Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԼ. Լ. ՀԱՅՈՑ ՁՈՐ ԿԱՄ ԵՐՈՒԱՆԴՈՒՆԻՔ
       Սոյն գաւառն կրնայ ըսուիլ որ ՀԱՅԱԲՆԱԿԻ մէջ առաջինն է իւր այն ամենահին յիշատակութեամբք, որք երկրի նախկին հիմնադրի օրէն սկսեալ դարերով բեռնաւորուած կուգան եւ մեզ կը հասնին անթուական քայլերով, որոց վերայ արդէն առանց խօսելոյ չեմ անցնիր, երբ կարգը կուգայ։
       Երկիրն Հարաւէն եւ Հիւսիսէն աննշան լեռներէ պատեալ գալով՝ բնական դիրքէն առած լինիլ կը թուի իւր ձոր անունն, իսկ առաջնոյն գալով՝ ծնած պէտք է լինի տեղւոյս հին բնակչաց հոծ բազմութեան իսկական անունէն, որով կոչուեցաւ «Հայոց Ձոր », որ կատարեալ ձորադաշտ մի է, եւ ուր կը բնակին այժմ սերունդք այդ բնակչաց։
       Գաւառիս սահմանն է Արեւելէն Վերին Խօշապ (Մահմուտիյէ ), Արեւմտէն Վանայ ծով, Հարաւէն Ռշտունեաց եւ Անձեւացեաց գաւառներն եւ Հիւսիսէն Վան-Տոսպ։
       Հայոց Ձորն ունի բարեխառն կլիմայ, գեղեցիկ օդ, լաւ ջուր եւ արգաւանդ հող։
       Ժողովուրդն առ հասարակ երկրագործ է, եւ մասամբ իւիք անասնաբոյծ. յառաջ կը գան ոչխար, սեւատաւար (գոմէշ ), նոյնպէս եւ եզ, կով ու դուն ուրեք ձի։
       Երկրի գլխաւոր բերքերն են հետեւեալ արմտիք. ցորեան իւր տեսակներով (աշնցան, որ աշուն կը ցանուի, գարնցան, որ գարուն կը ցանուի եւ աւետիք, որ ամենակարեւոր հաց կը լինի ), հաճար (չաւտար ), գարի, կորեակ, կտաւատ, ոսպ, կլուլ բակլայ, կանճրակ, սխտոր, սոխ եւ շողգամ, վուշ, յորոց վերջի մի քանիքն մասնաւոր գիւղերու յատուկ են, զոր կը նշանակեմ յիւրեանց կարգին։ Այլ եւս գաւառիս մէջ ընելիք ուղեւորութեանս շարքին աւելորդ կը համարիմ ընդհանուր եղող արմտեաց անուանքը նշանակելով կրկնիլ։
       Երկիրն նուազ ծառաստան ունի եւ մանաւանդ մրգեղինաց վերաբերեալն, որ խիստ աննշան է։ Ամառուան տաք ատենը շատ գիւղեր բերան մը թացելոյ չափ պտուղ չունին, այս մասին իրենց անհոգութիւնն արդարացնելոյ կողմն սա է թէ «մենք կը վաստկիմք, սակայն այլք կը մտնան ՚ի մեր վաստակ»։
       Այս նկատմամբ գիւղացիք ստիպեալ են ցորեանի եւ մրգեղէնի փոխանակութեամբ գոհ լինիլ. այսինքն 2 ցորեան տալ եւ 1 միրգ առնուլ ու գնալ արեւուն տակ երկրագործելոյ նախնական ամենապարզ դրութեամբ, որոց համար նոր բան, նոր փորձ եւ նոր ուղղութիւն ոչինչ է, մինչեւ որ արտաքին օրինակ չըլլայ։
       Հայոց Ձորոյ գլխաւոր ջրերն են Ա. Խօշապայ գետ։ Բ. Շամիրամայ գետ (՚ի բաց առեալ մասնաւոր վտակներ եւ աղբիւրներ, որոց թիւ բաւական մեծ է)։
       Ա. Խօշապայ գետ կուգայ գաւառիս Արեւելէն եւ իրեն երկայնութեան միջնագծի ուղղութեամբ կ՚երթայ յԱրեւմուտ ու կը թափի Վանայ ծովը։ Սոյն գետ զՀայոց Ձոր կը բաժնէ Հարաւային եւ Հիւսիսային երկու երկայն մասերու։ Գետն յիրաւի առատօրէն կը գայ, սակայն իւր դիրքովն ժլատ է երկրին պէտք եղածին պէս օգուտ մատակարարելոյ։ Գաւառիս համայն գիւղերէն հազիւ 6-7 գիւղերու մասնաւոր արտօրէից ջուր կը տայ։ Ինձ համար ամենէն ցաւալի կէտն այն է որ ժողովուրդը տակաւին հարուստ բնութեան դէմ մրցելով՝ անոր իւղոտ կողմերէն սնանիլ չ՚գիտեր եւ այս մասին միշտ պիտի կրկնեմ երբ առիթ ներկայանայ, «թէ կարգադրիչ եւ լուսաւորիչ կը պակսին » կամ «գործ կայ գործող չ՚կայ»։
       Բ. Ասորեստանի մեծանուն թագուհւոյն անուամբ կոչուած Շամիրամն, որոյ վերայ երկարօրէն խօսելոյ մտադիր եմ, երբ կը հանդիպիմ իւր ական, որ ուղեւորութենէս դուրս չէ եւ կը բղխի գաւառիս կեդրոնական Հարաւային կողման «Սարպուլաք » կոչուած լեռան ստորոտէն։ Հայոց Ձորոյ մէջ յիշատակութեան արժանի բազում տեղուանք կան, ոմանք շէն եւ ոմանք անշէն, զորս ընթերցողք ուղեւորութեանս կարգին մէջ մի առ մի պիտի տեսնեն։
       Հայոց Ձորոյ վերայ այս ընդհանուր տեղեկութիւնք տալէս յետոյ յաջորդ գլխով շարունակեմք ուղինիս տեղագրել մանրամասնօրէն եւ ճշտօրէն իւր բոլոր գիւղօրայքն, որք գրեթէ ամբողջապէս ՀԱՅ են եւ թուով 32-34 գիւղ նստկան։
      
       ՄԵԿՆՈՒՄՆ
       Գաւառիս Հիւսիսային Արեւմտեան կողմէն, այն է Վանայ ծովու եզերքէն սկսեալ։
       ՍՈՒՐԲ ՎԱՐԴԱՆ. - Սոյն գիւղ կը գտնուի Վանայ ծովու եզերքը բարձր զառիվայրի մը վերայ. ունի ամենապատուական օդ, ջուր եւ տեսարան, ինչպէս նաեւ սիրուն ծառաստան , յորս սօսիներ աւելի կը գտնուին։ Գիւղս Առաքելոց թուով 12 տուն բնակիչ ունի ողորմելի եւ անճարակ, որք մնացորդ կրնան համարուիլ 50 տան, որոց անուանք կան եւ իրենք չ՚կան։ Տեղւոյս Հայք ունին Ս. Վարդան անուամբ 13 տարուան նորոգուած եկեղեցի մը։
       Ասկէ 120 տարի յառաջ Ս. Վարդան անուն մի գեղեցիկ վանք եղած է ծովու անմիջական եզերքը, որոց վերայ գտնուած են եղեր նաեւ գիւղիս տներն։ Երբ ծովն ջրոյ յորդմամբ յիշեալ վանքը կը կոխէ եւ փլցնելով աներեւոյթ կ՚ընէ, գիւղացիք երկիւղէն տներնին վարէն կը բարձրացնեն յայժմեան տեղին, ո՛ւր յանուն ջրասոյզ եղած վանուց կը շինեն մի եկեղեցի, որոյ անուամբ կը կոչուի նաեւ գիւղս։ Ահա այդ եկեղեցին է ներկայիս նորոգուածն, ոյր շրջապատը կան մի քանի ցասման քարեր։
       Ս . Վարդանայ գիւղացիք շատ յուսահատ գտայ այնպէս որ չէի ուզեր փոքրիկ հանգիստ մի առնել իրենց ծառոց հովանեաց ներքեւ, հակառակ յիս խեթիւ նայող Արեգական տաքութեան. ինչ որ է հանգիստ մի առնելոյ հարկադրուած էի. այս պահուս մի ծերունի ակնածելով ինձ մօտեցաւ իբրեւ պաշտօնական մեծ մարդոյ՝ դեռ չ՚լսած իմ լեզուն, որ Հայ էի յիւր արիւնէն. նա շատ ցաւեր յայտնեց ուղեւորիս՝ որ նորա սիրտ միայն հասկցաւ եւ ոչ լեզուն, իսկ իւր կարապետն ո՛չ զառաջին եւ ո՛չ զվերջին։ Ինձ այնպէս թուեցաւ հասկցածիս նայելով՝ թէ մարդուն սրտի գաղտնիքն այս էր. «մեր սրտերն ճճռնուած (փակչած ) են մեր պապերու խաչ քարերուն եւ այս դրախտին ծառաստանին որ թէպէտ եւ փոքրիկ, այլ սիրուն եւ զուարճալի»։
       Տեղէս ելնելու ատենը մխիթարեցի զայս ծերունին, որ դժբաղդաբար ո՛չ լեզուս հասկցաւ, եւ ո՛չ սիրտս, սակայն իւր դէմքն զուարթ՝ ես մեկնեցայ ՚ի Խորգոմ։
       ԽՈՐԳՈՄ ԿԱՄ ՀԻՒՐԳՈՄ. - Գիւղս նախորդի Հարաւակողմն է գրեթէ 1 ժամուան հեռաւորութեամբ, ունի լաւ տեսարան եւ մասնաւոր ծառեր մրգեղինաց։ Կը բաղկանայ 35 տունէ, որք ունին մի եկեղեցի յանուն Աստուածածնայ կառուցեալ նոր եւ պարզ ճաշակաւ. ունին մի քահանայ եւ ո՛չ դպրոց, հակառակ իւրեանց բաւական բարւոք նիւթական վիճակին. իրենք ուսումնասէր եւ կրօնասէր են, ուրեմն պէտք է ըսել աստ «գործ կայ գործող չ՚կայ », զոր իբր գանգատ կարտասանեմ։
       Գիւղիս ցորեան հռչակ ունի իւր հացի ուժովն եւ համովը. կորնկան շատ կը ցանեն եւ կը պահեն սովորական անասնոց հետ նաեւ լաւ ձիեր. աշխատութեան բաւական վարժ են, այսու ամենայնիւ ցաւ է ըսել, որ 15-էն աւելի պանդուխտ ունին ՚ի Պօլիս ո՛ւր թերեւս քաղցած կապրին, այն ինչ իրենց տներն զայլս լի ու լի կը կերակրեն։
       Գիւղիս անուան վերաբերութեամբ կը պատմեն թէ «Ժամանակին Արտամետցւոց (որոց վերայ ՚ի կարգին կը խօսուի ) հետ խնամութեան մ՚ առթիւ կը գժտուին եւ նոցա դէմ վրէժ կը կապեն, մի քանի տարիէն յետոյ 40 հոգի Արտամետցի տեղս կը հրաւիրեն ՚ի պատիւ, սոքա կարծելով թէ Հիւրգոմցիք մոռցած են իրենց վրիժառութիւնն, սիրով կը գան եւ խնճոյքի վերայ զիրենք այնչափ կ՚արբեցնեն օղիով, որ կը խեղդուին եւ կը տանին առանձին տեղ մի կը թաղեն »։ Ահա այս աւանդութեան՝ պատճառաւ կոչուեցաւ «Հիւրգոմ » որ գաւառական բացատրութեամբ կը նշանակէ հիւրերու հաւաքուած տեղի։ Յիշեալ 40 մարդոց գերեզմանատեղին ց՚արդ ցոյց կը տրուի տեղացիներէն։
       Տեղւոյս բնակիչներէն ականատեսք կը պատմեն թէ «ասկէ 45 տարի յառաջ Հիւրգոմցիք խնամութիւն չէին ըներ Արտամետցւոց հետ նոյն աւանդութեան պատճառաւ, որ մեծ պատուար մի դարձած է եղեր սոյն երկու համարիւն գիւղերու միջեւ » իսկ այժմ հաշտեալ են։
       Գիւղիս Հարաւային Արեւմտակողմն 5 քարընկէց հեռու բարձր բլրակի մի վերայ յանուն Վարդ Պատրիկին շինուած մատուռ մի կայ, որոյ յատակն աւանդութեամբ կը կարծուի լինել «զարդուք զարդարեալ եւ հողով ծածկեալ մի եկեղեցի, ո՛ւր Վարդ Պատրիկ թաղուած է»։
       Ահա՛ ժողովրդեան անհետաքրքրութեան մի կենդանի ապացոյց, որ դարերէ ՚ի վեր լսած են եւ կը լսեն այդ աւանդութիւնը, սակայն մի անգամ փորձ ընելոյ անհոգ կը գտուին։
       Սոյն մատուռի դուռ գոց է, տարին մի անգամ Աշխարհամատրան կիւրակէ օրը բանալով պատարագ կը մատուցանեն, ո՛ւր այլ եւ այլ գիւղերէ ուխտաւորաց բազմութիւնք կը դիմեն եւ այսպէս կը տօնեն զյիշատակն Վարդ Պատրիկի։
       Շատ հետաքրքիր է տեսնել տեղս եկող գիւղացի ուխտաւորաց ուրախութեան եղանակն, ինչպէս նաեւ ընտանեկան ձեւերնին եւ հագուստնին, յորոց ոմանք իւրեանց մասնաւոր նշանակութիւն ունին։
       Նոյնպէս կ՚աւանդուի թէ «Վարդ Պատրիկ երբեմն Օսմանցւոց հետ միանալով զՅոյնս ՀԱՅԱԲՆԱԿԷՆ վռնտած են եւ Յոյներն վրէժ ունեցեր են գերեզմանին Վարդ Պատրիկի, որոյ մարմինն իսկ ՚ի ծով ձգելոյ հետամուտ եղած են եղեր, սակայն բարեբաղդաբար չեն յաջողած իւրեանց ջանքերն։