Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼ ԻԸ. ՄԵԿՆՈՒՄՆ ԴԷՊ Ի Յ՚ՈՍՏԱՆԱՅ ՀՈՎԻՏՆ. ՎԱՆՕՐԱՅՔՆ ԵՒ ՀՆՈՒԹԻՒՆՔՆ
       Այսօր կը մեկնիմք դէպ ՚ի հովիտն Ոստանայ, որ երբեմն Ռշտունեաց գաւառի Արեւելեան գլխաւոր մասը կը կազմէր։
       Աղթամարայ դրսի տնէն 1/2 ժամ հեռու կը գտնուի Նարեկ անուանեալ գիւղն, որ ծննդավայրն է Ս. Գրիգոր Նարեկացւոյն. շինուած ցած ու ընդարձակ բլուրի մի վերայ գեղեցիկ դիրքով, օդով եւ ջրով։
       Բնակչաց հողային կալուածներն այնչափ ընդարձակ չեն եւ իրենք ՀԱՅԱԲՆԱԿԻ այլ գիւղացւոց նման երկրագործ են, միայն սա տարբերութեամբ՝ որ նոցա տեղիք քիչ լինելով իւրեանց աշխատութիւնն ամփոփ է, որով համեմատաբար աւելի արդիւնք կրնան յառաջ բերել։ Գիւղիս բնակութեանց թիւն 80էն աւելի է, որոց կեդրոնը կը բարձրանայ Ս. Գրիգոր Նարեկացւոյ այն ՀՌՉԱԿԱՒՈՐ ՄԵՆԱՍՏԱՆՆ, ո՛ւր արդէն կրօնաւորած է երբեմն յիշեալ հոգելից Վարդապետն, որոյ գերեզմանն կը տեսնուի վանուց տաճարի աջակողմեան մատրան մէջ, մարմարիոնէ կափարիչի ներքեւ։ Աստ ծունկի վերայ ներս կը մտնան յաղօթս բազմաթիւ բարեպաշտ ուխտաւորք, որ ամեն տարի պակաս չեն թէ՛ Վանէն եւ թէ՛ մօտակայ ու տարակայ այլ եւ այլ գիւղերէ։
       Մենաստանիս շէնքն հաստատուն եւ նշանաւոր ճարտարապետի գործ է, ունի կոկիկ զանգակատուն մի ետքէն շինուած։
       Այս վանք Վանայ Առաջնորդի իրաւասութեան կը պատկանի, որոյ վանահայր Յովսէփ վարդապետն ձմեռս վախճանելով. Ամենապատիւ Խրիմեան Հայրիկ յատկապէս Վանուց այցելութեան եկաւ եւ յանձնեց զայն Տէր Սարգիսեան Գեր. Արիստակէս վարդապետի վանահայրութեան. այժմ, ՚ի շնորհս Նորին Սրբազնութեան եւ ջանիւք նորընտիր վանահօր, վանուցս մէջ ցորեկօթեայ դպրոց բացուած է, ուր կը դիմեն գիւղիս անուս տղայք։ Լսածնիս նայելով՝ ջանքեր կը լինին յիշեալ դպրոցն գիշերօթիկի վերածել, որով թերեւս վանքն իւր կարողութեան չափով յաջողի փարատել այս կողմերու տգիտութեան մռայլն, որ պատեր է ամեն կողմէն եւ կ՚սպառնայ տեղւոյս Հայեր հասցընելոյ ամենատխուր ապագայի մը. դպրոցի նկատմամբ առած տեղեկութիւնս, եթէ լինի ստոյգ, ես այժմէն իմ ուրախութիւնս կը յայտնեմ հրապարակաւ եւ կը մնամ լի յուսով։
       Սոյն մենաստանէն մի ժամուան տեւողութեամբ հեռու ՚ի Արեւմտակողմն բարձր եւ ահագին ժայռի մը վերայ փորուած է երանելի Նարեկացւոյն աղօթատեղին, ո՛ւր ելնելոյ եւ իջնելոյ համար երկրին Ուղեւորն յերկինս՝ ի հոգւոց աշխարհ ուղեւորելոյ չափ քաջութիւն պարտի ունենալ, եւ այնուհետեւ ՚ի վեր ելնէ անվնաս ՚ի վայր իջնելոյ անյողդողդ յուսով մի. ՚ի մի բան յաջողեցայ բաղձանքս լրացնել տեսնելով զճգնարանն, որ բաւական ընդարձակ է մի քանի փոքրիկ մէջէ մէջ սենեակներէ բաղկացեալ, որ կը թուին լինիլ քարափոր։ Յատակի քարերն տեղ տեղ մարդոյ ոտքի մեծութեամբ փոս ինկած են, որոց նկատմամբ կ՚աւանդեն թէ «Նարեկացի Հօր ոտից տեղերն են, ուր յաճախ կոխելով քարերն մաշած »։ Աղօթատեղին ելնողն մի նշան թող կը տայ քարանց ծակտիքներուն վերայ, եւ նորէն վար կ՚իջնայ. իսկ ինձ գալով՝ զնոյն ըրի զգալով որ հակառակ պարագայի մէջ կրնայի ընկերներուս կրօնական զգացմանց դպչիլ եւ վերջապէս մի կարմիր թել կապեցի ու վար իջայ, ո՛ւր կարծես թէ նոր յաշխարհ եկայ։
       Աղօթատեղիէն ճանապարհին վերայ գալով՝ շարունակեմք զմեր ուղին։ Ճանապարհէն փոքր ինչ դուրս ձորակի մէջ Փշավանք անուն հայ գիւղ մի կայ 60 տնէ բաղկացեալ. ունին եկեղեցի, քահանայ, իսկ դպրոց ո՛չ։ Ասկէ յետոյ բաւական տեղ երկիւղալից կապաններէ եւ տեղերէ անցնելով կը մտնամք, յՈստանայ հովիտն, ո՛ւր շատ կ՚արժէ կանգ առնուլ։
       Արտօս, որ Վասպուրականի բարձր լեռներու կարգը կը դասուի, Արեւելէն եւ Հարաւէն կը տարածուի եւ հովտին սահմանի մի մաս կը կազմէ իւր լայնանիստ դրիւք զի
       Ոստանայ հովտի երկայնութիւնն կը տարածի Հիւսիսէն ՚ի Հարաւ 21/2 ժամ, իսկ Արեւելէն յԱրեւմուտ գրեթէ 1 ժամ բաւական լեռներէ շրջապատեալ է, մէջ տեղը դաշտային։ Ունի ամենապատուական կլիմայ եւ ջուր. երկիրը ծառաստան է, եւ կը տայ ծիրան, տանձ եւ ընկոյզ, յորոց առաջին եւ վերջին շատ նշանաւոր են եւ մեծ քանակութեամբ կը խրկուին այլ եւ այլ գիւղեր եւ գաւառներ։ Արմտիքն են ցորեան, հաճար (չավտար ), գարի եւ տեսակ մի կորեակ, որ նշանաւոր է իր տեսակին մէջ։ Նոյնպէս յառաջ կը գայ ծխախոտ։
       Երկրի բարեբերութիւնն, կրնամ ըսել, աննման է, սակայն վարելահողերն նուազ են քիչ դաշտային լինելուն պատճառաւ։ Տնական զանազան ամաններ եւ թոնիր շինելոյ համար կարմիր հողեր (կաղճին ) կան ընտիր, յորոց շինուած ամաններն թէ առողջապահական են եւ թէ՛ Պօլսոյ ախճապակիներէն շատ աւելի դիմացկուն, միայն թէ ճաշակաւոր ձեւ չունին։
       Ոստանայ ընդհանուր բնակչաց թիւն է 740-750 տուն, յորոց 60 տուն հազիւ Հայ են, մնացածը Քուրդ։ Բնակչաց մեծագոյն մասն կը բնակի շրջապատող լերանց ստորոտները եւ կողերուն վերայ, դաշտային տեղերը շատ քիչ բնակութիւնք կան, որ անյարմար են։
       Աթանանց կոչուած Հայ գիւղն ունի 40 տուն բնակիչ, 452 տարուան հին եկեղեցի՝ մի քահանայով եւ ո՛չ դպրոցով։ Սոյն գիւղ երբեմն Հայոց Ձորոյ վերայ ալ կը հաշուեն, վասն զի սահմանակից է անոր եւ ժամանակակից թերեւս։