Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼ. ԻԹ. ԻԼՈՒ ՎԱՆՔ ԿԱՄ 40 ԽՈՐԱՆ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ
       Նախորդ գլխոյ վերջը յիշուած Աթանանց գիւղէն բաւական հեռու, հովտին մէջ, կայ Իլի կոչուած Հայ գիւղ, ո՛ւր 25 տուն բնակիչ կը գտնուի, ունին գմբեթաւոր հին վանք մի «Իլու վանք կամ 40 խորան Աստուածածին » կոչուած, որ այժմեան իւրեանց եկեղեցին է։ Սոյն մենաստանը հանդերձ իւր 40 խորանովն Արծրունի ԳԱԳԻԿ կառուցած է, ո՛ւր ժամանակին բազմաթիւ միաբանութիւն կը գտնուէր եւ ունէր խիստ բարգաւաճ եւ ճոխ վիճակ մի եւ ծառայած յիշեալ Պետին ամարանոցի տեղւոյ։ Կÿաւանդուի նաեւ թէ «ո՛վ որ քառասունք տալոյ բաղձանք կÿունենար՝ աստ գալով օրը մէկ խորանի վրայ պատարագել կը տայր եւ այսպիսով զիւր ուխտ կատարելով կը վերադառնար »։ Այսօր ահա այդպիսի անցեալ ունեցող մեծահռչակ մենաստանն զրկուած է իւր 40 գեղեցկաշէն խորաններէն, յորոց մի քանիներու հազիւ կը նշմարուին հիմնաքարինքն, եւ վանուց գալով՝ ամայութենէ մեծ տարբերութիւն մը չունի. ՚ի մի բան տեղւոյս նախնական բոլոր փառքերը մարած են, շէնք ու շինութիւնք քար ու քանդ եղած՝ թող տալով միայն իւրեանց սերնդոց, ՚ի յիշատակ՝ այժմեան աւերակաց վերջին բեկորքն։
       Ոստանայ հովտին գրեթէ կեդրոնը կը գտնուի «Չաղար (Չարահան ) Ս. Նշան » կոչուած վանք, որոյ վանահայրը քահանայ մի է, Աղթամարայ Կաթուղիկոսի կողմանէ կարգեալ։ Վանքը նիւթապէս բաւական հարուստ է, իսկ բարոյապէս տակաւին նոր հարստանալոյ վերայ։
       Մեր պատմաբան Եղիշէ վարդապետի գերեզմանն աստ է։ Սոյն վանուց դէպ ՚ի Հիւսիսակողմն, քիչ մը հեռու, կը գտնուի Վառենշատ անուամբ 40 տարուան աւերեալ Հայ գիւղ մի, որոյ կիսակործան եկեղեցին եւ գերեզմանաց խաչքարինք կենդանի ու պատրաստ կը կենան եւ տակաւին չեն գաղթած նման իւրեանց անհեռատես տէրերուն։ Սոյն գիւղի վերաբերութեամբ կ՚աւանդուի թէ «ատենով շատ Հայեր ունեցեր է »։ Գիւղիս աւերակները կը գտնուին տափարակ դաշտի մի վերայ, ունենալով ամեն կողմանէ գետ եւ աղբիւր։ Ճուլամերկցի Ռաշիտ պէկ՝ քուրդ գայմագամն, որ կը նստէր ՚ի Գաւաշ, այժմ աստ գալով հիմնաքարերովն եւ տապանաքարերովն սենեակներ շինել կը տայ, որպէս զի Գաւաշէն գայմագամութեան տեղին աստ փոխադրէ։ Ս. Նշանայ վանահայր քահանայն Կաթողիկոսին բողոք տուած է , որ արգելել տայ եկեղեցւոյ քարերը գործածելէ, ց՚արդ գիտցուած չէ թէ ի՛նչ արդիւնք ունեցաւ բողոքը, միայն այս յայտնի է որ շինութեան գործն յառաջ կը տարուի փութով։
       Ոստանայ Արեւմտահիւսիս բարձր բլուրի մը վրայ Վանայ ծովու եզերքը կը գտնուի ՈՍՏԱՆ կոչուած հին համբաւաւոր քաղաքն կամ աւանն, որ երբեմն Ռշտունեաց գաւառի գլխաւոր տեղին էր եւ ապա Արծրունի ԳԱԳԻԿ սիրելով տեղւոյս բնութեան սքանչելի տեսարանն՝ իւր համար յատուկ տեղի կ՚ընտրէ, ո՛ւր փառաւոր տաճար մը, ապարաններ, բազմաթիւ սենեակներ, ծառաստաններ եւ վերջապէս նշանաւոր տեղի մի կը պատրաստէ։ Ահա այս քաղաքի սոյն հռչակէն իւր անունը տարածեցաւ Ռշտունեաց գաւառի այս հովտանման մասին վերայ, որով կ՚անուանի ց՚այսօր Ոստան (որ կը թարգմանուի մեր լեզուով իշխանական (կամ
       Այս շքեղագոյն վայրն, ո՛ւր մի քանի տուն քուրդեր կը բնակին այժմ, կ՚անուանեն Հերիշատ, որ բոլորովին նսեմացած է իւր նախկին վիճակէն, այսու ամենայնիւ իւր հնութեան դարաւոր ապացոյցներէն զուրկ չէ։
       Արծրունւոյն տեղւոյս լեռնակի գագաթան վերայ, Վանայ ծովու եւ իւր աւանին վերայ նայող բերդն դարաւոր ժամանակի դէմն մաքառելով՝ տակաւին կը պահպանէ իւր պարսպաց կէսէն աւելին։ Բերդէս փոքր ինչ հեռու կը նշմարուին հիմունք եկեղեցւոյ մը, որ հաւանականաբար պատմիչ Թովմայ Արծրունւոյն գոված եկեղեցին լինի, որոյ համար կ՚ըսէ թէ «Գագիկ ամենափառաւոր եկեղեցի մի շինեց Ոստանայ մէջ, որոյ պայծառութիւնն արեգական ծագմանը՝ անցորդաց աչկունք կը խտխտացնէր»։
       Այս տեղերը խաներու եւ հին շէնքերու հետքեր շատ կը տեսնուին։ Կը պատմուի ականատեսներէն՝ որ ասկէ 20 տարի յառաջ աստ դեռ մի քանի Հայ տներ կային , իբրեւ թերի շարունակութիւն նախկին վիճակի, (որոյ վերայ խօսեցայ վերեւ ) եւ արդէն ականատես իսկ եղայ՝ կէս քարաշէն եւ կէս աղիւսաշէն հին եկեղեցւոյ մը եւ կարգ մ՚աւերակ բնակութեանց, յորոց ոմանք ողջ տանիքով եւ երդիքով կանգուն կը կենան։ Աստ պահ մի կանգ առի եւ դիտեցի եւ ինձ այնպէս թուեցաւ թէ ժամանակին Աստուածային բարկութեան վրէժխնդիր շունչ մի անցած է սոյն Հայ բնակութեանց եւ եկեղեցւոյն վրայէն։
       Ոստան քաղաքի մէջ կան մի քանի նշանաւոր Քրդաց մեռելատեղիք, Խան-Մահմուտի ժամանակէն մնացած, որ երբեմն բերդիս մէջ բնակած է հաւնելով տեղւոյս տեսարանին։ Կը տեսնուի աստ նաեւ քարէ գեղեցկաշէն գմբեթ մի՝ կառուցեալ երկրի վերայ։ Արաբական յիշատակագիրներով, որք ետքէն գրուած լինիլ կը թուին, իսկ գմբեթն՝ մեծ մարդոյ մը հանգստարան է, իր տեսքէն որպէս յայտնի կերեւի։
       Ոստանայ կեդրոնական Հարաւ կայ գիւղ մի, զոր Հայ ծերունիք «Պարոնաց այգի » կ՚անուանեն, իսկ Քրդերն «Ռազմիրան» (ամիրայից այգի Սորա վերաբերութեամբ կը պատմուի թէ «երբեմն բազմահայ եղած է », իսկ այժմ միայն 1 տուն Հայ եւ 10 տուն Քուրդ կը բնակին, որք գաղթելոց կալուածները գրաւած կ՚ապրին երջանիկ։ Գիւղիս հին բնակչաց գերեզմանատան քարեր կը տեսնուին եւ եկեղեցւոյն միայն տեղին նշմարել կուտան։
       Յիշեալ գիւղի անուանն հետամուտ լինելով՝ հետեւեալ աւանդութիւնը գտայ ծերոց մէջ թէ «Պարոնաց այգի կոչուած գիւղն երբեմն բնիկ իշխաններու եւ պարոններու զբօսավայրն եղած է, ունենալով անմահութեան ջուր, գեղեցիկ տեսարան եւ ընտիր այգիներ, որոց մէջ խնճոյգներ կազմելով կը պարապէին զկարմիր գինին ՚ի կենդանութիւն□ »։ Սոյն աւանդութիւնն ինձ հաղորդեց 105 (հարիւր հինգ ) տարուան մտաւոր կարողութեան տէր մի ծերունի, թէպէտեւ ինքն ճերմակ ալեւոր, այլ հասակաւ բարձր եւ փառահեղ, որ իւր դէմն կեցող 35 տարուան առոյգ եւ ուժեղ թոռան պէս երիտասարդանալոյ բուռն փափաք մը յայտնեց ինձ □։
       Մեկնեցայ իւր նահապետական տնէն դէպ ՚ի յՈստանայ այլ կողմեր, ո՛ւր պակաս չեն դարձեալ բազմաթիւ յիշատակարանաց նշմարելի մասեր։
       Վերոյիշեալ Չարահան Ս. Նշանի մէջ պահուած մի ձեռագիր կը պատմէ թէ «Գագկայ օրովն 90, 000-100, 000 բնիկ ժողովուրդ եղած է Ոստանայ հովտին մէջ, ունենալով օրինաւոր հրապարակներ եւ վաճառանոցներ »։ Սոյն տառերուն ՚ի հաստատութիւն, հովտիս մի մասնաւոր վայր կ՚անուանեն «Ախթէրներու տեղ », ո՛ գիտէ թէ հին շուկայներէն մին եղած չէ այս։
       Յիշեալ տեղերն, ի բաց առեալ Ոստանայ հովիտն, 3 գլխաւոր թաղերու կը բաժնուին, որք են՝ Ա. Առուամէջ, Բ. Միջին թաղ, Գ. Վերին թաղ, որք սոյն անուններ առած են իւրեանց բնական վիճակէն, այս տեղւոյ քուրդ բնակիչք այժմ իրենց լեզուաւ կ՚անուանեն զայնս, որք հայութենէ ամայացած են։
       Յաջորդելով տեղէս կը չուեմք ՚ի Հիւսիսակողմն։
       ՄԵԿՆՈՒՄՆ
       Ոստանէն մեկնիմք դէպ ՚ի Հիւսիսային Արեւմտակողմն ՚ի Հայոց Ձոր (՚ի հնումն Երուանդուհիք ), որ կը գտնուի Վան-Տոսպ գաւառի Հարաւակողմն, անկէ 4 ժամ հեռու եւ ունի Արեւելէն յԱրեւմուտ 6-7 ժամ երկայնաձիգ տարածութիւն ու Հարաւէն ՚ի Հիւսիս 1 ժամ լայնութիւն միայն։