Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼ. ԻԷ. ԿԱՐՃԿԱՆԷՆ Ի ԳԱՒԱՇ
       Կարճկանէն մեկնիմք ՚ի Գաւաշ, որ Ռըշտունեաց գաւառի կեդրոնական Արեւելամասն կը կազմէ եւ երկրի գրեթէ միջագծին վրայէն յառաջ երթալով դարձեալ փոքր ինչ տարբերութեամբ, նման Խօշ-Օղլանայ, մեզ կը հանդիպին հետզհետէ բազմաթիւ լեռնահովիտք , մեծամեծ ձորեր եւ ձորակներ, աննշան լերանց գօտիներ, մեծ եւ փոքր բլուրներ, որոցմէ ոմանք կարճիկ անտառներով զարդարուած, մեծագոյն մասամբ Հարաւէն ՚ի Հիւսիս ձգուած են, որոց մէջ տեղ տեղ կը գտնուին Հայ եւ Քուրդ փոքրիկ գիւղեր , յորոց վերջինքն կրնան առաջնոց հակառակ համարուիլ եւ վերջապէս միջանկեալ բաւական ընդարձակ դաշտօրայք արգաւանդք, ընտիր խոտաւէտ եւ ջրաւէտ տեղիք եւ աղբիւրք անմահականք կտրելով՝ յառաջ կը տանիմք մեր ընթացք։ Ահա այսպէս Ուղեւորն պատուական մի կլիմայ ճեղքելով վայրկեան առ վայրկեան, ընդ միշտ կը շնչէ մաքուր եւ կենսատու օդ մի, որոյ ազդեցութիւնն զգալի եղանակաւ մեծ է տեղական բնակչաց վրայ, որոցմէ առաջին մասը նման երկրորդին միշտ կեանք կ՚ընդունի, այլ յար դժգոհ իւր վիճակէն, որոյ պատճառը դժբաղդաբար չ՚կրցայ նկարագրել , վասն զի երթալու պահուս ինձ պատահեցան տեղւոյն հանգամանաց մի քանի փորձառուք եւ ասացին թէ «օրն տարաժամ է, գիշերուան իջեւանատեղին դեռ հեռու, աստ երկիրն ամայի, դու դեռ անփորձ եւ անծանօթ, փութա՛ ուղիդ յառաջ տար, զի գալիք ճանապարհներն շատ նեղ են եւ փշոտ, ո՛ւր գիշերային չ՚կարես կենալ ո՛չ դու եւ ո՛չ քո կարապետ»։
       Այս յորդորական խրատուց վրայ մեք թէպէտեւ հոգնած, ուղինիս յառաջ վարելով կը հասնիմք մի կլորակ դաշտավայրը, որոյ Հիսիսային կողմն ահարկու լեռներէ շրջապատեալ է, դաշտավայրն կանաչազարդ եւ ծաղկազարդ լինելով սիրտս ցանկաց 10 վայրկենի չափ կանգ առնուլ, որով շնչմամբ քաղցր օդոց իւր առընթեր տկարացած զոյգ թոքերուս նոր սնունդ տալ, սակայն սիրտս չ՚հասաւ իւր ցանկութեան, ըստ որում անբնական դիպաց բնական տագնապի երկիւղը զիս արդէն դրած էր յաճապար, նոյնպէս զընկերս, որ թէեւ չ՚լինէր արիւնէս, այլ հաւատարիմ իւր ուխտին, շարունակեցինք մեր ճանապարհ եւ անվտանգ հասանք ՚ի Բելու, որ սահմանն է Կարճկանի եւ Գաւաշու միջեւ եղած։ Սոյն գիւղն ունէր 80 տուն Հայ բնակիչ, 2 տարի առաջ 20 տունը գաղթեցին ՚ի Ռուսաստան, եւ այժմ 60 տուն մնացեր են։ Ունին մի եկեղեցի առանց դպրոցի, ժողովուրդը վերջին աստիճան խեղճ եւ ողորմելի է։
      
       Նեբրովդայ անունը շոշափող մի այլ աւանդութիւն տեղւոյս կամ լաւ եւս է ըսել գաւառիս մէջ կը պահուի, որ աստ նշանակել աւելորդ չէ։
       «Երբ Բէլ սպաննուեցաւ ծանօթ պարագայից մէջ, մարմինն ինկաւ նոյն թշնամւոյն նետահար։ Հարողն հրամայեց զհարեալ մարմինն բերել աստ ՚ի թաղել , ճանապարհին մինչ կուգային՝ Տրշող անուն մի գիւղ իջաւ ՚ի հանգիստ. մինչեւ այս տեղ յաղթանակող նետին ծայրն տակաւին կը կենայ եղեր Բաբելովնեան հսկայի կուրծքը, որմէ երբ կը քաշեն դուրս, արեւն տեղւոյն վրայ զարնելով շող կը տայ ՚ի պատին հանդիպոյ, թոռնեկն յաղթող մարդուն զայս տեսնալով իմաց կը տայ մատնացոյց իւր մեծ պապուն ըսելով թէ «տե՛ս շող », այս պատճառաւ նոյն գիւղի անունը մնաց Տեսշող, որ յետոյ աղաւաղուելով եղաւ Տրշող (որ այժմ ունի մի քանի տուն Հայ բնակիչ ). ասկէ մարմինն առած կը բերեն եւ Բէլու գիւղի մէջ կամ մօտեր մի տեղ կը թաղեն, որով գիւղին անուն կը մնայ Բէլու, թաղուողի անուամբ »։ Բէլու անուան ու-ն հաւանական է ժողովրդեան կողմէն կցուած լինի ետքէն, այսու ամենայնիւ թէ՛ առաջին եւ թէ՛ վերջին որչափ հաւանական կրնան համարուիլ կը կենան մթոյ մէջ։
       ԱՄԱՅԻ ՎԱՆՔ ՄԸ
       Բէլուի Հիւսիսակողմն, քիչ մը տարակայ, կը տեսնուի փոքրիկ գեղեցկաշէն վանք մի գմբեթաւոր, ճերմակ կոփածոյ քարերէ կառուցեալ երկայն բլրոյ մը ստորոտը՝ դարաւոր ընկուզենւոյ մը քով։ Վանքն ունի ճաշակաւոր շէնք եւ հաստատութիւն, որով ց՚արդ նոր շինուածի պէս է եւ առանց ամենափոքր վնասու կը կենայ լռին ամայութեան մէջ։ Սորա քառանկիւն պարսպաց քառակուսի քարանց վերայ արդարեւ քառապատիկ նայեցայ, սակայն համոզիչ թուական մի չ՚գտայ եւ իւր անունն իսկ ինձ անծանօթ մնաց դժբաղդաբար. իւր առընթեր հինաւուրց ընկուզենին, թերեւս իր ժամանակակից եւ ներկայիս մխիթարն, յայս պահուս Արեւելեան կծող հովէ մը զիւր գլուխ երերցնելով կը ծռէր զայն յԱրեւմտակողմն, ո՛ւր կեցած կը դիտէի զինքն անկշտօրէն, առ այս պահ մ՚անլեզու ծառն Ուղեւորիս ուշն յինքն գրաւեց, վասն զի մի արտաքոյ կարգի բնազդմամբ ինձ այնպէս թուեցաւ թէ ան կամէր խօսիլ ընդ իս զտարեացն եւ զանցեալ կենացն ամայացեալ մենաստանիս, եթէ բնութիւնն չ՚արգելէր զինքն, որմէ մեկնեցայ ընդունելով ամենատխուր մի տպաւորութիւն, որ կրնայ ընդհանուր համարուիլ վանուցս քովէն անցնող Հայ ուղեւորաց։
       Յետոյ քանի մի երկայն դաշտեր եւ փոքր ձորակներ կտրելով կը հասնիմք Ընձակ անուանեալ Հայ գիւղն, որ ունի 23 տուն բնակիչ, եկեղեցի եւ քահանայ առանց դպրոցի։
       Սոյն գիւղին մերձ ՚ի Հարաւակողմն կը գտնուի «Կապուտկող » անուամբ ընդարձակ եւ բարձր լեռն, որ Արեւելէն յ՚Արեւմուտ ձգուած է լայնանիստ յատակագծով մի, որոյ կատարն Վանայ ծովու վերայ կը նայի, որմէ հեռու չէ։ Սոյն լեռ նախնիքներէն «Ընձաքիարս » կոչուած է, որ ըստ ամենայն հաւանականութեան, յիշեալ գիւղի անունէն ծնած պէտք է լինի։ Լեռն ստուգիւ կապտագոյն է, որպէս իւր նոր անուն իսկ նշմարել կըտայ, որով եւ կ՚անուանուի։
       Այս այն լեռն է, որոյ վերաբերութեամբ կը պատմուի թէ «Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետ յայդ լեռան կատար ելնելով՝ գլուխ բաց ամբողջ Ռշտունեաց գաւառն (որոյ անուն կը կարծուի ծնած լինիլ Ռաշատ կոչուած իշխանի մի անունէն եւ ՚ի նորումս Գաւաշ եւ Կարճկեան մասնաւոր անուններով կը յիշուին ) անիծեց, որով 3 տարի Աստուծոյ հրամանաւ այս կողմերու երկնից կամար պղնձացոյց, կապեց անձրեւաց եւ ցօղերու կաթիլներ օդոց մէջ, որք այլ եւս չ՚կրցան իջնալ այն երկրին վերայ ո՛ւր կը տիրապետէր ՚ի նոյն ժամանակի Մանաճիհր Ռշտունի իշխան (ճոչ ), որ հակառակ ծերունի Հայրապետի դառն թախանձանաց, նորա անմեղ սարկաւագներ ՚ի ծով ձգել տուած էր անգթօրէն»։
       Վերոյիշեալ լեռան մի կողի վերայ բաւական ընդարձակ շինուած է վանքն յանուն Ս. Յակոբայ, որոյ մասունք եւ Նոյայ տապանի կտորն (հրեշտակէն ընդունած ) այդ վանուց մէջ կը պահուէին երբեմն, ունենալով, որպէս կ՚աւանդուի, բաւական թուով սրբասէր մենաստանցիք, որովք կանոնաւոր միաբանական ուխտը, իսկ այժմ բոլորովին անշքացեալ է, եւ վերջի պատերազմի գրեթէ ամբողջ տեւողութեանը ամայացաւ, զոր յետոյ Ամեն. Խրիմեան Հայրիկ Տէր Սարգսեան Ստեփան վարդապետի վանահայրութեան յանձնեց, որ երթայ զայն բարեկարգէ։ Լերան միւս կողերուն վերայ կան տակաւին 3 այլ վանօրայք, որք թէպէտ եւ անբնակ չեն, սակայն խիստ անշուք վիճակի մէջ կը գտնուին, ոմանք ունենալով հանդերձ բաւական եկամուտ։
       Այս տեղէն մեկնելով մեր ճանապարհին վերայ կ՚իյնայ Գաւաշի գլխաւոր տեղին, այն է Նոր-գիւղ, որ իւր կեդրոնական դիրքով, որով եւ առեւտրական վիճակաւն Ռշտունեաց գաւառի գլխաւոր քաղաքն կրնայ համարուիլ։ Գիւղիս առ երի շինուած է մեր իջեւան մի , որոյ մէջ բաւական թուով կրպակներ եւ սենեակներ կան շինուած։ Աստ կը նստի գաւառիս Գայմագամն Վանայ կուսակալութեան ներքեւ եւ ունի հեռագրաթել։
       Նոր-գիւղ լաւ օդով եւ ջրով, ունի գեղեցիկ տեսարան մի եւ կը գտնուի Վանայ ծովու եզերքը տափարակ դաշտի մի վերայ։ Գիւղիս ծառաստանաց ամենամեծ մասն կը կազմեն ընկուզենիք, որոց պտղոյ հունձքի ժամանակը մեծ առեւտուր կը լինի։ Տեղւոյս բնակչաց թիւն է 65-75 տուն Հայ, ունին անճաշակ եկեղեցի մի, նմանօրինակ դպրոց, ո՛ւր կը բնակին անախորժ թռչուններ, եւ ոչ թէ կ՚ուսանին գիւղի մանուկներ, որք, ցաւ է ըսել, օրն ի բուն փողոցներն եւ անասնոց գոմերու անկիւնները կը դեգերին ի ժամավաճառ։
       Գաւաշու սոյն գլխաւոր գիւղ ամենամեծ առաւելութիւն մի ունի, զոր այլ գիւղօրայք շատ դժուար կրնան ունենալ , այն է թէ ունի գեղեցիկ երիտասարդութիւն, առոյգ պատանեկութիւն եւ կայտառ մանկութիւն. գրեթէ չ՚կայ մի տուն որ գոնէ 2-3 արու զաւակ չունենայ, ՚ի հասակի 10-15-20 ամաց, ամենքն ՚ի բնէ զօրաւոր կազմութիւն եւ առողջ մտքի տէր են , սակայն քանի՜ ցաւ է տեսնել զայնս անմշակ եւ խոպան, հակառակ իրենց ներքին փափաքանաց, զորս ինձ ցոյց կը տային ջերմապէս համակրելով եւ ժպտելով առ իս, երբ խօսք կ՚ընէի իւրեանց հարց՝ դպրոցի, վարժապետի, աշակերտի, թղթոյ , գրչի եւ մելանի վերայ։
       Գիւղիս բնակիչք առ հասարակ քրդական ձեւ ունին թէ՛ մեծ եւ թէ՛ փոքր, այսու ամենայնիւ մխիթարութիւն է ըսել, որ իրենց զգացումներ եւ յատկութիւններ իսկական յատկանիշներէն զուրկ չեն։ Ասոնց նիւթական վիճակը բարւոքեալ չ՚կրնար համարուիլ։
       ՄԵԿՆՈՒՄՆ
       Նոր-գիւղէն ճամբայ ելնելով 11/2 ժամէն կը հասնիմք յԱղթամարայ դրսի տուն։ Այս տեղ դրսի տուն ըսելով պէտք է հասկնալ կարգ մը բնակութիւնք, որոնք կը վերաբերին ծովու մէջ գտնուած Աղթամարայ կաթուղիկոսանիստ վանուց։ Այս բնակութեանց մէջ կը գտնուին վանուց մշակներ, խօտաղներ , հովիւներ, անդիարածներ շօշրարներ (կաթ կթող ) պահապաններ եւ վերջապէս ամեն անոնք, որ վանուց սեպհական արտաքին գործերու մէջ կը գտնուին, որոց վարձքեր վանքէն կը վճարուին։
       Սոյն բնակութիւնք Վանայ ծովու եզերքէն 6-7 քարընկէց հեռու են, շրջապատեալ մի կողմէն ծառաստաններէ, ո՛ւր տեղւոյն Կաթուղիկոս իւր յատուկ բնակարանն ունի շինել տուած, որ շատ նմանութիւն ունի Պօլսոյ եալիներուն տեղւոյս տեսարանն շատ լաւ է։
       Աստ ժամանած ատենս, Աղթամարայ կաթուղիկոս բացակայ էր եւ հովուական այցելութեամբ կը գտնուէր ՚ի Շատախ։
       Յաջորդ գլխով կը մեկնիմ դէպ ՚ի գաւառիս Արեւելամասն՝ յՈստնայ հովիտ։