան լեռնական վիճակին, որոյ վերայ ուրիշ տեսակ կօշիկներ անյարմար են քալելոյ։
       Կարճկան վաճառքի գլխաւոր ներածութիւն չունի, իսկ արտածութիւն ունի հարիւրաւոր պարարտ ոչխարներ մեծամեծ դմակներով ծանրացեալ։ Իւրեանց հօտերու մէջ, զոր կտիր կ՚անուանեն, կը գտնուին երբեմն այնպիսի ոչխարներ, յորոց իւրաքանչիւրի դմակն 10-15 օխայի կշիռ ունի, զոր ոչխարը շատ անգամ իւր ետեւէն չ՚կրնար քաշել, որոյ համար կը գործածեր սայլակներ, յորս դրած կը կապեն, որով այդ սուրբ կենդանին դիւրութիւն կ՚ունենայ իւր քայլեր յառաջ տանելոյ, որք չեն օգնել բնութեան իրեն պարգեւած դմակի ծանրութենէն։
       Նոյնպէս տեղէս ՚ի վաճառ կը տարուին ՚ի Բաղէշ եւ ՚ի Վան (որոց հետ են իրենց առեւտրական յարաբերութիւնք ) պատուական իւղ, ոյր ազնուութիւնը վաճառողն գնողին ցոյց տալոյ համար «ջուրի պէս խմէ » կ՚ըսէ երբ իւղի համն նայելով գոհ չ՚լինիր։ Պանիր, մեղր եւ մեծ քանակութեամբ ընկոյզ, որոց հազարն 6-8 դահեկանի կը ծախեն։ Նմանապէս իբրեւ շտեմարան, առատ փայտ եւ ածուխ կը մատակարարէ Վանայ եւ Բաղիշոյ վիճակացն։
       Կարճկանի Հայ բնակիչք առ հասարակ են բարձրահասակ, պարթեւադէմ, լայնալանջ, կտրիճ, ուժեղ, զօրաւոր եւ միանգամայն հռչակաւոր նշանառու
       Ինքնապաշտպանութեան գործին մէջ արական սեռն շատ վարժ է եւ իգականն գրեթէ։ Ձեւերնին ընդհանրապէս քրդական են, գլուխնին արդէն բնականէն խոշոր կը դնեն նաեւ գառան բրդէ շինուած կոնաձեւ թանձր գդակ մի, զոր իրենք քօլօզ կ՚անուանեն եւ որոյ վերայ 10-15 հատ երփներփեան թաշկինակներ կը փաթթեն իրարու վերայ իրենց մասնաւոր ճաշակաւն. կը հագնին տեսակ մի շապիկ, որոյ թեւոց ճոթերու երկայնութիւնն գետին կը քսուի, ոյր վերայ գոյնզգոյն ծաղիկներ բանելով կ՚անուանեն «ջելոյի » շապիկ, որ շատ յարգի է իւրեանց մէջ։ Ահա ասոնց համաձայն են զգեստուց միւս մասերն։ Սոյն դիրքով Հայերն երբ կ՚երեւին՝ անծանօթ մարդոց անմիջապէս յիշեցնել կը տան ո՛չ թէ միայն զՆեբրովդ, զՍամսոն եւ զԳողիաթ, այլ եւ նոցա հսկայագոյն պապերն իսկ։
       Զարմանալի է որ հնախոյզ Եւրոպացիք շատ անգամ ծով եւ ցամաք ընելով միշտ երկրի տակ կը փնտռեն վիթխարի մարդոց մեռեալ դիակներ ՚ի զարդ իւրեանց հնութեան թանգարանի, մինչդեռ աստ ՚ի Կարճկան գետնի երես, արեւու առջեւ, կենդանի, բանաւոր եւ խօսուն հսկայ մարդիկ կ՚անտեսանան իրենց աչքին։
       Ահա բնական բարեմասնութեամբ օժտեալ Կարճկան գաւառակն տակաւին ազգայնոց գրեթէ անծանօթ՝ բնութեան մի խորշը մտած կիսով չափ կը նայի միշտ Վանայ ծովու մակերեւութին վերայ դէպ ՚ի Հիւսիս աչքն յառած. շատ գոհ կը լինի երբ ՚ի ծովուն բացուած առագաստանաւեր տեսնայ, որ հաւանականաբար իւր վաճառաբարձ նաւերէն , ոմանք կրնան լինիլ, որպէս Անգղիացւոց շոգենաւներ Պօլսեցւոց համար՝ վաճառաբեր ՚ի Սեաւ ծովուն։
       Կարճկանի վերայ սոյն տեղեկութիւն տալէս յետոյ, աստ կը նշանակեմ իւր գիւղերէն ոմանց լոկ անուան, որք հետաքրքիր են, զոր օրինակ Կոմս, Սորբ, Վանիք, Օղվանց, Կենդրանց, Մրորս, Խումս, Արանց, Խնձորդին եւ այլն։
       Տեղական Հայոց ընդհանուր գործածութենէն առնլով ուղեւորութեանս շարքին մէջ տեղ տեղ երբեմն մասնաւոր բառեր իւրեանց սովորական հնչմամբ գործածել կարեւոր կը համարիմ ազգային բանասիրաց ուշադրութիւնն հրաւիրելոյ միակ նպատակաւ։
       Յաջորդն գլխով կ՚ուղեւորիմք ՚ի Գաւաշ։